ՎԻՇՏԸ ԱՊՐԻԼ ԵՒ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ

Մարդու կեանքին մէջ վիշտը հիւր մըն է, որ դուռը թակելէ առաջ երբեք չի հարցներ՝ պատրաստ ե՞ս զինք ընդունելու։ Ան կու գայ ամենաանսպասելի պահուն, երբեմն սիրելի մը կորսնցնելէ ետք, երբեմն խորտակուած երազի մը պատճառով, իսկ երբեմն ալ առանց յստակ պատճառի, միայն որովհետեւ հոգին երկար ժամանակ իր լռութիւնը կուտակած է։ Շատեր կը փորձեն վիշտը թաքցնել՝ կարծելով, թէ արտասուքը տկարութեան նշան է։ Բայց իրականութեան մէջ, ամենէն ուժեղ մարդիկ կը համարձակին իրենց ցաւը ընդունիլ։
Վիշտը թշնամի մը չէ։ Ան զգացում մըն է, որ կը յիշեցնէ, թէ սիրած ենք, կապուած ենք, հաւատացած ենք կամ երազած ենք։ Եթէ երբեք չսիրէինք, երբեք չէինք վշտանար։ Ուստի, վիշտը նաեւ սիրոյ ապացոյցն է։ Ցաւը կը ծնի այն տեղը, ուր սէրը ժամանակին իր արմատները տարածած էր։
Ժամանակակից աշխարհը մեզ կը մղէ ամէն ինչ արագ ապրելու։ Կը պահանջէ, որ արագ մոռնանք, արագ ժպտինք եւ արագ շարունակենք մեր ճանապարհը։ Բայց հոգին իր սեփական ժամացոյցը ունի։ Ան չի բուժուիր հրահանգներով։ Ան չի լսեր «այլեւս մոռցիր» կամ «ուժեղ եղիր» արտայայտութիւնները։ Հոգին միայն մէկ բան կը խնդրէ՝ ժամանակ եւ անկեղծութիւն։
Վիշտը ապրիլը չի նշանակեր անոր մէջ խեղդուիլ։ Ան կը նշանակէ արտասուքին տեղ տալ, յիշողութիւններէ չվախնալ, լռութեան մէջ ինքզինք լսել եւ ընդունիլ, որ որոշ վէրքեր անմիջապէս չեն սպիանար։ Որքան ալ փորձենք փախչիլ ցաւէն, ան դարձեալ մեր ետեւէն պիտի գայ։ Իսկ երբ կանգ առնենք ու աչքերուն նայինք, միայն այն ատեն կը սկսի կամաց-կամաց իր ուժը կորսնցնել։
Կան մարդիկ, որոնք տարիներ շարունակ կը ձեւացնեն, թէ ամէն ինչ լաւ է։ Անոնք կը ժպտին, կը կատակեն, կը շարունակեն իրենց առօրեան, բայց ներսը ծանր լռութիւն մը կը բնակեցնէ զիրենք։ Չապրուած վիշտը երբեք չի կորսուիր։ Ան միայն կերպարանք կը փոխէ։ Երբեմն կը վերածուի զայրոյթի, երբեմն անքնութեան, երբեմն ալ անվստահութեան կամ անբացատրելի դատարկութեան։ Այդ պատճառով ալ, վիշտը զգալը առողջացման առաջին քայլն է։
Ժամանակը իրապէս բուժո՞ւմ է ամէն ինչի։ Թերեւս ո՛չ։ Ժամանակը չի ջնջեր յիշողութիւնները, այլ կը սորվեցնէ մեզ անոնց հետ ապրիլ։ Այն, ինչ որ առաջին օրերուն անտանելի կը թուէր, տարիներ ետք կրնայ դառնալ մեղմ կարօտի մը։ Վէրքը ամբողջովին չ՚անհետանար, բայց կը դադրի ամէն վայրկեան արիւնելէ։
Կեանքը տարօրինակ կարողութիւն մը ունի. նոյնիսկ ամենամութ օրերէն ետք, ան փոքրիկ լոյսեր կը բերէ։ Երբեմն այդ լոյսը ընկերոջ մը խօսքն է, երբեմն մանուկի մը ժպիտը, երբեմն անձրեւէն ետք բացած արեւը կամ վաղուց մոռցուած երգ մը։ Այդ փոքրիկ պահերն են, որոնք կամաց-կա-մաց կը յիշեցնեն, թէ կեանքը տակաւին շարունակուելու պատճառներ ունի։
Վիշտը յաղթահարելը նաեւ մենք մեզ ներել է. ներել այն բոլոր «եթէ»ները, որոնք անվերջ կը կրկնենք մեր մտքին մէջ։ «Եթէ ուրիշ որոշում առնէի…», «եթէ աւելի շատ ժամանակ տրամադրէի…», «եթէ ուրիշ կերպ վարուէի…»։ Անցեալը այլեւս չի փոխուիր, իսկ մեղքի անվերջ զգացումը միայն նոր շղթաներ կը դնէ մեր հոգիին վրայ։ Երբեմն խաղաղութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ կ՚ընդունինք, որ մարդ ենք եւ անկատար։
Վիշտը կը փոխէ մարդը, բայց պարտադիր չէ, որ զինք կոտրէ։ Ան կրնայ աւելի գթասիրտ դարձնել, աւելի խորունկ մտածել սորվեցնել եւ ուրիշներու ցաւը հասկնալու կարողութիւն պարգեւել։ Ամենաջերմ սրտերը յաճախ այն մարդոց են, որոնք իրենք ալ մեծ վիշտեր ապրած են։
Յաղթահարելը մոռնալ չէ։ Յաղթահարելը կը նշանակէ, որ մէկ օր արթննաս եւ զգաս, թէ ցաւը այլեւս քու ամբողջ գոյութիւնդ չէ։ Ան տակաւին քեզի հետ է, բայց, այլեւս քեզ չի կառավարեր։ Դուն դարձեալ կը սկսիս երազել, սիրել, ստեղծել եւ հաւատալ՝ առանց անցեալը ուրանալու։
Երբ վիշտը դուռդ թակէ, մի՛ վախնար ընդունելէ զայն։ Ան մնայուն բնակիչ չէ։ Թող նստի, թող խօսի, թող լայ։ Բայց երբ իր ըսելիքը վերջացնէ, բաց պատուհանդ եւ թոյլ տուր, որ լոյսը ներս մտնէ։ Որովհետեւ մարդուն սիրտը, որքան ալ կոտրուած ըլլայ, զարմանալի կարողութիւն ունի դարձեալ սիրելու, դարձեալ վստահելու եւ դարձեալ ապրելու։ Եւ թերեւս այդ է մարդկային հոգիին ամենագեղեցիկ յաղթանակը՝ նոյնիսկ վիշտէն ետք լոյսը ընտրելու կարողութիւնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ