ՀԱՅՈՒՆ ԽԱՉՔԱՐԸ՝ ՀԱՅՈՒՆ ԱՐԺԷՔԸ

«Բարեւ ձեզ, հա՞յ էք»:

Օգոստոս 2026, Պուտվա, Մոնթենեկրօ:

Պուտվան կը գտնուի Մոնթենեկրոյի մէջ եւ գեղեցիկ քաղաք մըն է Ատրիական ծովու երկայնքին: Քաղաքը ունի պատմութիւն եւ իր կեդրոնական մասին մէջ կայ «հին քաղաք»ը, ուր միջնադարու պարիսպները եւ նեղ փողոցները կու տան յատուկ ջերմութիւն: Կ՚ապրիս պատմութիւնը իր ամբողջութեան մէջ:

Չեմ գիտեր՝ ինչպէ՞ս եղաւ, որ Մոնթենեկրօ այս այցելութեանս չհետաքրքրուեցայ, թէ հայեր կրնա՞մ գտնել հոն: Աւելի՛ն. վստահ էի, որ կարելէ չէր պատկերացնել, որ հայկական իրականութիւն մը կար այս նախկին Եուկոսլաւիոյ երկրին մէջ:

Սխալած էի: Կար, եւ երեւի այսքան վստահ պէտք չէր ըլլայի:

Պուտվայի զբօսաշրջութեան գրասենեակի մը առջեւ կեցած էի կնոջս հետ, կը խօսէինք, թէ ո՛ր պտոյտին մասնակցինք: Պատանի օրիորդ մը գրասենեակի մուտքին, մեծ ժպիտ մը դէմքին եւ ուրախ տրամադրութեամբ, ըսաւ մեզի. «Բարեւ ձեզ, հա՞յ էք»:

Մէկ կողմէ մեծ էր զարմանքս, բայց նոյնքան նաեւ՝ ուրախութիւնս: Անմիջապէս եկայ այն եզրակացութեան, որ պէտք չէր այդքան վստահ ըլլայի, թէ հայու պիտի չհանդիպէի Մոնթենեկրոյի մէջ:

«Հայաստանէն եկած ենք եւ հոս կ՚ապրինք։  Ես աշակերտ եմ, բայց ամառները հոս կ՚աշխատիմ: Ձմեռը դպրոց կ՚երթամ», ըսաւ Անին:

Անին համարձակ հայ պարմանուհին է, որ լաւ հայերէն կը խօսէր: «Ընտանեօք հոս հաստատուեցանք, քանի որ աւելի լաւ պայմաններ կ՚ուզէինք ունենալ», շարունակեց Անի:

1991-էն սկսեալ՝ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, հայրենի հողէն արտահոսքը տակաւին կը շարունակուի: Չեմ գիտեր, թէ ե՛րբ կանգ պիտի առնէ այս արտահոսքը: Դասական սփիւռքի կողքին, այսօր ունինք հայաստանեան սփիւռք՝ կարծես ամէն կողմ: Անոնք նաեւ հասած են հոն, ուր չկայ դասական սփիւռք՝ կազմելով հայկական նոր սփիւռքեան գաղութներ: Երբ առիթը կ՚ունենանք մտերիմ զրոյց մը ունենալ իրենց հետ, ընդհանրապէս կը լսես նոյն պատճառները. «Աւելի լաւ պայմաններ ունենալու համար դուրս եկած ենք հայրենիքէն»:

Հաճելի էր Անիին հետ մեր զրոյցը: Կը տեսնէի իր «հայու աչքերու» մէջ ուսումնատենչ պատանին, որ կ՚ուզէ ձգտիլ աւելի լաւին՝ իր կեանքին համար: Վերջապէս մարդկային բնազդ է՝ միշտ լաւագոյնին ձգտիլ:

Անիէն ետք հայկական հետքերը եւ ներկայութիւնը Մոնթենեկրոյի մէջ սկսան մէկ-մէկ բացայայտուիլ:

Թիւադը ծովեզերեայ այլ շատ գեղեցիկ քաղաք մըն է Մոնթենեկրոյի մէջ՝ Քոթոր ծոցի երկայնքին: Ինքնաշարժս շարեցի կառատան մէջ, որուն կից կար գեղեցիկ եկեղեցի մը: Մոնթենեկրոն մեծ տարողութեամբ ուղղափառ դաւանանքին կը պատկանի: Եկեղեցին քարաշէն էր եւ պատմութենէն ժառանգած էր բաւական աւանդ: Հետաքրքրութիւնս մղեց, որ մտնեմ եւ տեսնեմ այս գեղեցիկ եկեղեցին:

Եկեղեցւոյ դուռէն դուրս եկած ատեն ձախին՝ պարտէզին մէջ, տեսայ գեղեցիկ քարէ շինուած յուշակոթող մը: Արեւը կիզիչ էր եւ հեռուէն պղտոր ձեւով սկսայ տեսնել խաչը, որ փորագրուած էր: Մօտեցայ յուշակոթողին եւ խաչին նայելով՝ տեսայ, թէ այդ հայկական խաչքար է: Թիւանդի մէջ հայկական խաչքա՞ր:

Ինչպէ՞ս:

Ե՞րբ:

Ո՞վ:

Գրութիւնը խաչքարին տակ. «Այս սուրբ խաչը Մոնթենեկրոյի հայ համայնքը կը նուիրէ Թիւադի հաւատացեալ ժողովուրդին՝ որպէս յաղթանակի եւ Քրիստոսի յարութեան խորհրդանիշ»:

«Վաթսուն հայ ընտանիք ունինք Մոնթենեկրոյի մէջ։ Հայերը հոս հաստատուած են Ռուսաստանէն եւ Ուքրայնայէն, բայց բոլորս ալ Հայաստան ծնած ենք», Վահէ Հանեսեանն է, որ Մոնթենեկրոյի հայ համայնքի համախմբումի նախագահն է:

Հայաստան-Ռուսաստան-Ուքրայնա-Մոնթենեկրօ:

Հայուն սփիւռքի պատմութեան մէկ ճանապարհ-քարտէսն է: Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ ունի ճամբու քարտէսը: Ծնած եւ ընթացք առած ենք մեր ակունքներէն՝ Հայաստանի եւ պատմական Հայաստան-Կիլիկիոյ մէջ, որմէ ետք սկսած է մեր կեանքը՝ «ցատկելով» մէկ երկրէն միւսը: Եթէ դասական սփիւռքի համար ցեղասպանութիւնն էր, որ ստիպեց տեղահանութիւն, հայաստանեան սփիւռքի համար՝ «աւելի լաւ պայմաններ»ը: Այս ալ պիտի ըսենք՝ հայուն կեանքն է:

«Քսան տարեկանին ձգեցի Հայաստանը եւ հաստատուեցայ Սեն Փեթերսպուրկ՝ ուսանելու համար: Հոն մնացի 16 տարի, որմէ ետք եկայ հոս», կը պատմէ Վահէն, որ 55 տարեկան է, արդէն 35 տարիներէ ի վեր կ՚ապրի օտարութեան մէջ: Ուսանած է իրաւաբանութիւն եւ տնտեսագիտութիւն: Ան ներկայիս կը զբաղի անշարժ գոյքեր գնել-վաճառելով եւ  շինարարական աշխատանքով: Ամուսնացած է եւ կազմած է ընտանիք, կինը բժշկուհի է, ունին երկու զաւակներ: «Հայկական դպրոց եւ եկեղեցի չունինք, տունը հայերէն կը խօսինք եւ զաւակներուս ալ մայրենին կը սորվեցնենք տան մէջ: Ուրիշ միջոց չունինք», ըսաւ Վահէ:

Հայկական գաղութի անդամները կը փորձեն քով-քովի գալ տարբեր առիթներով: Եկեղեցական տօներու եւ ցեղասպանութեան ոգեկոչման ատեն հայերը կը համախմբուին Թիւադի մէջ՝ խաչքարին շուրջ: «Ռումանիայէն սրբազան հայրը ատենը անգամ մը կ՚այցելէ, եւ Ս. Պատարագ կ՚ունենանք տեղական եկեղեցին օգտագործելով», ըսաւ Վահէն:

Հայուն խաչքարը, որ հայերը կը միացնէ: Կը միացնէ՝ իրենց հաւատքով, պատմութեամբ, մշակոյթով ու տակաւին:

«Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները շատ ջերմ են։ Բոլորս ալ ընտանիքներ ունինք հայրենիքի մէջ եւ ամառները կը փորձենք մեր երեխաները ղրկել Հայաստան: Այս ձեւով ալ կը փորձենք շարունակել եւ ամրացնել մեր կապերը հայրենիքին հետ եւ պահպանել նաեւ մեր ինքնութիւնը», դարձեալ Վահէն է:

2018-ին, Հայերու համախըմ-բումի վարչութեան ջանքերով, խաչքարը զետեղուած է Թիւադի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: «Տեղացի ժողովուրդը շատ կը սիրէ հայը եւ գիտէ մեր պատմութիւնը։ Իրենք ալ ենթարկուած են շատ մը զրկանքներու, երբ օսմանեան տիրապետութեան տակ եղած են եւ այս իմաստով շատ կարեկցանք ու հասկացողութիւն ունին հայուն եւ անոր պատմութեան հանդէպ», Վահէն շարունակեց իր զրոյցը:

Եւրոպայի այս գեղեցիկ երկրին մէջ՝ Մոնթենեկրօ, 60 հայ ընտանիքներ կը տքնին հայ մնալու համար: Չունին շատ կարելիութիւններ. ինչպէս՝ եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, մշակութային կեդրոն թէ այլ: Նիւթական պայմաններն ալ համեստ են:

Բայց կայ հայու հոգին: Այս հոգին լաւապէս կը մարմնաւորուի հայուն խաչքարին ընդմէջէն: Խաչքարը, ուր հայը կը միանայ պահելու համար իր պատմութեան արժէքը:

Սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայու մարտահրաւէր-առաքելութիւնն է պահել հայուն արժէքը:

Հայուն խաչքարը՝ հայուն արժէքը, զոր պիտի պահենք:

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 2026

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2026