ՄԱՏԱԹԻԱ-ԱՆՏՈՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ (1818 - 1903)
Պատմաբան, լեզուաբան, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ (մինչեւ 1856) եւ հայ քննական պատմագրութեան հիմնադիր Անտոն (Մատաթիա) Գարագաշեան ծնած է Պոլիս, 1818 թուականի փետրուարի 11-ին:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մխիթարեան միաբանութեան պատկանող Ղալաթիոյ վարժարանէն ներս:
1832-ին ղրկուած է Վիեննայի Մխիթարեան դպրոցը, զոր աւարտած է փայլուն արդիւնքով:
1836-ին միացած է Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան, իսկ 1844-ին օծուած է կուսակրօն քահանայ, ստանալով Մատաթիա անունը: 1856-ին հրաժարաժ է հոգեւորականի իր կոչումէն, արմատական շրջադարձ մը կատարելով դէպի անաստուածութիւն, միաժամանակ ընդունելով Նիւթապաշտական աշխարհայեացքը:
Վիեննայէ վերադառնալէ ետք մի քանի տարի Զմիւռնիոյ մէջ ուսուցչութիւն ըրած է, ապա վերջնականապէս հաստատւոած է Պոլիս եւ ամբողջութեամբ նուիրուած է գիտական ու ուսումնասիրական աշխատանքի:
Մատաթիա Գարագաշեան «Արեւելեան թատրոնի» հիմնադիրներէն ու կազմակերպիչներէն մէկը կը համարուի:
Գարագաշեան աշխատած է նաեւ Պոլսոյ «Պայպըլ հաուզ»ի աստուածաշնչային ընկերութեան մէջ իբրեւ թարգմանութիւններու սրբագրող, միաժամանակ գրաբար դասաւանդած է Պոլսոյ հայկական դպրոցներէն ներս: 1890-ականներու սկիզբը դարձեալ գրաբար դասաւանդած է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանէն ներս:
Մատաթիա Գարագաշեան հարուստ ժառանգութիւն ձգած է: Հրապարակած է բազմաթիւ պատմաբանասիրական, լեզուագիտական, աշխարհագրական եւ փիլիսոփայական գործեր:
1840-ականներէն ան լծուած է գիտական-բանասիրական աշխատանքներու, որով այդ թուականներուն Վիեննայի մէջ հրապարակած է «Արուեստ ճարտասանութեան» (1844) եւ «Նկարագիր ուսմանց» (1845) գիրքերը:
Որպէս քննական պատմագրութեան հիմնադիր, Գարագաշեան մերժած է ժողովրդային առասպելներու վրայ հիմնուած պատմագրութիւնը եւ պնդած է, որ պատմագրութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ գիտական մօտեցումներու հիման վրայ: «Գարագաշեան մերժեց ժողովրդային առասպելներու վրայ հիմնուած պատմագրութիւնը եւ շեշտեց գիտական մօտեցման հրամայականը։ Իբրեւ այդպիսին, հայ ժողովուրդի հնագոյն պատմութեան իր ուսումնասիրութիւնը հունաւորուեցաւ ժամանակի ընդհանուր եւ հայոց մասնայատուկ պայմաններուն՝ աշխարհագրութեան, ազգային կազմախօսութեան, ընկերատնտեսական հոլովոյթի քննարկման ուղղութեամբ։ Յատուկ կարեւորութիւն ընծայեց սկզբնաղբիւրներու, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար վկայութիւններու բաղդատական ուսումնասիրութեան» («Ազատ օր», 24 նոյեմբեր 2014):
Որպէս լեզուաբան ան հրապարակած է նաեւ «Դպրութիւն կամ նոր քերականութիւն հայերէնի» (1862), «Համառօտ նոր քերականութիւն» եւ այլ աշխատութիւններ, որոնք արժանացած են բազմաթիւ հրատարակութիւններու, յատկապէս 1860-90-ականներուն:
Գարագաշեանի հեղինակութիւնն են նաեւ «Համառօտ պատմութիւն փիլիսոփայութեան» աշխատասիրութիւնը (Պոլիս 1868), «Համառօտ փիլիսոփայութիւն», «Սկզբունք տրամաբանութեան» (1864):
1890-ականներուն Մատաթիա Գարագաշեան հրապարակած է աշխարհագրական դասագիրքերու ամբողջական շարք մը. ինչպէս՝ «Աշխարհագրութիւն համառօտ քաղաքական», «Աշխարհագրութիւն ուսումնական» եւ այլն:
1887-ին Յակոբ Գուրգէնի հետ հրապարակած են «Ճաշակ ոսկեղէն դպրութեան» պարբերաթերթը, գրաբարով:
1895-ին, Թիֆլիզի մէջ, լոյս տեսած է Գարագաշեանի «Քննական պատմութիւն հայոց» քառահատոր աշխատասիրութիւնը, որ հիմքը կը հանդիսանայ քննական պատմագրութեան:
Ան մահացած է 1903 թուականի նոյեմբերի 26-ին, Պոլիս։
*
24 նոյեմբեր 2014-ի «Ազատ օր»ին մէջ կը կարդանք. «Հայ մտքի իւրօրինակ հսկայ մը եղաւ Մատաթիա-Անտոն Գարագաշեան, որ ո՛չ միայն հիմը դրաւ հայ քննական պատմագրութեան, այլեւ՝ ընդհանրապէս հայկական իմաստասիրութիւնն ու հայագիտութիւնը, հասարակական միտքն ու ազգային աշխարհայեացքը բացաւ նոր հորիզոններու՝ արդի ժամանակներու ոգիին եւ նորարարութեան համահունչ թռիչքով:
…Մինչեւ ծերունազարդ 85 տարիքը, իր կեանքն ու միտքը ան նուիրեց հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր լուսաւորման գործին՝ իմաստասիրական-գիտական մեծակշիռ ներդրումներու կողքին, բոլոր իրաւ մեծութեանց պէս, իր կարգին անձնատուր ըլլալով ծայրայեղական ու մոլեռանդ իմաստասիրական յայտնագործումներու»:
Արշակ Չօպանեան խօսելէ ետք Մատաթիա Գարագաշեան պատմաբանին, լեզուաբանին ու բանասէրին մասին իր, անդրադառնալով Գարագաշեան ուսուցիչին, կը գրէ.
* Գարագաշեան գործած է նաեւ իբրեւ ուսուցիչ: Տարիներով՝ Պոլսոյ դպրոցներուն մէջ, ինչպէս եւ ընտանիքներու մէջ, դասական հայերէնը սորվեցուցած է: Աշակերտած ըլլալով իրեն՝ Պոլսոյ Ազգային Կեդրոնական վարժարանին մէջ, ուսուցիչը մօտէն ճանչնալու եւ ներքին մարդուն ալ քանի մը յատկանշական գծերը ուսումնասիրելու առիթն ունեցած եմ: Յիշատակը զոր պահած եմ իր ուսուցչի դէմքէն ու տպաւորութիւնը զոր մարդը վրաս գործած է այդ դպրոցական յարաբերութեանց մէջ՝ շատ սիրուն են, հակառակ ան-հըրաժեշտ վերապահումներուն՝ զոր պէտք է ընել իր ուսուցչական գործունէութեան ալ մասին, ուր, ինչպէս արդէն գրած եմ ուրիշ առթիւ, իր Մեսրոպեան հայերէնի մոլեռանդութիւնը զինքը կը կուրացնէր հայ լեզուի եւ գրականութեան եւ նոյնիսկ պատմութեան այն բոլոր մասերուն եւ ձեւերուն համար, որոնք Մեսորպեան շրջանին հետ կապ չունին: Ես քիչ անգամ ճանչցած եմ մարդ մը այնքան խանդավառ, որքան այդ զմայլելի ծերունին, որուն անխոնջ ու միշտ կրակոտ պաշտամունքի ճառը ոսկեդարեան գրաբարին ուղղուած՝ չորս տարի անընդհատ ունկնդրած եմ: Մեսրոպեան հայերէնը իր ամբողջ կեանքին հրայրքը, իր հոգիին գերագոյն ուրախութիւնը, իր սրտին միակ սէրը եղած էր եւ իր կեանքին վերջին շրջանին՝ երբ մենք զինքը ճանչցանք այնպիսի շրջանի մը, ուր մտաւորական տարփանքները բնականաբար աւելի տեղ կը բռնեն մարդոց -մանաւանդ մտածող մարդոց- սրտին մէջ՝ քան մարմնեղէն տար-փանքները, այդ սէրն ու պաշտամունքը առաւել քան երբեք սաստկացած, գերագոյն սրութեան հասած ըլլալու էին: Իր դասերը կը բաղկանային գրեթէ միշտ ոսկեդարեան հեղինակի մը մէկ կտորին ընթերցումէն ու բացատրութենէն: Պէտք է տեսնել ի՛նչ գուրգուրանքով, ի՛նչ կաթոգին յուզմունքով, ի՛նչ հեշտական հիացումով կը կարդար Եզնիկի կամ Աստուածաշունչի եւ կամ Բիւզանդի էջեր: Յաղթական երանութեան ժպիտ մը կը լուսաւորէր այդ պահուն իր անուշ ծերունիի գողտրիկ դէմքը: Իր գրասեղանին առջեւ՝ ժամ մը ամբողջ՝ ոտքի վրայ կեցած, իր մտքին ու սրտին ամբողջ ուժերը կը թափէր՝ մեզի փոխանցելու համար իր համոզումներն ու հրայրքը: Այո՛, «ոտքի վրայ»: Գարագաշեան միակ դասատուն էր, որ ոտքի վրայ կ՚աւանդէր իր դասը. հակառակ մեր բոլոր աղաչանքներուն, այդ եօթանասունը անցած ծերունին եւ ոչ իսկ մէկ օր մը յանձն առաւ նստած դասախօսել: Թերեւս իր նախկին քահանայական կեանքին մէջ հոգեկան մնացորդն էր այդ. դասը իրեն համար նուիրական արարք մըն էր, իր սէրն ու իր հաւատքը երիտասարդ սերունդներու փոխանցելու սուրբ գործը, զոր պէտք էր յոտընկայս կատարել՝ ինչպէս աղօթք մը կամ քարոզ մը: Ու պէտք էր նաեւ տեսնել այն մոլեգին զայրոյթը՝ որով կը բռնկէր, երբ զուտ աշխարհաբարի կամ ոչ-ոսկեդարեան գրաբարի վրայ խօսէր. «Լեզու չէ՛ աշխարհաբարը, չինկեանէերէն է», կը գոչէր: Իր այդ ցասումի վայրկեաններուն մէջ, բառերը զոր կը գործածէր՝ երբեմն տարօրինապէս քիչ ոսկեդարեան էին: Բայց ի՛նչ ալ ընէր, ի՛նչ ալ ըսէր, միշտ կը պահէր իր տիպարին ուժեղ գեղեցկութիւնը. այն գեղեցկութիւնը, զոր կու տայ ազնիւ ու անշահախնդիր խանդավառութիւնը: Տարօրինակ բան է որ այդ նոյն մարդը, որ այնքան առատաձեռն ու շռայլ էր իր դասերուն մէջ, ուր ինքզինը ամբողջապէս կու տար իր աշակերտներուն, իր մէջ պարունակած ըլլայ նաեւ դրամասէր կծծի մը: Աւա՜ղ, մարդոց լաւագոյնն իսկ մերթ քաոս մըն է հակասութեանց: Ի՜նչ փոյթ սակայն՝ մեզի համար՝ իր հասարակ կեանքի թերութիւնները: Իր բանասէր եւ ուսուցչի կեանքին մէջ, իր դիրքը մնաց միշտ ազնիւ, անկեղծ, խանդավառ, իր սկզբունքներուն եւ համոզմունքներուն հաւատարիմ, ինչպէս հաւատացեալ մ՚իր Աստուծոյն: Ոչ ոք իրմէ աւելի պերճախօսաբար գիտցած է մեզի սորվեցնել աննիւթական, գաղափարական, մտաւոր բաներու համար տածուած սիրոյն վեհ գեղեցկութիւնը («Դէմքեր», Արշակ Չօպանեան, Փարիզ, 1929, էջ 86-87):
*
* «Համառօտ պատմութիւն փիլիսոփայութեան» (Պոլիս, 1868) գիրքին մէջ կը կարդանք.
1. Փիլիսոփայութեան պատմութիւնն ի՞նչ է:
Փիլիսոփայութեան պատմութիւնը Փիլիսոփայութիւն կոչուած գիտութեան նկատմամբ մարդկային մտքին ըրածներուն եւ անոնցմէ փիլիսոփայութեան պատահած անցքերուն յիշատակութիւնն է:
2. Փիլիսոփայութեան պատմութիւնը ե՞րբ կը սկսի:
Փիլիսոփայութիւնը մարդկային մտքին այն ջանքն է, որով կ՚ուզէ գիտնալ, թէ ի՞նչ օրէնքներով կը ճանչնայ զինք եւ իրմէ դուրս եղող բնական եւ բարոյական իրողութիւններ եւ թէ՝ իր աս նկատմամբ ունեցած ծանօթութիւնները կամ գիտութիւնը ճշմարիտ է, ճշմարիտ կրնա՞յ ըլլալ եւ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ: Ասոնց կ՚ըսենք փիլիսոփայական մեծամեծ խնդիրներ: Փիլիսոփայութեան պատմութիւնը կը սկսի այն ատենէն՝ երբ մարդկային միտքն աս մեծամեծ խնդիրներուն հետազօտութիւնը կամ քննութիւնն անձամբ ընելու սկսած է (էջ 5):
* «Աշխարհագրութիւն քաղաքական վերջին փոփոխմանց համեմատ եւ բնական» (Պոլիս, 1873) աշխատութեան մէջ կը կարդանք.
Հարցում. Քաղաքական աշխարհագրութիւնն ի՞նչ կը սորվեցնէ:
Պատասխան. Քաղաքական աշխարհագրութիւնը կը սորվեցնէ այլեւայլ բաժանումները, զոր մարդիկ ըրած են երկրիս երեսը բաղկացնող ծովուն եւ ցամաքին վրայ. ինչպէս նաեւ այն բաժանումներուն տրուած անունները, մարդոց թիւը, ցեղերը, կրօնքները, անոնց բնակած տեղերը, կառավարութիւնները եւ ուրիշ ասոնց նը-ման բաներ (էջ 1):
* «Դպրութիւն կամ նոր քերականութիւն հայերէն» (Կ. Պոլիս, 1880) դասագիրքին մէջ կը կարդանք.
346. Հ. Շարադասութիւնն ի՞նչ է:
Պ. Շարադասութիւնը քերականութեան այն մասն է, որ կը խօսի նախադասութեան կարգին եւ քերականական ձեւերու վրայ:
347. Հ. Նախադասութիւնն ի՞նչ է:
Պ. Նախադասութիւն կ՚ըսուի իմաստ մը կամ վճիռ մը որ բան մը կը հաստատէ կամ կը ժխտէ, զոր օրինակ. Աստուած արդար է, Աստուած անիրաւ չէ, մէյմէկ նախադասութիւն են, առաջինը՝ հաստատական, երկրորդը՝ ժխտական (էջ 231):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ