ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՁԵՌԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ. Ա. ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԵՒ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՄՐՐԻԿԻՆ ՄԷՋ - ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենաօրհասական պահերուն Սուրբ Էջմիածնը դադրած է զուտ հոգեւոր կեդրոն ըլլալէ եւ դարձած է ազգային դիմադրութեան, հեռատեսութեան եւ հաւաքական յիշողութեան պահպանման առանցքը։

Հայաստանը բազմիցս գտնուած է պատերազմի, արհաւիրքի կամ պետականութեան կորստեան վտանգին առջեւ, իսկ Մայր Աթոռը ստանձնած է այն առաքելութիւնը, որ գերազանցած է զուտ եկեղեցական իր դերը՝ պաշտպանած է հաւատքը եւ նաեւ՝ ազգի մշակոյթը, պատմութիւնը եւ ինքնութիւնը։

Ամենայն հայոց կաթողիկոսներն ալ, զանազան դարերու ընթացքին, բազմիցս ապացուցած են իրենց պետական մտածողութիւնն ու հեռատեսութիւնը, իմաստութիւնն ու աներկիւղութիւնը։ Անոնք լաւ գիտակցած են, որ ազգ մը կրնայ վերապրիլ անգամ մեծ քաղաքական ցնցումներէ ետք, եթէ պահպանէ իր հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը։

Այդ հեռատեսութեան ամենավառ օրինակներէն մէկը Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն կայացուած որոշումն էր՝ Սուրբ Էջմիածնի անգին ձեռագիրները ժամանակաւորապէս հեռացնել պատերազմի մօտեցող վտանգէն եւ ապահով վայր տեղափոխել։

1914-1918 թուականներու պատերազմը աւերեց քաղաքներ ու ջնջեց սահմաններ, բայց նաեւ վտանգեց դարերու մշակութային ժառանգութիւնը։ 

Բոլոր ճակատներու վրայ ալ թէժ էր պատերազմը․ Կովկասեան ռազմաճակատին վրայ ռազմական գործողութիւնները, վտանգ կար, որ կարող էին մօտենալ Սուրբ Էջմիածնին, հարցականի տակ էր ո՛չ միայն ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութիւնը, այլեւ անոր պատմական գանձերը։

Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանը կը պահէր հազարաւոր անգնահատելի ձեռագիրներ՝ աւետարաններ, պատմագրական երկեր, աստուածաբանական, փիլիսոփայական ու գիտական աշխատութիւններ, որոնցմէ շատերը եզակի օրինակներ էին։ Եթէ անոնք կորսուէին, հայ մշակոյթը անդառնալի հարուած պիտի կրէր։

1914-ի վերջաւրութեան, երբ Էնվէր փաշայի հրամանատարութեամբ օսմանեան բանակը յարձակեցաւ Կովկասի ճակատին վրայ եւ Սարըքամըշի ուղղութեամբ առաջ շարժուեցաւ, ամբողջ Անդրկովկասը մատնուեցաւ խուճապի։ Պետական բարձր պաշտօնեաներ կը հեռանային, իսկ պատերազմի անորոշ ընթացքը ամէն վայրկեան կրնար փոխել իրադարձութիւններու սլաքը։

Ըստ պատմական տեղեկութիւններու, նոյն օրերուն Գէորգ Ե. Վշտակիր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւս առաջարկուած էր ժամանակաւորապէս հեռանալ Սուրբ Էջմիածնէն։ Սակայն, ծերունազարդ հայրապետը մերժած է այդ առաջարկը՝ ըսելով, թէ ինք Մայր Աթոռը պիտի չլքէ եւ, եթէ հարկ ըլլայ, պատրաստ է նահատակուելու անոր պարիսպներուն տակ։ Այդ կեցուածքը միայն անձնական քաջութեան արտայայտութիւն չէր, այլ ազգային պատասխանատուութեան խորհրդանիշ։ «Ես Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ոչ մէկ տեղ կ՚երթամ, թող գան զիս սպաննեն Սուրբ Էջմիածնի վանքի պարիսպներուն տակ», ըսած էր ան։ 

Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, ան հեռատես որոշում մը առած է․ հրամայած է Էջմիածնի թանկարժէք ձեռագիրները ժամանակաւորապէս տեղափոխել Մոսկուա։ 

Այս բացառիկ պատմութիւնը մեզի հասած է կարգ մը աղբիւրներու շնորհիւ, որոնցմէ մէկը Տ. Արսէն աւագ քահանայ Սիմէոնեանցի յուշերն են։ Այդ տարիներուն ան կը ծառայէր Մոսկուայի Հայ Առաքելական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Իր յուշերը կը ներկայացնեն բացառիկ սկզբնաղբիւր մը, որովհետեւ ան անձամբ ներգրաւուած էր ձեռագիրներու տեղափոխման, պահպանութեան եւ անոնց ապահով վերադարձին առընչուող բոլոր հիմնական գործողութիւններուն։ Կարդալով այս յուշերը՝ կրկին կը բանանք պատմութեան այն էջը, ուր ազգային մշակոյթի փրկութիւնը դարձած էր իսկական հերոսական առաքելութիւն։

ԳԷՈՐԳ Ե. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՆՍԱՍԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Թէեւ ռուսական բանակը եւ հայ կամաւորները կասեցուցին օսմանեան բանակի առաջխաղացումը, Գէորգ Ե. Կաթողիկոսը, ըստ վկայութեան, հասկցած էր, որ պատերազմը լի էր անակնկալներով։ Հետեւաբար անոր որոշումը՝ Սուրբ Էջմիածնի բոլոր ձեռագիրները ժամանակաւորապէս տեղափոխել Մոսկուա, պիտի դառնար հայ մշակութային ժառանգութեան փրկութեան ամենակարեւոր քայլերէն մէկը։

Ո՞ՒՐ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀՈՒԷԻՆ ՀԱՅՈՑ ԳԱՆՁԵՐԸ

Մոսկուայի հայկական եկեղեցական եւ ազգային շրջանակներուն մէջ անմիջապէս սկսան քննարկումներ, թէ ո՛ր վայրն էր ամենաապահովը ձեռագիրներու պահպանութեան համար։ Ոմանք կ՚առաջարկէին զանոնք պահել հայկական եկեղեցիներէն մէկուն մէջ, իսկ Ժամհարեան եղբայրները պատրաստակամութիւն յայտնեցին զանոնք տեղաւորելու իրենց դրամատան երկաթեայ պահոցներուն մէջ՝ վստահեցնելով, թէ ո՛չ հրդեհը, ո՛չ ռմբակոծութիւնը, ո՛չ ալ թնդանօթի կրակը կրնան վնաս հասցնել այնտեղ պահուած արժէքներուն։

Սակայն, Արսէն աւագ քահանայ Սիմէոնեանցի վկայութեամբ, Գէորգ Ե. Կաթողիկոսը անակնկալ կերպով մերժեց այդ առաջարկը եւ պահանջեց, որ ձեռագիրները պահուին հայկական եկեղեցւոյ մէջ։ Կարդալով յուշագրութիւնը, կը համոզուինք, որ յետագայ իրադարձութիւնները լիովին արդարացուցին անոր հեռատեսութիւնը. պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք Ռուսաստանի բոլոր մասնաւոր դրամատուները պետականացուեցան, եթէ հայոց ձեռագիրները այդ պահոցներուն մէջ գտնուէին, անոնց ճակատագիրը կրնար բոլորովին այլ ըլլալ։ Հայրապետին այդ մէկ որոշումը փաստօրէն փրկեց դարերու մշակութային ժառանգութիւնը։

137 ՍՆՏՈՒԿ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՊԱՆՆԵՐԸ

1915-ի փետրուարի վերջին կամ մարտի սկիզբը, ինչպէս կը յիշէ Արսէն աւագ քահանայ Սիմէոնեանց, Սուրբ Էջմիածնի ձեռագիրները հասան Մոսկուա։ Անոնց հետ կային Մայր Աթոռի ներկայացուցիչները՝ Մատթէոս արքեպիսկոպոս Մատթէոսեանն ու Բաբգէն ծայրագոյն վարդապետ Աղաւելեանը, որոնց վստահուած էր այդ բացառիկ առաքելութիւնը։ 

Կայարանին մէջ ամէն ինչ նախապէս կազմակերպուած էր. վարձուած էին փակ բեռնակառքեր, իսկ Մոսկուայի հայկական բոլոր ազգային մարմինները իրենց վստահելի անդամներէն երկուքական հոգի նշանակած էին իբրեւ ուղեկիցներ եւ հսկիչներ, որպէսզի ազգային գանձերը առանց որեւէ միջադէպի հասցուին Սուրբ Խաչ եկեղեցի։

Ըստ պատմողի, ձեռագիրները տեղաւորուած էին 137 մեծ սնտուկներու մէջ, որոնք արտաքուստ պատուած էին թիթեղով եւ կնքուած՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ու Սինոդի կնիքներով։ Ո՛չ ոք իրաւունք ունէր զանոնք բանալու։ Ամէն մարդ գիտէր միայն մէկ բան՝ այդ սնտուկներուն մէջ կը գտնուէր հայ ժողովուրդի դարերով կուտակուած հոգեւոր ու մտաւոր հարըս-տութիւնը։

Պահպանութեան համար ընտրուած սենեակները նախապէս պատրաստուած էին արտակարգ խնամքով եւ անոնց յատակները ծածկուեցան անկիզաքար նիւթով, տեսակ մը կտաւաքարէ հաստ թուղթերով, ինչ որ այն ժամանակուայ հակահրդեհային լաւագոյն միջոցներէն մէկն էր, պատուհանները՝ երկաթեայ ճաղերով, իսկ մուտքերը՝ բազմակի դռներով։ Սակայն, Սուրբ Էջմիածնէն ժամանած պատուիրակութիւնը այդ միջոցները բաւարար չնկատեց։ Համայնքի միջոցներով պատրաստուեցան ծանր մետաղեայ նոր դռներ եւ պատուհաններու պաշտպանիչ փեղկեր, որոնք սենեակները գործնականօրէն վերածեցին անառիկ պահոցի։ Սենեակներու դռները կնքուեցան Հայոց Հոգեւոր կառավարութեան կնիքով եւ Մոսկուայի Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ խորհրդարանի կնիքով։

ՄՈՍԿՈՒԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԴԵՐԸ

Սակայն, ամուր պատերն ու երկաթեայ դռները բաւարար չէին։ 

Սիմէոնեանց կը գրէ, որ մինչեւ նոր պաշտպանական միջոցներու ամբողջական տեղադրումը, ձեռագիրներու անվտանգութիւնը վստահուած էր Մոսկուայի հայ գաղութի կամաւորներուն։ Ցերեկային ժամերուն հերթապահութիւնը կը կատարէին երկու հայ հոգեւորականներ. ինք՝ Արսէն աւագ քահանայ Սիմէոնեանցն ու Տ. Սեդրակ Աղբալեանը, իսկ գիշերները՝ աշխարհական կամաւորները, որոնք օրերով ու շաբաթներով կը պահպանէին եկեղեցին։

Այդ պահակախումբին մէջ կը գտնուէին ժամանակի հայ մտաւորական եւ հասարակական կեանքի նշանաւոր դէմքեր։ Վկայութեան համաձայն, հերթապահած են՝ մեծ նկարիչ Մարտիրոս Սարեան, իրաւաբան Ստեփան Մամիկոնեան, համալսարանական դասախօսներ Ալեքսէյ Ջեզիլէկեան, Ալեքսանտր եւ Միքայէլ Ներսէսեան եղբայրները, Վահան Տոտոմեանց, Լեւոն Մսերեանց, ինչպէս նաեւ Լազարեան ճեմարանի ուսուցիչներ Բարսեղ Գասպարեան, Կարապետ Կուսիկեան, Ստեփանոս Տէր-Սարգսեան, Արսէն Թումանեան եւ ուրիշներ։ Ձեռագիրներու հսկողութեան կը հետեւէին նաեւ Ժամհարեան եղբայրները։

Ըստ պատմողի, երկու շաբաթ անց մետաղեայ դռները պատրաստ էին։ Անոնք կրկին կնքուեցան պատասխանատու մարմիններու կնիքներով, իսկ բանալիները յանձնուեցան հայկական տարբեր կազմակերպութիւններու, որպէսզի ո՛չ ոք առանձին կարողանար մօտենալ ձեռագիրներուն։ 

ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՆՈՐ ՎՏԱՆԳ

Մինչեւ 1917-ի վերջերը որեւէ անցանկալի դէպք տեղի չունեցաւ, իսկ ժամանակ առ ժամանակ դռները կը բացուէին միայն պատասխանատու բոլոր կողմերու ներկայութեամբ՝ սենեակներու օդափոխութեան նպատակով։

1917-ի պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը ամբողջութեամբ փոխեց իրավիճակը։ 

Ըստ Արսէն աւագ քահանայ Սիմէոնեանցի, Մոսկուայի փողոցները լեցուած էին անկարգութիւններով, կողոպուտներով եւ անիշխանութեամբ։ Հին իշխանութիւնը վերացած էր, նորը տակաւին չէր հաստատուած։ Ինչպէս ամէն յեղափոխութեան, նոյնպէս ալ այդ օրերուն քաղաքական բանտարկեալներուն հետ բազմաթիւ քրէական յանցագործներ բանտերէն դուրս եկած էին։ Նոյնիսկ Քրեմլինի մէջ գտնուող Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ թանգարանը կողոպտուեցաւ ու անոր անգին գանձերը անհետացան առանց հետք ձգելու։ Այդ իրադարձութիւնը հայ համայնքին համար ահազանգ մըն էր. եթէ նման ճակատագիր կրնար ունենալ պետական մեծ թանգարանը, ապա վտանգը կը սպառնար նաեւ հայոց ձեռագիրներուն։

Հետեւաբար, պահպանութիւնը աւելի խստացուեցաւ։ Մոսկուայի զինուորական իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններէ ետք կարելի եղաւ եկեղեցւոյ պահպանութեան համար երեք զինուած պահապան ապահովել։ Սակայն, զէնքը պէտք էր հայերը իրենք գտնէին։ Այդ ժամանակ, ըստ պատմողի, անսպասելի օգնութեան հասաւ բարերարուհի Վարվառէ Քանանեանը։ Ան Մոսկուայի մեծահարուստներէն մէկն էր, որ խառնակ այդ օրերուն իր դստեր հետ ապաստան գտած էր Արսէն աւագ քահանայ Սիմէոնեանցի բնակարանին մէջ։ Դրամատունը գտնուող իր անձնական պահոցէն երկու գերմանական «Մաուզէր» ատրճանակ հանեց՝ մէկը եկեղեցւոյ պաշտպանութեան համար։ Սիմէոնեանց տարիներ անց կը խոստովանի, թէ ինչպէս միասին գացած եւ դրամատունի պահոցէն այդ զէնքերը բերած են եւ որ այդ զէնքերը վերարկուին տակ գաղտնի կերպով տուն հասցնելու պահը իր կեանքի ամենէն լարուած ու ամենէն յուզիչ փորձառութիւններէն մէկն էր։

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆԻ ՎՃՌՈՐՈՇ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Յեղափոխական տարիներուն հայոց ձեռագիրներուն սպառնացող վտանգը միայն անկարգութիւնները չէին։ 

Ըստ Արսէն աւագ քահանայ Սիմէոնեանցի, նոր նշանակուած հայ գործիչ Պօղոս Մակինցեան կը ծրագրէր Սուրբ Խաչ եկեղեցիէն դուրս բերել ձեռագիրները եւ զանոնք տեղափոխել Ալեքսանտր Գ. կայսեր անուան թանգարանը։ Հայ համայնքը համոզուած էր, որ այդ քայլը ո՛չ թէ պիտի ամրապնդէր, այլ պիտի վտանգէր ձեռագիրներու ապահովութիւնը, որովհետեւ մայրաքաղաքը տակաւին կը գտնուէր քաղաքական եւ զինուորական անկայուն վիճակի մէջ։ Աւելի՛ն, գերմանական բանակներու յառաջխաղացումը նոր մտահոգութիւն կը ստեղծէր. եթէ Մոսկուան գրաւուէր, ազգային գանձերը կրնային դուրս տարուիլ Ռուսաստանէն։

Ըստ պատմողի, Մոսկուայի հայութիւնը որոշեց մինչեւ իսկ սեփական մարմիններով պաշտպանել ձեռագիրները։ Ժողովի ընթացքին առաջարկուեցաւ, որ անհրաժեշտութեան պարագային տղամարդիկ, կիներ եւ երեխաներ նստին եկեղեցւոյ աստիճաններուն վրայ եւ չարտօնեն, որ սնտուկ մը իսկ դուրս բերուի։ Սակայն, մինչեւ այդ ծայրայեղ միջոցին դիմելը, որոշուեցաւ բանակցիլ Մակինցեանի հետ։

Այդ հանդիպման ընթացքին անակնկալ դեր ստանձնեց բանաստեղծ Վահան Տէրեան։ Թէեւ արդէն պաշտօնապէս հեռացած էր իր պետական պարտականութիւններէն, ան, ըստ Սիմէոնեանցի, միացաւ պատուիրակութեան եւ բացայայտօրէն պաշտպանեց հայ համայնքի տեսակէտը։ Վահան Տէրեան ընդգծեց, որ Սուրբ Խաչ եկեղեցին աչքի չզարնող վայր մըն էր, եւ ոչ ոք պիտի կասկածէր, թէ այնտեղ կը պահպանուէին հայ մշակոյթի մեծագոյն գանձերը։ Անոր հեղինակաւոր խօսքը ազդեց Մակինցեանի վրայ, որ ի վերջոյ հրաժարեցաւ իր մտադրութենէն։ Ըստ վկայութեան՝ այդ վճռորոշ պահուն Վահան Տէրեանի միջամտութիւնը զգալի դեր ունեցաւ ձեռագիրներու պահպանութեան մէջ։

ԱՆԿԱՅՈՒՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԱՄԵՆԱՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՕՐԵՐԸ

Վտանգները այդքանով չաւարտեցան։ Ըստ պատմողի, 1922-ին ՉԵԿԱ-ի՝ Ներքին գործերու ժողովրդական կոմիսարիայի քննիչները սկսան հետաքրքրուիլ եկեղեցւոյ մէջ պահուող «ազգային հարստութեամբ»։ Սիմէոնեանց հարցաքննութեան ենթարկուեցաւ եւ ստիպուած էր բացատրել, թէ սնտուկներուն մէջ ո՛չ թէ ոսկի կամ գանձ կը գտնուի, այլ հայ մշակոյթի անգնահատելի ձեռագիրներ։ Իր վկայութեան մէջ ան շեշտեց, որ այդ մատեանները դրամական արժէքով չեն չափուիր, որովհետեւ անոնք ամբողջ ժողովուրդի պատմական յիշողութիւնն են։

Անմիջապէս ետք, ըստ Արսէն աւագ քահանայ Սիմէոնեանցի, ան դիմեց թէ՛ Պօղոս Մակինցեանին եւ թէ Խորհրդային Հայաստանի ներկայացուցիչ Սահակ Տէր-Գաբրիէլեանին՝ խնդրելով շտապ միջոցներ ձեռնարկել։ Վերջապէս կարելի եղաւ ապահովել պաշտօնական կարգադրութիւն, որով առանց ՉԵԿԱ-ի յատուկ արտօնութեան ո՛չ ոք կրնար մօտենալ այն սենեակներուն, ուր կը պահպանուէին ձեռագիրները։ Այդ որոշումը ժամանակաւորապէս վերացուց անմիջական վտանգը եւ հնարաւորութիւն տուաւ շարունակելու վերադարձի նախապատրաստական աշխատանքները։

ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Շուտով Սուրբ Էջմիածնէն եւ Հայաստանի իշխանութիւններէն եկած համաձայնութեամբ՝ որոշուեցաւ ձեռագիրները վերադարձնել հայրենիք։ Ըստ պատմողի, 1922 թուականին բացուեցան երկար տարիներ կնքուած սենեակները, մէկ առ մէկ դուրս բերուեցան 137 սնտուկները եւ մանրակրկիտ ստուգուեցան կնիքները։ Արձանագրուեցաւ, որ ո՛չ մէկ սնտուկ վնասուած էր, ո՛չ մէկ կնիք՝ խախտուած։ Այդ փաստը կը վկայէր, թէ Մոսկուայի հայ համայնքը տարիներ շարունակ անթերի կերպով կատարած էր իրեն վստահուած առաքելութիւնը։

Ճանապարհը դէպի Հայաստան դիւրին չէր։ Քաղաքացիական պատերազմը տակաւին կը շարունակուէր, գնացքները յաճախ օրերով կը կանգնէին, իսկ կողոպուտները սովորական երեւոյթ դարձած էին։ Սակայն, ըստ վկայութեան, այն երկու վակոնները, որոնց մէջ կը գտնուէին 4660 ձեռագիրները, ամբողջ ճանապարհին մնացին անձեռնմխելի։ Ուղեկիցները ամէն կայարանի վրայ անձամբ կը հսկէին անոնց անվտանգութիւնը, մինչեւ որ անգին գանձերը բարեյաջող հասան Հայաստան եւ յանձնուեցան Մայր Աթոռին։

Արսէն աւագ քահանայ Սիմէոնեանցի յուշերը ցոյց կու տան, թէ ինչպէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի հեռատես ղեկավարութեամբ, Մոսկուայի հայ հոգեւորականները, մտաւորականները, հասարակական գործիչներն ու հասարակ կամաւորները միացեալ ուժերով կրցան եօթ տարի պահպանել հայ ժողովուրդի մեծագոյն մշակութային գանձերէն հազարաւորները։ 

Այստեղ հարկ է նաեւ յիշեցնել, որ Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հեռատեսութիւնը, սակայն, դրսեւորուած էր տակաւին պատերազմի առաջին ամիսներուն։ Ըստ Մատենադարանի գիտաշխատող Կարէն Մատթէոսեանի, հայրապետը յատուկ հրամանով Լիմ կղզիի վանքի վանահայր Յովհաննէս վարդապետ Հիւսեանին յանձնարարած էր կորստէ փրկել եւ Սուրբ Էջմիածին փոխադրել Վանայ լիճի Լիմ, Կտուց եւ Աղթամար կղզիներու վանքերուն, Վան քաղաքի եկեղեցիներուն ու շրջանի այլ հոգեւոր կեդրոններուն մէջ պահուող ձեռագիրները։ Թէեւ պատերազմի պայմաններուն պատճառով այդ ծրագիրը կարելի չեղաւ ամբողջութեամբ իրագործել, բայց, Յովհաննէս վարդապետ Հիւսեանի եւ այլ նուիրեալներու անձնազոհ ջանքերով 1915-1916 թուականներուն շուրջ 1450 ձեռագիր յաջողեցաւ այդ վայրերէն հասցնել Սուրբ Էջմիածին։ Մայր Աթոռը ո՛չ միայն պահպանեց իր սեփական Մատենադարանը, այլեւ դարձաւ արեւմտահայկական շրջաններու վտանգուած ձեռագրական ժառանգութեան գլխաւոր ապաստանը։

Այսօր այդ ձեռագիրներու գերակշիռ մասը կը պահպանուի Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ, իսկ միւս մասը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ձեռագրատան մէջ։ Անոնք կը շարունակեն մնալ գիտական ուսումնասիրութեան առարկաներ, հայ ժողովուրդի բազմադարեան հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ինքնութեան կենդանի խորհրդանիշը։ Իսկ Արսէն աւագ քահանայ Սիմէոնեանցի այս յուշերը այսօր ալ կը յիշեցնեն, որ երբեմն ամբողջ ազգի պատմութիւնը կրնայ կախեալ ըլլալ քանի մը տասնեակ անձերու խիզախութենէն, հեռատեսութենէն եւ անձնազոհ նուիրումէ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026