ԷՆՆ ՔԱՐՍԸՆ՝ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ ԱՆՑԵԱԼԻ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԻ ԿԵՆԴԱՆԻ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Ահաւասի՛կ, կին մը եւս` Նոպէլեան գրականութեան մրցանակակիր։
Էնն Քարսըն. անուն մը, որուն գրականութեան մէջ կը հանդիպին հին Յունաստանի իմաստութիւնը, ժամանակակից մարդուն հոգեկան տագնապները, կորսուած խօսքերու արձագանգները եւ գրականութեան սահմանները անդադար ընդարձակելու համարձակութիւնը։ Էնն Քարսըն գանատացի բանաստեղծուհի, խոհագրող, թարգմանիչ եւ դասական բանասէր է, որուն ստեղծագործական աշխարհը կը միացնէ դարերու հեռաւորութիւնը՝ անցեալը վերածելով ներկային հետ կենդանի երկխօսութեան։
2026 թուականի Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակը Էնն Քարսընին շնորհուելէն ետք Շուէտական ակադեմիան իր պաշտօնական հիմնաւորման մէջ ընդգծեց անոր համարձակ եւ նորարարական ստեղծագործական ժառանգութիւնը, որ դասական աւանդութեան հետ խաղարկային երկխօսութեան մէջ մտնելով՝ ժամանակակից գրականութեան համար նոր ձեւեր ստեղծած է։ Այս գնահատականը կը բնորոշէ Քարսընի արուեստին էութիւնը. ան անցեալը կը բանայ, կը մասնատէ, կը վերադասաւորէ եւ կը ներկայացնէ այնպիսի լոյսի տակ, որ հին բնագիրները կը սկսին խօսիլ մերօրեայ մարդուն լեզուով։
Քարսըն մեր ժամանակներու ամենաազդեցիկ եւ ինքնատիպ գրական ձայներէն մէկն է։
Այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր արագութիւնը, թուային աղմուկը եւ մակերեսային հաղորդակցութիւնը կը տիրապետեն, Նոպէլեան մրցանակի նման բարձրագոյն գնահատական մը խորհրդանշական ծանրակշիռ նշանակութիւն ունի։ Անիկա ո՛չ միայն անհատական ստեղծագործութեան տօն է, այլեւ կարեւոր ուղերձ մը՝ մարդկային հոգիին խորքային հարցերը, լռութիւնը եւ մտածողութիւնը տակաւին տեղ ունին մեր մոլորակին վրայ։
Մինչ մարդկութիւնը կը վազէ անորոշ ապագայի մը ետեւէն՝ կլանելով տեղեկատուական հեղեղներ, Քարսընի գրականութիւնը մեզ կը հրաւիրէ դանդաղելու, կանգ առնելու եւ հարց տալու, թէ ո՛վ ենք մենք այս հինաւուրց տիեզերքին մէջ, ի՛նչ կը փնտռենք եւ ի՛նչ կը մնայ մեզմէ, երբ արտաքին աղմուկը կը լռէ։
Նոպէլեան այս ընտրութիւնը կարելի է դիտել իբրեւ վերադարձ մը դէպի գրականութեան խորունկ արմատները, բայց ոչ երբեք՝ փախուստ մը ներկայի խնդիրներէն։ Ընդհակառակն, Քարսըն կը յիշեցնէ, որ անցեալին մէջ թաղուած հարցերը տակաւին կենդանի են մեր մէջ, իսկ մարդկային փորձառութեան որոշ ճշմարտութիւններ չեն ենթարկուիր ժամանակի մաշումին։ Սէրը, կորուստը, խանդը, մենութիւնը, մահը եւ ինքնութեան որոնումը կը շարունակեն իրենց տեղը ունենալ մեր կեանքին մէջ՝ անկախ դարաշրջանէն եւ քաղաքակրթութեան յառաջընթացէն։
ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԻՆ
Էնն Քարսըն ծնած է 1950 թուականի յունիսի 21-ին, Գանատայի Թորոնթօ քաղաքը։ Իր մանկութիւնը անցած է գանատական զանազան փոքրիկ քաղաքներու մէջ, որովհետեւ հայրը, որ դրամատնային ոլորտին մէջ կ՚աշխատէր, իր պաշտօնին բերումով յաճախ կը փոխադրէր ընտանիքը։ Այսպիսի կեանք մը, որու ընթացքին բնակավայրերը կը փոխուին, իսկ ծանօթ միջավայրը կրկին ու կրկին կը վերակառուցուի, թերեւս նպաստած է նաեւ Քարսընի՝ աշխարհին ուրոյն անկիւններէ նայելու եւ հաստատուն սահմաններուն նկատմամբ կասկածամիտ վերաբերմունք մը որդեգրելու կարողութեան։
Սակայն, անոր մտաւոր կեանքին մէջ վճռորոշ շրջադարձը տեղի ունեցաւ աւագ դպրոցի տարիներուն։ Տեղւոյն գրատան մէջ պատահաբար հանդիպելով հին յունարէնի քերականութեան ձեռնարկի մը՝ պատանի Քարսըն գտաւ այն աշխարհը, որ պիտի ուղեկցէր իրեն ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Հին յունարէնի քերականութեան այդ ձեռնարկը դարձաւ դուռ մը՝ դէպի քաղաքակրթութեան մը հոգեւոր ժառանգութիւնը։
Ան ուսանեցաւ Թորոնթոյի համալսարանին մէջ, ուր ստացաւ պսակաւոր արուեստներու աստիճանը՝ 1974-ին, մագիստրոսի աստիճանը՝ 1975-ին, իսկ դասական բանասիրութեան տոքթորականի աստիճանը՝ 1981-ին։ Այս կրթական ուղին զինք առաջնորդեց դէպի հին յունական գրականութեան, լեզուի եւ մտածողութեան խորքերը։
Իբրեւ գիտնական եւ դասախօս՝ Քարսըն աւելի քան երեք տասնամեակ դասաւանդած է Հիւսիսային Ամերիկայի համալսարաններուն մէջ, ներառեալ ՄաքԿիլի, Միչիկընի, Փրինսթընի եւ Նիւ Եորքի համալսարանները։
Քարսըն հին բնագիրներու մէջ յաճախ կը հանդիպի պատռուած կամ կորսուած հատուածներու՝ այն բացերուն, որոնք բանասիրական լեզուով կը կոչուին լակունաներ (զանցառութիւն, դուրս ձգուած հատուած)։ Անոնք կրնան արդիւնք ըլլալ ձեռագիրներու վնասման, ժամանակի ընթացքին կորսուած էջերու կամ բնագրերու փոխանցման խզումներու։ Քարսընի մօտ այս բացերը կը դառնան գրական հնարաւորութիւն. լռութիւնը կը մտնէ ստեղծագործութեան կառուցուածքին մէջ եւ կը ստիպէ ընթերցողին երեւակայութեամբ լրացնել այն, ինչ որ այլեւս գոյութիւն չունի։
Նոպէլեան մրցանակէն առաջ եւս ան արժանացած էր միջազգային կարեւոր պարգեւներու. ստացած պատուանշանները կը վկայեն անոր գրականութեան ազդեցութեան մասին։ Քարսընի ստեղծագործութիւնը կը հասնի ընթերցողներու, որոնք կրնան զանազան մշակութային միջավայրերու պատկանիլ, բայց կը ճանչնան անոր բարձրացուցած հարցերը՝ սիրոյ, կորստեան, լեզուի սահմաններուն եւ մարդկային ինքնութեան մասին։
ԳՐԱԿԱՆ ՈՃՆ ՈՒ ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑՆԵՐԸ
Քարսընի գրականութիւնը դժուար է տեղաւորել որեւէ աւանդական ժանրի մէջ։ Անոր գործերուն մէջ քերթողութիւնը կրնայ միանալ խոհագրութեան, գրական քննադատութիւնը՝ թատրոնի, իսկ գրական էջը՝ պատկերային արուեստի։
Իր գրած գիրքերը երբեմն կը պահանջեն ընթերցողէն աւելի մեծ ուշադրութիւն եւ համբերութիւն։ Քարսըն չի ձգտիր ամէն ինչ բացատրել ու փակել. ան կը նախընտրէ հարցեր բանալ եւ ընթերցողին մասնակցութիւնը դարձնել ստեղծագործութեան մէկ մասը։ Յաճախ կը դիմէ հին յունական առասպելներուն եւ դասական գրականութեան՝ զանոնք դիտելով իբրեւ հայելի, ուր կարելի է տեսնել ժամանակակից մարդուն հոգեբանական ապրումները։
Հին հերոսներուն ճակատագիրները, սիրոյ ու ցանկութեան հակասութիւնները, դաժանութիւնը եւ կորստեան փորձառութիւնը անոր մօտ կը դառնան ներկայ ժամանակի պատմութիւններ։ Դարերու հեռաւորութիւնը կը նուազի եւ ընթերցողը կը հասկնայ, որ մարդուն ներքին աշխարհը շատ աւելի քիչ փոխուած է, քան արտաքին քաղաքակրթութիւնը։
ԿԻՆԸ, ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԾԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ
Քարսընի ժանրային սահմանները խախտելու կարողութիւնը յստակ կը դրսեւորուի «Նորմա Ճին Պէյքըրը՝ Տրովադայէն» թատերական ստեղծագործութեան մէջ։ Այստեղ ան զուգահեռներ կը գծէ Մերիլին Մոնրոյի՝ Նորմա Ճին Պէյքըրի, եւ Տրովադայի պատերազմի առասպելական առանցքը կազմող Հեղինէ Գեղեցիկի միջեւ։
Առաջին հայեացքով՝ Հոլիվուտի նշանաւոր դերասանուհին եւ հին յունական դիցաբանութեան գեղեցկուհին զանազան աշխարհներու կը պատկանին։ Մէկը՝ արդի զանգուածային մշակոյթի խորհրդանիշ, միւսը՝ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող առասպելի կերպար։ Սակայն, Քարսըն կը նշմարէ անոնց միջեւ թաքնուած ընդհանրութիւնը. երկու կիներն ալ կը դառնան գեղեցկութեան մասին ուրիշներու պատկերացումներուն կրողը, իսկ իրենց կերպարը կը գործածուի այնպիսի պատմութիւններու մէջ, որոնց ընթացքը իրենք ամբողջութեամբ չեն վերահսկեր։
Հեղինէի գեղեցկութիւնը կը դառնայ պատերազմի պատճառաբանութեան մաս, իսկ Մոնրոյի հանրային կերպարը յաճախ կը ծածկէ իր անհատականութիւնը եւ ներքին բարդ աշխարհը։ Այս զուգահեռին միջոցաւ Քարսըն կը հարցնէ, թէ ի՛նչ կը պատահի կնոջ հետ, երբ ան կը վերածուի խորհրդանիշի, երբ իր մարմինն ու գեղեցկութիւնը կը դառնան ուրիշներու ցանկութիւններուն, պատմութիւններուն եւ շահերուն առարկան։
Այս ստեղծագործութիւնը կը բացայայտէ նաեւ Քարսընի հետաքրքրութիւնը՝ պատմութեան ընթացքին կանանց վերագրուած դերերուն նկատմամբ։ Ան կը փորձէ տեսնել ո՛չ միայն այն, ինչ որ առասպելներն ու հանրային պատումները կը պատմեն կիներու մասին, այլեւ այն, ինչ որ կը մնայ անոնց մակերեսին տակ՝ լռեցուած ձայնը, անհատական փորձառութիւնը եւ սեփական պատմութիւնը պատմելու իրաւունքը։
Քարսընի մօտ հին Յունաստանի առասպելը, հետեւաբար, թանգարանային նմոյշ չէ։ Անիկա կը դառնայ մերօրեայ մշակոյթը քննելու միջոց մը։
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԾԱԼՔԵՐԸ
Էնն Քարսըն գրական աշխարհի այն դէմքերէն է, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ կրնան բացայայտել մարդկային հոգիին ամենէն նուրբ եւ խոցելի ծալքերը, մինչդեռ անձնական կեանքի մասին կը նախընտրեն լռել։ Անոր հանրային ներկայութիւնը սահմանափակ է, հարցազրոյցները՝ համեմատաբար հազուադէպ, իսկ ընկերային ցանցերու մշակոյթին հետ ունեցած կապը՝ հեռաւոր։ Այս զուսպ կեցուածքը կը հակադրուի մեր ժամանակներու այն սովորութեան, երբ ստեղծագործողէն յաճախ կը սպասուի, որ իր գործերու կողքին նաեւ անընդհատ ներկայացնէ ինքզինք, իր առօրեան եւ իր անձնական ապրումները։
Անոր կեանքին եւ ստեղծագործութեան մէջ կարեւոր տեղ ունի Ռապըրթ Քիւրին, որուն հետ ան ամուսնացած է եւ կը համագործակցի գրական-արուեստագիտական ելոյթներու, թատերականացուած ընթերցումներու եւ այլազան ստեղծագործական նախագիծերու ընթացքին։ Քարսըն Քիւրին բնորոշած է իբրեւ իր «համագործակից-ամուսինը»։
Գրողի անձնական կեանքի ամենացաւոտ դրուագներէն մէկը կապուած է եղբօրը՝ Մայքըլին հետ։ Երկար տարիներ անոնք իրարմէ հեռու ապրած էին եւ երբ 2000 թուականին հնարաւորութիւն ստեղծուեցաւ վերամիանալու, Մայքըլ մահացաւ Քոփենհակի մէջ՝ նախքան իրենց հանդիպումը։ Եղբօր կեանքի պատմութիւնը, անոր հետ կապուած յիշողութիւնները եւ կորստեան հետեւանքով յառաջացած հեռաւորութիւնը Քարսընի համար դարձան ստեղծագործական խորունկ աղբիւր մը։
«NOX». ԳԻՐՔ ՄԸ՝ ԻԲՐԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՏԱՊԱՆԱԳԻՐ
Եղբօր մահուան յիշատակին Քարսըն ստեղծեց իր ամենաանձնական եւ ձեւով ամենաինքնատիպ գործերէն մէկը՝ «Nox» (2010)։ Լատիներէն nox բառը կը նշանակէ «գիշեր», իսկ գիրքին մթնոլորտը կը յիշեցնէ այդ խաւարը, ուր յիշողութիւնները կը փայլատակեն անկանոն, կիսատ եւ երբեմն դժուար ըմբռնելի ձեւերով։
Սակայն, «Nox»ը սովորական գիրք մը չէ։ Անիկա ներկայացուած է իբրեւ տուփի մը մէջ տեղադրուած, երկար ու ձեռնադաշնակի ձեւով ծալուած թուղթ, որուն վրայ կը հանդիպին լուսանկարներ, նամակներու պատառիկներ, ձեռագիր նշոյշներ եւ հռոմէացի բանաստեղծ Կատուլլուսի՝ իր եղբօր մահուան յիշատակին նուիրուած 101-րդ քերթուածին Քարսընի թարգմանութիւնը։
Մեր օրերուն, երբ գրեթէ ամէն ինչ կը ձգտի թուայնանալու, երբ լուսանկարները կը կուտակուին հեռախօսներու մէջ, իսկ նամակները կը վերածուին արագօրէն ջնջուող հաղորդագրութիւններու, «Nox»ի ֆիզիքական ձեւը լրացուցիչ իմաստ կը ստանայ։ Թուղթը կարելի է շօշափել, ծալքերը՝ բանալ, պատռուած եզրերը՝ տեսնել։
Քարսընի համար գիրքին ֆիզիքական ձեւաւորումն ալ առանցքային նշանակութիւն ունի։ Անոր «Float» (2016) գործը բաղկացած է 22 առանձին գրքոյկներէ, որոնք ընթերցողը կրնայ կարդալ տարբեր հերթականութիւններով։ Այս կառոյցը կը կոտրէ այն ակնկալութիւնը, թէ գիրքը պէտք է միշտ ունենայ պարտադիր սկիզբ մը, յաջորդական ընթացք եւ վերջաբան։ Ընթերցողը կը ստանայ ընտրելու ազատութիւն, իսկ ընթերցանութիւնը կը դառնայ անհատական ճամբորդութիւն մը՝ այլ մուտքերով եւ տարբեր կանգառներով։
Իսկ երբ Քարսընին կը հարցնեն, թէ ինք բանաստե՞ղծ է, թէ էսսէիստ, ան կը նախընտրէ ժանրային պիտակներու բանավէճէն հեռու մնալ։ Իր դիրքորոշումը կը խտանայ այն միտքին մէջ, թէ ինք կը գրէ այն, ինչ որ կը գրէ, իսկ ժանրերու սահմանումները կրնան մնալ գրատուներու դասաւորումներուն եւ վաճառողներուն գործը։ Այս պատասխանը լոկ սրամիտ խուսափում մը չէ։ Ան կը բացայայտէ ստեղծագործական ազատութեան մասին Քարսընի պատկերացումը. գրողին պարտականութիւնը նախապէս գոյութիւն ունեցող դարակին մէջ տեղաւորուիլը չէ, այլ այնպիսի գործ մը ստեղծելը, որ կրնայ նոր դարակ մը պահանջել կամ բոլոր դարակներու սահմանները շարժել։
ԱՆՍՈՎՈՐ ԳԻՐՔԵՐ, ԱՆՍՈՎՈՐ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Քարսընի ինքնատիպութիւնը կ՚արտացոլայ նաեւ իր կենսագրութեան եւ ստեղծագործական սովորութիւններու այլ մանրամասնութիւններուն մէջ։ Գանատական քաղաքացիութենէն զատ ան ունի նաեւ իզլանտական քաղաքացիութիւն, որ ստացած է 2022 թուականին։ Իզլանտայի գրական եւ մշակութային միջավայրին հետ ան երկարատեւ կապեր ունի, իսկ այդ երկրի մէջ ապրիլը կարեւոր տեղ կը բռնէ իր կեանքին մէջ։ Իզլանտայի բնաշխարհն ու առանձնայատուկ մթնոլորտը լրացուցիչ երանգ մը կու տան անոր կենսագրութեան։
ԿԻՆԵՐՈՒ ԱՃՈՂ ԴԵՐՆ ՈՒ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ԱՒԱՆԴՈՅԹԸ
Էնն Քարսընի Նոպէլեան մրցանակին արժանանալը նաեւ նշանակալից իրադարձութիւն մըն է կիներու մտաւորական եւ ստեղծագործական ուժի ճանաչման պատմութեան մէջ։ Դարեր շարունակ դասական բանասիրութիւնը եւ ակադեմական փիլիսոփայութիւնը մեծ մասամբ կը գտնուէին տղամարդոց գերակշռութեան տակ։ Քարսըն ո՛չ միայն խորապէս տիրապետեց այդ ոլորտին, այլեւ վերաիմաստաւորեց զայն՝ գիտական ուսումնասիրութիւնը միացնելով բանաստեղծական փորձարարութեան եւ գրական ազատութեան։
Անոր յաջողութիւնը կը ցոլացնէ նաեւ կին գրողներու եւ մտածողներու այն ներդրումը, որ կը փոխէ գրականութեան մասին մեր պատկերացումները։ Քարսընի պարագային կնոջ ձայնը չի սահմանափակուիր անձնական ապրումներու նկարագրութեամբ։ Զայն կը դառնայ վերլուծական, փիլիսոփայական եւ գեղարուեստական հետազօտութեան միջոց մը։ Ան կը քննէ պատմութիւնը, առասպելը, լեզուն եւ մշակոյթը՝ բացայայտելով, թէ ինչպէ՛ս կարելի է վերանայել ժառանգուած ձեւերը եւ նոր իմաստներ տալ անոնց։
Նոպէլեան գրականութեան մրցանակի պատմութեան մէջ կիներու ներկայութիւնը երկար ժամանակ սահմանափակ էր։ Սակայն, վերջին տասնամեակներուն կին հեղինակներու միջազգային ճանաչումը աւելի տեսանելի դարձած է։ Մրցանակը ստացած կին հեղինակներուն ստեղծագործական ուղիները տարաբնոյթ են, սակայն, անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ձեւով ընդարձակած է գրականութեան սահմանները։
Կին գրողի մը միջազգային ճանաչումը, անշուշտ, պէտք չէ դիտել միայն իբրեւ սեռային պատկանելիութեան յաղթանակ։ Կարեւոր է նաեւ տեսնել այն գրական աշխատանքի որակը, մտաւոր համարձակութիւնը եւ գեղարուեստական նորարարութիւնը, որոնք այդ ճանաչումը հնարաւոր կը դարձնեն։
Քարսընի պարագային այս բոլոր հանգամանքները կը միանան՝ ընթերցողին առջեւ դնելով հեղինակ մը, որուն գործերը կը պահանջեն ուշադրութիւն, բայց նաեւ կը վարձատրեն զայն նոր մտածողութեամբ եւ անսպասելի բացայայտումներով։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան