ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԶԱՆԳԵՐՈՒՆ ՀԵՏ՝ ԴԷՊԻ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԿՐԹԱԾ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ԱՇԽԱՐՀԸ

Վերամուտի օրեր են, կրկին պիտի բացուին հայ դպրոցի դռները։ Ուսումնական նոր տարեշրջանի այս սեմին, երբ մեր վարժարաններու զանգերը դարձեալ կը ղօղանջեն, անխուսափելիօրէն կը վերապրինք այն հոգեւոր հարստութիւնը, զոր մեզի կտակած են մեր մեծերը։
Հայ դպրոցի ու մանուկներու աշխարհին հետ առընչուող խումբ մը տպաւորիչ պատկերներ կը տանին մեզ դէպի 1914 թուականի աշունը, երբ Կոմիտաս վարդապետը, հակառակ իր վրայ ծանրացած յոգնութեան, մեծ սիրով ընդառաջեց Պոլսոյ Փերա-Բանկալթիի Նիկողոսեան երկսեռ գիշերօթիկ եւ ցերեկօթիկ ազգային վարժարանի հրաւէրին՝ երաժշտութիւն դասաւանդելու։
Մանուկը անոր համար ամբողջական աշխարհ մըն էր՝ իր պարզութեամբ, շարժումով, երեւակայութեամբ եւ հոգեկան պահանջներով։ Անոր ներկայութեամբ մանուկները կը փոխուէին, բայց Կոմիտաս ալ կարծես կը վերանորոգուէր անոնց աշխարհին մէջ։
Ժամանակակիցներու վկայութիւններու մէջ կը կարդանք, որ Կոմիտաս երբ տուն մը կամ դպրոց մը մտնէր, անոր ուշադրութիւնը անմիջապէս կը գրաւէին երեխաները։ Անոնց կը սիրաշահէր աշխոյժ բացագանչութիւններով, կատակներով, քաղցր խօսքերով։ Մանուկներն ալ անոր ներկայութիւնը կը դիմաւորէին առանձնայատուկ ուրախութեամբ։
Այս փոխադարձ սէրը յատկապէս տեսանելի դարձաւ 1914-ի աշնան։
ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Ուսումնական տարեշրջանի սկիզբին Կոմիտաս հրաւիրուեցաւ Փերա-Բանկալթիի Նիկողոսեան վարժարան՝ իբրեւ երաժշտութեան ուսուցիչ։ Հակառակ իր զբաղումներու բազմազանութեան՝ ան սիրով ընդունեց հրաւէրը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց դասաւանդելու ո՛չ միայն վարժարանին մէջ, այլ նաեւ շաբաթը առնուազն երկու ժամ տրամադրելու 6-8 տարեկան մանուկներուն՝ երգ ու պար սորվեցնելու։
Այդ օրերուն մանկապարտէզի խորհրդատուն էր Արաքսի Մեսրոպեան, որ Լոնտոնի Քիլպըրն Ֆրոպէլեան հաստատութենէն վկայական ստացած էր։ Ան կը յիշէր, թէ Կոմիտասի ներկայութեան օրերը մանուկներուն համար առանձնայատուկ էին։
Կոմիտաս միշտ դասէն առաջ կու գար։ Մանուկները կը հաւաքէր ազատ խաղի ժամուն, անոնց հետ կ՚երգէր, կը պարէր ու կը խաղար։ Բայց երբ դասարան մտնէին, նոյն չարաճճի մանուկները կարծես կերպարանափոխուած ըլլային։ Բաւական էր անոր մէկ խօսքը. «Ուշադրութիւն, մանուկներ»։ Եւ անոնք անմիջապէս կը լռէին ու կը հետեւէին ուսուցչին։
Արաքսի Մեսրոպեան կը նկատէր, թէ Կոմիտասի ուրախ տրամադրութիւնը միաժամանակ կը բացայայտէր մանուկներուն մտաւոր եւ հոգեւոր կարողութիւնները։ Ան ունէր բնական եւ մեթոտական այնպիսի ընդունակութիւն մը, որ կրնար մանուկին հետաքրքրութիւնը արթնցնել՝ առանց ճնշելու անոր մանկութիւնը։
Արաքսի Մեսրոպեանի քրոջ՝ Կոմիտասի աշակերտ, դաշնակահարուհի Աղաւնի Մեսրոպեանի յուշերուն համաձայն՝ Կոմիտաս կազմակերպած էր նաեւ 6-8 տարեկան մանուկներու երկձայն խումբ մը։ Խումբին առաջին երգը եղած էր «Իմ չինարի եարը»։ Յետագայ ծնողական հաւաքներուն եւ դպրոցական հանդէսներուն համար Կոմիտաս եւ իր նշանաւոր աշակերտներէն ոմանք յատուկ մանկական երգեր պատրաստած էին։
Աղաւնիի յուշերուն մէջ նաեւ տեղեկութիւններ կան, թէ այս երգերը շուտով տարածուած էին Պոլսոյ կեդրոնի եւ շրջակայքի դպրոցներուն մէջ, ծնողական հաւաքներն ու դպրոցական հանդէսները բազմապատկուած էին, իսկ Կոմիտասի երգերն ու ազգային պարերու կշռոյթները դարձած էին դպրոցական ծրագրերու առանցքը։
Կոմիտասը մանուկներու հետ ունէր բացառիկ կապ մը։ Այդ կապին աւելի խոր նախապատմութիւնը հասկնալու համար հարկ է պահ մը ժամանակը ետ տանիլ։
ԴԷՊԻ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԸ
1914 թուականին, Նիկողոսեան վարժարանի փոքրիկներուն առջեւ կանգնելէ առաջ Կոմիտաս արդէն վերադարձած էր իր մանկութեան աշխարհը։
1910-ականներու սկիզբի ծանր աշխատանքը զինք սպառած էր։ Ան հոգեկան վերանորոգման կարիք ունէր։ Քաղաքային կեանքի աղմուկէն, ծանրաբեռնուածութենէն եւ մարդոց մակերեսային յարաբերութիւններէն հեռանալու համար կը փափաքէր բնութեան գիրկը երթալ։ Բայց կար նաեւ աւելի խոր կարօտ մը՝ կրկին տեսնել իր ծննդավայրը։
1912 թուականի այցելութիւնը Կոմիտասի երրորդ վերադարձն էր Կուտինա (Քէօթահիա)՝ 1892 եւ 1910 թուականներու այցելութիւններէն ետք։ Կարօտը չէր նուազած։ Այս անգամ իրեն ընկերացաւ նկարիչ Փանոս Թերլեմեզեան, որ նաեւ կ՚ուզէր տեսնել իր բարեկամին մանկութեան աշխարհը։
Թերլեմեզեանի յուշերուն համաձայն՝ 1912 թուականի ամրան անոնք շրջեցան Կուտինա քաղաքն ու շրջակայքը, ապա մեկնեցան քաղաքէն հեռու հանքային աղբիւրներ, որոնք հռոմէական ժամանակներէն ի վեր բուժիչ յատկութիւններով յայտնի էին։ Հայեր եւ թուրքեր վրաններ հաստատած էին աղբիւրներուն շուրջ։ Երկու բարեկամներն ալ իրենց վրանը զետեղեցին բլուրի մը եզերքը՝ անտառի մէջ, ուր շուրջ մէկուկէս ամիս ապրեցան գրեթէ առանձնացած։
Հոն Թերլեմեզեան նկարեց Կոմիտասը։
Երաժիշտի հայրենակիցներէն Ուշագլեան կը յիշէ, որ Կոմիտաս այդ այցելութեան քաղաք չմտաւ։ Ան Փանոս Թերլեմեզեանի եւ Էջմիածնէն իր հետ բերած ուսուցիչ Լեւոն Երամեանի հետ ամիս մը մնաց մօտակայ անտառներուն մէջ՝ վրանին տակ։ Ամէն առաւօտ մարդիկ կը հաւաքուէին եւ կը դիտէին Թերլեմեզեանը, երբ ան կը նկարէր Կոմիտասը։ Թերլեմեզեանի նկարին մէջ Կոմիտաս Կուտինայի գորգի մը վրայ նստած է, ծառի մը յենած, խորասուզուած կը կարդայ, իսկ ծառերուն ետեւէն կը նշմարուի ճերմակ բրգաձեւ վրանը։ Այդ անտառին մէջ ստեղծուած դիմանկարը յետագային պիտի դառնար Կոմիտասի ամենէն յիշարժան պատկերներէն մէկը, որ այսօր կը պահուի Երեւան։
Կուտինահայ գրող Համբարձում Զորթեանի՝ Առնակի յուշերուն մէջ նոյն շրջանը կը ներկայացուի 1913 թուականին՝ Կուտինայէն վեց ժամ հեռու գտնուող Ըլըճայի տաք աղբիւրներուն մօտ։ Կանաչ, բուրումնաւէտ լեռներու մէջ, ուրցի ու ծոթրինի բոյրերուն տակ, աղբիւրին շուրջ վրաններ եւ մշտական տնակներ կային։ Կոմիտաս իր վրանը աւելի վեր՝ մայրիի մը տակ հաստատած էր։
Առնակ կը կարծէր, որ այդ եղած էր Կոմիտասի բնութեան գիրկին մէջ ապրած վերջին շրջանը։
Տարբեր յուշերուն մէջ թուականներն ու որոշ մանրամասնութիւնները նոյնը չեն, սակայն, մէկ բան հաստատ է․ Կոմիտաս այդ վերադարձէն ետք այլեւս պիտի չտեսնէր ծննդավայր Կուտինան։
Շուտով պատմութիւնը պիտի փոխէր ամէն ինչ։ Կուտինայի հայկական բնակչութիւնը տարագրութեան ամբողջ փոթորկին մէջ պիտի ցրուէր։
Կուտինայի հայերուն հետ տարագրութեան մեկնեցաւ նաեւ հայ երգը։
Կոմիտասի վերադարձը իր ծննդավայր, միայն անձնական կարօտի պատմութիւն մը չէր։ Կոմիտաս, գուցէ առանց գիտնալու, վերջին անգամ կը հանդիպէր իր մանկութեան հողին։
Եւ երբ 1914 թուականին ան Նիկողոսեան վարժարանի մանուկներուն առջեւ կանգնեցաւ, ան իր հետ բերած էր այդ ամբողջ անցեալը։
«ՊԱՐՆ ՈՒ ՄԱՆՈՒԿԸ»
Կոմիտաս մանուկին հետ աշխատանքին մէջ մանկավարժական յստակ համոզումներ ունէր։
1912 եւ 1913 թուականներուն Փերայի Էսաեան վարժարանին մէջ Էսաեան Սանուց Միութեան կազմակերպած ամառնային դասընթացքներուն կը մասնակցէին նաեւ գաւառներէն Պոլիս եկած հայ ուսուցիչներ։ Կոմիտաս հրաւիրուեցաւ դասախօսելու եւ ընտրեց «Պարն ու մանուկը» նիւթը։
Համբարձում Զորթեան՝ Առնակ, դասախօսութիւնը սղագրեց եւ տարիներ ետք ներկայացուց հրատարակութեան։ Այն լոյս տեսաւ «Ամէնուն տարեցոյցը» տարեգիրքին մէջ։
Կոմիտաս խօսեցաւ ո՛չ միայն երգի ու պարի ուսուցման գործնական եղանակներուն, այլեւ մանուկին հոգեբանութեան մասին։
Ան կը քննադատէր այն սովորութիւնը, որով փոքրիկներուն կը սորվեցնէին բարոյախօսական, խրատական կամ փիլիսոփայական երգեր, որոնց իմաստը անոնք չէին կրնար հասկնալ։
«Մենք մանուկներու հոգեկան պահանջներուն յարմարած դասագիրքեր չունինք», կ՚ըսէր ան։
Եւ իր մանկավարժական մտածողութեան ամենէն խորունկ միտքերէն մէկը կու տար.
«Եթէ մանուկը չի հասկնար ձեր դասաւանդութիւնը, յանցանքը ձերն է, որովհետեւ չէք կրցած հասկնալ անոր հոգին. պէտք է վար իջնել մինչեւ անոր հոգեկան աստիճանը, եւ զայն առնելով ձեզի հետ բարձրացնել»։
Իսկ ուսուցիչներուն կը զգուշացնէր.
«Զգուշութեամբ եւ երկիւղածութեամբ մօտեցէք դաստիարակութեան գործին. խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը. դաստիարակելու կոչուած էք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է. սխալ ուղղութեամբ՝ ազգ մը կը խորտակէ վերջը»։
Այս խօսքերը կը բացատրեն, թէ ինչո՛ւ Կոմիտաս մանուկներու երգը երբեք երկրորդական հարց չէր համարեր։
ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՄԵԾ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ
Կոմիտասի մանկական երգերու աշխատանքին մէջ կար նաեւ Տիգրան Չիթունիի կարեւոր աջակցութիւնը։
Չիթունին Վասպուրականի եւ շրջակայ գաւառներու անխոնջ բանահաւաքն էր։ Ան գիտէր այդ աշխարհին սովորութիւնները, բառերը, բարբառը, պարերը եւ երգերը։ Սակայն, իր հաւաքած նիւթերէն շատերուն բառերը միայն գրի առած էր եւ եղանակները պահած էր յիշողութեան մէջ։ «Խազերու լեզուն» չգիտնալով՝ իրեն անհրաժեշտ էր երաժշտական գրառող՝ ձայնագրագէտ մը։
1909 թուականի աշնան, Իզմիրլեանի օծման օրերուն, Չիթունի Էջմիածին անցաւ եւ գլխաւոր նպատակներէն մէկը եղաւ Կոմիտասը տեսնել։ Իր ձեռքին եղած երգերը երկու գիշեր շարունակ, ընթրիքէն մինչեւ կէսգիշերէն անդին, Կոմիտասի հետ աշխատելով, Վասպուրականի շուրջ յիսուն նոր եղանակներ արձանագրուեցան։
Յետագային Կոմիտաս մշակեց անոնցմէ շատերը։
1914 թուականի նոյեմբերին, անոնք կրկին միասին աշխատեցան։ Դուրսը թնդանօթներ կ՚որոտային, իսկ անոնք գիշերները մինչեւ կէսգիշեր կը շարունակէին աշխատանքը։ Չիթունին կ՚երգէր, Կոմիտաս՝ դաշնամուրին առջեւ, կը նօթագրէր։ Մէկ ամսուան ընթացքին արձանագրուեցաւ Վասպուրականի եւս շուրջ յիսուն երգ։
Յետագայ ցանկին մէջ կային եւս 29 երգեր, որոնք գաւառներու ամբողջ աշխարհն են՝ իր լեզուով, խաղերով, աշխատանքով, սիրով, հաւատքով եւ յիշողութեամբ։
«ԲՈՊԻԿ ՄԻ ՔԵԼԷ, ԼԱԼՈՒԽԱՆ» ԵՒ ՇԱՏԱԽԻ «ԱՅԾԸ»
Այն ատէն տակաւին սկսնակ գրող Սօս-Վանիի յուշերէն մեզի հասած պատմութիւնը այս աշխատանքին կենդանի պատկերներէն մէկն է։
1912 թուականին, ան Բանկալթիի մէջ այցելեց Կոմիտասին, որ կը բնակէր Փանոս Թերլեմեզեանի հետ։ Իր հետ տարած էր հայկական պարերգերու նոր հրատարակութիւն մը։ Կոմիտաս թերթատեց գիրքը, քանի մը երգ ճանչցաւ, երգեց ու ժպտեցաւ։ Բայց երբ հասաւ «Բոպիկ մի քելէ, Լալուխան» երգին, կանգ առաւ։
«Տո՛, վանեցի՛, երգէ՛ այս պարերգը»։
Սօս-Վանի երգեց։ Կոմիտաս ուզեց եղանակը նօթագրել, բայց մէկ դարձուածք չէր բռնուեր թուղթին վրայ, չէր հպատակեր Կոմիտասի գրառութեան։
Կոմիտաս ըսաւ, թէ երգին մէջ «Շատախի լեռներուն վրայ այծ մը կ՚արածէր»։ Պէտք էր դանդաղ երգել, որպէսզի ինք այդ «այծը» եղջիւրէն բռնէր։
Մէկ ժամ փորձեցին։ Վերջապէս Կոմիտաս բռնեց դարձուածքը ո՛չ թէ թուղթին, այլ սրինգին վրայ։ Երգիչի կոկորդէն դուրս եկող այն դժուարահաս երաժշտական շրջանը կարծես անցաւ Կոմիտասի սրինգին։
Սօս-Վանի տարիներ ետք պիտի հարցնէր՝ ի՞նչ եղաւ Շատախի լեռներէն Պոլիս տարած իր այդ «խեւ վայրի այծը», երբ Կոմիտասը եւ սրինգը այլեւս չկային։
ԱԿՆԻ ԵՐԳԵՐԸ
Կոմիտասի փնտռտուքը Վասպուրականով չէր սահմանափակուած։
1890-ականներու սկիզբը Էջմիածնի մէջ ան հանդիպեցաւ Յովսէփ Ճանիկեանին՝ «Հնութիւնք Ակնայ» աշխատութեան հեղինակին։ Ճանիկեան Ակնի երգերը, անտունիները եւ ժողովրդական աւանդութիւնները խորապէս գիտէր։ Կոմիտաս անկէ լսեց ու նօթագրեց բազմաթիւ երգեր եւ 1895 թուականին հրատարակեց «Շար Ակնայ ժողովրդական երգերի» աշխատութիւնը։
Պոլսոյ մէջ ալ ան շարունակեց փնտռել Ակնի կենդանի երգը։ Այս անգամ հանգամանքները զինք հանդիպեցուցին Վահան Գույումճեանին՝ Սանասարեան վարժարանի նախկին շրջանաւարտին, որ Ակնի երգերու կենդանի շտեմարան մըն էր։
Վարուժանի մասնակցութեամբ կարելի եղաւ անկէ դուրս բերել երգի մը հատուածը, որ «Նաւասարդ»ի մէջ հրատարակուեցաւ «Անտունի» խորագրով։ Կոմիտաս մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց եւ կը փափաքէր կրկին լսել ու նօթագրել անոր յիշողութեան մէջ պահուած Ակնի երգերը։ Բայց, այդ հանդիպումները այլեւս չկրկնուեցան։
Գույումճեան տարագրուեցաւ, զինադադարէն ետք վերադարձաւ, իսկ իր յիշողութեան մէջ պահած երգերը յաճախ կը հնչէին հաւաքոյթներու ընթացքին։ Յետագային անոր հետքը կորսուեցաւ։
Եւ այդ հետքին հետ կարծես կորսուեցան նաեւ Ակնի բազմաթիւ գիւղերու, Վանքի, Ձորակի, Կինճի եւ շրջակայ բնակավայրերու երգերը, որոնք ան իր յիշողութեան մէջ կը կրէր։
ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՍԻՐՈՅ ԽՈՐՔԻՆ
Կոմիտասեան հաւաքագրչական, ճամբորդական պատմութիւններու մէջ, միշտ կը վերադառնայ մէկ պատկեր՝ Կոմիտասը եւ մանուկը։
Թերեւս անոր բացառիկ քնքշութեան մէկ արմատը իր սեփական մանկութիւնն էր։
Կոմիտաս դժբախտ մանկութիւն ունեցած էր եւ հազուադէպ կը խօսէր այդ մասին։ Սակայն անոնք, որոնք ճանչցած էին իր անցեալը, կը պատմէին Կուտինայի փողոցներուն մէջ թափառող որբ Սողոմոնի մասին։
1913 թուականի գարնան, Ատաբազարի Կեդրոնական վարժարան այցելութեան ընթացքին, Հրանդ Հրահանի վկայութեամբ, որ աշակերտ էր հոն, Կոմիտաս աշակերտներուն հետ խօսելու պահուն յանկարծ վերադարձաւ իր մանկութեան։
«Բալիկնե՛ր, գիտէ՞ք, որ ես հօրմէ ու մօրմէ որբ եղած եմ եւ ատոր համար ալ Էջմիածին ղրկուած եմ սովորելու…»
Ապա, արցունքները կուլ տալով, պատմեց հօրմէն առաջին անգամ լսած երգի խօսքերը.
«Շագանակ թաղեցի օճախը,
Ցատկեց գնաց պուճախը»։
Հրանդ Հրահանի մէկ այլ յիշողութեան մէջ այդ տողերը նաեւ թրքերէն ձեւով կը փոխանցուին։
Կոմիտաս պատմած է իր որբ ու թշուառ մանկութեան մասին՝ Կուտինայի փողոցներուն մէջ թափառիլ, անօթի ու մերկ մնալ, հանրային բաղնիքներու մէջ քնանալ, առանց պաշտպանութեան մեծնալ։
Այդ փոքրիկ Սողոմոնը պիտի դառնար այն մարդը, որ տարիներ ետք մանկապարտէզի երեխաներուն հետ կը խաղար, կը պարէր ու կ՚երգէր։
Գուցէ ան գիտէր, թէ քաղցր խօսք մը ինչ նշանակութիւն ունի որբ մանուկի մը համար։
ՄԱՆՈՒԿԻՆ ՀԱՄԱՐ՝ ՇՈՒՐՋ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ԵՐԳ
1914 թուականի դեկտեմբերին, Կոմիտաս եւ Չիթունի իրենց աշխատանքը ուղղեցին յատկապէս մանկապարտէզի համար երգեր պատրաստելու։
Մօտաւորապէս քառասուն երգ մշակուեցաւ ժողովրդական նիւթերէ։ Բառերն ու եղանակները միասին կը մշակէին՝ հարկ եղած տեղը կրճատելով կամ ընդարձակելով։ Նպատակն էր զանոնք հրատարակել գոյնզգոյն, պատկերազարդ տետրակներով, նօթագրուած եղանակներով, որպէս մանկապարտէզի ուսուցիչներուն համար դասագիրք։
1922 թուականին, Փարիզի մէջ, երբ Չիթունի այդ եղանակները կրկին երգեց Կոմիտասի աշակերտ Միհրան Թումաճեանին, վերջինս զանոնք նօթագրեց։ Այդպէս աշխատանքին մնացորդները եւս կարելի եղաւ փրկել։
ՄԱՆՈՒԿԸ՝ ԱՊԱԳԱՅԻ ՊԱՀԱՊԱՆԸ
Այս ամբողջ ճանապարհը վերջապէս կը վերադառնայ այնտեղ, ուրկէ սկսանք՝ դպրոց։
1914 թուականին, Նիկողոսեան վարժարանի փոքրիկ դասարանին մէջ Կոմիտաս իր դիմաց կը տեսնէր այն սերունդը, որ դեռ չէր կորսուած։
Իր մանկութեան Կուտինան ետեւն էր։
Վասպուրականի երգերը՝ իր յիշողութեան մէջ։
Ակնի անտունիները՝ կորսուելու վտանգին տակ։
Գաւառներու ձայները՝ օր օրի նօսրացող։
Իսկ իր դիմաց՝ մանուկներ։
Այդ պատճառով Կոմիտասի մանկական երգերու աշխատանքը կարելի չէ անջատել իր ամբողջ առաքելութենէն։ Ան անցեալը կը հաւաքէր, բայց, զայն միայն անցեալին համար չէր փրկեր։ Ան կը մտածէր, թէ այդ երգերը ո՞վ պիտի շարունակէ։
Առաջին յոյսը, անշուշտ, մանուկն է։
Այդ մանուկին պէտք էր տալ իր հոգիին հասանելի երգը, իր խաղը, իր շարժումը, իր լեզուն։ Պէտք էր ո՛չ թէ փիլիսոփայութիւն պարտադրել անոր, այլ նախ հասկնալ անոր հոգին։
Կոմիտաս այդ սկզբունքը կը ձեւակերպէր մէկ նախադասութեամբ.
«Պէտք է վար իջնել մինչեւ անոր հոգեկան աստիճանը, եւ զայն առնելով ձեզի հետ բարձրացնել»։
Այսօր, երբ հայ դպրոցի դռները կրկին կը բացուին, այս պատգամը թերեւս երբեք այնքան արդիական չէ եղած։
Կոմիտասի թողած ժառանգութիւնը միայն երգերու ժողովածու մը չէ։ Ան նաեւ մանկավարժական համոզում մըն է, որ ազգի ապագան կը սկսի այն պահուն, երբ մեծահասակը կը սորվի հասկնալ մանուկի հոգին։
Այստեղ է Կոմիտասի ամբողջ ճանապարհին գաղտնի կապը։
1912 թուոականին, ան վերադարձաւ իր ծննդավայր՝ իր մանկութեան հողին։
1914 թուականին, մտաւ մանուկներու դասարան։
Այդ տարիներուն գաւառներու երգերը հաւաքեց ու փրկեց։
Եւ իր կեանքի մեծ ողբերգութենէն առաջ փորձեց հայ երգի ապագան տեղադրել մանուկներու ձայնին մէջ։
Կուտինան այլեւս չտեսաւ իր մեծ զաւակը։ Բազմաթիւ գաւառներ այլեւս չվերադարձան։ Շատ երգեր իրենց երգիչներուն հետ լռեցին։
Բայց Կոմիտասի մանկական երգերը մնացին։
Այսօր, երբ վերամուտի զանգը կը հնչէ, հայ դպրոցի մը դասարանին մէջ մանուկ մը երգելով սկսի օրը, այդ ձայնին մէջ կարելի է լսել Կոմիտասի ամենամեծ երազը՝ որ հայ երգը չմնայ անցեալի յիշատակ, այլ ապրի նոր սերունդի շրթներուն վրայ եւ երգով մաքրուին, մեղմանան, ազնուանան հոգիները։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան