ՅԻՇԵԼՈՎ ԼԵՒՈՆ ՎԱՐԴԱՆԸ
14 հոկտեմբերը կը յուշէ ծննդեան տարեդարձը լիբանանահայ գրող ու գրականագէտ, անուանի պատմաբան եւ սերունդներու բազմավաստակ ուսուցիչ, բանաստեղծ, խմբագիր եւ ներհուն գրաքննադատ, բազմաթիւ մեծարժէք երկերու հեղինակ Լեւոն Վարդանի (Լեւոն Պետիրեան՝ աւազանի անունով, Հալէպ, 14 հոկտեմբեր 1925 - Պէյրութ, 9 դեկտեմբեր 1997):
72 տարեկանին, վաղահասօրէն, Լեւոն Վարդան մեկնեցաւ մեր աշխարհէն՝ շատ յաճախ իր սիրտին դէմ անարդարօրէն նետուած քսութիւններու եւ մախանքով արձակուած սուսերագոռ նետերը վիրաւորանքներու: Հեռացաւ՝ մահը հեգնող սառն ժպիտով մը՝ իր պատմագրական ե՛ւ գրական ահռելիօրէն անկշռելի վաստակը շատ ուշացումով յարգելու ելած ու ձեռնարկներ կազմակերպելու պատրաստուած միութիւններուն երախտիքի խօսքերը լսելու իսկ անկարող վիճակի մէջ, երբ ան ա՛լ գամուած էր մահուան անկողնին…:
Աներեր կամքով մը մերժելով իր շուրջը պտըտուող ջոլիրը միջակութիւններու՝ որոնցմով շրջապատուեցաւ իր ասպարէզին բերումով, Լեւոն Վարդանի անբասիր հոգիի այս կերտուածքը՝ բանաստեղծական շունչով ու արարիչ մուսաներու յարդարանքով բռնկուն, պիտի համակէ արդ ձեր սիրտերը տրտմութեամբ ու վիշտով, թերեւս որոշ դառնութեամբ, եթէ կարդաք ու տեսնէք, թէ այս ըսուածներուն փաստը բանաստեղծը տուած էր արդէն ո՛չ թէ իր կեանքի վերջին տարիներուն, այլ՝ երիտասա՛րդ իսկ տարիքին, 1962-էն եկող հնչեակի մը մէջ.-
Ինչ որ էի՝ էի ե՛ս, ու մարդերը զիս ճանչցան -
Ինչ որ տեսան ինձմէ ներս եղաւ միայն ժպիտով
Եւ արցունքով սքօղուած, մինչդեռ եթէ անվարան
Եւ շեշտ աչքով նայէին ինծի, կեանքիս ու սիրտիս՝
Գուցէ անոնք գտնէին ճշմարիտն որ էի ես -
Հիմա որքա՜ն կ՚որոնեմ մէկն որ գիտնա՛յ տեսնել զիս:
Լեւոն Վարդանի սերնդակից գրողներէն շատերը (Արմէն Դարեան, Գառնիկ Ադդարեան, Սարգիս Վահագն)՝ որոնք ատենին լայնագոգ կը վայելէին Սովետական Հայաստանի «բարիքներ»ը Հայաստան-սփիւռք «մշակութային կոմիտէութեան կամուրջ»ին վրայ, փութկոտ փռելով իրենց կուսակցականի կարմիր քղամիդները, այլեւ Խորհրդային Հայաստանի գովերգը հիւսողի իրենց երգերը, միւս կողմէ անկուսակցական, այլեւ Խորհրդային Հայաստանի յառաջընթացով խանդավառ ու անոր նուաճումներով ուրախ Լեւոն Վարդանին կը զլացուէին այդ «բարիքներ»ը: Եւ սա աչառութեամբ ու խոշոր տգիտութեամբ պատասխանատու է մանաւանդ Հայկական Սովետական Համայնագիտարանի ողջ խմբագրութիւնը, որ անտեսեց անունը (այլ անուններու շարքին) Լեւոն Վարդանի՝ գէթ անոր յատկացնելու կենսագրական փոքր բաժին մը:
Հայ գրականութեան պատմութեան մէջ ցաւալի էջ մըն ալ այս է արդարեւ, որուն աւելի երկար անդրադառնալ տեղին չէ սա պահուն, երբ բազմարդիւն ու երախտաշատ մեծ պատմաբանին ու գրողին 101-ամեակին թուղթին կը յանձնուին սա ափյափոյ խորհրդածութիւնները՝ մշակոյթի ամսուան մէջ եւ Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնակատարութիւններու օրերուն…: Կ՚ըսենք ցաւալի, քանզի Լեւոն Վարդանի անտիպ ու մեծարժէք երկերուն թիւը քառապատիկ աւելի է՝ հատորի մտած անոր երկերու թիւէն: Ապացոյց մը, որ կը կործանէ տեղի-անտեղի հայապահպանումէ բղաւող «բարերարներու փառքը»:
Լեւոն Վարդանի երախայրիքը «Գիրք Մենուասի»ն, արձակ գործ մըն է, որ լոյս է տեսած 1959-ին: Հալէպի Ուսումնասիրաց Մարդասիրական երկրորդական վարժարանին մէջ իր ուսանողական տարիներուն արդէն երեւան եկեր էին անոր նախափորձերը: 1946-1950 թուականներուն՝ Ալեփփօ քոլէճ, 1951-1952 եւ 1959-1962 թուականներուն՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան, ուրկէ ան կը ստանար Պսակաւոր Արուեստից վկայականն ու այնուհետեւ Մագիստրոսի աստիճանը (M. A.) պատմագիտութեան մէջ:
ՀԲԸՄ-ի երկրորդական վարժարաններէ ներս աւելի քան չորս տասնամեակ ընդհանուր պատմութեան ուսուցչական ասպարէզի կարկահին հակուած, նոյն ատեն հայերէն եւ ընդհանուր պատմութեան առարկաներու երկարամեայ դասախօս Հայկազեան համալսարանէ ներս, երբեմնի ԹՄՄ-ի «Շիրակ» գրական ամսագիրի խմբագրական կազմի կարկառուն անդամներէն մին, Լեւոն Վարդան անսպառ մելան է հոսեցուցած՝ հանդէս գալով գրական ու գրաքննադատական բեղուն էջերով հայ մամուլին մէջ:
Իրեն կը պարտինք շքեղ էջերը «Նոր Այնթապ» պարբերաթերթի, որուն պատասխանատու խմբագիրի պաշտօնը անձնուիրաբար ան վարած է 1985-էն մինչեւ իր եղերականօրէն մահը:
«Գիրք Մենուասի» երախայրիքէն ետք կը թուեմ լոյսի բարիքին եկած Վարդանի երկերը, ժամանակագրական կարգով.- «Փիւնիկեան ափերուն վրայ» (արձակ, 1960), «Ինքներգութիւն» (չափածոյ, 1967), «Ֆրանսահայ արձակը» (գրականագիտական, 1960), «Հայկական տասնհինգը եւ հայերու լքեալ գոյքերը» (պատմագիտական, 1970), «Ժամանակագրութիւն հայկական տասնհինգի՝ 1915-1923» (պատմագիտական, 1975), «Թող թուրքը խօսի» (պատմագիտական, 1975), «Ի խորոց սրտի» (չափածոյ քերթուածներ, 1982), «Էջմիածնասէր տիկնանց համախմբում՝ 1959-1984» (պատմագիտական, 1984), «Մուշեղ Իշխան արձակագիրը» (գրականագիտական, 1986), «Կրկին հեծութիւն» (չափածոյ բանաստեղծութիւններ, 1996), «Հայկական տասնհինգը թուրք մատենագիտութեան եւ մամուլին մէջ եւ մենք» (պատմագիտական, 1997), «Հին, հի՜ն բաներ» (արձակ, 1997), «Արեւմտահայութիւնը տնտեսական յարաբերութիւններու ճամբուն վրայ» (պատմագիտական, 1998, յետմահու), «Մարդեր՝ ճամբու մայթերէն» (արձակ, 1998, յետմահու), «Վարուժնագիր» (չափածոյ քերթուածներ, 2001, յետմահու), «Հարկերը Օսմանեան եւ Պարսկական կայսրութիւններու մէջ» (Ա - Ի տառերը, պատմագիտական, 2004) եւ այլ երկեր:
Լեւոն Վարդան պատմաբանի գրական տաղանդը՝ դրսեւորուած ստեղծագործական անսպառ ճիգերու արդիւնքով, բեղուն բերքերով, չէ ուզած իջնել կրկէսը կուսակցականութեան: Նախընտրած է հեռու մնալ կուսակցական կռուամոլութենէ: Եւ հետեւաբար, չէ ուզած հպատակիլ կամ մտնել շուրջառին մէջ կուսակցութեան մը, «օգտուելու» անոր ծափահարելու կոչերէն: Ինքնամփոփ եւ ի՛ր ուժերուն հաւատացող մ՚ան, ի՜նչ փոյթ, որ իր տաղանդը տուժած է վեհանձն, վեհոգի ե՛ւ պարկեշտութեան օրինակ իր նկարագիրէն, բայց ան շահած է ի՛ր անձը՝ բարձր արժանիքներով օժտեալ իր հեղինակութիւնը, որ չէ զիջած իջնել իր սերունդի կարգ մը տղոց միջակութեան քղանցքները…: Նորահաս գրական տաղանդներ խրախուսելու եւ զանոնք արժեւորելու, անոնց գրականութեան դաշտ բանալու իր դրդումները, մղումները բնաւ հաճելի չեն եղած շատ շատերու:
Երկրորդականի մէջ ե՛ւ համալսարանէ ներս իրեն աշակերտած իմ տարիներուն, ան կարդալով կը գնահատէր գրական անդրանիկ ճիգերս մամուլին մէջ, յատկապէս «Շիրակ» գրական ամսագրին մէջ, սրտամօտ աւագ գրչեղբօր մը պէս. բան մը, որ երբեք պիտի չմոռնամ: Ամէն անգամ երբ տեսնէր զիս՝ հիւմըրով ու արաբերէնով կը դիմէր ինծի. «Հէ՛յթ լէն շուֆ, շու ֆի ժտիտ - մեզի տո՛ւր նայինք, ի՞նչ ունիս գրական նորութիւններ»:
Երբ կը գրեմ այս տողերը, չեմ կրնար մոռնալ իր կեանքին նեցուկը եղած, կեանքի ու գրական պայքարի իր ընկերը՝ գրագիտուհի եւ նոյնպէս վաստակաշատ հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Վեհանոյշ (ինզինք կոչած էր Վեհան) Միլիտոնեան-Պետիրեանը, որ Լիբանանի ափերէն հեռու՝ հրաժեշտ տուաւ այս կեանքին Միացեալ Նահանգներու մէջ, 2020-ի մայիսին, ուր գացած էր վերջնականապէս բնակութիւն հաստատելու իր մէկ հատիկ զաւկին՝ Վարուժանին քով: Տիկին Վեհանէն անձամբ լսած եմ Լեւոն Վարդանի անլոյս գիշերներ տքնած ու լոյսի բարիքին բերած բազմաթիւ աշխատութիւնները, որոնց մէջ հոգի հատնած, քրտինք թափած Լեւոն Վարդանի ծայրայեղ բծախնդրութիւնն ու երկա՜ր ժամեր գրասեղանի լամբին առջեւ հակուած մնացած ըլլալը, մաշեցուցած էր նաեւ համբերութիւնը Վեհան Վարդանի…:
Այսպէս, Լեւոն Վարդան պատմագէտն ու գրականագէտը ունէր իր ուրոյն ուղին գրական ընկալումի, գրականութիւն մշակելու: Ան անցաւ ի՛ր ակօսած ճամբայէն մարդասիրական՝ անոր երկու եզերքներուն ցանելով արդարութեան հունտերն ու ծաղիկները՝ իր սիրտի հեծեծանքին ամբողջ հոծութեամբը: Եւ գրագէտ Լեւոն Վարդանի շեշտուած արդարատենչ ոգին ունի վաղուան աղու Յոյսին նայելու խուզարկու սիրտ մը՝ նայելու վաղուան անրջագեղ օրերուն, որ պիտի գան…
Յոյսն այս՝ կառչեր եմ որուն, գիտեմ, պայծառ չէ՛ բնաւ…
Յոյսն այս - ի՞նչ փոյթ այժմ ինծի թէ ի՞նչ է ան եւ ի՞նչպէս -
Ես կը պահեմ սիրտէս ներս՝ հաւատալով թէ օր մը, Տէ՜ր,
Պիտի բանայ քայլիս դէմ առաւօտներ ոսկեյեռ:
(«Կրկին հեծութիւն»)
Հուսկ, Լեւոն Վարդանի պաղատագին կտակը իր սիրասուն մէկ հատիկ զաւկին՝ Վարուժանին, որուն միջոցով ան հետեւեալը կը փոխանցէ հայ սերունդներուն.-
Պահէ՛ գիրն այս. Մեսրոպի հոգին ըլլայ թող կրակ
Ու մրրկէ քու հոգին, այրէ հուրով մշտատեւ…
Ո՛չ, մի՛ լքեր գիրն այս լոյս, կեանքըդ անով ըրէ նոր,
Եւ հայացիր աւելի, դարձիր արեւ ու հանդէս,
Ու բաշխուէ մարդերուն աստուածօրէն, ամէ՛ն օր:
(«Վարուժնագիր»)
Պատմաբան եւ բանաստեղծ Լեւոն Վարդանի ծննդեան 101-ամեակին նուիրուած սոյն յօդուածը կ՚աւարտենք գրողին «Գիրք Մենուասի» հատորէն առնուած հետեւեալ փիլիսոփայական խոհերով. «…Մահը չէ՛ սարսափ մը, չէ՛ նաեւ վախճան մը: Չկա՛յ մահ, որովհետեւ չկայ կեանքի վախճան: Սիրէ՛ մարդերը, սակայն մի՛ խնայեր վատութիւնը անոնց: Սիրէ՛ զանոնք, երբ չեն պղծեր լռութիւնը եւ հանգիստը հողին: Ինկած սրբազնութիւնը մարդուն մի՛ ընդունիր որպէս ճշմարտութիւն, որովհետեւ մարդն իրմէ ներս աստուածայինը կորսնցնելէ վերջ՝ կորսնցուց նաեւ մարդկայինը…»:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ