ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՍՈՒՐԲ ՄԱՅՐԻԿ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԻ ՊԱՏԳՄԱՆԵՐԸ

Մայրիկ Սուրբ Աստուածածինի վերափոխման տօնը միշտ առիթ հանդիսացած է եւ կը շարունակէ հանդիսանալ մտածել իգական սեռի կարեւոր դերակատարութեան մասին՝ մարդկային կեանքէն ներս: Ս. Կոյս Աստուածածինը արդարեւ, իր կերպարով, իր օրինակով բազմաթիւ պատգամներ կու տայ այսօրուան մայրերուն եւ իգական սեռի ներկայացուցիչներուն: Պատգամներ, զորս եթէ մեր մայրերն ու քոյրերը կարենան թարգմանել իրենց կեանքին մէջ, ապա շնորհներն ու օրհնութիւնները անպակաս պիտի ըլլան մեր ընտանիքներէն, մեր ժողովուրդէն, մեր երկիրէն: 

Այդ պատգամներէն մի քանի հատ թուենք այստեղ. 

ա. Պարկեշտութիւն. Աւետարանական պատումներէն գիտենք, թէ ինչպէս Գաբրիէլը կ՚այցելէ Ս. Կոյսին՝ աւետելու համար Յիսուսի ծնունդը: Ինք կոյս ըլլալով եւ տակաւին նշանուած, լսելով հրեշտակին աւետիսը, թէ՝ «ուրախացի՛ր, շնորհալի՛ կոյս, որովհետեւ Աստուած քեզի հետ է: 

Մարիամ այս խօսքին վրայ խռովեցաւ. կը մտածէր թէ ի՛նչ կը նշանակէ այս ողջոյնը: Սակայն հրեշտակը ըսաւ իրեն.

- Մի՛ վախնար, Մարիա՛մ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար: Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես: … 

Մարիամ ըսաւ հրեշտակին:

- Ատիկա ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ, երբ ամուսնացած չեմ: 

Հրեշտակը պատասխանեց.

- Սուրբ Հոգին քեզի պիտի գայ եւ Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ պիտի հանգչի. …

Մարիամ ըսաւ. 

- Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ» (Ղկ 1.28-38): 

Պահ մը պատկերացնենք, եթէ մեզմէ ոեւէ մէկուն հետ նման դէպք մը պատահէր, ի՞նչ պիտի ըլլար մեր վերաբերմունքը, ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէինք: Ս. Կոյսը հակառակ իր լսածներուն տարօրինակութեան եւ մարդկային տրամաբանութեան չհամապատասխանելուն, պարկեշտութեան բացառիկ օրինակ մը կու տայ մեզի, որով առանց խառնուելու, պարզ ու համեստօրէն երկխօսութեան կը մտնէ հրեշտակին եւ երբ անկէ կը լսէ ամբողջութեամբ, թէ ինչ պիտի կատարուի, միւս կողմէ փոքր տարիքէն հաւատքի կեանքին մէջ աճած ըլլալով, նկատի ունենալով իրողութեան լրջութիւնը եւ անտրամաբանական ըլլալը եւ թէ ի՜նչ դժուարութիւններու կրնայ հանդիպիլ, խոնարհութեամբ կ՚ըսէ հրեշտակին. Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ

Այսօր քանի՞ հոգին նոյն համեստութեամբ ականջ կու տայ Աստուծոյ խօսքերուն եւ պատուիրաններուն: Քանի՞ հոգի իր կեանքը կը տրամադրէ Աստուծոյ՝ հնազադնելով Անոր կամքին: 

Ս. Կոյսին այս պատասխանը պարզ համաձայնութիւն մը չէր, այլ բարոյական մաքրութեան, ներքին ազնուութեան եւ Աստուծոյ հանդէպ ամբողջական վստահութեան արտայայտութիւն մը: Ան գիտէր, թէ այդ որոշումը կրնար զինք ենթարկել կասկածներու, զրպարտութիւններու եւ նոյնիսկ դատապարտութեան՝ ինչպէս վերը ակնարկեցինք: Օրէնքին համաձայն, անբացատրելի յղութիւնը կրնար պատճառ դառնալ, որ մարդիկ զինք չհասկնային ու մերժէին: Սակայն, Ս. Կոյսը աւելի կարեւոր նկատեց Աստուծոյ կամքը, քան մարդկային կարծիքը: Ահա թէ ինչո՛ւ ան կը դառնայ պարկեշտութեան եւ բարոյական անարատութեան կենդանի խորհրդանիշ մը:

Այսօր, երբ աշխարհի մէջ պարկեշտութիւնը շատ անգամ կը ներկայացուի որպէս հնացած արժէք, իսկ համեստութիւնը՝ թուլութիւն, Մայրիկ Ս. Աստուածածինի կեանքը մեզի բոլորովին հակառակ ճշմարտութեան մասին կը վկայէ: Իրական արժանապատուութիւնը արտաքին երեւոյթով կամ մարդոց գնահատանքով չի՛ չափուիր, այլ այն մաքուր խիղճով, որով մարդը կ՚ապրի Աստուծոյ առջեւ: Այս պատճառով, իւրաքանչիւր մայր, իւրաքանչիւր աղջիկ եւ իւրաքանչիւր կին, որ իր մտածումները, խօսքերը, հագուածքը եւ կենցաղը կը ղեկավարէ պարկեշտութեան ոգիով, ո՛չ միայն իր անձը կը պահէ, այլեւ առողջ բարոյական մթնոլորտ մը կը ստեղծէ իր ընտանիքին եւ հասարակութեան մէջ: Պարկեշտութիւնը, հետեւաբար, ո՛չ թէ սահմանափակում է, այլ ներքին ազատութեան եւ իսկական արժանապատուութեան ամենագեղեցիկ արտայայտութիւնը:

բ. Խոնարհութիւն. Ս. Կոյս Աստուածածինի կեանքին երկրորդ մեծ պատգամը խոնարհութիւնն է: Ան երբեք չհպարտացաւ իրեն շնորհուած անզուգական կոչումով: Թէեւ Աստուծոյ Որդիին մայրը ըլլալու պատիւը իրեն տրուեցաւ, սակայն այդ մեծութիւնը չվերածուեցաւ ինքնագովութեան կամ փառասիրութեան: Ընդհակառակը, Եղիսաբէթի այցելութեան ընթացքին իր օրհներգին մէջ կը խոստովանի. «Իմ անձս կը մեծարէ Տէրը… որովհետեւ Իր աղախինին խոնարհութեան նայեցաւ» (Ղկ 1.46-48): Ան ո՛չ թէ ինքն իր վրայ, այլ միշտ Աստուծոյ վրայ կեդրոնացած կը մնայ՝ գիտնալով, թէ ամէն շնորհ Իր պարգեւն է:

Այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր մարդը յաճախ կը փորձէ ինքզինք ցուցադրել, գովաբանել եւ ամէն գնով առաջինը երեւնալ, Սուրբ Կոյսը բոլորիս կը յիշեցնէ, որ իսկական մեծութիւնը խոնարհութեան մէջ կը գտնուի: Մայրերը, քոյրերը եւ առհասարակ իգական սեռի ներկայացուցիչները, երբ իրենց ընտանիքին ու շրջապատին մէջ ծառայեն սիրով, անձնուիրութեամբ եւ առանց ցուցամոլութեան, Սուրբ Աստուածածինի օրինակին հետեւած կ՚ըլլան: Այդպիսի խոնարհութիւնը խաղաղութիւն կը բերէ ընտանիքներուն, յարգանք՝ մարդոց յարաբերութիւններուն եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը կը հանգչի այն տուներուն վրայ, ուր ծառայութիւնը աւելի մեծ արժէք ունի, քան փառքը:

գ. Մայրութիւն. Ս. Կոյս Աստուածածինը մայրութեան ամենագեղեցիկ օրինակն է, զոր Աստուած մարդկութեան տուաւ: Երբ Գաբրիէլ հրեշտակը իրեն աւետեց, թէ պիտի ծնիս աշխարհի Փրկիչը, Մարիամ տակաւին երիտասարդ էր, ամուսնացած չէր եւ մարդկային հաշիւներով կրնար բազմաթիւ պատճառաբանութիւններ գտնել այդ պատասխանատուութենէն հրաժարելու համար: Կրնար ըսել, թէ ժամանակը չէ, թէ պատրաստ չէ, թէ ապագան անորոշ է, թէ կրնայ անարգանքի կամ չհասկցուելու հանդիպիլ: Սակայն, ան այդ բոլոր հաշիւները մէկ կողմ դրաւ եւ Աստուծոյ կամքին վստահելով՝ պատասխանեց. «Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ»: Այդ հաւատքի եւ վստահութեան որոշումը միայն Աստուծոյ կամքին հնազանդութիւն չէր, այլ նաեւ մայրութեան սրբութեան լիարժէք ընդունում:

Յիսուսի ծնունդէն ետք ալ Ս. Կոյսը շարունակեց իր առաքելութիւնը որպէս նուիրեալ մայր: Ան խնամեց, պաշտպանեց, դաստիարակեց եւ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց իր Որդիին: Անոր մայրութիւնը սահմանափակուած չէր միայն ծննդաբերութեամբ, այլ կը շարունակուէր զոհողութեամբ, հոգատարութեամբ, աղօթքով եւ անվերջ սիրով՝ մինչեւ իսկ Խաչին տակը, ուր մօր սիրտը կը կրէր անասելի ցաւ, բայց կը մնար հաստատ հաւատքի մէջ:

Այսօր, սակայն, շատ տարբեր պատկեր մը կը տեսնենք: Շատ երիտասարդ ընտանիքներ տարբեր պատճառներով կը յետաձգեն ծնող դառնալու որոշումը: Անոնցմէ ոմանք ամբողջ ուշադրութիւնը կը դարձնեն ուսման, մասնագիտական յաջողութեան կամ նիւթական ապահովութեան վրայ՝ կարծելով, թէ նախ պէտք է բոլոր պայմանները կատարելագործուին, ապա միայն մտածել ընտանիքը ընդարձակելու մասին: Ուրիշներ կեանքի հաճոյքներուն, ճամբորդութիւններուն, հանգիստին կամ անձնական ազատութեան առաջնահերթութիւն կու տան: Կան նաեւ անոնք, որոնք չափազանց կը մտահոգուին արտաքին տեսքով, մարմինի փոփոխութիւններով կամ այն զոհողութիւններով, որոնք մայրութիւնը անխուսափելիօրէն կը պահանջէ:

Անշուշտ, այս բոլոր պատճառներուն ետին երբեմն իրական դժուարութիւններ ալ կան՝ բնակարանային խնդիրներ, տնտեսական անապահովութիւն, աշխատանքի անկայունութիւն կամ առողջական մտահոգութիւններ: Հետեւաբար, ոեւէ ընտանիքի կամ կնոջ մասին ընդհանրական դատողութիւն մը ընելը արդար պիտի չըլլայ: Սակայն, նոյնքան ճիշդ է, որ ժամանակակից մշակոյթը յաճախ կը ներկայացնէ մայրութիւնը որպէս երկրորդական կամ անձնական յաջողութեան խոչընդոտ, մինչդեռ Աստուածաշունչի տեսանկիւնէն ան մեծագոյն կոչումներէն մէկն է:

Երբ մայրութիւնը երկար ժամանակ միայն մարդկային հաշիւներուն կը յանձնուի, երբեմն կրնան յառաջանալ նաեւ դժուարութիւններ: Բժշկութիւնը կը փաստէ, որ տարիքի յառաջանալուն հետ որոշ պարագաներու մէջ կրնայ նուազիլ պտղաբերութիւնը եւ աւելնալ որոշ յղիութիւններու հետ կապուած վտանգներու հաւանականութիւնը: Սակայն, այս մէկը բացարձակ կանոն չէ եւ իւրաքանչիւր ընտանիքի պարագան տարբեր է: Ահա թէ ինչու իմաստութիւնը կը պահանջէ, որ այս հարցերը քննուին ո՛չ թէ միայն մարդկային հաշիւներով, այլ նաեւ առողջ դատողութեամբ, բժշկական խորհրդատուութեամբ եւ ամենէն կարեւորը՝ Աստուծոյ նախախնամութեան հանդէպ վստահութեամբ եւ Անոր պատուէրին՝ «աճեցէ՛ք եւ բազմացէ՛ք»ին հաւատարմութեամբ:

Մայրութիւնը պարզապէս երեխայ ունենալու իրողութիւն մը չէ. ան սիրոյ, զոհողութեան, ծառայութեան եւ նոր կեանք մը ստեղծելու սուրբ առաքելութիւն է: Ազգերու ապագան, ընտանիքներու ամրութիւնը եւ հասարակութեան բարոյական առողջութիւնը մեծապէս կախում ունին այն մայրերէն, որոնք գիտակցաբար ու սիրով կը կառչին իրենց կոչումին: Այդ իսկ պատճառով Ս. Աստուածածինի օրինակը այսօր եւս կը շարունակէ յիշեցնել, որ մայրութիւնը բեռ մը չէ, այլ՝ Աստուծոյ օրհնութիւնն ու վստահուած ամենասուրբ եւ ամենանուիրական պարգեւներէն մէկը, որ արժանի է սիրով, պատասխանատուութեամբ եւ երախտագիտութեամբ ընդունուելու:

դ. Վստահութիւն. Կանայի հարսանիքին դրուագը այնքա՜ն գեղեցիկ օրինակ մըն է ծնող-զաւակ փոխադարձ վստահութեան եւ յարգանքի: Երբ հարսանիքի ժամանակ գինին կը վերջանայ, Մայրիկ Աստուածածինը դիմելով իր զաւակին, կը խնդրէ Անկէ, որպէսզի լուծում մը տայ ծագած հարցին: Իր զաւակը սկիզբը կը փորձէ խուսափիլ, սակայն, Ս. Կոյսը դառնալով հարսանիքի սպասաւորներուն, կը հրամայէ անոնց. «Ինչ որ ըսէ ձեզի, կատարեցէ՛ք» (Յհ 2.5): Իրողութեան շարունակութիւնը գիտենք, թէ ինչպէս Մայրիկ Աստուածածինի զաւակը՝ Տէր Յիսուս ջուրը գինիի կը վերածէ, այլ խօսքով կը հնազանդի Իր մօր խնդրանքին եւ կը կատարէ զայն: 

Այսօրուան ծնող-զաւակ յարաբերութիւնը ցաւօք շատ մը պարագաներու խաթարուած է: Ո՛չ ծնողները կը վստահին իրենց զաւակներուն եւ ո՛չ ալ զաւակները կը հնազանդին իրենց ծնողներուն: Այսօրուան տուները ընտանիքի հասկացողութենէն դուրս եկած են եւ վերածուած են անհատներու թագաւորութիւններու, ուր մէկ տան մէջ փոխանակ մէկ ու ամբողջական ընտանիք մը տեսնելու՝ կը տեսնենք չորս հինգ «ինքնիշխան» թագաւորութիւններ, ուր իւրաքանչիւրը իրը կը պարտադրէ…: 

Այս վիճակին հետեւանքով տան մէջ աստիճանաբար կը կորսուի երկխօսութիւնը, զիրար լսելու պատրաստակամութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը: Ծնողները յաճախ կը դժգոհին, թէ իրենց զաւակները այլեւս իրենց խորհուրդները չեն ընդունիր, իսկ զաւակներն ալ կը կարծեն, թէ ծնողները զիրենք չեն հասկնար եւ իրենց ազատութիւնը կը սահմանափակեն: Արդիւնքը կ՚ըլլայ այն, որ նոյն յարկին տակ ապրող մարդիկ իրարմէ հոգեպէս կը հեռանան, նոյն սեղանին շուրջ կը նստին, բայց իրենց սիրտերը իրարմէ հեռու կը մնան:

Ս. Աստուածածինի եւ Տէր Յիսուսի յարաբերութիւնը բոլորովին այլ պատկեր մը կը ներկայացնէ: Անիկա իշխանութեան կամ պարտադրանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւն չէր, այլ՝ վստահութեան, յարգանքի եւ սիրոյ: Մայրը վստահ էր իր Որդիէն, իսկ Որդին՝ հակառակ Իր առաջին պատասխանին, յարգեց Իր մօր բարեխօսութիւնը եւ գործով ցոյց տուաւ, թէ ընտանիքին մէջ փոխադարձ վստահութիւնը որքան մեծ արժէք ունի: Այս դէպքը մեզի կը սորվեցնէ, որ վստահութիւնը բառերով չէ, այլ տարիներու ընթացքին կերտուած փոխադարձ յարաբերութիւն:

Այսօր ընտանիքներուն մէջ վստահութիւնը վերականգնելու համար նախ պէտք է վերադառնալ անկեղծ հաղորդակցութեան: Ծնողները կոչուած են ո՛չ միայն խրատելու, այլ նաեւ լսելու, հասկնալու եւ ժամանակ տրամադրելու իրենց զաւակներուն: Իսկ զաւակներն ալ պարտին գիտնալ, թէ ծնողներուն փորձառութիւնն ու սէրը իրենց բարիքին համար են եւ ո՛չ թէ իրենց ազատութիւնը սահմանափակելու նպատակով: Երբ ընտանիքին մէջ աղօթքը, միասին ապրելու ուրախութիւնը, իրարու հանդէպ ուշադրութիւնն ու յարգանքը կորսուին, վստահութիւնն ալ հետզհետէ կը մարի: Իսկ երբ այդ արժէքները դարձեալ գտնուին, ընտանիքը վերստին կը դառնայ այն սուրբ օճախը, ուր ծնողն ու զաւակը իրարու մրցակիցներ չեն, այլ նոյն ճամբուն վրայ իրարու ձեռք բռնած ուղեկիցներ: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

12 Օգոստոս 2026, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Օգոստոս 15, 2026