ՄԱՐԱՇՑԻՆԵՐՈՒ ՊԱՀՔՆ ՈՒ ԶԱՏԻԿԸ. ԶԱՄՊՈՒՌ, ՏՐԷ, ՔԷՕՄՊԷ, ԱՂԱՄԱՂԱ…

Անցեալի մեր բարքերը միայն ծիսակատարութիւն չէին, այլեւ մարդու կեանքը կանոնաւորող, անոր հոգին ու վարքը ձեւաւորող խոր արմատներ ունեցող սովորութիւններ։ Ահա «Մարաշահայ բարքեր» գրութիւնը՝ Հայր Եփրեմ վարդապետ Տէր-Ղազարեանէն՝ շարադրուած սիրոյ եւ կարօտի անհուն զգացումներով… Կը տեսնենք, որ Մարաշի սովորութիւնները կը ցուցադրէին պարզութիւն, բայց նաեւ՝ անոնց մէջ ամէն քայլ, խաղ, ուտեստ կամ աղօթք կը թելադրուէր ուշադրութեամբ ու տեսակ մը իմաստութեամբ։ Այս բարքերը մեզ կը շղթայեն անցեալին՝ բերելով լուսաւոր յիշողութիւն կորսուած հայաշխարհէն։

ՄԱՐԱՇԱՀԱՅ ԲԱՐՔԵՐ

Բուն բարեկենդանի կիրակին է։ Մարաշը ծածկուած է ձիւնի տակ։ Բուխուրիկները հանդարտ կը ծխեն։ Տուներէն ներս, ակութին շուրջ հաւաքուած են ընտանիքի անդամները։ Քարիւղէ լապտերի մը տմոյն շողերու ներքեւ, տանտիկինը սփռոց մը կը տարածէ գետին։ Ընթրիքը պատրաստ է։ Ամէն ոք հաւկիթ կ՚ուտէ այս երեկոյ՝ զուարթ բարեկենդանը հաւկիթով փակելու եւ Զատիկն ալ հաւկիթով բանալու համար։

Խօսակցութեան տաք միջոցին պապիկը կ՚ըսէ փոքրիկներուն. «Մօտ օրէն քառասուն զինուորներ պիտի գան մեր տունը, ու մենք ամէն օր զինուոր մը պիտի մորթենք»։ Քառասուն զինուորները պահքի քառասուն օրերն են։

Յաջորդ օրը Մեծ պահքի առաջին երկուշաբթին է, որ «Հարբածի օր» կը կոչուի։ Գինեսէրները վերջին անգամ մըն ալ կը գինովնան՝ քառասուն օր ապաշխարելէ առաջ։

Ամէն տան մէջ եռուզեռ մը կայ այսօր։ Պառաւներ ու մանկամարդեր կերակուրներու ամանները կը լուան մեծ խնամքով։ Իւղի հոտն անգամ պէտք է ջնջուի տունէն։ Կը բռնեն նաեւ կատուն՝ տան բրդոտ թագուհին, ու կը լուան անոր բերանը, որ չըլլայ թէ պնակները լզելով իւղոտէ զանոնք։

Կէսօրուան ճաշին ամանի մէջէն թթու ապուրի շոգին նազելով կը բարձրանայ երդիքն ի վեր։ Ընտանիքի անդամները ստիպուած են ուտել այդ ապուրէն, որպէսզի իրենց ստամոքսին բոլոր իւղոտ կերակուրները հալին ու մարսուին։

Այսօր սոխերու կոյտի մէջէն խոշոր սոխ մը կ՚ընտրեն եւ վրան եօթը փետուր անցընելով կը կախեն զայն առաստաղէն։ Շաբաթը անգամ մը փետուր մը կը հանեն սոխին վրայէն։ Այդ կերպով յայտնի կ՚ըլլայ ընտանիքի անդամներուն, թէ քանի՞ շաբաթ մնացած է Զատիկին։

Երեքշաբթին՝ Մուկի տօն կը կոչուի։ Տան մէջ աւելցած կերակուրներով թող քիչ մըն ալ խեղճ անասունները խնճոյք ընեն։

Չորեքշաբթին՝ Գէլի (Գայլի) օրն է։ Կ՚ըսեն, թէ միս եւ ոսկոր մէջտեղէն վերցուած ըլլալով՝ անօթի գայլեր քաղաքներու վրայ կը յարձակին։

Այս երեք օրերուն խանութները փակ կը մնան։ Չորեքշաբթի առտու եկեղեցին լի է հաւատացեալներով։ Քահանան ամէնուն գլխուն վրայ մոխիր կը ցանէ, եւ կամ տան մէջ իրարու մոխիր կը ցանեն։ Մոխիր կը ցանուի նաեւ տան սեմին։ Ներս մտնողը այլեւս ապաշխարութեան տուն կը մտնէ։

Մեծ պահքի առաջին շաբաթը սովորութիւն եղած է քէօֆթէ չուտել. «մէջէն ոսկոր կ՚ելլէ» կ՚ըսեն։

Սակայն եթէ մանուկներու մէջ մածուն ուտելու փափաք արթննայ, մայրիկը՝ նաշիհի մէջ ջուր խառնելով եւ հաց բրդելով, իր տղոց կը կերցնէ իբր մածուն։ Որքա՜ն միամիտ էին հին օրերու տղաքը։

Չեմ գիտեր, թէ ծնողներ իրենց այս անմեղ գիւտով պիտի կարենա՞ն խաբել նաեւ այսօրուան վառվռուն մանուկները։

Մեծ պահքի առաջին երկուշաբթին սովորութիւն է եօթը տեսակ նիւթերով «Զամպուռ» կոչուած ուտելիքը պատրաստել եւ մեծ ամանի մը մէջ պահելով՝ ճաշէն գոնէ անգամ մը ուտել անկէ ամբողջ մեծ պահքի ընթացքին։

Այս ուտելիքին եօթը նիւթերն են.

1- Զամպուռ, որ կանաչ խոտ մըն է։

2- Սիսեռ։

3- Աղով խարկուած ձաւար։

4- Ձմերուկի կուտ։

5- Շուշմա։

6- Մէլէնկիշ (վայրի պիստակ)։

7- Աղտոր։

Կայ նաեւ համբաւաւոր «Տրէ» կոչուած կերակուրը։ Տրէ պատրաստելու համար տանտիկինը խմորէ եօթը լաւաշներ կը բանայ գրդնակով եւ պահ մը կարմիր կրակին ցուցնելէ ետք զանոնք դանակով կը ջարդէ ամանի մը մէջ։ Ապա վրան լուբիա, սիսեռ, բրինձ ու դահին (շուշմայի հարուստ իւղ) աւելցնելով՝ Տրէն շինուած է արդէն։ Թէ՛ աղքատ, թէ՛ հարուստ, չորեքշաբթի կամ ուրբաթ օրերը կ՚ուտեն այս կերակուրէն՝ եօթը անգամ ամբողջ մեծ պահքի ընթացքին։

Հազիւ սկսած Քառասնորդական պահքը՝ Սուրբ Թորոսի (Թէոդորոսի) տօնը կու գայ ժպիտ մը ձգելու ապաշխարութեան միապաղաղ օրերուն վրայ։ Այսօր դահին-հաց եւ հատիկ կ՚ուտէ ամէն ոք։

Յաջորդ օրը՝ կիրակի, ժողովուրդը գունդագունդ ուխտի կ՚երթայ Սուրբ Թորոսի նուիրուած եկեղեցիի աւերակները, որ կէս ժամ հեռու, քաղաքին հիւսիս-արեւմտեան կողմը, կը գտնուի։ Օդը ցուրտ է։ Արեւի զուարթ շողերը տակաւին անկարող են ձիւնին քօղը պատռելու։

Ամէն ուխտաւոր իր հետ կը տանի հագուստէն կամ թաշկինակէն կտոր մը եւ զայն, որպէս նշան իր հիւանդութեան, սրբավայրին մօտ բարձրացող մենաւոր կաղնիի ծառին կը կապէ՝ աղօթելով, որ շուտով կատարուի իր փափաքը։

Աղօթքներուն կը յաջորդէ խրախճանքը։ Ժողովուրդը մինչեւ երեկոյ ուրախ ժամեր կ՚անցընէ հոն՝ հրեաներու գերեզմաններու մերձակայքը։ Երիտասարդներ զանազան խաղերով կը խանգարեն բնութեան անդորրութիւնը։ Գնդակի, վազքի, ոստումի խաղեր իրարու կը յաջորդեն։ Սովորաբար երկու խումբերու բաժնուելով՝ պարսատիկով զիրար քարկոծելն ալ խաղերու մաս կը կազմէ։

Քանի մը շաբաթ յետոյ, ահա նախ միջինքը։ Նոյն օրը եկեղեցին սովորականէն աւելի լեցուն է հաւատացեալներով։

Միջինքն ալ ունի իր յատուկ կերակուրը։ Տանտիկինը՝ թեզնիքը սոթտած, ալիւրէ ու ձաւարէ քէօֆթէ կը շաղէ։ Յետոյ անկէ փոքրիկ գունդեր շինելով՝ մէջը բանջարէ, դահինէ, ընկոյզէ, սոխ ու սիսեռէ պատրաստուած խառնուրդ կը լեցնէ եւ տաք ջուրի մէջ կը խաշէ։

Գունդերէն մէկուն մէջ կապոյտ ուլունք մը թաքցուցած է մայրիկը։ Կէսօրին ամբողջ ընտանիքը ճաշին շուրջ է։ Երանի՜ անոր՝ որուն կերած կլորակին մէջէն ելլէ այդ բախտագուշակ ուլունքը։ «Երուսաղէմ պիտի երթաս» կ՚ըսեն իրեն։

Այս կերակուրէն յետոյ սեղանի վրայ կայ նաեւ չամիչէ, չոր սալորէ, տանձէ, ընկոյզէ եւ ռուպէ պատրաստուած համեղաճաշակ բանդակը։ Մեծ ու պզտիկ, ընդհանրապէս փայտէ դգալներով կը ճաշակեն այդ քաղցրաւենիքը։

Միջինքին կը յաջորդէ Քառասուն Մանուկներուն տօնը։ Այդ օրը խստիւ արգիլուած է լուացք ընել եւ բաղնիք երթալ՝ ի յիշատակ սուրբ մանուկներու լիճ նետուելուն։ Բաղնիք գացողին կա՛մ մազերը կը ճերմկին եւ կամ ոտքը կը կոտրի, կ՚ըսեն։

Իսկ Քառասուն Մանկանց եկեղեցիին մէջ, քառասուն պատրոյգներու աստղահոյլ մը կը պլպլայ՝ ի պատիւ քառասուն մանուկներուն։

Ծաղկազարդի տօնը Զատկի ճոխութեամբ կը կատարուի Մարաշի մէջ։ Բնութիւնը իր ձիւնէ մաշած հագուստները վրայէն նետելով՝ կանաչ է հագեր։ Քաղցրաբոյր ծաղիկներ իրենց երփներանգ աչքերը բացած են գարնան համբոյրին։

Ծաղիկներու նման ժողովուրդն ալ զարդարուած է տօնական հագուստներով։

Այրերը կարմիր կօշիկ (եէմէնի) են հագած։ Ամէն ոք ձիթենիի օրհնուած ճիւղ մը ձեռքին տուն կը դառնայ եկեղեցիէն։ Ձիթենիի ճիւղը սենեակին զարդը կը կազմէ մինչեւ յաջորդ տարի։

Կէսօրէն ետք Դռնբացէք է։ Աղջիկներու բազմութիւն մը ահա եկեղեցիին մէջ. անոնք խուռներամ եկած են Դռնբացէքին՝ իրենց բախտին բացուելու յոյսով առլցուն։

Յետ արարողութեան թոթով մանուկներ կ՚առաջնորդուին քահանային մօտ, որպէսզի եկեղեցիի դրան բանալին անոնց բերանը դնելով՝ լեզուն բանայ եւ իմաստութեամբ լեցնէ անոնց միտքը։

Ահա աւագ չորեքշաբթին։ Դարձեալ թթու ապուրը կը տեսնուի կէսօրուան սեղանին վրայ։ Միայն թէ «խուռուկ» ըսուած բոյսը կայ այս անգամ թթու ապուրին մէջ։

Խուռուկը՝ ազատքեղի նման բանջար մըն է, որ միայն Զատկի շրջանին կ՚երեւի դաշտերու մէջ եւ յետոյ կ՚անհետանայ։ Աղքատներ պարտէզներէն քաղելով զայն՝ տունէ տուն կը ծախեն, փոխարէն ստանալով քիչ մը ձաւար։

Աւագ հինգշաբթի օրուան պաշտօնական կերակուրն է «աղամաղա»ն։ Զայն պատրաստելու տարրերն են՝ սմբուկի գլխարկը, սոխ, աղ ու պղպեղ։ Կծու եւ աղի կերակուր մըն է, որ պէտք է ուտել՝ ի նշան Քրիստոսի հրեաներէն բռնուելուն։

Զատկական հաւկիթներն ալ կը խաշեն այսօր եւ կարմիր ներկելէ յետոյ՝ աւագ ուրբաթ օր բարեկամներու կը բաժնեն զանոնք։ Հաւկիթներու հետ կը բաժնուի նաեւ «Քէօմպէ» կոչուած հացը, որ թթու խմորով եւ իւղով պատրաստուած է։

Աւագ ուրբաթին ժողովուրդը դարձեալ եկեղեցին է։ Կէսօրուան կերակուրն է քացախով եւ ոսպով շինուած ապուր, որուն մէջ կը լողան կլոր սոխեր։ Չէ՞ որ այսօր քացախ խմցուցին Քրիստոսի։ Նոյնիսկ դրացի թուրքեր, հետեւելով հայերուն, կը պատրաստեն վերոյիշեալ ապուրը եւ շրթունքնին չփչփացնելով կ՚ուտեն զայն կէսօրուան ճաշին։

Ահաւասիկ Զատկի Ճրագալոյցը։ Աւագ շաբաթ՝ կէսօրէն ետք, ժամը 2-ին կը սկսի ժամերգութիւնը, ընթերցուածները եւ պատարագը։ Եկեղեցին ողողուած է մոմերու լոյսերով։ Ամէն ոք ծոմ է ու կը հաղորդուի պատարագի ընթացքին։

Ժամը հինգէն ետք եկեղեցին կը պարպուի։ Ամէն ոք տուն կը փութայ, ուր արդէն պատրաստ է ընթրիքը։ Սփռոցին վրայ կ՚երեւի տապկուած բանջար, հաւկիթ եւ ձուկ։

Տուներու ճրագները վառ կը մնան այս գիշեր։ Ոմանք շուտով անկողին կը մտնեն։ Կէսգիշերին փողոցներու մէջ երթեւեկը կը սկսի. ամէն մարդ եկեղեցի կը փութայ արարողութիւններուն ներկայ գտնուելու։

Մեծ հանդիսաւորութեամբ կը կատարուին ժամերգութիւնն ու պատարագը։ Զատկի առտուն, մթնշաղին եկեղեցական արարողութիւններն աւարտած կ՚ըլլան արդէն։ Արեւծագէն առաջ ամէն ոք իր տունը պէտք է գտնուի։ Չէ՞ որ Յիսուս արշալոյսէն առաջ իբրեւ նոր Արեգակ մը յարութիւն առաւ մութ քարայրէն։

Ահա արեւը բեհեզեայ շողերով կ՚երեւի հորիզոնին վրայ։ Զատիկ է այսօր՝ քրիստոնէութեան մեծագոյն տօնը։ Զուարթ է բնութիւնը, զուարթ է ամէն սիրտ։ Բարեկամներ իրարու տուն կ՚երթան Զատիկ շնորհաւորելու։

«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» կ՚ըսէ հիւրը՝ ներս մտնելով։

«Օրհնեալ է Յարութիւն Քրիստոսի» կը պատասխանէ տանտէրը։

Ըմպելի եւ հանգստապատառ (լոխում) կը հրամցուի հիւրերուն։ Ընդհանրացած է արդէն հաւկիթ զարնուելու սովորութիւնը։

Կէսօրուան կերակուրն է եղինձ (փիլաֆ), քովը հորթուկի խաշած միս եւ անոր արգանակը, որ կէս-ճոր կը կոչուի։ Ունեւորներ գառնուկ ալ կ՚ուտեն այս կէսօր։

Զատկին երկրորդ օրը մեռելոց է։ Գերեզմանատունը լի է հաւատացեալներով, որոնք կ՚աղօթեն եւ քահանային օրհնել կու տան իրենց ննջեցեալներու գերեզմանները։ Ոմանք կու լան կողկողագին, ուրիշներ՝ իրարու հետ հաւկիթ կը զարնեն։ Կատարեալ տօնավաճառ մը դարձած է գերեզմանատունը. հոն կը գտնէք ամէն տեսակ շաքարեղէն, խմորեղէն ու շէրփէթ։ Ապա խումբ-խումբ պարտէզները կ՚երթան ռուպով հազար ուտելու։

Եւ երբ յանկարծ անձրեւէ, հաւկիթներու գունաւոր կճեպները քշել-տանելու համար է այս անձրեւը, կ՚ըսէ ժողովուրդը։

Զատկի երեքշաբթին՝ մօտակայ կանաչազարդ բլուրները կ՚երթան պտոյտի։ Եւ ահա յանկարծ բարձր աղաղակով գոռում-գոչումներ կը լսուին։ Կտրիճ երիտասարդներն են, որոնք կը խաղան։ Անոնք խմբուելով կը յարձակին մէկու մը վրայ եւ զայն հրելով, հրմշտկելով բլուրի ստորոտը կը քշեն մեծաձայն քրքիջներու մէջ։ Նմանօրինակ խաղեր կը կրկնուին նաեւ բարեկենդանի զուարթ օրերուն։

Զատկի տօներուն կը յաջորդէ Համբարձումը…

ՀԵՂԻՆԱԿԸ

Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Հայր Եփրեմ վարդապետ Տէր-Ղազարեան ծնած է Մարաշի մէջ, 1920 թուականի մայիսի 12-ին։

Ընտանիքը Մարաշէն հաստատուած է Դամասկոս, ուր ան նախ յաճախած է Ազգային վարժարանը, ապա ուսումը շարունակած՝ Յիսուսեան միաբանութեան պատկանող Հայ-ֆրանսական վարժարանին մէջ։

Հօր վաղաժամ մահը պատճառ կ՚ըլլայ, որ ընտանիքը վերջնականապէս լքէ Դամասկոսը եւ փոխադրուի Հալէպ՝ հաստատուելով աւելի հայաշատ միջավայրի մէջ։ Տեղի Յիսուսեան վարժարանը եւս մէկ տարի յաճախելէ ետք, 1933 թուականին Պէյրութի նաւահանգիստէն նաւով կը մեկնի Վենետիկ՝ որպէս Մխիթարեան վարժարանի սան։

Սուրբ Ղազար կղզիի մայրավանքին մէջ փայլուն յաջողութեամբ կ՚աւարտէ իր դպրոցական ուսումը եւ 1940 թուականի աշնան, ուրիշ երեք ընկերներու հետ միասին, կը մեկնի Հռոմ, ուր կը սկսի իր համալսարանական ընթացքը։ Փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումները գերազանց գնահատականներով աւարտելէ ետք, 1946 թուականի սեպտեմբերի 8-ին՝ Սուրբ Աստուածածնի Ծննդեան տօնի օրը, Սուրբ Ղազարի մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ կը ձեռնադրուի եւ կ՚օծուի կուսակրօն քահանայ։

Այստեղէն կը սկսի Հայր Եփրեմ Տէր-Ղազարեանի կրթական առաքելութիւնը։ Ան 1947-1956 թուականներուն պաշտօնավարած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ապա անցած է Եգիպտոս, այնուհետեւ՝ Փարիզ։

1976 թուականին կը վերադառնայ Հալէպ եւ յամառ ջանքերով դարձեալ բանալ կու տայ Մխիթարեան վարժարանի դռները, որոնք ինն տարի փակ մնացած էին պատերազմի եւ քաղաքական անցուդարձերու պատճառով։

1964-1967 թուականներուն վարած է հանրածանօթ «Բազմավէպ» հանդէսի խմբագրի պաշտօնը։

1972 թուականին, Վազգէն Ա․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրով, կը հաստատուի Սուրբ Էջմիածին, ուր Աստուածաբանութիւն կը դասաւանդէ քահանայութեան պատրաստուող սարկաւագներուն։

Ապա կրկին կը վերադառնայ Հալէպ, ուր կը շարունակէ իր կրթական եւ գրական գործունէութիւնը։

Հայր Եփրեմ Տէր-Ղազարեան հեղինակ է շարք մը աշխատութիւններու՝ «Թափառող ալիքներ» (Վենետիկ, 1951), «Դէպի աղբիւրը լոյսի» (Վենետիկ, 1953, 1991), «Բառարան ֆրանսերէն-հայերէն» (Վենետիկ, 1956, 1983), «Ես եմ լոյս աշխարհի» (Վենետիկ, 1988), «Յուշամատեան 50-ամեակ՝ 1936-1986» (Վենետիկ, 1990), «Գանձարան 3300 իմաստուն խօսքերու» (Վենետիկ, 1992)։

Վաստակաշատ վարդապետը իր երկրային կեանքը աւարտած է 1993 թուականի դեկտեմբերի 8-ին՝ Սուրբ Աստուածածնի Անարատ Յղութիւն տօնի օրը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2026