«ՀԱՒԱՏՔԻ ԱՐՈՒԵՍՏԸ»
Հինգշաբթի օրուան մեր սիւնակով ներկայացուցինք Տ. Զարեհ ծայրագոյն վարդապետ Սարգիսեանին վերջերս հրատարակած՝ «Հաւատքի արուեստը» գիրքին գրախօսականը: Այսօր մեր ընթերցողներուն նոյն այդ գիրքէն հատուածներ կը ներկայացնենք, որպէսզի ա՛լ աւելի համապարփակ կարծիք կարողանան ունենալ այս օգտաշատ եւ կարեւոր գիրքի մասին:
* Սուրբ Երրորդութիւն
Սուրբ Երրորդութիւնը այն Արեւն է, որուն չենք կրնար մեր աչքերը յառել, բայց անով ճանաչելի կը դառնայ ամէն իրականութիւն: Օր մը, Սուրբ Օգոստինոս՝ ծովեզերքը քալելով, Սուրբ Երրորդութեան խորհուրդին մասին կը մտածէր, երբ դիմացը ելաւ փոքրիկ աղջնակ մը, որ աւազի փոսին մէջ ջուր կը լեցնէր: Երբ Սուրբը փոքրիկին հարցուց, թէ ի՞նչ կ՚ընէր, փոքրիկը պատասխանեց, թէ ծովը իր փորած փոսին մէջ կը պարպէր: Իմաստուն Սուրբը ծիծաղեցաւ, որ ի՛նք ալ ձեւով մը նոյնը կը կատարէր եւ կը փորձէր անսահման Աստուածը պարփակել սահմանափակ մարդկային մտքին մէջ:
Անընդհատ պէտք է մտաբերենք նաեւ, որ Սուրբ Երրորդութիւնը լոկ քրիստոնէական հաւատամքին կամ վարդապետութեան «յօդուածներէն» մին չէ, ո՛չ ալ իմացական ճարտարապետութեան կամ ակադեմական աշխատութեան արդիւնք է, այլ՝ մարդուն աստուածաճանաչողութեան խոր փորձութենէն յառաջ եկող ճշմարտութիւն: Առաջին քրիստոնեաները իրենց կեանքի փորձառութեամբ վկայեցին Սուրբ Երրորդութեան մասին:
Հետեւաբար, Սուրբ Երրորդութիւնը եկեղեցական վարդապետութիւն ըլլալէ առաջ՝ կեանքի փորձառութեամբ հարստացած ճանաչողութիւն է: Առ այդ, Սուրբ Երրորդութեան գաղափարը ըմբռնելը մէկ բան է, իսկ բառերէ եւ գաղափարներէ անդին զԱստուած ճանչնալը՝ ուրիշ: Բոլորս ալ անխտիր կոչուած ենք Աստուծմէ խնդրելու, որ օր մը, պարզ իմացական ճանաչողութենէն վեր, շնորհքը ունենանք սուրբերուն նման ճանչնալու եւ սիրելու զԱստուած որպէս Ստեղծիչ Աստուած, Փրկիչ Աստուած եւ Մխիթարիչ Աստուած («Հաւատքի արուեստը», Ազգային առաջնորդարան Ամերիկայի Արեւելեան թեմին, 2025, էջ 21-22, 23):
* Աստուածաշունչ
Աստուածաշունչ մատեանը Աստուծոյ յայտնութեան գրաւոր արձանագրութիւնն է, որ գրի առնուած է հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին զանազան հեղինակներու կողմէ: Ան կը բաժնուի երկու կտակարաններու կամ ուխտերու, որոնք, ինչպէս անունէն կրնանք հետեւցնել, Աստուծոյ եւ ժողովուրդին միջեւ կնքուած համաձայնութիւններ կամ դաշինքներ են: Իւրաքանչիւր կտակարան ունի տարբեր եւ այլազան ժանրերու եւ տեսակներու պատկանող գրութիւններ եւ նամակներ, որոնք սակայն նո՛յն Աստուծոյ մասին կը խօսին: Սկիզբէն պէտք է յստակացնել, որ Աստուածաշունչը ո՛չ գիտական գիրք մըն է, ո՛չ ալ ժամանակագրական փաստաթուղթերու արխիւ: Աստուածաշունչը աստուածաբանական գիրք մըն է, որ գրական զանազան ոճերով մարդոց մէջ եւ մարդոց համար Աստուծոյ յայտնութեան եւ Անոր փոխադարձ՝ մարդուն գործունէութեան մասին կը խօսի (36):
* Քրիստոսի մարդեղացում
Քրիստոնէական մտածողութեան համար, Քրիստոսի մարդեղացումը հիմնական եւ անհրաժեշտ դէպք է, առանց որուն աշխարհը տիեզերական գերեզման մըն է պարզապէս: Մարդեղացումը տիեզերական դէպք մըն է, որուն միջոցաւ Աստուած անփոփոխելիօրէն կը միացնէ ու կը միաւորէ Իր ստեղծագործութիւնը Իր էութեան հետ, որպէսզի աշխարհը մաս եւ բաժին ունենայ Իր փառքին մէջ: Մարդեղացումէն ետք Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ կապը անբեկանելի դարձաւ: Մարդեղացումը կը կատարելագործէ մեր մարդկութիւնը եւ մարդկութիւնը կ՚առաջնորդէ իր իսկական իրագործման (45):
* Փրկութիւն
Համապարփակ սահմանումով, փրկութիւնը անցեալ, ներկայ եւ ապագայ իրողութիւն է: Անցեալ իրողութիւն է, որովհետեւ այդ պարգեւը մեզի շնորհուեցաւ Քրիստոսի խաչելութեան եւ Յարութեան ճամբով: Ներկայ իրողութիւն է, որովհետեւ կոչուած ենք մնայուն կերպով Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ միացած ըլլալու Քրիստոսի մեր հաւատքի կեանքին մէջ: Ապագայ իրողութիւն է, որովհետեւ Քրիստոսի երկրորդ գալուստի ժամանակ է, որ պիտի փրկուինք (Փլպ 3.9-14: Հմմտ. Ա. Կր 9.27): Կարգ մը աստուածաբաններ, փըր-կութեան այս անբաժանելի երեք երեսակները շեշտելու նպատակով, իւրաքանչիւրին երեք տարբեր եզրեր կու տան.
ա. Արդարացում (Justification), որպէս անցեալի ճշմարտութիւն:
բ. Սրբացում (Sanctification), որպէս ամէնօրեայ ճշմարտութիւն:
գ. Փառաւորում (Glorification), որպէս ապագայի ճշմարտութիւն (52):
* Հաւատք
Հաւատքը քրիստոնէական հասկացողութեամբ երկու իրերայաջորդ յատկութիւններ ունի. առաջինը՝ հաւատք բանի մը կամ անձի մը նկատմամբ: Այս տիպի հաւատքը բանի մը կամ անձի մը, մեր պարագային, Աստուծոյ, Մարմնացեալ Բանին, Աւետարանի գոյութեան եւ իրականութեան խոստովանութիւնն ու ճանաչումն է: Իսկ երկրորդ յատկութիւնը աւելի վեր եւ աւելի անդին՝ վստահելու եւ ապաւինելու նախաձեռնութիւնն է:
Այս առումով, մարդ կոչուած է ո՛չ միայն Աստուծոյ գոյութեան հաւատալու, այլեւ՝ հաւատալու եւ առաւել եւս վստահելու ու ապաւինելու Անոր բարութեան, հայրութեան, խոստումին եւ ճշմարտութեան: Քրիստոնեային համար, հաւատքի այս երկու տեսակներն ալ անհրաժեշտ են: Նախ պէտք է միտքով, հոգիով եւ սիրտով հաւատալ բանի մը ճշմարտութեան եւ յետոյ միայն ապրիլ անով եւ առաջնորդուիլ անկէ:
Վերջապէս, հաւատքը իսկութեան մէջ անձնական ճշմարտութիւն է: Ամէն մարդ ի՛նք նախ պէտք է անձնապէս համոզուի եւ վստահի Աստուծոյ: Ոեւէ մէկը չի կրնար հաւատալ ուրիշին համար կամ ուրիշին տեղ: Անկասկած, քրիստոնէութիւնը հաւաքական իրականութիւն է, սակայն իւրաքանչիւր մարդ այդ հաւաքականութեան մաս կը կազմէ նոյն հիմնական ճշմարտութեան համոզուած եւ հաւատացած ըլլալուն համար: Հետեւաբար, կենսական է, որ առաջին հերթին իւրաքանչիւր հաւատացեալ Աստուծոյ հետ իր անհատական յարաբերութեան մէջ հաստատակամօրէն գոչէ. «Կը հաւատամ, օգնէ՛ որ հաւատքս զօրանայ» (Մր 9.24) (68, 69):
* Դժոխք
Ինչպէս որ արքայութիւնը մարդոց սիրտին մէջէն կը սկսի, նոյնպէս ալ գեհենը երկրէն սկիզբ կ՚առնէ: Մենք մեզի համար այս աշխարհին վրայ դժոխք կը ստեղծենք, երբ Աստուծոյ տուած ազատ կամքի շնորհքը չարաշահինք: Հակառակ արդի մարդու ժխտողական մօտեցումին անոր նկատմամբ, դժոխքը Աստուածաշունչին համաձայն իրականութիւն է եւ յաւիտենակա՛ն իրականութիւն մըն է (տե՛ս Մտ 12.32: Ղկ 3.17: Բ. Թս 1.9): Առաքելական Եկեղեցւոյ համար, դժոխքը այն վախճանն է, ուր յաւիտենապէս պիտի գտնուին բոլոր անոնք, որոնք կամովին եւ գիտակցաբար կը մերժեն Աստուծոյ սէրն ու փրկութեան շնորհքը (91):
* Աստուծոյ բացարձակ զօրութիւն
Չարին գոյութիւնը չեմ ժխտեր, որովհետեւ թէ՛ չարը եւ թէ հոգեւոր ուժերը իրականութիւն են մեր կեանքին մէջ: Սակայն, վտանգաւոր վարդապետական մօտեցում կը նկատեմ բախումային Աստուածաբանութիւնը (conflict theology), որ զԱստուած սատանային դէմ կը դնէ տիեզերական մարտնչումի մը մէջ: Չկան մարտնչող երկու կողմեր. մէ՛կ զօրութիւն կայ, այդ ալ Տիրոջ զօրութիւնն է: Անոր դէմ գործող ամէն ուժ կը մնայ խղճալի եւ սպառած (Մտ 25.41) (100):
* Հաւատամք
Եկեղեցւոյ Հաւատամքը վարդապետական յօդուած մը չէ պարզապէս, ո՛չ ալ ակադեմական աշխատութիւն մը: Հաւատամքը քրիստոնեային համար այն խարիսխն է, որուն վրայ կը հիմնէ իր ամբողջ կեանքը: Չենք կրնար մէկ կողմէ Եկեղեցւոյ անդամ ըլլալ, իսկ միւս կողմէ ինքնագը-լուխ հաւատք եւ կենցաղ որդեգրել (121):
* Հերետիկոս
Հերետիկոսը իր գիտակից արարքներով ո՛չ միայն կը քանդէ քրիստոնէական հաւատքին ամբողջականութիւնը, այլեւ պառակտումներ ու բաժանումներ կը ստեղծէ Եկեղեցիէն ներս: Հերետիկոսը այն անձն է, որ գիտակցաբար եւ աշխոյժ քարոզչութիւններով կը մարտնչի Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն դէմ եւ աննահանջ կերպով կը շարունակէ իր անուղղայ գործունէութիւնը: Սխալած կամ շեղած ըլլալու իրողութեան մէջ չէ, որ մարդ հերետիկոս կը նկատուի, այլ՝ յամառ ու գործօն քա-րոզչութեան պատճառով: Եկեղեցւոյ սուրբերէն եւ նոյնիսկ հայրերէն շատեր թերի կամ սխալ տարրեր ունեցած են իրենց ուսմունքներուն մէջ, սակայն այս մէկը զիրենք հերետիկոսի չի վերածեր (132-133):
* Սուրբ եւ սուրբերու դասակարգում
Եկեղեցին սուրբ կը կոչէ բառին ամբողջական իմաստով անոնք, որոնք անհամեմատելիօրէն իրենց կեանքը հաւատարմութեամբ նուիրեցին Աստուծոյ եւ մնայուն կերպով հաղորդակցութեան մէջ մնացին Բարձրեալին հետ (տե՛ս Եփ 1.1: Կղ1.2: Յյտ 14.12): Զգոյշ պէտք է ըլլալ սակայն մեր մօտեցումներուն մէջ. սուրբերը անսխալական մարդիկ չեն: Անսխալականն ու ամէն մեղքէ վեր եղողը միայն Աստուած Ի՛նք է: Սուրբը այն անձն է, որ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան Աստուծոյ կը վստահի եւ ապաշխարութեան ու ինքնասրբագրութեան ճամբով կը ձգտի առաւել եւս Քրիստոսի նմանիլ:
Կ՚ըսուի, թէ աշխարհի վրայ երկու տեսակ մարդիկ կան. անոնք՝ որոնք մեղաւոր են, բայց իրենք զիրենք սուրբ կը նկատե, եւ անոնք՝ որոնք սուրբ են, բայց իրենք զիրենք մեղաւորներու կարգին կը դասեն: Աստուծոյ ներկայութեան քաղցրութիւնը վայելող մարդը, Աստուծոյ անհամեմատելի վեհութեան առջեւ, չի կրնար ինքզինք կատարեալ եւ սուրբ նկատել եւ ճիշդ այդ պատճառով սուրբեր երբեք իրենք զիրենք սուրբ չեն նկատած:
Աւելցնեմ, որ Եկեղեցւոյ մէջ սուրբերու զանազան դասակարգումներ կան, որոնք ըստ իս կարելի է բաժնել հիմնական եօթ դասաւարումներու.
ա. Առաքեալները ճշմարիտ հաւատքը հռչակողներն են:
բ. Աւետարանիչները Աւետարանը գրի առնող եւ ծանուցողներն են:
գ. Մարգարէները Աստուծոյ պատգամը ժողովուրդին փոխանցողներն են:
դ. Խոստովանողները ուղղափառ հաւատքին համար տառապողներն են:
ե. Մարտիրոսները ուղղափառ հաւատքին համար նահատակուողներն են:
զ. Սրբակեացները վանականներու եւ հոգեւորականաց դասին պատկանող սուրբերն են:
է. Արդարները աշխարհական դասին պատկանող սուրբերն են (137-138):
* Եկեղեցական պաշտամունք
Առաքելական Եկեղեցին կը հաւատայ, թէ եկեղեցին՝ երկրի վրայ Աստուծոյ Արքայութեան ներկայութիւնն ըլլալով, պաշտամունքային փառահեղ արարողութիւններով եւ նաեւ ներքին պատրաստութեամբ, գիտակցութեամբ եւ հաւատարմութեամբ կոչուած է Երկինքի փառքը ցոլացնելու: Այլ խօսքով, պաշտամունքի ժամանակ նախաճաշակը կ՚ունենանք եւ նախապատկերը կը վայելենք Աստուծոյ Արքայութեան եւ Երկինքի զօրքերուն հետ միասին կը պաշտենք Ամենակալ Աստուածը (171-172):
* Խորհուրդ
- Հակառակ այն ճշմարտութեան, որ Սուրբ Խորհուրդներուն զօրութիւնն ու ներգործութիւնը կախեալ չեն քահանային եւ կամ ստացողին արժանիքէն, պէտք է կարեւորութեամբ շեշտել, որ Սուրբ Խորհուրդները կախարդական ծիսակատարութիւններ չեն: Երբ անպատրաստ եւ կամ չկամութեամբ մօտենանք անոնց, շնորհքի տեղ դատապարտութիւն կը բերենք մեր անձերուն վրայ: Սուրբ Խորհուրդներուն դիմող անհատը իր մասնակցութեամբ կը հաստատէ երկնայինին պատկանելու եւ անոր հետ հաղորդակից ըլլալու իր կամեցողութիւնը: Հետեւաբար, անգիտակից եւ կամ անտարբեր մօտեցումով ահռելի յանցապարտութիւն կը գործենք (176):
- Խորհուրդը այն անիմանալի իրականութիւնն է, ուր նիւթականը եւ հոգեւորը, երեւելին եւ աներեւոյթը, երկրաւորը եւ երկնայինը իրարու հետ զօդուելով հաղորդ կը դառնան բնութեան ենթակայ արարեալ հաւատացեալներուս համար: Եկեղեցւոյ խորհուրդները, ծիսական արարողութիւն ըլլալու առընթեր, խորքին մէջ հովուական տարածք ունին, որովհետեւ սերտօրէն կ՚առընչուին հաւատացեալի կեանքին եւ կենցաղակերպին հետ: Արդար պիտի ըլլայ, ուրեմն, հաւատացեալի կեանքը դիտել եւ արժեւորել Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորհուրդներու անմիջական լոյսին տակ (177):
* Մկրտութիւն - Մանուկներու մկրտութիւն
Մկրտութիւնը Աստուծոյ սիրոյ առաջին խորհուրդն է: Ամէն անգամ որ երեխայ մը կամ չափահաս մը մկրտութեան կու գայ, Աստուած Իր սիրոյ ողջոյնով կ՚ողջագուրէ զինք: Երեխաներուն մկրտութիւնը մեծագոյն նշանն է, որ Աստուած մեզ կը սիրէ եւ կ՚ընդունի, մեր անձերուն զԻնք ճանչնալէն ու սիրելէն իսկ առաջ: Իրականութեան մէջ, զգոյշ պէտք է ըլլալ այստեղ, որովհետեւ Առաքելական Եկեղեցին պարզապէս երեխայ մը չի մկրտեր եւ պէտք չէ մկրտէ: Սուրբ Եկեղեցին ընտանիք կը մկրտէ: Այսինքն՝ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակը կը մկրտէ, տուեալ հաւատացեալ ընտանիքին փափաքն ու երաշխաւորութիւնը ստանալէ ետք, որովհետեւ մկրտութիւնը կախարդութիւն չէ, այլ՝ լուրջ յանձնառութիւն: Մկրտութեան խորհուրդին ժամանակ երբ Սուրբ Երրորդութեան անունին կը միանայ մեր անկեղծ հաւատքը, այն ատեն միայն արարողութիւնը Սուրբ Խորհուրդի կը վերածուի: Օգոստինոսի վկայութեամբ՝ «այս հաւատքի բառերը այնպիսի զօրութիւն ունին Աստուծոյ Եկեղեցւոյ մէջ, որ ան որ հաւատքով կը մատուցէ, կ՚օրհնէ եւ կը սրսկէ՝ կը մաքրէ եւ կը սրբէ նոյնիսկ երեխան» (Սուրբ Օգոստինոս, Ճառ Յովհաննու Աւետարանին մասին, 80.3):
Բացայայտ է, որ Աստուծոյ սիրելի ենք մեր ծնունդէն սկսեալ1: Իր որդիները ըլլալու աստուածային շնորհքը բոլորին տրուած պարգեւ է եւ կախեալ չէ մանուկին մտային գիտակցութենէն կամ իմացական կարողութիւններէն: Մանուկը կը մկրտուի ո՛չ թէ որովհետեւ կը հաւատայ, այլ որպէսզի Խաւարի թագաւորութենէն ձերբազատի, Ամենափափաքելիին՝ Փրկիչին ընտանիքին մաս կազմէ եւ ծնողքին մատակարարած հաւատքի կեանքին մէջ Սուրբ Հոգիին օժանդակութեամբ սնի եւ մեծնայ: Մկրտութեամբ Քրիստոսի ճշմարտութեան եւ Սուրբ Հոգիի շնորհներուն հունտը կը դրուի մանուկին մէջ, որ Եկեղեցւոյ եւ տան հոգատարութեամբ ու սնունդով, կ՚աճի եւ կը մեծնայ մարդուն մէջ: Մկրտութեամբ Աստուած Իր շնորհներով եւ ներկայութեամբ կը լեցնէ մարդուս մէջ գտնուող պարապութիւնը: Թէեւ փոքրիկները մեղք չեն գործած, որպէսզի մկրտութեամբ սրբուին, սակայն, ծնողին խիղճը չի կրնար մանուկը դուրս ձգել Քրիստոսի համայնքէն եւ անկէ բխած երկնային լիութենէն եւ իր զաւակը Քրիստոսով վերստին ծնելու եւ Աստուծոյ կողմէ որդեգրելու շնորհներէն զրկել (184-185):
* Պատարագ
Պատարագը քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ հնարքը կամ նորարարութիւնը չէ, այլ Հին Կտակարանին մէջ կը տեսնենք, որ Աստուած ժողովուրդին կը թելադրէ պաշտամունքի եւ պատարագի յատուկ ոճ կազմել: Հին Կտակարանեան պատարագի եւ պաշտամունքի բոլոր մանրամասնութիւնները կը գտնենք Ելքի եւ Ղեւտացւոց գիրքերուն մէջ: Նոր կտակարանեան եկեղեցին Քրիստոսի զոհագործութեան խորհուրդով Հին ուխտի այս պաշտամունքը իր կատարելութեան կը հասցնէ: Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագը, որ դարերու զարգացում կը կրէ, հարազատ կը մնայ Սուրբգրային պաշտամունքային հիմնական ոճին: Պատարագի գլխաւոր տարրերը կը կազմեն՝ շարականի երգեցողութիւնը, Աստուածաշունչի ընթերցումը, աղօթքներու արտասանութիւնը եւ մանաւանդ Սուրբ Հաղորդութեան բաշխումը:
Պատարագը իր էութեամբ աշխոյժ եւ գիտակից մասնակցութիւն կ՚ենթադրէ բոլոր հաւատացեալներէն եւ ո՛չ թէ թատերական լուռ ու սպասողական իրավիճակ, որովհետեւ Սուրբ Պատարագը գերազանցօրէն հաւատացեալի Աստուածաշնչական հաւատքի ու դաւանանքին արտայայտութիւնն է: Եւս առաւել, երբ այս գիտակցութեամբ մաս կազմենք Սուրբ Պատարագին, ժամանակն ու տեւողութիւնն ալ այլեւս կը դադրին ձանձրանալի ու երկար թուելէ (192, 193-194):
* Խոստովանութիւն
Իր մեղքերը խոստովանող հաւատացեալը պարտականութիւնը ունի լրջութեամբ մօտենալու խոստովանանքին, ճշմարտախօս ըլլալու իր անձին եւ դիմացինին հետ: Իր յանցանքներուն ներում ստանալէ ետք, հաւատացեալը պէտք չէ շարունակէ նոյն մեղանչական վիճակին մէջ ապրիլ, որովհետեւ խոստովանութիւնը կախարդութեան արարողութիւն մը չէ, որ մեր գործած մեղքերը կը չէզոքացնէ, այլ՝ Աստուծոյ ճշմարտութեան կը բանայ մեր սիրտերը եւ վերանորոգ հոգիով հաղորդակից դառնալու առիթ կ՚ընծայէ մեզի Յիսուս Քրիստոսի հետ (199):
* Խաչակնքում
Որպէս Առաքելական քրիստոնեաներ, մեր կեանքի ընթացքին զանազան պատճառներով կը խաչակնքենք.
ա. Կը խաչակնքենք երբ մեր համաձայնութիւնն ու համամտութիւնը կ՚ուզենք յայտնել արտասանուած միտքի մը, աղօթքի մը կամ երեւոյթի մը: Ասիկա առաւելաբար կը կատարուի եկեղեցւոյ արարողութիւններուն եւ պաշտամունքի ընթացքին:
բ. Կը խաչակնքենք որպէս անբարբառ աղօթք, Աստուծոյ ներկայութիւնը խնդրելու, չար ներկայութիւններ վտարելու, օրհնելու կամ շնորհակալութիւն յայտնելու:
գ. Կը խաչակնքենք նաեւ օրհնելու համար մեր անձերը աշխատանքէ, ճամբորդութենէ, քնանալէ առաջ կամ օրուան սկիզբը (225):
* Ամուսնութիւն
Ամուսնութեան յաջողութիւնը, արդարեւ, կախեալ է անկէ, թէ որքանո՞վ պսակեալ զոյգերը առիթ տուած են ու կը շարունակեն տալ Աստուծոյ խօսքին ու երկնային շնորհներու ներգործութեան եւ որքանո՞վ անկեղծութեամբ ու գիտակցութեամբ մօտեցած են Սուրբ Պսակի խորհուրդին: Վստահաբար եկեղեցական ամուսնութենէն դուրս կարելի է գիտակից ամուսնական կեանք տեսնել, բայց որքա՛ն աւելիով շնորհալի ու տոկուն ամուսնական կենցաղ կարելի է ապահովել անժամանակ, անվախճան, ամենակարող, ամենախնամ եւ ամենիշխան Յիսուս Քրիստոսի ներկայութեամբ եւ հովանիին տակ (237):
* Սեռային յարաբերութիւն
Շատ մը հեղինակներ սեռային յարաբերութեան երեք նպատակներ կը նշեն.
1. Ծննդագործութիւն:
2. Սիրոյ արտայայտութիւն:
3. Հաճոյք:
Քրիստոնէութեան համար այս երեքը բարի են եւ ամբողջութեամբ ընդունելի: Սակայն, այս երեքը անբաժանելիօրէն զիրար պէտք է ամբողջացնեն եւ երբեք քրիստոնեայ ամուսնացեալ զոյգերուն ընտրութեան առարկայ պէտք չէ ըլլան: Քաջ գիտնալով, որ սեռային զգացումները մարդկային բնութեան մաս կը կազմեն, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան հետեւեալը կը գրէ. «Եթէ կնոջ մը նայելով հաճոյք պիտի զգաս, քու կնոջդ նայէ, զի՛նք սիրէ շարունակաբար, ասոր դէմ օրէնք չկայ» (Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան, Քարոզներ Սուրբ Մատթէոսի Աւետարանին մասին, Քարոզ 17.2): Քրիստոնէական հասկացողութեամբ, սեռային զգացումները կ՚արտայայտուին միա՛յն ամուսնացած զոյգին միջեւ, որուն հիմնանպատակը սուրբ ընտանիք կազմել է: Հետեւաբար, ծննդագործութեան նպատակով սեռային յարաբերութիւնը սուրբ եւ աստուածատուր առաքելութիւն է:
Բացայայտ է նաեւ, որ սեռային յարաբերութիւնը նաեւ ամուսնացեալ զոյգին իրարու հանդէպ սիրոյ եւ գուրգուրանքի արտայայտութիւն մըն է, այլապէս սեռային յարաբերութիւնը կը վերածուի տեսակ մը բռնաբարութեան: Ակներեւ է նաեւ, որ սեռային յարաբերութիւնը հաճոյքի լիացում է: Աստուածաշունչը բացորոշ կերպով այս ճշմարտութեան կ՚անդրադառնայ, ըսելով. «…կնոջ պէտքերը այրը գոհացնէ եւ ամուսինին պէտքերը կինը… որպէսզի չըլլայ որ սատանան ձեզ փորձութեան մղէ…» (տե՛ս Ա. Կր 7.1-7): Հետեւաբար, Եկեղեցին չի ժխտեր գիտնականներու բնութագրումները, սակայն կը զգուշացնէ, թէ այս երեք նպատակները միասին եւ անբաժան կերպով պէտք է արտայայտուին եւ լիութեամբ արժեւորուին ամուսնական սիրալիր կեանքին մէջ (247):
* Անձնասպանութիւն
Անձնասպանութիւնը ներկայ ժամանակներուն, մասնաւորապէս երիտասարդներու պարագային, տարածուած երեւոյթ մըն է դժբախտաբար: Կեանքի դժուարութիւններու կամ իրերայաջորդ յուսահատութիւններու լուծումը կամ անոնցմէ ազատագրումը շատեր ինքնասպանութեան մէջ կը տեսնեն: Կեանքի ծանրութեան տակ մինակ եւ անարժէք զգացող անձը՝ ըլլա՛յ անմիջականօրէն կամ մոլութիւններու ճամբով, անձնասպանութեան կը դիմէ իր կացութեան վերջ տալու համար:
Ասոնց կողքին, Արեւմուտքի մէջ զարգացած է նաեւ բժիշկներու օգնութեամբ կատարուած ինքնասպանութիւնը, երբ մարդիկ ահաւոր ֆիզիքական ցաւի, դըժ-ւարութեան, սխալ որոշումներու կամ իրենց «ապարդիւն» վիճակին չտոկալով, անձնապէս կամ բժիշկներու օժանդակութեամբ վերջ կու տան իրենց կեանքին: Այս մեթոտին մէկ այլ տարբերակը ծանօթ է մեզի euthanasia անունով:
Անձնասպանութիւնը զանազան կերպերով կարելի է կատարել, բայց այդ բոլորի հիմնական նպատակներէն մին աւելի լաւ իրավիճակի մէջ ըլլալն է: Այն մտածումը, որուն համաձայն մարդ՝ անկախ երկրի վրայ իր ապրելակերպէն, այս աշխարհի ցաւերէն ձերբազատելու համար ինքզինք կը սպաննէ, որպէսզի հոգին՝ անմահ ըլլալով, աւելի լաւ իրավիճակի մէջ ըլլայ, իրականութեան մէջ բնաւ քրիստոնէական գաղափար չէ, այլ՝ տեսակ մը պղատոնականութիւն: Քրիստոնէական հասկացողութեամբ, անձնասպանութիւնը մեղք է եւ բացարձակապէս անընդունելի հաւատացեալ մարդուն համար (289):
* Քրիստոնեայ մարդու կեանքին երեք ուղղութիւնները
Քրիստոնեայ մարդուն կեանքը իրարու կապուած երեք ուղղութիւն ունի.
ա. Աստուծոյ հետ:
բ. Մարդուն հետ:
գ. Ստեղծագործութեան հետ:
Եթէ մեղքը տիրապետէ մարդու կեանքին վրայ, այս երեքին հետ անոր յարաբերութիւնները կը քայքայուին: Հետեւաբար, Քրիստոսի իւրաքանչիւր հետեւորդ կոչուած է այս երեք տարածքներուն նկատմամբ առողջ վերաբերմունք ունենալու: Մէկուն խախտումով՝ միւսը կը խարխլի: Մեղքը սկիզբ կ՚առնէ մարդուն միտքին մէջ, ուստի, բնութեան եւ ստեղծագործութեան դէմ կատարուած մարդուն մեղանչումներն ալ միտքին ծագումն են: Օրինական եւ իրաւական սահմանափակումներն ու կարգաւորումները բաւարար չեն, այլ՝ նման միւս մեղքերուն, հիմնական բարոյական եւ հոգեւոր դաստիարակութեան պէտք է ենթարկել մարդու միտքն ու մտայնութիւնը, գոհունակութեամբ եւ գիտակցութեամբ վարուելու Աստուծոյ պարգեւներուն նկատմամբ (303):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
1Աստուածաշունչը հինգ ընտանիքներու մկրտութեան մասին կը խօսի. տե՛ս Առաքեալներու Գործերը 11.13-14, 16.15, 16.33, 18.8: Ա. Կորնթացիներուն 1.16: Շատ անհաւանական է, որ առաջին դարու բազմանդամ այս հինգ ընտանիքներուն մէջ երեխաներ չըլլային: Եւ եթէ այս հինգը յիշուած են, ուրեմն, տրամաբանօրէն պէտք է եզրակացնել, որ չյիշուած ուրիշ ընտանիքներ ալ կրնային մկրտուած ըլլալ պատմութեան այդ ժամանակահատուածին: