ԵՐԵՒԱՆԸ՝ ՔԵՐԹՈՒԱԾԱՅԻՆ ՇՈՒՆՉՈՎ ՈՂՈՂՈՒԱԾ
Յուլիսեան տաք օրերուն մայրաքաղաք Երեւանը կը համակուի արուեստի այն մոգական, գրաւիչ ու անբացատրելի մթնոլորտով, որ տարին միայն մէկ անգամ կրնայ պարգեւել «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը։
Այս տարի փառատօնը կը բոլորէ իր 23-րդ տարեշրջանը՝ տօնական աշխուժութիւն, արուեստի շունչ ու աստղային փայլ բերելով Երեւանի սիրտին մէջ եւ վերստին ապացուցելով շարժանկարային արուեստի անկրկնելի ուժը եւ անոր կարողութիւնը՝ յուզելու եւ վերափոխելու մարդկային հոգիները։
«Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական բացումը փաստեց, որ «Ոսկէ ծիրան»ը վաղուց արդէն դարձած է Հայաստանի կարեւորագոյն մշակութային այցեքարտը։
Տարուէ տարի աւելի շքեղ ու հանդիսաւոր երանգներով կը կատարուի փառատօնի մեկնարկը, իսկ հրաւիրեալներու շարքերն ալ աւելի բազմազան կը դառնան։
Այս տարի փառատօնը նուաճած է նոր բարձունք մը՝ ստանալով Շարժանկարի արուեստի արտադրիչներու միջազգային ընկերակցութեան (FIAPF) «A» դասի հաւատարմագրումը՝ դասուելով աշխարհի շուրջ յիսուն լաւագոյն շարժանկարի փառատօներու շարքին։ «Ոսկէ ծիրան»ը այժմ կը գտնուի Քաննի, Վենետիկի, Պերլինի, Լոքառնոյի եւ այլ հեղինակաւոր փառատօներու հետ նոյն միջազգային չափանիշներու համակարգին մէջ։ Այս մէկը կը բարձրացնէ Հայաստանի տեսանելիութիւնը համաշխարհային արուեստի քարտէսին վրայ եւ նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ ֆիլմարուեստի հայ գործիչներուն համար։
Այս տարի նոյնպէս անդրադարձ կատարուեցաւ հայկական ամենանշանաւոր փառատօնի անցած ճանապարհին։ Անոր ծնունդը պատահականութիւն չէր․ անիկա շարժանկարի արուեստի հանդէպ երկար տարիներու ծարաւի ու սիրոյ արդիւնքն էր՝ երազ մը, գաղափար մը, որ 2004 թուականին ծնունդ առաւ երեք նուիրեալներու միտքին մէջ՝ բեմադրիչ եւ փառատօնի գլխաւոր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանի, շարժանկարի արուեստի քննադատ եւ ծրագիրներու ղեկավար Միքայէլ Ստամբոլցեանի ու կրկին շարժանկարի արուեստի քննադատ եւ գեղարուեստական ղեկավար Սուսաննա Յարութիւնեանի ջանքերով։ Փառատօնը կոչուեցաւ «Ոսկէ ծիրան», որովհետեւ ծիրանը խորհրդանշականօրէն անբաժան է Հայաստանէն. անոր լատիներէն անուանումն իսկ՝ «prunus аrmeniaсa», կը թարգմանուի որպէս «հայկական սալոր», իսկ անոր տաք ծիրանագոյն երանգը կը զարդարէ մեր պետական դրօշը։ Պատահական չէ նաեւ, որ այս տօնախմբութիւնը կը զուգադիպի ու կը կայանայ յատկապէս հայաստանեան ծիրանի ամենահասուն ու ամենաառատ շրջանին՝ երեւանեան ամրան տաքութիւնը համեմելով Հայաստանի արեւահամ բարիքներու ճոխութեամբ։ Փառատօնի մեկնարկը, ինչպէս միշտ, կը կատարուի աւանդական ծիրանօրհնէքով։
Թէեւ Հայաստանի մէջ առաջին շարժանկարի սթուտիոն հիմնադրուած է տակաւին 1923 թուականին, իսկ համր շարժանկարի հսկային՝ Համօ Բէկնազարեանի «Նամուս»ը ցուցադրուած է 1925 թուականին, անկախութեան շրջանին էր, որ Հայաստանի շարժանկարի արուեստը՝ Սերկէյ Փարաջանովի եւ Արտաւազդ Փելեշեանի թողած հարուստ ժառանգութեամբ, սկսաւ աւելի վստահ քայլերով ճեղքել միջազգային հարթակները։ 1991 թուականէն ետք, հայկական ժապաւէնները մեծ արձագանգ գտան Փարիզի Փոմփիտու կեդրոնին (1993), Մոնրէալի (2000), Պոլոնիայի (2003) եւ այլ քաղաքներու ցուցադրութիւններուն, ի յայտ բերելով Յարութիւն Խաչատրեանի, Սուրէն Պապայեանի, Վիգէն Չալտրանեանի, Դաւիթ Սաֆարեանի, Նարինէ Մկրտչեանի, Արսէն Ազատեանի, Էտկար Պաղտասարեանի եւ այլ բեմադրիչներու տաղանդը։ Ակնյայտ դարձաւ, որ շարժանկարի արտադրութեան հարուստ աւանդոյթներ ունեցող երկիրը սեփական միջազգային տօնախմբութեան կարիքն ունէր։
«ՔԵՐԹՈՒԱԾԱՅԻՆ» ՏԱՐԱԾՈՒԹԻՒՆ
Այս տարուան փառատօնի պաշտօնական պաստառը նուիրուած է քերթողական արուեստին եւ կը հրաւիրէ հանդիսատեսը դառնալու շարժանկարի արուեստի քերթուածային տարածութեան մէկ մասնիկը։ Փառատօնի գլխաւոր ուղերձն է՝ շարժանկարէն ակնկալել ո՛չ թէ սոսկ բացատրութիւններ, այլ՝ ներքին բացայայտումներ։ Ինչպէս իւրաքանչիւր քերթուած, այնպէս ալ որակեալ շարժանկարը կը խօսի զգացումներու, տեսանելի պատկերներու եւ ներքին յոյզերու միջոցով՝ ներկայանալով որպէս արուեստի բարձրախաւային դրսեւորում։
Աւանդական կարմիր գորգի փոխարէն, բացման արարողութիւնը ուղեկցուեցաւ «Chora Gavit» յանկարծաստեղծում-ներկայացումով, որ կը միաւորէր շարժանկարը, երաժշտութիւնը, ճարտարապետութիւնն ու մարդկային շարժումը։ Փառատօնի բացումը կատարուեցաւ բեմադրիչ Թամարա Ստեփանեանի «Արտոյի երկիրը» հայ-ֆրանսական համատեղ արտադրութեան ժապաւէնով։ Բեմադրիչը յուզումով նշեց, որ հայրենիքի մէջ ստեղծագործութիւն ներկայացնելը իրեն համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, քանի որ այս ֆիլմը սիրոյ նամակ մըն է հայրենիքին, մեր շարժանկարի արուեստին, մեր վէրքերուն ու կորսնցուցած հողերուն։
ՓԱՌԱՏՕՆԸ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԴԱՇՏԻՆ ՄԷՋ
Այս տարի փառատօնը տեղի կունենայ յուլիսի 12-19 թուականներուն միջեւ․ արուեստ սիրող հանդիսատեսը բացառիկ հնարաւորութիւն պիտի ունենայ Երեւանի գլխաւոր մշակութային կեդրոններուն մէջ դիտելու իննսուն ֆիլմ՝ աշխարհի քառասուն երկիրներէ։
Փառատօնի շրջանակներուն մէջ Հայաստան ժամանած համաշխարհային դէմքերը ո՛չ միայն պիտի զարդարեն փառատօնը իրենց ներկայութեամբ, այլեւ վարպետութեան դասերով ու հանդիպումներով իրենց հարուստ փորձն ու բարձրարժէք արուեստը պիտի ներկայացնեն հայաստանեան արուեստասէրին ու մասնագիտական համայնքին։ Անոնց շարքին են օսքարակիր արտադրիչ Սեւ (Սեւակ) Օհանեան, ֆրանսահայ անուանի դերասան եւ թատերական բեմադրիչ Սիմոն Աբգարեան, լեհ ականաւոր բեմադրիչ Փաւել Փաւլիքովսքի, ինչպէս նաեւ հանճարեղ պատկերահաններ Պրունօ Տելպոնել եւ Մահմուտ Քալարի։
Բացման հանդիսաւոր երեկոյթին, համաշխարհային շարժանկարի արուեստի մէջ ունեցած մեծ ներդրումին համար, Պրունօ Տելպոնելին շնորհուեցաւ հեղինակաւոր «Փարաճանովեան թալեր» մրցանակը։ Միեւնոյն ժամանակ, փառատօնի հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան պատուակալ «Վարպետ» մրցանակը յանձնեց փառատօնի դատակազմի նախագահ, աւստրիացի անուանի բեմադրիչ Ճեսիքա Հաուզներին։
ՃԵՍԻՔԱ ՀԱՈՒԶՆԵՐ՝ ԴԱՏԱԿԱԶՄԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» 23-րդ միջազգային փառատօնի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն է ներկայութիւնը աշխարհահռչակ աւստրիացի բեմադրիչ եւ բեմագիր Ճեսիքա Հաուզների, որ ստանձնած է միջազգային երկարամեթրաժ ֆիլմերու դատակազմի նախագահութիւնը։ Փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ անոր յանձնուեցաւ պատուակալ «Վարպետ» մրցանակը՝ իբրեւ գնահատանք անոր անկրկնելի շարժանկարի արուեստին, որ տարիներ շարունակ կը հարստացնէ համաշխարհային շարժանկարներու գանձարանը։
Ճեսիքա Հաուզներ ծնած է 1972 թուականին, Վիեննա, արուեստագէտներու ընտանիքի մէջ։ Ան նշանաւոր գեղանկարիչ Ռուտոլֆ Հաուզների դուստրն է։ Արուեստի շունչը միշտ առկայ եղած է անոր ընտանիքին մէջ. քոյրը՝ Թանիան, հանրայայտ տարազներու ձեւաւորող է, իսկ միւս քոյրը՝ Քսենիան, թատերական ձեւաւորող ու գեղանկարիչ։
Ճեսիքան իր մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Վիեննայի Շարժանկարի ակադեմիային մէջ, ուր այսօր արդէն ինք կը դասաւանդէ՝ իր հարուստ փորձը փոխանցելով երիտասարդ սերունդին։
Հաուզների անունը միջազգային բարձր ատեաններու մէջ հնչած է 2001 թուականին, երբ անոր «Սիրելի Ռիթա» ֆիլմը ներկայացուած է Քաննի փառատօնի «Յատուկ հայեացք» բաժնին մէջ։ Այն ժամանակ, երբ աւստրիական շարժանկարի շուկան համակուած էր պարզունակ կատակերգութիւններով, Հաուզների այս խոր եւ անհանգստացնող հեղինակային գործը թարմ օդի կում մը դարձաւ ազգային շարժանկարի համար։
Հայաստան ժամանած Ճեսիքա Հաուզներ միայն ստեղծագործող չէ, այլեւ շարժանկարի աշխարհի ամենաազդեցիկ դատաւորներէն մէկը։ Ան բազմիցս եղած է Քաննի շարժանկարի փառատօնի զանազան անուանակարգերու դատակազմի անդամ (2011, 2016, եւ գլխաւոր դատակազմին մէջ՝ 2021 թուականին)։ 2024 թուականի մայիսին ան ստանձնեց Լոքառնոյի հեղինակաւոր փառատօնի գլխաւոր դատակազմի նախագահութիւնը։
2017 թուականէն ի վեր Հաուզներ հանդիսաւոր կերպով անդամագրուած է Ամերիկեան շարժապատկերի ակադեմիային, ինչ որ անոր հնարաւորութիւն կու տայ քուէարկելու «Օսքար» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ։
Այսօր, Ճեսիքա Հաուզներ կը համարուի աւստրիական շարժապատկերի ամենավառ եւ ազդեցիկ դէմքերէն մէկը։
Երեւանի մէջ անոր ներկայութիւնն ու նախագահութիւնը «Ոսկէ ծիրան»ի դատակազմին մէջ՝ նախ բարձր կշիռ կու տայ փառատօնին, նաեւ հայ հանրութեան համար բացառիկ առիթ է՝ շփուելու մտածող եւ համարձակ ձեռագիր ունեցող գործչի մը հետ։
«ՆԱՄՈՒՍ»Ի 100-ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ
Այս տարուան յատուկ յոբելեաններէն է հայկական առաջին գեղարուեստական ժապաւէնի՝ «Նամուս» ֆիլմի 100-ամեակը։
1925 թուականին «Հայֆիլմ»ի մէջ նկարահանուած այս գլուխ գործոցը, որ հիմնուած է Ալեքսանտր Շիրվանզատէի համանուն տրամային վրայ, կը պատմէ Սէյրանի եւ Սուսանի ողբերգական սիրոյ պատմութիւնը՝ ճնշուած նահապետական խստաշունչ սովորութիւններով ու զրպարտութեամբ։ Այս առթիւ, աշխարհահռչակ շեփորահար Իպրահիմ Մալուֆ հանդիսատեսին նուիրեց բացառիկ երաժշտական կատարում մը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով հայկական համր շարժանկարի առաջնեկին։ «Նամուս»ի հարիւրամեակը նաեւ յիշեցում մըն է, որ հայկական շարժանկարը կը կրէ ամբողջ դար մը երկարող յիշողութիւն։
«Ոսկէ ծիրան»ը կը գործէ «Մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկ» մշտական կարգախօսով։ Այս մէկը լաւագոյնս կ՚արտայայտէ Հայաստանի պատմական ուժն ու դիրքը. երկիր մը, որ հազարամեակներ շարունակ եղած է աշխարհաքաղաքական բախումներու թիրախ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, կերտած է զանազան ազդեցութիւններով հարուստ ու կենսունակ քաղաքակրթութիւն։ Փառատօնը կը ջատագովէ համամարդկային արժէքները՝ խաղաղութիւնը, համերաշխութիւնն ու երկխօսութիւնը։ Այստեղ կը համախմբուին տարբեր ազգային պատկանելիութիւն, կրօն եւ ինքնութիւն ներկայացնող ֆիլմեր, որոնք կը պատկերեն մարդկային փորձառութեան ողջ գունապնակը՝ ուրախութիւններն ու տառապանքները, երբ մարդիկ կը փորձեն վերագտնել իրենց ինքնութիւնը՝ սահմաններ չճանչցող արդի աշխարհին մէջ։
Ի տարբերութիւն համաշխարհային այլ հսկայ փառատօներու, «Ոսկէ ծիրան»ը իւրայատուկ է իր համեմատաբար փոքրածաւալ, բայց ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտով։ Ֆիլմերը կը ներկայացուին երկու միջազգային մրցութային բաժիններու մէջ՝ խաղարկային եւ վաւերագրական։ Իւրաքանչիւր անուանակարգի մէջ կը շնորհուի մէկ «Ոսկէ ծիրան»՝ իբրեւ գլխաւոր մրցանակ եւ «Արծաթէ ծիրան»՝ իբրեւ յատուկ յիշատակում։
Յատուկ տեղ կը գրաւէ համահայկական մրցութային բաժինը՝ «Հայկական համայնապատկեր»ը, որ նախատեսուած է հայկական ծագում ունեցող գործիչներու համար։ Կը ցուցադրուին նաեւ արտամրցութային շարժանկարներ։
ԼԵԶՈՒԻ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ․ «ՊԱՐՏԷԶԸ, ՈՐ ԵՐԱԶԵՑ ՔԵԶ»
«Ոսկէ ծիրան»ի պաշտօնական բացումէն ճիշդ մէկ օր առաջ, Երեւանի մէջ կայացաւ ոչ-մրցութային շարժանկարներու ցուցադրութիւն մը։ Անոնց շարքին հանդիսատեսին ներկայացուեցաւ հայրենի բեմադրիչ, Փարիզ ուսանող Ժասմին Ռազարեանի «Պարտէզը, որ քեզ երազեց» ֆիլմը՝ նուիրուած սփիւռքահայ գրող, գրականագէտ ու մտաւորական Գրիգոր Պըլտեանին։
Այս վաւերագրական ժապաւէնը շարժանկարի արուեստի անկրկնելի ուժով կը սրբագրէ այն թիւր պատկերացումը, թէ արեւմտահայերէնը դատապարտուած է մահուան։ Վաթսուն տարի շարունակ Փարիզի մէջ արեւմտահայերէնով ստեղծագործած Գրիգոր Պըլտեանը, այսօր՝ ութսուն տարեկան հասակին, կը շարունակէ ապրիլ նոյն բնակարանին մէջ եւ գրել ու արարել այն կենդանի լեզուով, որ շատերուն համար լոկ պատմական յուշ կը թուէր։
Ժասմին Ռազարեանի ֆիլմը հազուագիւտ ու բացառիկ պատուհան մըն է դէպի մեծ գրողին անձնական աշխարհը։
Շարժանկարը զուգահեռաբար կը բացայայտէ Գրիգոր Պըլտեանի կապը Երեւանի հետ, ուր ան վերջին տարիներուն դարձած է սպասուած ու սիրուած դէմք՝ մանաւանդ երիտասարդական որոշակի գրական շրջանակներու մէջ։ Երեւանը, ինչպէս եւ Փարիզը, խորապէս հարազատ ու սիրելի քաղաք է գրողին համար։
Յուշերու թելը զինք անպայման կը տանի նաեւ Պէյրութ, ուր ան ծնած ու ուսանած է եւ ուրկէ ետք մեկնած է Փարիզ՝ հեռանալու, առանձնանալու եւ ստեղծագործելու համար։ Պըլտեանի փարիզեան տունը լեցուն է անթիւ գիրքերով, ծաղիկներով ու մանր իրերով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, անկասկած, ունի իր սեփական, խորհրդաւոր պատմութիւնը։ Գրողը կը պատմէ իր կեանքի ու գրականութեան մասին՝ ջնջելով սահմանագիծը առօրեայի եւ ստեղծագործական արարումի միջեւ։
Զարմանալի ու գնահատելի է այն ճարտարութիւնը, որով բեմադրիչն ու ֆիլմի ընթացքին Պըլտեանին ուղեկցող պոլսահայ երիտասարդ գրող Քրիստիան Բատիկեան յաջողած են անկեղծութեան մղել մերօրեայ մեծագոյն մտաւորականներէն մէկը։ Հանդիսատեսը հնարաւորութիւն կը ստանայ լսելու անոր անկաշկանդ ու անկեղծ մտորումները իր ժամանակակիցներուն, Ֆրանսայի գրական միջավայրին եւ, ի վերջոյ, իր կնոջ մասին։
Յատկանշական է նաեւ, որ քանի մը անգամ Պըլտեանի հսկայ գրադարանը ցուցադրելու ընթացքին ֆիլմին մէջ ակնառու տեղ մը երեւցաւ Ռուբէն Զարդարեանի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակչատունէն լոյս տեսած «Յօդուածներ» գիրքը։
ԻՊՐԱՀԻՄ ՄԱԼՈՒՖ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Այս օրերուն նաեւ Երեւանի ամրան մշակութային եռուզեռը կը պատրաստուի հիւրընկալելու արդի երաժշտարուեստի ամենասպասուած ու տպաւորիչ դէմքերէն մէկը։ Լիբանանեան ծագումով ֆրանսացի հանրայայտ շեփորահար, դաշնակահար եւ երաժշտահան Իպրահիմ Մալուֆ ժամանած է Երեւան։ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնի ծիրէն ներս իր մասնակցութենէն բացի, արուեստագէտը հայ հանդիսատեսին պիտի պարգեւէ երկար սպասուած, բացառիկ մենահամերգ մը, որ խոստմնալից տօն է որակեալ երաժշտութեան բոլոր սիրահարներուն համար։
Իպրահիմ Մալուֆ ծնած է 1980 թուականին, Լիբանան, արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու յայտնի ընտանիքի մէջ։ Անոր հայրը՝ Նասիմ Մալուֆը, տաղանդաւոր շեփորահար է, մայրը՝ Նատա Մալուֆը՝ դաշնակահարուհի, հօրեղբայրը՝ աշխարհահռչակ գրող Ամին Մալուֆը, իսկ մեծ հայրը՝ ծանօթ լրագրող, բանաստեղծ ու երաժշտագէտ Ռուշտի Մալուֆը։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատճառով ընտանիքը ստիպուած կը հեռանայ հայրենիքէն եւ կը հաստատուի Փարիզի արուարձաններէն մին։ Հոն ալ Իպրահիմը, 7 տարեկան հասակին, հօր անմիջական ղեկավարութեամբ կը սկսի սորվիլ փողային գործիքներ նուագել։ Նասիմ Մալուֆ որդիին կը փոխանցէ դասական երաժշտութեան արուեստը եւ արաբական երաժշտութեան յանկարծաբանութեան նուրբ գաղտնիքները։
Իպրահիմի հայրը՝ Նասիմ Մալուֆ, աշխարհին յայտնի է որպէս յատուկ՝ չորս փական ունեցող շեփորի գիւտարարը: Այս գործիքը թոյլ կու տայ շեփորով նուագել արաբական աւանդական մեղեդիներու քառորդ թոները (մաքամներ), ինչ որ անհնար էր սովորական արեւմտեան շեփորով: Այս բացառիկ ժառանգութիւնը դարձաւ Իպրահիմի ինքնատիպ ձայնի հիմնաքարը:
Թէեւ պատանի Իպրահիմը մեծ յաջողութիւններ ունէր ճշգրիտ գիտութիւններու մէջ եւ փայլուն կերպով յանձնած էր ուսողութեան աւարտական քննութիւնները, սակայն, առասպելական շեփորահար Մորիս Անտրէի հետ հանդիպումը կը փոխէ անոր կեանքի ընթացքը։ Վերջինիս խորհուրդով՝ Իպրահիմը կ՚որոշէ իր կեանքը վերջնականապէս կապել երաժշտութեան հետ։
Ան կը ստանայ բարձրագոյն երաժշտական կրթութիւն Փարիզի Ազգային երաժշտանոցին մէջ։ 1999-2003 թուականներուն երիտասարդ շեփորահարը կը դառնայ աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ կայացած 15 հեղինակաւոր դասական մրցոյթներու դափնեկիր՝ արժանանալով առաջին մրցանակներու։
Անոր համերգները իսկական ծիսակատարութիւններ են. ուժգին, պարային եւ կենսատու կշռոյթները յանկարծ տեղի կու տան երազկոտ, առեղծուածային ու հանդարտ պահերու, զորս յօրինողը կը սիրէ կոչել «համատեղ աղօթք»։
Երեւանեան համերգը նոյնպէս կը խոստանայ ըլլալ տաք ու անմիջական։ Հայ հանդիսատեսը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ականջալուր ըլլալու այն կախարդական շեփորին, որ իր մէջ կը կրէ Մերձաւոր Արեւելքի կարօտն ու Փարիզի ազատութիւնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան