ՄԱՐԴԸ՝ ՊԱՏՆԷՇԻ ԵՐԿՈՒ ԿՈՂՄԵՐԸ
Բայց, երբ իր սեփական մարմինը կը սկսի փոխուիլ, անոր աշխարհը կը փոխուի։ Յանկարծ ան կը յայտնուի այն կողմը, որուն նախապէս կը նայէր վերեւէն։ Եւ այստեղ ժապաւէնը շատ խորունկ միտք մը կը դնէ մեր առջեւ. երբեմն մենք ուրիշի տառապանքը չենք հասկնար, մինչեւ որ անոր տեղը չյայտնուինք։
Վիքուսի մարմնական փոփոխութիւնը միայն գիտաֆանթաստիք հնարք մը չէ։ Ան կարծես հայելի մըն է։ Այն, ինչ որ նախապէս հեռուէն կը դիտէր, այժմ իր մարմնին վրայ կը զգայ։ Այն վախը, որ ուրիշներու մէջ կը ծիծաղեցնէր կամ կը զայրացնէր, այժմ իր վախն է։ Այն մերժումը, որ ուրիշներուն համար բնական կը թուէր, այժմ իրեն կը վերաբերի։
Եւ մարդուն վերաբերմունքը անմիջապէս կը փոխուի։ Ան այլեւս կը դադրի համակարգին համար սովորական աշխատակից մը ըլլալէ։ Ան կը դառնայ փորձարկման առարկայ մը։ Անոր անձնականութիւնը, կարծիքը եւ նախկին դիրքը այլեւս կարեւոր չեն։ Կարեւորը այն է, թէ իր մարմինը ինչ կրնայ տալ ուրիշներուն։
Այստեղ ժապաւէնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ մարդուն արժէքը որքան դիւրութեամբ կրնայ կախեալ դառնալ իր օգտակարութենէն։ Քանի դեռ մարդը մեզի պէտք է, մենք կրնանք անոր արժէք տալ։ Բայց երբ ան այլեւս օգտակար չէ, արդեօք նոյն արժէքը կը պահէ՞։
Այս հարցումը միայն ժապաւէնի աշխարհին չի պատկանիր։
Մարդիկ երբեմն իրենց շրջապատը կը գնահատեն այն չափով, որքան անոնք օգտակար են իրենց։ Աշխատավայրին մէջ, ընկերային յարաբերութիւններու մէջ, նոյնիսկ ընտանիքներու մէջ երբեմն մարդը անգիտակցաբար կը վերածուի իր ունեցած դերին։ Երբ դերը կը փոխուի, վերաբերմունքն ալ կը փոխուի։ Իսկ իրական մարդկայնութիւնը հոն է, ուր մարդուն արժէքը կախեալ չըլլար անոր օգտակարութենէն։
«District 9»ը նաեւ իշխանութեան մասին մտածելու տեղի կու տայ։ Երբ իշխանութիւնը մեծ ուժ կը ստանայ, ան կրնայ մարդուն անունը փոխարինել թիւով, անձը՝ փաստաթուղթով, իսկ կեանքը՝ փորձարկման նիւթով։ Այդ պահուն մարդը այլեւս նպատակ չ՚ըլլար, այլ կ՚ըլլայ միջոց։
Սակայն, ժապաւէնի աշխարհին մէջ ամէն ինչ սեւ ու սպիտակ չէ։ Այլմոլորակայիններն ալ կատարեալ էակներ չեն։ Անոնք ունին իրենց թերութիւնները, վախերը, ագահութիւնը եւ բռնութիւնը։ Եւ հոս է, որ ժապաւէնը աւելի հետաքրքրական կը դառնայ։ Ան չի փորձեր պարզապէս ըսել՝ «մարդիկ վատն են, այլմոլորակայինները լաւ են»։ Փոխարէնը՝ ան կը հարցնէ. ի՞նչ կը պատահի, երբ ուժ ունեցողը որոշէ, թէ ինքը իրաւունք ունի որոշելու ուրիշին ճակատագիրը։
Այս հարցումը կրնայ վերաբերիլ մարդուն, այլմոլորակայինին, պետութեան, կազմակերպութեան կամ որեւէ ուժի։ Որովհետեւ խնդիրը միշտ որո՛ւ տարբեր ըլլալը չէ։ Երբեմն խնդիրը այն է, թէ ո՞վ ունի ուրիշին սահմանները որոշելու իշխանութիւնը։
Ժապաւէնին մէջ տիեզերական ծագում ունեցող էակները ի վերջոյ շատ մարդկային կը դառնան մեր աչքին։ Իսկ մարդիկ՝ երբեմն շատ անծանօթ։ Թերեւս սա է ժապաւէնի ամենամեծ հակասութիւնը։
Մենք միշտ կը կարծենք, որ անծանօթը պէտք է մեզ վախցնէ։ Բայց «District 9»ը կամաց-կամաց կը շրջէ այդ մտածումը։ Գուցէ իրական վտանգը միշտ անծանօթին մօտ չէ։ Գուցէ երբեմն վտանգաւորը այն է, որ մեզի չափազանց ծանօթ է՝ իշխանութեան փափաքը, շահը, վախը, նախապաշարումը եւ ուրիշը վերահսկելու ցանկութիւնը։
Ժապաւէնի վերջաւորութեան Վիքուսի պատմութիւնը ամբողջութեամբ չի փակուիր։ Եւ թերեւս պէտք ալ չէ փակուի։ Որովհետեւ որոշ պատմութիւններ իրենց ուժը կը պահեն այն պատճառով, որ անոնց վերջնական պատասխանը մեզի չեն տրուած։
Օր մը Վիքուսը գուցէ ամբողջութեամբ վերածուի այն էակին, ինչ որ ժամանակին կը վերաբերէր որպէս «ուրիշ»։ Իսկ այդ փոփոխութիւնը կրնայ մեզի ստիպել մտածելու, թէ մարդը ի՞նչ է՝ իր արտաքին տե՞սքը, մարմի՞նը, անո՞ւնը, լեզո՞ւն, ծագո՞ւմը, թէ այն, ինչ որ կը զգայ եւ կը մտածէ։
Երբեմն մենք մարդ ըլլալը կը կապենք արտաքին նշաններու հետ։ Բայց եթէ այդ նշանները փոխուին, արդեօք մարդուն ներքին արժէքը կը փոխուի՞։
Գուցէ ոչ։
Գուցէ մարդը մարդ կը մնայ այն պահուն, երբ իր դիմացինին մէջ կը կարողանայ տեսնել ո՛չ թէ օտարը, այլ կենդանի էակ մը, որ նոյնպէս կը վախնայ, կը կորսնցնէ, կը յիշէ, կը սպասէ եւ սիրոյ կը կարօտի։
«District 9»ը այդ պատճառով կարելի է դիտել ո՛չ միայն որպէս այլմոլորակայիններու մասին պատմութիւն մը, այլեւ որպէս մարդու եւ իր հայելիին հանդիպումը։ Այդ հայելին երբեմն տգեղ է։ Երբեմն անհանգստացնող։ Երբեմն ալ շատ ծանօթ։ Բայց ան անհրաժեշտ է։ Որովհետեւ քաղաքակրթութիւնը գուցէ միայն այն չէ, թէ որքա՛ն յառաջացած ենք թեքնոլոժիք առումով։ Քաղաքակրթութիւնը նաեւ այն է, թէ որքան կրնանք ընդարձակել «մենք»ի սահմանը։
Երբ «մենք»ը կը ներառէ միայն մեզի նմանողները, ան շատ փոքր բառ մըն է։ Իսկ երբ մարդը կը կարողանայ «մենք»ի մէջ տեղ տալ նաեւ անծանօթին, տարբերին, օտարին, նոյնիսկ անոր, որ առաջին հայեացքով իրեն չի նմանիր, այն ժամանակ միայն այդ բառը կը սկսի իրական իմաստ ստանալ։
Գուցէ «District 9»ի ամենամեծ հարցումը հոն է. Երբ օր մը հանդիպինք իսկապէս անծանօթ կեանքի մը, պիտի փորձե՞նք հասկնալ զայն, թէ նախ պիտի կառուցենք պատ մը։
•շար 2 եւ վերջ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ