«ԱՐՄԱՏԱԳԻՐ». ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԸ - ՀԱՅՈՑ ԱՅԲՈՒԲԵՆԻ ՆՈՐԱԴԻՐ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ

Եւրոպայի քաղաքական եւ մշակութային գլխաւոր կեդրոններէն մէկուն՝ Սթրազպուրկի մէջ, վերջերս տեղի ունեցաւ խորհրդանշական եւ նշանակալի մշակութային իրադարձութիւն մը, որուն արձագանգը դուրս եկաւ սովորական մշակութային ձեռնարկի սահմաններէն։ Եւրոպական խորհրդարանի հրապարակին վրայ հանդիսաւոր կերպով բացուեցաւ հայ նախագծողներ Կակա եւ Նարա Ամատունիներու հեղինակած քանդակը՝ «Արմատագիր․ երկխօսութեան ուժը» խորագրով։

Արձանը կը ներկայացնէ հայոց այբուբենը՝ մեկնաբանուած ժամանակակից քանդակագործական լեզուով, սակայն, իր խորհուրդով ան կը դառնայ աւելի լայն պատգամի կրող։ Յուշարձանը կը խօսի լեզուի, ինքնութեան, մշակոյթի եւ ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան մասին՝ այն արժէքներուն, որոնք այսօր եւս կը մնան միջազգային հանրութեան ամենահրատապ խնդիրներու շարքին։

Այս ստեղծագործութիւնը ծնունդ առած է Ամատունիներու ստեղծագործական աշխատարանէն՝ «Design DeLuxe Interior» ընկերութենէն եւ նուիրուած է ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան եւ փոխըմբռնման հիմնարար սկզբունքներուն։

Յուշարձանի գաղափարական առանցքը լեզուն է՝ որպէս մշակոյթի, յիշողութեան եւ ինքնութեան սկզբնաղբիւր։ Հայոց այբուբենը այստեղ կը ներկայանայ ո՛չ միայն որպէս գրային համակարգ, այլեւ քաղաքակրթական ժառանգութիւն, որ դարեր շարունակ պահած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային շարունակականութիւնը։

Յուշարձանի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի ներկայութեամբ՝ Եւրոխորհրդարանի վարչական շէնքին յարակից հրապարակին վրայ։

Միջոցառումը առաջին հայեացքէն մշակութային բնոյթ կը կրէր, սակայն, խորքին մէջ ունէր նաեւ քաղաքական խորհրդանշական նշանակութիւն։ Ան կը շեշտէր Հայաստանի եւ Եւրոպայի միջեւ գոյութիւն ունեցող արժէքային եւ մշակութային կապերը՝ այն յարաբերութիւնը, որ վերջին տարիներուն կը ստանայ նոր քաղաքական եւ հասարակական բովանդակութիւն։

ԱՅԲՈՒԲԵՆԸ՝ ՈՐՊԷՍ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

«Արմատագիր» քանդակը կազմուած է հայոց այբուբենի տառերէն․ մեր այբուբենը՝ աշխարհի հնագոյն եւ ամենայատկանշական գրային համակարգերէն մէկը, իւրօրինակ գեղարուեստական վերաձեւակերպում ստացած է։ 

Արձանի հեղինակները փորձած են ընդգծել, որ հայոց այբուբենի տառերը միայն գրանշաններ չեն, այլեւ իրենց մէջ կը պահեն հայ ժողովուրդի դարաւոր յիշողութիւնն ու պատմական փորձառութիւնը։ 

Հայոց այբուբենը ստեղծուած է հինգերորդ դարուն. Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի այդ արարումը հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ կը նկատուի իրական շրջադարձային պահ մը։ Հայ գիրերու գիւտը լեզուական գործիք տուաւ հայ ժողովուրդին եւ յետագայ բոլոր դարերուն դարձաւ ազգային ինքնութեան ամրապնդման հիմքը։

Այբուբենին միջոցով հայ ժողովուրդը կարողացաւ պահպանել իր լեզուն, գրականութիւնը, պատմութիւնը եւ եկեղեցական աւանդութիւնը։ Անոր շնորհիւ դարեր շարունակ գրուեցան ձեռագիր մատեաններ, թարգմանուեցան աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական գործեր ու ծնունդ առաւ ամբողջ ազգի մը գրական ժառանգութիւնը։

Սթրազպուրկի մէջ տեղադրուած այս արձանը այս իմաստով կը ներկայացնէ նաեւ գաղափարական կամուրջ մը։ Ան կը յիշեցնէ, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունի իր ինքնութիւնը, բայց, միեւնոյն ժամանակ կրնայ մասնակցիլ ընդհանուր արժէքներու տարածքին՝ առանց կորսնցնելու իր արմատները։

Այս գաղափարը կը համընկնի Եւրոպայի քաղաքական փիլիսոփայութեան հիմնարար սկզբունքներուն հետ, որոնք յաճախ կը բնորոշուին «բազմազանութեան մէջ միասնութիւն» արտայայտութեամբ։

«Արմատագիր» քանդակը այս սկզբունքը կը վերածէ տեսանելի խորհրդանիշի։ 

«Արմատագիր» բառն ալ ինքնին իմաստ կը պարունակէ․ «արմատ» բառը կը յիշեցնէ ժողովուրդի պատմութիւնը, լեզուն եւ մշակութային հիմքերը, իսկ «գիր»ը կը մատնանշէ գրաւոր մշակոյթը։

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ՝ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔ

Քանդակի տեղադրութեան վայրը պատահական ընտրութիւն մը չէ։ Սթրազպուրկը երկար տարիներէ ի վեր կը նկատուի Եւրոպայի քաղաքական երկխօսութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը։ Այստեղ կը գտնուին Եւրոխորհրդարանը, Եւրոխորհուրդը եւ բազմաթիւ միջազգային կառոյցներ, որոնք իրենց գործունէութեամբ կը նպաստեն ժողովուրդներու միջեւ համագործակցութեան եւ խաղաղութեան հաստատման։

Քաղաքը իր պատմութեամբ եւ աշխարհագրական դիրքով միշտ եղած է մշակոյթներու եւ լեզուներու հանդիպման վայր։ Այդ պատճառով ալ հայոց այբուբենի ներկայութիւնը այստեղ ունի առանձնայատուկ խորհուրդ։

Կակա եւ Նարա Ամատունիները իրենց ելոյթին մէջ ընդգծեցին այս հանգամանքը՝ նշելով. «Մեզի համար մեծ պատիւ եւ պատասխանատուութիւն է ներկայացնել մեր ստեղծագործութիւնը այստեղ՝ Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոպական խորհրդարանի հրապարակին վրայ։ Այս վայրը կը խորհրդանշէ ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութիւնը, փոխադարձ յարգանքը եւ խաղաղ համակեցութիւնը»։

Անոնք նաեւ ընդգծեցին, որ քանդակը փորձ մըն է ստեղծելու մշակութային կամուրջ մը՝ լեզուի եւ արուեստի միջոցով։

Կարեւոր հանգամանք մըն ալ այն է, որ արձանը ժամանակաւոր ցուցադրութեան համար չէ տեղադրուած։ Զայն մշտապէս պիտի մնայ հրապարակին վրայ։ Այս փաստը իրադարձութիւնը կը դարձնէ պատմական նշան մը՝ Եւրոպայի մէջ հայկական մշակոյթի մնայուն ներկայութեան մասին։

ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Բացման հանդիսութեան ընթացքին Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլա իր ելոյթին մէջ նոյնպէս շեշտեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ իբրեւ ժողովրդավարութեան անկիւնաքար։ Ան նշեց, որ երկխօսութիւնը այն ուժն է, որ կը միացնէ հասարակութիւնները եւ կը մղէ զանոնք դէպի յառաջընթաց։

«Եւրոպական խորհրդարանը իր էութեամբ երկխօսութեան կառուցում է՝ միմեանց հետ, քաղաքացիներու հետ եւ մեզ շրջապատող աշխարհի հետ», ըսաւ Ռոպերթա Մեցոլա։

Խօսելով հայկական արձանին մասին՝ ան ընդգծեց, որ հայոց այբուբենը այս գեղեցիկ ստեղծագործութեան միջոցով իր տեղը կը հաստատէ այն հարուստ եւ բազմազան աշխարհին մէջ, որ կը կոչուի Եւրոպա։

Իր խօսքին մէջ ան նաեւ մէջբերեց հայ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի նշանաւոր տողերը.

«Ուր էլ լինես,
այս լուսնի տակ ուր էլ գնաս,
քո մայր լեզուն չմոռանաս»։

ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ ելոյթին մէջ անդրադարձաւ հայոց այբուբենի պատմական նշանակութեան։

Ան յիշեցուց, որ հայոց գիրերը ստեղծուած են հինգերորդ դարուն եւ դարեր շարունակ եղած են հայկական ինքնութեան ամենէն ամուր հիմնասիւներէն մէկը։

Վարչապետը նաեւ շեշտեց, որ այս արձանը կը մարմնաւորէ հայկական եւ եւրոպական ինքնութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող գաղափարական կապը։

«Խօսքը, գիտելիքը եւ թեքստը ժողովրդավարութեան ուժեղագոյն խորհրդանիշներէն են։ Հնարաւոր չէ ունենալ ժողովրդավարութիւն առանց գիրի, առանց խօսքի, առանց հաղորդակցութեան, առանց օրէնքներու եւ առանց հանրային քննարկման», նշեց ան։

Այս տեսանկիւնէն հայոց այբուբենը Եւրոպայի սրտին մէջ կը վերածուի ազատ խօսքի, կրթութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման խորհրդանիշի։

ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՂ ԶՈՅԳԸ

Քանդակի հեղինակները՝ Կակա եւ Նարա Ամատունի ամուսինները, հայկական նախագծային արուեստի եւ ստեղծագործական աշխարհին մէջ վաղուց արդէն հաստատուած անուններ են։

Անոնք «Design DeLuxe Group» ձեւաւորման նշանաւոր ընկերութեան հիմնադիրներն են եւ կը գործեն ճարտարապետական եւ ներքին ձեւաւորման ոլորտին մէջ՝ զբաղելով շէնքերու ներքին եւ արտաքին յարդարմամբ, պանդոկներու, ճաշարաններու, սրճարաններու եւ մշակութային միջավայրերու ձեւաւորմամբ։

Ընկերութիւնը հիմնադրուած է 1998 թուականին եւ տարիներու ընթացքին դարձած է ոլորտի կարեւոր դերակատարներէն մէկը։

2009 թուականին Հայաստանի մէջ հիմնուած է նաեւ համանուն «Design DeLuxe» ամսագիրը, որ ժամանակին կը նկատուէր ճարտարապետութեան եւ գեղազարդութեան ոլորտի հեղինակաւոր հրատարակութիւններէն մին։

Կակա Ամատունին երկար տարիներ զբաղեցուցած է նաեւ Երեւանի գլխաւոր ձեւաւորողի պաշտօնը։ Իր գործունէութեան ընթացքին իրականացուած են քաղաքային միջավայրի բարեկարգման եւ ձեւաւորման շարք մը նախաձեռնութիւններ։

Այս նախաձեռնութիւններուն մէջ յատկապէս կը նշուի անոր օրով վերականգնումը Երեւանի պատմական կամարներու, որոնք նոր գեղագիտական շունչ ստացան եւ դարձան քաղաքային դիմագիծի կարեւոր բաղադրիչներ։

Նարա Ամատունին իր հերթին կը զբաղի ստեղծագործական եւ արուեստի ուղղութեան ղեկավարութեամբ՝ մասնակցելով մշակութային եւ միջազգային համագործակցութեան բազմաթիւ նախագիծերու։

Զոյգը բազմիցս մասնակցած է միջազգային մրցոյթներու եւ արժանացած մրցանակներու։

Անոնք նաեւ անդամ են «Հայկօ Յակոբեան» մշակութային հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին՝ նպաստելով վաղամեռիկ երգիչ եւ արուեստագէտ Հայկոյի ստեղծագործական ժառանգութեան պահպանման եւ տարածման գործին։

ՔԱՂԱՔԻ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵՐՊԱՐԻ ՈՐՈՆՈՒՄԸ

Կակա եւ Նարա Ամատունիներու վերջին շրջանի ուշագրաւ նախաձեռնութիւններէն մէկը Երեւանի Իսահակեան փողոցին վրայ՝ թիւ 28 հասցէին բացուած նոր ճաշարանին ձեւաւորումն է։ «Պաւլէ» անունով այդ նրբաճաշակ ճաշարանը քանի մը ամիսներու ընթացքին արդէն դարձած է գեղեցիկը գնահատողներու համար այցելութեան վայր։

Այս միջավայրը միայն բարձրակարգ ճաշարան մը չէ, այլ նաեւ մշակութային յղում մը հայկական շարժապատկերի եւ գրականութեան աշխարհին։

Ճաշարանը ներշնչուած է 20-րդ դարու հայ ժամանակակից գրող Հրանդ Մատթէոսեանի նշանաւոր «Մենք ենք, մեր սարերը» պատմուածքէն եւ անոր վրայ հիմնուած համանուն շարժանկարէն, որ խորհրդային տարիներուն մեծ ժողովրդականութիւն վայելած էր հայ հանդիսատեսին մօտ։

Հնձող մշակ Պաւլէն՝ այդ ստեղծագործութեան ամենայիշարժան հերոսներէն մէկը, այստեղ կը վերածուի գաղափարի խորհրդանիշի։ Ան կը մարմնաւորէ պարզութիւնը, ազնուութիւնը եւ այն մարդկային բնաւորութիւնը, որ դարերով կապած է հայ մարդը իր հողին, իր սարերուն եւ իր մշակոյթին։

«Պաւլէ» ճաշարանը Ամատունիներու ձեւաւորմամբ կը փորձէ ստեղծել միջավայր մը, ուր մշակոյթը չի սահմանափակուիր միայն թեմաթիք նշաններով, այլ կը դառնայ ամբողջական մթնոլորտ։

Ներքին ձեւաւորումը կառուցուած է շարժանկարի աշխարհէն ներշնչուած պատկերներով եւ խորհրդանիշերով։ Ճաշարանի մուտքէն սկսեալ՝ այցելուն կը հանդիպի մանրամասն մշակուած նիւթերու՝ դրան բռնակէն մինչեւ աստիճանավանդակ, բնական քարերով երեսապատուած մակերեսներէն մինչեւ պատերու գաճաքարէ արձանիկները։ Անոնցմէ մէկը կը պատկերէ վիպակի հերոսները՝ հնձուորներն ու հովիւները․․․

Պատերուն կախուած նկարները եւս կը լրացնեն այդ միջավայրը՝ ստեղծելով այնպիսի զգացում մը, կարծէք այցելուն կը գտնուի ո՛չ թէ ճաշարանի մէջ, այլեւ մշակութային պատմութեան փոքրիկ բեմին վրայ։

Այս նախագիծը նաեւ համարձակ վերափոխում մըն էր։ Տարիներ շարունակ Երեւանի մշակութային եւ գիշերային կեանքի սիրուած վայրերէն մէկը եղած «Mezzo Club»ը ամբողջովին փոխակերպուեցաւ նոր գաղափարով եւ նոր ինքնութեամբ։

«Մենք ենք, մեր սարերը» ստեղծագործութեան կերպարները տարիներ շարունակ կը յիշեցնեն, թէ հայ մարդուն ուժը կու գայ իր արմատներէն՝ իր սարերէն, իր հողէն եւ իր մշակոյթէն։

Նոյն գաղափարը, տարբեր արտայայտութեամբ, կը շարունակէ նաեւ Ամատունիներու ստեղծագործական աշխարհը՝ թէ՛ քաղաքային միջավայրի ձեւաւորման մէջ, թէ՛ մշակութային նախաձեռնութիւններու։

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԸ 

Սթրազպուրկը այսօր կը նկատուի Եւրոպայի ամենակարեւոր քաղաքական քաղաքներէն մէկը։ Քաղաքը Ֆրանսայի արեւելեան մասը կը գտնուի՝ Գերմանիոյ սահմանին։ Ան պատմական Ալզաս շրջանի մայրաքաղաքն ու մշակութային կեդրոնն է։

Մօտ երեք հարիւր հազար բնակչութիւն ունեցող քաղաքը իր արուարձաններով կը կազմէ կէս միլիոնէ աւելի բնակչութիւն ունեցող մեծ քաղաքային տարածք։ Սակայն Սթրազպուրկի կարեւորութիւնը միայն իր բնակչութեամբ չէ, այլ այն հանգամանքով, որ քաղաքը կը հանդիսանայ միջազգային կազմակերպութիւններու կարեւոր նստավայր։

Բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայութեան պատճառով Սթրազպուրկը յաճախ կը կոչուի «Եւրոպայի մայրաքաղաք»։ Ան կը դասուի այն սակաւաթիւ քաղաքներու շարքին, որոնք աշխարհի քաղաքական կեանքին մէջ մեծ դեր ունին՝ առանց իրենց պետութեան մայրաքաղաքը ըլլալու։ Նոյն կարգին մէջ կը գտնուին նաեւ Ժընեւը, Հաական եւ Նիւ Եորքը։

Սթրազպուրկը իր պատմութեան ընթացքին միշտ գտնուած է Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մշակութային ազդեցութիւններու սահմանագծին վրայ։ Այդ պատճառով ալ քաղաքը դարեր շարունակ դարձած է երկու քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայր։

Քաղաքը հին ժամանակներուն կը կոչուէր Արժանթորաթում եւ առաջին անգամ կը յիշատակուի հռոմէական աղբիւրներու մէջ՝ Նախքան Քրիստոս առաջին դարուն։ Յետագային ան դարձաւ կարեւոր միջնադարեան քաղաք եւ ազատ կայսերական քաղաք՝ Սրբազան Հռոմէական կայսրութեան սահմաններուն մէջ։

Քաղաքը բազմիցս անցաւ ֆրանսական եւ գերմանական իշխանութիւններու միջեւ, սակայն, այդ պատմական պայքարները վերջապէս քաղաքը վերածեցին խորհրդանիշի մը՝ ֆրանքօ-գերմանական հաշտութեան եւ համագործակցութեան։

1949 թուականէն սկսեալ Սթրազպուրկը դարձաւ Եւրոպայի խորհուրդի նստավայրը։ Այս ընտրութիւնը կատարուեցաւ յատկապէս այն գաղափարով, որ քաղաքը պիտի խորհրդանշէ խաղաղութիւնը եւ հաշտութիւնը այն ժողովուրդներուն միջեւ, որոնք դարեր շարունակ պատերազմած էին միմեանց դէմ։

Քաղաքական կառոյցներու կողքին քաղաքը նաեւ կրթական եւ մշակութային կեդրոն մըն է։ Սթրազպուրկի համալսարանը Ֆրանսայի խոշորագոյններէն մէկն է եւ գիտական հետազօտութեան կարեւոր կեդրոն։ 

Ահա քաղաքային նման միջավայրի մէջ տեղադրուած «Արմատագիր․ երկխօսութեան ուժը» քանդակը կը ստանայ իր ամբողջական խորհուրդը։ Ան նաեւ կը յիշեցնէ հայ ժողովուրդին դարաւոր ներկայութիւնը եւ մշակութային մասնակցութիւնը Եւրոպայի պատմութեան մէջ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2026