ԱՊՐԷ՛ ՆԵՐԿԱՅ ՊԱՀԸ. ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԵՒ ԵՐԷԿ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ
Մարդ արարածը տարօրինակ սովորութիւն մը ունի․ իր կեանքը կը փնտռէ այն ժամանակներուն մէջ, որոնք այլեւս գոյութիւն չունին կամ դեռ գոյութիւն չեն ունեցած։ Ան յաճախ կը վերադառնայ երէկին՝ վերլուծելու, թէ ի՛նչ եղաւ, ինչո՛ւ այդպէս եղաւ, ի՛նչ պէտք է ըսէր կամ ինչպէ՛ս պէտք է վարուէր, եթէ ժամանակը ետ դառնար։ Իսկ երբ կը ձանձրանայ երէկի հաշիւներէն, կը սկսի ապրիլ վաղուան մէջ՝ մտածելով, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ, ի՛նչ կրնայ պատահիլ, ի՛նչ պէտք է պատրաստէ, ի՛նչ պէտք է ձեռք ձգէ եւ արդեօք վաղը իր ուզածին պէս պիտի ըլլա՛յ։
Եւ այս ամբողջ մտորումներուն մէջ կը մոռնայ ամենակարեւոր բանը․ ներկայ պահը։
Ապրէ՛ ներկայ պահը, վաղը պիտի գայ եւ երէկ պիտի ըլլայ արտայայտութիւնը պարզ խորհուրդ մը չի տար։ Ան մեզի կը յիշեցնէ կեանքի ամենահիմնական ճշմարտութիւններէն մէկը․ մարդուն իրական ժամանակը ներկան է։ Երէկ այլեւս մեր ձեռքին չէ, իսկ վաղը տակաւին մեր ձեռքին է։ Մեր ափերուն մէջ մնացած միակ բանը այս կարճ, փխրուն եւ անընդհատ անցնող պահն է։
Երէկը մեզի կը պատկանի միայն որպէս յիշողութիւն։ Ան կրնայ մեզի դաս տալ, կրնայ մեզի ժպիտ պարգեւել, կրնայ նաեւ ցաւցնել։ Բայց ան այլեւս փոփոխելի չէ։ Ինչ որ ըսուած է՝ ըսուած է, ինչ որ եղած է՝ եղած է, իսկ այն դռները, որոնք փակուած են, կարելի չէ անվերջ կանգնիլ անոնց առջեւ եւ սպասել, որ իրենք իրենց բացուին։ Երէկը պէտք է հասկնալ, ո՛չ թէ այնտեղ ապրիլ։
Յաճախ մեր ամենամեծ հոգերը անցեալի մէջ մնացած բաներու հետ մեր ունեցած անընդհատ զրոյցներէն կը ծնին։ Մեր մտքին մէջ կը վերապրինք նոյն տեսարանը, նոյն խօսակցութիւնը, նոյն սխալը։ Կը մտածենք․ «եթէ այն օրը ուրիշ բան ըսէի…», «եթէ այդ որոշումը չառնէի…», «եթէ այդ մարդուն չվստահէի…»։ Բայց ժամանակը «եթէ»ներով չի շարժիր։ Ան յառաջ կ՚երթայ՝ անկախ մեր ափսոսանքներէն։
Իսկ վաղը ուրիշ ծուղակ մըն է։
Մենք երբեմն այնքան շատ կը զբաղինք վաղուան կեանքով, որ կը մոռնանք այսօր ապրիլ։ Կը մտածենք, թէ «երբ այս մէկը ունենամ, պիտի երջանկանամ», «երբ այս գործը աւարտի, պիտի հանգստանամ», «երբ աւելի շատ դրամ ունենամ, աւելի երջանիկ պիտի ապրիմ», «երբ ճիշդ մարդը գտնեմ, պիտի սիրեմ», «երբ բոլոր խնդիրներս լուծուին, վերջապէս խաղաղ պիտի ըլլամ»։ Բայց կեանքը այդպէս չի սպասեր։
Խնդիրներէն մէկը կը լուծուի, ուրիշ մը կը ծնի։ Մէկ նպատակին կը հասնինք, ապա նոր նպատակ մը կը դնենք մեր առջեւ։ Մենք կը կարծենք, թէ երջանկութիւնը յաջորդ կանգառին է, մինչդեռ ճամբու կողքին անցնող փոքրիկ գեղեցկութիւնները չենք նկատեր։
Երբեմն երջանկութիւնը մեծ իրադարձութիւն մը չէ։ Ան կրնայ ըլլալ առաւօտեան պատուհանէն ներս մտնող արեւի լոյսը, սիրելի մարդու մը ձայնը, տաք սուրճի մը բոյրը, երկար սպասուած գրկախառնութիւնը, ծիծաղը, որ անսպասելիօրէն կը պայթի սենեակի մը մէջ, կամ երեկոյեան այն խաղաղութիւնը, երբ հասկնաս, որ այս օրը դեռ քեզի հետ է։
Մենք այնքան կը սպասենք «մեծ» երջանկութեան, որ չենք նկատեր փոքր երջանկութիւնները, որոնք իրականութեան մէջ կը կազմեն մեր ամբողջ կեանքը։
Այս պահը շատ աւելի թանկ է, քան մենք կը կարծենք։ Որովհետեւ ան անցնելէ ետք պիտի դառնայ երէկ։ Այն խօսակցութիւնը, որ հիմա կրնաս ունենալ, օր մը պիտի ըլլայ յիշողութիւն։ Այն մարդը, որ այսօր կողքիդ նստած է, օր մը կրնայ միայն լուսանկարներուդ մէջ ըլլալ։ Այն տունը, որ այսօր քեզի սովորական կը թուի, օր մը կրնայ դառնալ մանկութեան կամ երիտասարդութեան յիշատակ մը։ Իսկ այն օրերը, որոնց վրայ այսօր առանց մտածելու կ՚անցնիս, կրնան վաղը դառնալ քու կարօտիդ ամենաթանկ էջերը։
Այդ պատճառով ներկան ապրիլը չի նշանակեր ապագայի մասին չմտածել, անպատասխանատու ըլլալ, նպատակներ չունենալ կամ վաղուան համար չպատրաստուիլ։ Ընդհակառակն՝ ապագային պատրաստուիլը անհրաժեշտ է։ Սակայն, տարբերութիւն մը կայ՝ ապագան ծրագրել եւ ապագայի մէջ ապրիլ նոյն բանը չեն։
Կրնաս վաղուան համար ծրագիր ունենալ, բայց այսօր ապրիլ։ Կրնաս նպատակներ դնել, բայց, ճանապարհիդ ընթացքին չմոռնալ նայիլ շուրջդ։ Կրնաս երազել մեծ բաներու մասին, բայց, միեւնոյն ժամանակ, գնահատել այն փոքր բաները, որոնք այսօր արդէն ունիս։
Որովհետեւ վաղը երբեք երաշխիքով չի հասնիր, ինչպէս որ մենք կը պատկերացնենք։
Կեանքը մեզի կը սորվեցնէ, որ մարդը կրնայ տարիներ շարունակ սպասել մէկ օրուան, իսկ այդ օրը երբ հասնի՝ հասկնալ, որ իր ամբողջ կեանքը սպասելու մէջ անցուցած է։ Մենք կը սպասենք հանգստեան օրերուն, արձակուրդին, նո՛ր աշխատանքին, նոր տան, նոր սիրոյ, նոր կեանքի։ Բայց, երբեմն այնքա՜ն երկար կը սպասենք ապագային, որ ներկան աննկատ կը դառնայ։
Եւ ժամանակը չի դադրիր։
Ժամանակը լուռ կը քալէ։ Ան չի հարցներ՝ պատրա՞ստ ես, երջանի՞կ ես, հասցուցի՞ր ապրիլ, ըսի՞ր սիրած մարդուդ, զոր կը սիրես, ներեցի՞ր, ժպտացի՞ր, գրկեցի՞ր։ Ան պարզապէս կ՚անցնի։
Գուցէ կեանքի ամենամեծ իմաստութիւններէն մէկը այն է, որ մարդ սորվի ժամանակին հետ չկռուիլ։ Չփորձել վերադարձնել այն, ինչ որ արդէն անցած է եւ չտառապիլ այն բաներուն համար, որոնք տակաւին չեն պատահած։ Սորվիլ ապրիլ այն սահմանին մէջ, ուր իրականութիւնը կը գտնուի՝ ներկայ պահուն։
Որովհետեւ, ի վերջոյ, մենք մեր կեանքը չենք ապրիր տարիներով։ Մենք զայն կ՚ապրինք պահերով։ Տարիները կը դառնան յիշողութիւն, երբ այդ պահերը մէկ առ մէկ կը կուտակուին մեր ետեւը։
Ուստի այսօր, երբ կողքիդ մարդ մը կայ, նայէ՛ անոր աչքերուն։ Երբ սիրելու առիթ ունիս, սիրէ՛։ Երբ ներելու հնարաւորութիւն կայ, ներէ՛։ Երբ ժպտալու պատճառ մը գտնես, ժպտա՛։ Երբ կեանքը քեզի փոքրիկ գեղեցիկ պահ մը նուիրէ, մի՛ անցնիր անոր կողքով՝ մտածելով, թէ աւելի մեծ բան մը պիտի գայ։ Որովհետեւ երբեմն «աւելի մեծը» երբեք չի գար։ Իսկ այն փոքր պահը, որ չգնահատեցիր, արդէն դարձած կ՚ըլլայ երէկ։
Գուցէ այս պահը, որ քեզի սովորական կը թուի, տարիներ ետք պիտի ըլլայ այն պահը, որուն ամենաշատը պիտի կարօտնաս։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ