ԳՈՒՍԱՆ ՇԵՐԱՄ՝ ԻՐ ՍԻՐԱԲՈՐԲ ԵՐԳԵՐՈՎԸ ԳԱՐՆԱՆԱՀԱՄ
20 մարտին, իր սիրաբորբ ու սիրավէր երգերովը ոսկեշղթայ ժամանակներու աշխարհը լեցուցած, իր յուզումնավառ քնարովը համամարդկային սէր ու խաղաղութիւն արարած եւ աշուղական երգ-մեղեդիներու անզուգական վարպետներէն Գուսան Շերամ (Գրիգոր Տալեան Կարապետի՝ բուն անունով, Ալեքսանտրապոլ, 20 մարտ 1857 - Երեւան, 3 յուլիս 1938), երբ քինավառ-ռազմաշունչ գործողութիւններէ հեռու այս գարնանամուտին կը բոլորէ իր ծննդեան 169-ամեակը, աշխարհազօր բանակներ աքլորամարտի ելած ու իրենց աշխարհակուլ մոլուցքովը տարուած, այսօր դեռ կը շարունակեն հիմնայատակ աւերել քաղաքներ ու մայրաքաղաքներ, քաղաքակրթական օրրաններ, սպառնալով ոչնչացնել իրար եւ խաղաղասէր ժողովուրդներ՝ քանդելո՛վ իսկ իրենց պատնէշնե՜րն եսութեանց, հեգնելով եղբայրական սէրով ապրելու, կենակցելու, իրարահանդուրժողական ըլլալու միակ իրատեսական ելքը...:
Յիրաւի, նորարար երգաստեղծութեան այն Աստուածառաք տաղանդը, որ աւշայորդեցաւ Գուսան Շերամի մէջ անոր կեանքի վաղ տարիներէն, երիտասարդական տարիներէն զինք պարագրկեց իր ծննդավայր Ալեքսանտրապոլի երգահանդէսներու մթնոլորտը, աշուղական երգերու բազմաթիւ մրցոյթներով յայտնի Տալեաններու սրճարանը:
Տալեաններու գերդաստանը ինքնուս քանքարաւոր երգիչներ ու երաժիշտներ է ծնած: Ապագայ Գուսան Շերամի հայրը՝ Կարապետ Տալեանը, որդին աշուղ Քեամալի, նաեւ Շերամի հօրեղբայրը, երաժիշտ-նուագողի իրենց երկնատուր օճախը, այսպէս, կը կտակէին պատանի Գրիգորը, որ փոքր տարիքէն չկամութիւն ցուցաբերելով զանազան արհեստներու (փայտագործութիւն, հիւսն, եւ այլն) նկատմամբ, իր ինքնակենսագրութեան եւ յուշերուն մէջ յետագային գրած է, թէ իր ձեռքէն վար չէր ձգեր թառը, կը նուագէր՝ ցերեկը խառնելով գիշերին, բարկացնելու, զզուեցնելո՛ւ աստիճան ծնողները, մինչեւ իսկ մոռնալով իր գիշերային քունն ու հանգիստը:
Անուանի բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեան հմայուելով Գրիգոր Տալեանի շերամանման, «մետաքսահիւս» մեղեդիներուն՝ զայն կը կոչէ Շերամ, որ շուտով տիրապետելով աշուղական դասական արուեստի հիմնական օրինաչափութիւններուն եւ իր ստեղծագործութեան ինքնահաստատման շրջանին որդեգրելով ի՛ր սկզբունքը՝ կը հրաժարի աշուղական կաղապարուած մեղեդիներէն եւ իր իւրաքանչիւր բանաստեղծութեան համար տակաւ առ տակաւ կը յօրինէ իւրօրինակ, հոգեգրաւ մեղեդիներ: Այս առումով Շերամ կը կոչուի երգահան, որուն սրտամօտիկ մեղեդիները իրենց յօրինման պահէն մինչեւ այսօր խորապէս կը յուզեն ունկնդիրը՝ իրենց արտայայտչական վեհ ու գեղարուեստական գարնանաբոյր յատկանիշերուն համար:
Ո՞ր հայ երաժշտասէրը, օրինակի համար, իր անխառն հիացքը չէ արտայայտած լսելով Շերամի «Դուն իմ մուսան ես», «Նա մի նազ ունի», «Աչքդ խումար», «Ալ ու ալուան ես հագել», «Արդէն մութն ընկել է», «Թառը դոշիս», «Աննման փերի», «Էլի երկինս ամպել է», «Անջիգեար եար», «Սեւ ամպերը հայոց երկինք պատեցին», «Մէջս կեանք չմնաց», «Զով գիշեր», «Մի բալա է», «Գնա՛, բլբուլ», «Մարալ ջան, հեզ արի», «Ալղանաթ ղուշ ես», «Անդրանիկին - Իբրեւ արծիւ սաւառնում ես լեռ ու ժայռ», «Զէյթունցիների քայլերգը», «Քեզանից մաս չունիմ», «Զուլումն ջջաւ՝ հօրս տունը կործանեց», «Շորորա», «Սիրուննե՛ր, մի՛ք նեղանայ», «Սարեր, կ՚աղաչեմ», «Պարտէզում վարդեր բացուած» եւ դեռ շատ ու շատ սիրային, հայրենասիրական երգերը:
Օրինակ մը բերելով՝ «Պարտէզում վարդեր բացուած» երգը, սիրոյ հարազատ զգացականութիւնն ու գունաւորումը մարմնաւորող այս մելամաղձոտ, հոգեթով երգը, որ մինչեւ այսօր կը հանդիսանայ հայրենի վաստակաւոր մեներգիչներու՝ յատկապէս Ռուբէն Մաթեւոսեանի երգացանկի գլխաւորներէն մին, պիտի ընդգծել, որ աւելի քան 145 տարուայ կեանք ունի: Երաժշտագէտ Ալեքսանտր Մխիթարեանց, 1880-ին իր հրատարակած երգարանին մէջ արդէն տեղ տուած էր 22-ամեայ երգաստեղծ ու երգահան Գուսան Շերամի յիշեալ երգին, որ յետագային՝ 1900-ին ալ լոյս տեսաւ ու ողողեց հրապարակը: Ահա բոլորին ծանօթ այդ գեղեցիկ եւ սիրուած երգին խօսքերը.-
Պարտէզում վարդեր բացուած
Կը սպասեն սոխակի.
Առանց սոխակ թառամած,
Կարօտ են պսակի:
Արդեօք ո՞վ է, դուռն է թակում,
Ա՛խ, սիրտս կը դողայ,
Սիրուհիս ո՞ւր է գնում,
Ա՛խ, սիրտս կը խաղայ:
Գետակի ալիքները
Գնում են խայտալով,
Սիրահարի աչերից
Արտասուք թափելով:
Սիրուհին տանը նստած
Սպասում է եարին.
Քնարը ձեռքին բռնած
Նուագում լալագին:
Իր ինքնակենսագրութեան մէջ Շերամ գրած է. «22 տարեկան հասակիս մէջ արդէն կնիկ ունէի: Խանգարեցին միանգամայն: Տեսայ դուրգեարութիւնով չեմ կարող ապրել, բարեբախտաբար Չոնկուր Յակոյի ընկերը բաժանուեց, գնացի Յակոյի հետ ընկեր դառայ, որը երեւելի ճիանուր (Քամանչա նուագարանի անուանումներէն մէկը) էր ածում, այնպէս որ շատ շուտ դարձայ Լենինականում յայտնի թառիստ Տալոյենց Գոգոր», այսինքն՝ թառահար Տալեան Գրիգոր:
Կիւմրեցի երեւելի դէմքեր իրենց ծննդավայրի հանճարեղ երաժիշտին՝ Գուսան Շերամի մասին կը պատմեն, թէ մինչեւ այսօր առանց Շերամի երգերու հնչիւններու բարձրացմամբ ո՛չ մէկ կիւմրեցի աղջիկ կ՚ուզէ հարս երթալ: Իսկ կիւմրեցի մեծանուն բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեան հետեւեալը վկայակոչած է Շերամի մասին. «... Բոլոր ժամանակներու սիրուց այրած ջահելները կ՚ըսէին, որ մեռնելը ցաւ չէ, ցաւը՝ Շերամի երգերը չլսելն է»:
Իրօք, Շերամի ինքնատիպ երաժշտամտածողութեան հանդէպ հիացքով են արտայայտուած իր ժամանակի բազմաթիւ երաժիշտներ: Ուշագրաւ է նաեւ Կոմիտասի հիացումն ու գնահատանքը նկարագրող մէկ դրուագը 1905-ին, Շերամի ստեղծագործութեան մասին: Շերամ կը պատմէ, թէ յիշեալ թուականի գարնան կը հրաւիրուի Էջմիածին՝ մասնակցելու Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան համագումարին, որուն աւարտին ան ելոյթ կ՚ունենայ մենահամերգով: Այնտեղ գտնուած է նաեւ Կոմիտաս, որ իր հիացումը արտայայտելով Շերամի կատարողութեան հանդէպ՝ զայն յաջորդ օրն իսկ կը հրաւիրէ Գէորգեան ճեմարան, ելոյթ ունենալու ուսանողներուն համար: Շերամ կը նշէ, որ այդ համերգը արժանացած է շատ մեծ գնահատանքի: Կոմիտաս եւս գնահատելէ ու խրախուսելէ ետք Շերամը, վերջինէն խնդրած է, որ շարունակէ յօրինել երգեր՝ յատկապէս «Ալ ու ալուան ես հագել» երգին ոճով:
Իսկ Շերամի երգարուեստի բե՞րքը: 1902-1915 թուականներուն, Ալեքսանտրապոլի մէջ լոյս կը տեսնեն մեծ Գուսանին բանաստեղծութիւններու 5 ժողովածուները.- «Քնարը» (1902), «Գանգատի շանթեր» (1905), «Սէր եւ կռիւ» (1907), «Անջուր պարտէզ» (1913), «Անզուսպ արշաւ» (1915):
Գուսան Շերամի ստեղծագործութիւններով իրենց աշխատասիրութեամբ զբաղած են խորհրդահայ բազմաթիւ երաժշտագէտներ, որոնք սակայն մինչեւ այսօր չեն կրցած լիարժէք գնահատական մը ներկայացնել այս ինքնատիպ Գուսանի մեծ վաստակին մասին:
Արդարեւ, Շերամագիտութիւնը ունի աւելի խոր ու բազմակողմանի ուսումնասիրութեան կարիք: Գուսանին ոսկեցոլ, համամարդկային հոգեթով խոհականութեամբ տրոփուն երգերուն, արեւելեան տաք ու գորովալիր մեղեդիներուն որքա՛ն Հայաստանի՝ նո՛յնքան ալ համայն հայութեան հոգիները հեռաւոր ափերու մէջ ծարաւն ունին միշտ, անյագ ծարաւ՝ անոնց յաւերժաթրթիռ ու կենեղուտ ամբրոսը ըմբոշխնելու:
«Ծաղիկ»-«Աղթամար»
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ