ՅԱՋՈՂ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Մարդկային միտքը դարեր շարունակ ձգտած է լոյսին՝ ո՛չ միայն իբրեւ ֆիզիքական երեւոյթ, այլ որպէս խորհրդանիշ ճշմարտութեան, իմաստութեան եւ ներքին ազատութեան։ Պատմութեան մէջ «լուսաւորութիւն» գաղափարը յաճախ ներկայացուած է որպէս ճամբայ մը՝ դէպի ճշմարտութիւն, ազատութիւն եւ ինքնագիտակցութեան բարձրագոյն վիճակ։ «Լուսաւորութիւն»ը այս իմաստով դարձած է գրեթէ սրբազան գաղափար մը։ Սակայն, այս ճամբան միշտ չի յանգիր իր խոստացած հանգրուանին։ Կան պահեր, երբ լուսաւորուելու ձգտումը կը վերածուի մոլորութեան եւ մարդը, փոխանակ աւելի մօտենալու իր էութեան խորքին, կը կորսնցնէ ինքզինք՝ գաղափարներու խաւարին մէջ։ Ահա այս է «անյաջող լուսաւորութիւնը»՝ ո՛չ թէ գիտութեան բացակայութիւնը, այլ գիտութեան սխալ ըմբռնումը։

Սակայն, որքան ալ փառաւոր ըլլայ այս գաղափարը, իրականութիւնը աւելի բարդ է։ Լուսաւորուելու ճամբան միշտ չի հասցներ լոյսի․ երբեմն ան կը տանի դէպի նոր խաւարներ, որոնք աւելի նուրբ են, աւելի խոր եւ աւելի վտանգաւոր։ Ահա այստեղ կը ծնի «անյաջող լուսաւորութիւն» հասկացութիւնը։

Անյաջող լուսաւորութիւնը կը սկսի այն ատեն, երբ մարդը կը հաւատայ, թէ ինք հասած է վերջնական ճշմարտութեան։ Այս համոզումը կը դառնայ վտանգաւոր, որովհետեւ կը փակէ հարցումի եւ քննադատական մտածողութեան դուռը։ Երբ հարցումները կը դադրին, մտածողութիւնը կը սառի։ Մարդը կը սկսի իր համոզումները ընդունիլ որպէս անսասան ճշմարտութիւններ եւ կը մերժէ այն բոլորը, որ կը հակասէ իրեն։ Այս վիճակը լուսաւորութեան հակառակն է, որովհետեւ իսկական լուսաւորութիւնը կը սնանի կասկածէն, փնտռտուքէն եւ անորոշութեան ընդունումէն։

Այսպիսի «լուսաւորուած» մարդը յաճախ կը դառնայ իր իսկ գաղափարներու գերին։ Ան կը կարծէ, թէ ազատ է, բայց, իր միտքը կաշկանդուած է կարծրատիպերով եւ մտային սահմանափակումներով։ Իր ներաշխարհը կը դառնայ փակ համակարգ մը, ուր նոր միտքեր չեն ներթափանցեր։ Այս փակուածութիւնը կը ստեղծէ ներքին հակասութիւններ, որովհետեւ իրականութիւնը միշտ աւելի բարդ է, քան մեր պատկերացումները։ Արդիւնքին՝ ներքին անհանգստութիւն, հոգեկան դատարկութիւն եւ երբեմն ալ՝ հիասթափութիւն այն «ճշմարտութենէն», զոր ինք կարծած էր բացարձակ։

Անյաջող լուսաւորութիւնը նաեւ հասարակական երեւոյթ մըն է։ Երբ անհատները կը միաւորուին կիսատ կամ սխալ ըմբռնուած գաղափարներու շուրջ, կը կազմուի խմբային մոլորութիւն մը։ Այսպիսի հասարակութիւնները կը կարծեն, թէ կը յառաջանան, մինչդեռ իրականութեան մէջ կը կրկնեն նոյն սխալները՝ տարբեր ձեւերով։ Արտաքին փայլը կրնայ ստեղծել յառաջդիմութեան պատրանք, բայց ներքին խորքին մէջ կը տիրէ մտային լճացում։

Անյաջող լուսաւորութիւնը նաեւ մտային ծուլութեան հետեւանք կրնայ ըլլալ։ Շատեր կը փնտռեն արագ պատասխաններ, պարզեցուած ճշմարտութիւններ եւ պատրաստի գաղափարներ, որոնք կը խոստանան ներքին խաղաղութիւն։ Բայց այս «արագ լուծումներ»ը յաճախ կը ստեղծեն մակերեսային ըմբռնումներ։ Մարդը կը զգայ, թէ հասած է բանի մը, բայց այս զգացումը կարճատեւ է եւ խոցելի։ Իրական խորութիւնը կը պահանջէ ժամանակ, կասկած, ներքին պայքար եւ երբեմն ալ՝ տառապանք։

Բայց թերեւս ամենէն կարեւոր հարցը այս է․ արդեօք կարելի՞ է խուսափիլ անյաջող լուսաւորութենէն։ Պատասխանը պարզ չէ, բայց, հաւանաբար կը սկսի խոնարհութենէն։ Մարդը պէտք է ընդունի, թէ իր գիտութիւնը սահմանափակ է եւ ճշմարտութիւնը ամբողջութեամբ ըմբռնելը գրեթէ անկարելի է։ Այս գիտակցութիւնը ո՛չ թէ թուլութիւն է, այլ ուժ, որովհետեւ կը բանայ միտքը նոր հորիզոններու առջեւ։

Իսկական լուսաւորութիւնը գուցէ վերջնական հանգրուան մը չէ, այլ շարունակական ընթացք մըն է։ Ան կը պահանջէ սեփական մոլորութիւնները ընդունելու քաջութիւն եւ համոզումները վերանայելու կամք։ Այս ճանապարհին վրայ սխալները անխուսափելի են, բայց, անոնք կը դառնան ուսուցիչներ, եթէ մարդը պատրաստ է լսելու։

Անյաջող լուսաւորութիւնը մեզ կը յիշեցնէ, թէ լոյսը միշտ չի լուսաւորեր։ Երբեմն ան կրնայ կուրացնել։ Այս գիտակցութիւնն է, որ կրնայ մեզ առաջնորդել դէպի աւելի խոր եւ աւելի անկեղծ լուսաւորութիւն։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026