ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ՝ ԵՐԵՔ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԵՐԹԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ. ԵԳԻՊՏԱՀԱՅ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԿԷՍ ԴԱՐԸ

Եգիպտահայ մտաւորական, գրող, հասարակական-մշակութային գործիչ, երկարամեայ ազգային մշակ եւ բարերար Պերճ Թէրզեանի (1938-2025) մահէն կարճ ժամանակ անց, Գահիրէի մէջ, այս տարի լոյս տեսաւ «Եգիպտահայ համայնքի անդամներուն կիսադարեան համերաշխ գոյակցութիւնը» գրքոյկը։ Այդ մէկը կարելի է նկատել հեղինակի «կարապի երգը», ինչպէս որ բնորոշուած է յառաջաբանին մէջ։

2025 թուականի փետրուարին սկսուած այս երկասիրութիւնը, զոր հեղինակը չհասցուց աւարտել առողջական խնդիրներու եւ պատմական տուեալներու ճշգրտման աշխատանքներուն պատճառով, յետմահու հրատարակութեան պատրաստեց իր այրին՝ տիկին Սեդա Սամուէլեան-Թէրզեան։

Գիրքը յատկանշական արժէք ունի ո՛չ միայն այն պատճառով, որ բազմաբեղուն հեղինակի վերջին աշխատութիւնն է, այլ մանաւանդ՝ որովհետեւ կը լուսաբանէ եգիպտահայ համայնքի ժամանակակից պատմութեան այնպիսի էջ մը, որ մինչեւ այսօր գրեթէ չէր ուսումնասիրուած։ 

Այս գործը լաւագոյնս կը պսակէ վեց տասնամեակներու վրայ երկարող այն վաստակը, որ Թէրզեան ունեցաւ եգիպտահայ գաղութի հանրային, մշակութային եւ մամլոյ ասպարէզներէն ներս։

Առաջին հայեացքով գիրքը կը թուի նեղ մասնագիտական ուսումնասիրութիւն մը՝ նուիրուած 1975 թուականի համաձայնագրի մը պատմութեան։ Սակայն, էջ առ էջ կը պարզուի, որ գործ ունինք շատ աւելի լայն ընդգրկումով վկայագրական աշխատութեան մը հետ։ Հեղինակը այդ համաձայնագիրը կը դիտէ որպէս բանալի, որով կարելի է հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս Եգիպտոսի մէջ գործող երեք աւանդական հայկական քաղաքական հոսանքները կարողացան յաղթահարել բաժանարար գիծերը եւ կէս դար շարունակ պահպանել համերաշխ համագործակցութեան մթնոլորտ մը։

1955-1972 թուականներուն Գահիրէի Թեմական ժողովի ընտրութիւնները կ՚ընթանային երկու հակադիր ճակատներու՝ էջմիածնականներու եւ դաշնակցականներու միջեւ, յաճախ ստեղծելով լարուած մթնոլորտ։ Սակայն, համայնքի թիւի աստիճանական նուազումը եւ արտագաղթի ահագնացող ծաւալները ստիպեցին գաղութային ղեկավարութեան դիմելու ողջախոհ քայլերու։

Գիրքին հիմնական առանցքը 1975 թուականի հոկտեմբերի 15-ին ստորագրուած պատմական համաձայնագիրն է, որուն միջոցով Եգիպտոսի մէջ գործող երեք աւանդական կուսակցութիւնները՝ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը («Արեւ»ի շրջանակ), Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը («Յուսաբեր»ի շրջանակ) եւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը («Ջահակիր»ի շրջանակ), որոշեցին եգիպտահայ համայնքային կեանքը վարել համագործակցական ոգիով։ Համաձայնագրին հիմնական նպատակն էր՝ համայնքային նուազող ուժերու պայմաններուն մէջ վերականգնել ներքին խաղաղութիւնը, համագործակցաբար վարել ազգային գործերը եւ ապահովել Գալուստեան Ազգային պատմական վարժարանի գոյատեւումը։ Գիրքը կարդալով՝ կը հասկնանք, որ ատիկա պատահական որոշում մը չէր, այլ համայնքի գոյատեւման անհրաժեշտութենէն ծնած պատմական ընտրութիւն։

Ըստ այդ համաձայնութեան, որոշուեցաւ կազմել 24 պատգամաւորներէ բաղկացած միասնական ցուցակ մը։ 

Իւրաքանչիւր կուսակցութիւն ունեցաւ չորսական թեկնածու (ընդհանուր՝ 12), իսկ մնացեալ 12 տեղերը յատկացուեցան անկուսակցականներու (6 էջմիածնական եւ 6 դաշնակցական համակիրներ)։

Գիրքին ամենէն հետաքրքրական բաժիններէն մէկը «անակնկալ» բացայայտման պատմութիւնն է։ 

Սոյն համաձայնագրին բնօրինակները տարիներ շարունակ մոռցուած ու կորսուած կը համարուէին։ Տարիներ ետք Պերճ Թէրզեան պատահաբար կը գտնէ 1975-ի այդ համաձայնագրի պատճէնները իր անձնական արխիւին մէջ՝ զանոնք փրկելով մոռացութենէ։ 

Այդ «գիւտը» ուսումնասիրութեան մեկնակէտ կը դառնայ եւ ամբողջ գրքին պատմական արժէքը բազմապատկող հանգամանք մըն է։

ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՀԱՐՑԸ

Հեղինակը չի բաւարարուիր միայն փաստաթուղթը հրապարակելով։ Ան մանրամասն կը վերլուծէ համաձայնագրի բովանդակութիւնը եւ այն պայմանները, որոնք յանգեցուցին անոր ծնունդին։ Համաձայնագիրը կը շեշտէր համայնքի թուական նօսրացումը, ուժերու պակասը, ներքին խաղաղութեան վերականգնման անհրաժեշտութիւնը եւ ազգային կառոյցներու պահպանման հրամայականը։ Այս բոլորը կը ցոլացնեն այն մարտահրաւէրները, որոնց դիմաց կանգնած էր եգիպտահայութիւնը 1970-ականներուն։

Յատկապէս հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ Գալուստեան Ազգային վարժարանի հարցին շուրջ կատարուած քննարկումը։ Համաձայնագրին մէջ քաղաքական գործակցութեան անհրաժեշտութեան զուգահեռ, կրթական ու համայնքային խնդիրներու լուծման ծրագիր կար։ Հոն յատուկ տեղ կը գրաւէ Գալուստեան վարժարանի պահպանման հարցը, որ այդ տարիներուն եգիպտահայ կեանքի ամենէն վիճայարոյց նիւթերէն մէկն էր։

ԺՈՂՈՎՐԴԱԳՐԱԿԱՆ ԱՆԿՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

Գրքին մեծ արժանիքներէն մէկն ալ այն է, որ չի սահմանափակուիր միայն կուսակցական յարաբերութիւններով։ Թէրզեան կը փորձէ բացատրել, թէ ինչո՛ւ եգիպտահայութիւնը հասաւ համագործակցութեան։ Այդ նպատակով ան ընթերցողը կը տանի 20-րդ դարու երկրորդ կէսի քաղաքական եւ տնտեսական ցնցումներու միջով, որոնք պատճառ դարձան զանգուածային արտագաղթի։ 

1952 թուականի յուլիսի 23-ի Յեղափոխութիւնը եւ Հողային բարեկարգութեան օրէնքը սկիզբ դրին տնտեսական նոր իրականութեան։

1956 թուականի Սուէզի ճգնաժամի եւ Սուէզի ջրանցքի ազգայնացումին յաջորդած օտարերկրեայ ընկերութիւններու եգիպտականացումը մեծապէս հարուածեց հայ համայնքի տնտեսական դիրքերը։

1961 թուականի յուլիսի Ազգայնացման օրէնքները նոյնպէս դեր ունեցան․ մեծ ձեռնարկութիւններու պետականացումը պատճառ դարձաւ հայերու զանգուածային արտագաղթին դէպի Գանատա, ԱՄՆ, Աւստրալիա, Եւրոպա, ինչպէս նաեւ շուրջ հազար հոգիի ներգաղթին դէպի Հայաստան։

1967-ի վեցօրեայ եւ 1973-ի պատերազմներն աւելի եւս խորացուցին անապահովութեան մթնոլորտը։

Հեղինակը համոզիչ կերպով կը նկարագրէ, թէ ինչպէս 1960-ական թուականներու այս արտագաղթը համայնքը զրկեց փորձառու ղեկավարներէ, արհեստավարժ ուժերէ եւ երիտասարդ սերունդի զգալի հատուածէ, ինչ որ դարձաւ այն հիմնական պատճառը, որ ստիպեց նախընտրել համագործակցութիւնը՝ մրցակցութեան փոխարէն։

Գրքոյկին ամենաարժէքաւոր բաժիններէն է հեղինակին ներկայացուցած վիճակագրական փաստերը, որոնք հիմնուած են Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանի տոմարներու, մկրտութիւններու, ամուսնութիւններու եւ թեմական ընտրական ցուցակներու վրայ։

1952-1972 թուականներու միջեւ ինկած ժամանակահատուածին արձանագրուած է ամուսնութիւններու, մկրտութիւններու աննախադէպ նուազում։

Ընդհանուր միջին անկումը 1952-1972 թուականներուն կազմած է 81 առ հարիւր 75։ 

Չնայած քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներուն, Պերճ Թէրզեան հպարտութեամբ կ՚արձանագրէ, որ 1952-1961 տասնամեակին եգիպտահայ համայնքը դեռ եւս լի էր հաւատքով ու լաւատեսութեամբ։ 

Այդ կարճ ժամանակամիջոցին համայնքը հիմնեց ու կառուցեց տասն նոր համայնքային կառոյցներ, որոնց շարքին՝ եկեղեցի, մատուռ, դպրոցական նոր շէնքեր, մարզական ակումբներ, ծերանոց եւ դարմանատուն։

Գրքին մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի նաեւ եգիպտահայ համայնքի պատմական դիմանկարը։ Հեղինակը կը յիշեցնէ, որ եգիպտահայութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի ամենակազմակերպուած հայկական գաղութներէն մէկն էր՝ իր եկեղեցիներով, վարժարաններով, մշակութային եւ բարեսիրական հաստատութիւններով։ Ան նաեւ կը ներկայացնէ հայերու դերակատարութիւնը Եգիպտոսի պետական կեանքին մէջ՝ սկսելով Պօղոս պէյ Եուսուֆեանէն մինչեւ Նուպար փաշա։

ՊԵՐՃ ԹԷՐԶԵԱՆԻ ՎԱՍՏԱԿՆ ՈՒ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Այս խորքային պատկերը ուրուագծելու համար Պերճ Թէրզեան ունէր լիարժէք իրաւասութիւն եւ անմիջական ականատեսի ու մասնակիցի փորձառութիւն։ 

1938 թուականին Գահիրէ ծնած եւ 2025 թուականին նոյն քաղաքին մէջ իր երկրային ուղին աւարտած այս բազմավաստակ մտաւորականը այն սերունդին ներկայացուցիչներէն էր, որ ամբողջ կեանքը նուիրեց համայնքային ծառայութեան, հայ մամուլին, մշակոյթին եւ մայրենի լեզուի պահպանման գործին։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Գահիրէի Մխիթարեան եւ Մարոնի հայրերու վարժարաններուն մէջ, ապա ուսումը շարունակած Այն-էլ-Շամս համալսարանի վարչական գիտութեանց բաժնէն ներս եւ յաճախած՝ Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանը։

Պերճ Թէրզեան շուրջ կէս դար պատասխանատու պաշտօններ վարած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Եգիպտոսի ղեկավար մարմիններուն մէջ՝ դառնալով ՀԲԸՄ-ի Եգիպտոսի Շրջանակային յանձնաժողովի եւ Գահիրէի մասնաճիւղի պատուոյ ատենապետ։ Անդամակցած է Գահիրէի Հայ գեղարուեստասիրաց միութեան, Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ), Հայ ազգային հիմնադրամին (ՀԱՀ-ին՝ «Արեւ»ի հրատարակիչ), ՀՄԸՄ-ի Նուպար մարզարանի վարչութեան, ինչպէս նաեւ երկար տարիներ մասնակցած ու նախագահած է Գահիրէի Թեմական եւ Քաղաքական ժողովներուն։

1969 թուականին հիմնած «African Press» տպագրատան միջոցով ան ծաւալած է հայկական հրատարակչական լայն գործունէութիւն։ Եղած է «Արեւ» օրաթերթի արաբերէն յաւելուածի, ՀԲԸՄ-ի «Տեղեկատու» եռամսեայի եւ «Արեգ» արաբալեզու ամսագրի խմբագրական խորհրատուն (արաբ ընթերցողին հասցնելով հայ դատի եւ մշակոյթի նիւթեր)։ Ղեկավարած է ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի «Ճանիկ Չագըր» հրատարակչական-վաւերագրական կեդրոնը, որուն կարեւորագոյն իրագործումներէն էր «Արեւ» օրաթերթի 1915-2000 թուականներու արխիւին թուայնացումը։

Պերճ Թէրզեան ստորագրած է պատմական, քաղաքական եւ մշակութային բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, որոնց շարքին են՝ «Եգիպտահայ հայեացքներ պատմութեան, քաղաքականութեան եւ մշակութային ժառանգութեան մասին» (արաբերէն), «Յետադարձ անդրադարձ», «Սրտցաւ կոչ հայոց լեզուին համար», «Կարելի՞ է արեւմտահայերէնը փրկել այսօրուան ցաւալի վիճակէն» եւ այլն։ Ան հետեւողականօրէն կը պաշտպանէր արեւմտահայերէնի պահպանման գործը։

Կեանքի վերջին տարիներուն հիմնադրամ մը ստեղծած է Գահիրէի առաջնորդարանին կից, իսկ տիկնոջ՝ Սեդա Թէրզեանի հետ աջակցած է Հայաստանի Լոռիի մարզի Եղէգնուտ գիւղի մանկապարտէզի մէկ սենեակը երիտասարդական կեդրոնի վերածելու ծրագրին։

Իր հարուստ վաստակին համար արժանացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ս․ Սահակ-Ս․ Մեսրոպ» շքանշանին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի «Մխիթար Գօշ» մետայլին, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետայլին, մատենադարանի «Մեսրոպ Մաշտոց» յուշամետայլին, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի «Պատուոյ անդամ» տիտղոսին։

ԴԱՍԵՐ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Պերճ Թէրզեանի գիրքը միայն եգիպտահայ համայնքի անցեալին նուիրուած պատմական ուսումնասիրութիւն մը չէ․ այն միաժամանակ կարեւոր պատգամ մը կը փոխանցէ ամբողջ հայկական սփիւռքին։ Եգիպտահայութեան կէս դար տեւած համագործակցական փորձառութիւնը կը վկայէ, որ փոքրացող եւ ժողովրդագրական դժուարութիւններ դիմագրաւող համայնքներու պարագային ներքին մրցակցութիւնն ու բաժանումները կրնան վտանգել ազգային կեանքի շարունակականութիւնը, մինչդեռ համերաշխութիւնը եւ գործակցութիւնը նոր շունչ ու կենսունակութիւն կը պարգեւեն համայնքին։

Եգիպտահայութեան պարագային արդիւնքը եղաւ կէս դար տեւած համերաշխ գոյակցութիւն մը, որուն շնորհիւ համայնքը կարողացաւ պահպանել իր հաստատութիւնները։

Այս փորձառութիւնը այսօր եւս արդիական է։ Աշխարհի բազմաթիւ հայկական համայնքներ նոյնպիսի խնդիրներու առջեւ կը գտնուին՝ նուազող թիւ, երիտասարդութեան հեռացում, նիւթական դժուարութիւններ եւ կամաւոր աշխատող ուժերու պակաս։ Թէրզեանի ուսումնասիրութիւնը կը յուշէ, որ նման պայմաններու մէջ ազգային կառոյցներու ապագան կախեալ է ո՛չ թէ մրցակցութեան խորացումէն, այլ՝ համատեղ աշխատանքի մշակոյթէն։

Եգիպտահայութեան փորձը այս իմաստով կը դառնայ օրինակ եւ ուղեցոյց՝ ամբողջ սփիւռքահայութեան համար։

Պերճ Թէրզեանի այս յետմահու հրատարակութիւնը նաեւ կարեւոր ներդրում մըն է սփիւռքագիտութեան, եգիպտահայութեան պատմութեան եւ ընդհանրապէս հայկական համայնքային կեանքի ուսումնասիրութեան մէջ, որովհետեւ կը պահպանէ փաստեր ու վկայութիւններ, որոնք առանց այս հրատարակութեան կրնային ընդմիշտ կորսուիլ։

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵԶԱԿԻ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ

«Եգիպտահայ համայնքի անդամներուն կիսադարեան համերաշխ գոյակցութիւնը» ուսումնասիրութեան ամենէն ուշագրաւ եւ այսօրուան սփիւռքահայ իրականութեան համար ամենէն ուսանելի երեսակներէն մէկը երեք աւանդական կուսակցութիւններու պատկանող մամուլի միաւորման փորձառութիւնն է։ 

Սփիւռքի մէջ տասնամեակներ շարունակ կուսակցական տարբեր հոսանքներու մամուլը յաճախ եղած է իրարու հակադրուած, բանավիճած է, քննադատած է եւ նոյնիսկ սուր պայքար մղած է միմեանց դէմ։ Այդ իրողութիւնը, որ որոշ չափով դարձած էր սփիւռքեան քաղաքական մշակոյթի մէկ մասը, Եգիպտոսի մէջ 1975-էն սկսեալ ստացաւ բոլորովին այլ ընթացք։

«Արեւ»ի (ՌԱԿ), «Յուսաբեր»ի (ՀՅԴ) եւ «Ջահակիր»ի (ՍԴՀԿ) ետին կանգնած երեք քաղաքական շրջանակները, գիտակցելով համայնքին դիմագրաւած նօսրացման, արտագաղթի եւ ազգային կառոյցներու պահպանման մարտահրաւէրները, կարողացան մէկ կողմ դնել իրենց քաղաքական տարակարծութիւնները եւ ազգային ընդհանուր շահը գերադասել կուսակցական հակադրանքէն։ 

Այս փորձառութիւնը յատկապէս ուշագրաւ է մամուլի տեսանկիւնէն, որովհետեւ մամուլը միայն կուսակցութիւններու գաղափարական ձայնը չէ, այն համայնքի հասարակական մթնոլորտը ձեւաւորող ուժն է։ 

Եգիպտահայութեան փորձառութիւնը եզակի չէ եւ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ կան համերաշխութեան այլ ուշագրաւ օրինակներ եւս։ Լիբանանի մէջ, օրինակ, քանի մը անգամ Ապրիլ 24-ի առիթով երեք հայկական քաղաքական կուսակցութիւններուն պատկանող մամուլի անունները՝ «Ազդակ»ը, «Արարատ»ը եւ «Զարթօնք»ը միաւորուած են՝ հրատարակելով միասնական բացառիկ թիւեր։ Նմանապէս, Պոլսոյ մէջ կարելի է հպարտութեամբ յիշատակել ԺԱՄԱՆԱԿ եւ «Մարմարա» օրաթերթերու համատեղ կազմակերպած միասնական պարահանդէսը եւ միացեալ թիւը, որ նոյնպէս ազգային միասնականութեան եւ գործակցութեան գեղեցիկ ապացոյց մըն էր։

ԵԳԻՊՏԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ

Պերճ Թէրզեանի գրքին «Եզրափակում» բաժինը ուսումնասիրութեան պատմական շղթան կը հասցնէ մեր օրերը։ Հեղինակը, որ իր ամբողջ կեանքով ապրած էր եգիպտահայ համայնքի վերելքն ու նահանջը, անցեալի հաշուեկշիռ մը կատարելէ ետք կը փորձէ նաեւ պատասխանել շատ աւելի կարեւոր հարցի մը՝ ի՞նչ կրնայ ըլլալ եգիպտահայութեան ապագան։

Ճիշդ է, որ տասնամեակներու ընթացքին եգիպտահայութեան թիւը զգալիօրէն նուազած է, սակայն, ան կը շեշտէ, որ այսօրուան համայնքը, հակառակ իր փոքրացած թուաքանակին, տակաւին ունի կազմակերպուած կառոյցներ, տնտեսական կարողութիւն եւ, ամենակարեւորը, սեփական ուժերով իր ազգային կեանքը շարունակելու ուժ։ 

Այս կէտը առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ստանայ այսօր, երբ սփիւռքի բազմաթիւ համայնքներ կը դիմագրաւեն նուազող թիւի, ծերացող բնակչութեան, երիտասարդութեան հեռացման եւ ազգային կառոյցներու պահպանման դժուարութիւններ։ Եգիպտահայութեան պարագային Թէրզեան կը տեսնէ ո՛չ թէ պարտութիւն, այլ՝ վերակազմակերպուելու եւ գոյատեւելու հնարաւորութիւն։

Այսօրուան եգիպտահայութեան առաջին ուժը, ըստ հեղինակին, ինքնաբաւութիւնն ու ընկերային պատասխանատուութիւնն է։ Համայնքը, հակառակ իր թուաքանակի նօսրացման, տակաւին կարող է իր միջոցներով հոգալ իր կարիքաւոր ընտանիքներուն, աջակցիլ համալսարանականներուն՝ կրթաթոշակներով, հոգատարութիւն ապահովել հիւանդներուն եւ նեցուկ կանգնիլ մշակութային ու մարզական միութիւններուն։

Երկրորդ կարեւոր ուղղութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի հետ կապերու ամրապնդումն է։ Եգիպտահայ համայնքը, Թէրզեանի տեսլականով, պէտք չէ սահմանափակուի միայն իր ներքին կեանքով։ Այն պէտք է կամուրջ հանդիսանայ Եգիպտոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ, զարգացնէ բարեկամական յարաբերութիւններ եւ իր կապերը ամրապնդէ սփիւռքի միւս համայնքներուն հետ։ Աւելին՝ եթէ արաբական աշխարհի հայկական համայնքները կարենան նոյն համերաշխութեան ոգիով համագործակցիլ, կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել փոխադարձ գործակցութեան աւելի լայն եւ ազդեցիկ ցանց մը։

Երրորդ եւ թերեւս ամենէն հրատապ հարցը սերնդափոխութիւնն է։ Կէս դար առաջ սկսած համերաշխութիւնը միայն այն ատեն կրնայ շարունակուիլ, երբ համայնքային ղեկավարութեան փորձառութիւնը փոխանցուի նոր սերունդներու։ Թէրզեան կը կարեւորէ Ազգային իշխանութեան եւ պատրաստուած հոգեւորականներու առողջ գործակցութիւնը, բայց, միաժամանակ կը շեշտէ նոր, աւելի պատրաստուած եւ ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան սերունդ մը համայնքային պատասխանատուութիւններուն ներգրաւելու անհրաժեշտութիւնը։

Այս իմաստով Պերճ Թէրզեանի վերջին աշխատութիւնը կարելի է կարդալ նաեւ որպէս կտակ մը։ Ան իր ուսումնասիրութեան վերջին պատգամը կը խտացնէ հետեւեալ բանաձեւին մէջ.

«Տարբեր մտածելով, բայց միասնաբար գործադրել ազգային մեր բոլոր ծրագիրները»։ 

Այս պատգամը այսօր աւելի քան արդիական է նաեւ Մայր Հայրենիքին համար։ Այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Հայաստանի մէջ ալ ներքին միասնականութիւնը խաթարուած է եւ հասարակութիւնը կը տառապի խոր պառակտումներէ, սփիւռքի հարիւրամեայ համայնքներու կենսունակութեան եւ գոյատեւման այս օրինակները կրնան իսկական նախատիպ դառնալ։ Եգիպտահայութեան փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ դարեր շարունակ ազգային ինքնութեան պահպանման ամենէն ապահով պատուարը եղած է եկեղեցին, որուն շուրջ համախմբուելով է, որ համայնքները կարողացած են դիմակայել ձուլման ու պառակտման վտանգները։

Այսօր եւս, թէ՛ սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ, օրհասական պահերուն ազգային-եկեղեցական ու գերագոյն շահը քաղաքական ու գաղափարական տարակարծութիւններէն վեր դասելը, եկեղեցւոյ հովանիին տակ համախմբուիլը միակ ճանապարհն է։ Մեր երկրի առջեւ ծառացած ծանրագոյն հարցերն ալ կարելի է լուծել բացառապէս այսպիսի ողջախոհ միասնականութեամբ, փոխադարձ հանդուրժողութեամբ ու համատեղ աշխատանքով։

Ահա այս բանաձեւն է, որ եգիպտահայութեան տուաւ կէսդարեան պատուաբեր գոյերթ եւ նոյն այս պատգամն է, որ Պերճ Թէրզեան որպէս անփոխարինելի կտակ կը թողու համայն հայութեան։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2026