ՀՐԱՆԴ ԹՈՐՈՍԵԱՆ (1886 - 1966)

Մտաւորական, խմբագիր, լրագրող, թարգմանիչ եւ դասախօս Հրանդ Թորոսեան, ծնած է 1886 թուականի օգոստոսի 29-ին, Խարբերդ նահանգի Ակն գաւառի Կամարակապ գիւղին մէջ:
1894-ին տեղափոխուած է Պոլիս, ուր յաճախած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարան:
1914-ին աւարտած է բարձրագոյն ուսումը՝ ուսանելով իրաւաբանական եւ քաղաքագիտական կաճառներէն ներս: Աւարտած է նաեւ Ֆրանքֆուրթի եւ Հայտելպերկի համալսարաններու տնտեսագիտութեան դասընթացքները:
Զբաղած է ուսուցչութեամբ Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան, Փերայի Մխիթարեան հայրերու, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարաններուն եւ Սկիւտարի ճեմարանէն ներս:
1910-1914 թուականներուն աշխատակցած է «Առաւօտ», «Արեւելք», «Բիւզանդիոն», «Ոստան», «Շանթ» թերթերուն, միաժամանակ «Թանզիմաթ», «Իքտամ» թրքերէն, ինչպէս նաեւ «Լըուան Հերալթ», «Փուրս տ՚Օրիան» ֆրանսերէն պարբերականներուն: Ժիրայր Ք. Մինասի վկայութեամբ, ան նաեւ աշխատակցած է «Լը Մոնտ» օրաթերթին: Ան կը գրէ. «Պր. Հրանդ Թորոսեան, «Լը Մոնտ» օրաթերթի աշխատակից, որուն «Հայ գրականութեան պատմութիւնը» մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդացուի» («Արմենիա», Ազգային, գրական, քաղաքական, հասարակագիտական օրաթերթ, ուրբաթ, 30 յունիս, 1967, Պուէնոս Այրէս, էջ 2):
1912-1924 թուականներուն պաշտօնավարած է Օսմանեան հանրային Պարտուց վարչութեան մէջ:
1925-ին անցած է Փարիզ:
1930-1937 թուականներուն եղած է «Լ՚Էնֆորմասիոն» տնտեսական եւ քաղաքական օրաթերթի խմբագիրը:
1933-1940 թուականներուն եղած խմբագիրը «Մերքիւր տ՚Օրիան» տնտեսական ամսաթերթին, որու հիմնադիրն է նաեւ:
1946-1947-ին Փարիզի մէջ հրատարակած է «Շիրակ» ամսաթերթը:
1937-1957 թուականներուն դասաւանդած է Փարիզի Արեւելեան կենդանի լեզուներու կաճառին մէջ:
1949-1952 թուականներուն եղած է Ֆրանսահայ գրողներու ընկերութեան նախագահ:
Հրանդ Թորոսեանին արգասիքն են՝
«Կենցաղագիտութիւն, հանրային գործունէութիւն եւ քաղաքացիական կրթութիւն» (1939):
«Հայ գրականութեան պատմութիւն» (1951), ֆրանսերէնով. «Histoire de la Littérature Arménienne», Ռընէ Կրուսէի նախաբանով:
«Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւն» (1957), ֆրանսերէնով. «Histoire de l’Arménie et du Peuple Arménien»:
«Արեւմտահայ աշխարհաբարի ծագումն ու զարգացումը» (1961):
«Հայաստանը եւ հայկական դատը»։ Այս հատորը, որ Թորոսեանի վկայութեամբ ձեռագիր շուրջ 600 էջ է, ցաւօք մինչ օրս անտիպ է: Սակայ, Հրանդ Թորոսեանի կենդանութեան ժամանակ, արժանթիանահայ ազգային գործիչ Ճորճ Սարաֆեանի Թորոսեանի իսկ արտօնութեամբ այս աշխատութիւնը համառօտութեամբ հրատարակած է 1965-ին, սպաներէնով, Պուէնոս Այրէսի մէջ. 144 էջ: Նոյնը վերահրատարակուած է 1985-ին եւ 1995-ին:
Հրանդ Թորոսեան մահացած է 1966 թուականի սեպտեմբերի 4-ին, Փարիզի մէջ:
*
Աւետիս Կապենց կը գրէ Հրանդ Թորոսեանի մասին.
… Երբ մենք ալ, դարձած երէկի սերունդ, ծրարը ձեռքին կը սպասենք կարգի ճամբորդութեան, ահաւասիկ հատ մըն ալ մեր սիրելի մեծերէն, որ կը զատուի, կը մահանայ:
…Թորոսեան, կրկնենք, իրաւ մտաւորական, համեստ, անշշուկ իր առաքելութեան ճամբուն Արշակ Չօպանեանի նման կ՚աշխատէր երկու ուղղութեամբ: Հեղինակ, լրագրող, խմբագիր, թարգմանիչ եւ ուսուցիչ Արեւելեան լեզուներու վարժարանին, օտարներուն մեր մեծասքանչը կը սորվեցնէր ու նոր սերունդին մեր մշակոյթը՝ ֆրանսերէն հատորներ նուիրելով անոր:
Օգտակատ եւ ազգօգուտ գործեր են իր երկերէն «Իսթուար տը լ՚Արմենի» եւ «Իսթուար տը լա լիթերաթիւր արմենիէն»ը, ամփոփ ու պայծառ աշխատանքներ:
Բայց պարտք կը զգամ նշելու հոս, եւ ինչ մեղքս պահեմ ամօթով, հայ գրողի արժանապատուութեան վիրաւորանքը, թէ ինչ որ ըրաւ Թորոսեանը, ըրաւ առանձին, հայ հեղինակի երկունքով, զրկանքով ու տառապանքով: Զլացանք անոր մեր նուազագոյն աջակցութիւնը…:
Արտադրեց, պրպտեց, հրատարակեց առանձին, բերնին պատառէն կտրած, առանց հաւաքական օգնութեան:
Եւ ահաւո՞րը, ողբերգակա՞նը, գործը կէս ձգած կ՚երթայ ան ալ, արժանաւոր մըն ալ, կ՚երթայ, բայց աչքերը բաց…:
Այո՛, աչքերը բաց: Կը հասկցուի այս «աչքերը բաց»ը. իմ մեծ մայրիկիս ըմբռնումով…:
Վասնզի կ՚երթայ ան դառնութեամբ, իր ուրիշ մէկ գործին, վեց հարիւր էջ եւ պատկերազարդ, «Լ՚Արմենի է լա քոզ Արմենիէն»ին հրատարակութիւնը չտեսած…: Միակ վարձատրութիւնը արտասահմանի հայ հեղինակին… («Աշխարհ», Գրական եւ հասարակական շաբաթաթերթ, 7 յունուար 1967, Փարիզ, էջ 2):
*
«Կենցաղագիտութիւն, հանրային գործունէութիւն եւ քաղաքացիական կրթութիւն» (1939) գրքոյկին երկու խօսքին մէջ, Վահան Մալէզեան այսպէս կը գրէ.
«Մեր ձեռնարկած «Մատենաշար»ին [Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ)] համար անհրաժեշտ դատեցինք անհատական եւ հասարակական կեանքի ուղեցոյց մըն ալ հրատարակել, որովհետեւ, ցաւալի է խոստովանիլ, ընդհանրապէս մեր ազգին մէջ հոգ չի տարուիր անհատին բարեկրթութեան, ինչպէս քաղաքացիին եւ գործիչին կրթութեան: Կարծես ատոնք բախտին ձգուած են, այնպէս որ, առանց կարգ ու կանոնի, հայը իր բնազդին հետեւելով, մասամբ եւս իր նկարագրին եւ խառնուածքին, քիչ մըն ալ իր միջավայրին ազդեցութիւնը կրելով, կը կերտէ իր անհատական կենցաղագիտութիւնը եւ կը կատարէ իր հասարակական քաղաքացիական պարտականութիւնները:
Այսպիսի կարեւոր գործի մը համար չէինք կրնար դիմել աւելի ձեռնհաս ընկերաբանի մը՝ քան մեր բարեկամ տիար Հրանդ Թորոսեանի, որ յաջողեցաւ այս փոքր գրքոյկին մէջ շատ բան սեղմեցնել, վերին աստիճանի շահեկան եւ թելադրական գիտելիքներ, որոնք մեր ժողովուրդին համար պիտի ըլլան իսկապէս օգտակար առաջնորդ մը:
Իր նամակին մէջ տիար Թորոսեան իրաւամբ կը գրէ հետեւեալ տողերը.
«Առանց յաւակնութեան, կը կարծեմ, թէ իր ներկայ սեղմ վիճակին մէջ անգամ, այս գրքոյկը կոչուած է թանկագին ուղեցոյց մը ըլլալու հայ անհատին եւ մանաւանդ հայ երիտասարդին անհատական կեանքին եւ հանրային գործունէութեան մէջ: Այս տեսակէտով ան լիովին ծառայած պիտի ըլլայ իր նպատակին: Իսկ եթէ անոր պարունակած նիւթերը հետաքրքրեն մեր երիտսարդները եւ անոնց գրգիռ ըլլան խորացնելու զանոնք, մասնագիտական գիրքերու դիմելով, այն ատեն անիկա անբաղդատելիօրէն լայն հորիզոններ բացած պիտի ըլլայ մեր երիտասարդներուն ընկերային եւ հանրային դաստիարակութեանը համար»:
Այս ուղեցոյցը պիտի սորվեցնէ մանաւանդ, հակառակի իր ծաւալին համեստութեան, թէ հայ երիտասարդը ի՛նչպէս պիտի կրնայ ըլլալ բարեկիրթ մարդ մը, տիպար գործիչ մը եւ ճշմարիտ քաղաքացի մը»:
Փարիզ, 20 յուլիս 1939» (էջ 3-4):
Այդ ուղեցոյց գրքոյկին մէջ կը կարդանք.
«Ի՞նչ է կենցաղագիտութիւնը:
Ընկերութեան մէջ՝ ապրող անհատը հարկադրուած է բազմազան յարաբերութիւններ մշակելու իր նմաններուն, իր Ազգին եւ Պետութեան հետ: Այս յարաբերութիւնները հաճելի դարձնելու եւ անոնցմէ նիւթական եւ բարոյական առաւելագոյն օգուտը քաղելու համար, ամէն մարդ պարտաւոր է յարգելու կարգ մը էական կանոններ, որոնց ամբողջութիւնը կը կոչուի կենցաղագիտութիւն:
Պէտք է խոստովանիլ, թէ մեր մէջ այդ բանին պէտք եղած կարեւորութիւնը չի տրուիր ընդհանրապէս եւ, սակայն, բարեկրթութեան շնորհիւ որքա՜ն թերութիւններ կը պարտկուին մարդուն անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ եւ մանաւանդ որքա՜ն առաւելութիւններ ձեռք կրնան բերուիլ» (էջ 5):
Հետաքրքրական կերպով կը նկարագրէ, թէ ի՛նչպիսին կարելի է ըլլալ «Հայուն կուսակցութիւնը»: Կը կարդանք.
«Մեր ցանուցիր պզտիկ ազգը՝ անզօր, անպաշտպան, մեր գաղութները մեծ մասամբ աղքատ եւ անտէր, շատ աւելի գործնական ուղղութիւն մը ընդգրկելու են.- պահպանել հայ լեզուն, կանգուն պահել Հայ Եկեղեցին, զօրեղացնել ազգային համերաշխութեան ոգին եւ աւելցնել անհատին նիւթական բարօրութիւնը, առեւտրական եւ ճարտարուեստական գործակցական ձեռնարկներու միջոցաւ, ուր որ այս կարելի է:
Եթէ այս համեստ այլ կենսական ծրագիրը կարենաս գործադրել, կազմած կ՚ըլլաս արդէն կուսակցութիւն մը, անկախ եւ զերծ՝ քաղքական եւ ընկերային գաղափարականութենէ, եւ այս կուսակցութիւնը կ՚ըլլայ հայուն կուսակցութիւնը:
Հայուն կուսակցութեան բնական անդամ է ամէն հայ, առանց կարծիքի խտրութեան: Կասկած կա՞յ արդեօք, թէ գտնուի հայ մը, որ չուզէ մասնակցիլ այսպիսի հաւքականութեան մը՝ որ համազգային շահերէ միայն առաջնորդուած պիտի ըլլայ» (էջ 23):
Պատասխանելով հետեւեալ հարցումին, թէ՝ ո՞րն է իրական ազգասիրութիւնը, Թորոսեան կը գրէ.
«Երբ ազգին գործերը յաջող կ՚ընթանան, ազգասէրները վխտալ կը սկսին: Ամէն անհատ իր դրացիին հետ կը մրցի իր խանդավառութեան մէջ, հայրենիքին օժանդակելու իր եռանդին մէջ: Տարօրինակ չենք գտներ այս պարագայական հետաքրքրութիւնը. ան մարդկային է: Բայց, բուն ազգասիրութիւնը այս չէ:
Իրական ազգասիրութիւնը այն է, որ յայտ կու գայ ազգին անշուք, անփառունակ եւ ձախողակից օրերուն: Այս պարագաներուն ցոյց տրուած ո[ր]եւէ անձնուիրութիւն, ընձեռուած ո[ր]եւէ օժանդակութիւն ճշմարիտ առաքինութիւն մը կը դառնայ: Ջանա՛, հա՛յ երիտասարդ, ա՛յս ազգասիրութեամբ տոգորուիլ:
Պետութեան մը ուժը եւ ապագան՝ խաղաղ, անփառունակ շրջաններու մէջ է որ կը կազմուի առաւելապէս, մեթոտաւոր աշխատութեամբ, աննկուն յարատեւութեամբ: Մեր ազգին համար ալ այսպէս պէտք է ըլլայ:
Չէ՞ք կարծեր, որ մեր այս անպատրաստութիւնը եղաւ մին այն պատճառներէն՝ որ Ընդհանուր պատերազմէն ետքը, թոյլ չտուաւ մեզ մեր հայրենի հողին վրայ կանգուն պահել մեր գոյութիւնը» (էջ 28):
*
Մտաւորական Արտաշէս Յարութիւնեանի մասին հետեւեալ տողերը արձանագրած է.
Արտաշէսի անունը եւ անձը երկար տարիներ սերտօրէն կապուած մնացին, այսպէս, մտքիս մէջ բանաստեղծութեան հետ, գաղափարի յամառ զուգորդութեամբ: Տարիներ վերջը միայն պիտի հասկնայի, թէ այդ «եթերային» տղան ո՛րքան մարդկային էր: Գերազանցապէս բանաստեղծական եւ ողջմտօրէն տեսլապաշտ մնալով հանդերձ, ան կ՚ապրէր հաւասարակշիռ կեանք մը, որ հազուադէպօրէն կը տեսնուէր մեր միջավայրին մէջ:
Անոր բացառիկ անհատականութիւնը երեւցած է, ո՛չ այնքան իր գրական արտադրութիւններուն՝ որքան իր անհատական կեանքին, ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ: Ամէն անոնք՝ որոնք բախտը ունեցած են իր մտերմութեան մէջ գտնուելու, յարգանքի եւ անվերապահ գնահատութեան զգացումներ միայն ունեցած են իր նկատմամբ: Նոյնիսկ իր հակառակորդները - բայց հակառակորդ ունէ՞ր միթէ-, եւ մինչեւ անգամ անոնք՝ որոնք մասնաւոր եւ անձնական շարժառիթներէ մղուած, փորձած են ստուեր ածել անոր համբաւին վրայ, ըրած են ատիկա վեհերոտ կերպով, եւ, եթէ կարելի է այսպէս ըսել, յանցապարտի խղճահարութիւնով («Աշխարհ», Գրական եւ հասարակական շաբաթաթերթ, 18 մարտ 1964, Փարիզ, էջ 4):
*
Հրանդ Թորոսեան ունի շարք մը Ակնայ ժողովրդային բանահիւսութեան մասին, որ լոյս տեսած է «Հայրենիքի Քնար»ին մէջ: Այդ շարքին մէջ Օրօրոցի երգերու մասին հետեւեալը կը գրէ.
«Օրօրոցի երգերը կ՚երգէ մայրը մեղմ, դաշն այլ միօրինակ ձայնով մը նստած օրրանին մօտ ու շարժելով զայն. սովորաբար է՜ է՜ է՜՜՜ով կամ օ՜ր օ՜ր օ՜ր-ով մը կը սկսի: Այս երգերը բազմաթիւ են արդէն ու իւրաքանչիւր մայր տեղէն, վիճակէն ու պարագայէն ներշնչուելով իր կողմէ նոր տուներ կամ տողեր յօրինած ըլլալով՝ ասոնց թիւը աւելի եւս բազմացած է: Բայց, աւա՜ղ որ, ինչպէս օրօրոցի երգերը նոյնպէս ալ միւս բոլոր երգերը չերգուելով՝ հետզհետէ կը մոռցուին, այնպէս որ այսօր հազուագիւտ են այն անձերը -գլխաւորաբար կիներ- որոնք կարենան յիշել զանոնք ամէնքն ալ անսխալ կերպով: Մենք բնիկ զանազան անձերու դիմելով հաւաքեցինք զանոնք՝ ջանալով պահել անոնց հարազատութիւնը, առանց մեր կողմէ որեւէ բան մը աւելցնելու կամ պակսեցնելու: Եւ արդէն ժողովրդային բանահիւսութիւններ հաւաքող ամէն անձի գլխաւոր պարտականութիւնը այս ըլլալու չէ՞ միթէ. բնաւ գովելի բան մը չէ ժողովրդին շինած երգը բարեփոխել, սրբագրել կամ ինչ ինչ մասերը կրճատել:
Այդ երգերուն հմայքը իրենց բնատիպ հարազատութիւնն է, առանց որու՝ քմածին արտագրութինններ ըլլալով՝ բան մը չեն արժեր» («Հայրենիքի Քնար», Ազգային, գրական, ընկերական, 1908, էջ 179):
*
Մինաս Չերազի մասին հետեւեալը կը գրէ.
«…Չերազ սովորական հասարակ մարդ մը չէ. ան՝ այն մարդոցմէն է, զորս դարեր հազիւ կը ծնին եւ որոնք սակայն լիուլի բաւական են յաւերժացնելու համար պատիւն ու փառքը այն ազգին՝ որուն ծոցին մէջ ծնած ու սնած են: Չերազ ահա այդ կարգի մարդոցմէն է. ան՝ աննախընթաց նախանձնախնդրութեամբ մը բարձր բռնեց հայութեան պատիւը եւրոպական ազգերու մէջ եւ իր ամբողջ ուժն ու կորովը գործածեց հայրենիքին ազատագրութեանը գործին ու այնքան պատուաւորապէս ներկայացուց հայը իր նկարագրին ամբողջական գիծերուն մէջ: Ասկէ զատ՝ իբրեւ աննկուն, քաջամարտիկ զինուոր՝ միշտ պատնէշին վրայ կանգուն, կուրծքը բացած ամէն կողմէ արձակուող հազարաւոր նետերուն եւ մէկ ձեռքովը սուրբ բռնած՝ միւսովը մերժելով այն բոլոր նուէրները, պատուանշաններն ու բարձրագոյն պաշտօնները, որոնք հայակուլ բռնակալութեան մը կողմէ իրեն կը մատուցուէին լռեցնելու համար իր գոռ ձայնը եւ անգործութեան դատապարտելու համար իր խիզախ, անկաշկանդ ու անկաշառ գրիչը…»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ