ԶՐՈՅՑ ԱՇՆԱՆ ՀԵՏ՝ ՁՄՐԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ
Բոլոր եղանակներն ալ անցումային են՝ մէկը միւսին կապող օղակներ, բայց աշունը թերեւս ամենէն աւելի ունի անցումի այդ խոր զգացողութիւնը։ Անիկա ամրան վերջին շունչն է եւ ձմրան առաջին նախազգուշացումը։ Բնութիւնը կը փոխէ իր երեսը, օրերը կը կարճնան, ծառերը կը մերկանան, իսկ արեւը, որ ամիսներ շարունակ ջերմութիւն ու լոյս կը բաշխէր, կամաց-կամաց կը զիջի իր տեղը ամպերուն։ Այս փոփոխութիւնը միայն եղանակային երեւոյթ մը չէ. անիկա ժամանակի ընթացքին լուռ վկայութիւնն է. յիշեցում մը, որ ոչինչ կը մնայ նոյնը, եւ ո՛չ ոք կրնայ կանգնեցնել զայն, ինչ որ իր ժամանակը լրացուցած է։
Տերեւները, որոնք քանի մը շաբաթ առաջ կը շողշողային կանաչի, ոսկեգոյն ու հրաշէկ երանգներով, հիմա կը թափին մայթերուն վրայ։ Քամին զանոնք կը քշէ փողոցէ փողոց, կը խառնէ իրարու եւ կը կուտակէ անկիւններու մէջ։ Բնութեան այս պարզ տեսարանին մէջ կայ ճշմարտութիւն մը, զոր մարդ յաճախ կը մոռնայ իր առօրեայ վազքին մէջ. կեանքը միայն կուտակելու արուեստը չէ, այլեւ՝ անհրաժեշտ պահուն ձգելու կարողութիւնը։
Մենք կը կուտակենք յիշողութիւններ, յաջողութիւններ, յուսախաբութիւններ, չիրականացած երազներ ու չարտասանուած խօսքեր։ Երբեմն կը կառչինք այնպիսի բաներու, որոնք վաղուց դադրած են մեզի ծառայելէ, միայն որովհետեւ ծանօթ են, որովհետեւ անոնցմէ հրաժարիլը կը պահանջէ ընդունիլ, որ ժամանակը փոխուած է։ Բայց մարդ չի կրնար նոր ճամբայ բանալ՝ ամբողջ ուժով անցեալէն կառչած մնալով։ Ծառը չի սգար իր տերեւներուն կորուստը, որովհետեւ գիտէ, որ իրական կեանքը հողին տակ՝ արմատներուն մէջ է: Կան բաներ, զորս պէտք է պահպանել, իսկ կան բաներ, զորս պէտք է համարձակիլ ձգել։ Իմաստութիւնը այս երկուքին տարբերութիւնը ճանչնալն է։
Աշունը օրէ օր կը խորանայ, իսկ օդին մէջ արդէն կը զգացուի ձմրան պաղ շունչը։ Այս անցումին մէջ ամէնքիս համար ալ կայ ինքնաքննութեան առիթ մը։ Ի՞նչ ըրինք անցնող ամիսներուն։ Ո՞ր նպատակներուն հասանք, որո՞նք մնացին խօսքի սահմաններուն մէջ։ Մեր ո՞ր պարտականութիւնները կատարեցինք, նաեւ որո՞նք յետաձգեցինք՝ կարծելով, թէ վաղը միշտ պիտի ունենանք։ Ո՞ւր գործեցինք սկզբունքով եւ ո՞ւր տեղի տուինք յարմարութեան։ Որո՞ւ հանդէպ եղանք անարդար, ո՞ր պահուն լռեցինք, երբ պէտք էր խօսիլ, եւ ո՞ր պահուն խօսեցանք, երբ լռութիւնը աւելի իմաստուն պիտի ըլլար։
Այս հարցումները ինքնախարազանումի համար չեն։ Անոնք անհրաժեշտ են, որովհետեւ մարդուն ամենավտանգաւոր սովորութիւններէն մէկը իր իսկ սխալներուն հետ հաշտուիլն է՝ առանց զանոնք ուղղելու փորձին։ Ժամանակը ինքնաբերաբար մեզ իմաստուն չի դարձներ, կրնայ տարիներ աւելցնել մեր տարիքին, բայց ո՛չ անպայման՝ մեր դատողութեան։ Իմաստութիւնը կը ծնանի այն ատեն, երբ փորձառութիւնը կը վերածենք գիտակցութեան, գիտակցութիւնն ալ՝ գործի։
Աշունը միայն մտածումներու եւ խորհրդածութիւններու եղանակ չէ, անիկա նաեւ պատրաստութեան ժամանակն է։ Առաւօտները կը ցրտեն, կէսօրները երբեմն կը խաբեն իրենց մեղմութեամբ, իսկ երեկոները կը բերեն խոնաւութիւն ու քամի։ Զգեստապահարաններէն դուրս կու գան հաստ վերարկուները, կը ստուգուին ջեռուցման սարքերը, կը հաշուուին տան ծախսերը եւ կը ծրագրուին ձմրան անհրաժեշտ պաշարները։ Բնութիւնը կը փոխէ իր ընթացքը, իսկ մարդը ստիպուած է վերադասաւորել իր առօրեան։
Սակայն, նոյն ձմեռը բոլորին համար նոյնը չէ։ Մէկուն համար անիկա ձիւնի ճերմակ գեղեցկութիւնն է, պատուհանին զարնող անձրեւը եւ տաք թէյի բաժակին շուրջ ստեղծուող խաղաղութիւնը։ Միւսին համար՝ վառելանիւթի գինը, ելեկտրականութեան սակը, պաղ սենեակը եւ ամիսը ծայրէ ծայր հասցնելու ծանր հաշիւը։ Եղանակը բնութեան կողմէ պարտադրուած պայման մըն է, բայց, այդ պայմանին հետեւանքները հասարակութեան բոլոր անդամներուն վրայ հաւասարապէս չեն ծանրանար։
Կան տուներ, ուր ձմրան գալուստը դիմաւորելու համար ամէն ինչ պատրաստ է։ Բայց կան նաեւ բնակարաններ, ուր պատուհաններու ճեղքերէն ներս կը սողոսկի քամին․ չենք գիտեր՝ արդեօք հոն տարեց մարդ մը կը վարանի՞ վառարանը վառելու՝ ծախսը հաշուելով, եւ մայր մը կը փորձէ իր զաւկին չզգացնե՞լ, թէ տան մէջ ամէն ինչ սահմանափակուած է։ Այդ տուներուն մէջ աշնան գոյները չեն անհետանար, բայց, անոնց գեղեցկութիւնը չի տաքցներ սենեակները։ Եթէ բնութեան ցուրտին դէմ ջեռուցման սարքերն են, որ կը պաշտպանեն մեզ, հասարակութեան ներսի ցուրտին դէմ միակ դարմանը մարդկային ջերմութիւնն է՝ ուշադրութիւնը, հոգատարութիւնն ու փոխադարձ զօրակցութիւնը:
Եղանակային փոփոխութիւնները կ՚ազդեն նաեւ մեր մարմնին ու տրամադրութեան վրայ։ Կարճ օրերը, արեւի նուազող լոյսը, անձրեւն ու ցուրտը կրնան յառաջացնել յոգնածութիւն եւ ներքին անհանգստութիւն։ Տարիքոտներուն, մինակ ապրողներուն եւ առողջական խնդիրներ ունեցողներուն համար այս շրջանը յատկապէս դժուար կրնայ ըլլալ։ Սահելու վտանգը, ցուրտէն սրացող ցաւերն ու պաղառութիւնները կը յիշեցնեն, որ եղանակային փոփոխութիւններուն յարմարիլը ո՛չ միայն հոգեկան, այլեւ գործնական անհրաժեշտութիւն է։ Մարդը, սակայն, բնութեան դէմ պայքարելով չէ միայն յառաջացած, այլեւ՝ անոր օրէնքները հասկնալով եւ իր կեանքը համապատասխանեցնելով անոնց։ Ո՛չ ամէն դժուարութիւն կարելի է վերացնել, բայց շատերը կարելի է մեղմել՝ ժամանակին պատրաստուելով, իրարու աջակցելով եւ իրողութիւնները չանտեսելով։
Երբ հայեացքս կը հեռացնեմ անձնական աշխարհէս եւ կը նայիմ մեր հաւաքական իրականութեան, աշնանային այս անցումը ուրիշ իմաստ կը ստանայ։ Հայութեան առջեւ ծառացած հարցերը եղանակներու նման չեն, որ գան, անցնին եւ իրենց ետին ամէն ինչ թողուն անփոփոխ։ Անոնք կը կուտակուին, կը փոխեն իրենց երեսը եւ յաճախ կը վերադառնան՝ աւելի բարդ պայմաններու մէջ։ Հայրենիքին անվտանգութիւնը, տեղահանուածներուն ճակատագիրը, արտագաղթը, ժողովրդագրական նահանջն ու հասարակական բաժանումները ամբողջութեան մը զանազան երեսակներն են։
Այս պայմաններուն մէջ մեր ազգային կեանքը երբեմն երկարատեւ աշունի մը կը նմանի։ Կան պահեր, երբ երիտասարդներու նախաձեռնութիւնները, լեզուի հանդէպ հետաքրքրութիւնը, մշակութային աշխատանքը եւ հայրենիքին օգտակար ըլլալու փորձերը նոր ուժ կը ներշնչեն։ Բայց կան նաեւ անտարբերութեան ու գործակցելու անկարողութեան պահեր։ Արդեօք բաւարար չափով կը զանազանե՞նք այն, ինչ որ մեր ուժերէն դուրս է, եւ այն, ինչ որ մեր որոշումներուն ու թերացումներուն հետեւանքն է։ Առաջինին հանդէպ պէտք է ունենալ սթափ գնահատում, երկրորդին հանդէպ՝ պատասխանատուութիւն։ Ամէն ինչ արտաքին ուժերուն վերագրելը կրնայ ժամանակաւորապէս թեթեւցնել մեր խիղճը, բայց չի կրնար փոխարինել ինքնաքննութեան։ Ժողովուրդ մը կը զօրանայ այն ատեն, երբ կը սորվի իրողութիւնները ճիշդ անուններով կոչել, սխալները ընդունիլ եւ անոնց կրկնութիւնը կանխելու միջոցներ ստեղծել։
Հայրենիքին կապուածութիւնը չի կրնար յաւերժ սնանիլ միայն պատմական յիշողութենէն ու պարտքի զգացումէն․ անիկա պէտք է ամրապնդուի նաեւ ապրելու իրական կարելիութիւններով։ Մեր ժողովուրդը երկար ժամանակ յոյսերով սնանած են։ Յոյսը կարեւոր է, բայց անբաւարար՝ առանց կազմակերպուած աշխատանքի, իրատեսական ծրագիրներու եւ երկարաժամկէտ մտածողութեան։ Պէտք են նաեւ գիտելիք, հաստատուն կամք եւ սխալը ուղղելու պատրաստակամութիւն։
ՁՄՐԱՆ ՇԵՄԻՆ՝ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՆԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ
Եղանակներու անցումները կը յիշեցնեն կեանքի հանգրուանները։ Աշունը մեզ կը հրաւիրէ հաշուեկշիռ ընելու, իսկ ձմեռը՝ դիմադրութեան եւ համբերութեան։ Ցուրտը կը մօտենայ, բնութեան ուրախ ձայները կը լռեն, ծառերը կը մնան մերկ, այգիները կը դատարկուին, իսկ հողը կարծես կը կորսնցնէ իր շարժումը։ Սակայն, այդ լռութիւնը մահ չէ։ Արմատները կը շարունակեն իրենց անտեսանելի աշխատանքը, հողը կը պահպանէ իր կենսունակութիւնը, եւ նոր կեանքի պայմանները կը պատրաստուին առանց աղմուկի։
Այս պատկերը մարդկային կեանքին ալ կը վերաբերի։ Կան շրջաններ, երբ մեր ուժերը կը նուազին, նպատակները կը հեռանան, իսկ ապագան կը դադրի յստակ երեւալէ։ Կը պատահի, որ տարիներու աշխատանքը չգնահատուի, կամ սիրելի մարդիկ հեռանան մեր կեանքէն։ Այդ պահերուն դիւրին է եզրակացնել, թէ մեր ջանքերը ապարդիւն եղած են։ Սակայն, կեանքի արժէքը միայն անմիջական արդիւնքներով չչափենք։ Որոշ աշխատանքներու պտուղը թերեւս ուշ կը հասուննայ, որոշ որոշումներու իմաստը կը բացայայտուի տարիներ ետք։
Ձմեռը, սակայն, ինքնին մեզ չի զօրացներ. դժուարութիւնը ինքնաբերաբար առաքինութիւն չի ստեղծեր, տառապանքն ալ ինքնաբերաբար իմաստութիւն չի պարգեւեր։ Մարդ կրնայ դժուարութենէն դաս քաղել, բայց կրնայ նաեւ անոր մէջ կարծրանալ ու դառնանալ։ Տարիներու ընթացքին կը փոխուին մեր արժէքներու չափանիշները։ Այն, ինչ որ ժամանակին անփոխարինելի կը թուէր, կրնայ կորսնցնել իր փայլը։ Որոշ վէճեր կը դառնան անկարեւոր, իսկ պարզ պահերը՝ սիրելիի մը ձայնը, ընտանեկան սեղանի շուրջ հաւաքուիլը, բարեկամի մը անակնկալ հեռաձայնը կամ ձմրան երեկոյ մը ապահով տան մէջ նստիլը, կը ստանան այն արժէքը, զոր ժամանակին չէինք նկատեր։
Ասիկա նուազագոյնով բաւարարուիլ չէ, այլ՝ տարբերել էականը՝ երկրորդականէն։ Գուցէ հասուննալ կը նշանակէ հասկնալ, որ երջանկութիւնը միշտ մեծ իրադարձութիւն մը չէ. անիկա կրնայ ըլլալ առողջ արթննալու բարիքը, սիրելի մարդուն դէմքին վրայ տեսնուած ժպիտը կամ ծանր օրուան մը վերջաւորութեան ձեռք բերուած ներքին խաղաղութիւնը։ Ով որ կը գնահատէ ունեցածը, աւելի յստակ կը տեսնէ նաեւ այն, ինչ որ պէտք է փոխել։
Ձմրան պատրաստուիլը, հետեւաբար, միայն մարմնական անհրաժեշտութիւն չէ։ Տուները տաք պահելու համար պէտք են ջեռուցման միջոցներ ու պաշարներ, իսկ մարդկային յարաբերութիւնները պահպանելու համար՝ վստահութիւն, ուշադրութիւն, համբերութիւն եւ պատասխանատուութիւն։
Երբ առաջին ձիւնը ծածկէ տանիքներն ու փողոցները, կ՚արժէ պահ մը կանգ առնել եւ նայիլ այդ ճերմակութեան։ Բայց ո՛չ այն պատրանքով, թէ ձիւնը կը ջնջէ անցեալի հետքերը։ Անիկա կրնայ ծածկել զանոնք, բայց չի վերացներ։ Նոյնպէս, ժամանակի անցնիլը չի ջնջեր մեր սխալներն ու չկատարուած պարտականութիւնները։ Նոր էջ բանալը օգտակար է միայն այն ատեն, երբ պատրաստ ենք նախորդ էջէն բան մը սորվելու։
ԳԱՐՈՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ
Աշունը կը խորանայ, ձմեռը կը մօտենայ։ Իսկ մենք կը շարունակենք մեր ճամբան՝ յիշողութիւններով, վախերով, նպատակներով եւ տակաւին չիրականացած երազներով։ Կեանքը մեզի չի խոստանար, որ իւրաքանչիւր դժուար շրջան իր ետին անպայման աւելի լաւ օրեր պիտի բերէ։ Բայց անիկա մեզի կը թողու ընտրելու կարողութիւնը՝ թէ ինչպէ՛ս պիտի դիմագրաւենք անորոշութիւնը եւ ի՛նչ պիտի ընենք մեր ունեցած ժամանակին հետ։
Այս զրոյցը աշնան հետ զիս կը հասցնէ պարզ, բայց պահանջկոտ համոզումի մը. ձմեռը վերջնակէտ չէ, սակայն, գարունն ալ ինքնաբերաբար տրուած խոստում չէ։ Հողին տակ պահպանուած սերմը բողբոջելու համար պայմաններու կարիք ունի։ Նոյնպէս, մարդուն եւ ժողովուրդին մէջ պահպանուած յոյսը պէտք ունի աշխատանքի, գիտելիքի, կազմակերպուածութեան եւ պատասխանատուութեան։ Յոյսը ապագայի հանդէպ վստահութիւն է, բայց նաեւ ներկայի մէջ գործելու պարտաւորութիւն։
Մեզի այսօր թերեւս ամենէն շատ պէտք եղածը գարնան գեղեցիկ խոստումը չէ։ Մեզի կարեւոր է այն ներքին եւ հաւաքական ուժը, որ կրնայ դիմանալ ձմրան։ Ուժ մը, որ կը բխի փոխադարձ յարգանքէն, արդարութեան ձգտումէն եւ իրարու հանդէպ պատասխանատուութենէն։ Ուժ մը, որ չի բաւարարուիր միայն անցեալը փառաբանելով կամ ներկան քննադատելով, այլ կը փորձէ ստեղծել այն պայմանները, որոնց մէջ նոր սերունդը կրնայ ապրիլ, զարգանալ եւ պահպանել իր ինքնութիւնը։
Գարնան սպասումը անգործ սպասում չէ։ Գարունը նաեւ այն է, ինչ որ կը պատրաստենք ձմրան ընթացքին՝ երբ կը պահպանենք սերմերը, կը խնամենք արմատները եւ չենք ձգեր, որ ցուրտը ոչնչացնէ մեր մէջ նորոգուելու կարողութիւնը։
Մարդը կը սպասէ գարնան՝ որովհետեւ կը հաւատայ կեանքի շարունակութեան, իսկ ժողովուրդ մը կը սպասէ գարնան՝ երբ տակաւին ուժ ունի իր ճակատագիրը փոխելու։
Գարունը բնութեան խոստումն է։ Մարդուն եւ ժողովուրդին գարունը, սակայն, իրենց իսկ գործին ու կամքին արդիւնքն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան