ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՈՍԿԷ ՄԱՏԵԱՆԸ՝ ԱՐԴԻԱԿԱՆ

Միջնադարեան գրականութեան գանձարանին մէջ բացառիկ արժէք է «Հայելի վարուց» կամ «Մեծ հայելի» զրոյցներու ժողովածուն, որ իր հռչակով ու տարածուածութեամբ թերեւս կը զիջի միայն Աստուածաշունչին։ Պատահական չէ, որ զայն յաճախ կը բնորոշեն իբրեւ «Միջնադարի Աստուածաշունչը»։

Այս մատեանի արմատները կը հասնին 15-րդ դարու վերջաւորութեան։ Բնօրինակը լոյս տեսած է 1481 թուականին՝ «Հայելի օրինակաց» խորագրով, սակայն, իր վերջնական ու ընդարձակ տեսքը ստացած է պելժիացի մատենագիր Յովհաննէս Մայորի շնորհիւ։ Այս շտեմարանը կը բովանդակէ 14-16-րդ դարերու լատինագիր արձակի լաւագոյն նմոյշները՝ արտացոլելով միջնադարեան մարդու աշխարհընկալումը, անոր վախերն ու յոյսերը, հաւատալիքներն ու բարոյական ըմբռնումները։

ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԼԵՀԱՑԻ. ԹԱՐԳՄԱՆԻՉՆ ՈՒ ՍՐԲԱԳՐԻՉԸ

17-րդ դարուն, երբ հայ մշակութային կեանքը նոր զարթօնք կ՚ապրէր, լեհահայ նշանաւոր մտաւորական Ստեփանոս Լեհացին ձեռնարկեց այս հսկայածաւալ գործի հայացման։ 1651 թուականին կատարուած թարգմանութիւնը (որ տպագրուեցաւ 1702 թուականին) պարզապէս լեզուական փոխադրութիւն չէր, այլ ինքնատիպ մշակութային սրբագրութիւն։

Լեհացին ցուցաբերած է խիստ ընտրողական մօտեցում։ Լատինական եւ լեհական երկու հազար զրոյցներէն ան ընտրած է միայն 247-ը՝ առանցքային համարելով աստուածաշնչեան տասը պատուիրաններուն շուրջ հիւսուած պատումները։

Թարգմանիչը հմտօրէն ձերբազատած է բնագիրը կաթոլիկական դաւանաբանական շեշտերէն, օտար տեղանուններէն ու թուականներէն՝ զանոնք փոխարինելով հայ ընթերցողին հոգեհարազատ պատկերներով։

Լեհացիի շնորհիւ գիրքը յարմարեցուած է Հայ Եկեղեցւոյ դիրքորոշումներուն՝ դառնալով հայ մարդու բարոյականութեան իւրատեսակ հայելի։

«Հայելի վարուց»ի զրոյցները այսօր ալ կը հնչեն այժմէական, քանի որ անոնց հիմքին մարդկային առաքինութիւնն ու մոլորութիւնն են։ 17-րդ դարու մեր լուսաւորիչներու համար այս գիրքը եղած է յառաջադէմ գաղափարներու աղբիւր, իսկ մեզի համար՝ միջնադարեան իմաստութեան միջոցով ինքնաճանաչման հրաւէր։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս հռչակաւոր հաւաքածոյէն ընտրեալ պատումներ, որոնք կը շարունակեն մնալ մեր հոգեւոր ժառանգութեան անբաժան մասը։

ԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս փրկութեան Աւետարանին մէջ կը պատգամէ. «Ուր որ ձեր գանձերն են, հոն պիտի ըլլան նաեւ ձեր սիրտերը» (Մատթ. 6, 21), եւ իրապէս ալ այդպէս է:

Մեծ հարստութեան տէր մարդ մը՝ չափազանց ագահ, արծաթասէր ու անյագ, որ երբեք աղքատներուն ողորմութիւն չէր տար, բարեգործութիւն չէր ըներ, ոչ ալ կարօտեալներուն պէտքերը կը հոգար, այնպէս պատահեցաւ, որ յանկարծակի մեռաւ: Անոր բարեկամներն ու ազգականները կարգադրեցին զայն հերձել, որպէսզի տեսնեն, թէ ո՞րն էր իր յանկարծահաս մահուան պատճառը:

Եւ երբ հերձեցին զինք ու սիրտը չգտան, սարսափահար եղան: Ապա բոլորն ալ գացին այն սենեակը, ուր իր գանձը կը պահէր, բացին գանձապահարանը եւ ահա՛, հանգուցեալ մարդուն սիրտը գտան սատանայի ձեռքերուն մէջ, որ վիշապակերպ նստած՝ կը պատառոտէր զայն, իսկ անոնց, որոնք կը նայէին, ըսաւ.

«Այս ոսկին ու արծաթը իր սրտին գինն են, որոնց դիմաց ձեր բարեկամը վաճառեց զիս. իրաւամբ զայն իմ սեփականութիւնս է, ինչ որ կամենամ՝ այն ալ կ՚ընեմ»:

*

Ծերունի մը քաղաք գնաց՝ իր ձեռագործ աշխատանքները վաճառելու: Պատահեցաւ, որ մահամերձ վիճակի մէջ գտնուող մեծահարուստի մը դրան առջեւ նստաւ: Եւ ահա տեսաւ սեւակերպ ձիեր ու սեւադէմ ու սարսափազդու հեծեալներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ձեռքին մէջ հրեղէն գաւազան ունէր: Հասնելով մեծահարուստին դրան, ձիերէն իջնելով՝ բոլորն ալ արագութեամբ տուն մտան: Հիւանդը, զանոնք տեսնելով, սկսաւ Աստուծոյ աղաղակել. «Տէ՛ր, օգնէ՛ ինծի»: Իսկ անոնք ըսին.

-Ա՞յժմ յիշեցիր Աստուած, երբ արեգակը մայր մտաւ: Ինչո՞ւ զԱյն չէիր փնտռեր կեանքիդ բոլոր օրերուն, քանի դեռ արեւը կը ծագէր: Այլեւս ո՛չ յոյսի, ո՛չ ալ մխիթարութեան բաժին կայ։ 

*

Մեծահարուստ մը շատ հարստութիւն դիզած էր, բայց ո՛չ առանց մեղքերու: Երբ վերջին շունչին հասաւ, մերձաւորները զինք կը յորդորէին, որպէսզի մտածէ իր հոգիի փրկութեան մասին: Բայց ան նման խօսքեր լսելէ չէր ախորժեր, այլ մանաւանդ մահիճին մէջ այս ու այն կողմ դառնալով՝ կ՚ափսոսար, ի խորոց սրտի կու լար, կը կոծէր ու ողորմելի ձայնով կ՚ողբար՝ ըսելով.

-Աւա՜ղ, ի՜նչ մեծ չարչարանքով ջանացի, որ հարստութիւն ձեռք բերեմ եւ ահաւասիկ, ուրիշները պիտի ժառանգեն ու վայելեն իմ գանձերս:

Օ՜, հարստութիւն իմ, օ՜, ինչքեր իմ, օ՜, մխիթարութիւն իմ սրտի, որո՞ւ ձեռքը պիտի իյնաք, որո՞ւ պիտի թողում ձեզ:

Եւ այսպիսի խօսքեր ըսելով՝ վախճանեցաւ:

*

Կին մը կեղծ աստուածպաշտութեամբ կ՚ապրէր. գիշեր-ցերեկ կ՚աղօթէր եւ անդադար ուխտատեղիներ կ՚այցելէր: Այսպիսի ձեւացեալ առաքինութեամբ ապրելով՝ մարդոցմէ բազմաթիւ իրեր կը վերցնէր եւ մշտապէս շատ ոսկեղէն կը հաւաքէր: Այն ամէնը, զոր աստուածասէր քրիստոնեաները կու տային քրիստոնեայ գերիները ազատելու համար՝ ան քսակի մէջ կը դնէր, իսկ ինչ որ կու տային կարօտեալներուն պէտքերուն համար՝ արկղի մէջ կը պահէր:

Այդ կինն իր սենեակին մէջ խորունկ փոս մը փորած էր եւ հոն մեծ կարաս մը տեղաւորած: Իրեն տրուած իրերը հոն կը պահէր, վրան ալ քար կը դնէր: Աւա՜ղ անիծեալ ագահութեան, թէ ինչպէ՛ս կը կուրցնէ մարդիկը եւ խաւարի մէջ կ՚ընկղմէ: Բայց կարճ ըսած՝ երբ կարասը դրամով լեցուեցաւ եւ կնոջ մահուան ժամանակն ալ հասաւ, ինչպէս որ մեռած էր աստուածատուր հոգիով, նոյնպէս ալ մարմնով մեռաւ ու թաղուեցաւ:

Թաղման արարողութենէն ետք, քահանաները կնոջ սպասաւորած աղջկան հարցուցին.

-Քու տիկինդ ի՞նչ կ՚ընէր այդքան դրամը, որ իրեն կու տային:

Ան ալ պատասխանեց.

-Երբեք չեմ տեսած, որ աղքատներուն բան մը տար, եւ չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր կը պահէր այն դրամը, զոր մարդոցմէ կը վերցնէր: Միայն գիտեմ, որ ինչ որ իրեն կու տային, սենեակ կը տանէր եւ այլեւս դուրս չէր հաներ:

Քահանաները, այս լսելով, զարմացան եւ փութաջանօրէն սկսան փնտռել ու ահա լսեցին դրամի ձայնը: Քարը գլորելով՝ մեծ քանակութեամբ դրամ գտան եւ, զարմանալով կնոջ խորամանկութեան վրայ, այս ամէնը յայտնեցին եպիսկոպոսին: Իսկ եպիսկոպոսը, սաստիկ բարկանալով, հրամայեց բանալ գերեզմանը եւ ամբողջ դրամը թափել մեռած մարմնին վրայ՝ ըսելով.

-Ինչ որ հաւաքեցիր՝ քեզի՛ թող ըլլայ, իսկ Քրիստոսի աղքատներուն ոչինչ թող պակսի:

Անկէ ետք քանի մը գիշեր գերեզմանէն ձայներ կը լսուէին եւ սաստիկ լաց ու կոծ: Եւ այս ողբերուն մէջ պարզորոշ լսելի եղաւ հետեւեալ ձայնը. «Վա՜յ ինծի՝ եղկելիիս, վա՜յ ինծի՝ ամենաթշուառիս, քանզի այս ոսկին կ՚այրէ ու կը տոչորէ ոսկորներս»:

Այսպիսի ձայներ լսուեցան երեք գիշեր ու ցերեկ: Շրջակայ մարդիկը, չկարողանալով տանիլ ատիկա, գացին քահանային մօտ եւ անոր հրամանով բանալով տապանը՝ տեսան, թէ ինչպէ՛ս ոսկին հալած էր՝ կարծես հնոցի մէջ, իսկ կնոջ բերանը պատուած էր կրակէ բոցով: Այն ատեն քահանան աղօթեց Աստուծոյ, որ անոր մարմնի տանջանքները թեթեւնան, որովհետեւ անոր չարութիւնը յայտնի դարձած էր մարդոց՝ իբրեւ զգուշացում: Այնուհետեւ գոցեցին գերեզմանը, եւ կնոջ ձայնը այլեւս չլսուեցաւ:

ԱՆՅԻՇԱՉԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Կին մը կար, այնքան բարկասիրտ ու դժուարահաճ, որ հազիւ թէ մէկը կարենար անոր հետ լեզու գտնել կամ հաշտ ապրիլ: Սակայն ան ինքզինք սուրբ եւ աղօթասէր կը կարծէր, քանի որ մարմինը պահքով կը ճնշէր, երկար կ՚աղօթէր եւ այլ բարեգործութիւններ կը կատարէր։ Բայց գլխաւոր թերութիւն մը ունէր. եթէ որեւէ մէկու կողմէ անգամ մը վիրաւորուէր, անոր հանդէպ բնաւ սէր չէր ցուցաբերեր։ Այսպիսի բարկութիւնն ու վրէժխնդրութիւնը ոչ ոք կրնար իրմէ հեռացնել։

Օր մը, երբ այս կինը ծանրօրէն հիւանդացաւ, խոստովանահայր կանչեց եւ իր բոլոր մեղքերը խոստովանեցաւ, բացի այս մէկէն, զոր ամենեւին չյիշեց։ Եւ երբ քահանան բացաւ մասնատուփը, որպէսզի Տէրունական Մարմինը ճաշակել տայ, ան փակեց բերանը եւ երեսը դէպի պատը դարձուց՝ ըսելով.

–Ինչպէս որ ես բազում անգամներ երեսս կը դարձնէի ինձի վնաս պատճառողներէն եւ բնաւ սրտանց չէի ներեր ու ամբողջապէս չէի սիրեր զանոնք, այլ միշտ բարկութեան մէջ էի եւ ուրիշներն ալ իմ բարկութեամբս կը խռովեցնէի, նոյնպէս ալ Աստուած Իր երեսը դարձուց ինձմէ. ո՛չ ինծի երբեւիցէ մարդասիրաբար պիտի նայի, ո՛չ ալ զԻնք երբեւէ զուարթադէմ պիտի տեսնեմ, այլ բարկացող բոլոր դեւերուն հետ պիտի դատապարտուիմ եւ անոնց տանջանքներուն մասնակից պիտի ըլլամ:

ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻՆ ԱՂՕԹԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Ահաւոր մեղսասէր մարդ մը սովորութիւն ունէր մշտապէս փառաբանելու Կոյս Մարիամը եւ իր սովորական աղօթքը անոր մատուցելու: Օր մը, երբ անապատին մէջ սաստիկ անօթի էր, Սուրբ Աստուածածինը վայելչագեղ կոյսերու հետ երեւցաւ իրեն՝ ազնուական կերակուրներ բերելով, բայց գարշելի ու կեղտոտ ամանով: Եւ անոր ըսաւ.

-Կե՛ր այդ:

Իսկ ան ըսաւ.

-Այդ կերակուրը բարի է ու գեղեցիկ, բայց չեմ կրնար ուտել այդ գարշելի ամանին պատճառով:

Այնժամ ամենօրհնեալ Տիրամայրը անոր ըսաւ.

-Փառաբանութիւնդ, զոր ինծի կը մատուցես, բարի է ու գեղեցիկ, բայց սիրտդ՝ անմաքուր, որուն համար ալ զայն չեմ սիրեր եւ չեմ ընդունիր:

Ապա ասկէ ետք ապաշխարութեամբ մաքրուեցաւ:

ԸՆԿԵՐԸ ՍԻՐԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Առաքեալ ու Եփեսոսի աւետարանիչ Սուրբ Յովհաննէսը մինչեւ խոր ծերութիւն ապրեցաւ, եւ աշակերտները զինք իրենց ձեռքերուն վրայ կը տանէին եկեղեցի: Անոնց ժողովներուն ընթացքին քանի մը անգամ միայն մէկ խօսք կ՚ըսէր եւ միայն ասիկա կը յիշեցնէր. «Որդեակնե՛ր, սիրեցէ՛ք զիրար»: Իսկ եղբայրները, որոնք իրեն հետ էին, զարմանալով, թէ ինչո՞ւ նոյն խօսքը կը կրկնէր, անոր ըսին.

-Վարդապե՛տ, ինչո՞ւ նոյն խօսքը մշտապէս կ՚ըսես:

-Այն պատճառով,- պատասխանեց ան,- որ Տիրոջ պատուիրանն է, եւ եթէ միայն այդ կատարուի՝ բաւական է:

ՎԱՇԽԻ (ՇԱՀԻ) ՄԱՍԻՆ

Վաշխառու մը իր կնոջ հետ անկողնին մէջ քնացած էր, եւ ահա յանկարծակի քունէն զարթնելով՝ ելաւ անկողինէն: Կինը անոր հարցուց.

-Ո՞ւր այդպէս կը շտապես:

-Քիչ առաջ յափշտակուելով Աստուծոյ դատաստանին տարուեցայ, եւ հոն այնքան ամբաստանութիւններ ինծի դէմ բարդեցին, որ ամենեւին չկրցայ եւ ո՛չ մէկ բան խօսիլ:

Այս ըսելով եւ վերցնելով իր պատռտած հագուստները՝ տունէն ելաւ եւ դէպի վանք վազեց, ուր սակայն զինք ամենեւին չկրցան զղջման ու ապաշխարութեան բերել: Յետոյ իր ազգականները, զինք վանքէն առնելով, տուն տարին: Եւ երբ գետին մէջէն կ՚անցնէին, ահա տեսան արագընթաց նաւ մը, որ իրենց կը մօտենար: Վաշխառուն նայելով տեսաւ, որ նաւը լեցուն էր դեւերով եւ եկած էր զինք դէպի յաւիտենական տանջանքները տանելու:

Երբ նաւը իրենց մօտեցաւ, դեւերը անմիջապէս զինք բռնութեամբ խլեցին անոնց ձեռքէն եւ իրենց նաւը տանելով՝ իսկոյն նաւուն հետ միասին աչքէ աներեւոյթ եղան: Արդ, ինչպէս որ ան տոկոս կ՚առնէր այս կեանքին մէջ, նոյնպէս ալ պատիժ պիտի առնէ հանդերձեալին մէջ:

ԱՆԶՂՋՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մարդ մը իր կեանքի բոլոր օրերուն գարշելի արարքներ կը գործէր եւ բնաւ չէր ուզեր ապաշխարել. իսկ երբ իրեն խրատ կու տային, սովորաբար պարծենալով կ՚ըսէր.

-Իմ մահուան վերջին վայրկեանին միայն երեք բառ պիտի արտասանեմ ու պիտի փրկուիմ:

Արդ, այս մարդը, որ դեռ չէր ծերացած, օր մը ձի հեծած ճամբայ կ՚երթար եւ խարխուլ կամուրջի մը վրայ ելաւ: Յանկարծ ձին վտանգի ենթարկուեցաւ. տէրը փորձեց զայն վեր հանել, սակայն՝ ապարդիւն: Եւ տեսնելով, որ ձին անպատճառ ջուրը պիտի իյնայ, սանձը բաց թողլով՝ գոչեց.

-Սատանա՛, ա՛ռ ամէնը:

Եւ այսպէս, ահա այս երեք բառերով ալ ջուրը ինկաւ ու կորուստի մատնուեցաւ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2026