ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՒ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՐՇԱՒ
Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ գրեթէ ամէն օր Ֆրանսայի մէջ կը հնչեն «հայ», «Հայաստան» բառերը։
Երկրի զանազան քաղաքներու, հեղինակաւոր սրահներու, դահլիճներու մէջ միշտ հայկական բան մը կայ։ Պարզ պատահականութի՞ւն է ասիկա, թէ՞ ֆրանսահայ գաղութի կենսունակութեան, հայ ստեղծագործ միտքի տոկունութեան եւ համաշխարհային մշակոյթին բերած ծանրակշիռ նպաստին բնական ու օրինաչափ ճանաչումը։ Անշուշտ՝ վերջինը։
Ֆրանսայի մէջ հայկական ներկայութիւնը այլեւս սահմանափակուած չէ սփիւռքի համայնքային շրջանակներով․ զայն կը դառնայ ֆրանսական մշակութային կեանքի բնական ու անբաժանելի մէկ մասը՝ արժանանալով պետական, ակադեմական եւ միջազգային բարձր գնահատանքի։
2026 թուականի այս ամիսներուն մանաւանդ կը նկատենք, որ կարծես բեմի վերածուած է Ֆրանսան, ուր հայկական անցեալի հարուստ ժառանգութիւնն ու արդի ստեղծագործ միտքը կը ներկայանան առանձնայատուկ փայլքով։
Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած հայկական յաջողութեան քանի մը պատմութիւն կը ներկայացնենք յաջորդաբար։
Միջազգային շարժապատկերի աշխարհի ամենահեղինակաւոր հարթակին՝ Քաննի 79-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնին, որ այս տարի կայացաւ մայիսի 12-էն 23-ը, հայկական շարժապատկերային արուեստը բարձրաձայն ներկայացաւ աշխարհին․ երկու տարբեր սերունդներու հայ արուեստագէտներ իրենց ներկայութեամբ հիացուցին միջազգային հանրութիւնը։ Ֆրանսահայ անուանի դերասան Սիմոն Աբգարեան հանդէս եկաւ պատմական ու շարժապատկերային շրջադարձային գլխաւոր դերով մը։ Ան մարմնաւորեց Ֆրանսայի պատմութեան ամենանշանաւոր առաջնորդներէն մէկը՝ նախագահ Շարլ տը Կոլը, բեմադրիչ Անթոնէն Պոտրիի «Տը Կոլ․ Երկաթէ շրջադարձ» ծաւալուն կենսագրական շարժաշարի առաջին մասին մէջ, որ կը կոչուի «Տը Կոլի ճակատամարտը․ Երկաթէ դարաշրջան»։
Այս հինգ ժամնոց պատմական վիպերգութեան համաշխարհային առաջնախաղը ցուցադրուեցաւ «Մրցոյթէն դուրս» ծրագրին մէջ եւ դարձաւ փառատօնի գլխաւոր խօսակցութիւններու նիւթերէն մէկը։ Ֆրանսական հեղինակաւոր մամուլը Աբգարեանի դերակատարութիւնը որակեց որպէս տարուան ամենաուժեղ, համոզիչ եւ հոգեբանական խորութիւն ունեցող դերասանական աշխատանքներէն մէկը։ Քննադատները յատուկ շեշտեցին, որ Աբգարեան ո՛չ թէ պարզապէս պատմական կերպար կը խաղայ, այլ պաստառին վրայ կը վերակենդանացնէ ամբողջ դարաշրջանի մը քաղաքական ու մարդկային մեծ թատերականութիւնը։ Բայց եղան նաեւ քննադատութիւններ՝ շարժանկարի բեմադրիչը քննադատած են չափազանց յուզական շերտի եւ պատմութեան պարզեցման համար։
Նոյն օրերուն, Քաննի փառատօնի «Քաննի դասականներ» յատուկ ծրագրին մէջ տեղի ունեցաւ շարժապատկերի հայ հանճար Արտաւազդ Փելեշեանի ժապաւէններու բացառիկ ցուցադրութիւնը։ Լեփլեցուն դահլիճին մէջ համաշխարհային հանդիսատեսն ու արուեստագէտները յոտնկայս եւ երկարատեւ ծափահարութիւններով պատուեցին մեծ վարպետը, որուն ստեղծած «նկարահանած մասերու տարածական հաւաքում» տեսութիւնը ցայսօր յեղափոխական կը համարուի համաշխարհային շարժապատկերային արուեստին մէջ։ Այդ տեսութեան մէջ Փելեշեան նկարահանուած պատկերները իրարու կը կապէ ներքին կշռոյթով ու երաժշտական իւրայատուկ կառուցուածքով մը։
Փառատօնի ընթացքին մեծ շուքով ցուցադրուեցան անոր վերականգնուած հինգ գլուխ գործոցները՝ «Մարդկանց երկիրը» (1966), «Սկիզբը» (1967), «Մենք» (1969), «Բնակիչները» (1970) եւ «Տարուայ եղանակները» (1975)։
Ժան-Լիւք Կոտարէն մինչեւ Սերկէյ Փարաճանով բարձր գնահատուած շարժանկարային արուեստի այս գործերը դարձեալ փաստեցին, որ Փելեշեանի արուեստը ժամանակէն անցնող համամարդկային երեւոյթ մըն է։
ԴԷՊԻ ՔԱՆՆ 2027. ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԱՏՈՒՈՅ ԵՐԿԻՐ
Քաննի մէջ արձանագրուած այս յաջողութիւնները ունին նաեւ շարունակական ու ռազմավարական նշանակութիւն, քանի պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ 2027 թուականին Հայաստան պիտի դառնայ Քաննի 80-րդ շարժանկարրի փառատօնի «Քննադատներու շաբաթ» ծրագրի «Յաջորդ քայլը» նախաձեռնութեան պատուոյ երկիրը։ Միջոցառման ներկայ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Դանիէլ Դանիէլեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ շեշտեց, որ տասնամեակներ շարունակ Հայաստանը ապրած է պատերազմներու, փակ սահմաններու եւ մեկուսացման ծանրութեան ներքոյ, սակայն, նոյնիսկ ամենադժուար ժամանակներուն մեր ժողովուրդը երբեք չէ դադրած ստեղծագործելէ, քանի որ մշակոյթը մեզի համար կանգուն մնալու միջոց է։ Ան աւելցուց, որ այժմ մեր տարածաշրջանին մէջ ի յայտ կու գայ նոր պատմական հնարաւորութիւն՝ ճանապարհ դէպի Եւրոպա, դէպի ազատ, ժողովրդավարական եւ ստեղծարար աշխարհ, եւ մենք կը փափաքինք մեր տոկունութեան, սիրոյ եւ ապագայի հանդէպ հաւատքի պատմութիւնները պատմել աշխարհին՝ ժամանակակից շարժանըկարի լեզուով եւ գործիքներով։
Այս պատուաբեր ծրագրի շրջանակներուն մէջ պիտի ընտրուին ութ երիտասարդ բեմադրիչներ, որոնցմէ չորսը Հայաստանէն եւ չորսը արտասահմանէն, որոնք զոյգերով պիտի համագործակցին հայկական միջավայրին մէջ՝ ստեղծելով չորս սեղմ շարժապատկերներ՝ ներշնչուած մեր երկրի մշակոյթէն եւ իրականութենէն։ Այս ժապաւէններուն առաջնախաղերը պիտի կայանան Քաննի 2027 թուականի փառատօնի «Քննադատներու շաբաթուան» ընթացքին, որմէ ետք հայ բեմադրիչները հնարաւորութիւն պիտի ունենան միջազգային համատեղ արտադրողներու առջեւ ներկայացնելու իրենց ապագայ կարճաժապաւէն նախագիծերը։
ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ ՄՈՆՄԱՐԹՐԻ ՎՐԱՅ
Ֆրանսահայ գրական ու մշակութային այս զարթօնքը իր գեղեցիկ գագաթնակէտին կը հասնի Փարիզի առասպելական Մոնմարթր թաղամասին մէջ, ուր հայկական անունը դարձեալ կը դառնայ ֆրանսական բարձրագոյն մշակոյթի առանցքը։ Մայիսի 22-ին, Մոնմարթրի խորհրդանշական «լ՚Օթել Փարթիքիւլիէ»ին (L’Hôtel Particulier) մէջ, տեղի ունեցաւ «Շարլ Ազնաւուր» ընկերութեան հիմնադրած «Ազնաւուրի սիրոյ խօսքերու գրական մրցանակ»ի (Prix Aznavour des Mots d’Amour) չորրորդ փառատօնը։ Մեծն շանսոնիէի որդիին՝ Միշա Ազնաւուրի կողմէ 2023 թուականին կեանքի կոչուած այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի մեծարելու այն արդի ֆրանսագիր հեղինակները, որոնք իրենց վէպերով, պատմուածքներով կամ բանաստեղծութիւններով կը հարստացնեն սիրոյ ժամանակակից ընկալումներն ու 21-րդ դարու նոր մտածողութիւնը։
Շարլ Ազնաւուր, որ իր ողջ կեանքի ընթացքին անկրկնելիօրէն երգեց սիրոյ տագնապներն ու վերիվայրումները, այսօր ալ Փարիզի մէջ կը մնայ ներշնչման մեծագոյն աղբիւր։ Այս տարուան բարեգործական շքեղ երեկոյին, որուն ներկայ էին ութեսուն ընտրեալ հիւրեր, մշակութային ազդեցիկ դէմքեր եւ բարերարներ, յանձնուեցաւ այս տարուան յատուկ մրցանակը, իսկ հաւաքուած ողջ հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի երիտասարդ ֆրանսախօս հեղինակներու գրական ծրագիրներուն, կրթաթոշակներուն եւ համաշխարհային բեմերու վրայ լեզուի ու մշակոյթի տարածման։ Այս տարուան ազնաւուրեան մրցանակը ստացաւ ֆրանսացի գրող Ֆապրիս Քափիցանոն իր «Սալամանտր մը ականջին» վէպի համար։ Հեղինակաւոր մրցանակը յանձնեց Միշա Ազնաւուր։
ԼՈՒՎՐԻ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ ԵՒ «ՍՐԲԱԶԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ»Ը
Մայիսի 21-ին, Փարիզի հռչակաւոր Լուվր թանգարանին մէջ կայացաւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին նուիրուած յատուկ գիտաժողով մը։ Միջոցառման շրջանակներէն ներս ներկայացուեցաւ թանգարանի հարուստ պատմութիւնն ու անցած ուղին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ հնագիտութեան զարգացման ընթացքն ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման արդի մարտահրաւէրները։ Այս սերտ յարաբերութիւններուն զուգահեռ, արձանագրուած մեծաքանակ այցելութիւններով պայմանաւորուած՝ Երեւանի մէջ, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն ներս գործող «Սրբազան երկխօսութիւն․ Լուվրէն՝ Հայաստանի Պատմութեան թանգարան» միջազգային աննախադէպ ցուցահանդէսը երկարաձգուած է եւ բաց պիտի մնայ մինչեւ յառաջիկայ յունիսի 15-ը։
Այս ցուցահանդէսով, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ կը ցուցադրուին Լուվր թանգարանի հաւաքածոներէն տասնվեց ուշագրաւ ցուցանմոյշներ, որոնք համադրուած են Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանի աւելի քան երկու տասնեակ արժէքաւոր առարկաներուն հետ։ Ցուցադրութեան մէջ առանձնակիօրէն կը ներկայացուի նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն փոխառնուած՝ Սուրբ Բարդուղիմէոս առաքեալի մասունքարանը։ Երկու հաւաքածոներու այս համատեղ ցուցադրութիւնը յատուկ շեշտով կ՚ընդգծէ Հայաստանի եւ քրիստոնեայ Արեւելքի բազմադարեան գեղարուեստական ժառանգութեան ամբողջ հարստութիւնն ու բազմազանութիւնը։
ՆԱԽԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԿՈՒՆՔՆԵՐԸ
Ֆրանսայի մէջ հայկական ներկայութիւնը ունի նաեւ խորունկ պատմագիտական արմատներ, ինչ որ կը փաստուի այս տարի կազմակերպուող ցուցադրութիւններով եւ գիտական զեկոյցներով։ Լիւսաք-լէ-Շաթօ (Lussac-les-Châteaux) քաղաքի Նախապատմութեան թանգարանին մէջ մայիսի 22-ին սկիզբ առաւ եւ մինչեւ յառաջիկայ հոկտեմբերի 31-ը պիտի շարունակուի «Նախաքրիստոնէական Հայաստանի ակունքներուն մէջ. Կուր-Արաքսէն մինչեւ Ուրարտու» խորագրով բացառիկ ցուցահանդէսը։ Այս կարեւոր ցուցադրութիւններու շրջանակներէն ներս ֆրանսացի արուեստասէրներուն ներկայացուած է Շիրակի երկրագիտական թանգարանի հաւաքածուէն ընտրուած 137 հնագիտական բացառիկ նմոյշներ, որոնք կը բացայայտեն Պրոնզէ եւ Երկաթէ դարաշրջաններու հարուստ մշակոյթը, որ զարգացում ապրած է Հայաստանի ներկայ տարածքին վրայ՝ Նախքան Քրիստոս երրորդ հազարամեակէն մինչեւ առաջին հազարամեակ։
«ՀԱՅԵԼԻ» ՀԱՒԱՔԱԾՈՒՆ ԵՒ ՆՈՐ ՑՈՒՑԱՍՐԱՀ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ
Փարիզի նորաձեւութեան վերջին շաբաթուան շրջանակին մէջ, ֆրանսահայ ձեւագէտ Արմինէ Օհանեան եւ աշխարհահռչակ գեղանկարիչ Տիգրան Ձիթողցեան հանդէս եկան աղմկայարոյց համատեղ նախագիծով մը՝ «Թոքիօ պալատ»ին մէջ ներկայացնելով իրենց «Հայելի» համատեղ հաւաքածուն։ Այս իւրայատուկ գործակցութիւնը զիրար կապեց բարձր նորաձեւութիւնը եւ մեծակտաւ կերպարուեստը․ Տիգրան Ձիթողցեանի հանրայայտ մեծադիր կտաւները վերածուեցան կրելի արուեստի նմոյշներու՝ յատուկ ձեւով արտայայտելով ինքնութեան, ընկալման եւ ինքնահայեցողութեան խորհրդանշական նիւթերը։
Արմինէ Օհանեան ատկէ առաջ արդէն Փարիզի կեդրոնը՝ Ազգային ժողովի հարեւանութեամբ (280 Boulevard Saint-Germain), բացաւ դռները իր ապրանքանիշի նոր շքեղ ցուցասրահի, ուր այցելուները հանգիստ ու գեղագէտ մթնոլորտի մէջ կրնան հաղորդակցիլ ձեւագէտի ստեղծագործութիւններուն հետ, որոնք յաջողութեամբ կը համադրեն հայկական հիմնարար արժէքները եւ եւրոպական արդի կերպարները։ Ցուցասրահի բացման երեկոյթին ներկայ էին ֆրանսահայ գաղութի եւ արուեստի աշխարհի ազդեցիկ դէմքեր, նոյն երեկոյթի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ ֆրանսագիր հայազգի գրող եւ դերասանուհի Քորին Զարզաւաթճեանի նոր՝ «Կարապետի վարդատունը՝ հայկական ճակատագիր» մը ֆրանսերէնով գրուած պատմական վէպի շնորհանդէսը, որ լոյս տեսած է «Presses de la Cité» հրատարակչութեան կողմէ։ Գիրքը կը պատմէ 1908 թուականին Փարիզ հաստատուած Յակոբեան ընտանիքի մասին, որ կը կրէ ծանր գաղտնիք մը. նահապետ Կարապետի թոռնուհին՝ Ռոզը, մնացած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ՝ միանալու համար դիմադրական շարժման։ Տասը տարի անց անոր բացակայութիւնը դեռ բաց վէրք մըն է ընտանիքին համար, իսկ անոր հայրը՝ Հայկը, կը ձգէ Փարիզը ու կը մեկնի Պոլիս՝ փնտռելու ճշմարտութիւնը, թէ արդեօք ան մահացա՞ծ է «Անեմաս» բանտին մէջ, թէ առեւանգուած է, ստեղծելով յուզիչ պատմութիւն մը յիշողութեան, գաղթի եւ ընտանեկան կապերու անկոտրում ուժի մասին։
Ֆրանսական գրական շրջանակներուն մէջ Քորին Զարզաւաթճեան արդէն իսկ ճանչցուած անուն մըն է, քանի որ նախապէս մեծ արձագանգով լոյս ընծայած էր անոր «Ռոզը Տիարպեքիրէն» վէպը, ինչպէս նաեւ իր եղբօր՝ Ռիշար Զարզաւաթճեանի հետ համահեղինակած «Հայկական խոհանոց» (2017) եւ «Հայաստանը եւ հայերը A-էն մինչեւ Z» (2020) ֆրանսալեզու ճանաչողական կարեւոր հատորները։
ՍԻՄՈՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ
Սիմոն Աբգարեան ծնած է 1962 թուականի մարտի 5-ին, Ֆրանսայի Վալ-տ՚Ուազ գաւառի Կոնէս քաղաքին մէջ։
1971-1977 տարիներուն, երիտասարդ Աբգարեան իր ծնողքին հետ ապրած է Լիբանան, ուր յաճախած է տեղւոյն հայկական վարժարաններէն մէկը՝ միաժամանակ ուսումնասիրելով ֆրանսերէն եւ անգլերէն։
1977-ին, ան վերստին տեղափոխուած է Փարիզ։ Քանի մը տարի ետք փոխադրուած է Նիւ Եորք, ուր պարի եւ դերասանութեան իր դասընթացքները շարունակած է Նիւ Եորքի «Անդրանիկ» թատերախումբին հետ, իսկ աւելի ուշ հաստատուած է Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա։
1983-1985 տարիներուն ուսանած է դերասանութիւն եւ մաս կազմած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ)ի «Արտաւազդ» թատերախումբին՝ անուանի արուեստագէտ Ժիրայր Բաբազեանի ղեկավարութեամբ։ 1984-ին Լոս Անճելըսի մէջ կայացած Արուեստի Ողիմպիական փառատօնի ծիրէն ներս մասնակցած է աշխարհահռչակ «Թէաթր տիւ Սոլէյ» թատերախումբի կազմակերպած աշխատանոցային հանդիպումներուն։
1985-ին, Սիմոն Աբգարեան կը վերադառնայ Փարիզ, ուր ձեռք կը բերէ թատերական յաջողակ ասպարէզ եւ ութ տարի շարունակ կը համագործակցի «Թէաթր տիւ Սոլէյ»ի հռչակաւոր բեմադրիչ Արիան Մնուշքինի հետ։
2001-ին, Աբգարեան կը տիրանայ ֆրանսական թատրոնի ամենաբարձր ու հեղինակաւոր՝ «Մոլիէր» մրցանակին, «Հրէշը լուսնի վրայ» թատերախաղին մէջ իր արձանագրած բացառիկ դերակատարութեան համար։
1993-ին, Աբգարեան եւ իր դերասանուհի ու բեմադրիչ կինը՝ Քաթրին Շչոպ, Փարիզի մէջ կը հիմնեն իրենց սեփական թատերախումբը՝ «T.E.R.A.» (Դերասանի ուսումնասիրութեան տարածքի թատրոն), որուն մէջ Աբգարեան ստանձնած է բազմաթիւ դերեր եւ բեմադրած՝ դասական ու ժամանակակից թատերախաղեր։ 2020 թուականին, ան իր թատերական վաստակին համար արժանացած է եւս երեք «Մոլիէր» մրցանակներու։
Աբգարեան շարժապատկերի ոլորտէն ներս առաջին անգամ դեր ստանձնած է 1989 թուականին։ Իր ասպարէզի սկզբնական շրջանին ան արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ունեցած է ֆրանսացի յայտնի բեմադրիչ Սետրիք Քլափիշի հետ՝ հանդէս գալով վեց զանազան ժապաւէններու մէջ եւ մեծ հռչակ ձեռք բերելով մրցանակակիր «Իւրաքանչիւրը կը փնտռէ իր կատուն» շարժանկարով։
Ան արժանացած է միջազգային քննադատներու բարձր գնահատանքին՝ Ատոմ Էկոյեանի մրցանակակիր «Արարատ» (2002) ժապաւէնին մէջ հանճարեղ գեղանկարիչ Արշիլ Կորքիի կերպարը մարմնաւորելու համար։
Աբգարեան փայլուն մրցանակներ շահած է նաեւ բեմադրիչ Ռոնիթ Էլքապեցի «Կին առնելու համար» ժապաւէնին մէջ Էլիահուի դերը կատարելու համար։ Ան միջազգային մեծ ոստում արձանագրեց հոլիվուտեան «Քազինօ Ռուայալ» ժապաւէնին մէջ, ուր մարմնաւորեց Ալեքս Տիմիթրոսի կերպարը՝ Տանիէլ Քրէյկի կողքին խաղալով քանի մը ազդեցիկ ու ուժեղ տեսարաններ։
Այժմ Ֆրանսան կը խօսի իր վերջին դերի մասին, որ կը մարմնաւորէ Շարլ տը Կոլը։ Այս ժապաւէնը կը պատմէ 1940 թուականի յունիսի պատմական այն օրերուն մասին, երբ Ֆրանսան կը յանձնուի նացիական Գերմանիոյ, իսկ այդ օրերուն դեռ քիչ ճանչցուած զօրավար Շարլ տը Կոլ կը փախչի Լոնտոն՝ փորձելով համոզել աշխարհին, թէ Ֆրանսան տակաւին չէ պարտուած պատերազմին մէջ։ Ան չունի ո՛չ բանակ, ո՛չ աջակցութիւն եւ գրեթէ ո՛չ մէկ դաշնակից․ ունի միայն սեփական գաղափարին հանդէպ գրեթէ խենթ հաւատք մը։ Աստիճանաբար անոր շուրջ կը սկսին համախմբուիլ դիմադրական մարտիկները, զինուորները, ուսանողներն ու կամաւորները, եւ շարժանկարը ինքնին, ռազմական տրամայէ վերածուելով դիւցազներգական արկածախնդրութեան, ի վերջոյ կը դառնայ քաղաքական շնչահեղձուցիչ թրիլըր մը։
Ժապաւէնաշարի առաջին մասը Ֆրանսայի մէջ պիտի ցուցադրուի յունիսի 3-ին, իսկ երկրորդ բաժինը՝ «Քու անունդ կը գրեմ» խորագրով, հանդիսատեսին պիտի ներկայացուի ամիս մը վերջ՝ յուլիսի 3-ին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան