ԳԻՏՈՒԹԵՆԷՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ - ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒՂԻՆ՝ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ՖԻԼՄԻ ԵՒ «ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ» ՊԱՏԿԵՐԱԳԻՐՔԻ ԸՆԴՄԷՋԷՆ

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակին, ինչպէս նաեւ Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ծննդեան 80-ամեակին եւ նախագահ ընտրուելուն 35-ամեակին առթիւ, Երեւանի «Էլիթ փլազա» գործարարական կեդրոնին մէջ, հոկտեմբերի 16-ին, տեղի ունեցաւ նշանակալից ձեռնարկ մը, որ համախմբեց քաղաքական, դիւանագիտական, մտաւորական եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ։

Հոկտեմբերի 16-ի ընտրութիւնը պատահական չէր։ 1991 թուականի ճիշդ այդ օրը Լեւոն Տէր-Պետրոսեան ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ՝ ստանալով քուէներու շուրջ 83 առ հարիւրը։ 

Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Գիտութենէն պետութիւն. քաղաքական դիմանկարի ուրուագծեր» խորագրեալ վաւերագրական ֆիլմը, իսկ «Անտարես» ընկերութեան հրատարակած «Անկախութիւն» պատկերագիրքին շնորհանդէսը առիթ հանդիսացաւ վերադառնալու հայոց նորագոյն պատմութեան վճռորոշ հանգրուաններուն։ Պատկերագիրքին կազմողներն են Արամ Մանուկեանն ու Արմէն Մարտիրոսեանը, ձեւաւորողը՝ Գարեգին Զաքոյեանը։

Դահլիճը լեցուն էր քաղաքական ու հասարակական գործիչներով, դիւանագէտներով, մտաւորականներով եւ հանրութեան տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներով։ Ներկաները հաւաքուած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու 1991 թուականին ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ընտրուած առաջին նախագահին եւ վերյիշելու հայոց նորօրեայ պետականութեան կերտման դժուարին ճանապարհը։ Ներկաներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմէր երիտասարդութիւնը։

ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՍԿԵՒԻՉԵԱՆ. «ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆ ԱՅՆ Է,
ԻՆՉ ՈՐ ՀԻՄԱ Կ՚ԸԼԼԱՅ»

Ֆիլմի հեղինակ, ծանօթ վաւերագրող, գրող եւ մտաւորական Տիգրան Պասկեւիչեան, անդրադառնալով նախաձեռնութեան շարժառիթներուն, ընդգծեց նորագոյն պատմութեան լուսանցքայնացման դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը։

«Պատմութիւնը ո՛չ այն է, ինչ որ եղած է, ո՛չ ալ այն է, ինչ որ պիտի ըլլայ։ Պատմութիւնն այն է, ինչ որ հիմա կ՚ըլլայ», ըսաւ Պասկեւիչեան։

Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ֆիլմը ո՛չ թէ սխրանքի եւ հերոսութեան փաստագրում է, այլ՝ ուղեցոյց, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ պետութիւնը։ 

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հասած էր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը, զոր կարդաց Տ. Զաքարիա եպիսկոպոս Բաղումեան։ Սրբազան հայրը փոխանցեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ողջոյններն ու բարեմաղթանքները՝ այն հաստատ համոզումով եւ աղօթքով, որ մեր պետականութիւնը առաւել զօրանայ, անսասան մնայ մեր եկեղեցին եւ բարօր՝ մեր ժողովուրդը։ Բարեմաղթանքներ եւ աղօթքներ հասան նաեւ Հանրապետութեան առաջին նախագահին, որ Աստուած զինք առողջ եւ արթուն միտքով պահէ։ Ան անդրադարձաւ անկախութեան շարժման նշանակութեան, այդ տարիներու իր յուշերուն եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի քաղաքական կերպարին։

Առաջին նախագահի քաղաքական գործունէութեան եւ անոր հասարակական ընկալումներուն միջեւ եղած տարբերութիւններուն մասին խօսելով՝ Տ. Զաքարիա եպիսկոպոս Բաղումեան յոյս յայտնեց, որ ժամանակի ընթացքին հասարակութիւնը պիտի կարենայ վերարժեւորել իր պատմական գործիչները։ Ան նաեւ կոչ ուղղեց չհիասթափուիլ եւ շարունակել առաջ շարժիլ։

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութեան փոխ-նախագահ Արամ Մանուկեան, որ պատմեց «Անկախութիւն» պատկերագիրքին ստեղծման մասին եւ ներկայացուց անկախութեան ճանապարհի դժուարութիւնները։ 

«Մտաւորականներու եւ քաղաքական գործիչներու խումբ մը յոյս կը փայփայէր, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական իշխանութիւն եկած է, եւ կրնանք պահպանել անկախական արժէքները, ստեղծել ֆիլմեր, գիրքեր եւ սերունդներուն մատուցել մեր անկախութեան արժէքները։ Միամիտ էինք, յոյս կը կապէինք իշխանութիւններուն հետ եւ ձախողեցանք այդ բնագաւառին մէջ։ Տիգրան Պասկեւիչեան այն ատեն նկարեց «Անկախութեան մեր ճանապարհը» ֆիլմը, որ արգիլուեցաւ», ըսաւ ան, նշելով, թէ որքան կարեւոր են այսպիսի ֆիլմերը եւ անկախութեան նուիրուած գիրքերը։ 

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Անտարես»ի հիմնադիր եւ ղեկավար Արմէն Մարտիրոսեան, որ ներկայացուց անկախութեան մասին պատկերագիրքին հրատարակութեան պատմութիւնը։

1990-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԵՏԱԿԱՆԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ

Վաւերագրական ֆիլմը դիտելով՝ ակամայ կը վերադառնանք 1990-ական թուականներ, որոնք թէեւ մեզի համար հեռու կը թուին, սակայն, պատմութեան երկար ժամանակագրութեան մէջ ընդամէնը ակնթարթ մը կը կազմեն։ Այդ տարիներուն Հայաստանը միաժամանակ ստիպուած էր պատերազմիլ, յաղթահարել ուժանիւթային ծանրագոյն ճգնաժամը, հիմնել պետական կառավարման նոր համակարգ եւ փնտռել իր ուրոյն տեղը միջազգային քաղաքականութեան քարտէսին վրայ։

Ֆիլմը կ՚անդրադառնայ շարք մը առանցքային հարցումներու. ինչպէ՞ս կայացուած են այդ բախտորոշ որոշումները, ի՞նչ սկզբունքներով առաջնորդուած է երկրի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ ինչո՞ւ խաղաղութեան ու Արցախի ապագային շուրջ անոր պատկերացումները ի վերջոյ վերածուած են քաղաքական խոր հակասութեան։

Արխիւային հարուստ նիւթերու եւ իրադարձութիւններու անմիջական մասնակիցներու վկայութիւններուն ընդմէջէն ժապաւէնը կը ներկայացնէ պետական հաստատութիւններու ձեւաւորումը, տնտեսական արմատական բարեփոխումները, արտաքին քաղաքականութիւնը, Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները եւ 1998 թուականի քաղաքական ճգնաժամը։

Ֆիլմի սկիզբին յատուկ տեղ կը յատկացուի հայոց նորագոյն պատմութեան վճռորոշ էջերուն՝ Ղարաբաղեան շարժումէն եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն մինչեւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան հիմնադրումը, Վրաստանի ներքաղաքական տագնապն ու անոր ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ։ Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Թուրքիոյ տարածքով ցորենի ներկրման դժուարին ոդիսականին, «ցուրտ ու մութ» տարիներու ձմեռներուն եւ աթոմակայանի վերաբացման պատմական որոշման։

Այս իրադարձութիւնները կը ներկայացուին ո՛չ թէ իբրեւ իրարմէ անջատ դրուագներ, այլ իբրեւ նորանկախ պետութեան կազմաւորման փոխկապակցուած հանգրուաններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ազդեցութիւնը ունեցած է Հայաստանի քաղաքական եւ հասարակական կեանքին վրայ։

ՇՐՋԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ԱՍՈՒԼԻՍԸ ԵՒ
«ՊԱՏԵՐԱ՞ԶՄ, ԹԷ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ» ԲԱՆԱՁԵՒԸ

Ֆիլմին մէջ յատուկ անդրադարձ կայ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ամենայիշարժան մամուլի ասուլիսներէն մէկուն, որուն հատուածները կը հնչեն ժապաւէնի ընթացքին։ 1997 թուականի սեպտեմբերի 26-ին այդ ասուլիսին ներկայ գտնուած եւ նախագահին հարցում ուղղած էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այդ շրջանի թղթակից Սեւան Տէյիրմենճեան։

Ասուլիսը կը համարուի հայոց նորագոյն պատմութեան առանցքային քաղաքական իրադարձութիւններէն մին, քանի որ առաջին անգամ երկրի ղեկավարը բացայայտօրէն հանրութեան ներկայացուց Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման իր տեսլականը՝ առանց ձեւակերպումներու ետեւ թաքնուելու։

«Պատերա՞զմ, թէ խաղաղութիւն» յայտնի բանաձեւումը եւ ասուլիսին հնչած միտքերը հիմք հանդիսացան, որ ուղիղ մէկ ամիս անց՝ 1997 թուականի նոյեմբերի 1-ին, նախագահը հրապարակէ իր հռչակաւոր «Պատերա՞զմ, թէ խաղաղութիւն. լրջանալու պահը» ծրագրային յօդուածը։

Յատկանշական է, որ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք քաղաքագէտներն ու հանրութեան որոշ հատուածներ կրկին վերադարձան այդ ասուլիսին եւ յօդուածին՝ վերանայելու անոնց մէջ ներկայացուած մտահոգութիւններն ու կանխատեսումները։ Շատերու կարծիքով՝ Տէր-Պետրոսեան տակաւին քսաներեք տարի առաջ կանխատեսած էր, որ տարիներ անց Հայաստանը կրնայ աւելի մեծ կորուստներ կրել եւ ստիպուած ըլլալ ընդունելու շատ աւելի ցաւոտ պայմաններ։

Ֆիլմին մէջ կը պատմուի նաեւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրաժարականի մասին՝ վերադառնալով այն քաղաքական հանգրուանին, ուր անձնական որոշումն ու պետութեան ապագային շուրջ մտահոգութիւնը կը միահիւսուին։

Յատկանշական է նաեւ, որ ֆիլմի ազդագրին վրայ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան ներկայացուած է իր կեանքի եւ գործունէութեան քանի մը կարեւոր հանգրուաններով ու կոչումներով՝ բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, Մատենադարանի գիտական քարտուղար, «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ։

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ «Անկախութիւն» պատկերագիրքին շնորհանդէսը։ Գիրքը լրացուցիչ առիթ դարձաւ վերադառնալու անկախ պետականութեան կերտման պատմութեան եւ այդ ճանապարհին արձանագրուած ձեռքբերումներուն։

ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՑԻՆ.
ԳՈՐԾԻՉՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ 

Ֆիլմի ցուցադրութենէն անմիջապէս ետք ԺԱՄԱՆԱԿ առանձնազրոյցներ ունեցաւ ներկայ քանի մը գործիչներու եւ Տ. Զաքարիա եպսկ. Բաղումեանի հետ՝ լսելու անոնց գնահատականները ֆիլմին, առաջին նախագահի քաղաքական ժառանգութեան եւ նոր սերունդին համար անոր ունեցած նշանակութեան մասին։

ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ. «ԱՅՍ ՖԻԼՄԸ ՓՈՔՐ ՊԱՏՈՒՀԱՆ ՄԸՆ Է ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԳՏՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»

«Հայ ազգային քոնկրէս»ի փոխ-նախագահ Արամ Մանուկեան անդրադառնալով ֆիլմի պատմական եւ արդիական նշանակութեան, ըսաւ.

«Այս ֆիլմը նոր սերունդին տեղեկութիւն կու տայ իրականութեան մասին, որովհետեւ այն, ինչ որ հիմա կը ներկայացուի, հասարակութիւնը չի գիտեր․ երբեք չէ մատուցուած, դասագիրքերուն մէջ չկայ, ֆիլմեր ալ չեն եղած։ Աւելի՛ն, հիմա արգիլւած է անկախութեան, Հռչակագիրին, Ղարաբաղեան շարժման եւ ազատագրական պայքարին մասին խօսիլը։ Այս ֆիլմը տեսակ մը փոքր պատուհան է՝ ընդամէնը տեղեկութիւն ստանալու եւ ճշմարտութիւնը գտնելու այն մասին, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է իրականութեան մէջ»։

ԼԵՒՈՆ ԶՈՒՐԱԲԵԱՆ. «ԵՂԱԾ Է ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ»

Քաղաքական գործիչ, «Հայ ազգային քոնկրէս»ի փոխ-նախագահ Լեւոն Զուրաբեան ըսաւ․

«Ֆիլմին մէջ բաւականին լաւ, հանգամանալից ներկայացուած է այն, ինչ որ կատարուած է մեր երկրին հետ։ Այն, ինչ կատարուած է՝ մեծ սխրագործութիւն, քաջագործութիւն եւ մեծ իմաստութիւն էր, որ յետոյ տապալուեցաւ յիմարութեան, առաւելապաշտութեան եւ անիրատեսութեան պատճառով։ Ասիկա ողբերգութիւն է։

«Ֆիլմը այդքան բանէն ետք դրական լիցք կը հաղորդէ, որովհետեւ ի վերջոյ, կը խօսուի այն մասին, որ կան արժէքներ, որոնք մնայուն են։ 

«Նոր սերունդին շատ բան կ՚ըսէ այս ֆիլմը։ Նախագահի կերպարի մասին, ի հարկէ, շատ բան կարելի է խօսիլ, շատ աւելի մանրամասն կարելի է բանալ եւ այլն, բայց, ֆիլմի շրջանակները սահմանափակ են։ Իսկ մնացածը պիտի նորէն ուսումնասիրել, նիւթեր կարդալ, խօսիլ ասոր մասին։ Ես հիմա գիտեմ կայ շատ լուրջ երիտասարդական համայնք մը, որ ինքնակամ ուսումնասիրելով համացանցի մէջ եղած նիւթերը, հրատարակուած գիրքերը եւ այլն, կու գայ այս գաղափարախօսութեան, որը շատ ճիշդ է»։

ԱՐՄԱՆ ՄՈՒՍԻՆԵԱՆ. «ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ Է ՏԵՂԵԿԱՆԱԼՈՒ,
ԹԷ ԻՆՉ ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ ՆԵՐԴՐՈՒԱԾ ԵՆ»

Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի խօսնակ Արման Մուսինեան ըսաւ․

«Նոր սերունդի հիմնական մարտահրաւէրը այն է, որ ինք իննսունականներու պատմութեան շատ տեղեակ չէ, եւ եթէ նոյնիսկ տեղեակ է, ապա՝ քիչ մը աղճատուած մեկնաբանութիւններով։ Ասիկա հնարաւորութիւն է տեղեկանալու, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է իրականութեան մէջ, ի՛նչ հսկայական ջանքեր ներդրուած են եւ ինչպէ՛ս Տէր-Պետրոսեան յաջողութեամբ համախմբած է այդ ամբողջ ջանքերը, որոնք պսակուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ՝ հազարամեակներու համաթեքստին մէջ մեծագոյն ձեռքբերումներով»։

Տ. ԶԱՔԱՐԻԱ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԲԱՂՈՒՄԵԱՆ.
«ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՑԱՐՁԱԿ ԱՐԺԷՔ Է»

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Տ. Զաքարիա եպիսկոպոս Բաղումեան մեզի հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծեց անկախ պետականութեան հոգեւոր եւ ազգային նշանակութիւնը։

«Անկախութեան պատմութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին պատմութիւնն է եւ անկախութիւնը բացարձակ արժէք մըն է, որուն համար մեր նախնիները եւ յատկապէս մեր եկեղեցւոյ վարդապետներն ու հայրապետները պայքարած են։ Մենք դարերու ընթացքին միշտ փայփայած ենք անկախ պետութիւն ունենալու այս գաղափարը, եւ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ 1991 թուականին, մեր պապերուն ու նախնիներուն երազանքն է։

«Այսօր առիթն ունեցանք հայրապետական օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքները փոխանցելու եւ մեր աղօթքը՝ քաջառողջութիւն մաղթելով հիմնադիր նախագահին, ինչպէս նաեւ ուժ եւ կարողութիւն ամէնքիս։ Որովհետեւ կ՚ապրինք փոփոխական ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մարտահրաւէրները շատ են․ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կարգին պէտք է ըլլայ լոյս, պէտք է աղ ըլլայ այս անհամ աշխարհին մէջ, որպէսզի կարենանք մեր նախանձախնդիր եւ անդուլ աշխատանքին շնորհիւ աւելի զօրացնել ու ամրապնդել մեր պետականութիւնը, աւելի անսասանութիւն հաղորդել մեր եկեղեցիին, եւ ապրիլ իսկապէս մեր երազած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ»։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2026