ԵՐԿՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ. ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՍԱՐՈՒԽԱՆԻ ՊԱՅԾԱՌԱՏԵՍ ԱՐՈՒԵՍՏՆ ՈՒ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԸ

Մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կրկին անգամ երախտագիտութեամբ յիշած ու մեծարած են հայ մշակոյթի անխոնջ նուիրեալներէն մէկը՝ տաղանդաշատ արեւմտահայ արուեստագէտ, հասարակական գործիչ, հրապարակախօս եւ երգիծանկարչութեան հսկայ Ալեքսանտր Սարուխանը:

Անոր արուեստը տարիներ շարունակ եղած է կամուրջ՝ Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ արաբական աշխարհի միջեւ, մարմնաւորելով «փափուկ ուժի» եւ հանրային դիւանագիտութեան այնպիսի փայլուն օրինակ մը, որուն արձագանգները մինչեւ օրս զգալի են թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Գահիրէի մէջ: Սարուխանի արուեստը յատկապէս պայծառատես կը նկատուի, որովհետեւ ան իր քաղաքական խորաթափանցութեամբ կրցաւ կանխատեսել ու գծագրել համաշխարհային կարեւորագոյն դէպքերը (ինչպէս՝ Կիպրոսի պատերազմն ու Պաղեստինի շրջափակումը)՝ նախքան անոնց իրականութիւն դառնալը:

Մեծ արուեստագէտի թողած անջնջելի ժառանգութիւնը, անոր ոդիսականն ու հայ-եգիպտական բարեկամական կապերու խորացման գործին մէջ ունեցած դերը վերջերս դարձան առանցքը բացառիկ միջոցառման մը, որ գիտամշակութային նոր ձեւաչափով մէկտեղեց երկու երկիրներու մտաւորականութիւնն ու դիւանագիտական բարձրախաւը։ Միջոցառումը կը կրէր «Երկու հայրենիքներու միջեւ․ Ալեքսանտր Սարուխանը եւ հանրային դիւանագիտութեան ուժը» խորագիրը եւ կազմակերպուած էր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան կաճառին կողմէ:

ՊԱԹՈՒՄԷՆ ԳԱՀԻՐԷ

Հազիւ երկու տարեկան, Ալեքսանտր Սարուխան ընտանեօք կը փոխադրուի Պաթում (Վրաստան), իսկ 1909 թուականին՝ Պոլիս, ուր ան կը յաճախէ Բանկալթիի Վիեննական Մխիթարեան հայրերու լիսէն:

1922 թուականին, Պոլսոյ հայութեան սպառնացող նոր վտանգներէն խոյս տալով, եղբայրները կը միանան Պելժիա գտնուող իրենց հօրեղբօր՝ «Մանթաշեւ» ընկերութեան նախկին տնօրէն Առաքել Սարուխանին, վերջնականապէս բաժնուելով իրենց ծնողքէն ու քոյրերէն: Նկատելով եղբօրորդւոյն ակնառու տաղանդը՝ հօրեղբայրը զինք կ՚ուղարկէ Վիեննա, ուր ան փայլուն կերպով կը հետեւի գեղանկարչութեան ու վիմագրութեան արուեստին: Վիեննայէն ետք կ՚անցնի Եգիպտոս։ 

Արուեստագէտը գծագրութիւն դասաւանդելու պաշտօն կը ստանձնէ Գալուստեան Ազգային վարժարանին եւ Պէրպէրեան քոլէճին մէջ, սակայն, ան երբեք չի դադրիր ստեղծագործելէ:

1925 թուականին, կը հիմնէ «Հայկական Սինեմա» երգիծական ամսաթերթը, իսկ 1927 թուականին, Մուհամմէտ Էլթապիի հրաւէրով, մուտք կը գործէ «Ռօզ էլ Եուսէֆ» շաբաթաթերթ, որով սկիզբ կը դրուի եգիպտական արաբական մամուլի հետ անոր կէսդարեայ յեղափոխական գործակցութեան: Ան ստեղծեց «Էլ Մասրի էֆէնտի» կերպարը, որ մարմնաւորեց ժողովուրդին հանրային կարծիքը։

Սարուխանի վրձինը հաւասարապէս ծառայեց թէ՛ արաբական, թէ՛ եւրոպական եւ թէ հայկական միջավայրերուն: Ան աշխատակցեցաւ արաբական խոշորագոյն պարբերականներուն, հիմնեց «La Caravane» շաբաթաթերթը, եւ նոյնիսկ իր հետքը ձգեց անգլիական «Punch»ի ու «The Manchester Guardian»ի մէջ: Անոր պատմական ալպոմը՝ «Այս պատերազմը», որ լոյս տեսաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին, մինչեւ օրս կը նկատուի քաղաքական պայծառատեսութեան գլուխ գործոց:

Հայ իրականութեան մէջ անոր գործերը զարդարեցին Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) մամուլի էջերը («Արեւ», «Զարթօնք», «Պայքար»): Սարուխան ո՛չ միայն հանճարեղ կերպով նկարազարդեց Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի»ն ու Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ը, այլեւ հեղինակեց սեփական գիրքեր («Տես խօսքերդ», «Խռֆունի», «Մենք մեր ակնոցով»): Իր «Մենք հայերէն չենք գիտեր» զաւեշտախաղով Սարուխան խորունկ սրամտութեամբ քննադատեց ազգային արժէքները ստորադասելու եւ եւրոպականամոլութեան տուրք տալու բարդոյթները:

Այս ամբողջ յաջողութիւններուն զուգահեռ, Սարուխան մնաց հայկական կեանքի նուիրեալ զաւակ՝ երկար տարիներ վարելով Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Գահիրէի մասնաճիւղի, Հայ գեղարուեստասիրաց միութեան, Կոկանեան սրահի եւ Հայ ազգային հիմնադրամի ատենապետի պաշտօնները:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄԸ․ ՆՈՐ ԿԱՄՈՒՐՋ ՄԸ

Ահա այս հսկայական վաստակի արժեւորման նուիրուած էր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան կաճառի կազմակերպած ձեռնարկը, որ համախմբեց պատմաբաններ, դիւանագէտներ ու եգիպտահայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Յատկանշական է, որ միջոցառման լայն արձագանգ տրուեցաւ նաեւ եգիպտական մամուլին մէջ, քանի որ ձեռնարկին յատուկ հետեւելու եւ լուսաբանելու համար Երեւան ժամանած էին նաեւ եգիպտացի յայտնի լրագրողներ:

Կաճառի տնօրէն Գոհար Իսկանտարեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ընդգծեց գիտամշակութային նախաձեռնութիւններու դերը գիտութեան հանրայնացման եւ միջազգային համագործակցութեան խորացման գործին մէջ, յատկապէս արժեւորելով հանրային դիւանագիտութեան ուղղութեամբ տարուող հետեւողական աշխատանքը: Միջոցառման գաղափարի հեղինակ, Միջազգային յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Արաքս Փաշայեան նշեց, որ եթէ Եգիպտոսի մէջ Սարուխանի յիշատակը միշտ վառ կը պահուի, Հայաստանի մէջ կը զգացուէր նման նախաձեռնութիւններու բացը, զոր ըաճառը յաջողութեամբ լրացուց այս քայլով:

«Երկու հայրենիքներու միջեւ․ Ալեքսանտր Սարուխանը եւ հանրային դիւանագիտութեան ուժը» միջոցառման շրջանակներուն մէջ, Արեւելագիտութեան կաճառէն ներս յատուկ դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ եգիպտացի անուանի պատմաբան, հայագէտ, Տամանհուրի համալսարանի դասախօս եւ Արեւելագիտութեան կաճառի բարեկամ Մուհամմէտ Ռեֆաաթ էլ-Իմամ, որ խորութեամբ վերլուծեց մեծ արուեստագէտի պատմական դերը:

Հայաստանի մօտ Եգիպտոսի դեսպան Ամալ Աֆիֆի եւ Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Ռուբէն Կարապետեան խօսեցան երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան մասին, իսկ հեռուստահաղորդավար Սաֆաա էլ-Նակկար եւ բեմադրիչ Էսսամ Նակի բարձր գնահատեցին Սարուխանի դերը՝ եգիպտական հասարակական մտքի զարգացման մէջ: «Նասերի միջազգային առաջնորդութեան ծրագրի» ներկայացուցիչ Յակոբ Մակտիսն ու եգիպտահայ հասարակական գործիչ Արմէն Մազլումեան շեշտեցին անհատի դերը միջմշակութային հաղորդակցութեան մէջ: Ձեռնարկի աւարտին Եգիպտոսի հայ համայնքի Քաղաքական ժողովի պատգամաւոր Վահէ Փլատեան յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց կազմակերպիչներուն:

ԹՈՌՆՈՒՀԻԻՆ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ. «ՍԱՐՈՒԽԱՆ ՎԻԼԼԱ»Ի
ՅՈՒՇԵՐՆ ՈՒ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Միջոցառման ամենէն հարազատ ու ջերմ պահը Ալեքսանտր Սարուխանի թոռնուհիին՝ Սիլվա Ներետեան-Փլատեանի ելոյթն էր, որ յատուկ այս առիթին համար Եգիպտոսէն ժամանած էր Հայաստան: Որպէս երախտագիտութեան եւ սիրոյ արտայայտութիւն՝ Սիլվա Փլատեան Սարուխանի բնօրինակ ծաղրանկարներէն մէկը հանդիսաւորութեամբ նուիրուեց ակադեմիայի Արեւելագիտութեան կաճառին։ Ան ըսաւ.

«Ինծի համար մեծ պատիւ եւ հպարտութիւն է մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի մէջ, մասնակցիլ իմ տաղանդաւոր եւ աշխարհահռչակ մեծ հօրս՝ Ալեքսանդր Սարուխանի յիշատակին նուիրուած այս հանդիսաւոր ձեռնարկին։

«Այս առիթով կը յիշեմ, թէ ինչպէս Սարուխանն ու մեծ մայրս՝ Սիրվարդը 1968 թուականին, Արտասահմանի հայերու հետ մշակութային կապերու կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանի նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած էին Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան կողմէ եւ մէկ ամիս մնացած էին Հայաստանի մէջ, ուր հանդիպումներ կազմակերպուած էին այդ օրերու հանրածանօթ մարդոց՝ Մարտիրոս Սարեանի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի հետ, ցուցահանդէսներ տեղի ունեցած էին: Սարուխան իրապէս մեծ գնահատանքի արժանացած էր Հայաստանի մէջ:

«Այս տարի՝ 2026 թուականի հոկտեմբերի 1-ին, կը լրանայ անոր ծննդեան 128-ամեակը, իսկ 2027 թուականի յունուարի 1-ին պիտի նշուի անոր մահուան 50-րդ տարելիցը։

«Տարիներու ընթացքին Սարուխան խորապէս մտահոգուած էր Հայաստանի ճակատագրով եւ միշտ կանգնած էր Խորհրդային Հայաստանի կողքին, անկախ երկրին քաղաքական վարչակարգէն։ Ան պարբերաբար յօդուածներ կը գրէր եւ դասախօսութիւններ կու տար Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին, զանազան երկիրներու հայ համայնքներուն ուղղուած:

«Պէտք է ըսեմ, որ հայ եւ եգիպտացի ըլլալու համադրութիւնը շատ հետաքրքրական երեւոյթ մըն է, որ հարստացուցած եւ աւելի արժեւորած է Սարուխանի ինքնութիւնը։

«Կարեւոր է ընդգծել, որ դարեր շարունակ, մինչեւ այսօր, եւ յատկապէս երբ մեծ թիւով հայեր Եգիպտոս հասան Օսմանեան կայսրութենէն, 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբին, անոնք ջերմ ընդունելութիւն գտան եգիպտական իրերայաջորդ կառավարութիւններուն եւ ժողովուրդին կողմէ։ Մեզի ազատութիւն շնորհուեցաւ կառուցելու մեր եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբները եւ այլ հաստատութիւններ, որպէսզի պահպանենք մեր ազգային ինքնութիւնը, միաժամանակ դառնալով եգիպտական հասարակութեան եւ մշակոյթին անբաժանելի մասը։ Այս պայմանները ստեղծեցին եգիպտահայերու այն եզակի ինքնութիւնը, որով մենք մեծապէս կը հպարտանանք եւ որուն համար յարգանքի եւ գնահատանքի կ՚արժանանանք մինչեւ այսօր։

«Հայերը դարեր շարունակ ներկայ եղած են Եգիպտոսի մէջ, անոնցմէ շատեր նշանակալի ներդրում ունեցած են երկրի քաղաքական, մշակութային, գեղարուեստական եւ հասարակական կեանքին մէջ. ինչպէս՝ Պօղոս պէյ Եուսուֆեան, Նուպար փաշա, Պօղօս փաշա Նուպար, Եագուպ Արթին եւ այլք»։

Ան տուաւ նաեւ Սարուխանի մասին համառօտ տեղեկութիւններ։

Ծնած է Պաթում, 1898-ին: Ուսումը ստացած է Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանէն ներս, ապա Վիեննայի Արուեստի ուսումնարանին գծանկարչական արուեստի բաժնին մէջ:

1924 թուականին հաստատուած է Եգիպտոս, ուր ապրած եւ ստեղծագործած է մինչեւ իր մահը՝ 1977 թուականի յունուարի 1-ը։

Գրեթէ կէս դար շարունակ ան ծառայած է եգիպտական մամուլին եւ շատ գնահատելի ներդրում ունեցած է նաեւ հայ մամուլի զարգացման մէջ։ Իր գործերը կը ցոլացնեն տեղական թէ միջազգային քաղաքական եւ ընկերային կեանքը եւ օրուան նշանաւոր դէմքերը:

Դիտելով Սարուխանի երգիծանկարները՝ կը հաստատենք, թէ ան ո՛չ միայն հեռատես էր, այլ նաեւ պայծառատես, «գուշակելով» քաղաքական դէպքերը իրենց կատարուելէն առաջ, ինչպէս Կիպրոսի պա-տերազմը, կամ Պաղեստինի շրջափակումը:

1955 թուականին անոր շնորհուած է եգիպտական քաղաքացիութիւն՝ նախագահ Կամալ Ապտել Նասըրի կողմէ։ 

Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ, փողոց մը կոչուած է իր անունով։ 

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 1960-ականներուն սկիզբը արժանացած է Խաղաղութեան շքանշանին: 

Կազմակերպած եւ մասնակցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներու՝ Եգիպտոսի, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Ֆրանսայի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ այլ երկիրներու մէջ։ Սարուխանի գեղարուեստական ստեղծագործութիւնը եռակողմանի է՝ հայկական, եգիպտական եւ միջազգային, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ինքնին ամբողջական է եւ իւրայատուկ։ 

Թէեւ Սարուխանի մահէն առաջ եւ ետք ի յայտ եկան բազմաթիւ երգիծանկարիչներ, սակայն, մինչ օրս ան կը նկատուի Եգիպտոսի քաղաքական երգիծանկարի հիմնադիրն ու ռահվիրան։

Սարուխանի գործերէն կը գտնուին տարբեր երկիրներու տարբեր հաւաքածոներուն մէջ. ինչպէս՝ Վիեննայի եւ Վենետիկի Մխիթարեան վանքերը, նաեւ Եգիպտոսի մէջ՝ Ֆայյումի Երգիծանկարի թանգարանը եւ Կիզայի Մահմուտ Խալիլի թանգարանը, իսկ Երեւանի մէջ անոր գործերը կարելի է գտնել «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին, նաեւ Ազգային պատկերասրահի արխիւներուն մէջ, իսկ Արա Սարգսեանի տուն-թանգարանին մէջ կը գտնուի անոր կիսանդրին:

«Ես շատ վառ եւ թանկ յիշողութիւններ կը պահեմ իմ մեծ հօրս մասին։ Մեր մեծ ընտանիքը տարիներ շարունակ ապրած է եւ մինչեւ այսօր ալ կ՚ապրի Գահիրէի Հելիոպոլիս արուարձանին «Սարուխան վիլլա»ին մէջ, որ կառուցուած է 1933 թուականին։ Տան մուտքին կը գտնուի յուշատախտակ մը, որ կը յիշեցնէ, թէ այս տան մէջ ապրած է նշանաւոր երգիծանկարիչը։ Նման յուշատախտակներ կը տեղադրուին Եգիպտոսի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ, ի պատիւ տարբեր ասպարէզներու մէջ մեծ ներդրում ունեցած եգիպտացի անձնաւորութիւններու։

«Ես եւ քոյրս՝ Սօսին, շատ բան իմացած ենք՝ թէ՛ համաշխարհային եւ տեղական նշանաւոր դէմքերու եւ թէ կարեւոր իրադարձութիւններու մասին, հետեւելով մեր մեծ հօր աշխատանքին։ Մեր աչքերուն առջեւ կը ստեղծուէին տեղական եւ միջազգային այն նկարները, որոնք յետոյ պիտի հրատարակուէին օրաթերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ։

«Սարուխան զարմանալի արագութեամբ կը նկարէր, իսկ մինչեւ նկարներուն մելանը չորնար, ես անոր հետ կը խաղայի շախմատ, նարտի, թղթախաղ եւ այլ խաղեր։ Անոր մահէն ետք ամբողջութեամբ դադրեցայ այդ խաղերը խաղալէ։

«Հետաքրքրականը այն է, որ հակառակ Սարուխանի տեղական եւ միջազգային մեծ համբաւին, մենք՝ որպէս երեխաներ, երբեք այդ փառքը չէինք զգար տունէն ներս։ Մեզի համար ան պարզ, ուրախ եւ սիրայորդ մեծ հայր մըն էր, որ կը խաղար եւ նոյնիսկ կը պարէր մեզի հետ։ Միայն տարիներ անց, երբ սկսայ կարդալ անոր գիրքերը եւ խորապէս ծանօթանալ իր գործերուն ու ոճին, ամբողջովին գիտակցեցայ Սարուխանի մեծութեան եւ արժէքին։

«Խօսքիս վերջաւորութեան կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել մօրս՝ Սեդային, Սարուխանի միակ զաւկին, որ հօրս հետ միասին շարունակեց վառ պահել Սարուխանի յիշատակը եւ միշտ կը քաջալերէ զիս շարունակելու նոյն ուղին:

«Շնորհակալութիւն՝ Գահիրէի թեմական ժողովին՝ գլխաւորութեամբ Եգիպտոսի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Տ. Աշոտ եպիոսկոպոս Մնացականեանին, որ բարձր կը գնահատէ Հայաստան-Եգիպտոս մշակութային կապերը: Ի վերջոյ կը փափաքիմ խորին շնորհակալութիւն յայտնել այս ձեռնարկի բոլոր կազմակերպիչներուն՝ մասնաւորապէս Միջազգային յարաբերութուններու բաժնի վարիչ տիկին Արաքս Փաշայեանին, նաեւ Արեւելագիտութեան կաճառի տնօրէն տիկին Գոհար Իսկանտարեանին, յարգարժան բանախօսներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ձեռնարկի յաջող իրականացման եւ յաջողութեան։ Շնորհակալութիւն»:

ՍԱՐՈՒԽԱՆԻ ՊՈԼՍՈՅ ՇՐՋԱՆԸ

Ալեքսանտր Սարուխանի կեանքի եւ ստեղծագործական ուղիի կարեւորագոյն հանգրուաններէն մէկը, անշուշտ, կապուած է արեւմտահայ մշակութային կեանքի բաբախող սիրտին՝ Պոլսոյ հետ: Սարուխան շրջան մը ապրած եւ գործած է նաեւ Պոլիս, ուր անցուցած տարիները բախտորոշ դեր խաղացին անոր աշխարհայեացքի ձեւաւորման, ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքի եւ բնածին տաղանդի դրսեւորման գործին մէջ: Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքի բարդ, բայց միաւորող մթնոլորտը, պատերազմի արհաւիրքները, ինչպէս նաեւ տեղի կրթական ու գրական միջավայրը դարձան այն իսկական դարբնոցը, ուր կոփուեցաւ ապագայ հանճարեղ երգիծանկարիչին կամքն ու ձեռագիրը:

1909 թուականին, Յակոբ Սարուխան իր ընտանիքով տեղափոխուեցաւ Պոլիս: Այստեղ Ալեքսանտրն ու իր կրտսեր եղբայրը՝ Լեւոնը, ընդունուեցան Փանկալթըի Վիեննական մխիթարեան միաբանութեան վարժարանը, որ այդ օրերուն յայտնի էր իր կատարեալ կրթական մակարդակով: 1910-1912 թուականներուն՝ Պոլսոյ մէջ հաստատուելու սկզբնական տարիներուն, պատանի Սարուխան եղբայրները տան մէջ պատրաստեցին չորս էջէ բաղկացած «Ղուղիկօ» շաբաթաթերթը, որ ամբողջութեամբ ձեռագիր էր: Լեւոնը կը գրէր յօդուածները ու կը խմբագրէր, իսկ Ալեքսանտրը մեծ խնամքով կը նկարէր ծաղրանկարները: Յետագային այս ձեռագիր թերթը եղբայրները ստիպուած եղան այրելու՝ անվտանգութեան նկատառումներով:

Եղբայրներու այս համատեղ փորձը տեւեց շուրջ երկու տարի եւ ընդհատուեցաւ, քանի որ 1912 թուականին հայրը, առեւտրական ծրագիրներու ձախողման պատճառով, որոշեց վերադառնալ Պաթում: Սակայն, եղբայրները մնացին Պոլսոյ մէջ՝ իրենց ուսումը շարունակելու համար:

1915 թուականին, Ալեքսանտր յաջողութեամբ աւարտեց վարժարանը: Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն Սարուխան եղբայրները, ուսուցիչներու եւ խումբ մը աշակերտներու հետ միասին, ապաստանեցան Մխիթարեան վարժարանէն ներս: Վարժարանին մէջ անցուցած տարիներուն եղբայրները այնքան հարուստ գիտելիքներ ամբարած էին, որ պատերազմական պատճառներով բացակայող ուսուցիչներու փոխարէն սկսան դասաւանդել ուսողութիւն, աշխարհագրութիւն, գծագրութիւն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն:

Ուսումնառութեամբ այս դժուարին շրջանին անոնք ձեռնարկեցին թերթ հրատարակելու եւս մէկ փորձ: Այս անգամ անիկա գիտական, մանկական եւ մշակութային նիւթեր ներառող 86 էջնոց «Հայ պատանի» ձեռագիր ամսագիրն էր: Այստեղ Ալեքսանտր բնութեան ու կենդանական աշխարհին վերաբերող պատմուածքներն ու յօդուածները նկարազարդած էր ջրաներկով՝ զուտ դասական իրապաշտական ոճով: Որոշ նկարներու շուրջ երիտասարդ արուեստագէտը էջերը զարդարած էր նիւթին համապատասխան տարրերով՝ զանոնք դասաւորելով շրջանակաձեւ կամ կամարաձեւ: Ասիկա Սարուխանի կեանքին մէջ միակ փորձն էր, երբ ան գիրքեր կամ ժողովածուներ ձեւաւորելու փոխարէն՝ էջերը զարդանախշերով պատելու եղանակին: Այս ամսագրի պատկերները ակնյայտօրէն ի յայտ կը բերէին Ալեքսանտրի բնածին տաղանդը, բայց, միաժամանակ կը նախանշէին, որ անոր դեռեւս ամբողջովին չձեւաւորուած ոճի յղկման համար անհրաժեշտ էր արհեստավարժ կատարելագործում եւ մասնագիտական ուսում:

Մուտրոսի զինադադարի կնքումէն ետք, Սարուխան եղբայրները վերջապէս դուրս եկան այդ հարկադրուած բանտարկութենէն: Իր օրապահիկն ու ապրուստը հոգալու համար Ալեքսանտր սկսաւ աշխատիլ որպէս թարգմանիչ անգլիական բանակին մէջ, ինչպէս նաեւ գրագիր՝ խանութի մը մէջ: Երեք տարի անց, զայն խոստմնալից եւ բարձր վարձատրուող աշխատանքի հրաւիրեցին անգլիական մեծ վաճառատուն մը: Սակայն, կարճ ժամանակ անց, ան հրաժարեցաւ այդ ապահով պաշտօնէն, քանի որ կ՚ուզէր հաւատարիմ մնալ իր կեանքի գլխաւոր հաւատամքին՝ զբաղիլ միայն հոգեհարազատ արուեստով եւ պահպանել ստեղծագործական բացարձակ անկախութիւնը: Ան նորէն վերադարձաւ իր սիրած գործին՝ սկսաւ մեծ եռանդով ծաղրանկարներ գծել եւ զանոնք յանձնել տարբեր հրատարակչութիւններու՝ տպագրութիւն ակնկալելով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 21, 2026