ԶԷՅԹՈՒՆՑԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐ, ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐ, ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՐԴԻԿ ԵՒ ԶԷՅԹՈՒՆՑԻԻՆ ԱՆՉԱՓ ԵԿԵՂԵՑԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ
Զէյթունը հայոց պատմութեան մէջ կը ներկայանայ իբրեւ եզակի երեւոյթ մը, ուր լեռնային խստաշունչ պայմաններուն մէջ կերտուած է տոկունութիւն, հաւատք եւ ինքնութիւն։ Դարեր շարունակ այս փոքրիկ գաւառը եղած է այն վայրերէն մէկը, ուր հայ մարդը իր գոյութիւնը պահպանած է ներքին կազմակերպուածութեամբ եւ հոգեւոր ամուր կռուաններով։ Ուսումնասիրելով պատմութիւնը, կը հասկնանք, որ այդ կռուաններէն ամենէն կենսականը եղած է եկեղեցին, որուն շուրջ համախմբուած է համայնքի ամբողջ կեանքը։
Զէյթունի եկեղեցական իրականութիւնը կը բացայայտէ բազմաշերտ աշխարհ մը, ուր հոգեւոր կեանքը խորապէս ներթափանցած է առօրեայ կենցաղին մէջ։ Եկեղեցին կը ներկայանայ որպէս ուղեցոյց, դաստիարակ եւ հաւաքական յիշողութեան պահապան։ Անոր պատերուն մէջ ձեւաւորուած են ո՛չ միայն հաւատքի արտայայտութիւններ, այլեւ ազգային ինքնագիտակցութիւն եւ հասարակական կարգապահութիւն։
Զէյթունի այս պատկերը աւելի յստակ կը դառնայ, երբ նկատի ունենանք պատմական պայմանները, որոնց մէջ ապրած է այս համայնքը։ Կեդրոնական իշխանութենէն հեռու, բազմաթիւ փորձութիւններու դիմաց կանգնած՝ զէյթունցիները կրցած են պահպանել ներքին կարգ ու կանոն, ուր եկեղեցին ստանձնած է առաջնորդող դեր։ Ան եղած է հաւաքական կամքի արտայայտիչը, կրթութեան խթանողը եւ անհրաժեշտութեան պարագային՝ նաեւ պաշտպանութեան ոգեշնչողը։
Այս ամբողջ իրականութիւնը կենդանի եւ մանրամասն կերպով կը բացայայտուի պատմաբան Մարուս Թամարեանի ուսումնասիրութեան մէջ, ուր հեղինակը իր մէկ յօդուածով կը ներկայացնէ Զէյթունի եկեղեցական կեանքը՝ իր պատմական ընթացքով, ներքին կառուցուածքով եւ ազգային նշանակութեամբ։
Այս յօդուածը ներկայացնելու կարեւորութիւնը կը կայանայ ո՛չ միայն պատմական արժէքին, այլ նաեւ մեր օրերուն համար ունեցած պատգամին մէջ։ Եկեղեցւոյ մօտենալը, անոր արժէքները վերագտնելը եւ յարգելը այսօր եւս նոյնքան անհրաժեշտ են, որքան անցեալին։ Ժամանակակից աշխարհի արագ փոփոխութիւններուն մէջ, ուր ինքնութեան եւ արժէքներու հարցերը կրկին կը դառնան առաջնահերթ, եկեղեցին կը մնայ այն հաստատուն սիւնը, որ կրնայ միաւորել, ուղղորդել եւ զօրացնել համայնքը։
Մարուս Թամարեանի յօդուածը՝ տպուած «Էջմիածին» հանդէսին մէջ, կը բանայ դուռ մը դէպի Զէյթունի հոգեւոր աշխարհը եւ կը յիշեցնէ այն կենսունակ ուժը, որ դարեր շարունակ պահած է հայ ժողովուրդին դիմագիծը։ Կը ներկայացնենք յօդուածը՝ արեւմտահայերէնի վերածած։
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ ԶԷՅԹՈՒՆԻ ՄԷՋ
ՄԱՐՈՒՍ ԹԱՄԱՐԵԱՆ
Հայերը Զէյթունի եւ Կիլիկիոյ մէջ հաստատուած են անյիշելի ժամանակներէն։ Սակայն իբրեւ զանգուածային առաջին գաղթի թուական, պատմական վաւերագրերուն մէջ կը նշուի 451 թուականը, երբ Վարդանանց պատերազմէն ետք պարսիկներու վարած դաժան հարկային քաղաքականութեան պատճառով շատ հայեր ստիպուած կը ձգէին հայրենիքը եւ կ՚ուղղուէին դէպի Փոքր Ասիա եւ Կիլիկիա։ Արաբական տիրապետութիւնը Հայաստանի մէջ աւելի կը զօրացնէ հայերու հոսքը դէպի այդ երկրամաս, որովհետեւ Արաբական խալիֆայութեան հարկային, ընկերային եւ ազգային ճնշումները երկրի վիճակը անտանելի կը դարձնեն։ Ստեղծուած պայմաններուն մէջ հայրենիքը կը թողուն նոյնիսկ հայ նախարարներէն շատեր՝ իրենց ժողովուրդին հետ անցնելով Բիւզանդիա, որ իր հերթին կը նպաստէ գաղթին։
Հեռանալով հայրենի երկրէն ու բնաշխարհէն՝ հայերը հիմնականը կը հաստատուէին Միջերկրական ծովու ափերուն գտնուող քաղաքներուն մէջ, որոնք յայտնի էին առեւտուրով եւ արհեստներով։ Հաստատուելով այդ քաղաքներուն մէջ՝ հայերն ալ կը զբաղէին առեւտուրով եւ արհեստներով, իսկ գիւղերու մէջ բնակողները՝ հողագործութեամբ։
Ա. Ալպոյաճեան իր «Պատմական Հայաստանի սահմանները» աշխատութեան մէջ հանգամանօրէն քննելով հայերու գաղթի շարժառիթները եւ անոնց ժամանակաշրջանները՝ կ՚եզրակացնէ, որ «Արդէն Հարաւային Տաւրոսի եւ Կիլիկիոյ մէջ հայերը հաստատուած էին Նիկէփորոս Փոկասի (963-969) օրերէն սկսեալ։ Հայերով լեցուեցաւ Սեբաստիան, Կեսարիան եւ այլն, ինչպէս նաեւ Իսոսի ծոցին բոլորտիքը, որ անկէ վերջ Հայոց ծոց յորջորջումը ստացաւ»։
Զէյթունի մէջ գործած է այն հասարակական-ընկերային կարգը, որ գոյութիւն ունեցած է Կիլիկեան թագաւորութեան մէջ, սակայն, ժամանակի պահանջներէն ելլելով՝ Զէյթունի մէջ հաստատուած կարգը սկսաւ աւելի նմանիլ Եւրոպայի մէջ գոյութիւն ունեցող աւատական կարգերուն։
Հակառակ թրքական լայնածաւալ պետութեան սահմաններուն մէջ գտնուելուն՝ գաւառակը ապրած է ինքնամփոփ կեանքով եւ ղեկավարուած է չորս իշխանական տուներու կողմէ, որոնցմէ մէկը կոչուած էր իշխանապետ, իսկ միւսները՝ իշխան։ Անոնք նաեւ կոչուած են ըխթիյար (ծեր) կամ չորպաճիներ։ Իշխանապետը քաղաքի կառավարիչն էր, որուն կ՚ենթարկուէին ո՛չ միայն միւս իշխանները, այլեւ բնակիչները։
Չնայած իշխանին կամ իշխանապետին ենթակայ ըլլալուն՝ Զէյթունի հայ բնակչութիւնը մեծ նուիրուածութեամբ ծառայած է Հայ Եկեղեցիին։ Ասիկա կը վկայէ Զէյթունի մէջ հոգեւորականներու ազդեցիկ դիրքին մասին։ Ըստ որոշ պատմագիրներու՝ Եկեղեցին մասնակցութիւն չէ ունեցած աշխարհիկ գործերուն եւ «Այս պզտիկ հանրապետութեան մէջ եկեղեցին միշտ բաժնուած էր պետութենէն»։ Սակայն նման կարծիք բոլոր պատմաբանները չունին։ Հ. Պօղոսեան այն հաստատ համոզումը ունի, որ հոգեւորականներու դասը միշտ ալ խառնուած է աշխարհիկ գործերուն՝ մանաւանդ, որ արքեպիսկոպոսը կառավարութեան կազմին մէջ էր։ Եւ վերջապէս «1862 թուականի ապստամբութենէն ետք արդեօք եկեղեցականներու ներկայացուցիչնե՞րը չէին, որ խնդրագրերով գացին Կոստանդնուպոլիս եւ ապա Փարիզ»,- կը գրէ ան։
Զէյթունցիները միշտ ալ ամբողջութեամբ պատկանած են Հայ Առաքելական Եկեղեցիին, սակայն, 1866-67 թուականներու քաղաքական զանազան խնդիրներու առաջացմամբ Զէյթունի մէջ կը կատարուի կրօնական մասնաբաժանում, եւ հայերէն ոմանք կը յարին կաթոլիկութեան, իսկ 1878 թուականին՝ բողոքականութեան, որ Մարաշէն մուտք կը գործէ նաեւ Զէյթուն։ Սակայն, այս շարժումները լայն տարածում չեն ունենար. այս յարանուանութիւններուն մէջ ընդգրկուած են մօտաւորապէս քսանական ընտանիքներ։ Կաթոլիկ հայերը իրենց եկեղեցական պաշտամունքը կը կատարէին այդ նպատակով իրենց տրամադրուած յատուկ սենեակին մէջ, որուն կից ունէին նաեւ փոքրիկ դպրոց։ Բողոքականներն ալ ունեցած են փոքրիկ ժողովարան եւ դպրոց։
Զէյթունցիները միշտ աչքի զարկած են իրենց ջերմ կրօնասիրութեամբ, նախանձախնդրութեամբ դէպի իրենց կրօնքը եւ հաւատալիքները։ Եւ քանի որ շատ յաճախ կրօնասիրութիւնը եւ ազգասիրութիւնը միասնաբար յայտնուած են, ուստի, զէյթունցիներուն համար խորթ եղած է որեւէ կրօնական յարանուանութիւն։ Սակայն, 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն կրթութեան եւ ուսման հանդէպ բուռն ցանկութեան կապակցութեամբ կը նուազի արտաքին թշնամանքը կաթոլիկութեան, բողոքականութեան եւ այլ յարանուանութիւններու հանդէպ։
Ատկէ զատ, Զէյթունը իբրեւ ինքնավար կեանքով ապրող տարածաշրջան մը, իր վրայ կը հրաւիրէր ժամանակի զանազան միսիոնարական եւ գաղափարական կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը, որոնց համար բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծուէին Զէյթունի մէջ իրենց գործունէութիւնը ծաւալելու համար։
Եկեղեցին ունենալով իբրեւ իրենց հայեցի կեանքի շարունակութեան գրաւական՝ զէյթունցիները արդէն իսկ 17-րդ դարու առաջին կէսին ունէին 8 եկեղեցի՝ Ս. Սարգիս, Ս. Հրեշտակապետ, Ս. Յակոբ Մծբնայ, Ս. Աստուածածին, Ս. Կարապետ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Պարսամ եւ Ս. Թէոդորոս։ Յետագային կը կառուցուին Ս. Պօղոս-Պետրոս եւ Ս. Յովհաննէս եկեղեցիները։ 1884 թուականի հրդեհին ժամանակ այս եկեղեցիներէն շատերը կ՚այրին, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ գտնուող մատեանները, որոնց մէջ էր նաեւ յայտնի Վասիլի Աւետարանը։ Կը հրդեհուին Ս. Սարգիս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Աստուածածին, Ս. Յակոբ եւ Ս. Յովհաննէս եկեղեցիները։ Որոշ ժամանակ անց կը վերակառուցուին Ս. Աստուածածինը՝ Սուրէնեան թաղին մէջ, Ս. Սարգիսը՝ Եաղուպեան, Ս. Յովհաննէսը՝ Շովրոյեան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը՝ Ենիտունեան թաղերուն մէջ։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ իբրեւ թանկագին մասունք պահպանուած է 12-րդ դարուն Հռոմկլայի մէջ գրուած մագաղաթեայ պատկերազարդ Աւետարան մը։
Զէյթունի իւրաքանչիւր թաղ ունեցած է իր եկեղեցին, ուր նստած է թեմի առաջնորդը։ Մինչեւ 1850-ական թուականները վանքի վանահայրերը եկեղեցւոյ նկատմամբ ունեցած են անսահմանափակ իրաւունքներ։ Վանահայրը վանքի ունեցուածքը «կ՚առնէ, կը ծախէ, կը շինէ, կը քակէ ըստ իր քմահաճոյից, եւ նահապետական աւանդական դրութեամբ մը, ոչ ոք իրաւունք ունի միջամտելու հայր սուրբին գործերուն» («Զէյթունի պատմագիրք»)։
Բնակչութիւնը վանքին վճարած է պտուղի եւ աթոռի հարկեր։ Ատկէ զատ, ուխտագնացութիւններու ժամանակ բնակչութիւնը մեծ քանակութեամբ նուէրներ տուած է վանքին։ Զէյթունցիները հարկ վճարած են նաեւ թաղման, կնունքի եւ եկեղեցիներու ու վանքերու վերանորոգութեան համար՝ «յանուն շինութեան եւ նորոգման»։ Սակայն շուտով անոնք սկսած են անտարբերութիւն ցուցաբերել այս հարկերը վճարելու նկատմամբ։
«Զէյթունի պատմագիրք»ին մէջ այս մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ կան։ Անգամ մը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Տէր Սարգիս քահանան քաջութիւն ունեցած է չընդունիլ սրբազանը, որ եկած էր պտուղի հարկը հաւաքելու։ Այս դէպքէն ետք Զէյթունի մէջ հրաւիրուած է ժողով՝ աշխարհիկ եւ եկեղեցական վերնախաւին մասնակցութեամբ։ Այստեղ ընտրուած է վանական խորհուրդ մը, որուն տրուած է վանքի բոլոր հասոյթներն ու ունեցուածքը տնօրինելու իրաւունքը։
Զէյթունցիները զատուած են իրենց եկեղեցական ծիսական սովորութիւններով։ Չուզելով ունենալ «օտար» հոգեւորական՝ անոնք ծայրայեղ բծախնդիր եղած են քահանայի ընտրութեան հարցին մէջ։ Նախապատուութիւնը տրուած է այն թեկնածուին, որ սերած էր քահանայական ընտանիքէ։ Թեկնածուի ամբողջ կեանքը քննութեան ենթարկուած է։ Ան չէր կրնար գողութեան կամ մարդասպանութեան մէջ մեղադրուած ըլլալ (պատերազմի մէջ սպաննելը յանցանք չէր)։ Կարեւոր էր նաեւ․ «Հին եւ նոր կտակարաններուն քիչ-շատ հմուտ ըլլալը, քարոզելու կարողութիւնը, ազգասիրութիւնը եւ ֆիզիքական կազմն ու կորովը։ Ընծայացուին կնոջ հաւանութիւնն ալ կ՚առնուէր ձեռնադրութենէն առաջ՝ ժողովին կողմէ տաներէց քահանան ղրկուելով»։
Եթէ այս բոլորը գոհացուցիչ էին, կը դիմէին Ս. Աստուածածին վանքի եպիսկոպոսին՝ քննելու համար ընծայացու քահանան։ Եպիսկոպոսը քաղաք կ՚իջնէր մեծ տօնակատարութեամբ՝ իշխաններու, հոգեւորականներու եւ ժողովուրդի ուղեկցութեամբ, աղօթելով եւ շարականներ երգելով։ Շաբաթ երեկոյ կը կատարուէր «Կոչումի» արարողութիւնը՝ ընծայացողը լոգցնելէ յետոյ։ Կիրակի առաւօտեան եպիսկոպոսը պատարագ կը մատուցէր՝ ձեռնադրելով եւ օծելով նորընծան։ Ապա կը սկսէր նորընծայ քահանայի քառասունքը, զոր կ՚անցընէր եկեղեցւոյ խուցին մէջ՝ փիլոնով ծածկուած, աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ, Սաղմոս եւ Նարեկ կարդալով եւ «քահանայական պարտականութիւններու վարժութիւններով»։ Այդ քառասուն օրուան ընթացքին ժողովուրդը պահքի կերակուրներ կը ղրկէր նորընծայ քահանային։ Ամէն երեկոյ նորընծան եկեղեցի կը մտնէր, դէմքը ծածկած՝ ծունր կ՚իջնէր գրակալի առջեւ, Աւետարան կը կարդար եւ դարձեալ կը վերադառնար իր խուցը։ Քառասուներորդ օրը քահանայ մը կու գար, կը կատարէր նորընծայի լուացումը եւ կը հագցնէր կնքահօր կողմէ նուէր ղրկուած սպիտակեղէնը, գօտին եւ «մերտին մեշլահը» ըսուած վերարկուն։ Յաջորդ օրն իսկ նորընծան կը մատուցանէր իր անդրանիկ պատարագը, ապա ժողովուրդի առաջնորդութեամբ կու գար իր տունը՝ օրհնելով իր կնքահօր կողմէ պատրաստուած մատաղը։ Սովորոյթ եղած է, որ նորընծայի կինը, շրջապատուած այլ երէցկիններով, ծածկուած ըլլայ սաւանով եւ վերմակով, ականջները փակած բամպակով, իսկ նորընծայ քահանան անոր գլխուն վրայ քանի մը էջ Աւետարան կարդայ։ Ենթադրուած է, որ երէցկինը, լսելով ամուսնոյն ձայնը, պիտի մեռնի, ինչպէս որ անգամ մը իսկապէս պատահած է։ Սակայն Կարապետ եպիսկոպոսը վերցուցած է այս սովորութիւնը։
Նորընծան, մատաղը օրհնելէ ետք, կը վերադառնայ եկեղեցի, կը հանէ հոգեւորականի իր զգեստը եւ կու գայ իր տունը՝ մասնակցելու ճաշկերոյթին։ Այս բոլորէն ետք ան կը վերադառնայ իր վանքը եւ ամբողջ մէկ տարի իրաւունք չ՚ունենար երթալու իր տունը։ Ան կը սնանի պահքի կերակուրներով եւ միայն շաբաթ եւ կիրակի օրերուն կրնայ իւղով կերակուրներ եւ մատաղ ուտել։
Նոյնպիսի խստութեամբ զէյթունցիները կը վերաբերուէին նաեւ թաղման, հարսանիքի, ծնունդի եւ մկրտութեան։ Որեւէ առիթի եւ արարողութեան ժամանակ գլխաւոր դերը կը պատկանէր հայ քահանային, առանց որուն չէր կատարուեր ուրախութեան կամ տխրութեան որեւէ ծէս։
Առհասարակ զէյթունցիները աչքի կը զարնէին իրենց ծայրայեղ եկեղեցասիրութեամբ։ Իւրաքանչիւր զէյթունցի ամէն օր պարտադիր պէտք է երթար եկեղեցի եւ մինչեւ ժամերգութիւնը չաւարտէր, ոչ ոք կրնար տեղէն շարժիլ․ ասիկա կը համարուէր գայթակղութիւն եւ պատժի առիթ կու տար թաղի իշխանին ու տանտէրին։ Թերեւս այս երեւոյթով իսկ կարելի է պայմանաւորել այն հանգամանքը, որ Զէյթունէն սերած են հայ նշանաւոր եկեղեցականներէն շատերը։ Բաւական է նշել միայն, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսական աթոռին բազմած են զէյթունցի եպիսկոպոսներ՝ Սիմէոն Ա․ Զէյթունցին (1539-1545), Ղազար Ա․ Զէյթունցին (1545-1547) եւ Խաչատուր Բ․ Զէյթունցին (Խաչիկ Ուլնեցի), որ յայտնի է նաեւ Երաժիշտ անունով (1560-1584)։ Իսկ 1726-1730 թուականներուն Էջմիածնի կաթողիկոսական աթոռին բազմած է Կարապետ Բ. Ուլնեցին։
Զէյթունցի եղած են նաեւ Պոլսոյ Սարգիս Ուլնիոյ (1587-1590) եւ Սարգիս Բ. Պարոն-Տէր Զէյթունցի (1592-1596) պատրիարքները։ Զէյթունի մէջ, սակայն, հայ հոգեւորականը չէր սահմանափակուած միայն ծիսական արարողութիւններով։ Հոն կրթական համակարգը սկիզբ առած եւ շարունակուած է միայն Եկեղեցւոյ շնորհիւ եւ միջոցներով։ Մինչեւ 19-րդ դար Զէյթունի մէջ կրթական ոչ մէկ հաստատութիւն կը գործէր։ Ըլլալով ազատատենչ ու հայրենասէր ժողովուրդ, կրթական առումով, սակայն, զէյթունցիները շատ յետամնաց էին։ Աստուածաշունչը եւ այլ գիրքեր միայն եկեղեցականը իրաւունք ունեցած է կարդալու։ Եւ, փաստօրէն, մինչեւ 1850 թուականը Զէյթունի մէջ 23 գրաճանաչ մարդ եղած է եւ միայն 3 մարդ կարդալու հետ միասին նաեւ գրել գիտցած է։
Առաջին անգամ 1848 թուականին Յովհաննէս Գառնեցի վարդապետը Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ կից կը հիմնէ դպրոց մը, ուր կը դասաւանդեն ինքն ու Տ. Ղազար քահանան։
Սկզբնական շրջանին շատ քիչեր կը յաճախէին այս դպրոցը, սակայն Զէյթունի մէջ գաղափարական լուսաւորութեան փափաքին շնորհիւ երթալէն կ՚աւելնայ երկսեռ դպրոցներուն քանակը, եւ մինչեւ 1915 թուականը Զէյթունի մէջ աշակերտներուն թիւը կը հասնի 2000-ի։ Հայ ազգայիններէն շատեր, մանաւանդ 1862 թուականի ապստամբութենէն ետք, իրենց ուշադրութիւնը կը սեւեռեն Զէյթունին։ Կարճ ժամանակ անց Զէյթունի ուշիմ եւ խելացի երեխաներէն շատեր կը տեղաւորուին Պոլսոյ, Երուսաղէմի եւ այլ յայտնի վարժարաններու մէջ։
Այսպէս՝ Մկրտիչ վրդ. Տիգրանեանը զէյթունցի եօթ պատանիներ կը տանի Պոլիս եւ կը տեղաւորէ Նուպար Շահնազարեան վարժարանին մէջ, իսկ 1871 թուականին Երուսաղէմի միաբան Տ. Աթանաս վարդապետը դարձեալ եօթ ուշիմ զէյթունցի պատանիներ կը տանի Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ սորվելու։ Ժամանակի ընթացքին Զէյթունի կրթական գործը իրենց ձեռքը կ՚առնեն առանձին ընկերութիւններ ու կազմակերպութիւններ, որոնք ձեռնամուխ կ՚ըլլան կրթութեան տարածման՝ ո՛չ միայն Զէյթունի չորս թաղերուն, այլեւ յարակից գիւղերուն մէջ։ Զէյթունի ուսուցչական կազմը համալրելու նպատակով Զէյթունէն աշակերտներ կը ղրկուին հեռաւոր քաղաքներու բարձրագոյն վարժարաններ՝ Պոլիս, Էջմիածին, Արմաշ, Երուսաղէմ, Սիս, Կարին, Սեբաստիա, Տարսոն, Պրուսա եւ այլուր։ Սակայն այս զարթօնքը կը տեւէ մինչեւ 1915 թուականը, երբ մարտի առաջին իսկ օրերէն կը փակուին Զէյթունի եւ շրջակայ գիւղերու բոլոր վարժարանները։
Զէյթունի նշանաւոր կրթական մշակներէն են՝ Մնացական Սէմէրճեանը (Զէյթունցի), Սմբատ Բիւրատը (Տէր Ղազարենց), Նշան Եզէկիէլեանը, Խաչիկ Ս. Եաղուպեանը, Յարութիւն Ս. Եաղուպեանը, Գրիգոր Գասպարեանը եւ ուրիշներ։
Բացի կրօնական եւ կրթական գործերէն, հայ եկեղեցականը Զէյթունի մէջ մասնակցած է նաեւ կռիւներուն ու պատերազմներուն, թուրք կառավարութեան հետ բանակցութիւններուն ու միջնորդութիւններուն։ Չկայ Զէյթունի մէջ տեղի ունեցած մէկ կռիւ, ճակատամարտ կամ պատերազմ, ուր զէնքը ձեռքին յայտնուած չըլլայ հայ հոգեւորականը, այն ալ՝ միշտ զինուած, բնակիչները ոգեւորող եւ մարտնչող։
Այս առիթով տեղին է նշել Տ. Բարթուղիմէոս վրդ. Թաքաճեանը՝ «վեղարաւոր հերոսը», որ իբրեւ քաջարի հոգեւորական՝ 1895-96 թուականներու կռիւներուն մասնակցած է։ Մի քանի անգամ բանտարկուած է եւ աքսորուած Զէյթունէն, սակայն, միշտ վերադարձած է եւ ի վերջոյ 1915 թուականին հայրենակիցներուն հետ բռնած է երկարատեւ աքսորի ճամբան։
Արժանայիշատակ է Նիկողայոս եպիսկոպոս Դաւթեանը, զոր տեղացիները կը կոչէին Տէլի Մահրասա՝ իր քաջութեան եւ խիզախութեան համար, իսկ հայերու շրջանին մէջ յայտնի էր Ֆռնուզի առիւծ անունով։ Կը պատմուի, թէ օր մը Նիկողայոս եպիսկոպոսը, երբ եկեղեցւոյ մէջ կը պատարագէր, կը յայտնեն, թէ չէրքէզները յափշտակած են իրենց գիւղին այծերն ու տաւարը։ Եպիսկոպոսը կիսատ կը ձգէ պատարագը, կը զինուի եւ իր կտրիճներով քանի մը ժամուան մէջ ետ կը վերադարձնէ աւարը, ապա կու գայ վանք եւ զգեստաւորուելով կը շարունակէ պատարագը։
Փաստօրէն Զէյթունի մէջ Հայ Եկեղեցին իրականացուցած է իրաւական, կրօնական, պաշտպանական, մէկ խօսքով՝ պետական-պաշտօնական գործառոյթներ։ Ըստ էութեան Հայ Եկեղեցին ունեցած է հայկական պետութեան դերն ու նշանակութիւնը՝ նպատակ ունենալով միայն ապահովել իր զաւակներուն կարելի եղած չափով խաղաղ ու բարեկեցիկ կեանքը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան