«ԵՐԴՈՒՄ Կ՚ԸՆԵՄ…». ԵՐԴՈՒՄԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ՝ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄԵՐ ՕՐԵՐԸ
«Երդում կ՚ընեմ…»։ Այսօր ալ այս երկու բառերը մեր առօրեայ խօսակցութեան անբաժան մասն են։ Երբեմն զանոնք կ՚արտասանենք թեթեւ սրտով՝ մեր ճշմարտախօսութիւնը հաստատելու համար, երբեմն ալ՝ ամենայն լրջութեամբ, երբ կը փորձենք վստահութիւն ներշնչել դիմացինին։ Կը կարդանք հին գիրքերը, ամսագիրները եւ կը տեսնենք, որ երդումը հայոց մէջ հազարամեակներու պատմութիւն ունի, աւելի՛ն՝ զայն մշակութային ծանրակշիռ ժառանգութիւն է։
Հին հայոց մօտ երդումը սոսկ խօսք չէր, այլ սրբազան ուխտ մը, որ կը կապէր մարդը աստուածայինին կամ իր պատուին։ Անցեալին երդումները կը կատարուէին եկեղեցիներու խորաններուն առջեւ, Աւետարանի կամ խաչի վրայ ձեռք դնելով, իսկ երբեմն ալ՝ կնքուած գրաւոր փաստաթուղթերով։ Մեր նախնիները գիտէին, որ երդումը հասարակութեան ամրութեան հիմքն է. երդմնազանցութիւնը կը համարուէր մեծագոյն ամօթ, իսկ ուխտապահութիւնը՝ իսկական վեհութիւն։
Այսօր ալ մե՛նք կ՚ըսենք «երդում կ՚ընեմ» եւ ակամայ կը դառնանք այդ հինաւուրց աւանդոյթի շարունակողները։ 1946 թուականին «Էջմիածին» հանդէսին մէջ տպուած այս լայնածաւալ հետազօտութիւնը կը բացայայտէ, թէ ինչպէ՛ս ձեւաւորուած է երդումի սովորութիւնը հայոց մէջ՝ ռամիկի պարզ խօսքէն մինչեւ արքայական շքեղ օծումները։ Հեղինակ՝ Նուպար Մագսուտեան, Նիկոսիա (աննշան յապաւումով)։
ԵՐԴՈՒՄՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՆ ՀԱՅՈՑ ՄԷՋ
Երդումը ծանօթ սովորութիւն մըն է հնագոյն դարերէն ի վեր: Անոր սկզբնաւորութիւնը հեթանոսական առաջին շրջաններուն մէջ կարելի է որոնել: Քրիստոնէութիւնը ջանաց սահմանափակել զայն: Օտարներէն՝ Յովհաննէս Ոսկեբերան, իսկ հայերէն Յովհան Մանդակունին շատ հակառակ կը ճառեն երդումի դէմ: Մանդակունին գրեց ամբողջ ճառ մը «Վասն չար սովորութեան երդման» վերնագրով:
Երդումը կրնանք բաժանել երկու մասերու․
Սովորական երդումը, որ ռամիկ դասակարգին կողմէ կը կիրարկուէր առօրեայ խօսակցութեան մէջ ու պաշտօնական երդումը, որ տեղի կ՚ունենար կարեւոր դիպուածներու մէջ, ամենայն լրջութեամբ ու միշտ հրապարակաւ: Այս երկու ձեւերը իրարմէ կը զանազանուին ու հարկ է անջատաբար գրել անոնց մասին:
Սովորական երդումը կրնանք անուանել «Անկանոն երդում» իսկ պաշտօնական երդումը՝ «Օրինական երդում»:
Անկանոն երդումը հինէն ի վեր սովորութիւն դարձած էր հայոց մօտ, որոնք շատ սուտ կամ իրաւ երդումներ կ՚ընէին իրարու միջեւ։ Մանդակունին կ՚աւանդէ, որ խօսքէն առաջ երդումը կը վազէր ամէնուն բերնէն, իսկ «ցոփոգիք եւ աղտեղաբանք», կ՚աւելցնէ Մանդակունին, իրենց ըսելիքը դեռ չխորհած՝ երդումը պատրաստ ունէին իրենց լեզուին ծայրը։
Սուտ երդումը այնքան տարածուած էր հայոց մէջ, որ նոյնիսկ տղաք իրենց խաղերուն յաջողութիւնը կամ անյաջողութիւնը երդումներով կը հաստատէին: Կամ վաճառականները իրենց արդարութիւնը հաստատելու համար յաճախ երդումի կը դիմէին, կ՚ըսէ Մանդակունին։
Այս կարգի երդումները ընդհանրապէս կը կատարուէին արեգակին, լուսինին եւ աստղերու անունով, որոնք հայոց հեթանոսական շրջանին գլխաւոր աստուածներն էին, ինչպէս նաեւ, երդումները կ՚ըլլային գլխի եւ աչքի վրայ: Երբեմն երդումներ կ՚ըլլային նաեւ Աստուծոյ ու Քրիստոսի վրայ, կամ Քրիստոսի խաչին, կամ անոր չարչարանաց վրայ, կամ մարգարէներու, առաքեալներու ու մարտիրոսներու վրայ, որոնց դէմ տրտնջալով Մանդակունի կու տայ «սատանայական երդում», ու «կատարեալ ուրացութիւն» անունները:
Այս յոռի սովորութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ ԺԲ. դարը, երբ ժամանակակից Մխիթար Գօշը՝ երկարօրէն կը գրէ իր «Դատաստանագիրք»ին մէջ, գանգատելով, որ երդումը կը մտնէր սովորական խօսակցութեան մէջ, իր իսկ բառերով՝ «Ի փողոցս եւ ի հրապարակս եւ ի բանակռուութիւնս»: Մխիթար Գօշ կը բացատրէ, որ դատախազները ատեանին առջեւ չելած փողոցներուն կամ ճամբաներուն վրայ սոսկալի երդումներ կ՚ընէին, բայց, երբ դատաւորի առջեւ ելլէին, կատարեալ սուրբեր կը դառնային ու կը դժուարանային ընել օրինական երդում, զոր իբր թէ կը նկատէին աւետարանի հակառակ արարք մը:
Մխիթար Գօշ իբր երդումի ձեւեր, կ՚առնէ հետեւեալ սովորութիւնները, որոնք ռամիկներու կողմէ կը գործադրուէին, երբ մանաւանդ այլազգիները զիրենք պարտադրէին.
ա) եկեղեցի մտնելով ճրագը մարել,
բ) բերանով փչել ջուրին ու ձիթին վրայ,
գ) գետինը խաչ նկարել ու վրան կոխել,
դ) շան պոչէն բռնել,
ե) ձեռքերու մէջ ոսկոր բռնել,
զ) գետնի վրայ երկու ծիր գծել ու մէկէն միւսը անցնիլ:
Այս բոլոր ձեւերուն իմաստը կրնանք հետեւեալ կերպով բացատրել.
ա) մարել քրիստոնէական հաւատքը,
բ) մկրտութեան ջուրին ու միւռոնին շնորհքը մերժել,
գ) կոխել փրկագործութեան խորհուրդը,
դ) անհաւատ շան մը հաւասարիլ,
ե) մեռնիլ ու ոսկոր դառնալ,
զ) ծիր փոխելով՝ կրօնափոխ ու ուրացող ըլլալ:
Այս բոլոր ձեւերուն դէմ զգուշութիւն կը քարոզէր Մխիթար Գօշ։
ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԵՐԴՈՒՄՆԵՐԸ
Օրինական երդումը հայոց մէջ ծանօթ է ոսկեդարեան գրողներու շրջանէն, որոնք «ուխտ» անունը կու տային անոր:
Մանդակունին ու Շնորհալին իրենց գրութիւններուն մէջ մասամբ ներողամիտ կ՚երեւին օրինական երդումին: Շնորհալին իր «Ընդհանրական»ին մէջ կ՚ըսէ. «Մի՛ եղիցի ձեզ յօժարութեամբ դիմել երդմունս… առանց մեծագոյն հարկի»։
Մխիթար Գօշ կ՚ընդունի օրինական երդումը՝ պայմանաւ, որ դատաւորը հրամայէ զայն։
Զաքարիա եպիսկոպոս Ծործորեցին միշտ կ՚արդարացնէ դատաստանական երդումը, զոր համաձայն ալ կը գտնէ Սուրբգրոց հոգիին։
Գրիգոր Տաթեւացին եւս երդումը կը թոյլատրէր, բայց միայն անհատներուն առջեւ: Երդումի ձեւերը հայոց մէջ այլեւայլ դարերու ընթացքին տարբեր տարբեր կը ներկայանայ:
Հին հայոց մէջ օրինական երդումները կրնային տեղի ունենալ, երբ ծանր խնդիրներ կը ներկայանային, այլապէս միշտ հակասութիւն կար երդումին դէմ:
Ծանր ու կարեւոր խնդիրներ կամ պարագաներ կը համարուէին հետեւեալները.
Ա. Կենցաղային խնդիրները. այսինքն, երբ առեւտրական ու կալուածական խնդիրներ կային եւ կամ հարստահարումի ու զեղծումի խնդիրներ պիտի քննուին: Երդումը հոս ընդունելի էր, բայց ըստ Մխիթար Գօշին ու Ծործորեցիին այն ատեն միայն, երբ վկայ չէր գտնուեր:
Բ. Քրէական յանցանքները. այսինքն գողութիւն, շնութիւն, սպանութիւն ու աւազակութիւն ու նման յանցանքները փաստելու համար եղած երդումը: Վերոյիշեալ յանցանքները ծանր պատիժներով կը փոխարինուէին:
Գ. Կրօնի հանդէպ հաւատարմութիւն. այսինքն, անձի մը հաւատքը ապացուցանելու համար եւ կամ եկեղեցւոյ պաշտպանութեան համար: Այսպիսի պարագայ մը ստեղծուած էր Միհրներսեհի՝ առ հայոց գրած նամակին առիթով, երբ կրօնափոխական առաջարկը ջատագովուած կամ պարտադրուած էր Աւարայրի դիւցազնամարտի նախօրեակներուն:
Ըստ Եղիշէի, հայերը ընդարձակ թուղթով մը պատուական պատասխան մը տուին պարսից. ամբողջութեամբ՝ կաթողիկոս, եպիսկոպոսներ, նախարարներ եւ այլն «անսուտ երդմամբ եղին վկայութիւն կենօք եւ մահու ի նմին կալ հաստատուն»: Ու երբ հայ նախարարները ստիպուեցան Պարսկաստան երթալ, անոնք կրկին երդումներ ըրին հաստատ մնալու իրենց հաւատքին վրայ: Նոյն առիթով էր, որ ուխտ մը եւս տեղի ունեցած էր. Վարդան Մամիկոնեան եւ ուխտապահ նախարարները ապստամբութեան դրօշ պարզած էին պարսից դէմ։ Անոնք պաշտօնական երդումով զիրար համոզած էին, թէ հանապազօրէն պիտի կռուէին պատուով։
Դ. Նիզակակցութիւն. այսինքն, թէ՛ օտարներու եւ թէ հայոց նիզակակցութեան համար եղած պաշտօնական երդումը: Հայոց պատմութեան մէջ այս տեսակ երկու պարագաներ ունինք.
1) Մեր Արշակ Բ. թագաւորը ստիպուած էր նիզակակցութեան երդում տալ պարսից Շապուհին, ու
2) Վարդան ու իր ընկերները 451-ին հոնաց հետ կը զինակցէին երկուստեք տրուած երդումներով:
Ե. Հաշտութիւն. այսինքն պատերազմէ մը վերջ երկու ազգերը կամ երկու պատերազմող կողմերը պաշտօնական երդումով զիրար կ՚ապահովէին ստեղծուելիք խաղաղութեան համար: Ասոր բազում օրինակներ կան հայոց պատմութեան մէջ․
Բագրատունեաց հարստութեան շրջանին, Աշոտ թագաւորին օրով, Աբաս սպարապետը ձերբակալած էր վրաց Ատրներսեհ իշխանը, զոր խոստացաւ արձակել, եթէ անոր փոխարէն վրացին «երդում» տար: Այս «երդումը» տրուեցաւ, բայց, դժբախտաբար, հայոց թագաւորը երդմնադրուժ եղաւ:
Աշոտ Արծրունին իր հօրաքեռորդի Հասանը գերի առնելով իբր փրկանք առաւ անոր Սեւանայ մէջ գտնուած ամրոցը ու պաշտօնական երդումով մը ապահովեց իրեն բնաւ չվնասել:
Զ. Հպատակութիւն. այսինքն, ճորտերը իշխաններուն կու տային հպատակութեան երդումը ու զիրենք կ՚ապահովէին միշտ հլու մնալ:
Ստորեւ կու տամ օրինակներ հայոց պատմութենէն.
Հայոց Պապ թագաւորին ժամանակ Մուշեղ Մամիկոնեան սպարապետը թագաւորին պահանջքին վրայ ստիպուեցաւ հաւատարմութեան երդում տալ թէ՛ կաթողիկոսին ու թէ թագաւորին Ձիրաւի ճակատամարտին մէջ:
Գագիկ Բ. թագաւորի օրերուն Վեստ Սարգիս ու հայ իշխանները թագաւորը երդումով համոզեցին Կոստանդնուպոլիս մեկնելու:
Երբ Պետրոս Գետադարձ Կաթողիկոսը հայ իշխաններու դէմ բարկանալով Անիէն մեկնած ու Վասպուրական առանձնացած էր, Յովհաննէս Սմբատ թագաւորը ու բոլոր հայ իշխանները երդմնագիր մը ղրկեցին կաթողիկոսին, «Լինել ունկնդիր ամենայն հրամանաց նորա», կ՚ըսէ Մատթէոս Ուռհայեցի:
Է. Արքայական օծումը. Այս արարողութիւնը ազգային ու քաղաքական ամենաշքեղ առիթն էր պաշտօնական երդումին համար: Այսպիսի երդում մը ազգը պարտաւոր էր տալ թագաւորին: Այսպիսի պարագայ մը կ՚աւանդէ մեզ Կիրակոս Գանձակեցին իր «Պատմութեան» մէջ, երբ կը նկարագրէ Պետրոս Գետադարձ Կաթողիկոսին ու հայ իշխաններուն տուած երդումը Գագիկ Բ. թագաւորին օծման օրը։ Պէտք է գիտնանք, սակայն, թէ Ռուբինեան թագաւորութեան շրջանին թագաւորը պարտաւոր էր երդում տալ ազգին ու ո՛չ ազգը՝ թագաւորին:
Վերոյիշեալ եօթ գլխաւոր պարագաները ծանրակշիռ խնդիրներ կը համարուէին ու զանոնք երդումներով գործադրելը պարտաւորիչ էին հին հայոց մօտ:
Երդումներ կրնային տեղի ունենալ նաեւ տարբեր կրօնի պատկանողներուն միջեւ, երբ իւրաքանչիւր կողմ իրաւունք ունէր իր սեփական օրէնքներուն հետեւելու: Իսկ երբ երկու կողմերը քրիստոնեայ էին, հետեւեալ պայմանները պէտք էին նկատի ունենալ ըստ Մխիթար Գօշի.
- Երդում տալու համար հարկ էր 25 տարեկանէն վար չըլլալ:
- Ծերերը ու հիւանդները պէտք չէին երդում տալ:
- Ապաշխարողները չէին կրնար երդում տալ:
- Հաւատարիմ կիներէն ընդհանրապէս երդում չէր պահանջուեր:
- Անպարկեշտ ու պառաւ եւ կամ ծնելու մօտ եղող կիները չէին կրնար երդում տալ:
- Մաքսաւորները, արբեցողներն ու մեղաւորները չէին կրնար երդում տալ, որքան ժամանակ որ այդպէս կը մնային:
- Երդում կրնային տալ բոլոր մերձաւոր ազգականները ու բարեկամները:
Յովհաննէս Մանդակունիի շրջանին երդում ընելու իրաւունքը չարախօսին կը պատկանէր, իսկ Մխիթար Գօշի շրջանին այս կանոնը փոխուած էր:
Երդումը նախապէս կը կատարէին ընդհանրապէս եկեղեցիին մէջ, բայց յետոյ դատաստանական երդումը կրնար տարբեր վայրերու մէջ ալ տրուիլ, ինչպէս ատեանին մէջ ու երբեմն ո՛ւր որ հարկը կամ պէտքը կը պահանջէր:
Երդումը կրնար արքունիքին մէջ տրուիլ, ինչպէս որ հայոց Արշակ թագաւորը տուած էր պարսից Շապուհ թագաւորին: Երդումը կրնար պատերազմի դաշտին մէջ ալ տրուիլ, ինչպէս որ Մուշեղ Մամիկոնեան սպարապետը տուած էր կաթողիկոսին ու Պապ թագաւորին Նպատ լերան վրայ։ Երդումը կրնար նաեւ ճամբաներու մէջ ալ տրուիլ, ինչպէս որ Վարդանանք իրարու տուած էին, երբ Պարսկաստանէն կը վերադառնային ու ամէն ոք իր տեղը պիտի վերադառնար: Երդումը կրնար տան մէջ կամ ապարանքի մէջ ալ տրուիլ, ինչպէս որ դաւաճան Վասակ մարզպանը տուած էր հայ ուխտապահ նախարարներուն իր սեփական ապարանքին մէջ ըստ պատմիչին (Եղիշէին):
Մխիթար Գօշ կ՚արգիլէ թեթեւ պարագաներու մէջ տրուած երդումը. զոր օրինակ՝ տասը տարեկան տղու մը համար երդում տալը արգիլուած էր: Ու եթէ այսպիսի պարագայ մը ստեղծուէր դատարանին մէջ, առանց պահանջելու փոքր տղայոց երդումը, կրնային դատը շարունակել։
Երդումները ընդհանրապէս տեղի կ՚ունենային հետեւեալ սրբութիւններու անունով.
ա. Կաթողիկոսին կամ թագաւորին աջին,
բ. Աւետարանին վրայ,
գ. Մասնաւոր ուխտի կամ երդման աւետարանի վրայ,
դ. Աւետարանին զօրութեան վրայ,
ե. Խաչին վրայ,
զ. Աւետարանին ու խաչին վրայ,
է. Աստուծոյ անուան վրայ,
ը. Եկեղեցւոյ անուան վրայ,
թ. Անիին «Հազար ու մի» եկեղեցիներուն վրայ,
ժ. Պատարագի բաժակին (սկիհ) վրայ:
Երդումը ունէր իր արարողական որոշ ձեւերը: Կրօնի հաւատարմութեան համար եղած երդումները ունէին իրենց յարմար աղօթքները, որոնք երդումէ առաջ պէտք էին ըսուիլ: Երդման պահուն, սրբութիւններուն՝ մա՛նաւանդ խաչին ու Աւետարանին առջեւ երկրպագութիւն տեղի կ՚ունենար, որմէ վերջ զանոնք կը համբուրէին:
Ղազար Փարպեցին կ՚աւանդէ, թէ երբ Վարդան Մամիկոնեան ու միւս նախարարները պաշտօնական երդում պիտի տային՝ նախ Աւետարանը համբուրեցին: Իսկ Փաւստոս Բիւզանդացին իր Պատմութեան մէջ կ՚աւանդէ, որ Մուշեղ Մամիկոնեան Պապ թագաւորին աջը համբուրելէն առաջ երկրպագած էր անոր առջեւ։ Իսկ երդում ընելու համար եկեղեցի մտնելու պահուն անոր օծեալ որմերը կը համբուրէին: Նոյնը տեղի ունեցած էր Արծրունեաց Տիկին Մարիամին կողմէ, որ Սուրբ Կարապետ սրբավայրը մտնելով «Համբուրեց զորմ տաճարին» կ՚ըսէ Յովհան Մանդակունին:
Սրբութիւնները համբուրելէն վերջ, ձեռքերը կը հանգչեցնէին անոնց վրայ ու կ՚արտասանէին երդման բանաձեւը: Ձեռքերու հպում տեղի չէր կրնար ունենալ, երբ Աստուծոյ վրայ եւ կամ Անիին «հազար ու մի եկեղեցիներու վրայ երդում տեղի ունենար: Այս պարագաներուն, սակայն, սովոր էին ձեռքերը դէպի երկինք վերցնել ու այնպէս երդում ընել:
…Երդումները միշտ բերանացի չէին տրուեր: Շատ ծանրակշիռ դէպքերու առթիւ բերնով արտասանուածը գրաւոր ալ կը տրուէր, որպէսզի ան մնար անուրանալի վկայութիւն մը: Այսպիսի գրաւոր երդումները կը կոչուին «գիր» կամ «յետկար երդման»: «Գիր երդման» ըսուածը լարով մը կը կապէին Աւետարանին հետ ու այնպէս կու տային, եթէ խնդիրը շատ լուրջ էր:
Այսպէս ըրած էր Սիւնեաց Վասակ իշխանը, ըստ Եղիշէի, երբ իր այս գործով փափաքեցաւ նախարարներուն առջեւ երդում տալ, թէ յար պիտի շարունակէր օգնելու հայկական շահերուն: Նմանապէս Աշոտ Երկաթ թագաւորը ու իր աները գրաւոր երդում ըրին (ըստ Յովհաննէս Կաթողիկոսին): Գրաւոր երդում տուած էր նոյնպէս Սմբատ սպարապետը ի նպաստ Ատրներսեհին: Նոյնը ըրած էր Աշոտ Արծրունին՝ Հասան հայ իշխանը արձակելու համար: Նոյնը պատահած էր Գեղարքունեաց Վասակ իշխանին ու Աշոտ թագաւորին միջեւ դրուած երդումին առիթով: Իսկ երբ Գագիկ Բ. Անի մայրաքաղաքէն պիտի բաժնուէր, հայ իշխանները «երդման գիր» տուած էին, կ՚ըսէ Մատթէոս Ուռհայեցի։
Երդումները գրուելէ վերջ պաշտօնապէս կը կնքուէին, ինչպէս ըրած էր Վասակ մարզպանը ըստ Եղիշէի, ու ըրած էին Վարդանանք ըստ Փարպեցիի, որ կ՚ըսէ, թէ կնքուած էր «Նախարարաց մատանեօք»: Այն գրուած երդումները, որոնք տրուած էին Աբասին կողմէ Ատրներսեհին ու Աշոտին կողմէ Սահակին, «Կնքուած երդման յետկարներ» էին, կ՚ըսէ Յովհաննէս Կաթողիկոս:
Անգիր երդումները ընդհանրապէս կը կնքուէին Աւետարանին վրայ, այսինքն մատեանին լուսանցքներուն վրայ դրոշմները կը շարէին իրարու մօտ: Այսպէս կնքուած Աւետարանը վկայ կը մնար պաշտօնական, բայց անգիր երդման:
Պաշտօնական երդումներու ընթացքին միջնորդներ կ՚ըլլային կաթողիկոսը կամ եպիսկոպոսները ու երէցները, անշուշտ, ո՛չ ամէնքը միասին, այլ խնդրոյն կարեւորութեան համաձայն իւրաքանչիւր աստիճանաւոր կրնար միջամտել: Ու այս ձեւով Մուշեղ Պապ թագաւորին տուած երդումին մէջ իբր միջնորդ ունէր Մեծն Ներսէս Կաթողիկոսը: Վարդանանք Յազկերտի արքունիքը մեկնելէ առաջ երդում ըրին Յովսէփ Կաթողիկոսին առջեւ: Աբաս սպարապետին ու Ատրներսեհ իշխանին միջեւ տեղի ունեցած երդումին միջնորդն էր Գէորգ Կաթողիկոսը, որ նոյնպէս միջնորդն էր Աշոտ Արծրունիին ու Հասան իշխանին միջեւ տրուած պաշտօնական երդումին: Նոյնպէս Անիին իշխանները Գագիկ արքային երդմնագիր տուած էին Պետրոս Գետադարձ Կաթողիկոսին միջնորդութեամբ:
Եպիսկոպոսներու ու երէցներու կողմէ կիրարկուած միջնորդութեան բազում օրինակներ ալ կան:
Այսպիսի կարեւոր պաշտօնները հին հայերը եկեղեցականներուն կը վստահէին հետեւեալ պատճառներով.
ԺԲ. դարէն առաջ Հայաստանի մէջ գոյութիւն չունէր քաղաքական ատենական կազմակերպութիւն մը, ո՛չ ալ յատուկ օրինագիրք, ինչպէս գոյութիւն ունէր Բիւզանդիոնի մէջ: Ասոր փոխարէն գոյութիւն ունէին միայն եկեղեցական կանոններ, որոնց մէջ բովանդակուած էին նաեւ դատաստանական շատ մը խնդիրներ, որոնց վրայ յենուելով Մխիթար Գօշ պատրաստած էր իր արժէքաւոր գործը: Հայոց մէջ օրինագիրքերու պակասը արդիւնք էր աշխարհական ատեաններու ու դատաւորներու չգոյութեան: Հայաստանի մէջ այս պաշտօնը մինչեւ միջին դար յանձնուած էր եկեղեցական ու կրօնական ատեաններուն, որով դատաստանական իրաւունքը կը մնար հայ կղերին սեփական իրաւունք մը: Մխիթար Գօշի օրով այս իրաւունքը դարձեալ կը կիրարկուէր հայ կղերականութեան երեք գլխաւոր աստիճանաւորներուն կողմէ (կաթողիկոս, եպիսկոպոս եւ երէց), որոնց հետ աշխարհականներ ալ կը բազմէին: Ատեանին մէջ եպիսկոպոսը առաջին դատաւորն էր, իսկ կաթողիկոսը գլուխ էր ամենայն դատաւորաց: Պէտք է գիտենալ, թէ հայ կղերականները ընդհանրապէս գիտութեամբ ալ բարձր էին հին ատեն:
Այս է գլխաւոր պատճառը, որ կաթողիկոսը երբեմն հայ թագաւորէն ալ բարձր գերիշխանութիւն մը ունէր մեր ազգին մէջ, որմէ յաճախ կ՚ակնածէին նախարարներն ու նոյնիսկ թագաւորները: Արեւմուտքին անծանօթ էր կրօնապետի այսպիսի բարձր ու համազգային հանգամանքը: Հայոց թագաւորները նոյնիսկ արտօնութեամբ միայն կրնային ներկայանալ կաթողիկոսին պալատը, իսկ կաթողիկոսը առանց հրամանի ու փափաքած ժամանակը խրոխտաբար կը մտնէր արքունի պալատը ու առանց արտօնութեան կը բազմէր արքային առջեւ: Թագաւորը կաթողիկոսին առջեւ կրնար բազմիլ այս վերջնոյն հրամանովը միայն:
Միայն թէ պատժական գործերը, որոնք անպատեհ կը համարուէին եկեղեցականներուն համար, կաթողիկոսին հրամանաւ կը յանձնուէր իւրաքանչիւր գաւառի աշխարհական իշխաններուն։
Սուտ երդումներու հանդէպ հին հայերը շատ խիստ էին: Հին Հռովմէական օրէնքով մասամբ կը պատժուէին սուտ երդում ընողները․․․ Հինգերորդ դարէն ի վեր հայոց մէջ սուտ երդումները ծանր յանցանքներ կը նկատուէին:
Երդմնազանցութիւնն ալ թէպէտ եւ պժգալի կը նկատուէր հայոց մէջ, բայց, քաղաքական պատճառներով այս թերութիւնը որոշ ժամանակի մը համար բաւական ծաւալած էր հայոց մէջ, զոր կրնանք հետեւեալ կերպով բացատրել.
Երբ Հայաստան իր քաղաքական անկախութիւնը կորսնցնելով Արշակունեաց գահին անկումով ենթարկուեցաւ օտար պետերուն ու մանաւանդ ոչ-քրիստոնեայ բռնապետներուն, երկու տիրապետող կողմերէն, ո՛ր մէկը որ նպաստաւոր քաղաքականութիւն կը վարէր հայոց նկատմամբ, հայերը անոր հետ կը կապուէին նիզակակցական կապերով, որոնց ընթացքին երդումները անպակաս կ՚ըլլային: Այսպիսի երդումներուն յաճախական խզումները պատճառ կ՚ըլլային երդմնադրուժներու բազմանալուն, ու այս ախտը աւելի արաբ ոստիկանները տարածեցին հայոց մէջ: Այս ոստիկանները սուտ երդումով միայն կրնային նուաճել հայ իշխանները, որմէ վերջ յաճախ երդմնադրուժ կ՚ըլլային կալանաւորելով կամ սպաննելով մեր պատուական հայ նախարարներն ու անոնց սերունդը: Այսպիսի պարագաներու մէջ հայերն ալ իրենց կարգին երդմնադրուժ կ՚երեւային երբեմն: Բայց պէտք է գիտենալ, թէ այս պիտանի միջոց մըն էր իրենց ազատութեան համար:
Սակայն, ասոր դէմ կը բորբոքի Ներսէս Շնորհալին, իր «Ընդհանրական»ին մէջ, ու մեզի կը պատուիրէ ո՛չ միայն ուխտապահ ըլլալ առ հաւատակիցս, «այլ եւ առ այլազգիս, եւ մանաւանդ առ նոսա առաւել»։
Ծանր պարագաներու մէջ երդմնադրուժները մեծ պատիժներով կը հալածուէին ու կրնամ օրինակ մը տալ հայոց պատմութենէն: Երբ Վարդանանք Պարսկաստանէն վերադառնալէն վերջ գիշեր մը յանկարծ հայ եպիսկոպոսները Աւետարան ի ձեռին մտան մեծ սպարապետ Վարդանին բնակարանը ու պահանջեցին, որ առաջքը առնէր Վասակին ու մոգերու ի գործ դրած անկարգութիւններուն, Մամիկոնեան առիւծը ու ներկայ միւս իշխանները ոգեւորուած Աւետարանի սիրով, կրկին ու կրկին ուխտեցին պաշտպան հանդիսանալու Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ու արգիլելու պարսկական խժդժութիւնները: Հոն գտնուող նախարարներէն մին, որ Զանդաւան կը կոչուէր (ու որ նախապէս իրենց ուխտակից էր), յանկարծ ընդվզելով ինքզինքը երդմնազանց ցոյց տուաւ։ Այս ուխտադրուժը իսկոյն տեղւոյն վրայ քարկոծուելով սպաննուեցաւ (Զանդաւանին անունը մեզ կ՚աւանդէ Փարպեցին, իսկ դէպքը կը պատմէ Եղիշէն):
Բարեմիտ մարդիկ երբեմն ջերմ կրօնասիրութենէ մղուած կ՚ընէին անխորհուրդ երդումներ, որոնց պահպանութիւնը շատ անգամներ անկարելի կ՚ըլլար: Այսպիսիներուն կ՚ըսուէին «երդմնասխալ», որոնց դէմ խիստ էր Զաքարիա Ծործորեցին։ Բայց հայ եկեղեցին միշտ գթութիւն ցոյց կու տայ մարդկային տկարութեանց հանդէպ, յաճախ ներողամիտ կ՚ըլլար երդմնասխալներուն, որոնց փրկութեան համար գրուած էր Մաշտոցին մէկ կանոնը, զոր հայ քահանան երդմնահարին կը կարդար, եւ ատկէ վերջ հայ հաւատացեալը իր երդումէն ազատուած կը համարուէր։
Կրօնաբոյր ու մաքուր կենցաղի այսպիսի խիստ օրէնքները ո՛չ միայն հայոց մօտ, այլ նաեւ օտարներու քով նշմարուած է: Հրեաները երդմնապահութեան մէջ հայոց չափ խիստ էին: Երբ երդում պիտի տային, անոնք սովորութիւն ունէին որթ մը երկու մասերու բաժնել ու անոնց մէջէն անցնիլ: Այս սպառնալիքը ցոյց մըն էր համանման մահուան անոր, որ երդմնադրուժ կ՚ըլլար։
Ասորիները եւ պարսիկները հեռու էին հայոց եւ հրէից կրօնական այսպիսի խիստ խղճմտութենէն: Սելեւկեաններու օրով երդմնադրժութեան շատ օրինակներ կան պատմութեան մէջ, իսկ պարսից քով երդում դրժելը շատ սովորական արարք մըն էր։ Հին հելլէններն ալ շատ չէին զանազանուեր ասորիներէն ու պարսիկներէն: Ասոնք աւելի տեսականօրէն կը ճանչնային հաւատարմութիւնը քան գործնականապէս: Աղամեմնոն անգամ կը գանգատէր տրովադացիներու աքայեցիներու դէմ ցոյց տուած երդմնազանցութիւններէն ու կ՚ըսէր, թէ Արամազդ վրէժ պիտի լուծէր իրենցմէ։ Յոյն կիներու տուած երդումները «ջուրին վրայ գրուած» կը համարուէին, բայց ամենաերդմնադրուժներն էին սպարտացիները:
Այս պատճառով յոյն իմաստասէրները աստուածներուն հասած անարգանքներուն առաջքը առնելու համար աննշան վկաներու, այսինքն բոյսերու եւ անասուններու վրայ երդումներ հնարեցին: Այսպէս, Զենոն երդում ըրած էր բոյսի մը վրայ, Սոկրատ երդում ըրած էր շան մը ու սօսիին վրայ, իսկ աթենացի կախարդ Լամփոնը՝ երդում ըրած էր սագի մը վրայ։
Հռովմայեցիք, սակայն, հայոց ու հրեաներու նման հաւատարիմ էին տրուած երդումներուն հանդէպ: Կիկերոն կ՚ըսէր, թէ երդումը ո՛չ թէ աստուածներու բարկութեան, այլ արդարութեան ու վստահութեան կը վերաբերի: Կիկերոնէ առաջ հռովմայեցիք այն համոզումը ունէին, թէ աստուածները վրէժխնդիր էին երդմնադրուժներուն դէմ ու կը վարձատրէին երդմնապահները:
Հնադարեան հայ պատուական ազգը իր դասական անցեալով, կրօնաբոյր կենցաղով ու արժէքաւոր պատմութեամբ կրնայ մրցիլ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի շատ մը ընտրուած ազգերու հետ: Եթէ մանրամասնօրէն ու գիտականօրէն զբաղինք եւ ուսումնասիրենք հայոց պատմութիւնը, միշտ պիտի հանդիպինք հայ անցեալին այն փառաւոր ու եզակի վսեմութիւններուն, որոնց կարօտը կը զգանք այսօր աներկբայօրէն:
Պէտք է գիտնալ, սակայն, որ Հայաստանեայց Ակեղեցին հայկական փառաւոր անցեալէն մեզի փոխանցուած եզակի գանձերէն մէկն է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան