ԹԱՅՄՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ԿԱՐԱՊՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՇՈՒԱՌՈՒՄԸ - 800-ԱՄԵԱՅ ԱՒԱՆԴՈՅԹԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԲՆԱՊԱՀՊԱՆԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ
Ամէն տարի, յուլիսի երրորդ շաբթուան ընթացքին Անգլիոյ Թայմս գետը կը վերածուի վառ գոյներով հարուստ թատերաբեմի:
Թագաւորի գլխաւոր կարապներու հաշւող Տէյվիտ Պարպըրի գլխաւորութեամբ, աւանդական փայտեայ նաւակներով զգեստաւորուած խումբերը դուրս կու գան 79 մղոննոց (շուրջ 127 քիլոմեթր) երթուղիի մը: Խումբերը հագուած կ՚ըլլան յատուկ համազգեստներ, Թագաւորի խումբը՝ վառ կարմիր բաճկոններ, կարապներու սեփականութեան իրաւունքը բաժնեկցող Լոնտոնի պատմական երկու ընկերութիւնները՝ Գինեվաճառները՝ ճերմակ, իսկ Ներկարարները՝ մուգ կապոյտ համազգեստներով: Կարապներու ընտանիք մը տեսնելնուն պէս կը հնչէ աւանդական «All Up!» («Դէպի վե՛ր») հրամանը: Նաւակները օղակի մէջ կ՚առնեն թռչունները, զիրենք զգուշութեամբ ջուրէն դուրս կը բերեն՝ հաշուելու եւ առողջական վիճակը ստուգելու համար: Այս գեղեցիկ արարողութիւնը իր աւարտին կը հասնի Ուինտսորի ամրոցին մօտ՝ միապետի առողջութեան համար բարձրացուող աւանդական կենացով:
Անգլիոյ պատմական անկիւնադարձերուն եւ դարաւոր աւանդութիւններուն մէջ կան արարողութիւններ, որոնք ժամանակի հոլովոյթին հետ չեն կորսնցուցած իրենց հմայքը, այլ վերածուած են ժամանակակից կարեւոր առաքելութեան: Այսպիսին է Թայմս գետի վրայ իրականացուող 800-ամեայ թագաւորական այս աւանդութիւնը, որ միջնադարեան շքեղ խնճոյքներու ծիսակարգէն աստիճանաբար վերածուած է 21-րդ դարու բնապահպանական ու կրթական նշանաւոր ձեռնարկի:
Ջուրէն կարապներ վեր հանելու արարողութիւնը նպատակ ունի պաշտպանել եւ հետազօտել Թայմսի ճերմակ կարապներու հաւաքականութիւնը:
Այս աւանդոյթին հիմքերը կը հասնին 12-րդ դար, երբ 1186 թուականին Բրիտանիոյ թագաւորական տունը սեփականութեան իրաւունք հաստատեց երկրի բոլոր չնշուած ճերմակ կարապներու նկատմամբ: Միջնադարեան Անգլիոյ մէջ կարապը ունէր «թագաւորական թռչուն» բացառիկ կարգավիճակը: Անիկա հարստութեան եւ բարձր դիրքի խորհրդանիշ էր․ կարապի միսը կը նկատուէր բացառիկ նրբահամ եւ ընտիր ուտելիք եւ կը մատուցուէր միայն միապետներու եւ ազնւականներու ճոխ սեղաններուն, յատկապէս Ս. Ծննդեան տօներուն: Այդ դարաշրջանին, բաց ջուրերու մէջ գտնուող բոլոր չնշմարուած, հաշուի չառնուած կարապները ինքնաբերաբար կը պատկանէին միապետին, իսկ առանց թագաւորական արտօնութեան կարապ որսալը կամ սպաննելը ծանր յանցագործութիւն կը նկատուէր եւ կրնար ենթարկուիլ խիստ պատիժներու, ներառեալ երկարատեւ ազատազրկում, իսկ որոշ ժամանակաշրջաններու ընթացքին՝ նաեւ մահապատիժի։
15-րդ դարուն, միապետութիւնը այս իրաւունքը մասամբ բաժնեկցեցաւ Լոնտոնի երկու հեղինակաւոր ընկերութիւններու՝ Գինեվաճառներու եւ Ներկարարներու հետ:
Այսօր Չարլզ Գ. թագաւորը կը պահպանէ իր պատմական իրաւունքը Թայմսի եւ անոր վտակներու որոշակի հատուածներուն մէջ․ թագաւորական կարապները կը մնան որեւէ ձեւով չնշուած, իսկ յիշեալ երկու ընկերութիւններուն պատկանող թռչուններու ոտքերուն կ՚ամրացուին նոյնականացման յատուկ օղակներ: Հին ժամանակներուն այս ստուգումները տեղի կ՚ունենային ամբողջ Անգլիոյ մէջ, ուր հարիւրաւոր նաւակներ կը քննէին բոլոր հիմնական գետերն ու վտակները:
Թէեւ արարողութիւնը ունի խոր պատմական արմատներ, այսօր ջուրէն կարապներ դուրս հանելու արարողութիւնը ունի բացառապէս բնապահպանական եւ գիտական նշանակութիւն: Բռնուած թռչունները եւ յատկապէս ձագերը կը զննեն մասնագիտական բարձր խնամքով, զանոնք կը կշռեն, կը չափեն եւ կը ստուգեն վնասուածքներու առկայութիւնը:
Ճերմակ կարապները բնական պայմաններու մէջ կրնան ապրիլ 20-30 տարի, իսկ պաշտպանուած պայմաններու մէջ՝ աւելի երկար։ Անոնք սովորաբար ամբողջ կեանքի ընթացքին նոյն զուգընկերը կը պահպանեն, ինչ որ կարապը դարեր շարունակ դարձուցած է նաեւ հաւատարմութեան խորհրդանիշ։
Վերջին տարիներուն անոնց թուաքանակը բախած է լուրջ մարտահրաւէրներու։ Թռչնակրիփի պատճառով արձանագրուեցաւ ձագերու թիւի կտրուկ անկում՝ արձանագրուեցան ընդամէնը 86 ձագ, սակայն, 2025 թուականին իրավիճակը որոշ չափով բարելաւուեցաւ՝ հասնելով 115-ի:
Այս տարուայ արարողութեան՝ յուլիսի 13-17-ը տեղի ունեցած հաշւառման ընթացքին կազմակերպիչները արձանագրեցին, որ ձագերը հիմնականին մէջ առողջ են, սակայն, մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ գետի ապականումը: Բազմաթիւ կարապներ կը վնասուին ջուրին մէջ նետուած ձկնորսական կեռիկներէն եւ կերպընկալէ աղբէն: Բացի այդ, միջոցառումը ունի կրթական մեծ դեր․ արարողութեան օրերուն Թայմսի գետափերուն կը հաւաքուին հարիւրաւոր դպրոցականներ, որոնք հնարաւորութիւն կ՚ունենան մօտէն տեսնելու թռչունները եւ սորվելու գետի բնապահպանական համակարգի պաշտպանութեան մասին:
Դարերու ընթացքին բրիտանական օրէնսդրութեան մէջ կարապներու իրաւական կարգավիճակը արմատական փոփոխութիւններ կրած է՝ թագաւորական բացառիկ սեփականութենէն եւ խնճոյքներու ընտիր ուտելիքէն վերածուելով՝ խիստ պաշտպանութեան տակ գտնուող վայրի բնութեան խորհրդանիշի: Դարեր շարունակ գործող խիստ միջնադարեան օրէնքը պաշտօնապէս փոխուեցաւ 1998 թուականին, երբ ընդունուած օրէնսդրական բարեփոխումներով կարապին վնասելը այլեւս չորակուեցաւ իբրեւ դաւաճանութիւն միապետի հանդէպ: Միապետի պատմական իրաւունքը պահպանուեցաւ, սակայն, ստացաւ զուտ խորհրդանշական բնոյթ:
Այսօր բրիտանական օրէնսդրութեան մէջ կարապներ ուտելը ամբողջութեամբ արգիլուած է եւ անոնց պաշտպանութիւնը կը կարգաւորուի «Կենդանական աշխարհի եւ գիւղական վայրերու մասին» 1981 թուականի օրէնքով։ Բոլոր տեսակի վայրի կարապները, անոնց ձուերն ու բոյները կը գտնուին պետական յատուկ պաշտպանութեան ներքոյ, իսկ կարապը միտումնաւոր սպաննելը, վնասելը, զորսալը կամ բոյնը քանդելը կը նկատուի քրէական յանցագործութիւն, որուն համար սահմանուած են անսահմանափակ տուգանքներ կամ մինչեւ վեց ամիս բանտարկութիւն:
Եթէ հին ատեն օրէնքը կը պաշտպանէր կարապները իբրեւ թագաւորի անձնական գոյք եւ սնունդ, ապա այսօր Անգլիոյ իրաւահամակարգը զանոնք կը պաշտպանէ իբրեւ ազգային բնութեան համակարգի արժէքաւոր եւ անձեռնմխելի մաս:
Թագաւորական ճերմակ կարապները, ազատ սաւառնելով Անգլիոյ ջրային ուղիներուն վրայ, տակաւին կը մնան միապետութեան մէկ խորհրդանիշը, բայց նաեւ՝ հաւատարմութեան, բնութեան կենսունակութեան եւ զայն անաղարտ պահելու հաւաքական կամքի պայծառ վկայութիւնն են։
ԹԱՅՄՍ ԳԵՏԻ ԲՆԱՊԱՀՊԱՆԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ․ ՃԳՆԱԺԱՄ
Թայմս գետի բնապահպանական պատմութիւնը աշխարհի ամենահետաքրքրական եւ հակասական պատմութիւններէն մէկն է: 1957 թուականին, Լոնտոնի Բնական պատմութեան թանգարանը գետը պաշտօնապէս հռչակեց «կենսաբանօրէն մահացած»․ թթուածնի ծայրայեղ ցած մակարդակը եւ համատարած կեղտաջուրերը ամբողջութեամբ խլած էին կեանքը գետէն: Այնուհանդերձ, ատոր յաջորդած տասնամեակներու յամառ մաքրման աշխատանքներու շնորհիւ, Թայմսը արձանագրեց հրաշալի վերածնունդ․ անիկա դարձաւ աշխարհի ամենամաքուր քաղաքային գետերէն մէկը, ուր վերադարձան ձուկեր, թռչուններ եւ նոյնիսկ փոկեր:
Սակայն, 2026 թուականի դրութեամբ, Թայմսը դարձեալ կանգնած է բնապահպանական լուրջ ճգնաժամի առջեւ, քանի հին ենթակառուցուածքները, կլիմայական փոփոխութիւնները եւ ջրամատակարար ընկերութիւններու ձախողումները լուրջ վտանգի տակ դրած են վերջին եօթանասուն տարուան ձեռքբերումները:
Թայմսը միայն Լոնտոնի գլխաւոր գետը չէ։ Անիկա Անգլիոյ տնտեսական, պատմական եւ մշակութային առանցքն է, որ դարեր շարունակ ծառայած է առեւտուրի, հաղորդակցութեան եւ քաղաքային զարգացման։ Գետը այսօր եւս ջուր, փոխադրամիջոց, հանգստավայր եւ բնական միջավայր կը տրամադրէ միլիոնաւոր բնակիչներու, ուստի, անոր բնապահպանական վիճակը անմիջական ազդեցութիւն ունի ո՛չ միայն վայրի բնութեան, այլեւ հանրային առողջութեան եւ առօրեայ կեանքին վրայ։
Գետի թիւ մէկ թշնամին այսօր չմաքրուած կոյուղաջուրերու արտահոսքն է: Լոնտոնը մինչ օրս կը գործածէ Վիքթորեան դարաշրջանի համակցուած կոյուղիի համակարգ․ այդ համակարգին մէջ անձրեւաջուրերն ու կենցաղային կեղտաջուրերը կը հոսին նոյն խողովակներով: Առատ տեղումներու ժամանակ համակարգը չի դիմանար ծանրաբեռնուածութեան եւ աւելցուկը ուղղակիօրէն կը թափուի Թաaյմս: Բնապահպանական կազմակերպութիւններու եւ անկախ գիտնականներու վերջին հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ գետի որոշ հատուածներու մէջ, ինչպէս Ֆուլհեմի մօտ, աղիքային ցպիկ մանրէի մակարդակը 58 անգամ գերազանցած է անվտանգութեան շեմը, ինչ որ աղէտալի վտանգ է թռչուններու, կենդանիներու եւ թիավարութեամբ զբաղողներու համար:
Այս ճգնաժամին կեդրոնը յայտնուած է տարածաշրջանի ջրային հսկան՝ «Thames Water» ընկերութիւնը, որուն, 2025-2026 թուականներու տուեալներով՝ կը պատկանի Անգլիոյ ամենավտանգաւոր բնապահպանական աղտոտումներու գրեթէ մէկ երրորդը: Խնդիրը այնքան լուրջ է, որ Անգլիոյ կառավարութիւնը այժմ կը քննարկէ ընկերութեան ժամանակաւոր ազգայնացման հարցը:
Բացի կոյուղիէն, գետին ջուրի որակը կը վատթարանայ արդիւնաբերական եւ գիւղատնտեսական արտահոսքերու պատճառով: Թէեւ 1990-ականներէն ի վեր լուսածին տարրի (ֆոսֆորի) մակարդակը նուազած է, պարարտանիւթերէն յառաջացող բորակատներու (նիթրաթներու) քանակը կը շարունակէ աճիլ, ինչ որ կը յանգեցնէ ջրիմուռներու չափէն աւելի աճին, կը խլէ ջուրին թթուածինը եւ կը խեղդէ ձուկերը: Միեւնոյն ժամանակ, գիտնականները ահազանգ կը հնչեցնեն առկայութեան մասին ջուրին մէջ դեղագործական մնացորդներու եւ «յաւերժական քիմիական» մնացորդներու, որոնք ներկայիս զտման-մաքրման համակարգերը անկարող են հեռացնել:
Լոնտոնի Կենդանաբանական ընկերութեան թարմացուած զեկոյցին համաձայն՝ երկրագունդի տաքացումը նոյնպէս աղէտալի ազդեցութիւն ունի գետին վրայ:
2007 թուականէն ի վեր Թայմսի ամառնային ջուրի ջերմաստիճանը տարեկան միջինը 0,13°C-ով կ՚աճի, որ հաւասար է ամէն ութ տարին 1°C տաքացման․ ասիկա կը նուազեցնէ թթուածնի քանակը եւ կը սպառնայ տեղական սառնասէր ձկնատեսակներուն:
Ասոնցմէ զատ, Լոնտոնի Թաուըր կամուրջին մօտ ջուրի մակարդակը տարեկան կը բարձրանայ շուրջ 5 մմ.-ով, որու հետեւանքով ծովային աղի ջուրը կը ներհոսէ դէպի գետին քաղցրահամ հատուածները՝ վնասելով եզակի մակընթացային համակարգերը:
Բնապահպանական միւս խոշոր մարտահրաւէրը կերպընկալէ աղբն ու ձկնորսական թափօններն են: Լոնտոնի Նաւահանգստային տեսչութիւնը ամէն տարի գետէն կը հեռացնէ շուրջ 200 թոն կերպընկալէ եւ կենցաղային աղբ: Գետի յատակին կը ձեւաւորուին ջրադիմացկուն թաշկինակներու ամբողջական կղզեակներ, որոնք նոյնիսկ կը փոխեն գետին հունը:
Ինչպէս նշուած է Կարապ վեր հանող արարողութեան կազմակերպիչներուն կողմէ, ջուրին մէջ նետուած կերպընկալն ու լքուած ձկնորսական կեռիկները ֆիզիքական վնասուածքներու եւ մահացութեան հիմնական պատճառն են կարապներու եւ ջրային այլ թռչուններու համար:
Այս ճգնաժամային վիճակէն դուրս գալու հիմնական յոյսը կապուած է «Thames Tideway Tunnel» (հանրածանօթ իբրեւ «Super Sewer» կամ Գերկոյուղի) հսկայական նախագիծին հետ:
Այս ստորգետնեայ հսկայ գետնուղին նախագծուած է Լոնտոնի կեդրոնին յատակով անցնող հին կոյուղիի աւելցուկները որսալու եւ դէպի մաքրման կայաններ տեղափոխելու համար: Թէեւ համակարգը արդէն մասնակիօրէն սկսած է գործել, անոր լիարժէք ազդեցութիւնը Թայմսի բարելաւումի վրայ պարզ պիտի դառնայ յառաջիկայ տարիներուն, երբ ենթակառուցուածքը ամբողջութեամբ հասնի իր նախագծային հզօրութեան:
Գետը քաղաքին հայելին է․ անոր ջուրերուն մէջ կ՚արտացոլայ տուեալ հասարակութեան քաղաքակրթական մակարդակը, պատասխանատուութեան զգացումն ու ապագայի հանդէպ տեսլականը։ Դարեր շարունակ գետերը եղած են կեանքի աղբիւր, առեւտուրի զարկերակ, մշակութային ներշնչում եւ քաղաքային ինքնութեան կորիզ։ Անոնք ժողովուրդներու զարկերակներն են…
ԹԱՅՄՍԻ ՏԻՂՄԻ ՄԷՋ ՊԱՀՊԱՆՈՒԱԾ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
17-րդ դարէն մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբը, այսպէս կոչուած «Փոքր սառցէ դարաշրջանին», Թայմսը ձմրան յաճախ ամբողջութեամբ կը սառէր: Լոնտոնցիները առիթը բաց չէին ձգեր եւ հաստ սառոյցին վրայ կը կազմակերպէին իրենց հռչակաւոր «Սառցէ տօնավաճառները»՝ խանութներով, ճաշատեսակներով եւ ժամանցային խաղերով: 1814 թուականի վերջին տօնավաճառին ընթացքին, սառոյցին վրայով նոյնիսկ փիղ քալեցուցած են:
Այս գետին հետ կապուած են նաեւ արտասովոր պատմութիւններ․ 1252 թուականին, Հենրի Գ. թագաւորը Նորվեկիոյ միապետէն իբրեւ նուէր ստացաւ ճերմակ արջ մը: Արջը կը պահէին Լոնտոնի Թաուըրին մէջ եւ տաք օրերուն զայն երկար չուանով կը կապէին ու թոյլ կու տային լողալ Թայմս գետին մէջ՝ ձուկ որսալու եւ զովանալու համար:
Թէեւ անցեալին գետը կը ծառայէր իբրեւ կոյուղի, այսօր ժամանակակից Լոնտոնի խմելու ջուրին շուրջ երկու երրորդը կու գայ Թայմսէն, անշուշտ, մանրակրկիտ զտման եւ բազմափուլ մաքրման արդիական համակարգերով անցնելէ ետք: Ներկայիս Թայմսի մէջ կ՚ապրի աւելի քան 125 տեսակի ձուկ (այդ կարգին է իշխան եւ թառափ): Բացի այդ, գետի ջուրերուն մէջ յաճախ կարելի է հանդիպիլ փոկերու, դլփիններու, իսկ 2006 թուականին գետին մէջ նոյնիսկ մոլորած հիւսիսային շշաքիթ կէտ մը կը լողար:
Գետին ամբողջ երկայնքով կառուցուած է աւելի քան 200 կամուրջ՝ սկսեալ փոքրիկ փայտեայ հետիոտնային կամուրջներէն մինչեւ աշխարհահռչակ Թաուըր կամուրջը, ինչպէս նաեւ կայ աւելի քան 80 բնական եւ արհեստական կղզեակ: Թայմսը ունի նաեւ իր սեփական ոստիկանական ուժերը, որոնք հիմնադրուած են 1798 թուականին: Ասիկա կը նկատուի աշխարհի ամենահին անընդմէջ գործող ոստիկանական ծառայութիւնը, որ ի սկզբանէ ստեղծուած էր գետային ծովահէնութեան դէմ պայքարելու համար:
Թայմս գետի յատակի անթթուածին տիղմին շնորհիւ պատմական նմոյշները դարեր շարունակ պահպանուած են գրեթէ անթերի վիճակի մէջ։ Մարդիկ, որոնք կը զբաղին գետափնեայ տիղմին մէջ հնութիւններ փնտռելով, կը կոչուին «մատլարքներ» (Mudlarks): Թայմսը կը նկատուի աշխարհի ամենաերկար հնագիտական վայրերէն մէկը:
Գետին տիղմէն յաճախ կը հանուին նախապատմական գտածոներ. ինչպէս՝ հազարաւոր տարիներ առաջ ապրած բրդոտ մամոնտներու ատամներ ու ոսկորներ, կամ քարէ դարու կայծքարէ պատրաստուած ձեռքի կացիններ, որոնց տարիքը կը հասնի հարիւր հազարաւոր տարիներու։
Քանի որ Լոնտոնը հիմնադրուած է հռոմէացիներու կողմէ, գետին յատակը լեցուն է հռոմէական դարաշրջանի գանձերով՝ կայսրերու պատկերներով պրոնզէ ու արծաթէ մետաղադրամներով, կաւէ իւղային ճրագներով, ինչպէս նաեւ աստուածներուն նուիրաբերուած պրոնզէ փոքրիկ արձանիկներով:
Միջնադարեան եւ Թիւտորներու դարաշրջանէն հասած իրերու շարքին կան սիրահարներու կողմէ գետը նետուած փորագրուած մետաղադրամներ, գաղտնագրուած ոսկեայ մատանիներ՝ ներսի մասը գրուած գաղտնի սիրային խոստովանութիւններով, ինչպէս նաեւ երկաթեայ դաշոյններ ու թուրեր: Զարմանալի է, որ տիղմին մէջ թթուածինի բացակայութեան պատճառով 500 տարուան հնութեամբ կաշիէ կօշիկներու ներբանները պահպանուած են այնպէս, կարծես վերջերս նետուած ըլլային ջուրը:
Գետի ափերուն ամենատարածուած կենցաղային գտածոները 16-19-րդ դարերու կաւէ ծխամորճներն են, որոնք ծխելէ ետք գետը կը նետէին: Նոյն ձեւով, դարեր առաջ Լոնտոնի կարի արհեստանոցներէն գետ թափած են հազարաւոր ձեռագործ ասեղներ ու մատնոցներ, որոնք մինչեւ օրս կը ծակեն մատլարքներու ձեռքերը:
Գտնուած են նաեւ չափազանց տարօրինակ իրեր. ինչպէս՝ 400 տարուան փղոսկրեայ արեւային ժամացոյց մը, որուն երկու կէսերը երկու տարբեր մատլարքներ գտան ութ տարուան տարբերութեամբ, 1930-ականներու ապակեայ արհեստական աչք մը, 18-րդ դարու արհեստական ատամներ եւ նոյնիսկ կէտի կողոսկրեր, որոնք ժամանակին օգտագործուած են նաւամատոյցներ կառուցելու համար:
Այս բոլոր գտածոները պարբերաբար կը յանձնուին Լոնտոնի թանգարանին, ուր կը կազմակերպուին «Թայմսի գաղտնիքները» յատուկ ցուցահանդէսները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան