ԱՐԹՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԱՏՐԱՆՔՆԵՐՈՒ ՓԼՈՒԶՈՒՄԸ
«Արթնութիւնը քանդիչ գործընթաց մըն է։ Ան աւելի լաւ կամ աւելի երջանիկ ըլլալու հետ ո՛չ մէկ կապ ունի։ Արթնութիւնը անիրականին փլուզումն է։ Ան կեղծութեան ներքին երեսը տեսնելն է։ Ան ամբողջական վերացումն է այն բոլորի, ինչ որ մենք ճիշդ ըլլալ կը պատկերացնէինք»։
Այս խօսքերը առաջին հայեացքով կրնան տարօրինակ, նոյնիսկ անհանգստացնող թուիլ։ Մենք սովորաբար արթնութիւնը կը պատկերացնենք որպէս լոյսի հասնիլ, խաղաղութիւն գտնել, աւելի երջանիկ դառնալ։ Կը կարծենք, թէ մարդ երբ «արթննայ», իր կեանքը աւելի գեղեցիկ, աւելի պարզ եւ աւելի իմաստալից կը դառնայ։ Սակայն, իրական արթնութիւնը բոլորովին ուրիշ բան է։ Գուցէ ան նոր բան մը տալէ առաջ կը սկսի մեզմէ բաներ մը խլել։
Արթննալը երբեմն այն չէ, որ աչքերը բանաս ու աւելի լաւ տեսնես աշխարհը։ Երբեմն արթննալը առաջին անգամ տեսնելն է, թէ մինչեւ այդ պահը ինչպէ՛ս կը նայէիր աշխարհին։
Մենք մեր կեանքը կը կառուցենք համոզումներու շուրջ։ Մանկութենէն սկսեալ մեզի կը սորվեցնեն, թէ ինչ է ճիշդը, ինչ է սխալը, ինչ է յաջողութիւնը, ինչ է ձախողութիւնը, ինչպէս պէտք է ապրիլ, ինչպէս պէտք է սիրել, ինչպէս պէտք է երեւիլ ուրիշներու աչքին։ Կը ժառանգենք գաղափարներ, վախեր, երազներ, արժէքներ ու սպասումներ։ Ժամանակի ընթացքին անոնք այնքան կը միաձուլուին մեր ինքնութեան հետ, որ այլեւս չենք հարցներ՝ «Ես իրապէս այսպէ՞ս կը մտածեմ», այլ պարզապէս կ՚ըսենք՝ «Ես այսպէս եմ»։ Եւ հոս կը սկսի ամենէն խոր պատրանքը։
Մարդը կրնայ տարիներով ապրիլ այնպիսի կեանք մը, որ իր իսկ ընտրութիւնը չէ։ Կրնայ հետապնդել երազ մը, որովհետեւ բոլորը իրեն ըսած են, թէ այդ երազը պէտք է ունենայ։ Կրնայ մնալ յարաբերութեան մը մէջ, որովհետեւ վախցած է առանձին մնալէ։ Կրնայ աշխատիլ միայն այն պատճառով, որ իր արժէքը իր իսկ աչքին կապած է ձեռքբերումներու հետ։ Կրնայ անընդհատ փորձել ուրիշներուն հաճելի ըլլալ, մինչդեռ ներսէն քիչ-քիչ կը հեռանայ ինքն իրմէ։
Եւ այս բոլորին վրայ կը կառուցենք «ես» մը։ Այդ «ես»ը կրնայ շատ ամուր թուիլ։ Բայց ի՞նչ կը պատահի, երբ օր մը անոր հիմքը հարցականի տակ դնենք։
Ահա՛ հոն է, որ արթնութիւնը կրնայ դառնալ ցաւոտ։ Որովհետեւ ճշմարտութիւնը միշտ մեզ չի մխիթարեր։ Երբեմն ան մեզ կը ցնցէ։ Երբեմն կը ստիպէ ընդունիլ, թէ այն ինչին, որ տարիներով հաւատացած ենք, ամբողջական ճշմարտութիւնը չէ։ Երբեմն կը հասկնանք, որ որոշ մարդիկ մեր կեանքին մէջ մնացած են ո՛չ թէ որովհետեւ մեզ կը սիրեն, այլ որովհետեւ մենք վախցած ենք զանոնք կորսնցնելէ։ Կը հասկնանք, որ որոշ ցանկութիւններ մեր սրտէն չեն եկած, այլ ուրիշներու սպասումներէն։ Կը հասկնանք, որ մեր որոշ համոզումները մեր իսկ փորձառութեան արդիւնքը չեն, այլ մեզի փոխանցուած պատմութիւններ են։
Այս գիտակցութիւնը ազատագրող է, բայց միեւնոյն ժամանակ՝ ցաւոտ։ Որովհետեւ երբ պատրանք մը կը փլի, իր տեղը անմիջապէս նոր իրականութիւն մը չի կառուցուիր։ Երբեմն կը մնայ դատարկութիւն։ Եւ մարդը դատարկութենէն կը վախնայ։
Մենք սովոր ենք ամէն բաց տարածութիւնը բանով մը լեցնել։ Եթէ համոզում մը կը փլի, անմիջապէս ուրիշ համոզում մը կը փնտռենք։ Եթէ յարաբերութիւն մը կ՚աւարտի, անմիջապէս ուրիշ կապ մը կը փնտռենք։ Եթէ մեր հին ինքնութիւնը այլեւս չի բաւեր, կը փորձենք նոր ինքնութիւն մը ստեղծել։ Մենք հազիւ թէ կը համարձակինք կանգնիլ այն պահուն մէջ, ուր այլեւս չենք գիտեր՝ ո՛վ ենք։
Սակայն, գուցէ այդ «չգիտնալը» արթնութեան ամենակարեւոր դուռն է։ Որովհետեւ երբ մարդը դադրի ինքզինք սահմանելէ, երբ դադրի ամէն հարցումի պատրաստ պատասխան մը ունենալէ, երբ համարձակութիւն ունենայ ըսելու՝ «չեմ գիտեր», առաջին անգամ կրնայ իր իսկ ձայնը լսել։
Արթնութիւնը հետեւաբար նոր ինքնութիւն մը ձեռք բերելը չէ։ Գուցէ ան աստիճանական մերկացումն է բոլոր այն ինքնութիւններու, որոնք տարիներ շարունակ մեր վրայ հագած ենք։
Մենք հայր ենք, մայր ենք, զաւակ ենք, ընկեր ենք, աշխատակից ենք, յաջող ենք կամ ձախողած, հարուստ ենք կամ աղքատ, գեղեցիկ ենք կամ տգեղ, ուժեղ ենք կամ տկար։ Բայց այս բոլոր բնորոշումներէն ետք ի՞նչ կը մնայ։ Երբ աշխարհը մեր բոլոր պիտակները վերցնէ մեզմէ, ո՞վ կը մնայ։ Այս հարցումը կրնայ վախցնել։ Բայց նաեւ կրնայ ազատագրել։ Որովհետեւ մարդը երբեմն այնքան կը ջանայ դառնալ այն անձը, որ ուրիշներ կ՚ուզեն տեսնել, որ կը մոռնայ պարզապէս ըլլալ։ Ան ամբողջ կեանք մը կը ծախսէ «դառնալու» վրայ՝ աւելի հարուստ, աւելի գեղեցիկ, աւելի յաջող, աւելի խելացի, աւելի ընդունելի, աւելի սիրուած։ Եւ այդ անվերջ ձգտումներուն մէջ կը մոռնայ, թէ կեանքը արդէն տեղի կ՚ունենայ։
Արթնութիւնը կրնայ ըլլալ այն պահը, երբ առաջին անգամ դադրինք մենք մեզ շտկելէ։ Երբ կը հասկնանք, որ պէտք չէ անպայման ուրիշ մէկը դառնանք, որպէսզի արժանի ըլլանք ապրելու։ Իսկ սա չի նշանակեր հրաժարիլ աճելէ։ Ընդհակառակը՝ իրական աճը երբեմն կը սկսի այն պահուն, երբ կը դադրինք մեզ ստիպելով փոխելէ. երբ կը տեսնենք մեր վախերը առանց զանոնք թաքցնելու, երբ կը նայինք մեր սխալներուն առանց ինքնատեացութեան, երբ կը ճանչնանք մեր տկարութիւնները առանց ամօթ զգալու։
Ճշմարտութիւնը մեզ միշտ գեղեցիկ չի դարձներ։ Բայց ան մեզ իրական կը դարձնէ։ Եւ գուցէ իրական ըլլալը աւելի կարեւոր է, քան կատարեալ երեւիլը։
Կեղծութիւնը միշտ բացայայտ սուտ մը չէ։ Երբեմն կեղծութիւնը այն կեանքն է, որ ուրիշներուն առջեւ ճիշդ կը թուի, բայց մեր ներսը լուռ կը մեռնի։ Երբեմն կեղծութիւնը ժպիտ մըն է, որուն ետեւը թաքնուած է յոգնածութիւն։ Երբեմն «լաւ եմ» ըսելն է, երբ մեր ներսը օգնութիւն կը խնդրէ։ Երբեմն այն համոզումն է, թէ մեզ սիրողներուն հաճոյ ըլլալը մեր պարտականութիւնն է։ Երբեմն ալ այն համոզումն է, թէ երջանկութիւնը միշտ մեզմէ քիչ մը անդին է։
Արթնութիւնը այս կեղծութիւններուն վրայ լոյս կը սփռէ։ Եւ երբ լոյսը կը մտնէ, փոշին ալ կը տեսնուի։ Այդ պատճառով ալ արթնութիւնը միշտ հաճելի չէ։ Կան ճշմարտութիւններ, զորս տարիներով չենք ուզեր տեսնել։ Ոչ թէ որովհետեւ զանոնք չենք կրնար տեսնել, այլ որովհետեւ գիտենք, որ զանոնք տեսնելէ ետք այլեւս չենք կրնար նոյն ձեւով շարունակել։
Երբ մարդ իր կեանքի մասին ճշմարտութիւն մը կը հասկնայ, այլեւս չի կրնար նախկին անգիտութեամբ ապրիլ։ Եւ այդ է արթնութեան անդառնալի կողմը։ Անգամ մը տեսար՝ այլեւս չես կրնար անտեսել։ Երբ հասկցար, թէ բան մը կեղծ էր, այլեւս չես կրնար ամբողջովին վերադառնալ այն օրերը, երբ զայն ճշմարտութիւն կը կարծէիր։
Այս պատճառով արթնութիւնը երբեմն կորսնցնելու փորձառութիւն է։ Կը կորսնցնենք պատրանքներ։ Կը կորսնցնենք որոշ մարդիկ։ Կը կորսնցնենք հին համոզումներ։ Կը կորսնցնենք մեր մասին պատմութիւնները։ Եւ երբեմն կը կորսնցնենք նոյնիսկ այն անձը, որ կը կարծէինք, թէ մենք ենք։ Բայց կորսնցնելը միշտ վերջ մը չէ։ Երբեմն պէտք է բան մը քանդուի, որպէսզի անոր տեղը այլեւս սուտ մը չկանգնի։
Հին տունը քանդելը միշտ տուն չունենալ չի նշանակեր։ Երբեմն ան առաջին քայլն է իրական տուն մը կառուցելու։ Նոյնպէս ալ մարդու ներաշխարհին մէջ։ Երբ հին պատրանքները կը փլուզին, սկզբնական շրջանին կրնայ թուիլ, թէ ամէն ինչ քաոսի վերածուած է։ Բայց գուցէ այդ քաոսը աւելի ազնիւ է, քան նախկին կարգուկանոնը, որովհետեւ նախկին կարգուկանոնը կառուցուած էր կեղծ հիմքերու վրայ։
Գուցէ ամենամեծ ազատութիւնը այն է, որ այլեւս ստրկացած չըլլայ այն բաներուն, որոնց կարիքը կը կարծէր ունենալ։
Արթնութիւնը երջանկութեան խոստում մը չէ։ Ան աւելի խոր բան մը կ՚առաջարկէ՝ իրականութեան հետ ապրելու կարողութիւնը։ Երբեմն այդ իրականութիւնը գեղեցիկ է։ Երբեմն՝ դաժան։ Երբեմն՝ լռակեաց։ Երբեմն՝ անբացատրելի։ Բայց ան այլեւս մեր երեւակայութեան ստեղծած աշխարհը չէ։ Եւ թերեւս հասունութիւնը ճիշդ այստեղ կը սկսի՝ երբ մարդը կը դադրի կեանքը ստիպել իր պատկերացումներուն համապատասխանելու եւ կը սկսի տեսնել կեանքը այնպէս, ինչպէս որ է։ Առանց զարդարելու։ Առանց չափազանցնելու։ Առանց փախչելու։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ