ՍՓԻՒՌՔԻ ՊԱՏՄԱԳՐԱԿԱՆ, ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄԻՏՔԻ ԱՌԱՋԻՆ ՍԵՐՄՆԱՑԱՆՆԵՐԷՆ՝ ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ - ԲԱԶՄԵՐԱԽՏ ՄԵԾԱՎԱՍՏԱԿ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ
24 մարտը թէ՛ ծննդեան տարեդարձի եւ թէ մահուան յիշատակի օրն է այն մեծ երախտաւորին, տիտանեան հայուն, որ կը կոչուի Սիմոն Օվէի Սիմոնեան (Այնթապ, 24 մարտ 1914 - Պէյրութ, 24 մարտ 1986):
Յիրաւի ջերմեռանդ հայրենասիրութիւն մը, սփիւռքի պատմագրական, հայագիտական միտքի առաջին սերմնացաններէն, հայերէնագիտական պաշարով առլցուն այն մտաւորական ռահորդը, որ հանդիսացաւ սփիւռքի կազմաւորման առաջին տարիներէն՝ 30-ականներու սկիզբէն, Միջին Արեւելքի հայագաղութներու համար կրթադաստիարակչական կենսական գործի յառաջամարտիկներէն մին, որուն անունը ցայսօր եթէ չէ գրուած կամ չէ ուզուած գրուիլ ոսկեզօդ տառերով՝ պարզապէս իր անկուսակցական, այլեւ անխառն հայրենասէր մ՚ըլլալուն համար է, հարկաւ պիտի ընդգծել նաեւ իր երկնառաք, ընդոծին տաղանդը, որմէ յետագային օգտուեցան նորաթուխ շա՜տ գրողներ, աւելի ուշ դառնալով յայտնի կրթական մշակներ ու խմբագիրներ, հարթելով իրենց ճանապարհը դէպի պատմագրութիւն, գրականութիւն եւ մշակոյթ, խմբագրական առաքելութիւն, ուսուցչական ասպարէզ: Սիմոն Սիմոնեան այս բոլորէն անջատ եւ վեր՝ Հայ գիրքի մեկենաս եւ նուիրեալ տարածի՛չն եղաւ, տասնամեակներ իր խմբագրած «Սեւան» (1955-1978) հրատարակչութիւնը վկա՛յ, որմէ լոյս տեսած «Սփիւռք» շաբաթաթերթի էջերուն մէջ ստորագրած բազմաթիւ գրողներ եւ հրապարակագիրներ հեղինակութիւն դարձան ապագային:
Սիմոն Սիմոնեանի վաստակը՝ որպէս պատմագէտ, աշխարհագրագէտ, հայագէտ, գրող եւ գրահրատարակիչ, ներհուն հրապարակագիր եւ հրապարակախօս, առաջնորդող խմբագրապետ, մանկավարժ եւ բանասէր, գրաբարագէտ, վիպագիր, պատմուածագիր, թարգմանիչ, կրթական մշակ, երգիծագիր, մէկ խօսքով գրականագէտ եւ գրականութեան անխոնջ սպասաւոր՝ անկշռելի է ապաքէն: Անհարթութիւններով լի իր գրական ճամբան առանձինն սալարկելով եւ ճգնելով տիւ ու գիշեր, ան կրցաւ անաղմուկ ու խոհեմութեամբ առաթուր ընել իր դէմ բարձրացող գձուձ մարդկանց նախատինքն ու մախանքը, միջակութիւնները իր գրական հակառակորդներուն, պանծացնլով Հայ Լեզուն եւ Հայոց Պատմութիւնը՝ հրատարակիչի եւ խմբագրապետի իր առոյգ ու պատասիլն հեգնող ուժերովը:
Ծնեալ Այնթապ, սասունցի ծնողներէ: 16 տարեկանին աւարտելէ ետք Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանը՝ 21 տարեկանին կ՚աւարտէ Անթիլիասի դպրեվանքը: Այնուհետեւ մինչեւ 1946 թուականը ուսուցչութեամբ կը զբաղի Հալէպի Հայկազեան եւ Կիւլպէնկեան վարժարաններուն մէջ, իսկ 1946-1955 թուականներուն՝ Անթիլիասի դպրեվանքէն ներս: 1947-1960 Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններու մէջ ուսուցչագործութեան զուգահեռ կը խմբագրէ «Սեւան» պարբերագիրքը, 1947-1955 թուականներուն կը ստանձնէ «Հասկ»ի խմբագրապետի պաշտօնը՝ Գարեգին Յովսէփեանց կաթողիկոսի օրերուն, մտերմութեան մէջ մնալով վեհափառ հայրապետի, իսկ 1958-1974, կը հրատարակէ իր հիմնած «Սփիւռք» շաբաթաթերթը:
Հազիւ 25-ամեայ երիտասարդ մը Սիմոն Սիմոնեան, հրատարակութեան կը յանձնէր հին շրջանն ընդգրկող իր պատրաստած «Հայոց պատմութիւն» Ա. դասագիրքը: Երկու տարի ետք՝ հայ աշակերտին նուիրուած «Հայոց պատմութիւն» եւ «Արագած» դասագիրքերու շարքը՝ իւրաքանչիւրը բաղկանալով վեցական դասագիրքէ: «Արագած» դասագիրքերու շարքը՝ իրեն տարեկից եւ գրականագէտ, հայերէն լեզուի եւ գրականութեան այլ մեծ երախտաւորի մը՝ Օննիկ Սարգիսեանի հետ համահեղինակութիւն կազմելով: Երուանդ Պապայեանի եւ Օննիկ Սարգիսեանի հետ համահեղինակ է աշխարհագրութեան դասագիրքի, եւ քերականութեան դասագիրքի համահեղինակ Սարգիս Պալեանի հետ:
Այսպէս, յետեղեռնեան սերունդի առաջին դաստիարակներէն (Վահէ-Վահեանի, Անդրանիկ Ծառուկեանի, Մուշեղ Իշխանի եւ Օննիկ Սարգիսեանի հետ)՝ Սիմոն Սիմոնեանի գրականութիւնը բնորոշուեցաւ շեշտուածօրէն պատմաբանասիրական գծով, առանց սակայն գեղարուեստական գրականութեան զիջելու իր տաղանդն ու հոգեմտաւոր բխումները, որոնք աւելի ուշ իր իմացական դաշտը բերին «Կը խնդրուի… խաչաձեւել» (Հայոց երգիծական պատմութին, 1965), «Խմբապետ Ասլանին աղջիկը» (1967), «Սիփանայ քաջեր» (Ա. եւ Բ. հատոր, 1967 եւ 1970, պատմուածքներու եւ վիպակներու ծաղկաքաղ), «Լեռնականներու վերջալոյսը» (պատմուածքներ, 1968), «Լեռ եւ ճակատագիր» (հատընտիր, 1972), «Անժամանդրոս» (վէպ, 1978 եւ 1998) հատորները:
Որպէս քաջակորով, հմտիմաց խմբագրապետ՝ նախ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնաթերթի (1947-1955), ապա «Հասկ հայագիտական տարեգիրք»ի (1948), հուսկ՝ ինչպէս նշուեցաւ՝ իր հիմնադրած ու խմբագրած «Սփիւռք» շաբաթաթերթը (1958-1974) դարձուց հոգեմտաւոր վառարան հայրենամերձ սփիւռքահայ գրողներու համար, ձեւով մը լեցնելով բացը Վահէ-Վահեանի հիմնադրած «Անի» գրական-գեղարուեստական ամսագրի (1946-1955), որ դադրեցաւ լոյս տեսնելէ 1955-ին: Ի հարկէ, այստեղ կարելի չէ մտահան ընել ԹՄՄ-ի «Շիրակ» (1956-1997, որոշ ընդհատումներով) ամսագրի հրատարակութիւնը, խմբագրապետութեամբ Զարեհ Մելքոնեանի եւ այնուհետեւ Օննիկ Սարգիսեանի: Դեռ չեմ անդրադառնար տպարան «Սեւան»էն լոյսի բարիքին եկած անհամար գիրքերուն, հատորներուն, որոնց շարքին՝ Ստեփան Մալխասեանցի «Հայերէն բացատրական բառարան»ի չորս հատորով հրատարակութիւնները, ինչպէս նաեւ հայրենի, սփիւռքահայ եւ պոլսահայ ականաւոր գրողներու գրական բերքերուն, որոնք խօսուն կը դարձնեն բազմերախտ հրատարակիչին, գիրքերու մեկենասին մեծավաստակ փառքը:
Արդարեւ, Սիմոն Սիմոնեանի երախայրիքն է հաստափոր եւ մեծարժէք «Արեւելահայ գրականութիւն»ը (1965), որուն յաջորդեցին նոյն տարին լոյս տեսած 144 էջնոց «Արեւելահայ գրողներ»ը, ապա «Հին հայ մատենագրութիւնը՝ որպէս ենթահող արդի հայ գրականութեան» (1975) գրքոյկը, «Սեւան ընդարձակ բառարան»ը (Ա. հատոր, 1970-1980), «Նորայայտ տաղասաց մը՝ Ստեփանոս Դաշտեցի»ն եւ «Նաղաշ Յովնաթանի եօթը անտիպ տաղերը» (1981) աշխատասիրութիւնները:
ԱՌԱՋԻՆ ԵՒ ՄԻԱԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՍ ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՀԵՏ
1985-ի Պէյրութի յունուարի օրերէն մէկը հազուադէպօրէն կը լողար շողերովը գարնանային արեւի: Հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ որպէս կը պաշտօնավարէի ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանէն ներս, մեզի պաշտօնակից ունենալով Սիմոն Սիմոնեանի կրտսերագոյն որդին՝ Սասուն Սիմոնեանը, որպէս հայոց պատմութեան ուսուցիչ: Յատենի վաստակաշատ տնօրէն Յովհաննէս Թապագեան, համախմբելով վարժարանի հայերէն լեզու եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչները եւ առաջնորդութեամբ Սասուն Սիմոնեանի՝ մեզ տարաւ Սիմոն Սիմոնեանի բնակարանը, որ հեռու չէր մեր վարժարանէն եւ կը գտնուէր (մինչեւ այսօր ալ կը գտնուի) Անթիլիասի շրջանէն ներս: Սիմոն Սիմոնեան՝ որքան կը յիշեմ՝ հակառակ իր փխրուն առողջութեան, այդ օր մեզ սիրալիր ընդունելէ ետք, հիւմըրով թաթաւուն իր խօսքը լեզուին վրայ, դառնալով տնօրէն Յովհաննէս Թապագեանին, ըսաւ.
-Եթէ հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան տաղանդաւոր ուսուցիչներու այսքան բանակ մը ունիք, պր. Թապագեան, ուրեմն ես պատրաստ եմ տպարան «Սեւան»ը վերաբանալու եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթը վերականգնելու. ի՞նչ կ՚ըսէք արդեօք:
Լաւ կը յիշեմ, որ Սիմոնեան-Թապագեան սիրալիր զրոյցը յատկապէս կեդրոնացած էր այդ օր Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի եւ արեւմտահայերէնի ճակատագիրը յուզող հարցերու վրայ: Անոնք արծարծեցին նաեւ սփիւռքահայ եւ հայրենի գրողներու մասին հրատապ թեմաներ: Մեծապէս տպաւորուած էի մեզ հոգեւին կանչող Սիմոնեանի հարուստ գրադարանին մէջ կոկիկ դասաւորուած գիրքերէն: Գրականագէտը, յայտնօրէն, արմատներով կապուած էր հայ գիրքին, որոնցմէ բաժնուիլը անկարելի էր իրեն համար: Մէկ ժամ չտեւեց մեր հանդիպումը եւ կրկին տեսնուելու յոյսով բաժնուեցանք մեծ գրագէտէն՝ իրեն մաղթելով տեւական քաջառողջութիւն: Տարի մը ետք իմացանք մեր աշխարհէն իր անժամանակ մեկնումի ցաւոտ լուրը:
***
Պատմագէտ-գրականագէտ Սիմոն Սիմոնեան եթէ մի՛այն «Հայոց պատմութիւն» եւ «Արագած» դասագիրքերու շարքը (ցայսօր, աւելի քան ութ տասնամեակներէ ի վեր կը դասաւանդուին հայկական տարբեր վարժարաններու մէջ՝ արժանանալով վերահրատարակութիւններու) պատրաստած ըլլար հայ ուսանողին համար, այդ բաւարար էր, որ ան դասուէր շարքին Միջին Արեւելքի ռահվիրայ առաջին դաստիարակներու, որոնք թանկագին իսկութիւնները մեր հնադարեան ժողովուրդէն լոյսին բերելով՝ քանդակեցին սիրտերուն մէջ բիւրաւոր հայ աշակերտներու, որոնց արեան մէջ մինչեւ այսօր կը թրթռայ Հայկի ու Վահագնի ազատատենչութիւնը, կ՚ուռի քաջագործութիւնը Տիգրան Երուանդեաններու, կը լեռնանան առասպելատիպ սխրագործութիւնները Սասունցի Դաւիթներու եւ Առիւծ Մհերներու:
«Կրցած եմ մտածել, թէ մեր ժողովուրդը կը շինէ ոչ միայն այսօրուան եւ յառաջիկայ տաս կամ 25 տարիներուն համար, այլ՝ դարերու համար: Երեւանի մէջ շինուած հազարաւոր նոր շէնքերը իրենց թարմութիւնն ու ուժը պիտի չկորսնցնեն դարեր ետք իսկ: Մեր ժողովուրդը շինած է ու կը շինէ դարերու համար»: Սիմոն Սիմոնեանի սիրտէն այս լաւատեսութիւնը աւշայորդած է Խորհրդային Հայաստանի ժամանակներուն, այսինքն՝ առանց տեսած ու ապրած ըլլալու Գ. Հանրապետութեան անկախութեան տարիները: Արդեօք նոյն լաւատեսութիւնը պիտի պարուրէ՞ իր հոգին՝ տեսնելով այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակները…:
Յարգանք եւ խոնարհում իր անմեռ յիշատակին:
«Ծաղիկ»-«Աղթամար»
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ