«ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԱՐԳԱՐԻՏ»Ը՝ ԱՆՑԵԱԼԻ ՓԱՌՔԻ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԻ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ - ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ, ԹՈՐՈՍ ՍԻՐԱՆՈՍԵԱՆ, ՄԻՐԷՅ ՄԱԹԻԷՕ…
Լիբանանը՝ այդ փոքր, բայց անսահման խորք ունեցող երկիրը, դարեր շարունակ եղած է քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկ, մշակոյթներու հանդիպման վայր եւ պատմութեան կենդանի թանգարան։ Անոր տրուած է սիրոյ եւ հիացումի անուն մը՝ «Արեւելքի մարգարիտ», իսկ 20-րդ դարուն՝ յատկապէս իր ոսկեդարեան տարիներուն, կոչուած է նաեւ «Մերձաւոր Արեւելքի Փարիզ»։
Սակայն, այս փայլուն անունները խամրած են վերջին տասնամեակներուն՝ երկիրը բազմիցս խեղդած պատերազմներու, ներքին անկայունութիւններու, քաղաքական բախումներու պատճառով եւ մանաւանդ այսօր, երբ տարածաշրջանի պատերազմը առօրեայ շունչ դարձած է Լիբանանի մէջ։
Երկիրը այսօր կը պայքարի պարզ անվտանգութեան համար, բայց, նաեւ ատիկա պայքար է իր իսկ յիշողութեան հետ՝ արդեօք կրնա՞յ կրկին դառնալ այն, ինչ ո՛ր էր, եւ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ այսքան հարուստ անցեալ ունեցող երկիր մը յայտնուի այսպիսի ճգնաժամային հանգրուանի մէջ։ Հարցումներ, որոնց պատասխանները պէտք է փնտռել ո՛չ միայն ներկայ իրադարձութիւններուն մէջ, այլեւ՝ Լիբանանի բազմաշերտ պատմութեան խորքերը։
Լիբանանը բացի մշակոյթներու հանդիպման վայր ըլլալէ, նաեւ շահերու բախման կեդրոն եղած է միշտ։ Փիւնիկեցիներէն սկսեալ մինչեւ օսմանեան տիրապետութիւն, ապա ֆրանսական մանտատ այդ երկիրը, թէեւ այսօր անկախ, երբեք ամբողջովին չազատուեցաւ արտաքին ազդեցութիւններէ։ Անոր աշխարհագրական դիրքը՝ Միջերկրական ծովու ափին, զայն դարձուցած է առեւտրական, մշակութային եւ քաղաքական հարթակ մը, ուր Արեւելքն ու Արեւմուտքը մշտապէս շփուած են, երբեմն՝ ներդաշնակ, երբեմն՝ բախումներով։
Այս բազմազանութիւնը, որ կրնար ըլլալ հարստութիւն, յաճախ վերածուած է նաեւ խոցելիութեան աղբիւրի։ Կրօնական եւ համայնքային բարդ կառուցուածքը, որուն մէջ համակեցութեամբ կ՚ապրին մարոնիներ, սիւննի եւ շիի մահմետականներ, տիւրիզներ եւ այլ համայնքներ, ստեղծած է նուրբ հաւասարակշռութիւն մը, որ պզտիկ շարժումով մը կրնայ խախտիլ։
1975 թուականին բռնկած քաղաքացիական պատերազմը այդ խախտման ամենադաժան արտայայտութիւնն էր, որ տասնհինգ տարի շարունակ երկիրը վերածած էր արիւնալի բեմի։ Կը թուէր, թէ պատերազմի աւարտէն ետք շունչ քաշած է երկիրը, բայց, այդ ակնկալիքը երկար չտեւեց․ վերջին տարիները նոր փորձութիւններ բերած են։ Տնտեսական փլուզումը, ազգային արժոյթի արժեզրկումը, գործազրկութեան սրընթաց աճը եւ քաղաքական համակարգի նկատմամբ վստահութեան կորուստը խորացուցած են հասարակութեան ճգնաժամը։ Ապա՝ 2020 թուականի օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին ահաւոր պայթումը, որ խլեց մարդկային կեանքեր, քանդեց տուներ, հարուած մը եղաւ ամբողջ ազգին հոգեբանութեան։ Այդ պայթումը կարծես մարմնաւորեց տարիներու կուտակուած անփութութիւնը, փտածութիւնը եւ պատասխանատուութեան բացակայութիւնը։
Այսօր Լիբանանը կանգնած է ճամբաբաժանի մը առջեւ։ Ան դեռ կը պահէ իր մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը, մտաւորական ներուժը, սփիւռքի հետ իր հզօր կապերը, դեռ կը վայելէ օտար բազմաթիւ երկիրներու նեցուկը, սակայն, միեւնոյն ժամանակ՝ կը պայքարի գոյատեւելու համար՝ տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային ճնշումներու տակ…
Եւ սակայն, այս մռայլ ներկայէն անդին, յիշողութիւնը կը շարունակէ պահպանել ուրիշ Լիբանան մը՝ աւելի լուսաւոր, գրեթէ երազային իր գոյներով ու պատկերներով։
Կային օրեր ոչ-այնքան հեռու անցեալի մէջ, երբ Լիբանանը կը շնչէր աներեւակայելի բոյրերով, կը ծաղկէր բազմերանգ գոյներով, նաեւ այդ մէկը իրական վայելք մըն էր՝ խառնուած երգին, ծովու կապոյտին ու լեռներու խաղաղութեանը։ Կեանքը այնտեղ միայն առօրեայ գոյութիւն չէր, այլ՝ տօն… Ամէն օրը տօն էր, երբեմն հակասական, բայց, միշտ կենսունակ։ Իսկ լիբանանցին կարծես ծնած էր տօնի համար։
Այս ոգին իր ամենավառ արտայայտութիւնը կը գտնէր երկրի մշակութային կեդրոններուն մէջ․
Ամառնային երաժշտական փառատօները՝ Պաալպէքէն մինչեւ Պէյթէտտին, կը հաւաքէին արուեստագէտներ, հանդիսատեսներ աշխարհի չորս կողմերէն. այդ բեմերուն վրայ կը հանդիպէին զանազան աշխարհներու ձայները՝ դառնալով մէկ ամբողջութիւն։
Բայց եւ այնպէս, Լիբանանի շողշողուն օրերը միայն արդի ժամանակներու շնորհը չէ․ Լիբանանը նաեւ հին աշխարհէն կենդանի յուշատետր մըն է։ Հոն է Պիպլոսը՝ աշխարհի ամենահին եւ անընդմէջ բնակեցուած քաղաքներէն մէկը, իր քարաշէն փողոցներով եւ ծովուն դիմաց բացուած նաւահանգիստով․ զայն կը պատմէ մարդկութեան առաջին առեւտրական եւ մշակութային կապերու պատմութիւնը։ Անիկա այն վայրերէն է, ուր գիրը դարձաւ քաղաքակրթութիւն։
Նոյնպէս Պաալպէքը՝ իր հսկայական տաճարներով, կը վկայէ այնպիսի ճարտարապետական երեւակայութեան մասին, որ մինչեւ այսօր կը զարմացնէ։ Այդ քարերը, կարծես, կը հարցնեն մեզի՝ ինչպէ՞ս կրնայ մարդկութիւնը այսքան բարձրանալ եւ ինչո՞ւ երբեմն կը կորսնցնէ իր իսկ կառուցած բարձունքները։
Այդ շարքին մէջ են նաեւ Տիւրոսն (Սուր հնագոյն քաղաք-պետութիւնը) ու Սայտան, որոնք փիւնիկեան աշխարհին ծովային հզօրութեան վկաներն են։ Այս քաղաքները կը կազմեն ժամանակի շերտերու այնպիսի ամբողջութիւն մը, ուր անցեալն ու ներկան իրարու ագուցուած են մէկ անքակտելի շղթայով։
Տխուր է տեսնել, որ այս փառաւոր տեսարաններու կողքին այսօր կը կանգնի ուրիշ իրականութիւն մը։
Այդ պատկերներուն վրայ իջած է ծանր ստուեր մը։
Լիբանանը վիրաւոր է նորէն, կը տնքայ…
Պատերազմը կրկին ներխուժած է առօրեայի մէջ՝ հրթիռներու ձայներով, օդային հարուածներով, վայրկեաններու ընթացքին փլչող շէնքերու փոշիներով, որոնք կը խախտեն կեանքի բնական ընթացքը։ Անորոշութիւնը դարձած է մշտական ներկայութիւն, ապագան ուրուականի պէս է…
Այս անգամ վտանգը մօտիկ է նաեւ հոն ապրող հայերուն։ Հայկական Պուրճ Համուտի մերձակայք հասած հարուածները կը փշրեն նաեւ հայերու ապահովութեան վերջին պատրանքը։ Տուները, դպրոցները, եկեղեցիները, տարիներու վաստակով կառուցուած կեանքը խոցելի դարձած է։ Մարդիկ նոյնիսկ գիշերները չեն հանգստանար, անքուն ժամերը կը լեցուին սպասումով, քանի որ օդային հարուածները յաճախ գիշերուայ ժամերուն կ՚ըլլան։ Երիտասարդները կորսնցուցած են վաղուան հանդէպ իրենց վստահութիւնը, մանուկները, ծերերը վախուորած են…
Օդին մէջ կրկին գաղթի զգացում կայ։ Լիբանանի հայութիւնը, որ իր պատմութեան մէջ բազմիցս տեղահանութիւն տեսած է, այսօր դարձեալ կանգնած է ծանր ընտրութեան առջեւ։
Կը թուի, թէ լիբանանցին, տասնամեակներ շարունակ կրծած ըլլալով պատերազմներու դառն փորձը, կարծես սորված էր գոյատեւելու անոնց մէջ՝ իբրեւ անխուսափելի իրականութիւն մը։ Քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն իսկ, երբ օրերը կը ճեղքուէին ռմբակոծումներու եւ տատանումներու միջեւ, կեանքի լոյսերը ամբողջովին չէին մարեր։ Թատրոններ նոյնիսկ կը բեմադրուէին, գրողները կը գրէին, սրճարաններուն մէջ կը ծաւալուէին բանավէճեր, եւ արուեստը, թէեւ վիրաւոր, բայց կը մնար կենդանի։ Այդ ժամանակներուն ժողովուրդը կարծես ունէր ներքին դիմադրութիւն մը՝ անտեսանելի, բայց ամուր, որ կը թոյլատրէր կեանքը շարունակել՝ նոյնիսկ փլատակներուն մէջ։
Սակայն այսօր, նոյն այդ ժողովուրդին մէջ, կը զգացուի այլատեսակ, խոնջացեալ լռութիւն մը։ Ո՛չ թէ միայն պատերազմի վախը, այլեւ անոր նկատմամբ ունեցած երբեմնի «վարժութիւնը» կարծես կորսուած է։ Կեանքը այլեւս չի դիմանար նոյն ձեւով, չի վերականգնիր նոյն արագութեամբ։ Այն սիրտը, որ ժամանակին զուարթ էր հակառակ ամէն ինչի, այսօր կարծես յոգնած է, մաշած, կամ գուցէ՝ յուսահատութեան մէջ կորսուած։ Եւ այդ բացակայ սիրտը աւելի ծանր է, քան ինքը՝ պատերազմը, որովհետեւ անիկա կը մատնանշէ ո՛չ այնքան արտաքին կործանումը, որքան՝ ներքին ուժի մը մարումը։
ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԸ…
Լիբանանի անցեալի յուշերուն մէջ տեղ կը գրաւեն շատ ձայներ, անուններ, դէպքեր։ Անոնց շարքին է նաեւ Շարլ Ազնաւուրն է ու անոր ձայնը։ Ան առաջին համաշխարհային աստղն էր, որ Լիբանանի՝ 1970-ականներու քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ այցելեց Լիբանան եւ երգեց։ Մթագնած երկրին մէջ այն օրերուն անոր ձայնը լոյսի նշան մըն էր։
1977 թուականի յունիսի 15-ին Ազնաւուր ելոյթ ունեցաւ Պիպլոսի մէջ՝ փորձելով, գոնէ մէկ երեկոյով, ցրուել այն մղձաւանջը, որ արդէն երկու տարիէ ի վեր (1975-ին սկսած պատերազմէն) կը ճնշէր լիբանանցին։ Այդ համերգը երգի ուժով դիմադրելու փորձ մըն էր՝ լռութեան եւ վախին դէմ։
Բայց Ազնաւուրի հետ Լիբանանի կապը այդ օրէն չէ, որ սկսած էր․ Ազնաւուր արդէն 1971 թուականին այցելած էր Լիբանան եւ հիւր եղած լիբանանցի նշանաւոր երաժիշտ Ասսի Ռահպանիի տանը՝ հանդիպելու անոր կնոջը՝ առասպելական երգչուհի Ֆէյրուզին։ Ազնաւուր յայտնած էր իր փափաքը՝ օր մը միեւնոյն բեմը կիսելու այս մեծ երգչուհիին հետ՝ խորհրդանշելով մշակոյթներու խոր կապը։ Ազնաւուր եւ Ֆէյրուզ այդպէս ալ միասին համերգներ չեն ունեցած, սակայն, Ֆէյրուզ իր կարգին պատերազմի օրերուն աշխարհով մէկ համերգներ տուած է՝ ի աջակցութիւն Լիբանանի։ Բազում անգամ Ֆէյրուզ իր ձայնով բացած է արաբական եւ միջազգային փառատօներ՝ բոլոր երգերը ձօնելով Լիբանանին։
ԹՈՐՈՍ ՍԻՐԱՆՈՍԵԱՆԸ
Լիբանանի փառատօնային, աստղային աշխարհը ունէր նաեւ իր անտեսանելի ճարտարապետը։
Ան էր՝ լիբանանահայ Թորոս Սիրանոսեան։ Լիբանանի համերգային եւ մշակութային ծաղկուն կեանքը, որուն մասին այսօր կը խօսինք կարօտով, մեծ չափով պարտական է այս մարդուն։ Սիրանոսեան այն անձն էր, որ կամուրջ դարձաւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ՝ բեմ բերելով համաշխարհային աստղեր եւ միաժամանակ աշխարհին ներկայացնելով Մերձաւոր Արեւելքի ձայները։
Ան ո՛չ միայն կազմակերպիչ էր, այլ նաեւ մշակութային տեսլական ունեցող մարդ մը, որ կը հաւատար, թէ երաժշտութիւնը կրնայ միացնել ժողովուրդներ, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ քաղաքական իրականութիւնը կը բաժնէ զանոնք։
Լիբանանի մէջ ծնած Սիրանոսեան սկզբնապէս ընտրած էր բոլորովին այլ ուղի մը։ Ան ուսանած է պանդոկային եւ ճաշարանային ասպարէզներու մէջ, ապա շարունակած իր կրթութիւնը Զուիցերիոյ մէջ՝ դառնալով խոհարարապետ։ Սակայն, իր ճակատագիրը պիտի կապուէր ո՛չ թէ խոհանոցին, այլ բեմին հետ։
1961 թուականին ան հիմնեց Պէյրութի մէջ նշանաւոր «EPI Club» գիշերային ակումբը․ տեղ մը, ուր երաժշտութիւնը, կեանքը եւ գիշերային աշխուժութիւնը կը միաձուլուէին։ Մինչեւ 1976 թուականը այս ակումբը դարձած էր Լիբանանի մշակութային կեանքի առանցքներէն մէկը, մինչեւ որ պատերազմը ստիպեց փակել զայն, բայց, պատերազմը չկարողացաւ կասեցնել Սիրանոսեանի գործունէութիւնը։
Քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ան իր գործունէութիւնը տարածեց ամբողջ շրջանին մէջ՝ Սուրիա, Յորդանան, Իրաք, Իրան, Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Եգիպտոս։ Կը կազմակերպէր համերգներ, կը ստեղծէր հանդիպումներ, կը պահէր մշակոյթի շունչը՝ ամենէն դժուար պայմաններուն մէջ։
1987 թուականին ան հիմնեց «La Maison de l’Artiste Libanais» գործակալութիւնը՝ նպատակ ունենալով աջակցիլ տեղական արուեստագէտներուն, զանոնք դուրս բերել սահմանափակումներէն եւ տալ միջազգային հարթակ։
Անոր հրաւէրով Լիբանան հասան եւ բեմ բարձրացան աշխարհահռչակ անուններ. օրինակ՝ Խուլիօ Իկլեսիաս, Տեմիս Ռուսոս, Ժիլպէր Պեքօ, Միրէյ Մաթիէօ եւ ի հարկէ, բազմիցս՝ Շարլ Ազնաւուր։
Ազնաւուրի եւ Սիրանոսեանի յարաբերութիւնը սահմանափակուած չէր մասնագիտական դաշտով։ Անոնք ունէին ջերմ, ընտանեկան կապեր։ Ազնաւուր հիւրընկալւած էր Սիրանոսեաններու տունը՝ հայկական Պուրճ Համուտի մէջ՝ այն նոյն թաղամասին մէջ, որ այսօր նոյնպէս կը զգայ պատերազմի շունչը։ Պահպանուած է այդ օրուայ լուսանկարը՝ պարզ սեղան մը՝ բացուած հայկական ջերմութեամբ։ Շուրջը՝ մարդիկ, որոնց համար կեանքը դեռ ամբողջական էր։ Ազնաւուր՝ ժպիտով, ետին կեցած է Սիրանոսեան։ Այդ պահուն մէջ կայ, խաղաղութիւն մը եւ կեանքի պարզ ուրախութիւն մը, որ այսօր գրեթէ անհաւատալի կը թուի։
Եւ ահա, այս տագնապալի օրերուն, երբ Լիբանանը կրկին կը գտնուի վտանգի մէջ, լուր եկաւ Թորոս Սիրանոսեանի մահուան մասին։ 93 տարեկանին, ան հեռացած է կեանքէն՝ թողլով ետին ամբողջ դարաշրջան մը։
Արաբական մամուլը, պատերազմական թեմաներու կողքին լայնօրէն արձագանգեց այս կորուստին՝ ընդգծելով անոր մեծ դերակատարութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի երաժշտական կեանքին մէջ։ Գրեցին, որ իր գործունէութեամբ Սիրանոսեան օգնած է, որ արաբական ձայները լսելի դառնան աշխարհին եւ նաեւ՝ համաշխարհային աստղերը հասնին այս տարածաշրջան։ Մերձաւոր Արեւելքի ամենանշանաւոր իմփրեսարիոն էր ան՝ սիրուած եւ յարգանքի արժանացած։
Սիրանոսեան կը պատկանի այն սերունդին, որ հաւատաց մշակոյթի ուժին։ Այսօր Լիբանանի մասին խօսելով եւ այսպիսի մարդիկը յիշելով՝ կը փաստենք, որ Լիբանանը միայն պետութիւն չէ, այլ՝ մարդոց ստեղծած մշակութային տարածք։ Յատկանշական է, որ Թորոս Սիրանոսեանի մահագրութեան հետ այս օրերուս յաճախ զետեղուեցաւ լուսանկար մը, որ կը պատկերէ ան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետայլով պարգեւատրուած (2016) օրը։
ՄՏԵՐՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԲԵՄԷՆ ԱՆԴԻՆ
Դատելով Սիրանոսեանի՝ աստղերու հետ ունեցած լուսանկարներէն, յայտնի կը դառնայ, թէ անոր կապերը սահմանափակուած չէին միայն բեմական համագործակցութեամբ։ Յատկապէս անոր մտերմութիւնը ֆրանսական երգի աստղ, աշխարհահռչակ երգչուհի Միրէյ Մաթիէօի հետ, կը գերազանցէր սովորական գործակցութեան սահմանները։ Անոնք կը բաժնէին առօրեայի պահեր, կը շրջէին, կը զուարճանային՝ ապրելով այն ազատ մթնոլորտը, որ յատուկ էր Լիբանանի մշակութային ծաղկուն տարիներուն։ Նկատելի է, որ անոնց մէջ մտերմիկ յարաբերութիւններ եղած են։ Եւ երբ Մաթիէօ հրաւիրուած էր Լիբանանի նախագահ Սիւլէյման Ֆրանժիէի տունը՝ կրկին Սիրանոսեանն է, որ ուղեկցած է անոր։
Ֆրանսացի երգչուհին այս տարի կը տօնէ իր 80-ամեակը եւ այդ առիթով արդէն սկսած է իր խոշոր համաշխարհային հրաժեշտի շրջագայութիւնը՝ «Ցտեսութիւն, իմ սէր, ցտեսութիւն»… Համերգներ նախատեսուած են տասնեակ եւրոպական երկիրներու մէջ եւ արդէն քանի մը հատն ալ տեղի ունեցած է։ Մինչեւ տարեվերջ նախատեսուած են այդ համերգները։ Երաժշտական ծրագիրին մէջ ընդգրկուած է Մաթիէօի դասական շանսոններու բազմազան ժողովածուն։ Սակայն, այս պահուն տակաւին անյայտ կը մնայ, թէ արդեօք Միրէյ Մաթիէօ իր հրաժեշտի համերգներուն ընթացքին պիտի ընդգրկէ՞ նաեւ Լիբանանը. այն երկիրը, ուր իր երիտասարդութեան տարիներուն ապրեցաւ անմոռանալի պահեր, նուաճեց բեմեր եւ գտաւ ջերմ հանդիսատես մը։
Եւ տակաւին պարզ չէ, թէ ի՛նչ ընթացք պիտի ունենայ Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, երկրի ողջ հարաւը պաշարած արիւնալի պատերազմը։ Լիբանանի ներկան կը շարժի վտանգի սահմանագծին վրայ, ուր իւրաքանչիւր նոր օր կրնայ դառնալ կա՛մ փրկութեան սկիզբ, կամ՝ աւելի խոր անկումի քայլ։ Ժամանակը կը սեղմէ եւ երկիրը հարկադրուած է պատասխան տալ՝ ո՛չ թէ խօսքերով, այլ իր ճակատագրական քայլերով։
…Որպէսզի չկորսուի լիբանանեան այն պատկերը, որ դարեր շարունակ կերտուած է մշակոյթով, ստեղծագործութեամբ եւ մարդկային անսպառ դիմադրութեամբ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան