ԾՆՆԴԵԱՆ 141-ԱՄԵԱԿ. ԱՐՇԱԿ ԱԼՊՕՅԱՃԵԱՆ
Այն հմտաշատ, բանիմաց, հոգիի անփակ աչքերով ժամանակախոյզ եւ անաչառ պատմաբանը, որ 19-րդ դարու 90-ականներուն գրական հրապարակ իջաւ Իրապաշտ եւ Արուեստագէտ սերունդներու հոյլին հետ ու արեւմտահայ գրականութեան մէջ իր պատուաբեր տեղը գրաւեց 20-րդ դարու աւելի քան կէս դարու հասակն ի վեր, մեզի կը ներկայանայ Արշակ Աստուածատուրի Ալպօյաճեան անունով՝ պատմաբանասիրական բազմաթիւ մեծարժէք երկերու հեղինակ իբրեւ:
Անխառն անկեղծութեամբ տոգորուն աշխատասէր հոգի մը, ծայր աստիճան փափկանկատ եւ մարդոց թերութիւնները անշպար արտայայտութեամբ ներկայացնող, այլեւ անկաշառ ու աներեր նկարագիրի տէր անձնաւորութիւն մը ան, որ համբերատար հոգիով դիմակայեց ժամանակի խստաբարոյ գրաքննութիւնները իր գործերուն հանդէպ, քննադատական գործերն ալ, հանդիսանալով իր ժամանակի սակաւ ու անխոնջ աշխատանքով նուիրեալ այն պատմաբաններէն, որ գիտցաւ իր վաւերական վաստակին ու պատուակալ կոչումին դրոշմել ազնուութիւն, համեստութիւն, մարդասիրութիւն, ծառայասիրութիւն՝ յատկապէս իր ժողովուրդին պատմութեան ի սպաս:
Եւ ուրիշ առաւելութիւն մըն ալ: Արշակ Ալպօյաճեանի բանասիրական երկասիրութիւնները, աշխատութիւնները եղան բարիք, զերծ կուսակցական ջիղէ ու երանգէ, այնպէս ինչպէս եղան բանաստեղծական-գեղարուեստական բոլոր երկերը Թէքէեանի, որուն ուժերը, սակայն, տարիներով սպառեցան իր ազգային գաղափարախօսութեան քարոզչական քուրային մէջ՝ խմբագրական ու լրագրական բանավէճերու իբրեւ հետեւանք, որոնք կրնային խնայուիլ մեծ բանաստեղծին՝ աւելի ժամանակ տալու քերթողական ու գեղարուեստական այլ երկերու արարման: Ալպօյաճեան յարելով հանդերձ Թէքէեանի ազգային գաղափարախօսութեան, առաւել չափով հեռու մնաց խմբագրական սիրտ ու ժամանակ մաշեցնող բանակռիւներէ, կուսակցական հալածանքներէ, կեդրոնանալով մասնաւորապէս իր նպատակին վրայ՝ պատմաբանասիրական որոնումներու ճամբով հայ պատմագրութիւնը հասցնել այնպիսի բարձունքի, որուն սկզբնաղբիւրէն յետագային խմեցին ու օգտուեցան խորհրդահայ եւ սփիւռքահայ բանասէրներն ու երախտանուն ծանօթ պատմագէտներ:
Վերջապէս մէկը ազգային-հասարակական այն բեղուն գործիչներէն, որ իմացութիւնն ունէր իր մթերած մտաւոր ուժերուն կանչել թաքուն գանձերը մեր ազգին, Թուրքիոյ եւ սփիւռքի տարածքին հայաշատ բազմաթիւ գաղութներու մէջ անհետացման ու կորստեան վտանգի ենթակայ արժէքները մեր ժողովուրդին, բարքերն ու սովորութիւնները մեր հաւաքականութեանց, որոնց պահպանման ու հատոր առ հատոր լոյս ընծայման բազմաշխատ, բազմերախտ ու պարտասիլն հեգնող Նահապետը եղաւ ան ապաքէն:
24 յունիս 1962-ին պատահած իր մահէն ուղիղ 58 տարի ետք այսօր, երբ կրկին կ՚ուսումնասիրենք, լուսարձակի տակ կ՚առնենք Արշակ Ալպօյաճեանի պատմաբանասիրական հարուստ ժառանգութիւնը, չենք կրնար աննկատ անցնիլ անոր գրական այն մտերիմներուն ցանկէն, որուն մէջ առաջին անունները մնայուն կերպով ցոյց կու տան Վահան Թէքէեան եւ Միքայէլ Կիւրճեան: Առաջինը՝ միայն մէկ տարիով իրմէ մեծ եւ Պոլսոյ Պէրպէրեանի ու Կեդրոնականի տարիներու իր դպրոցակիցն ու հայրենակիցը՝ կեսարացի ծնողներէ սերած, երկրորդը՝ իրեն տարեկից, Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանէն ներս իրեն դասարանակից: Տեղին է նշել, որ նախկին լիբանանահայ (շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ) երախտաշատ ու հանրածանօթ բանասէր, գրականագէտ ու Թէքէեանագէտ տքթ. Վաչէ Ղազարեան, Արշակ Ալպօյաճեանի «Վահան Թէքէեան. իբր հանրային մարդ եւ հրապարագիր» անտիպ գործին խմբագրման ու հրատարակման (Պէյրութ, 1988, հրտ. Թ.Մ.Մ. Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդր. վարչութեան) առիթով, թուականներով, հանգրուան առ հանգրուան, բոլոր մանրամասնութիւններով լոյսի բարիքին է բերած Հայ բանաստեղծութեան իշխանին ազգային, հասարակական, գրական, կրթական ու հրապարակագրական կեանքի էջերը՝ մանկութենէն մինչեւ ալեւոյթ ու անոր շիջումին պահը, Գահիրէ, 4 ապրիլ 1945-ի արշալոյսէն առաջ:
Բազմաթիւ արեւմտահայ մտաւորականներու նման, Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ է ծնած Արշակ Ալպօյաճեան (Պոլիս, 17 յունիս 1879 - Գահիրէ, 24 յունիս 1962): Կեսարացի ծնողներու բենիամինն (չորս զաւակներուն երրորդը) է Արշակը, որուն ուսումնառութիւնը կ՚անցնի ծննդավայրի Պէրպէրեան ու Կեդրոնական վարժարաններէն: 1895-ին Կեդրոնականէն թերաւարտ՝ մուտք կը գործէ առեւտրական ասպարէզ, տարի մը ետք սկսելով աշխատակցիլ Բիւզանդ Քէչեանի «Բիւզանդիոն» օրաթերթին, նշանակուելով թերթին վարչական պատասխանատու:
«Բիւզանդիոն»էն անկախ, Ս. Անգեղեայ եւ Շաւարշ ծածկանուններով Ալպօյաճեանի աշխատակցութիւնը ժամանակի պոլսահայ «Կոչնակ», «Հանդէս ամսօրեայ», «Սուրհանդակ», «Ծաղիկ», «Մասիս», «Բիւրակն», «Վերջին լուր» եւ այլ թերթերու, ինչպէս նաեւ սերտ գործակցութիւնը Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյցը»ին հետ, իր անդրանիկ քայլերը յառաջացնող ապագայ պատմաբանին համար կ՚ապահովեն արժանի տեղ մը, տակաւ կը բերեն իրեն ժողովրդականութիւն, գործակցութիւն ունենալով՝ Թէքէեանէն բացի, իրեն տարեկից եւ Պէրպէրեան վարժարանի մէջ դասարակից, սկիւտարցի եւ ապագային Ամերիկայի հայոց առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Դուրեանին, Ա. Չօպանեանին, Ե. Օտեանին, Գր. Զօհրապին, Սիպիլին, Հր. Ասատուրին, Ա. Արփիարեանին ու սերնդակից միւս գրողներուն հետ:
Ալպօյաճեանի երախայրիքը «Ուսումնասիրութիւն Սրբուհի Տիւսաբի» (1901, Վենետիկ) խորագրեալ գործն է, որ նոյն տարին մահացած արեւմտահայ վիպասանուհիին ու բանաստեղծուհիին կեանքին եւ վաստակին նուիրուած աշխատութիւն մըն է: Նոյն շրջանին կը սկսին նաեւ Պոլսոյ հայկական վարժարաններու մէջ իր մանկավարժական տարիները: Երկու անգամ՝ 1910-ին եւ 1922-ին կ՚ընտրուի Պոլսոյ Ազգային ժողովի երեսփոխան: Ամբողջ 12 տարի՝ 1910-1922 Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի քարտուղարութիւնը վարելէ ետք, 1922-ի դեկտեմբերին նախ կ՚անցնի Քորֆու՝ Յունաստան, ուրկէ 1923-ին կը տեղափոխուի եւ վերջնականապէս կը հաստատուի Գահիրէ: Այստեղ, 1925-ին կ՚ընտրուի Քաղաքական ժողովի անդամ ու կը վարէ ատենադպիրի պաշտօնը, կողքին ունենալով Վահան Թէքէեանը, որ կը վարէր ատենապետի պաշտօնը: Գահիրէի «Գալուստեան» վարժարանին մէջ ուսուցչական պաշտօն եւ տեղի հայոց ազգային առաջնորդարանի դիւանապետի պաշտօնը վարելուն զուգահեռ, մէկ տարի՝ 1936-1937, հրատարակութեան կը ձեռնարկէ «Ազատ միտք» շաբաթաթերթը, «Գրասէրի առաջնորդ» պարբերականը՝ 1938-1949, նաեւ «Կեանք եւ գիր» տարեգիրքը 1948-ին՝ Գ. Շահլամեանին հետ: Իր աշխատակցութիւնը կը բերէ Թէքէեանի խմբագրած «Արեւ» օրաթերթին եւ ընդհանրապէս Ռամկավար մամուլին:
1941-ին, երկար ու տառապագին տանջանքէ ետք կը մահանայ իր կողակիցը՝ Աննիկ Ալպօյաճեանը, որմէ բախտաւորուած էր մանչ զաւակով մը՝ Սիմոն: Ալպօյաճեան ծով համբերութեամբ տարիներ հոգացած, խնամած ու դարմանած էր իր կողակիցը, առանց դոյզն իսկ տրտնջանքի:
Սրբուհի Տիւսաբին նուիրուած վերոյիշեալ երկին հրատարակութենէն ետք, «Հայք ի Ռումելի»ն (1905, անտիպ, արժանացած է «Իզմիրլեան» գրական մրցանակի) հայագիտութեան բնագաւառէն ներս կը համարուի Արշակ Ալպօյաճեանի առաջին մեծածաւալ ու մեծագոյն ներդրումը հայ գաղթավայրերու պատմութեան նուիրուած: Այնուհետեւ յաջորդաբար իրմէ լոյս կը տեսնեն «Պուլկարիոյ պատմութիւն» (1910, Վառնա), «Անհետացող դէմքեր» շարքէն «Գրիգոր Զօհրապ» (1919, Պոլիս), «Մինաս Չերազ» (1927, Գահիրէ), «Գրիգոր Կեսարացի Պատրիարք եւ իր ժամանակը» (1936, Երուսաղէմ), «Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ» (1937, Գահիրէ, երկհատոր), «Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան» (1940, Գահիրէ), «Պատմութիւն հայ գաղթականութեան» (1941-1961, եռահատոր, Գահիրէ), «Յաւիտենական Երուսաղէմ» (1944, Գահիրէ), «Հայ եպիսկոպոսի մը առաքելութիւնը ի Հապէշիստան, ԺԷ. դարուն» (1946, Գահիրէ), «Պատմութիւն հայ դպրոցի» (1946, Ա. հատոր, Գահիրէ), «Քննական ակնարկներ» (1952, Գահիրէ), «Պատմութիւն Եւդոկիոյ հայոց» (1952, Գահիրէ), «Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան Եգիպտոսի նահանգը եւ հայերը» (1960, Գահիրէ), «Պատմութիւն Մալաթիոյ հայոց» (1961, Գահիրէ), «Յուշամատեան կուտինահայերու» (1961, Պէյրութ) պատմաբանասիրական աշխատութիւնները: Բաց աստի՝ «Օսմանեան կայսրութեան սահմանադրութիւնը», «Ընդարձակ օրացոյց Ս. Փրկչեան հիւանդանոցի հայոց» եւ այլ աշխատութիւններ: Անտիպ գործերը կը գլեն երկու տասնեակը: Կ՚արժանանայ մասնաւորապէս Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանին:
Արշակ Ալպօյաճեան՝ անխոնջ գրողն ու ընթերցողը մահացաւ 83 տարեկանին, 24 յունիս 1962-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Գահիրէ, գրիչը՝ ձեռքին, ստեղծագործութեան պահուն: Մահէն ետք, իր հարուստ գրադարանն ու ձեռագրերը տեղափոխուեցան Հայաստան ու պահ դրուեցան «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ: Այդ ձեռագրերը կը ներառեն բազմաթիւ թանկագին ուսումնասիրութիւններ:
1959-ին, երբ Գահիրէի մէջ հանդիսաւոր շուքով կը նշուէր իր 80-ամեակը, մեծ յոբելեարը իր փակման խօսքին մէջ կը յայտարարէր. «Կեանքիս մէջ միակ հաճոյքս եղած է կարդալը եւ գրելը. ո՛չ ծխած եմ, ո՛չ ալ խմած. ո՛չ սրճարան եւ ո՛չ ալ հաճոյքի այլ վայրեր ճանչցած եմ, ժամանակիս մեծ մասը անցուցած եմ տանս մէջ: Լաւագոյն ընկերներս եղած են գիրքը եւ գրիչը, որոնց հետ ապրած եմ եւ պիտի շարունակեմ այնքան ատեն, որ Աստուած կեանք պարգեւէ ինծի»:
Իրօք, սոյն քանի մը տողերուն մէջ խտացեալ տուած է Արշակ Ալպօյաճեան իր աշխարհըմբռնումը, իր մարդկային նկարագիրի շեշտ գիծերը, արեան ու խղճմտանքին ձայները, որոնց ատոք բերքերով հարստացաւ հայ պատմաբանասիրական գանձարանը:
ԱՍՊԵՏ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ