ՄՏՔԻ ԱՆՏԵՍԱՆԱԼԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Ամէն առաւօտ, երբ մեր աչքերը կը բանանք, կը կարծենք, թէ նոր օր մը կը սկսի։ Բայց իրականութեան մէջ, մեզմէ շատեր արդէն իսկ պատերազմի մէջ են. պատերազմ մը, որուն մէջ ո՛չ հրացան կայ, ո՛չ ալ ռումբ, բայց, անոր հասցուցած վնասը երբեմն աւելի խոր է, քան ամենաաւերիչ պատերազմները։ Այս պատերազմը կը մղուի մեր մտքին մէջ։ Ամէն վայրկեան հազարաւոր պատկերներ, ձայներ, լուրեր, գովազդներ, կարծիքներ եւ զգացումներ կը փորձեն գրաւել մեր ուշադրութիւնը։ Ամէն մէկը կը պահանջէ. «Ինծի նայէ՛», «ինծի հաւատա՛», «ինծի հետեւէ՛»։ Իսկ մարդը, առանց իսկ գիտակցելու, կը սկսի ապրիլ ո՛չ թէ իր իսկ ընտրած մտքերով, այլ այն մտածումներով, որոնք ուրիշներ դրած են իր հոգիին մէջ։

Ժամանակակից մարդուն մեծագոյն ողբերգութիւնը այն չէ, որ ան շատ տեղեկութիւն ունի, այլ այն, որ այլեւս հազիւ թէ ժամանակ կը գտնէ լռութեան մէջ իր սեփական միտքը լսելու։ Երբ օրը կը սկսի հեռաձայնի պաստառով, միտքը արդէն իսկ ուրիշներու կողմէ ծրագրուած ճանապարհի վրայ կը գտնուի։ Մարդը կը կարծէ, թէ ինք կ՚ընտրէ առաջին տեսած պատկերը, առաջին լուրը կամ առաջին տեսանիւթը, մինչդեռ իրականութեան մէջ ընտրութիւնը շատ անգամ կատարուած էր իրմէ առաջ։ Ալկորիթմները մարդը աւելի լաւ կը ճանչնան, քան մարդը ինքզինք։ Անոնք գիտեն, թէ ի՛նչը պիտի զայրացնէ զինք, ի՛նչը նախանձ պիտի պատճառէ, ի՛նչը պաստառին առջեւ պիտի պահէ եւ ի՛նչը պիտի ստիպէ կրկին ու կրկին վերադառնալ։

Մարդուն սիրտը կամաց-կամաց կը լեցուի ուրիշներու կեանքերուն հետ համեմատութիւններով։ Կը տեսնէ ժպտացող դէմքեր, շքեղ ճամբորդութիւններ, անթերի ընտանիքներ, յաջողութիւններ եւ կը մոռնայ, որ այդ բոլորը իրական կեանքը չեն, այլ ընտրուած պահերու ցուցահանդէս մը։ Ան կը սկսի իր ամբողջ իրականութիւնը համեմատել ուրիշներու ամենագեղեցիկ վայրկեաններուն հետ։ Այս համեմատութիւնը աննկատ կերպով կը ծնի նախանձ, դժգոհութիւն եւ ներքին դատարկութիւն։

Օրը կը շարունակուի եւ մարդը կը հանդիպի անհամար փորձութիւններու։ Աշխատանքի վայրին մէջ կը տեսնէ մէկը, որ աւելի յաջող կը թուի, աւելի գնահատուած, աւելի սիրուած։ Անոր մէջ կը ծնի խանդը, բայց, շատ անգամ այդ զգացումը ուրիշ անունով կը կոչէ։ Երբեմն կը համոզէ ինքզինք, թէ արդարութեան համար կը պայքարի, մինչդեռ խորքին մէջ վիրաւորուած է իր անձնական արժանապատուութիւնը։ Մարդկային «ես»ը զարմանալի կարողութիւն ունի սեփական շարժառիթները թաքցնելու նոյնիսկ ինքն իրմէ։

Շատ անգամ բարութիւն մը կը կատարենք՝ վստահ ըլլալով, թէ ան շահախնդրութիւն չունի։ Սակայն, երբ շնորհակալութիւն չենք ստանար կամ դիմացինը մեր սպասած ձեւով չ՚արձագանգեր, մեր ներսը յանկարծ վիրաւորանք կը ծնի։ Այդ պահուն կը հասկնանք, թէ մեր արարքը ամբողջովին անշահախնդիր չէր։ Մենք երբեմն ո՛չ միայն ուրիշներու գնահատանքը կը փնտռենք, այլեւ մեր սեփական բարութեան ապացոյցը։

Նոյնը կը պատահի մեր յարաբերութիւններուն մէջ։ Մենք շատ դիւրութեամբ մարդիկը կը վերածենք միջոցի։ Կը գնահատենք զանոնք այնքան ժամանակ, որքան օգտակար են մեզի, որքան մեզ կը հաստատեն, կամ որքան մեր ցանկութիւնները կը բաւարարեն։ Սակայն, երբ մարդը դադրի անձ մը ըլլալէ եւ վերածուի միայն գործիքի, մեր հոգին ալ կամաց-կամաց կը կորսնցնէ իր մարդկային խորութիւնը։

Ամենէն վտանգաւոր պատերազմը, սակայն, կը սկսի երեկոյեան, երբ մարդը կը մնայ ինք իր հետ։ Այդ պահուն կը բացուին օրուան ընթացքին կուտակուած բոլոր չլուծուած զգացումները։ Յոգնածութիւնը, յուսախաբութիւնը, անբաւարարութեան զգացումը եւ դատարկութիւնը կը փորձեն լեցուիլ արագ հաճոյքներով։ Անվերջ տեսանիւթեր, զուարճանքներ, անիմաստ ժամանց կամ ուրիշ կախուածութիւններ ժամանակաւոր մխիթարութիւն կու տան, բայց հոգին աւելի ծարաւ կը ձգեն։ Ամէն կարճ հաճոյք կը խոստանայ խաղաղութիւն, սակայն, վերջաւորութեան կը ձգէ աւելի մեծ դատարկութիւն։

Այս բոլորը պատահական չեն։ Աշխարհը մեծ ուշադրութեան շուկայ դարձած է։ Ամէն ընկերութիւն, ամէն հարթակ, ամէն գովազդ կը մրցի ո՛չ թէ միայն մեր դրամին, այլ նախ եւ առաջ մեր ուշադրութեան համար։ Որովհետեւ ուշադրութիւնը այն դուռն է, ուրկէ ներս կը մտնեն մեր բոլոր մտածումները։ Ով որ կը տիրէ մեր ուշադրութեան, աստիճանաբար կը ձեւաւորէ նաեւ մեր ցանկութիւնները, մեր համոզումները եւ վերջապէս մեր կեանքը։

Բայց արդեօք մարդը ամբողջովին անզօ՞ր է։ Բնաւ ոչ։ Ճիշդ է, որ արտաքին աշխարհը մեծ ուժ ունի, սակայն, մարդուն մէջ կայ աւելի մեծ կարողութիւն մը՝ գիտակցութիւնը։ Երբ մարդը կը սկսի դիտել իր մտքերը՝ առանց անմիջապէս հաւատալու անոնց, ան առաջին անգամ կը դառնայ իր ներքին աշխարհի պահակը։ Ամէն մտածում ճշմարտութիւն չէ։ Ամէն զգացում հրաման չէ։ Ամէն ցանկութիւն անհրաժեշտութիւն չէ։ Մարդը կը սկսի տարբերել, թէ ո՛ր միտքը արժանի է ներս մտնելու եւ ո՛րը պէտք է թողել դրան առջեւ։

Հին իմաստասէրները կը սորվեցնէին, թէ բնաւ կարելի չէ կասեցնել բոլոր մտքերը, բայց կարելի է որոշել, թէ որոնք պիտի սնուցանենք։ Ինչպէս պարտէզի մէջ ծաղիկները ինքնաբերաբար չեն աճիր, այլ խնամք կը պահանջեն, նոյնպէս ալ հոգին մշտական ուշադրութեան կարիք ունի։ Եթէ բարի մտքերը չջրենք, մոլախոտերը ինքնաբերաբար պիտի ծածկեն ամբողջ պարտէզը։

Ահա թէ ինչու իսկական ազատութիւնը ո՛չ թէ իւրաքանչիւր ցանկութիւնը կատարելն է, այլ կարողանալը ընտրելու, թէ ո՛ր ցանկութեան պիտի հետեւինք։ Իսկական ուժը ուրիշները յաղթելը չէ, այլ սեփական մտքին մէջ ծագող քաոսին դիմադրելը։ Ամէն օր մեր առջեւ կը բացուի նոյն ընտրութիւնը. պիտի ձգե՞նք, որ աշխարհը որոշէ, թէ ինչի մասին մտածենք եւ պիտի վերագրաւե՞նք մեր ուշադրութիւնն ու մեր ներքին խաղաղութիւնը։

Միտքը ամրոց մըն է։ Անոր պատերը քարերով չեն շինուած, այլ գիտակցութեամբ, խոհեմութեամբ եւ ներքին կարգապահութեամբ։ Եթէ պահակը քնանայ, թշնամին աղմուկով չի մտներ. ան կը սահի լուռ կերպով, կը փոխէ մեր մտածելակերպը, մեր սովորութիւնները եւ վերջապէս մեր ճակատագիրը։ Սակայն, նոյն այդ պահակը, եթէ արթուն մնայ, կրնայ պահպանել ո՛չ միայն մարդու միտքը, այլ նաեւ անոր արժանապատուութիւնը, ազատութիւնը եւ հոգեկան խաղաղութիւնը։

Այս պատերազմը պիտի չաւարտի վաղը եւ ո՛չ ոք կրնայ մեր փոխարէն մղել զայն։ Բայց ամէն անգամ, երբ գիտակցաբար կը պաշտպանենք մեր ուշադրութիւնը, կը մերժենք անպիտան գայթակղութիւնը, կը լռեցնենք աղմուկը եւ կը վերադառնանք մեր խղճի ձայնին, այն ժամանակ փոքրիկ յաղթանակ մը կը շահինք։ Այդ փոքրիկ յաղթանակներն են, որոնք ժամանակի ընթացքին կը կերտեն ամուր բնաւորութիւն, ազատ հոգի եւ իսկապէս մարդկային կեանք։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2026