ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ԿԸ ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒԻ՞ՆՔ

Մասնագէտներու կարծիքով՝ այո՛: Թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, «Թրեւըլ» կայքի յօդուածագիրներ բացատրած են՝ իրենց փորձառութենէն մեկնելով եւ մասնագէտներու կարծիքներ ներկայացնելով:

*

ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԵՆՔ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ԿԸ ՎԱՐՈՒԻՆՔ ԱՅՆՊԷՍ,
ԿԱՐԾԵՍ ՈՒՐԻՇ ՄԷԿԸ ԸԼԼԱՅԻՆՔ

Յուշանուէրներ բերելու փոխարէն՝ կարգ մը ճամբորդներ արձակուրդէն տուն կը վերադառնան բոլորովին այլ առոգանութեամբ, տեսքով եւ վարուելակերպով: Բայց՝ ինչո՞ւ:

Այս տարի ամառնային արձակուրդներէն նոր վերադարձած մարդիկ ցոյց կու տան ընկերներու եւ ընտանիքի անդամներու լուսանկարներ՝ յայտնելու համար, թէ որքա՛ն փոխակերպուած եղած է իրենց ճամբորդութիւնը: Սակայն, կան այլ ճամբորդներ, որոնք ֆիզիքապէս կը փոխուին՝ տուն բերելով իրենց այցելած վայրին առոգանութիւնը, հագուստը կամ սովորութիւնները, ներառելով զանոնք իրենց առօրեայ կեանքին մէջ:

Համացանցը լեցուն է ժահրային տեսանիւթերով, որոնք կը ծաղրեն այն մարդիկը, որոնք Պերլինի մէջ երեք օր անցընելէ ետք կը սկսին անընդհատ ծխել եւ ամբողջութեամբ սեւ հագնիլ, տարօրինակ առոգանութեամբ խօսիլ:

Դիւրին է ծաղրել այս «արտասահմանեան» շինծու առոգանութիւնները եւ թուացող պարտադրուած նորայայտ վարուելակերպը: Սակայն, ինչո՞ւ մեզմէ ոմանք հակուած են անոր:

Իրականութեան մէջ, այդքան ալ դժուար չէ առոգանութիւն սորվիլը, յատկապէս եթէ մենք բաւական ժամանակ կ՚անցընենք որեւէ վայրի մէջ: Մենք նոյնիսկ անգիտակցաբար կ՚ընդօրինակենք այլ առոգանութիւններ, քանի որ մարդիկ յաճախ կը յարմարին իրարու խօսելաձեւին: Նոր տեղ ճամբորդելը կրնայ այս բացայայտել:

Շատերու համար ճամբորդելը կրնայ ըլլալ ե՛ւ ազդեցիկ ե՛ւ կախուածութիւն յառաջացնող: Այլ մշակոյթներու մասին գիտնալը եւ աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ ապրող մարդոց ապրելակերպը տեսնելը կրնայ խոր, երկարատեւ ազդեցութիւն ունենալ մեր վրայ թէ՛ մեծ, թէ՛ փոքր ձեւերով: Այս բացայայտումները կրնան արագօրէն վերածուիլ անձնական ծէսերու: Ամենէն ակներեւ պատճառը այն է, որ մէկը իսկապէս կապ հաստատած է իր փորձառութեան մէկ մասին հետ վայրի մը մէջ եւ կ՚ուզէ «պահպանել» իր փորձառութիւններն ու կապի զգացումը:

Արտասահմանեան ճամբորդութիւններէն մենք կրնանք բերել աւելի հանգիստ բաներ. յունարէն «Փարաքալօ» բառը, որ թարգմանաբար կը նշանակէ՝ «Խնդրեմ, չ՚արժեր», բայց յունարէնի մէջ ունի շատ աւելի խոր գործառոյթ: Ինծի շատ հաճելի կը թուի բառին հնչողականութիւնը եւ այն, թէ ինչպէ՛ս այդ կ՚օգտագործուի ուրիշներու նկատմամբ քաղաքավարութիւն ցուցաբերելու համար այնպէս, ինչպէս կրնանք ըսել՝ «Քեզմէ ետք», կամ՝ «Ինչպէ՞ս կրնամ օգնել ձեզի»: Կը նախընտրեմ այդ բարձրաձայն չօգտագործել անծանօթներու հետ, որոնք ոչ մէկ կապ ունին: Ես այդ կը գործածեմ, երբ Յունաստանի մէջ եմ եւ իմ յոյն ընկերներուս հետ, երբ տան մէջ եմ: Ինծի համար բառին գործածութիւնը կը վերաբերի այն կապին, որ ես կը զգամ յունական մշակոյթին եւ այնտեղի իմ փորձառութիւններուս հետ:

Կարգ մը մարդիկ կրնան շաբաթով մը երթալ Իտալիա եւ յանկարծ սկսիլ ձեռքերով խօսիլ:

Բայց կան նաեւ աւելի ակներեւ բաներ, որոնք մենք կը բերենք ճամբորդութիւններէն: Ես գիտեմ ամերիկացի մը, որ Ֆրանսայէն վերադառնալէ ետք յանկարծ սկսաւ իր նամակներուն մէջ ֆրանսերէն բառեր գործածել: Ընկերներէս մէկը կարճ ժամանակով ապրած է Իտալիա եւ հիմա, երբ շփոթութեան մատնուի, շուարի, մատներուն ծայրերը կը սեղմէ եւ ձեռքերը վեր ու վար կը թափահարէ:

Երկրորդ մղումը կրնայ ներառել որեւէ վայրի հետ կապուածութեան զգացումը: Խօսքը ուրիշներուն ազդանշան տալու մասին է, որ ինք շատ ճամբորդած է եւ գերազանցութեան զգացում ունի:

Կարգ մը ճամբորդներ կրնան յարմարիլ օտարերկրեայ սովորութիւններուն՝ տեղական մշակոյթի նկատմամբ յարգանքէն կամ նոյնիսկ ակնածանքէն: Ֆրանսացի փիլիսոփայ Ռընէ Ժիրար, որ ստեղծած է «Նմանողական, միմոսական ցանկութիւն» (mimetic desire) եզրը եւ պնդած է, որ երբ մենք ճամբորդենք, չենք ուզեր միայն ուտելիք եւ տեսարժան վայրեր վայելել, այլեւ՝ ներծծել հիւրընկալող մշակոյթը: Անոնց առոգանութիւնը ընդունելով կամ անոնց ֆիզիքական կեցուածքը ընդօրինակելով՝ մենք յաճախ անգիտակցաբար կը փորձենք զիջիլ եւ դառնալ միւսը: Մենք յոյս ունինք, որ անոնց աւելի իսկական գոյութեան վիճակը ձեւով մը կը փոխանցուի մեզի:

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՎ ՕՏԱՐ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՄ ԽՕՍՔ՝
ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՓՈՐՁԵԼ «ԴԱՌՆԱԼ ՄԻՒՍԸ»

Հետաքրքրական է, որ բոլոր ուղղութիւնները նոյն գրաւչութիւնը չեն ունենար ճամբորդներու համար, երբ խօսքը կը վերաբերի ընդօրինակման: Մշակոյթի այս ընդօրինակումը ոգեշնչելու հաւանականութիւնը մեծ է թէ փոքր, սովորաբար կախուած է այն գաղափարէն, որ մենք կ՚ընդունինք այն մարդոց կամ վայրերու միտումները, որոնք մենք բարձր կը գնահատենք: Այլ պատճառ մը, թէ ինչո՛ւ կարգ մը ճամբորդներ երբ վերադառնան, իրենց զրոյցները կը համեմեն նոր ձեռք բերուած օտար բառերով, նոյնպէս կրնայ կապուած ըլլալ գերզբօսաշրջութեան:

Զանգուածային զբօսաշրջութեան աճի հետ պատմականօրէն «բարձր հեղինակութիւն» ունեցող վայրերու գրաւչութիւնը նուազած է եւ մենք ներկայիս կը տեսնենք «ծածկուած հեղինակութեան» աճ՝ ընկերային ցանցերով:

Այսպիսի հեղինակութեամբ միջին խաւի ճամբորդները (արեւմտեան ճամբորդները) կը վիպականացնեն գիւղական, բնիկ կամ նուազ զարգացած շրջանները եւ այդպիսով կը հակադրուին աւանդական զբօսաշրջիկներուն, որոնք կ՚այցելեն աւելի աւանդական, մատչելի վայրեր:

Մինչ այդ, այն, որ մարդիկ իրենց արտասահմանեան ճամբորդութիւններէն տեղական մշակոյթը կ՚որդեգրեն, կարելի է դիտարկել որպէս տեսակ մը գերազանցութիւն: Երբ Փրակայէն վերադարձայ Միացեալ Նահանգներ, իմ նոր տեսքովս եւ խօսելաոճովս անգիտակցաբար կը փորձէի կրկին ներկայանալ հին ընկերներուս եւ ցոյց տալ, որ զիս փոխակերպած է իմ սեփականէս տարբեր մշակոյթ մը: Յետադարձ հայեացք նետելով՝ այս անցողիկ արարքը, հնարաւոր է, աւելի շատ ինծի համար էր, քան ուրիշներու՝ ցոյց տալով, թէ որքան փոխուած էի: Բոլորը հաւանաբար պարզապէս կը կարծէին, թէ ես ձեւական յիմար մըն եմ:

ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԵՆՔ ԿԸ ՀԱԳՆԻՆՔ ՄԷԿՈՒ ՄԸ ՆՄԱՆ,
ԵՐԲ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԻ Կ՚ԵՐԹԱՆՔ

Բոլոր առիթներու յարմարող հագուստէն մինչեւ Ինսթակրամի մէջ յայտնուելու համար յարմար մաքսի զգեստներ եւ թեթեւ գլխարկներ, մէկ բան հաստատ է՝ մենք տան մէջ այսպէս չենք հագուիր:

Ուրեմն ինչո՞ւ մենք այդքան տարբեր կը հագուինք արձակուրդին, կարծես ուրիշ մէկը ըլլանք:

Տօնական հագուստի գաղափարը ի յայտ եկած է 19-րդ դարուն՝ հանգիստի համար նախատեսուած ճամբորդութիւններու հետ: Մինչ այդ ճամբորդութեան համար նախատեսուած հագուստը հիմնականին մէջ գործնական էր՝ կապուած գաղթի, ուխտագնացութեան կամ ռազմական եւ առեւտրական արշաւներու: Միջին խաւի աճը եւ երկաթուղիներու ընդլայնումը Եւրոպայի մէջ 1800-ականներու կէսերուն կը նշանակէին, որ ծովեզերեայ հանգստավայրերը դարձան նորաձեւ ուղղութիւններ: Այդ մէկը խթանեց զարգացումը ճամբորդական հագուստեղէնի, որ կը համատեղէր նրբագեղութիւնը յարմարաւէտութեան հետ: Տաք եղանակը անհրաժեշտութիւն յառաջացուց աւելի թեթեւ, շնչող հիւսուածքներու, ինչպէս՝ կտաւը եւ մետաքսը: Համաշխարհային երկու պատերազմներու միջեւի ժամանակաշրջանին ձեւագէտներ, ինչպէս՝ Քոքօ Շանելը, կը պաշտպանէին հանգիստ ոճերը. առօրեայ հագուստները, լայն տաբատները եւ լողազգեստները:

Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք տնտեսական աճը, օդանաւերու առաւել մատչելի դառնալը՝ աւելի ժողովրդականացուցին ճամբորդութիւնը: 1950-ականներէն մինչեւ 1970-ականները հանգիստի հագուստը զարգացաւ՝ դառնալով առանձին տեսակ. զանազան ձեւի տաբատները, հանգստավայրերու նախշերը եւ զբօսաշրջային շապիկները դարձան հիմնական հագուստ:

Անծանօթ ջերմաստիճաններուն համապատասխան հագուելու անհրաժեշտութիւնը կը մեղմացնէ հասարակական հագուստի կանոնը: Այդ կը բացատրեն սանտալները գուլպաներով եւ ուսապարկերը: Թէեւ ընդհանուր ճշմարտութիւն է, որ ոչ ոք կ՚ուզէ զբօսաշրջիկի տեսք ունենալ:

Կենսակերպի մասին հրատարակութիւնները լի են յօդուածներով, որոնք ճամբոդները կը հեռացնեն աւանդական զբօսաշրջային հագուստէն՝ մարզական շապիկէն, ուսապարկէն եւ գլխարկէն՝ փոխարէնը առաջարկելով այդ վայրերու պայուսակներ:

Մարդիկ կը հագնին պատկանելիութեան համապատասխան: Այսպիսով, երբ կը ճամբորդես, չես ուզեր առանձնանալ:

Եթէ «զբօսաշրջիկ» եզրը կը հաղորդէ առօրեայէն փախուստի զգացողութիւն, ի՞նչն է այդքան սարսափելի այդպիսի տեսք ունենալու մէջ:

Զբօսաշրջիկ ըլլալու մէջ կան քանի մը հետաքրքրական բացասական միտումներ: Գաղափարներ կան՝ միամիտ նկատուելու, անփորձ կամ քիչ ճամբորդած ըլլալու, թերեւս անփոյթ ըլլալու մշակութային տարբերութիւններու նկատմամբ: Մեզմէ ո՛չ ոք կ՚ուզէ ըլլալ այս բաներէն որեւէ մէկը, ուրեմն զարմանալի չէ, որ մարդիկ ուզեն տարբերակուիլ այս կարծրատիպերէն:

Այս զգուշաւորութիւնը ի յայտ եկած է 20-րդ դարու վերջաւորութեան, երբ համաշխարհային ճամբորդութիւնը աւելի մատչելի դարձաւ եւ ճամբորդի ու զբօսաշրջիկի միջեւ տարբերութիւնները աւելի ու աւելի շեշտուեցան: Այդ ժամանակ՝ համացանցային ճամբորդութեան ծրագրման եւ գաղթողներու պլոկըրներու աճի արշալոյսին, ճամբորդութիւններ պատուիրող իւրաքանչիւր ոք ականատես կ՚ըլլար այդ երկուքին միջեւ անընդհատ աճող անդունդին: Ինքնագոհ դատավճիռը. զբօսաշրջիկները, որոնք որեւէ վայր կ՚այցելեն միայն քանի մը օրով, մշակութային առումով նուազ գիտակ են, քան՝ ճամբորդները, որոնք կրնան բաւական արտօնեալ ըլլալ իրենց երկրէն դուրս ամիսներ կամ նոյնիսկ տարիներ անցընելու համար:

Այս կը բացայայտէ աւելի խոր բան մը. ինչպէ՞ս կ՚ուզենք, որ մեզ տեսնեն: Հագուստը խորհրդանիշ է այն բանին, թէ որքա՛ն պատկանելիութեան զգացում կ՚ուզենք ունենալ մեր այցելած վայրին հետ:

Դերասանուհի Ճենիֆըր Քուլիճ իր վարդագոյն զգեստով, վարդագոյն գլխարկով եւ արեւային մեծ ակնոցներով հասաւ իտալական պանդոկ մը, ուր տնօրէնին հարցուց.

-Գուշակէ՛, թէ ո՛վ եմ ես:

Տնօրէնը ըսաւ.

-Նայեցէ՛ք, նայեցէ՛ք. Փեփփա խոզուկը:

-Ես դերասանուհի Մոնիքա Վիթթին եմ,- ըսաւ Ճենիֆըր Քուլիճ:

-Մոնիքա Վիթթին մահացած է,- կտրուկ ըսաւ տնօրէնը:

Հարաւային Իտալիոյ մէջ եթէ տեսնէք մէկը, որ կը լողայ գլխարկով, ան 100 առ հարիւր զբօսաշրջիկ է:

Այս «հագուստի նմանակում» է: Հագուստի ընտրութիւնը յաճախ կ՚ազդուի տեղական մշակոյթին ձուլուելու կամ անոր խորհրդանշական մասնակցելու երեւակայական կամ իրական փափաքով: Ինչպէս պերմուտական կարճ տաբատները կամ հաուայեան շապիկները, այս հագուստները կարծրատիպ, քլիշէ եղած են, բայց անոնք նաեւ մշակութային ձգտման եւ խորհրդանշական պատկանելիութեան նշաններ են: Անոնք նաեւ կրնան վերածուիլ մշակութային իւրացման, երբ մարդիկ իրերը կը կրեն առանց անոնց մշակութային խորքը կամ նշանակութիւնը հասկնալու: Այս ընտրութիւնները յաճախ աւելի նուազ կը վերաբերին իրական մշակութային համարկման: Այլ խօսքով, երեւակայեցէ՛ք զբօսաշրջիկ մը, որ Լոնտոն կ՚այցելէ՝ հագած Թուիկիի կերպարով, կամ Միացեալ Նահանգներ՝ Մերիլին Մոնրոյի կերպարով:

Ոգեշնչող ճամբորդական արձանագրութիւնները զգալի ազդեցութիւն ունին այն բանին վրայ, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կը հագուին ճամբորդելու ատեն, երբ կ՚այցելեն թանգարաններ, բնութեան վայրեր եւ նոյնիսկ լեռներու գագաթներ: 15 տարի առաջ այդ մէկը, անշուշտ, այդպէս չէր: Մարդիկ կը լուսանկարէին վայրեր եւ իրեր: Բայց հիմա կը նկարեն իրենք զիրենք եւ այդ վայրերն ու իրերը խորապատկերի վրայ են:

Արդիւնքը. նորաձեւութեան եւ թուային տեսարաններու միաձուլում: Վայրերը կը դառնան խորապատկեր, ֆոն: Հագուստը կը դառնայ ճամբորդի ինքնաճանաչման անբաժանելի մասը:

Ամերիկացի դերասանուհի Պեթի Ուայթ ըսած է. «Ֆէյսպուքը պարզապէս ձանձրալի կը հնչէ. ժամանակին մարդոց արձակուրդներու լուսանկարները տեսնելը կը նկատուէր պատիժ»:

Անշուշտ, հետաքրքրական է նոր տեղ երթալը եւ տօներուն մեր հագուելու ձեւը այդ ուրախութեան արտացոլացումն է:

Տօնական հագուստը յաճախ կը ծառայէ որպէս առօրեայ կեանքի օրէնքներէն անջատման միջոց: Տօնական օրերուն մարդիկ կը կրեն հագուստ մը, որ կրնայ նկատուիլ անպատշաճ, չափազանց կամ անիրագործելի իրենց առօրեայ միջավայրին մէջ: Այսպիսով, տօնական հագուստը կարելի է ընկալել որպէս ճամբորդութեան կապուած ազատութեան կամ առնուազն փախուստի եւ զգայական հաճոյքի հագուստի դրսեւորում:

Շատեր ամբողջ օրը կ՚աշխատին նոթպուքերով, կրնայ ըլլալ, որ տարազ ունին աշխատանքի վայրին մէջ, կամ կը հագուին գործնական եւ յարմար: Այսպիսով, արձակուրդը կարելիութիւն է ուսումնասիրելու մեր մէկ այլ մասը, որ թերեւս անհոգ, ուրախ եւ հանգիստ է: Անկախ անկէ, թէ այդ «ես»ը կը հագուի արշաւային կօշիկներ, թէ վարդագոյն շիֆոն, նոյնն է:

Եթէ կ՚ուզէք գեղեցիկ զգեստ կամ վառ շապիկ հագուիլ եւ այդ մէկը ձեզի համար յարմար է, ապա այդ ամբողջովին ընդունելի է: Կեանքը չափազանց կարճ է ուրիշներու դատողութիւններու մասին մտահոգուելու, անհանգստանալու համար:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2026