ՀԱՒԱՏՔ ՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ հայ կրօնաւորները շատ աւելին եղած են, քան սոսկ խորանի սպասաւորներ։ Անոնք դարձած են ազգի վերապրումի լուռ ճարտարապետները։ Երբ ժողովուրդը բռնագաղթի, կորստեան ու անորոշութեան մէջ կը փորձէր նոր կեանք մը հիմնել, առաջին կազմակերպիչ ձեռքերը յաճախ հոգեւորականներու ձեռքերը եղած են։ Անոնք միայն պատարագ չեն մատուցած, այլ կազմակերպած են դպրոց, որբանոց, արհեստանոց, միութիւն, բուժօգնութիւն եւ նոյնիսկ բնակարանաշինութիւն։ Կրօնական պարտականութիւնը անոնց համար սահմանափակուած չէր խորանով, զայն դարձած է համայնքային կեանքի ամբողջական ծառայութիւն։

Ընկերային, հոգեւոր, կրթական, առողջապահական եւ նոյնիսկ տնտեսական պարտաւորութիւնները անոնք վերածած են կենսաձեւի։ Սեփականը մոռնալով՝ անձնական յարմարութիւնը, հանգիստը եւ երբեմն իսկ անվտանգութիւնը մէկդի դրած՝ ամբողջութեամբ նուիրուած են համայնքին, որուն հաւաքական բեռը դարձուցած են իրենց անհատական խաչը։ Ժողովուրդին մեծ ու փոքր հոգերը դարձած են իրենց ամէնօրեայ ապրումը, իսկ նեղութիւնները՝ իրենց ծառայութեան շարժիչ ուժը։

Կրօնական ուսմունքի զուգահեռ, անոնք դաստիարակած են կազմակերպուած միասնութեան գաղափարը՝ սորվեցնելով, թէ հաւաքական կամքով կարելի է անապատը պարտէզ դարձնել, կարելի է սարեր շարժել։ Անոնք իրենց օրինակով ապացուցած են, որ հաւատքը, երբ միացած է կազմակերպչական կամքին ու ազգային գիտակցութեան, կը ծնի հաստատութիւններ, կը կերտէ թաղամասեր եւ կը ստեղծէ ապագայ։

Այդ նուիրեալ անուններու վառագոյններէն մէկն է Պօղոս ծայրագոյն վարդապետ Արիսը, որ կը համարուի Պէյրութի հայութեան հիմնական կեդրոն հանդիսացող՝ Պուրճ Համուտի կերտիչներէն մէկը։ Ան մարմնաւորեց այն տիպարը, ուր հոգեւորականը նաեւ շինարար է, կազմակերպիչ, դաստիարակ եւ ազգային առաջնորդ։ Իր ծառայութեամբ ան փաստեց, թէ երբ հոգեւոր կոչումը կը միանայ ազգային գիտակցութեան, համայնքը ո՛չ միայն կը փրկուի, այլեւ կը ծաղկի։ 

Ինչպէ՞ս ծաղկեցնել անապատը. ո՛չ միայն կենսագրութիւն այլ համակ նուիրում։ Լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման պատմութիւնը անքակտելիօրէն կապուած է Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան երախտաշատ զաւակներէն մէկուն՝ Հ. Պօղոս ծայրագոյն վարդապետ Արիսի անունին հետ։ Անոր կեանքը ո՛չ միայն հոգեւորականի ծառայութիւն էր, այլեւ ազգային, հասարակական եւ քաղաքական տեսլականով առաջնորդուած առաքելութիւն մը, որ խոր դրոշմ ձգեց Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ։

Ծնած է 1889 թուականի յունուարի 25-ին՝ Հալէպ, արմատներով Մարտինէն։ Ան պատանի տարիքէն կրթութեան եւ հոգեւոր կեանքի ուղին ընտրեց։ 1902 թուականին մեկնած է Պոլիս, ուր ուսանած է Սեն Լուի ֆրանսական դպրեվանքը եւ աւարտած իմաստասիրական ուսումը։ 1910 թուականին ընդունուած է Զմմառու Ս. Միքայէլ ընծայարան, իսկ 1912 թուականի մարտի 17-ին ձեռնադրուած է քահանայ։ Սակայն, պատմութիւնը անոր համար պատրաստած էր աւելի լայն առաքելութիւն։

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն եւ ցեղասպանութենէն ետք, երբ հազարաւոր հայ գաղթականներ ֆրանսական նաւերով կը հասնէին Լիբանանի ափերը, անոնք կը գտնէին փակ դռներ։ Երկիրը տնտեսական եւ քաղաքական անորոշ վիճակի մէջ էր, նաեւ իշխանութիւնները կը տատամսէին նոր գաղթականներ ընդունելու հարցին մէջ։ Այդ ճակատագրական պահուն Զմմառու երկու միաբաններ՝ Հ. Պօղոս Արիսն ու Հ. Յակոբ Նեսիմեանը, կը դիմեն օրուան մարոնի պատրիարքին՝ Էլիաս Պետրոս Հուայէքին, որուն ազդեցութիւնը վճռորոշ էր։

Սկզբնական մերժումէն ետք, Հ. Պօղոս Արիսի յուզիչ եւ հեռատես պատասխանը՝ «Հայը անօթի չի մեռնիր, կրնայ քարէն իսկ ջուր հանել», կը փոխէ իրավիճակը։ Պատրիարքը կը համաձայնի միջամտել եւ այսպէս Լիբանանի դռները կը բացուին հայ գաղթականներուն առջեւ։ Այս որոշումը պիտի դառնար լիբանանահայ գաղութի գոյութեան հիմնասիւներէն մէկը։

Հ. Պօղոս Արիս նշանակուեցաւ «Ազգային միութեան» քարտուղար եւ վարիչ Քարանթինայի հայկական աւանին (աւելի ճիշդը «Քարանթինայի քեմփ»)։ Ան իր ամբողջ եռանդը նուիրեց որբերու եւ անօթեւաններու խնամքին։ Պէյրութի Սիուֆի թաղին մէջ հիմնեց որբանոց մը (1923-1935), ուր շուրջ 300 որբեր զինք «Հայրիկ» կը կոչէին։ Ան ո՛չ միայն ապաստան տուաւ, այլեւ արհեստներու ուսուցմամբ ապահովեց անոնց ապագան՝ որբանոցը դարձնելով ինքնաբաւ հաստատութիւն։ 1925 թուականին հիմնեց նաեւ աչազուրկներու վարժարան մը։

Անոր մեծագոյն գործերէն մէկը Պուրճ Համուտի վերածնունդն էր։ Ամայի եւ խոպան տարածքը, իր նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպչական հմտութեամբ, վերածուեցաւ ծաղկուն քաղաքային կեդրոնի։ Ան եղաւ Պուրճ Համուտի առաջին հայ քաղաքապետը, բաժնեց զայն Ժտէյտէ շրջանի վարչական ենթակայութենէն եւ դրաւ հայկական քաղաքային ինքնակառավարման հիմքերը։ Ջրամատակարարում, կոյուղիներ, ճանապարհներ, բնակարանաշինութիւն, առողջապահական հսկողութիւն՝ այս բոլորը իրականացան անոր ղեկավարութեամբ։

1939-ին հիմնեց Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, իսկ 1953-ին՝ Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին։ Սրբավայրի կառուցումը եղաւ ո՛չ միայն կրօնական, այլեւ ազգային ինքնութեան ամրապնդման քայլ մը։

Կեանքի վերջին տարիներուն մեծաւոր ընտրուեցաւ Զմմառու վանքին, ուր շարունակեց կրթական եւ հոգեւոր բարեփոխումներու իր գործը։ 1961 թուականի յունուարի 24-ին ան վախճանեցաւ Պէյրութի մէջ։ Անոր մահը սգաց ողջ լիբանանահայութիւնը, որովհետեւ ան մարմնաւորած էր նուիրումի, շինարարութեան եւ ծառայութեան իտէալը։

Երեսուն տարի անց, 1991 թուականի յունուարի 27-ին, Պուրճ Համուտի մէջ անոր կիսանդրին կանգնեցուեցաւ՝ յաւերժացնելու համար այն մարդուն յիշատակը, որ գաղթական ժողովուրդի բեկորները համախմբեց եւ զանոնք վերածեց կազմակերպուած, կենսունակ համայնքի։

Այսօր, երբ կը շրջինք Պուրճ Համուտի փողոցներով, կը լսենք Մեսրոպեան հայերէնը, կը տեսնենք դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ վաճառականական աշխոյժ կեանք։ Այս բոլորը լուռ վկայութիւններն են այն ճշմարտութեան, թէ մէկ մարդու տեսլականն ու կամքը կրնան պատմութիւն փոխել։

Հ. Պօղոս ծայրագոյն վարդապետ Արիս մնաց որպէս մաքրամաքուր հայ, օրինապահ լիբանանցի եւ ազգակերտ շինարար։ Անոր կեանքը դաս մըն է, թէ նուիրումը եւ կազմակերպուած աշխատանքը կրնան անապատը վերածել ծաղկուն պարտէզի։

Հ. Պօղոս Արիս կը մնայ լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ որպէս նուիրումի, կազմակերպչական կարողութեան եւ ազգային շինարարութեան խորհրդանիշ։

Պատմութիւնը երբ կը կերտուի աղմուկով՝ անուններ շատ արագ կը մաշուին։ Բայց, երբ ան կը կերտուի լուռ ծառայութեամբ, նուիրումով եւ հեռատես աշխատանքով, այդ անունները կը դառնան հիմնասիւներ։ Հ. Պօղոս ծայրագոյն վարդապետ Արիսի կեանքը այդպիսի հիմնասիւն մըն է։ Ան ո՛չ միայն ժամանակ մը ապրեցաւ, այլ ժամանակ մը կերտեց։

Այսօր, երբ կը յիշենք զինք, չենք յիշեր միայն անցեալի դէմք մը։ Կը յիշենք օրինակ մը։ Կը յիշենք այն համոզումը, թէ երբ անհատը իր կոչումը կը միացնէ ազգային գիտակցութեան եւ կազմակերպուած աշխատանքի, համայնքը ո՛չ միայն կը գոյատեւէ, այլ կը բարգաւաճի։

Հ. Պօղոս ծայրագոյն վարդապետ Արիսի յիշատակը կը մնայ ո՛չ միայն քարի կիսանդրիի մէջ, այլ՝ «հոգեւոր շէնքեր»ու, սերունդներու մէջ եւ ամենէն առաջ՝ ազգային յիշողութեան մէջ։ Անոր կեանքը մեզի կը սորվեցնէ, թէ անապատը պարտէզի վերածելու համար հարկ է հաւատք, աշխատանք եւ անձնազոհ սէր։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2026