ԴԷՊԻ ԱՊԱՔԻՆՈՒՄ. ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՎԷՐՔԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԱՊՐԻԼԸ

Մարդիկ իրենց ծնունդէն սկսեալ առաջին տարիներուն աշխարհը չեն ճանչնար տրամաբանութեամբ, այլ՝ զգացումով։ Երեխան տունի մէջ կը զգայ սէր կամ սառնութիւն, ապահովութիւն կամ վախ, լսուած ըլլալու հանգստութիւն կամ լռեցուելու ծանրութիւնը։ Այդ առաջին զգացումները ապագային կը դառնան ներքին քարտէս մը, որով մարդը կը փորձէ հասկնալ աշխարհը, մարդիկը եւ նոյնիսկ ինքն իրեն։

Երբ մանկութիւնը լեցուն է վիրաւորանքներով, անտեսումով, բարկութեամբ, մշտական վախով կամ անկայունութեամբ, երեխան չի մտածեր «ես թրաումա ապրած եմ»։ Ան պարզապէս կը փորձէ ողջ մնալ։ Այդ պատճառով ալ կարգ մը վարքեր, որոնք մեծ տարիքին «չափազանցութիւն», «սառնութիւն», «մարդոց չվստահիլ», «գերզգայնութիւն» կամ «մշտական անհանգստութիւն» կը թուին, իրականութեան մէջ գոյատեւման ու ինքնապաշտպանութեան միջոցներ են։

Ոմանք փոքր տարիքէն կը սորվին լռել, որովհետեւ իրենց զգացումները տեղ ու արժէք չունէին։ Ուրիշներ կը սորվին միշտ ժպտիլ, որովհետեւ տխրութիւնը վտանգաւոր էր։ Կան մարդիկ, որոնք ամէն բան վերահսկելու կարիք կը զգան, որովհետեւ իրենց մանկութեան մէջ ոչինչ ապահով ու կանխատեսելի էր։ Իսկ ուրիշներ անդադար կը փորձեն բոլորը գոհացնել, որովհետեւ սէրը պայմանաւորուած էր հնազանդութեամբ։

Այս բոլորը թուլութիւն չէ։ Անոնք երբեմնի պաշտպանական մեքենականութիւններ են։ Երեխան իր ունեցած սահմանափակ միջոցներով փորձած է գոյատեւել։ Բայց դժբախտաբար, այն ինչ որ մանկութեան ընթացքին կ՚օգնէր ապրելու, մեծ տարիքին երբեմն կը վերածուի բանտի։

Մարդը կրնայ տարիներ շարունակ ապրիլ «վտանգի պատրաստ վիճակի» մէջ։ Մարմինը նոյնիսկ հանգիստ պահերուն կրնայ չհաւատալ, թէ իսկապէս ապահով է։ Ամէն ձայն, ամէն լռութիւն, ամէն մերժում ներսի հին վէրքերը կրնայ արթնցնել։ Այդ պատճառով ալ երբեմն մարդը չափազանց կ՚արձագանգէ փոքր դէպքերու։ Որովհետեւ ան միայն ներկային չ՚արձագանգեր, այլեւ՝ անցեալի բոլոր չբուժուած վէրքերուն։

Մանկութեան թրաումաներու ամենէն ծանր հետեւանքներէն մէկը ինքնութեան քայքայումն է։ Երբ երեխան շարունակ կը մերժուի, կը վիրաւորուի կամ կը նուաստացուի, ան ժամանակի ընթացքին կը սկսի հաւատալ, թէ խնդիրը ինքն է։ «Ես բաւարար չեմ», «ես սիրուելու արժանի չեմ», «ես միշտ պիտի լքուիմ». նման ներքին ձայները շատ անգամ իրական համոզումներ կը դառնան։

Բայց ապաքինումը կը սկսի այն պահուն, երբ մարդը առաջին անգամ կը հասկնայ, թէ իր ցաւը իր մեղքը չէր։

Ապաքինումը չի նշանակեր անցեալը ջնջել, չի նշանակեր երբեք չտխրիլ կամ ամբողջովին մոռնալ։ Ապաքինումը աւելի շատ կը նմանի դանդաղ վերադարձի մը՝ դէպի ինքն իրեն։ Մարդը կամաց-կամաց կը սկսի տարբերել ներկայն անցեալէն։ Կը սորվի, թէ ամէն լռութիւն լքում չէ, ամէն քննադատութիւն ատելութիւն չէ եւ ամէն մօտեցում վտանգ չի նշանակեր։

Ապաքինումը երբեմն անտեսանելի գործընթաց մըն է։ Ան կրնայ սկսիլ պարզ բաներէ․ առաջին անգամ «ո՛չ» ըսելով՝ առանց մեղաւոր զգալու, կամ առաջին անգամ սեփական զգացումները չամչնալով արտայայտելով։ Երբեմն ալ մարդը առաջին անգամ կու լայ ո՛չ թէ որովհետեւ վշտացած է, այլ որովհետեւ այլեւս ուժասպառ չէ իր ցաւը թաքցնելէ։

Շատեր կը կարծեն, թէ ուժեղ մարդը երբեք չի կոտրուիր։ Բայց իրական ուժը երբեմն սեփական վէրքերուն նայելու համարձակութիւնն է։ Որովհետեւ մանկութեան թրաումաները յաղթահարելը միայն յիշողութիւններու դէմ պայքար մը չէ․ ան ներքին աշխարհ մը վերակառուցելու գործընթաց մըն է։

Երբ մարդ տարիներ շարունակ միայն «գոյատեւելու» մէջ եղած է, ապաքինումը սկզբնական շրջանին օտար կրնայ թուիլ, հանգիստը կրնայ անծանօթ ըլլալ, սէրը՝ անվստահելի, խաղաղութիւնը՝ ժամանակաւոր պատրանք։ Բայց հոգին կամաց-կամաց կը սորվի, թէ կեանքը միայն պայքար չէ։

Եւ թերեւս ամենէն կարեւոր ճշմարտութիւնը սա է․մանկութեան մէջ մարդը պատասխանատու չէր իրեն պատահած ցաւին համար, բայց մեծ տարիքին պատասխանատու է իր վերքերուն հետ ինչ ընելու համար։

Ապաքինումը արագ ճանապարհ մը չէ։ Ան շրջանաձեւ է, երբեմն յոգնեցուցիչ, երբեմն ալ յանկարծակի լուսաւոր։ Բայց իւրաքանչիւր փոքր քայլ, զոր մարդ կը կատարէ դէպի ինքն իրեն, արդէն յաղթանակ մըն է այն անցեալի դէմ, որ իրեն սորվեցուցած էր միայն գոյատեւել։ Որովհետեւ մարդը չէ ծնած միայն գոյատեւելու համար։ Ան ծնած է ապրելու, զգալու, սիրելու եւ ներսի խաղաղութիւնը գտնելու համար։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2026