ԵՐԲ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՄԵՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՍԻՆ -Գ.
«ՆԱԹԱՆԱՅԷԼ». Աստուծոյ պարգեւը. սորվիլ մեր կեանքին մէջ ճանչնալ Քրիստոսը։
Նաթանայէլին՝ անդրանիկ զաւակիս, որուն անունը գեղեցիկ իմաստ մը կը կրէ՝ Աստուծոյ պարգեւը։ Թող այս անունը մեզի յիշեցնէ, որ իւրաքանչիւր կեանք թանկագին պարգեւ մըն է, բայց ամենէն մեծ պարգեւը Քրիստոսի հետ հանդիպումն է։
Աստուածաշնչական յղումներ՝ (Յովհաննէս 1,45-51), (Ծննդոց 28,10-17)։
Կան պարգեւներ, որոնց արժէքը միշտ չէ, որ անմիջապէս կը հասկնանք։ Բայց կայ պարգեւ մը, որ բոլոր միւսներէն վեր է՝ կեանքը եւ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու կարելիութիւնը։
Նաթանայէլ անունը եբրայերէն Նեթանէլ բառէն կու գայ եւ կը նշանակէ՝ «Աստուած տուաւ» կամ «Աստուծոյ պարգեւը»։ Այս իմաստը մեզ կը հրաւիրէ մեր կեանքին նայելու տարբեր հայեացքով. իսկ եթէ սորվէինք զայն ընդունիլ իբրեւ պարգեւ, փոխանակ բան մը նկատելու, որուն արդէն իրաւունք ունինք։
Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ կը հանդիպինք Նաթանայէլ անունով մարդու մը։ Երբ Փիլիպպոս իրեն կը յայտնէ, թէ գտած է Յիսուս Նազովրեցին, ան թերահաւատութեամբ կը պատասխանէ. «Կրնա՞յ Նազարէթէն լաւ բան մը ելլել». (Յովհաննէս 1,46)։
Սակայն, Փիլիպպոս երկար բացատրութիւններ չի տար։ Ան պարզապէս կ՚ըսէ. «Եկո՛ւր եւ տե՛ս»։
Այս պարզ խօսքերը խոր իմաստ մը ունին։ Անոնք Նաթանայէլէն անմիջապէս հաւատալ չեն պահանջեր, այլ կը հրաւիրեն զինք անձամբ հանդիպելու Յիսուսին։
Երբ Յիսուս կը տեսնէ Նաթանայէլը, կ՚ըսէ. «Ահա ճշմարիտ իսրայէլացի մը, որուն մէջ նենգութիւն չկայ». (Յովհաննէս 1,47)։ Զարմացած՝ որ Յիսուս զինք արդէն կը ճանչնայ, Նաթանայէլ կը հասկնայ, որ Ան սովորական ուսուցիչ մը չէ եւ Իրեն մէջ կը ճանչնայ Աստուծոյ Որդին։
Այսպէս, հարցումէն ու կասկածէն դէպի հաւատք անցումը կը կատարուի։
Յիսուս ապա կը խոստանայ, որ աւելի մեծ բաներ պիտի տեսնէ՝ յիշեցնելով Յակոբի երազը եւ երկինքը երկրին կապող սանդուխը (Ծննդոց 28,10-17)։ Այսպէս, Քրիստոս կը յայտնուի իբրեւ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ ճշմարիտ կապը։
Այս հանդիպումը մեզի կը սորվեցնէ կարեւոր ճշմարտութիւն մը. հաւատքը միայն Աստուած ճանչնալ կամ ուրիշներէն լսածը կրկնել չէ։ Ան իր ամբողջ խորութիւնը կը գտնէ, երբ կ՚ընդունինք Քրիստոսի հետ անձնական հանդիպում ունենալ։
Կրնանք քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ մեծցած ըլլալ, աղօթքները գիտնալ եւ կրօնական դաստիարակութիւն ստացած ըլլալ։ Ասոնք թանկագին ժառանգութիւններ են, բայց ո՛չ ոք կրնայ մեր փոխարէն հաւատալ։ Իւրաքանչիւրս կոչուած է անձամբ պատասխանելու այս հրաւէրին՝ «Եկո՛ւր եւ տե՛ս»։
Նաթանայէլի պատմութիւնը նաեւ կը յիշեցնէ, որ անկեղծ կասկածը պարտադիր չէ, որ խոչընդոտ ըլլայ հաւատքին։ Ան կրնայ նոյնիսկ Աստուծոյ հետ իսկական հանդիպումի մը սկիզբը դառնալ։
Նաթանայէլ անունը մեզ կը հրաւիրէ նաեւ երախտագիտութեամբ ընդունելու մեր կեանքը։ Կեանքը, մեր սիրելիները եւ մեզ կերտող հանդիպումները պարգեւներ են, զորս պէտք է գնահատենք։ Իսկ պարգեւ մը ստանալ կը նշանակէ նաեւ գիտնալ զայն բաժնել ուրիշներուն հետ։
Փիլիպպոս կրնար իր գտածը իրեն պահել, բայց փոխարէնը կ՚երթայ Նաթանայէլին՝ անոր դէպի Քրիստոս ճամբայ մը բանալու համար։ Ահա հաւատքի փոխանցման գեղեցիկ օրինակ մը՝ վկայել մեր ստացածին մասին՝ առանց մեր համոզումները պարտադրելու եւ իւրաքանչիւրին ազատ ձգելով Յիսուսի հետ իր անձնական հանդիպումը։
Քրիստոս Նաթանայէլէն չի պահանջեր ուրիշ մարդ մը դառնալ՝ Իրեն մօտենալու համար։ Ան զինք կ՚ընդունի իր հարցումներով եւ նախապաշարումներով հանդերձ։ Աստուած մեզ չի սպասեր կատարելութեան հասած վիճակին մէջ, այլ կու գայ մեզի ընդառաջ այնպէս՝ ինչպէս որ ենք։
Ուրեմն, ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի այս անունը։ Մենք բոլորս ստացուած պարգեւներ ենք, բայց նաեւ կոչուած ենք Աստուծոյ սիրոյն վկաները դառնալու ուրիշներու կեանքին մէջ։
Իսկ եթէ մենք ալ պատասխանէինք Փիլիպպոսի հրաւէրին։ Որովհետեւ ամենէն գեղեցիկ պարգեւը միայն կեանքը ստանալը չէ, այլ Քրիստոսի միջոցով բացայայտելը, թէ որքա՜ն թանկագին է այդ կեանքը եւ որքան կրնայ Անոր սէրը զայն կերպարանափոխել։
«Եկո՛ւր եւ տե՛ս»։ Երբեմն հաւատքի մեծ ճանապարհորդութիւն մը կը սկսի պարզ հրաւէրով մը՝ համարձակելու անձնական հանդիպում ունենալ։
ԳՐԻԳՈՐ ՍՐԿ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
•շարունակելի…
Լիոն