ՀԱՅՐ ՂՈՒԿԱՍ ԻՆՃԻՃԵԱՆ (1758 - 1833)
Հայ հոգեւորական, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, բանասէր, աշխարհագրագէտ, աստղաբաշխութեան վարպետ, հասարակական գիտութիւններու հմուտ տեսաբան, բազմավաստակ խմբագիր Հ. Ղուկաս Ինճիճեան ծնած է 1758 թուականի մարտի 17-ին, Պոլիս:
Իր մեծ հայրը ադրիանապոլսեցի Ինճիճի Հաճի Միքայէլն է, իսկ հայրը՝ Ինճիճի Պօղոս Միքայէլեանը, մայրը՝ Տիրուհի, որ կը յիշատակուի Յակոբ եւ պատմաբան Միքայէլ Չամչեաններու քոյրը:
1770-ին, տասներկու տարեկանին գացած է Վենետիկի Ս. Ղազար վանքը, ուր ուսում ստացած է, աշակերտելով միաբանութեան այդ օրերու առաջնորդ՝ Ստեփանոս արք. Ագոնց Քովերին (1740-1824):
1774-ին դարձած է Մխիթարեան միաբանութեան անդամ:
1786-ին անցած է Պոլիս, սակայն չորս տարի ետք՝ 1790-ին դարձեալ վերադարձած է Վենետիկ:
1805-ին բուժման եւ աշխարհագրական որոշ վայրեր այցելելու նպատակով դարձեալ անցած է Պոլիս:
Մեծ վաստակ ունեցած է 1810-ին հիմնուած «Արշարունեաց» միութեան գործունէութեան, որու նպատակը եղած է արդի հայերէնով հրատարակուած գիրքեր տարածել:
1815-ին հրոյ ճարակ դարձած է Ինճիճեանի գրադարանը, որու մէջ նաեւ բազմաթիւ ձեռագրեր, որոնց շարքին եղած է «Օսմանեան պետութեան աշխարհագրութեան» նուիրուած իր ծաւալուն աշխատասիրութեան երկրորդ եւ երրորդ հատորները:
1819-ին Օտեսա անցած է, Տիւզեան ընտանիքին հետ պատահած դէպքերէն ետք: Խնդիրները կարգաւորուելէն ետք, 1820-ին դարձեալ վերադարձած է Պոլիս:
1828-ին վերադարձած է Վենետիկ եւ ընտրուած է միաբանութեան փոխ-առաջնորդ եւ այդ պաշտօնին վրայ ալ ի Տէր ննջած է 1833 թուականի յուլիսի 2-ին:
ԳՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿ
Հայր Ղուկաս Ինճիճեան ծաւալած է բանասիրական եւ խմբագրական հսկայ եւ հարուստ գործունէութիւն: Այսպէս՝
1791-ին Վենետիկի մէջ հրատարակած է «Տեսութիւն համառօտ, հին եւ նոր աշխարհագրութեան», որ իտալերէնի թարգմանուած է եւ մասամբ ֆրանսերէնի: Այս մասին Հայր Բարսեղ Սարգիսեան այսպէս կը գրէ. «Այս նպատակաւ ահա կը հրատարակուէր նախ յամին 1791, Ինճիճեանի «Տեսութիւն աշխարհագրութեան համառօտ»՝ բայց հիւթաւէտ գրութիւնը, որ հակիրճ աշխարհագրութեամբ կը ստորագրէր նաեւ ամենայն աշխարհաց, թագաւորութեանց եւ գաւառաց իւրաքանչիւր բերքերը: Դա գեղեցիկ ներածութիւն մ՚էր եւ նախապատրաստութիւն այն կենցաղօգուտ գիտութեանց եւ հոյակապ գրութիւններուն, որոնք իրարու պիտի յաջորդէին, ցիրուցան եւ անաշխարհիկ եղած ժողովրդեան ցոյց տալու՝ ոչ միայն իր մայր հայրենիքը, այլ եւ օտատ ազգաց եւ աշխարհաց անոր հետ ունեցած եւ ունենալիք յարաբերութիւնները, եւ այսպէս ընդարձակել անոր առօրեայ անցուկ կեանքն եւ կենցաղը՝ դէպ ի քաղաքակրթութիւն, ի տուրեւառութիւն եւ դէպ ի ճարտարարուեստները» (Բարսեղ վրդ. Սարգիսեան, «Երկհարիւրամեայ գրականական գործունէութիւն եւ նշանաւոր գործիչներ Վենետկոյ Մխիթարեան Միաբանութեան», Վենետիկ-Ս. Ղազար, 1905 էջ 19):
1794-ին հրատարակած է «Ամարանոց Բիւզանդեան գիրքը»:
1799-1802 թուականներուն «Տարեգրութիւն»ը, որ «Ազդարար»էն ետք հայ իրականութենէն ներս երկրորդ պարբերականն էր, իսկ աշխարհաբար լեզուով՝ առաջինը: Այս մասին դարձեալ կարդանք Հայր Բարսեղին գրածը. «Հին եւ նոր աշխարհագրութիւնը ծանօթացնելէն վերջ ազգին, ձեռք կը զարնէր միաբանութիւնը ճանչցնել անոր նաեւ իր եւ օտար ազգաց կեանքն եւ կենցաղը: Եւ ահա այս նպատակաւ է՝ որ լոյս կը տեսնէին յամին 1799-1802 Ինճիճեանի «Տարեգրութիւնքը», աշխարհիկ լեզուաւ: Ասոնք պարբերական փոքրիկ տետրակներ էին, որոնք ժամանակ ժամանակ երեւնալով՝ լրագրութեան ոճով, շահագրգիռ տեղեկութիւններ կը հաղորդէին ազգիս՝ ժամանակի քաղաքական երեւելի դիպաց, պատերազմներու, բանասիրական նորութեանց եւ կենցաղօգուտ պէսպէս գիտութեանց վրայ: Նա համաշխարհական բովանդակութիւն ունէր. զի ամէն տէրութեանց գիւտից եւ գիտութեանց ծաղիկը կ՚առնոյր եւ կը բաշխէր ամենուն: Այս գրուածովս է, որ հիմը կը դրուէր ազգային աշխարահաբար լրագրութեան, ժողովրդեան իւր իսկ խօսած ընտանի լեզուովն ու եղանակաւը: Եւ այդ տեսակ գրութեան հիմնադիրն էր Հ. Ղուկաս վրդ. Ինճիճեան, որուն թարմ գաղափարներու եւ նորասիրութեան պէս՝ գործունէութիւնն եւս արտաքոյ կարգի էր եւ անխոնջելի ցխոր ծերութիւն: Նա այդ գործունէութեամբ է՝ որ միաժամանակ, այն՝ 1800-ին, կը սկսէր հրատարակել նաեւ ժողովրդական մի ուրիշ պարբերական տետրակ, «Եղանակ Բիւզանդեան» խորագրով, որ իբր զարգացած շրջան՝ պիտի շուտով յաջորդէր առաջնոյն եւ քսան տարի կը շարունակուէր՝ շահագրգռելու զամէնքը՝ մեծէն մինչեւ փոքրը: Այս իսկ այնպիսի գիտական մի նորութիւն էր, որուն ոչ միայն Հայք, այլ եւ Յոյնք եւ պօլսաբնակ ուրիշ ժողովուրդներ առաջին անգամ ականատես կը լինէին. վասն զի նա ոչ միայն երկնից եւ երկրի այն ծածուկները կը յայտնէր հայ ժողովրդեան, որոնք անմիջապէս իւր կենաց եւ գործառնութեանց կը վերաբերէին. այլ եւ երկրագնդոյս այլ եւ այլ կողմերը կատարուած բժշկական, քաղաքական, եւ այլն, գիտելիքները» (Բարսեղ վրդ. Սարգիսեան, «Երկհարիւրամեայ գրականական գործունէութիւն եւ նշանաւոր գործիչներ Վենետկոյ Մխիթարեան միաբանութեան», Վենետիկ-Ս. Ղազար, 1905 էջ 21):
1801-ին հրատարակած է «Պատմութիւն կենդանեաց ի չորս կարգս բաժանեալ՝ ի ցամաքային, ի ջրային, յերկակենցաղ եւ յօդային» աշխատութիւնը, որ օգտագործուած է որպէս ուսումնական ձեռնարկ: Այս գործը վերահրատարակուած է 1810-ին:
1803-1820 թուականներուն հրատարակած է «Եղանակ Բիւզանդեան Բազմավէպ» աշխարհաբար տարեգիրքը:
1804-1806 հրատարակած է «Աշխարհագրութիւն չորից մասանց աշխարհի» բազմահատորներու առաջին մասի Ա. եւ երկրորդ մասի Ե.-Զ. հատորները:
1812-ին «Արշարունեաց» ընկերութեան խնդրանքով աշխատանք մըն ալ գրած է ազգասիրութեան մասին:
1822-ին հրատարակած է «Ստորագրութիւն Հին Հայաստանեայց» աշխատասիրութիւնը, ուր մանրամասնօրէն ներկայացուցած է Հայաստանի 16 նահանգները, որ նոյն տարուան ընթացքին վերահրատարակուած է:
1824-ին լոյս ընծայած է «Դարապատում»ներու շարքը, տարեկան մէկ-երկու հատոր, որոնց մէջ ներկայացուցած է մէկ դարու քաղաքական, մշակութեային իրադարձութիւններու պատմութիւնը:
1835-ին հրատարակած է «Հնախօսութիւն աշխարհագրական Հայաստանեայց աշխարհի» եռահատոր աշխատասիրութիւնը:
Հրատարակած է նաեւ պատմաբանասիրական, աշխարհագրական հետազօտութիւններ, որոնք տեղեկութիւններ կը փոխանցեն Հին Հայաստանի պատմութեան, աշխարհագրութեան, տեղագրութեան եւ հնութիւններու մասին:
1849-ին, իր մահէն ետք, Վենետիկի մէջ լոյս տեսած է իր Աղօթագիրքը՝ «Աղօթագիրք նոր աշխարհաբառ», ուր Հայր Ղուկաս Ինճիճեան հեղինակած է բազմաթիւ աղօթքներ, մարդու կեանքին իւրաքանչիւր դիպուածի ու պարագաներու համար:
Հայր Ղուկաս Ինճիճեան նաեւ հաւաքած ու կազմած է «Վարք Սրբոց»ը, որ շուրջ տասը հրատարակութիւն ունեցած է: Առաջին հրատարակութիւնը լոյս տեսած է 1832-ին, Վենետիկ:
1898-ին, Վենետիկի մէջ, թրքերէնի թարգմանուած՝ հայատառ թրքերէնով հատոր մըն ալ լոյս տեսած է Հայր Ղուկաս Ինճիճեանէն. «Եէնի տուա քիթապը» (Նոր աղօթքի գիրք):
***
«Ազատ Օր»ի 2 յուլիս 2018-ին թիւին մէջ Ինճիճեանի ի Տէր ննջելուն 185-րդ տարելիցին հետեւեալը կը կարդանք.
* Հայ ժողովուրդի Մխիթարեան միաբաններու լուսաբաշխ համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ու արժէքը ունի Հայր Ղուկաս Ինճիճեան, որուն վախճանումին 185-րդ տարելիցը կ՚ոգեկոչենք յուլիս 2-ի այս օրը։
Բանասէր եւ հայագէտ, պատմաբան ու աշխարհագրագէտ, աստղաբաշխութեան վարպետ եւ հասարակական գիտութիւններու հմուտ տեսաբան, բազմավաստակ խմբագիր ու մեծարժէք գիտուն՝ Հայր Ղուկաս Ինճիճեան անվիճելիօրէն կը հանդիսանայ գլխաւոր ռահվիրաներէն մէկը 19-րդ դարու հայոց Ազգային Զարթօնքին։
Հայր Ղուկաս Ինճիճեան ո՛չ միայն արեւելքի խաւարամտութեան տակ հիւծող հայութեան առջեւ լայնօրէն բացաւ եւրոպական մտքին ու գիտութեան լուսամուտները, այլեւ հայ ժողովուրդի ազգային հոգեմտաւոր արժէքներուն ուսուցանողը, տարածիչն ու վերանորոգողը եղաւ։
Յատկապէս իբրեւ գիտուն մտաւորականի եւ անխոնջ հրապարակագիրի եզակի համադրումի մը՝ Հայր Ղուկաս Ինճիճեան ամբողջ կէս դար հոգեմտաւոր սնունդ հասցուց մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Իր ուսումնասիրութիւններն ու աշխատասիրութիւնները անուս բազմութիւններուն մատչելի դարձնելու բնատուր ձիրքը ունէր, աշխարհաբարի առաջին մշակողներէն եղաւ, հայ պարբերական մամուլի նախակարապետ դարձաւ ու յատկապէս տարեգիրքներու հիմը դրաւ հայ իրականութեան մէջ (Նազարէթ Պէրպէրեան)։
***
Նշեցինք, թէ Հայր Ղուկաս Ինճիճեան հեղինակած է նաեւ աղօթագիրք մը: Այդ աղօթագիրքին մէջ Հայր Ինճիճեան Մեծ պահոց իւրաքանչիւր օրուան համար աղօթք մը գրած է: Նկատի ունենալով, որ Մեծ պահոց շրջանին մէջ ենք, մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք 28-34 օրերու համար Հայր Ղուկաս Ինճիճեանի գրած աղօթքները: Այսպէս.
ԿԻՐԱԿԻ
Քսանեւութերորդ օր Մեծ պահոց
Դատաւոր արդարութեան, Քրիստո՛ս, արդարութեանդ հետ միանագամայն ողորմած ես եւ գթած. Դուն, որպէս գթած Հայր՝ այսօրուան Աւետարանին խօսքով կը սովորեցնես, թէ ինչ ընեմ, որ արդար դատաստանէդ ազատիմ, ողորմութիւն գտնեմ: Այս ճամբան սովորեցուցիր՝ որ միայն աղօթքն է, ինչ որ չեմ կրնար ընել՝ աղօթքով կրնամ ընել. որչափ որ սատանան փորձութիւն բերէ, աշխարհ եւ մարմին հոգւոյ դէմ ելլեն, Դուն սովորեցուցիր՝ որ աղօթքն է միակ դեղ։ Աղօթքով Քեզի կ՚աղաղակեմ, Քեզի կը բողոքեմ, այնչափ որ իմ անարժանութեանս չնայիս, այլ իբր թէ ձանձրանալէդ ինծի ողոմիս, ինչ շնորհք որ պէտք է ինծի տաս:
Այժմ ես այս ճամբան Քեզմէ սովորելով, համարձակութիւն առնելով, կը խնդրեմ ամէն բանէն առաջ, որ աղօթելու շնորհք տաս ինծի, եւ մասնաւորապէս այսօր պարգեւես ինծի առաջին աստիճան աղօթից, որ է աղօթելու սէրը: Սիրով, յօժարութեամբ նստիմ աղօթքի, քանի որ պէտք ըլլայ. վասն զի աղօթքն ինծի ծանր բան մը կ՚երեւցնէ սատանան. քանի անգամ, որ նստիմ աղօթելու՝ ձանձրութիւն, քուն կը բերէ։ Խնդրեմ, Տէ՛ր իմ, մի զրկեր զիս այս շնորհքէն, վասն զի Դուն սովորեցուցիր՝ առանց ձանձրանալու խնդրել եւ առնել:
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Քսանեւիններորդ օր Մեծ պահոց
Օրհնեալ գովեալ ըլլայ անհուն ողորմութիւնդ, Տէ՛ր իմ Յիսուս, որ ինծի սիրտ տալու համար՝ Աւետարանին խօսքերով զՔեզ նմանցուցիր անիրաւ դատաւորի մը, որպէս զի ես չդադրիմ աղօթելէ: Արդ կ՚աղաղակեմ առ Քեզ. «Դատ արա ինձ Տէր յոսոխէ իմմէ», որ է սատանան: Եթէ Դուն դատաւորդ չհալածես անոր փորձութիւնները, անոր ըրած անիրաւութիւնները, ես չեմ կրնար ազատիլ, վասն զի միշտ շուրջս կը պտտի՝ հոգիս կորսնցնելու համար: Գիտեմ, որ իմ աղաղակելս, իմ աղօթելս, անարժան է, վասն զի չեմ գիտեր աղօթելու կերպը, ջերմեռանդութիւն չկայ աղօթքիս մէջ, սրտէս չի բղխիր, այլ չոր ցամաք, բերնէ թափուք, համ չեմ առներ աղօթքէս: Սատանան ալ յուսահատութիւն կը բերէ, միտքս ձգելով որ այսպիսի աղօթք Աստուծոյ ընդունելի չէ, պարապ է. այսչափ տարի է՝ խնդիրքդ չի կատարուիր, ի՛նչ շահ ունի աղօթելը: Կ՚աղաչեմ, Տէ՛ր իմ, տո՛ւր ինծի այսօր երկրորդ աստիճան աղօթից, որպէս զի որչափ որ սիրտս խիստ ըլլայ, Քու շնորհքովդ ետ չկենամ. միշտ անդադար աղօթք ընեմ սրտանց ու խոնարհութեամբ, ինչպէս որ Դուն սովորեցուցիր խօսքով, նաեւ օրինակովդ, գիշերը մինչեւ լոյս աղօթք ընելով Հօրն Աստուծոյ:
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
Երեսներորդ օր Մեծ պահոց
Երկայնամիտ Տէ՛ր իմ Յիսուս Քրիստոս, որ կերպ-կերպ առակներով, ճամբաներով ինծի փրկութիւն սորվեցուցիր, շատ բան սովորեցնելէն վերջ՝ իմ փրկուիլս ալ Քու վրադ ձգեցիր. հասկցնելով՝ թէ որչափ ալ աշխատիմ, ես զիս չեմ կրնար փրկել մինչեւ որ Դուն, Տէ՛ր, ձեռքէս չբռնես չօգնես, Քու օգնութեանդ ալ արժանի ըլլալու համար՝ մի միայն աղօթք ընելը սորվեցուցիր, անդադար աղօթելով, այնչափ՝ որ զԱստուած ձանձրացնել, բայց ես չձանձրանամ, մինչեւ որ Աստուած իբր թէ բռնադատուած՝ փրկութեան շնորհք տայ ինծի:
Այսօր ահա, Տէ՛ր իմ, ցաւագին սրտիւ, անդադար ձայնիւ կ՚աղաղակեմ. «Դատ արա ինձ, Տէ՛ր յոսոխէ իմմէ», որ է ի մարմինս։ Սա ոսոխ մ՚է, թշնամի է, որ ներսիդիս է, իմ հետս է. չեմ կրնար բաժնուիլ եւ միշտ զիս կը մոլորեցնէ. քու օգնութիւնդ միայն կրնայ զիս ապրեցնել: «Ապրեցո՛ զիս, Տէր, ի չար մարմնոյս յայսմանէ»: Ես որ հիմա այսպէս կ՚աղաղակեմ, կ՚աղօթեմ, քիչ մը անցնելուն պէս կը ձանձրանամ աղօթքէ, եւ միտքս հազար ու մէկ տեղ կը ցրուի, աշխարհիս անցաւոր դատարկ բաները՝ իբր խիստ հարկաւոր բանի պէս՝ աղօթքի ամէն միտքս կու գան, ինչ ընելու է, ինչ խօսելու եմ, ինչպէս արուեստ բանեցնելու եմ, աղօթքի ատեն պայծառ միտքս կը բերէ սատանան, անով անպտուղ պարապի հանել կու տայ աղօթքս:
Դուն, Տէ՛ր, որ վերէն երկնքէն կը տեսնես իմ այս կերպ աղօթելս, խնայէ՛, խղճալով ողորմէ՛, տո՛ւր ինծի այսօր երրորդ աստիճան աղօթից՝ որ աղօթքի ատեն միշտ միտքս վրաս պահեմ, երկրաւոր մտածումները ձգեմ, երկնաւոր աստուածային բաներ մտածեմ, կամ գոնէ ջանք ունենամ միտքս վրաս ժողվելու, բարի բաներ մտածելու, պարապ բաները դուրս հանելու. ինչպէս որ Դուն, Տէ՛ր իմ, օրինակովդ սորվեցուցիր, որ քաղքէն եւ մարդիկներէն հեռանալով՝ լեռը ելնելով՝ այնպէս կ՚աղօթէիր:
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ
Երեսունեւմի օր Մեծ պահոց
Փառաւորեմ եւ մեծացուցանեմ զանբաւ գթութիւնդ, Տէ՛ր իմ Յիսուս, որ ինծի այսօր մեծ գանձ տուիր աղօթքը, եւ աղօթքով սովորեցուցիր ամէն շնորհք քեզմէ առնուլ: Այժմ հոգւոյս խեղճութիւնն առջեւդ կը դնեմ, որ շնորհքէ զրկուած ըլլալով, քեզմէ հեռանալով՝ այրի մը դարձեր է խեղճ ողորմելի, նման այն այրւոյն՝ զոր օրինակ բերիր Աւետարանին մէջ. հրեշտակներն ինձմէ երես դարձուցեր են, իմ ոսոխներս սատանաներն եկեր պատեր պաշարեր են, խաղ կ՚ընեն: Ինծի ճար չկայ ասկից ազատելու՝ բայց եթէ աղօթելով. բայց սատանան այնչափ տիրեր է վրաս՝ որ աղօթքէ ալ պաղեցուցեր է. աշխարհիս երկրաւոր մեծութիւնը՝ հարստութիւնը, փառքն իմ աչքիս հարկաւոր կ՚երեւնան, իսկ աղօթքն ու երկնաւոր փառքը՝ ոչինչ մը։ Իշխանի մը հետ տեսնուիլ, խօսակից ըլլալն՝ ուսկից շահ մը չկայ, ինծի մեծ փառք կը համարի, չեմ ձանձրանար, իսկ աղօթքով քեզ հետ խօսակից ըլլալն՝ որ ես թագաւոր թագաւորաց, եւ ուսկից է իմ ամէն կենդանութիւնս, ոչինչ կը համարիմ ու կը ձանձրանամ:
Այժմ ոտքդ կ՚իյնամ, այն այրի կնոջ պէս կ՚աղաղակեմ. «Դատ արա ինձ, Տէ՛ր, ոսոխէ իմմէ», որ է աշխարհ. ազատէ՛ զիս այս աշխարհիս խաբէութենէն: Եւ տո՛ւր ինձ, Տէ՛ր, այսօր չորրորդ աստիճան աղօթից, որպէս զի աղօթքի ատեն սիրտս աշխարհային բաներէն հեռացնեմ, մեծութիւն եւ փարթամութիւն բանի տեղ չդնեմ, չմտածեմ, այլ մանաւանդ աշխարհիս ունայնութիւնը՝ անցաւորութիւնը պայծառ տեսնեմ, յիշելով Քու խօսքդ. «Զի՞նչ օգուտ է մարդոյ եթէ զաշխարհ ամենայն շահեսցի եւ զանձն իւր տուժեսցէ»: Ես որ այս խօսքիդ ներհակ ճամբայ բռներ եմ, այսօր փոխեմ ինքզինքս. աղօթքն ինծի մեծ գանձ եւ վաստակ համարելով՝ առաջին գործս աղօթքն եւ հոգեւոր գործերն ըլլան. երկրորդ գործը՝ աշխարհային գործերս եւ մարմնաւոր ապրուստս, եւ յօժարութեամբ ու սիրով ընեմ աղօթքս, որով երկնային յաւիտենական մեծութիւնը, հարստութիւնը վաստկիմ, որ է արքայութիւնը. ամէն:
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Երեսունեւերկրորդ օր Մեծ պահոց
Առ Քեզ կը դիմեմ, ո՛վ աղբիւր ողորմութեան եւ արդարութեան, նայէ՛ Քու դատաւորական աթոռէդ եւ ողորմէ՛: Դուն իմ մարմինս եւ հոգիս միասին ստեղծելով՝ իբր թէ քաղաք մը շինեցիր, եւ անոր դատաւոր դրիր իմ խղճմտանքս՝ որ ուղիղ դատաստան ընէ, բայց ես ետեւէ ետեւ մեղքերու մէջ իյնալով այս խղճմտանքս բոլորովին կուրացուցի՝ որով չի տեսներ իւր խեղճութիւնը՝ իմ միտքս խստացուցի՝ չ՚ուզեր ամենեւին մեղքերէ ետ կենալ. սիրտս քար դարձուցի՝ չ՚ուզեր ամենեւին զղջում ընել, քանի որ կը ջանամ խղճմտանքս շտկել՝ ամենեւին չի լսեր, անիրաւ դատաւորի նմաներ է։ Այժմ ես ալ երկնաւոր դատաւորիդ ոտքը կ՚իյնամ, կ՚աղաղակեմ, «Դատ արա ինձ, Տէ՛ր, յոսոխէ իմմէ», որ է իմ կուրացեալ խղճմտանքս, չար սիրտս. Դուն ես իմ փրկութիւնս: Կ՚ուզեմ Քեզի դիմել աղօթքով, բայց անոր ալ իմ ամէն օրուան գործերս թող չեն տար, սիրտս, միտքս Քեզմէ կը հեռացնեն, աղօթքէ կը խափանեն։
Կ՚աղաչեմ, Տէ՛ր իմ, անգին արեանդ համար տո՛ւր ինձ այսօր հինգերորդ աստիճան աղօթից, որ ամէն օրուան արտաքին գործերս ալ այնպէս ընեմ՝ որ անոնք ալ աղօթք ըլլան: Առաւօտ ինչպէս որ կ՚առաջադրեմ իմ ամէն գործերս ի փառս Աստուծոյ ընելու, այնպէս ալ գործերս ընելու ատեն՝ միշտ զԱստուած աչքիս առջեւ ունենալով՝ նոյն առաջադրութեան հետեւիմ, զԱստուած յիշելով՝ ի փառս Աստուծոյ ընեմ, ինչպէս որ սուրբ առաքեալը կը սովորեցնէ. «Թէ ուտիցէք, եւ եթէ ըմպիցէք, զամենայն ինչ ի փառս Աստուծոյ արասջիք»:
Այսպէս՝ սիրտս, միտքս բոլորովին արտաքին գործերուն չտամ, այլ այն գործերու մէջ ալ հաւատոյ, յուսոյ, սիրոյ ներգործութիւններ ընելով՝ Աստուծոյ յիշատակը միշտ սրտիս մէջ պահեմ, կատարող ըլլամ Քու հրամանիդ, թէ «Յամենայն ժամ աղօթս արարէք»: Որպէս զի երբ աղօթքի նստիմ, միտքս շուտով առ Աստուած բարձրացնեմ ինծի պէտք եղած շնորհքներն առնելով՝ փրկութեան հասնիմ։ «Եղիցին քեզ հաճոյ բանք բերանոյ իմոյ, եւ խորհուրդք սրտի իմոյ առաջի քո յամենայն ժամ, Տէր, օգնական իմ եւ փրկիչ իմ»:
ՈՒՐԲԱԹ
Երեսունեւերրորդ օր Մեծ պահոց
Մարդասէր Տէ՛ր իմ Յիսուս Քրիստոս, հիմա ողորմութեան աթոռն ես նստած. ցո՛յց ինձ զողորմութիւնս Քո, իսկ արդարութիւնդ՝ իմ ոսոխներուս վրայ, որոնց դէմ կ՚աղաղակեմ. «Դատ արա եւ ողորմէ՛»: Այս ոսոխները՝ այն թշնամիներն են, որ աղօթքն ինծի ծանր բան մը կը ցուցընեն, եւ զիս կ՚ուզեն հեռացնել աղօթքէ. բա՛ց ուրեմն մտքիս աչքը՝ որ արթննայ, տեսնէ զքեզ յաթոռն շնորհաց նստած: Եթէ մեծ իշխանի մ՚առջեւ ելնեմ, եւ գիտնամ՝ թէ ինչ որ ուզեմ պիտի առնում, բոլոր օրը սիրով կ՚աղաչեմ, չեմ ուզեր անկից բաժնուիլ, ուրեմն որչափ աւելի պէտք է զքեզ սիրով աղաչեմ, որ թագաւոր ես թագաւորաց, եւ պատրաստ ես ամէն բարիք տալու՝ ինչ որ ուզեմ աղօթքով։
Անոր համար խնդրեմ տո՛ւր ինծի այսօր վեցերորդ աստիճան աղօթից, որպէս զի զքեզ պայծառ մտօք տեսնելով՝ այն անուշութիւնը զգամ, զոր կը զգան սուրբերը. անոր համար, թէպէտ երկրիս վրայ են՝ բայց իբր թէ երկինքն են՝ այնպէս չեն կշտանար աղօթելէն. իմանամ որ աղօթքով ամենակարող Աստուծոյդ առջեւ կ՚ելնեմ, աղօթքով քեզ Արարչիդ հետ համարձակ կը խօսիմ, Դուն ալ ինծի հետ կը խօսիս երբեմն՝ շնորհք տալով, մտտքս լուսաւորելով:
Այս բանիս սատանան նախանձելով թող չի տար. վասն զի ինք թէպէտ հոգեղէն գերազանց ստեղծուած է, բայց չի կրնար առջեւդ երեւնալ ու խօսիլ, անարգեալ ըլլալով Քեզմէ, իսկ ես հողեղէն տկար ստեղծուած մը ըլլալով՝ կրնամ աղօթքով իբր որդի ընտանեբար սիրտս բանալ Քեզ Հօր երկնաւորի, անոր համար կը հակառակի, խափանել կը նայի։ Բայց ես Քու ստեղծուածդ եմ, Տէ՛ր իմ, եւ արեամբ Քով փրկուած, մի թողուր զիս այն չարին ձեռքը, այլ որչափ որ անարժան եմ, արժանի ըրէ զիս այն քաղցրութեան աղօթից:
ՇԱԲԱԹ
Երեսունեւչորրորդ օր Մեծ պահոց
Կը յիշեմ, Տէ՛ր իմ, այն շնորհքը վերանալոյ մտաց առ Աստուած, որ Քու սուրբերուդ պարգեւեր էիր, ինչ զմայլում կ՚իմանային հաւատքով եւ սիրով՝ որ կը յափշտակէր զանոնք աղօթքի ատեն: Որոնց մէջ մէկն ալ սուրբ Արսէնն էր, որ արեւը մտնելու ատեն դէպի արեւելք աղօթքի նստելով կը վերանար, մինչեւ անգամ գիշերուան անցնիլը չէր իմանար, առաւօտեան արեւին ճառագայթն աչքին զարնելովը կ՚իմանար, աղօթքէ կ՚ելնէր: Ասոնց գլուխ եւ օրինակ Դուն եղար, Տէ՛ր իմ Յիսուս, երբ Քու անճառելի մարդկութեամբ, բոլորովին Աստուծոյ կը յափշտակուէիր. «Հանելով զգիշերն ի գլուխ յաղօթսն Աստուծոյ»:
Արդ, ես անարժանս՝ միջնորդ բռնելով զբարեխօսութիւն Մօր քո եւ կուսի, եւ ամենայն սրբոց, եւ աղաչեմ տո՛ւր ինծի այսօր եօթներորդ աստիճան աղօթից: Եթէ այս շնորհքն ինծի տաս, որ միտքս բոլորովին Քեզ վերանայ, այն ատեն՝ միտքս, սիրտս կը կտրուին երկրաւոր մտածութիւններէ, աղօթքի կը վազեմ Քեզ դիմելով. ա՜խ, Տէ՛ր իմ, կը յիշեմ այն սուրբերուն Ալէլուիան, որ երկինքը Քեզ կ՚երգեն, ալէլուիա մը՝ յաւիտենական, աղօթք մը՝ անվախճան, զոր Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչ լսեց։ Չունին բան մը Քեզմէ խնդրելու, բայց իրենց մեծ փառք եւ ուրախութիւն կը համարին զՔեզ օրհնել, եւ զՔեզ փառաւորել. քանի՛ օրհնեն՝ այնչափ օրհնելնին կու գայ, եւ այնչափ աւելի կ՚ուզեն փառաւորել:
Այն դասք հրեշտակաց՝ սերովբէից եւ քերովբէից, այն դասք առաքելոց եւ ամենայն սրբոց, որոնց գլուխ եւ դասապետ Սուրբ Աստուածածինն է, միաձայն, միաբերան, միաբան՝ Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ երգելով չեն կշտանար, յաւիտեան կը զմայլին, իսկ ես ողորմելիս ինչպէ՞ս կը ձանձրանամ: Եթէ սուրբերը միայն զՔեզ փառաւորելու համար այսպէս չեն դադրիր աղօթելէ, ես որ ողորմութեանդ, Քու շնորհքներուդ այսչափ կարօտութիւն ունիմ, ինչպէս աղօթքս կարճեցնել կ՚ուզեմ: Բայց, Տէ՛ր իմ, այս ամէն բան կ՚ուղղուի, եթէ Քու այս շաբթուս մէջ ըրած աղօթքներ, արդիւնքդ, հառաչանքդ խառնելով իմ անարժան աղօթքիս հետ, երկնաւոր Հօրդ եւ Հոգւոյն Սրբոյ առջեւ հանելով՝ այսօր առնես ինծի համար այս շնորհքը: Հոգին Սուրբ թող զիս սովորեցնէ, զիս զօրացնէ՝ այնպէս նստիլ աղօթքի՝ որ բոլորովին միտքս առ Աստուած վերանայ, յափշտակուի, որ է շնորհք շնորհաց:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ