75 ՏԱՐԻ՝ ՏԱՌԻՆ ՈՒ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀԵՏ

2026 թուականի սեպտեմբերի 28-ը Նատիա Գօչունեանի կեանքին մէջ սովորական թիւ մը եւ օր մը չէ։ Այսօր, անոր ծննդեան 75-ամեակն է՝ կեանքի մը այն հանգրուանը, ուր տարիները այլեւս չեն չափուիր միայն անցած օրերու թիւով, այլ՝ հանդիպած մարդոց, ապրուած պահերու, կատարուած գործերու եւ ձգած հետքերու գումարով։ 

Նատիա Գօչունեանի կեանքը երկար տարիներ կապուած եղած է հայ մամուլին։ Սակայն, մամուլին ծառայելը անոր համար միայն մասնագիտութիւն մը չէ եղած։ Տարիներու ընթացքին ան դարձած է այն միջավայրը, ուր իր բնաւորութիւնը, աշխատասիրութիւնը եւ մարդոց հանդէպ իր վերաբերմունքը բնականօրէն դրսեւորուած են։ Իր գործին մէջ անոր ներկայութիւնը զգալի եղած է ո՛չ միայն պատրաստուած թերթին, այլեւ այն մթնոլորտին մէջ, որ կը ստեղծուէր իր շուրջը։ 

Կան մարդիկ, որոնք իրենց կեանքը կը կառուցեն ձեռք բերուած դիրքերով։ Կան նաեւ ուրիշ մարդիկ, որոնց իրական արժէքը կը բացայայտուի այն մարդոց մէջ, որոնց կեանքին դպած են։ Նատիա Գօչունեանի պարագային երկրորդն է աւելի բնորոշ։ Անոր երկարամեայ ճանապարհը կարելի է կարդալ նաեւ մարդոց յիշողութիւններուն մէջ՝ խմբագրատան ընկերոջ մը խօսքին, երիտասարդ աշխատակիցի մը երախտագիտութեան, տարիներու բարեկամութեան մը պահպանուած կապին մէջ։ 

75 տարիները նաեւ սերունդներու փոփոխութեան վկայութիւն են։ Աշխարհը փոխուած է, հաղորդակցութեան միջոցները փոխուած են, թերթի մը պատրաստութեան ձեւերը փոխուած են, ընթերցողն ու անոր սպասումները փոխուած են։ Բայց, այս փոփոխութիւններուն մէջ կայ բան մը, որ Նատիա Գօչունեանի նման մարդոց համար չի հիննար՝ գործը լուրջ ընդունելու, մարդը յարգելու եւ հայ տառին հանդէպ պատասխանատու ըլլալու զգացումը։ Իրողութիւն մը, որուն ականատեսը ըլլալու առիթը ունեցած եմ թէ՛ անցեալ տարի եւ թէ՛ այս տարի՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս ու Նատիա Գօչունեաններուն բնակարանի երդիքին տակ, անոնց ազնիւ ասպնջականութիւնը վայելած ատեն:

Անոր սերունդը գիտէր, որ թերթ մը միայն էջերու ամբողջութիւն չէ։ Անիկա յիշողութիւն է, վկայութիւն է, երբեմն նաեւ ժամանակի մը դէմ պահուած փաստաթուղթ։ Իսկ այդ էջերուն ետին կան մարդիկ, որոնց լուռ աշխատանքը հազիւ կը նկատուի, բայց, առանց անոնց՝ էջը ամբողջական չըլլար։ 

Այսօր, երբ Նատիա Գօչունեան կանգնած է 75 տարիներու շեմին, կը դիտեմ զինք ո՛չ միայն իբրեւ անցած երկար ճանապարհի մը վկան, այլ՝ իբրեւ այդ ճանապարհին հետք ձգած մամուլի սպասաւոր մը։ Մամուլի սպասաւոր մը, որուն մասին խօսիլ կը նշանակէ խօսիլ նաեւ հայ մամուլի մէկ ժամանակաշրջանին, այդ ընթացքին ապրած ու գործած մարդոց մտածելակերպին ու հոգեբանութեան մասին։ 

Եօթանասունհինգ տարիները այս պարագային պարզապէս անցած տարիներու թիւ մը չեն։ Անոնք ապրուած կեանքի, հանդիպումներու, յիշատակներու եւ մարդոց հոգիներուն մէջ ձգուած հետքերու ամբողջութիւն մըն են։ Որովհետեւ կան կեանքեր, որոնք տարիքով չեն ամփոփուիր, ո՛չ ալ տարիներու հաշուով կը չափուին։ Անոնց իսկական չափը այն հետքն է, զոր անոնք կը ձգեն իրենց ետին՝ մարդոց սիրտերուն ու յիշողութիւններուն մէջ։

Նատիա Գօչունեանին կեանքը այդպիսի կեանքերէն է։ Կեանք մը, որուն անցած տարիները կարելի չէ պարզապէս հաշուել, այլ պէտք է կարդալ՝ իր հանդիպած մարդոց յիշողութիւններուն, իր ստեղծած կապերուն եւ զինք ճանչցողներուն սրտին մէջ։ Եւ երբ այսօր անոր 75-ամեակը կը նշենք, իրականութեան մէջ, կը տօնենք ո՛չ միայն անցած տարիները, այլ՝ այն կեանքը, որ այդ տարիներուն իմաստ ու երանգ տուած է։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2026