ՏԻԿԻ՛Ն ՆԱՏԻԱ. ԴԵՌ ՊԱՏՄԵԼԻՔ ՈՒ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼԻՔ ՈՒՆԻՍ
Ես չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր է Գատըգիւղի «Թելլալզատէ» փողոցը։ Չեմ պատկերացներ, թէ ճիշդ ինչպէս կը շնչէր ինծի անծանօթ անունով այդ թաղը, ո՛չ ալ 1950-ականներու Պոլսոյ միջավայրը ամբողջութեամբ կրնամ աչքիս առջեւ բերել։ Բայց, երբ կը խօսիմ հոն ծնած ու մեծցած տիկին Նատիային հետ, կարծես կամաց-կամաց կը փորձեմ մտքիս մէջ ուրուագծել այն հին փողոցը, ուր օր մը, հեռաւոր 1950-ականներուն, կը խաղար պզտիկ Նատիան՝ իր եղբօր՝ Յարութիւնին եւ քրոջ՝ Նուարդին հետ։
Տիկին Նատիային հետ խօսելով է նաեւ, որ անցեալի Պոլիսը սկսած եմ քիչ մը աւելի պատկերացնել։ Անոր պատմածներուն մէջ Գատըգիւղը՝ իր տուներով, փողոցներով, դպրոցներով, եկեղեցիով, դրացիներով ու Վոսփորէն փչած տաքուկ քամիով՝ ապրուած աշխարհ մըն է։ Քաղաքի ասիական ափին գտնուող այս թաղը երկար պահած է համայնքային ջերմ ու աւանդական կեանքի մը տրոփիւնը։ Այդ տարիներուն հայկական Պոլիսը կ՚ապրէր իր դպրոցներու զանգերով, թաղային վարժարաններէն դուրս վազող երեխաներով, կիրակի օրերու եկեղեցական զանգակներով, տանտիկիններու՝ պատշգամներէ իրարու ուղղուած դրացիական բարեւներով, դուռ-դրացի ջերմ զրոյցներով։ Փողոցները մանուկներու աղմուկով լեցուն էին, իսկ հայերէնը՝ տուներէն ներս ու թաղի անկիւնները լսուող բնական, տաք լեզուն էր։
Երբեմն տիկին Նատիան ինծի կ՚ըսէ. «Աղջի՛կս», «Անո՜ւշս» եւ ես կը կարծեմ, թէ այդ բառերը ինք հետը բերած է այդ թաղերէն, այդ տունէն ու այդ տարիներու Պոլիսէն։ Ապրուած կեանքի, հարազատութեան ու մարդկային ջերմութեան վկայութիւններն են այդ բառերը։ Տաքուկ է նաեւ այն հայերէնը, որ կը խօսի տիկին Նատիան։ Իր խօսքին մէջ կարծես լեզուն ալ իր կենսագրութենէն մաս մը ըլլայ՝ տարիներու ընթացքին պահուած, չշտապեցուած, իր բնական համն ու հոտը չկորսնցուցած։
28 սեպտեմբեր 1951-ին ծնած Նատիա Էպէօղլուն այդ Պոլսոյ աղջիկն էր։ Դպրոցական տարիներուն Գատըգիւղէն դէպի Պոլսոյ միւս ափը կատարած ամէնօրեայ ճամբորդութիւնները մաս կազմեցին իր երիտասարդութեան։
Տարիներ անց, «Թելլալզատէ» փողոցին մէջ, մանկական խաղի ետեւէն վազվզող այդ աղջիկը հայկական խմբագրութեան մէջ աշխատելու պիտի երթար։ Աշխատեցաւ, սիրեց հայ մամլոյ աշխատանքը, բայց ճակատագիրը այլ անակնկալ մը պատրաստած էր անոր համար․ ան պիտի մտնէր Գօչունեան ընտանիք՝ այն ընտանիքը, որ հիմնած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ը։ 1972-ին Նատիան ամուսնացաւ թերթի հիմնադրի թոռան՝ Սարգիս Գօչունեանի հետ։
Ես այդ ժամանակ ծնած չէի եւ շատ տարիներ յետոյ ալ Պոլիսը ինծի տակաւին անծանօթ էր։ Ուստի չեմ կրնար պատկերացնել, թէ ի՛նչ շունչ ունէր այդ Պոլիսը, ի՛նչպէս կ՚աշխատէր թերթը, ի՛նչ պայմաններու մէջ կը պատրաստուէր օրաթերթ մը, ի՛նչ մտածումներ ունէին անցեալ տասնամեակներու մարդիկ, պոլսահայերը․․․
Բայց, լաւ է, որ կայ պատմութիւնը։ Լաւ է, որ կայ թերթը, որ կրնանք թերթել եւ այդ հարուստ եւ հետաքրքրական պատմութիւնը կարդալ։ Եւ լաւ է, որ կայ Նատիան, որուն միջոցով ալ մենք այդ տարիներու մասին կրնանք պատկերացում կազմել։
Գօչունեան ընտանիք մտնելը Նատիային համար նոր կեանքի սկիզբ դարձաւ։ Գօչունեաններու քանի մը սերունդներ իրենց կեանքը կապած էին այս թերթին հետ եւ Նատիան ալ աստիճանաբար պիտի դառնար այդ շարունակականութեան մէկ մասը։ Կարծես չգրուած օրէնք ըլլար՝ Գօչունեան ընտանիքի անդամներէն իւրաքանչիւրը ձեւով մը պիտի օժանդակէր թերթի գործին եւ Նատիան ալ չխախտեց այդ աւանդոյթը։
Օրաթերթի աշխատանքը դիւրին չէ․ կը վերցնես թերթը, մէկ նայուածքով էջերը կը թերթես, բայց, չես պատկերացներ, որ այդ էջերը մէջտեղ կու գան ծանր աշխատանքով։ Նատիան այդ ծանրութեան մէջ իր տեղը գրաւած է առաջին օրէն։
Այստեղ է, որ Նատիայի մասին «աշխատասիրութիւն» բառը բաւարար չէ։ Պաշտօնը կարեւոր չէ, գործն է կարեւորը։
Եթէ պէտք էր թերթը պատրաստել՝ պատրաստած է։ Եթէ պէտք էր սրբագրել՝ սրբագրած է։ Եթէ պէտք էր լուսանկարել՝ լուսանկարած է։ Եթէ պէտք էր թերթը հասցնել ընթերցողին՝ հասցուցած է։ Իսկ եթէ ծանր օրերու մէջ աշխատակից պահելու կարելիութիւն չկար, ան տարիներ շարունակ առտու-գիշեր աշխատած է։
Այս մանրամասնութիւնները, որոնք կը կարդանք իր կենսագրութեան մէջ, ինծի համար Նատիայի պատմութեան ամենակարեւոր կողմերէն են։ Որովհետեւ այսօր մենք պաշտօններու անուններուն շատ արագ կը նայինք։ Մարդ մը ի՞նչ է. տնօրէ՞ն, խմբագի՞ր, պատասխանատո՞ւ, ղեկավա՞ր։ Բայց, Նատիային կեանքը կը յիշեցնէ, որ երբեմն պաշտօնի անունը շատ փոքր է մարդու կատարած գործին համեմատ։ «Հրատարակութեան տնօրէնուհի» ըլլալը չի պատմեր, թէ ան քանի անգամ գրաշար եղաւ, քանի անգամ էջադրեց, քանի անգամ սրբագրեց, լուսանկարեց, թերթ բաժնեց, ծանրութիւն վերցուց կամ ըրաւ այն գործը, որ ուրիշ մէկը պէտք էր ընէր։
Գործը մեծ կամ փոքր չի դարձներ մարդը։ Մարդն է, որ իր վերաբերմունքով մեծ արժէք կը հաղորդէ կատարած գործին։
Նատիան ինծի համար աշխատասիրութեան, նուիրուածութեան, հետեւողականութեան, համբերատարութեան եւ պատասխանատուութեան օրինակ է։ Բայց, նաեւ՝ ճաշակի։
Ճաշակը միայն գեղեցիկ բաներ ընտրելը չէ։ Ճաշակը մանրուքներու մէջ գեղեցկութիւնը տեսնելու կարողութիւնն է։ Նատիայի պարագային այդ ճաշակը կ՚երեւի նաեւ շատ առօրեայ բաներու մէջ… Հագուստի ընտրութենէն, գեղեցիկ պայուսակ կամ պզտիկ զարդ մը կրելէ զատ շուրջի կոկիկութիւնն ալ կարեւոր է։ Նոյնիսկ խմբագրութեան մէջ հանուած վերարկուները անպայման պէտք է կանոնաւոր դասաւորուած ըլլան։ Թերեւս ուրիշի մը համար ասոնք մանրուքներ են, բայց, Նատիայի համար մանրուք գոյութիւն չունի, երբ խօսքը գեղեցիկի, կարգ ու կանոնի եւ խնամքի մասին է։
Ատիկա նման է բառ մը ճիշդ տեղը դնելուն, յօդուած մը ճիշդ ժամանակին ընթերցողին հասցնելուն։ Էջ մը աչքին հաճելի դարձնելը, մանրամասն չանտեսելը, մարդոց հետ խօսելու ձեւը, նոյնիսկ մէկ բառի ընտրութիւնը՝ ասոնք բոլորը նոյն ճաշակի տարբեր երեսակներն են։ Տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած այդ ճաշակը իր մէջ կը կրէ նաեւ ժամանակի մը մշակոյթը։
Ինչպէս իր հագուստը, վզկապը կամ փոքրիկ զարդը պատահական չեն, նոյնպէս պատահական չեն իր շարժումները, իր խօսքը, իր սիրելի մարդոց նկատմամբ վերաբերմունքը, իր շուրջը եղածին հանդէպ խնամքը։ Եթէ սիրած ես իր հիւրասիրած շաքարը, յաջորդ օրը անակնկալ կերպով գեղեցիկ ծրարի մէջ կ՚ունենաս ատկէ։
Նատիայի այդ ուշադիր բնաւորութիւնը անգամ մը սրճարանի մը մէջ շատ պարզ կերպով զգացի։ Միասին սուրճ կը խմէինք. վստահաբար, սուրճին հետ անուշ բան մըն ալ կար։ Այդ պահուն մայր մը մանչուկին հետ մտաւ սրճարան։ Նատիան այնպիսի գորովանքով սիրեց մանչուկը, այնպիսի քաղցրութեամբ խօսեցաւ անոր հետ, որ պահ մը կարծես իր ամբողջ ուշադրութիւնը երեխային վրայ էր։ Բայց աչքի մէկ ծայրէն նկատեց դիմացի մայթով անցնող ամուսինը՝ Սարգիսը։ Չգիտցայ իսկ, թէ ինչպէս մէկ վայրկեանի մէջ ոտքի ելաւ ու հոն հասաւ։ Պէտք էր տեսնէր՝ ո՞ւր կ՚երթար ամուսինը, բանի մը պէտք ունէ՞ր, ամէն ինչ լա՞ւ էր։ Այդ պահուն հասկցայ, որ տիկին Նատիայի ուշադրութիւնը միայն գործի մը, թերթի մը կամ մանրուքի մը նկատմամբ չէ։ Մէկ հայեացքով կը նկատէ, մէկ շարժումով կը հասկնայ եւ եթէ պէտք է՝ անմիջապէս կ՚արձագանգէ։
Թերեւս ասիկա ալ տիկին Նատիային ամենաբնորոշ գիծերէն մէկն է. ան մա՛րդը կը տեսնէ։ Ու երբ մէկը իր ուշադրութեան մէջ է, դժուար է զայն աչքէ վրիպացնել։
Անոր մէջ կայ նաեւ Հայաստանի նկատմամբ խոր սէր մը՝ հայրենիքի ցաւերով ապրելու, Հայաստանի համար սիրտը ցաւցնելու եւ անոր ապագայով մտահոգուելու անկեղծ զգացումը։ Ու որքան ալ հեռու ըլլայ, իր սիրտը միշտ կը տրոփէ հայրենիքի համար:
Եւ կայ եկեղեցասիրութիւնը՝ իր հաւատքով, եկեղեցւոյ հանդէպ կապով եւ Աստուծոյ երկիւղը սրտին մէջ պահելու այն լուռ, խորունկ զգացումով, որ իր կեանքին մաս դարձած է եւ ամուր սիւն եղած է իր ամբողջ կեանքի ճանապարհին։
Եւ համբերութիւնը։
Իր կեանքը ինքնին համբերութեան պատմութիւն մըն է։
Մենք՝ համացանցէն մշտապէս օգտուողներս, շատ բաներու մէջ անհամբեր դարձած ենք։ Էջերը մեր առջեւ արագ-արագ կը թերթուին, տեղեկութիւնը վայրկեաններու մէջ կը հասնի մեզի եւ մենք կարծես կեանքէն ալ նոյն արագութիւնը կը պահանջենք։ Կ՚ուզենք ամէն ինչ հիմա՛, անմիջապէ՛ս, արա՛գ։ Համբերութիւն չունինք։
Բայց, Նատիայի նման մարդիկ մեզի կը յիշեցնեն, որ ամէն ինչ իր ժամանակը ունի։
«Համբերէ՛, հոգիս, կեանքը ունի իր կանոնները», հաւանաբար ըսած է ան անգամ մը։ Եթէ չէ ալ ըսած, ցոյց տուած է իր վարմունքով։
Անոր մարդկային կապերն ալ այդ համբերութեան արդիւնքն են։ Տարիներ շարունակ պահպանած է բարեկամութիւններ, գործակցութիւններ, կապեր։ Եղած է վստահելի գործընկեր, լաւ ընկեր, մարդամօտ անձնաւորութիւն։
Մարդ գրաւելու այդ յատկութիւնը թերթի էջերուն վրայ միշտ չէ, որ կ՚երեւար, բայց թերթի գոյատեւման պատմութեան մէջ այդ հետքն ալ կայ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ իր 45 տարիներն ալ արդէն առանձին պատմութիւն մը կը կազմեն։ Իսկ այն թերթը, որու կեանքին մէջ իր երիտասարդ տարիքին մտաւ, կը մօտենայ իր 120-ամեակին։
75 տարի՝ մարդու մը կեանքը։
45 տարի՝ թերթի մը կեանքին նուիրուած։
120 տարի՝ թերթի մը պատմութիւնը։
Եւ այս երեք թիւերուն միջեւ կայ Նատիան։
Ամէն թերթ չէ, որ կը դառնայ 120 տարեկան։ Ընտանիք մը մէկ սերունդի մէջ չի ստեղծեր աւանդութիւն։ Մարդ մը մէկ տարուան մէջ չի կառուցեր այն վստահութիւնը, որ Նատիան տասնամեակներու ընթացքին կառուցած է։
Վերջին շրջանին տիկին Նատիան երբեմն կ՚ըսէ․ «Ալ յոգնեցայ»։
Ու ես այսօր իրեն կ՚ուզեմ ըսել. «Ի՞նչ յոգնեցար, տիկին Նատիա, համբերէ՛։ Պիտի աշխատիս տակաւին։ Մենք դեռ ինչե՜ր ունինք քեզմէ սորվելու»։
Դեռ պէտք է սորվինք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այսքան տարի գործի մը հաւատարիմ մնալ, ինչպէ՛ս կարելի է դժուար օրերուն չձգել այն՝ ինչ սիրած ես։ Ինչպէ՛ս կարելի է փոքր մանրուքներուն մէջ ճաշակ պահել, մարդոց հետ կապը չկորսնցնել եւ երբեմն ալ ամբողջ աշխարհի արագութեան դէմ կանգնելով՝ սպասել։
Բայց, ես շատ կ՚ուզեմ, որ այս անգամ դուն ալ գրես, տիկին Նատիա։
Գրէ՛ այն՝ ինչ տեսած ես։ Գրէ՛ այն մարդոց մասին, զորս ճանչցած ես, այն դէմքերը, որոնք այսօր թերեւս շատերուն համար միայն անուններ են։ Գրէ՛ այն պատմութիւնները, զորս գիտես, այն դէպքերը, որոնց ականատես եղած ես, այն տարիները, որոնց միջով անցած ես։
Այդ բոլորը կորսուի՞ն։
Երբե՛ք։
Որովհետեւ քու յիշողութիւնդ միայն քուկդ չէ։ Անիկա ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պատմութեան մէկ մասն է, Պոլսոյ հայութեան ապրած տասնամեակներուն մէկ վկայութիւնը։
Կը մաղթեմ, որ օր մը գրիչը ձեռքդ առնես ու գրես։ Ո՛չ թէ պարտք մը կատարելու համար, այլ որովհետեւ այդ պատմութիւնները պէտք է մնան։ Թող այս 75-ամեակը նոր սկիզբ մը ըլլայ՝ ե՛ւ քու ե՛ւ մեր ե՛ւ ամբողջ պոլսահայութեան համար։
75 տարիքը թող ըլլայ նոր էջ մը բանալու առիթ։
Իսկ յաջորդը թող միասին տօնենք ո՛չ թէ միայն ծնունդդ, այլեւ քու յուշերուդ շնորհանդէսը եւ, ինչպէս որդիդ՝ Արա Գօչունեան կ՚ըսէ. «Իրարմէ չզրկուինք»։ Ի՜նչ շքեղ խօսքեր ունին պոլսահայերը։
Շարունակէ՛ աշխատիլ, Նատիա։
Որպէսզի դո՛ւն ապրիս, քու ընտանիքիդ անդամներն ալ ապրեցնես։
Եւ, ինչո՞ւ ոչ, մեզի ալ ապրեցնես՝ քու շունչովդ։
Ուրեմն այսօր քեզի սովորական «շնորհաւոր տարեդարձ» մը պիտի չըսեմ, տիկին Նատիա։
Քեզի պիտի մաղթեմ, որ երբ յաջորդ անգամ ըսես՝ «ալ յոգնեցայ», մեր ձայնը լսես․ «Ի՞նչ յոգնեցար, հոգիս։ Համբերէ՛։ Դեռ պատմելիք ունիս, դեռ ընելիք ունիս, դեռ մեզի սորվեցնելիք ունիս»։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան