ԹԵՐԹԱՏԵԼՈՎ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը

* ԱՐՄԱՇԻ դպրեվանքին Զ. դասարանի աշակերտները գրով մը Սրբազան Պատրիարք Հօր տեղեկացուցած էին, թէ իրենց շրջանը լրացուցած ըլլալով Պոլիս պիտի գան՝ ստանալու համար վարդապետական աստիճանը եւ վեղարի օրհնութիւնը: Սրբազան Պատրիարքը գրով մը Արմաշի փոխ-վանահայրին ծանոյց, թէ մինչեւ որ փութով դպրեվանքին խնամակալութիւն մը չկազմուի, չիտի կրնայ անոնց խնդիրքը կատարել: Կը տեղեկացնէ նաեւ, թէ Կրօն. ժողովը արդէն իր օրակարգին մէջ անցուցած է այս խնդիրը եւ ըստ օրինի անոնց ձեռնադրութիւնը պիտի որոշէ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 25, Նոյեմ. 12-25 - 1908, էջ 3): 

* ՍԿԻՒՏԱՐԻ Հայ տիկնանց ընկերակցութիւնը կազմակերպած է թրքերէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի, գերմաներէնի եւ ձեւագիտութեան դասեր՝ տիկիններու եւ օրիորդներու համար: Պայմանները մասնաւոր կերպով դիւրամատչելի: Դիմել՝ սկսեալ չորեքշաբթի նոյեմ. 12/25 մինչեւ դեկտ. 1/14, ամէն օր առաւօտները ժամը 5-7 (Ը. Թ.), Ընկերութեան ժողովասրահը, Սելամսըզ, Աճըպատէմ, Սիւթճիօղլուի տունը (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 25, Նոյեմ. 12-25 - 1908, էջ 3): 

* ՀԱՅՈՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՔ որոշած են վերաբանալ Մշոյ Ներսէսեան վարժարանը, որ այնքան յաջող ուսումնաւարտներ ընծայած է ազգին, շուրջ 20 տարուան շրջանի մը մէջ: Ընկերութեան նախկին սաներէն բնիկ մշեցի Խարախանեան Միսաք էֆ., որ իր ուսումը Մոնրէլիէի երկրագործական համալսարանին մէջ կատարելագործած է, Մուշ կը մեկնի այս շաբթու ուսանողական խումբը կազմակերպելու եւ իր տեսչութեան ներքեւ վարժարանը վերաբանալու համար: 

Ընկերութիւնը իր անդրանիկ վարժարանը կ՚ունենայ ուրեմն Մշոյ դաշտին մէջ, Սասնոյ գիւղերուն ճիշդ քովիկը, այնպիսի տեղ մը, որ հայաբնակ գաւառաց մէջ ամենէն աւելի տուժած է վերջին աղետալի դէպքերէն: Կար եւ յաջողութիւն կը մաղթենք ընկերութեան իր այս անդրանիկ ձեռնարկութեանը մէջ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 25, Նոյեմ. 12-25 - 1908, էջ 3): 

* ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻ ՄԸ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՄԱՀԸ. Իսթանպուլի մէջ կը կարդանք.- Հանրային կարծիքը այս միջոցին վերջին աստիճան գրգռուած է Լիէժի մէջ հայ ուսանողի մը խորհրդաւոր մահուան առթիւ: Ապրիլ 16-ին իր սենեակին մէջ մեռած գտնուեցաւ Ռուբէն Քրասէլնիքեան: Ձախ քունքը ծակած էր րիվոլվէրի գնդակով մը: Ուսանողը դրամական նեղութիւն ունենալով ստիպուած էր նոյն օրը Փարիզ երթալ, ուր մայրը կը սպասէր իրեն: Ռուբէնի քով կը գտնուէր Հանրիէթ Սանտ անունով աղջիկ մը, որ վկայեց, թէ ուսանողը անձնասպան եղած էր: Հանրիէթ ձերբակալուեցաւ եւ նախնական հարցաքննութետն մէջ աչքի զարկաւ իր տարօրինակ ու խորհրդաւոր վարմունքը: Նախ խոստովանեցաւ, թէ ի՛նք սպաննած էր ուսանողը, անոր յանձնարարութեամբ: Յետոյ հասկնալով, որ այս խոստովանութիւնը վնասակար պիտի ըլլայ իրեն, լեզուն փոխեց եւ առաջին վկայութեանը վրայ պնդեց: Ուսանողը Պաքուի հարուստ նաւթատէրի մը որդին էր: Մայրը, ծնեալ Իշխանուհի Արամելիք, դատարանին առջեւ վկայելու համար Լիէժ պիտի երթայ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 25, Նոյեմ. 12-25 - 1908, էջ 3): 

* ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՏՂԱՅ Միլասցի Զեքի անուն ութ տարու իսլամ տղեկ մը, որ Կէտիկփաշայի հայ դպրոցականներուն խառնուելով քուէտուփի թափօրին մասնակցած էր, անյայտ եղած է, տղեկը դրսեցի է եւ Պոլսոյ փողոցները չի գիտեր: Տեղը գիտցողներէ կը խնդրուի Գումգաբուի ոստիկանութեան իմացնել (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 25, Նոյեմ. 12-25 - 1908, էջ 3): 

* Ռուբէն Զարդարեանի ստորագրութեամբ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՊԱՅՔԱՐ յօդուածին մէջ կը կարդանք. 

Քանի ընտրական գործողութիւնները առաջ կը տարուին՝ այնքան հակակրութիւնը եւ դժգոհութիւնը կը խորանայ Օսմանեան պետութեան ազգերուն մէջ: 

Իրականութիւնն է ասիկա, որ ամենեւին առաքինութիւն չէ ծածկելը, ո՛չ ալ քաղաքական իմաստութիւն՝ զայն արհամարհելը:

Ներկայ խառն ընտրական դրութիւնը ուրիշ արդիւնքի սահմանուած չէր արդէն յանգելու: 

Դժգոհ են փոքրաթիւ ազգութիւնները, որոնք ցրուած են մեծամասնութեանց մէջ եւ հետեւաբար չեն կրնար արուեստական միջոցներով կաշկանդուած, իրենց իրաւունքներէն օգտուիլ եւ իրենց իրաւունքներուն տէրը դառնալ: 

Դժգոհ են յոյները, դժգոհ են պուլկարները, դժգոհ են հայերը: Դժգոհ պէտք է ըլլան առաւելապէս նաեւ ասորիները, քելտանիները ու տակաւին այլ փոքր միութիւնները: 

Գոհ են միայն ուժեղները, գոհ են միայն թուրքերը, որոնք կռթնած իրենց թուական առաւելութեան եւ կարգ մը ոչ-լուացեալ միջոցներու վրայ, կը տանին անարդար յաղթանակը: 

Գոհ են յատկապէս ու անհատապէս մանաւանդ այն զօրեղները, որոնք ասկէ առաջ բռնաւորի մտրակն ունէին իրենց ձեռքը եւ այսօր երեսփոխանի փոստ մըն ալ աւելի իրենց կռնակին վրայ:

Իսկ երեսփոխանական ընտրութևանց առթիւ տեղի ունեցած իրաւազրկութիւնը, ընտրական կանոններու անարդարութեան դէմ բարձրացող տրտունջն ու գանգատը ո՛չ հասարակ, ո՛չ թեթեւ եւ ոչ ալ վաղանցուկ բնաւորութիւն կը կրեն: 

Խորհրդարանական իրաւունքը հիմն է, խարիսխը՝ բոլոր միւս իրաւունքներուն, որովհետեւ այդ իրաւունքին մէջ խտացած է ժողովրդապետութեան եւ իրաւահաւասարութեան սկզբունքը: Երբ այս պետութեան մէջ ապրող որեւէ ազգութիւն, նոյնիսկ ամենէն փոքրաթիւը, նոյնիսկ ամենէն տկարը կ՚արգիլուի օգտուելէ հիմնական իրաւունքէն, կը նշանակէ, թէ դուրս կը մնայ օրէնքէն եւ հետեւաբար նաեւ ազատ ամէն պարտականութենէ: 

Ի՞նչ արդարութեամբ կարելի է պահանջել, որ օրինակի համար, հայ ժողովուրդը վճարէ օրէնքին սահմանած բոլոր տուրքերը, իր աշխատութեամբը, իր մտքովը, իր առեւտուրովը ու իր քրտինքովը նպաստէ երկրին բարգաւաճմանն ու յառաջդիմութեանը, ուրիշ խօսքով անթերի կատարէ իր բոլոր քաղաքացիական պարտաւորութիւնները՝ երբ ամէն կերպով ջանք չէ խնայուած իր ձայնը պակսեցնելու եւ իր տեղը սահմանափակելու խորհրդարանին մէջ: 

Սահմանադրական երկրի մը մէջ ժողովուրդը պարտաւոր է հնազանդիլ իր դրած օրէնքներուն, իր գծած պարտականութիւններուն: Եւ այլատարր պետութեան մը մէջ ժողովրդապետութեան սկզբունքը այն ատեն միայն կիրարկութեան կը դրուի՝ երբ իւրաքանչիւր ազգութիւն, իւրաքանչիւր ցեղ իր թիւին համեմատութեամբ եւ իր քուէներուն անկախութեամբը ներկայացուցիչներ կ՚ունենայ Երեսփոխանական ժողովին մէջ:

… 

Ո՞րն է արդեօք տրամաբանականը, այն որ իրաւազրկութեամբ, անարդար օրէնքներու յարդարումով ու մանուածապատ, նենգաւոր ճնշուններով այդ ազգութիւնները եւ ազգային հատուածները շղթայել ուզենք այս պետութեան, թէ կատարեալ իրաւահաւասարութամբ, արդար օրէնքներով ու հաւասարութեան խելացի սկզբունքով մը բարոյապէս պարտաւորացնենք, ազատութեան ուժովը բռնադատենք զանոնք ինքնաբերաբար, կամովին եւ ներքին մղումով սիրելու հասարակաց այս հայրենիքը եւ իրենց գոյութեան կռուանը այդ հայրենիքին մէջ հաստատուած տեսնելու: 

Ո՞րն է արդեօք քաղաքական այս երկու ուղղութիւններէն լաւագոյնը, փրկարարը: 

Բռնադատութիւնները չեն որ Օսմանեան պետութիւնը կազմող ազգերուն ձգտումները պիտի խափանեն կամ անոնց համակրութիւններուն եւ հակակրութիւններուն ընթացքը ուղղեն, այդ քաղաքական աշխարհայեացքին փորձը տեսանք մենք եւ տեսած են մեզմէ առաջ դեռ մէկ քանի սերունդներ ալ: Նոր խրատներու պէ՞տքը պիտի ունենանք տակաւին: Չենք յուսար: 

… 

Սկիզբն իմաստութեան՝ Աստուծոյ երկիւղը չէ՛ հիմա, այլ Օսմանեան պետութեան մէջ ազգերու իրաւահաւասարութեան պահանջը եւ ներկայ ընտրական սիսթեմին հիմնական փոփոխութիւնը (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 26, Նոյեմ. 13-26 - 1908, էջ 1): 

* ԵՐՈՒՍԱՂԵՄԷՆ ՀԵՌԱԳԻՐ Երուսաղեմէն հետեւեալ հեռագիրը ստացանք երէկ. «Սպասաւոր Աւետիսի ծանօթ ոճրագործ կուսակիցները գիշերանց վանքէն փախան: Խռովարար եւ քինախնդիր Դաւիթ վարդապետ վանքին մէջ յաջորդած է Աւետիսի, որուն ընթացքին հետեւելով, իր անձնական վրէժխնդրութիւնը յագեցնելու համար ամէն չարիք կը գործէ: Դուրսը գտնուող Երուսաղէմի վարդապետ ու եպիսկոպոս միաբանները անհրաժեշտ է, որ Երուսաղէմ վերադարձուին: Պատ. Պատրիարքական փոխանորդ Եղիա վարդապետ, ինչպէս նաեւ Կարապետ վարդապետ չեն կրնար վանքէն ուրիշ տեղ փոխադրուիլ: Առանց անոնց ներկայութեանը անկարելի է վարդապետներուն եւ ժողովուրդին յուզումը հանդարտեցնել: Մեծ պատասխանատուութիւն կայ այս գործին մէջ»: 

Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյն տեսուչ՝ 
Աթանաս վարդապետ
Քսաներկու միաբաններու կողմէ փոխանորդաբար ստորագրուած՝ 
Թղթակցութեանց Տնօրէն Պարոնեան վարդապետ

ԺԱՄԱՆԱԿ

Սրբազան Պատրիարք Հօր եւ Կեդրոնական վարչութեան ուշադրութեանը կը յանձնենք այս ստիպողական հեռագիրը: Անցեալ շրջաններուն մէջ Երուսաղէմի խնդիրը պատրուակ մը դարձած էր անձնական կիրքեր յագեցնելու, զիրար վարկաբեկելու եւ դրամ շորթելու: Սահմանադրութեան հռչակումէն ետքն ալ, եթէ միեւնոյն ոգիով շարժին մեր ազգային մարմինները, հիմակուընէ իսկ կրնանք վանքը փճացած նկատել: Մեղք է այս դարաւոր մենաստանին. ամէն հայու սիրտ զօդուած է անոր հետ եւ ո՞վ որ գիտակցարար կամ անգիտակցաբար վանքին քայքայումը փութացնէ, այնպիսին ծանր պատասխանատուութիւն մը կ՚առնէ թէ՛ իր խղճին վրայ եւ թէ հանրութեան առջեւ: Ազատութեան այս շրջանին մէջ երբ ամէն մարդ չափէն աւելի իրաւունք կը ստանայ խօսելու, ինչո՞ւ լռութեամբ լուծելու քաղաքականութեան հետեւինք Երուսաղէմի խնդիրը: Ամենէն առաջ պէտք է աշխարհական կամ կղերական վստահելի եւ կարող անձ մը ղրկել հոն: Վանքին վարչութիւնը անոր յանձնել եւ անկէ ետքն ալ եթէ հարկ ըլլայ, հաշուական խնդիր ըսուած առեղծուածը հրապարակաւ քննել Երեսփոխանական ժողովին մէջ: Քննիչները տեսանք Օրմանեանական շրջանին, ամէն քննիչ փոխանակ դիւրացնելու, ա՛լ աւելի կնճռոտեց գործը, գոնէ այս անգամ գործնական միջոցի մը դիմենք (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 26, Նոյեմ. 13-26 - 1908, էջ 3): 

* ՕՐՄԱՆԵԱՆ ԿԱԹՈՒԱԾԱՀԱՐ

Կ. Պոլսոյ նախկին Պատրիարք Օրմանեան արքեպիսկոպոս Սահմանադրութեան հրատարակուելէն ի վեր ամէն երեւակայելի նախատինքներու կուրծք տուած էր անայլայլ, միշտ յուսալով, որ Կովկասի մէջ իր վարձած մարդիկը կաթողիկոս հռչակել կու տան զինքը եւ վայրկենաբար կը վերստանայ նախկին վարկը: Կաթողիկոսութիւնը ամուր կռուան մըն էր իրեն համար, որուն աչքերը յառած ի՛նչ ալ որ գրէին, ինչ ալ որ ըսէին, իր կեղծ ու ազգակործան պաշտօնավարութեան նկատմամբ, բնաւ չէր զգացուեր, նոյնիսկ ահագին ամբոխ մը հայհուչներով ու նախատինքներով Բերայէն Պատրիարքարան փոխադրեց զինքը ու անկէ ալ կրկին Բերա եւ Օրմանեան դարձեալ կարեւորութիւն չտուաւ: Կաթողիկոսութեան վերջին ընտրութեանց արդիւնքը սակայն ջախջախիչ, տապալիչ եղաւ իրեն համար, ամէն յոյս, ակնկալութիւն կորսուած էր, ուստի, շաբաթ օր, երբ կարդաց Ազգային ժողովոյ մէջ իր նկատմամբ եղած ամբաստանութիւնները, չափազանց յուզուեցաւ եւ առջի գիշեր սկսաւ կաթուածի նշաններ ցոյց տալ, աչքերն ու բերանը ծռեցան, շրթունքները կախուեցան եւ ամբողջ դէմքը սոսկալի ծամածռութեան մը ենթարկուեցաւ: Տքթ. Թորգոմեան եւ տքթ. Օրմանեան ամէն խնամք կը տանին, որպէսզի ա՛լ աւելի չծանրանայ վիճակը ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 26, Նոյեմ. 13-26 - 1908, էջ 3): 

* ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ կեանքի ուղեցոյցներն են մարդուս: Հարիւրաւոր ընտանիքներ այսօր նախանձելի դիրքի վրայ պիտի գտնուէին, եթէ գիտնային իրենց զաւակները մտցնել այնպիսի ընկերութիւններու մէջ, որոնք մարդը կ՚ազնուացնեն, սիրտը կը վսեմացնեն ու միտքը կը լուսաւորեն: Բերայի Հայ երիտասարդաց միութիւնը այս նպատակին վրայ հիմնուած է, որուն կ՚անդամակցին մայրաքաղաքիս մէջ անուն ունեցող պատուաւոր երիտասարդներ, ընկերութեան ո՛ր դասակարգին ալ պատկանին: Ընկերութեան նպատակն է լսարան, գիշերային ձրի դասախօսութիւն, հայ երաժշտախումբի մը կազմութիւնը եւ ընթերցատուն: Քաջայոյս ենք, թէ մտքերը լուսաւորելով դասակարգի խտիրը ի սպառ վերցնելու գաղափարին ձգտող այս միութիւնը կ՚օժտուի Բերայի եւ մայրաքաղաքիս երիտասարդներուն մասնակցութեամբը (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 26, Նոյեմ. 13-26 - 1908, էջ 3): 

* ՍԱՄԱԹԻՈՅ նորակազմ Յառաջադիմասէր հայուհեաց ընկերութիւնը, փափաքելով ընդհանուր իգական սեռի մտաւորական զարգացման սատարել, ի մէջ այլոց որոշած է նոյեմ. 16 կիրակէ օրէն սկսիլ իր առաջին դասախօսութիւնը: Ուստի, կը հրաւիրուին այն ամէն տիկինները, օրիորդները, որոնք թէ՛ անցելոյն եւ թէ ներկային մէջ ուսանելու միջոցներէն զուրկ մնացած են, ժամը 8-ին ներկայ գտնուիլ Նունեան-Վարդուհեան վարժարանը, օգտուելու սոյն ձրի դասախօսութիւններէն: 

Յառաջդիմասէր Հայուհեաց Ընկ.
Ընդհանուր Ժողովոյ
Ատենադպիր           Ատենապետ 
Պ. Մ. Սինանեան     Ա. Գ. Օվաճգեան

(ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 26, Նոյեմ. 13-26 - 1908, էջ 3):

* Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Սկիւտարի ենթակոմիտէին նախաձեռնութեամբ երեկոյթ մը սարքուած է ի նպաստ «Ռաֆֆի լսարան ընթերցարանին»: Սոյն երեկոյթը տեղի պիտի ունենայ այս ուրբաթ գիշեր, ժամը 3-ին (Ը. Թ.), նոյեմ, 14-ին, բողոքականաց ժողովարանին մէջ, Աւարայրի ակումբին երգեցիկ խումբին մասնակցութեամբ: Պիտի ատենախօսէ ընկեր Ռ. Զարդարեան եւ Սիամանթոյի հատուածէն արտասանութիւն մը պիտի կատարուի: Կը սիրենք յուսալ, թէ սկիւտարցիք ինչպէս միշտ՝ այս անգամ ալ պիտի փութան քաջալերել այսօրինակ ազգօգուտ ձեռնարկներ: Մուտքի գինն է 5 ղրշ., տոմսակները կը ծախուին Ռաֆֆիի լսարանին մէջ («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 26, Նոյեմ. 13-26 - 1908, էջ 3):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2026