ՔՆԱԾԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՔՐՄԱՊԵՏԸ

«Քիչ մը սիրով նայեցէք նկարներուն, եւ զանոնք կը խօսին ձեզի հետ »
Հրանտ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆ
Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ

Թաթոսը ժողովուրդի նկարիչն է։ Ան ամուր կառչած հայոց սրբազան հողին, իր կախարդական վրձինով կը կերտէ ազգային ու համամարդկային արժէքներ։

Արուեստագէտը իր գոյներով՝ սիրոյ մեծ մոլորակ մըն է, ուր կը թեւածէ արեգակնային լոյսն ու ջերմութիւնը։ Եւ իր արարած կտաւներէն մարդկութիւնը կը սնուցուի արուեստի կենսատու ուժով։

1938 թուականի ապրիլի 20-ին, Շիրակ աշխարհի տիեզերական գոյներու հողմապտոյտ էր։ Այդ օրը ծնած է Հրանտ Յովհաննէսի Թադեւոսեանը։ Այսօր մեծն վարպետը 88 տարեկան է։ Ճաշակելով կեանքի դառն ու դաժան ճշմարտութիւնները, ան, սակայն, երբեք չէ չարացած։ Սրտին մէջ անսահման սէրն է, հոգիին մէջ՝ բոցավառուող լոյսը, ի կեանք։ Այս բոլորը երեւակուած է նկարիչի վրձինէն ծնած անզուգական կտաւներուն մէջ։ Ամէն մի կտաւ իւրայատուկ ուժ ունի, շունչ ու սրտի թրթիռ ունի, կեանք ու իմաստ ունի։ Սիրոյ, լոյսի ու բարութեան առաքեալն է վարպետը իր արուեստով։ Հրանտ Թաթոս արուեստագէտի կեանքի ուղին հեշտ չէ եղած։ Իր աշխատասիրութեան ու բարձրեալի կողմէ տրուած տաղանդի շնորհիւ, ան տարիներու բովին մէջ թրծուած ու կայացած է որպէս հայ գեղարուեստի քրմապետ։ Անուանի գեղանկարիչը կը ստեղծագործէ բազմաժանր։ Անոր վրձինը կերտած է ու կը կերտէ նաթիւրմորթներ, դիմանկարներ, վերացական յօրինուածքներ, բնապատկերներ։

Երեւելի արուեստագէտը շրջանաւարտն է «Խաչատուր Աբովեան» Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի գեղագիտութեան ֆաքիւլթէի։ Ան երկար տարիներ մանկավարժական անխոնջ գործունէութիւն ծաւալած է՝ դասաւանդելով ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանէն ներս։ Փրոֆեսէօրը, կրթելով սերունդներ, իր փորձն ու գիտելիքները անվերապահօրէն ու անմնացորդ կը փոխանցէ ուսանողներուն։

Երփնանկարիչի ոճն ու ձեռագիրը աննման է, տարբերուող ու շէնշող։ Ան ունի գոյնի եւ պատկերի նրբաճաշակ, գեղագիտական ընկալում, մկրտուած է բացառիկ լոյսով։ Վարպետին յատուկ է գեղարուեստափիլիսոփայական խորը, ինքնատիպ մտածողութիւն, գոյներու համահաւաք, ներդաշնակ ճօճման ու տատանման թափ։ Հրանտ Թաթոսին տրուած է մարդկային շնորհներէն ազնուագոյնը՝ ստեղծագործելու, արարելու շնորհը։ Ան իր անսպառ ուժով զայն հասցուցած է կատարելութեան, խոնարհութեամբ ծառայած՝ ի նպաստ հայրենիքին ու իր ժողովուրդին։ Վերջին տասնամեակներուն հայ մշակոյթի երկնակամարին վրայ Հրանտ Թաթոսի անունը կը փայլատակէ վառ լոյսով՝ ջերմացնելով հայրենակիցներու ու արուեստի երկրպագուներու սրտերը։

Գեղանկարիչի անհատական ցուցահանդէսները փայլուն կերպով տեղի ունեցած են՝ Հայաստանի, Արժանթինի, Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի, Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ շարք մը քաղաքներուն մէջ։ Աշխարհի զանազան երկիրներու մասնաւոր հաւաքածուներուն մէջ սփռուած վարպետի կտաւները կը պատմեն ու կը խորհրդանշեն հայը։ Ուր կայ գոյներու մաէսթրոյի վրձնահարուածը, այնտեղ կը տիրէ գերբնական խաղաղութիւն, սէր, լոյսով լեցուած ջերմ մթնոլորտ։

Աւելի քան վեց հազար կտաւներու շարքին առանձնայատուկ նշանակութիւն մը ունին հայկական ու համաշխարհային կոթողները, քրիստոնէական տաճարները, սրբավայրերը, միջնադարեան հոգեւոր-կրթական համալիրները, որոնք ան յաւերժացուցած է իր մոգական վրձինով։ Անոնք պատմական Հայաստանի, հայ ազգի անդուլ հաւատի, կրօնի խօսուն ու լուռ վկաներն են։ Յատկանշական են Անիի Սուրբ Աստուածածին կաթողիկէ եկեղեցին, որ կը դասուի հայ ու համաշխարհային ճարտարապետական նմոյշի շարքին, Օձունի Սուրբ Աստուածածին գմբէթաւոր պազիլիք եկեղեցին, որ վաղ միջնադարեան եզակի կառոյցներէն է՝ յաւերժացած վարպետի կտաւներուն մէջ։ Նաեւ Սուրբ Կարապետ վանական համալիրը իր զօրութեամբ։ Մռաւ սարի լանջին բազմած պատմական Արցախի Դադիվանք վանական համալիրը։ Այս բոլորը ան պատկերած է իր վրձինի գոյներով, յատուկ վեհութեամբ ու անսահման հաւատով։ Արագած լերան լանջին՝ Ամբերդ ամրոցի տարածքին, թադեւոսեանական վառ գունապնակով արարուած է «Առաւօտ լուսոյ» կտաւը՝ վեհաշուք Սուրբ Աստուածածինը։ Անձեռակերտ կտաւ է «Խոնարհուած եկեղեցին»՝ արարուած վարպետի հոգիի ամենանուրբ գոյներով, ճշմարիտ հաւատքի նուիրական ծաղկունքով։ Ծաղկած եկեղեցիներու շարքը անվերջանալի է, քանզի վարպետը կը ստեղծագործէ ամէն օր, ամէն ժամ։

Հայրենի բնաշխարհը իր վրձինով յաւերժացուցած գեղանկարիչը հայ մշակոյթի գանձարանը հարստացուցած է արուեստի արժէքաւոր գոհարներով։ Վարպետի իւրաքանչիւր բնապատկերին մէջ կայ Հայաստան աշխարհի արբեցնող բոյրը։

Վարպետի կախարդական վրձնահարուածէն արթնցած խաշխաշները, հիւսելով քնքոյշ մեղեդի, կը սփռեն գունեղ տեսիլքներ։ Քնածական ազդեցութեամբ կը գերեն ու կը բժշկեն հոգիներ։

Հայ գեղանկարչութեան մէջ եզակի նմոյշ կրնանք համարել Հրանտ Թաթոսի սպիտակ ցուլը՝ «Դադար»։ Գլխաւոր մեղեդին կանգ առած ակնթարթն է։ Երբ երաժշտութիւնը դադրած է, բայց օդին մէջ կը սաւառնին հնչիւնները։ Կտաւին մէջ մենակատարը ճերմակ ցուլն է՝ յստակ, մաքուր, առինքնող։ Սա երաժշտա-խոհափիլիսոփայական առասպելական կտաւ մըն է, ուր խորհուրդը սպասողական լռութիւնն է։ Արուեստագէտի մտահորիզոնը հատելով ժամանակի սահմանը, փիլիսոփայօրէն իմաստաւորած՝ ընտրած է իր հոգիին ներդաշնակ գունաֆոնը։ Ճերմակ ցուլը իր ետին կը թողէ մութն ու խաւարը՝ մուգ դարչնագոյնէն անցնելով կարմիրով, ուղենիշը՝ դէպի արեւի ոսկեդեղինը։ Խորհրդաւոր այս կենդանիէն լոյս կը ցոլէ։ Պերճաշուք կեցուածքով ցուլը, հզօր, բայց հանգիստ, հաստատուն ու անդրդուելի կը քայլէ դէպի նորի սկիզբ, դէպի յաղթանակ։

Հրանտ Թաթոսի «Վարագոյրի ետեւին» կտաւը գայթակղութեան բարձրակէտ է։ Ստեղծագործ մտաւորականը արարած է շնչահեղձութեան հասնող զգացմունք։ Հիւթեղ կարմիրին մէջ կնոջ շքեղութիւնն ու առաքինութիւնն է՝ զուգորդուած այնպիսի խոնարհ կերպարանքով, որ կը լեցուիս-կը լիանաս այրող ու մաքուր բոցով։ Վարագոյրէն այն կողմ պատկերուած է կանացի ողջ հմայքը, գաղտնի, խորհրդաւոր էութեամբ։ Սիրոյ, կիրքի բոցավառուող կարմիրէն, ակամայից Աւետիք Իսահակեանի տողերը կու գան. «Եկէք՝ ստեղծենք Ադամի համար մի քնքոյշ ընկեր, որ մարդը միայնակ չվայելէ դրախտի հրապոյրները»։

… Եւ Աստուած բռնեց դէպի վեր սուրացող կրակն ու անոր բեկբեկուն, ճախրուն բոցերէն ստեղծեց անդրանիկ կինը՝ Լիլիթը։

Եւ նայելով իր ստեղծածին՝ հիացած ըսաւ.

«Բարի է, որովհետեւ գեղեցիկ է»։

Անուանի նկարիչի հետ շփումը մեծագոյն պատիւ է։ Ան մարդկային բարձր արժանիքներով օժտուած իմաստուն մտաւորական մըն է։ Իւրաքանչիւր բառը, խօսքը, անգամ վարուելաձեւը մշակոյթ է՝ բնորոշ ազնուագոյն արուեստագէտին։ Նշանակալի է իր սիրելի ու գեղեցկուհի տիկնոջ դերը վարպետի կեանքին մէջ։ Տիկին Սիլվան, հայ կնոջ յատուկ հեզութեամբ, ջերմութեամբ, հոգատարութեամբ, մեծ սիրով կ՚ոգեշնչէ Հրանտ Թաթոս մեծութիւնը։ Գեղանկարիչի աչքերուն նայելով՝ կը սուզուիս մինչեւ հոգիի անյատակ խորքը, ուր բարութիւն ու ջերմութիւն կը յորդի։ Ծայրայեղ նրբանկատ ու վեհանձն է գոյներու մաէսթրոն։ Երջանկութիւն է ըլլալ անոր ժամանակակիցը, բարեբախտութիւն՝ անձնապէս ճանչնալը։

Մ. ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2026