ԿԵԼ-ՄԱՆՆԻ ԱՆՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ. ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՆԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Ամէն օր տեղեկութիւններու ծովուն մէջ կ՚ապրինք։ Հեռատեսիլ, համացանց, լրատուական կայքեր, ընկերային ցանցեր, տեսանիւթեր, յօդուածներ… Մարդը կարծես երբեք այսքան տեղեկութիւն չէ ունեցած։ Սակայն, հարցը տեղեկութեան քանակը չէ։ Հարցը այն է, թէ այդ տեղեկութիւնը որքա՛ն ճիշդ է եւ աւելի կարեւորը՝ ինչպէ՛ս կը վերաբերուինք անոր։
Այս երեւոյթը բնորոշելու համար ամերիկացի գրող Մայքըլ Քրայթըն շրջանառութեան մէջ դրաւ «Կել-Մաննի անյիշողութեան ազդեցութիւն» եզրը։ Ան զայն կոչեց Նոպելեան մրցանակակիր Մըրէյ Կել-Մաննի անունով։ Ան այս ազդեցութիւնը կը նկարագրէ տարօրինակ, բայց շատ տարածուած մարդկային սովորութիւն մը։
Ենթադրենք՝ օրաթերթի մը մէջ կը կարդաք ձեր մասնագիտութեան կամ այն բնագաւառին մասին, զոր շատ լաւ կը ճանչնաք։ Երկու-երեք նախադասութենէն իսկ կը նկատէք փաստական սխալներ, թերի մեկնաբանութիւններ, չափազանցութիւններ կամ նոյնիսկ բացայայտ անհեթեթութիւններ։ Կը մտածէք. «Այս լրագրողը նիւթին մասին գրեթէ ոչինչ գիտէ»։
Բայց քանի մը վայրկեան ետք կը բանաք նոյն թերթի յաջորդ էջը, ուր կը խօսուի տնտեսութեան, քաղաքականութեան, առողջապահութեան կամ միջազգային հարցերու մասին։ Այդտեղ այլեւս մոռցած կ՚ըլլաք նախորդ սխալները եւ ենթագիտակցաբար կը սկսիք վստահիլ գրուածին։
Ահա այս է Կել-Մաննի անյիշողութեան ազդեցութիւնը։
Մարդկային միտքը տարօրինակ կերպով կը բաժնէ աշխարհը «իմ գիտցածս» եւ «իմ չգիտցածս» ոլորտներու։ Երբ սխալը կը վերաբերի մեզի ծանօթ նիւթի մը, անմիջապէս կը նկատենք զայն։ Բայց նո՛յն աղբիւրը, նո՛յն լրագրողը եւ նոյն խմբագրութիւնը յանկարծ վստահելի կը թուին, երբ հարցը դուրս է մեր փորձառութենէն։
Սա պարզ մոռացկոտութիւն չէ։ Ան մտային կարճ ճամբայ մըն է, որով ուղեղը կը փորձէ արագ որոշումներ տալ։ Մարդիկ չեն կրնար ամէն լուրը ստուգել, ամէն փաստը համեմատել կամ ամէն ուսումնասիրութիւնը կարդալ։ Ուստի, կը նախընտրեն վստահիլ հեղինակաւոր երեւցող աղբիւրներու։ Սակայն, հեղինակութեան պատրանքը միշտ չէ, որ գիտելիքի ապացոյց է։
Ամենէն վտանգաւորը այն է, որ այս երեւոյթը կը սնուցանէ հասարակական տգիտութիւնը։ Երբ մարդիկ անվերջ կը սպառեն տեղեկութիւններ՝ առանց քննադատական մտածողութեան, աստիճանաբար կը սկսին շփոթել տեղեկացուած ըլլալը գիտակ ըլլալու հետ։ Իրական գիտելիքը կը պահանջէ ժամանակ, ուսումնասիրութիւն, կասկած եւ համբերութիւն։ Իսկ լրատուական վերնագիրը կը պահանջէ ընդամէնը քանի մը վայրկեան։
Այսօր ընկերային ցանցերը այս ազդեցութիւնը բազմապատկած են։ Տեսանիւթ մը, որ ունի միլիոնաւոր դիտումներ, շատերուն համար արդէն իսկ «ապացոյց» է։ Հանրաճանաչութիւնը կը շփոթուի ճշմարտութեան հետ։ Մինչդեռ սուտը շատ աւելի արագ կը տարածուի, քան ճշմարտութիւնը, որովհետեւ ան զգացումներ կը շարժէ, ո՛չ թէ քննադատական մտածողութիւն։
Աւելին՝ մարդիկ հակուած են ընդունելու այն տեղեկութիւնները, որոնք արդէն կը համապատասխանեն իրենց համոզումներուն։ Այս պատճառով ո՛չ միայն լրատուամիջոցները կրնան մոլորեցնել հասարակութիւնը, այլեւ ընթերցողը ինքզինք կրնայ մոլորեցնել՝ ընտրելով միայն այն, ինչ որ կ՚ուզէ լսել։
Կել-Մաննի անյիշողութեան ազդեցութիւնը մեզի կը յիշեցնէ կարեւոր ճշմարտութիւն մը. եթէ աղբիւր մը սխալ է այն նիւթին մէջ, զոր լաւ կը հասկնանք, ապա շատ հաւանական է, որ նոյնքան սխալ ըլլայ նաեւ այն նիւթերուն մէջ, որոնց մասին մենք քիչ գիտենք։ Այս գիտակցութիւնը պէտք է մեզ դարձնէ աւելի զգօն, ո՛չ թէ աւելի լկտի։ Պէտք չէ մերժել ամէն տեղեկութիւն, այլ պէտք է սորվիլ հարցնել, համեմատել, ստուգել եւ միայն անկէ ետք եզրակացութիւն կազմել։
Ժամանակակից աշխարհի մէջ տեղեկութիւնը ուժ է, բայց չստուգուած տեղեկութիւնը կրնայ դառնալ վտանգաւոր զէնք։ Սեղմուած իւրաքանչիւր կոճակ, տարածուած իւրաքանչիւր հրապարակում եւ կարդացուած իւրաքանչիւր վերնագիր քիչ մը կը ձեւաւորէ մեր աշխարհայեացքը։ Եթէ այդ հիմքը կառուցուած է սխալ տեղեկութիւններու վրայ, մեր կարծիքներն ալ անխուսափելիօրէն կը խեղաթիւրուին։
Կել-Մաննի անյիշողութեան ազդեցութիւնը, հետեւաբար, միայն լրատուամիջոցներու խնդիր չէ։ Ան մարդկային մտածողութեան հայելին է։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ դառնալ այս տարաբանութեան զոհը, եթէ մոռնայ, որ կասկածը գիտելիքի թշնամին չէ, այլ առաջին քայլն է դէպի աւելի խոր ըմբռնում։
Գուցէ իսկական իմաստութիւնը ամէն ինչ գիտնալը չէ, այլ ընդունիլը, թէ որքան քիչ բան գիտենք, եւ այդ գիտակցութեամբ շարունակել փնտռել ճշմարտութիւնը՝ առանց կուրօրէն վստահելու ո՛չ վերնագիրներուն, ո՛չ ալ սեփական համոզումներուն:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ