ԲԱՆԱԼՈՎ ՄԵԾ ՄԱՅՐԻԿԻ ՇՔԱՊԱՀԱՐԱՆԸ
Ընկերային ցանցերու վաճառքի էջերուն մէջ այսօր յաճախ կը հանդիպինք այսպիսի խորագրերով յայտարարութիւններու․ «Խորհրդային ժամանակներու իրեր կը վաճառուին», «Մեծ մամայիս սպասքէն մնացած է», «Չգործածուած օժիտի իրեր», «Հին բիւրեղապակի», «Տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող շքապահարան, պիւֆէ» եւ այլն։
Լուսանկարներուն մէջ երբեմն կը տեսնենք տարիներով փակ մնացած շքապահարանի մը կամ սպասքապահարանի մը դռները։ Ապակիէն անդին կը փայլին բիւրեղապակեայ գաւաթները, շաքարամանները, ծաղկամանները, թէյի, սուրճի, ճաշի սպասները, դգալները, աղամանները եւ այլ իրեր։ Ուրիշ յայտարարութեան մը մէջ կրնան ըլլալ բոլորովին նոր, բայց երբեք չգործածուած հողաթափեր, տնային զգեստներ, երեսսրբիչներ կամ անկողնային պարագաներ՝ «օժիտէն մնացած» նշումով։
Այսօր այս ամէնը կրնայ թուիլ հին կենցաղի պատահական մնացորդ։ Բայց, եթէ քիչ մը աւելի ուշադիր նայինք, կը տեսնենք, որ մեր աչքին առջեւ վաճառքի կը դրուին տան մը մշակոյթը, ընտանիքի մը յիշողութիւնը եւ կենցաղային ամբողջ դարաշրջան մը։
Այդ աշխարհը ո՛չ միայն կը հեռանայ, այլեւ կը փոխարինուի նորով մը, որ իր կարգին շատ արագ կը դառնայ համատարած եւ միանման։
Մինչդեռ անցեալին այլ էր կեանքը։
Խորհրդային տարիներու հայկական տան մէջ շքապահարանը սովորական կահոյք չէր։ Անիկա տան ամենէն ներկայացուցչական անկիւններէն մէկն էր։ Անոր ապակեայ դռներուն ետին կը դասաւորուէր տան «լաւագոյն» աշխարհը՝ այն իրերը, որոնք ամէն օր չէին գործածուեր, բայց, տունը կը ներկայացնէին որպէս խնամուած, բարեկեցիկ եւ հիւրասէր ընտանիքի բնակավայր։
Մեր մանկութեան տարիներուն այդ պահարանները տան ամենէն ուշագրաւ անկիւններէն մէկն էին։ Ծանր փայտէ, ապակեայ դռներով, երբեմն ամբողջ պատ մը բռնող։ Փայտը տարիներու գործածութենէն մաշուած էր, սակայն, դռներուն ետին ամէն բան իր տեղը ունէր։
Այդ պահարաններուն մէջ կային փոքրիկ խորշեր ալ, ուր կը պահուէին մանր իրեր՝ յիշատակներ. բաներ, որոնք առօրեային մէջ պէտք չէին, բայց, նետելու ալ յամար չէին։
Սակայն, այդ ամէնը ամէն օր չէր գործածուեր։
«Մի՛ գործածեր, առիթին կը հանենք»։
Տան մէջ կար առօրեայ սպասք եւ կար «լաւ» սպասք։ Կար ամէնօրեայ անձեռոց եւ կար այն անձեռոցը, որ պահուած էր հիւրերու կամ յատուկ օրուան համար։ Կային սովորական գաւաթներ եւ կային բիւրեղապակեայ գաւաթներ, որոնց դպչիլը նոյնիսկ որոշ զգուշութիւն կը պահանջէր։
Իր մը ունենալը դեռ չէր նշանակեր զայն գործածել։ Ընդհակառակը՝ լաւագոյնը կը պահուէր։
Մարդիկ երկար կը սպասէին այն օրուան, երբ իրենց ունեցած լաւագոյն իրերը պիտի հանէին։ Այդ օրը երբեմն կու գար, երբեմն ալ՝ ոչ։
Բիւրեղապակին իր առանձնայատուկ պատմութիւնը ունէր։
Խորհրդային տարիներուն ամէն ինչ մատչելի չէր։ Լաւ որակի սպասք, գեղեցիկ ճենապակի, բիւրեղապակի կամ արտասահմանեան արտադրանք ձեռք բերելը կը պահանջէր երկար փնտռտուք, կարգ սպասել խանութներուն առջեւ, ծանօթութիւն, համբերութիւն։ Ապրանքի սղութիւնը իրերուն ուրիշ արժէք մը կու տար։
Երբ որեւէ բան դժուար էր գտնել, զայն կը պահէին։
Այսօր կրնանք չհասկնալ, թէ ինչո՛ւ բիւրեղապակեայ գաւաթներուն այդքան մեծ կարեւորութիւն կը տրուէր։ Սակայն, ժամանակի կենցաղը հասկնալու համար պէտք է նաեւ հասկնալ անոր թերի կողմերը։ Այն, ինչ որ այսօր կարելի է մէկ օրուան մէջ գնել, երէկ կրնար ամիսներու փնտռտուքի արդիւնք ըլլալ։
Եւ երբ վերջապէս տուն մտնէր այդ բիւրեղապակեայ սպասքը, անիկա թանկ բան մըն էր, որ պէտք էր խնայել։
Այդպէս պահուած իրերը տարիներու ընթացքին իրենց վրայ կը հաւաքէին տան փոշին, երբեմն՝ նաեւ տան լռութիւնը։ Փոշին մաքրելիք բան մըն էր, բայց, իրերէն բաժնուիլը միշտ այդքան դիւրին չէր։
Այդ տան պատերուն վրայ ալ կային բաներ, որոնք այսօր քիչ-քիչ կը հեռանան մեր տուներէն։
Գորգը՝ պատին կախուած, երբեմն ամբողջ սենեակին շեշտը։ Հին գորգերու գոյները տունին կը հաղորդէին ջերմութիւն մը, որ նոր բնակարաններուն մէջ միշտ չէ, որ կը զգացուի։
Գրապահարանը՝ իր բազմաթիւ գիրքերով։ Թումանեան, Րաֆֆի, Իսահակեան, Չարենց, Հայկական հանրագիտարանի բազմահատորները։ Գիրքերը միշտ չէ, որ կարդացուած էին, բայց, տունին մէջ անոնց ներկայութիւնը բան մը կ՚ըսէր ընտանիքին մասին։
Այդ գրապահարանը կը ներկայանար որպէս տան մտաւորական անկիւնը, նոյնիսկ եթէ անոր բոլոր գիրքերը երբեք չէին բացուած։
Դաշնամուրն ալ իր տեղը ունէր։ Երեխան կրնար երաժշտութեան դասի երթալ, ընտանիքը կրնար իսկապէս սիրել երաժշտութիւնը, կամ դաշնամուրին ներկայութիւնը պարզապէս տան մշակութային կերպարի մէկ մասը ըլլար։
Այսօր այդ տուներէն շատերու մէջ չկան ո՛չ ծանր գրապահարանները, ո՛չ պատի գորգը, ո՛չ ալ մեծ դաշնամուրը։
Փոխուած է տունը։
Եւ տունին հետ՝ տան մարդոց առօրեան։
Հին տան մէջ ուրիշ բան մըն ալ կար՝ հիւրընկալութիւնը։
Հիւրը տուն կու գար։ Հիւրընկալութիւնը պարզ սուրճ մը մատուցանելէն շատ աւելին էր։ Կը շտկուէր սեղանը, կը հանուէր յատուկ սպասքը, ժամերով կը պատրաստուէին ուտեստներ, կը դասաւորուէին ափսէները, գաւաթները, դգալները։
Հիւրը կրնար ժամերով նստիլ։
Ընտանիքը միասին կը ճաշէր, կը խօսէր, կը վիճէր, կը ծիծաղէր։ Մեծ սեղանը տան կեդրոններէն մէկն էր։
Այսօր շատ բան փոխուած է։ Ծնունդները, տարեդարձները, կնունքները, նշանադրութիւնները եւ նոյնիսկ սովորական հանդիպումները յաճախ դուրսը կը նշուին։ Սրճարան մը, ճաշարան մը կամ այլ վայր մը շատ անգամ աւելի դիւրին է։
Տան մէջ մնացած հիւրասիրութիւնն ալ փոխուած է՝ սուրճ, թէյ, պտուղ, քիչ մը քաղցրեղէն, եւ հիւրը կ՚երթայ։
Կեանքը արագացած է, մարդիկ ժամանակ չունին, համբերութիւն ալ չունին։
Այդ արագութեան մէջ տունը կամաց-կամաց կը դադրի այն մեծ հաւաքավայրը ըլլալէ, որ ժամանակին էր։
Բայց օժիտը դեռ կը պատմէ ուրիշ բան մը։ «Օժիտէն մնացած» գրութիւնը այսօր ալ կը հանդիպի վաճառքի յայտարարութիւններուն մէջ։ Այդ երկու բառերը ամբողջ պատմութիւն մը կը պարունակեն՝ տարիներով պահուած հողաթափ մը, չգործածուած ներքնազգեստ մը, նոր սրբիչներ, սփռոցներ, անկողնային սպիտակեղէն, սպասք։
Մէկը այդ իրերը տարիներ առաջ գնած էր նոր տուն մտնող աղջկան համար։ Կամ ընտանիքը տարիներ շարունակ հաւաքած էր զանոնք՝ մէկ-մէկ, դժուարութեամբ։
Օժիտը նոր կեանքի մը սկսելու պատրաստութիւն էր։ Աղջիկը նոր տուն պիտի մտնէր եւ ձեռնունայն չէր երթար։
Սաւանները, վերմակները, բարձի երեսները, սրբիչները, սփռոցները, կաթսաները, տապակները, հողաթափերը, տնային հագուստը եւ տակաւին ուրիշ իրեր ալ՝ ամէն բան իր տեղը պիտի ունենար։
Այսօր օժիտը փոխուած է։ Աւելի քիչ մանր իրեր, աւելի շատ կենցաղային խոշոր սարքեր, խոհանոցային նոր պարագաներ։
Սակայն, գաղափարը ամբողջովին չէ անհետացած․ նոր տունը դատարկ չմտնելու ցանկութիւնը տակաւին գոյութիւն ունի։
Իսկ այսօր այդ տարիներով պահուած իրերը կը յայտնուին վաճառքի էջերուն մէջ։ Յաճախ այդ իրերը կը վաճառուին շատ աժան։ Կարծես անոնց տէրերը կ՚ուզեն պարզապէս ազատիլ անոնցմէ։
Երբեմն նոյնիսկ գին չեն պահանջեր՝ «Ով կ՚ուզէ՝ թող գայ, տանի», «Անվճար է, միայն թէ տարէք», «Պէտք չունինք, ով կ՚ուզէ՝ թող վերցնէ»։
Այսպիսի յայտարարութիւններ այսօր բազմաթիւ են։ Մարդիկ երբեմն չեն ալ փորձեր հին շքապահարանը, բիւրեղապակին, սպասքը, գորգը կամ այլ իրեր վաճառել։ Պարզապէս կու տան՝ պայմանով, որ մէկը գայ ու տանի։
Առաջին հայեացքով ասիկա տան մէջ տեղ ազատելու սովորական ցանկութիւն մըն է։ Բայց, աւելի խորքին մէջ կրնայ ուրիշ բան մը ըլլալ՝ անցեալէն ազատելու հոգեբանական պահանջ մը։ Անոնք կապուած են մարդու մը, ժամանակաշրջանի մը, ապրուած կեանքի մը հետ։ Եւ երբ այդ կեանքը այլեւս գոյութիւն չունի, մարդը հեռացած է, առարկան կրնայ դառնալ ո՛չ թէ յիշատակ, այլ՝ տանջող բան մը․․․
Այդ պատճառով «միայն թէ մէկը տանի» արտայայտութեան ետին երբեմն ուրիշ ցանկութիւն մըն ալ կը զգացուի․ տունը մաքրել անցեալի բեռէն, իրերու լռութենէն, փակ պահարաններու ծանրութենէն, ընտանիքի հին պատմութիւններէն։
Մարդը կը նորոգէ տունը, կը ներկէ պատերը, կը փոխէ յատակը, կը գնէ նոր կահոյք, կը հանէ հին վարագոյրները եւ վերջապէս կ՚ուզէ, որ տունը նաեւ հոգեբանականօրէն նոր ըլլայ։
Այդ պահուն հին իրին համար գին որոշելը նոյնիսկ երկրորդական կը դառնայ։
Այս տեսանկիւնէն շատ հետաքրքրական է, որ նոյն առարկան մէկ ընտանիքի համար կրնայ ըլլալ անցեալի ծանրութիւն, իսկ ուրիշի մը համար՝ գտածոյ գանձ։
Հետաքրքրական է դիտել, թէ ովքե՛ր են այն մարդիկ, որոնք կը զանգեն, կը վճարեն կամ պարզապէս կու գան հին շքապահարանի փոշոտ պարունակութիւնը տանելու։ Այս իրերը ունին իրենց յատուկ «որսորդները»։
Հնութեան սիրահարներն ու հաւաքորդները ժամանակակից, իրարու նմանող արտադրանքի դարաշրջանին մէջ կը փնտռեն իւրօրինակութիւն։ Անոնց համար խորհրդային տարիներու բիւրեղապակին, ճենապակին կամ բնական փայտէ կահոյքը որակի, ճաշակի եւ որոշակի ժամանակաշրջանի գեղագիտական լեզուի նշան են։ Անոնք այդ իրերը կը գնեն ո՛չ միայն գործածելու, այլեւ տան մէջ անհատական մթնոլորտ ստեղծելու համար։
Սրճարաններու, ճաշարաններու, պանդոկներու, լուսանկարչական սրահներու ձեւաւորողները նոյնպէս կը փնտռեն հին իրեր։ Վերջին տարիներուն անցեալի եւ կարօտախտի ոճը տարածուած է։ Հին շքապահարանը, գաւաթները, գորգը, պատի զարդերը, հին սփռոցները կամ նոյնիսկ չգործածուած օժիտի իրերը կրնան դառնալ նոր վայրի ձեւաւորման մաս։
Այդպիսի տարածքներու մէջ հինը այլեւս «հին» չէ։ Անիկա ձեւաւորում է։
Կարօտախտով ապրողները թերեւս ամենէն հետաքրքրական գնորդներն են։ Շատերուն համար ուրիշի մեծ մայրիկի սուրճի գաւաթը կամ շաքարամանը սեփական մանկութեան յիշատակն է։ Գնելով այդ իրը՝ մարդը կը փորձէ վերադարձնել կորսուած տան մը ջերմութիւնը, մանկութեան ապահովութիւնը, մեծ մայրիկի խոհանոցին կամ ընտանեկան սեղանին հետ կապուած զգացումը։
Եւ վերջապէս կան գործնական ու խնայող գնորդներ, որոնք հին իրերը կը գնահատեն անոնց դիմացկունութեան եւ ինքնատիպութեան համար։ Անոնք կրնան նախընտրել հին բուրդէ գորգը, բամպակեայ սպիտակեղէնը, ամուր մետաղէ դգալները կամ փայտէ կահոյքը՝ ժամանակակից, երբեմն աւելի աժան եւ արհեստական արտադրանքին փոխարէն։
Հին իրերու շրջապտոյտին մէջ կը հանդիպինք երկու բոլորովին տարբեր վերաբերմունքներու․ մէկը կը փորձէ փակել անցեալի դուռը, միւսը՝ բանալ զայն։
Հին իրերու ամբողջ հմայքը այս է՝ անոնք կը փոխեն իրենց տէրը, բայց չեն կորսնցներ իրենց պատմութիւնը։
Վերջին տասնամեակներուն Հայաստանի մէջ «եւրովերանորոգումը», նոր շինանիւթերը, կերպընկալէ, արհեստական նիւթերը, ներկառուցուած պահարանները եւ ժամանակակից կահոյքը մեծ մասամբ փոխարինեցին հին տան տեսքը։
Այսօր խորհրդային ոճի կամ հին հայկական կենցաղը ամբողջութեամբ պահպանած տուներ արդէն հազուագիւտ են։
Եւ երբ մտնես նոր տուն մը, երբեմն կրնայ այնպիսի զգացում մը ստեղծուիլ, թէ ո՛չ թէ Հայաստան ես, այլ աշխարհի որեւէ այլ քաղաք։ Նոյն խոհանոցները, նոյն բազմոցները, նոյն պահարանները, նոյն լուսաւորութիւնը, նոյն բաց գոյները, նոյն արհեստական մակերեսները կը դիմաւորեն ամէն տեղ։
Տուները կը դառնան աւելի յարմարաւէտ, աւելի մաքուր, աւելի դիւրին պահպանելի, բայց նաեւ՝ իրարու աւելի նման։
Այս մէկը միայն Հայաստանի երեւոյթը չէ։ Ամբողջ աշխարհի քաղաքային բնակարանները կը նմանին իրարու։ Սակայն, մեզի համար այդ փոփոխութիւնը յատկապէս տեսանելի է, որովհետեւ մէկ սերունդի կեանքի ընթացքին կարելի եղաւ տեսնել երկու ամբողջովին տարբեր տուներ։
Նոր տան մէջ կրնայ չմնալ մէկ բան նոյնիսկ, որ պատմէ՝ այս տունը ո՞վ ապրած է, ո՞ւր ծնած են անոր բնակիչները, ի՞նչ սովորութիւններ ունեցած են, ի՞նչ իրեր սիրած են։
Այդ պատճառով պարտադիր չէ ամէն հին բան նետել։ Ո՛չ ալ ամէն նոր բան մերժել։
Տունը պէտք է ապրի։
Գուցէ հին կենցաղէն մեզի մնացած ամենէն կարեւոր դասերէն մէկն ալ այս է՝ ամէն ինչ «վաղուան» համար մի՛ պահեր։
Գեղեցիկ գաւաթը, որ տարիներով պահուած է պահարանին մէջ, թող երբեմն գործածուի։ Լաւ անձեռոցը թող բացուի, կախուի կախիչէն, գեղեցիկ սփռոցը թող փռուի սեղանին։ Այն հագուստը, որ «յարմար առիթի» համար պահած ես, գուցէ այդ առիթը այսօր իսկ ըլլայ։
Որովհետեւ կեանքը միշտ չէ, որ կը սպասէ մեր նախատեսած վաղուան։
Մենք շատ բաներ կը պահենք՝ «յետոյ» գործածելու համար։ Կը սպասենք յատուկ օրուան, մեծ տօնի, կարեւոր հիւրի, յարմար առիթի։ Բայց, երբեմն այդ «վաղը» չի գար։ Տարիները կ՚անցնին, իրերը կը մնան իրենց տուփերուն կամ պահարաններուն մէջ, իսկ մարդը կը հասկնայ, որ այն գեղեցիկ իրը, որ պէտք էր մէկ օր հանուէր, այդ մէկ օրը երբեք չեկաւ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան