ԶԱՐԵՀ ԳԱԶԱԶԵԱՆ (1883 - 1968)

Բանաստեղծ, գրող եւ խմբագիր Զարեհ Գազազեան ծնած է 1883 թուականի մարտի 1-ին, Իզմիր: 

Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Մեսրոպեան վարժարանէն ներս, ապա յաճախած է տեղւոյն ամերիկեան եւ ֆրանսական քոլէճները: Իր ուսուցիչներէն եղած են Եւփիմէ Օտեան (Գրիգոր Օտեանի քոյրը), Մատթէոս Մամուրեան, Ռուբէն Որբերեան եւ իր հայրը՝ Խաչիկ Գազազեան, որ Իզմիրի Մեսրոպեան եւ Հռիփսիմեան վարժարաններուն տնօրէնը եղած է: 

Տասներկու տարեկանէն սկսած է գրել: Առաջին ստեղծագործութիւնը բանաստեղծութիւն մը եղած է:

1910-1914 թուականներուն Իզմիրի Ուսումնական խորհուրդին անդամակցած է: 

1911-1914 թուականներուն Իզմիրի մէջ հիմնած, հրատարակած ու խմբագրած է «Հայ գրականութիւն» ամսաթերթը: Այս ամսաթերթին մասին Դանիէլ Վարուժան Գազազեանի ուղղած նամակի մը մէջ այսպէս կը գրէ. «Պարբերականդ կանոնաւոր կը ստանամ։ Միշտ կուռ «Հայ գրականութիւնն» է։ Գնահատումս նոյնն է եւ հիացումս՝ անխախտ։ Թրքահայերու միակ հանդէսն է այժմ, որ իրական արժէք ունի» (Յուլիս, 1913, Պոլիս): Ան այս ամսաթերթին շուրջ յաջողած է համախմբել արեւմտահայ գրականութեան նշանաւոր գրողներ. ինչպէս՝ Բաբգէն արք. Կիւլէսէրեան, Մաղաքիա արք. Օրմանեան, Եղիշէ արք. Դուրեան, Սիպիլ, Զապէլ Եսայեան, Աւետիս Ահարոնեան, Դանիէլ Վարուժան, Վահան Թէքէեան, Ռուբէն Զարդարեան, Սիամանթօ, Արշակ Չօպանեան, Ռուբէն Սեւակ, Յակոբ Քիւֆէճեան (Օշական), Վահան Մալէզեան, Տիգրան Չէօկիւրեան եւ այլ նշանաւոր գրողներ։ 

1914 թուականի օգոստոսին մեկնած է Նիւ Եորք:

Երկար տարիներ աշխատակցած է Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին:

1963 թուականին, Փարիզի մէջ հրատարակած է հատոր մը, «Բանաստեղծութիւններ» վերնագիրով: 

Յակոբ Օշական քինախնդիր գրոհ մը կազմակերպած է Գազազեանի այս հատորին դէմ, նկատի ունենալով անոր այս հատորին գրած նախաբանը: Յակոբ Օշականի գրութիւնը կը կրէ «Նախաբանին վերջաբանը» վերնագիրը: Կարդա՛նք. 

* 

Մեր գրականութեան մէջ հազուադէպ պարագայ չէ, որ մարդ մը, իր անունին շուրջ վաղ երիտասարդութեան կազմած համարումը ծերութեան սեմին կամ ծաղկեալ ծերութեան այս կամ այն ձեւով չպակսեցնէ: Այս տխուր մտածումը անխուսափելի կը դառնայ, երբ մարդ ձեռք առնէ Զարեհ Գազազեանի վերջերս (1963) Փարիզի մէջ լոյս ընծայած «Բանաստեղծութիւններ» հատորը: 

Մեր մամուլի պատմութեան մէջ յարգելի անուն մըն է Զարեհ Գազազեան, հիմնադիր-խմբագիրը Իզմիրի «Հայ գրականութիւն» ամսաթերթին: 1911-14 լոյս ընծայած է իր ամսաթերթը, աշխատակից ունենալով արեւմտահայ գրականութեան ամենէն աչքառու գրողները: Հայ գրականութեան մատուցած իր ծառայութիւնը ա՛յս է, իսկ ասկէ դուրս դժուար թէ հայ գրականութիւնը առիթ ունենայ որեւէ ձեւով յիշելու իր անունը: 

«Հայ գրականութիւն» ամսաթերթին այս յարգելի հեղինակը իր «Բանաստեղծութիւններ» հատորին գրած է տասնհինգ էջնոց նախաբան մը: 33-րդ էջին հրատարակած է իր լուսանըկարը, «քաշուած 1962-ին, 79-րդ տարեդարձիս առիթով». իսկ գրքին վերջին երկու էջերուն վրայ արձանագրած է «կենսագրականս՝ համառօտ գիծերով»:

Ութսուննոց մարդու մը մօտ յուզիչ են արդարեւ այս բաները: Ութսուննոց մարդը կրնայ նոյնիսկ իր բոլոր լուսանկարները հրատարակել եւ լուսանկարներուն կենսագրականները անհրաժեշտ համարել: Նման յայտնութիւններու շարժառիթը պարզ է ու հասկնալի: Ներելի: 

Բայց ներելի՞ է արդեօք, որ մարդ նո՞յն փառատենչութեամբ, իր անձը ցուցադրելու նո՛յն մարմաջով գիրք հրատարակէ եւ ինքն իրեն շնորհած բանաստեղծի, քննադատի եւ դատողի յատկանիշներով պարծենայ եւ ընդհուպ աջ ու ձախ վճիռներ արձակէ: Բանաստեղծութիւն գրելու իր թիւրիմացութեան քով՝ Զարեհ Գազազեան նախաբանով մը քով քովի ղրած է նաեւ իր միւս թիւրիմացութիւնները: Իր նախաբա՜նը: Քանի մը ճապաղ բաներ ըսելէ եւ հռչակաւոր մարդոց կարծիքները ճապաղօրէն մէջբերելէ ետք՝ դարձեալ իր կեանքը կը պատմէ այնտեղ եւ վերստին իքնզինքը մեզի ներկայացնելու համար՝ պատճառը ենթադրելի քինախնդրութեամբ մը՝ էջերով Օշականի դէմ կը խօսի: 

Քաղուածքներ: 

- Օշական պիտի անմահանայ հայ գրականութեան մէջ իր պատմուածքներով՝ մանաւանդ կարճ, ինչպէս «Երկինքէն ինկած» կնիկը: 

Ինձ համար «Խոնարհներ»ու ճամբուն ուղղութեամբ «Մնացորդացը» շատ յետամնաց գործ մը կը մնայ: Հակառակ պարունակած հում նիւթերու հարստութեան ու հոգեբանական վերլուծումներու ճշմարտութեան, այդ գործին կը պակսին վէպի մը պարտադրած տուեալները, անոր ելք տուող տրամաբանական կառուցուածքը՝ ամբողջական ու ամփոփ: 

Ի՜նձ համար: Հետեւեալ պարբերութեան մէջ կրնաք դիւրութեամբ հասկնալ, թէ ինչ արժէք կը ներկայացնէ այս հեղինակաւոր ինձը.- 

- Ահա հոս կը սկսի Օշականի առնչութիւնը արժէքներ ճանչնալու ու դատելու իր կարողութիւնը չափելու՝ սփիւռքի բանաստեղծներուն տաղանդին ու վաստակին յարակցութեամբ: 

Աւելորդ է մտնել այս նախադասութեան քաոսին մէջ: Իր հասկցածը այս լեզուով արտայայտող մարդը ի հարկէ՝ բան պիտի չհասկնար Օշականէն կամ հասկնար «Խոնարհներ»ու կարճութեամբ կա՛րճ բաներ միայն: Շարունակենք.- 

Օշական գրած է նաեւ թատերգութիւններ եւ բանաստեղծութիւն: Ապագան միայն կրնայ ըսել, թէ մեր գրականութիւնը որքան հարստացած է անոնցմով: 

Զարեհ Գազազեան ապագային չէ սպասած, այլ քանի մը տող անդին վճռած է: 

Ան աշխատած է նմանիլ Սէնթ-Պէօվի, գրած է բանաստեղծութիւններ անոր նման, սակայն երկուքին ալ տուածները ո՛չ մէկ նշոյլ կը պարունակեն քերթողութեան ճշմարիտ լոյսէն: 

Վերջացաւ գնաց: Վճիռ մը եւս սակայն: 

- Հակառակ իր անվիճելի տաղանդին, ի՜նչ մեծ կորուստ հայ քննադատութեան համար: Իր գրչին տակ քննադատութիւնը՝ գրեթէ շատախօսութեան բեմ դարձած է: 

Այս վերջին վճիռով՝ Զարեհ Գազազեան կը վերջացնէ իր բանաստեղծութիւններուն գրած «Նախաբան»ը: Իր եզրակացութիւնը բանաստեղծութեան մասին չէ այսինքն, այլ Օշականի մասին: 

Պարզ չէ՞ միթէ այս բոլորին տուն տուող պատճառը: Ու յանցաւորը Օշականն է: Եթէ մեծ քննադատը բանաստեղծի միայն տժգո՛յն պսակ մը դրած ըլլար մեծ հայրիկի մը ճաշակով բանաստեղծութիւն գրող այս «բանաստեղծին», քինախնդիր այս գրոհին չէր ենթարկուեր հիմա: Պատճառը պարզ չէ՞ միթէ։ («Բագին» ամսագիր, գրականութեան եւ արուեստի, Գ. տարի, 1964, Փետրուար, էջ 76-77)

*

Զարեհ Գազազեան մահացած է 1968 թուականի հոկտեմբերի 2-ին, Փարիզի մէջ, ուղեղային արիւնախառնումի մը հետեւանքով, 85 տարեկան հասակին: 

«Յառաջ»ի 1968 թուականի հոկտեմբերի 9-ի թիւին մէջ կը կարդանք. 

ՏԽՐՈՒՆԻ. ԶԱՐԵՀ ԳԱԶԱԶԵԱՆ 

Ցաւով կ՚իմանանք, թէ հոկտեմբերի 2-ին ուղեղային արիւնահոսութեան հետեւանքով, իր մահկանացուն կնքած է բանաստեղծ Զարեհ Գազազեան: Բնիկ իզմիրցի, ողբացեալը 85 տարեկան, կանուխէն սէրն ունեցած է գրականութեան: Իզմիրի մէջ իսկ 1911-ին հրատարակած է «Հայ գրականութիւն» ամսաթերթը: Երկար տարիներ աշխատակցած է «Յառաջ»ի գրական վերլուծական յօդուածներով: Բանաստեղծութիւններու հատոր մը հրատաարկած է Փարիզի մէջ 1963-ին: Վերջին տարիներուն քաշուած կեանք մը կ՚ապրէր: 

Յուղարկաւորութիւնը կատարուած է ընտանեկան սեղմ շրջանակի մէջ, հոկտեմբերի 5-ին: 

Մեր ցաւակցութիւնները իր այրիին: 

* 

Այժմ Զարեհ Գազազեանի գրիչէն հատուածներ ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:

ԱՐՇԱԼՈՅՍԻՆ

«Ոլորտներուն մէջ լոյսերու ծաղկած,
Կենսաբաղձ հոգիս յուզումով անհուն,
Թըռչունին նըման գաղթէն վերադարձ,
Բոյնն իր կ՚որոնէ հեւքով շուարուն…:

Անճար հըպումով գրգուանք մը անտես,
Կը շոյէ ճակտիս խոհերը ամպոտ,
Կարծես մանկան պէս արթընցած քունէս,
Համբոյրներ կը զգամ շըրթներէն կարօտ…:

Գորովը փափուկ բաց բազուկներուն,
Կը նարօտէ զիս խորունկ ըղձանքով,
Շունչ մը օրօրի շուրջըս երերուն,
Ջերմ արցունքներով կ՚երգէ սըրտիս քով…:

Երգն է հընօրեայ անուշ ու վըճիտ,
Մըտքիս խորշերէն թեւ առած յանկարծ,
Կը կրկնեմ վանկերն, բառերն ճիշդ ու ճիշդ,
Թըռչուն մը ինձ հետ կը ձայնէ սըրտանց…:

Ծըփանքին նըման արտերուն ոսկի,
Գոհ եմ, կը խայտամ կուրծքիս մէջ արեւ,
Օդին մէջ առկախ տունըս հայրենի,
Կարծես կը սպասէ ինծի հեւ ի հեւ…:

Զարկերը սըրտիս թընդալէն անզուսպ,
Կը մօտենամ լուռ դըրան բացուածքին,
Լոյսի խուրձ մը զիս կ՚ողողէ ընդհուպ…
Կ՚իյնամ իր գիրկը, մայրը՜ս է անգին…»:

*

Միագոռ պայթող հըրացաններուն,
Շատ մը փողերէն, ծուխի ծուէններ,
Ծըփանքով դանդաղ կը բարձրանան վեր…:
Ձեռքերը կաշկանդ մարդ մը քիչ հեռուն,
Գըլուխը ինկած իր կուրծքին վըրայ,
Պատն ի վար թաւալ՝ անշունչ է հիմա,
Աչքերը սեւեռ բացուող լոյսերուն…: 

(«Յառաջ» օրաթերթ, ԺԸ տարի, Նոր շրջան, թիւ 285, 1946 կիրակի, 10 մարտ, էջ 2)

* 

«Հայ գրականութիւն» ամսաթերթի երկրորդ տարեշրջանի առաջին թիւին մէջ հետեւեալը գրած է. 

Ժողովուրդի մը մտաւորական զարգացման աստիճանը որքան ալ բաղձացուած կատարելութեան սահմանակից ըլլայ, եթէ զուրկ է առողջ եւ բարեկիրթ գրականութեան մը կենսատու եւ ապրեցնող մթնոլորտէն, չի զօրեր պատկանած համայնքին բարոյական յատկանշական ուժերը ապահովելով ազգերու ընդհանուր պատմութեան մէկ քաղաքակրթական յառաջացեալ ըմբռնումի դիրք մը գրաւել: 

Գրականութիւնը, արուեստը, գիտութիւնը իրենց որոշադրեալ բարձրութեան հասնելու եւ հոն հաստատահիմ եւ ուժատու կեդրոններ դառնալու համար, կը կարօտին միջավայրի անմիջական անդորրութեան ու հաստատակազմութեան. հակառակ պարագային կը դառնան ջանքեր՝ առանց յաջողութեան, փորձեր՝ առանց հետեւանքի եւ ստուերներ՝ առանց որոշ եւ առինքնող պատկեր մը ներկայացնելու: 

…

Համոզուած ենք, թէ գրականութիւնը անսահմանութիւն մ՚է, ուր մարդկային բաղձանքները եւ բարոյական ճշմարտութիւնները գիրկընդախռնուած են, առողջ սկզբունքներու անքակտելի շղթայումով մը, թէ ան՝ մարդկային բնաւորութեան հասարակական նրբացումի եւ համակրանքի բեղմնաւոր հողէն կը ծծէ իր կենսատու հիւթը, թէ ան յառաջդիմող մտաւորականութեան ներկայացուցիչն է, թէ ան իր ամբողջական արտադրութիւններովը բաժանումի (démarcation) այն որոշ գիծն է, որ կայ մարդկային եւ կենդանական աշխարհներու միջեւ: 

Հոն է որ պիտի գտնենք մեր կրօնքը, օրէնսդրական դահլիճը, մեր ամբողջ ընկերական կազմակերպութիւնները: 

Ահա մեր ուղղութիւնը ու նշանակէտը դէպի ուր կը բաղձանք ընթանալ, եթէ աննուաճելի արգելքներ չխափանեն մեր ճամբան…: 

Իսկ վարձատրութիւնը առաքինութեան նման իր մէջ փնտռելով պիտի գոհանանք։ («Հայ գրականութիւն», հանդէս ամսօրեայ գրական, գիտական եւ գեղարուեստական, Բ. տարի, թիւ 1, 1/14 օգոստոս, 1912, էջ 2, 4) 

* 

Երջանկութեան մասին քանի մը էջնոց իր գրութիւնը այսպէս կ՚աւարտէ. 

Յիշողութիւնը (անցեալը) եւ նախատեսութիւնը (ապագան) երկու անզուգական յատկութիւններ են, որոնցմով մարդիկ կը բնորոշուին անասուններէն: Ահա ճիշդ այս յատկութիւններու միջոցաւ է, որ մարդիկ բախտաւորուած են իրենց կեանքը բարելաւելու, երջանկացնելու: 

Սակայն երջանկութեան որոնումին դեռ ընդհանուր ուղղութիւն մը չէ տրուած: Կան որ կեանքի նպատակը տակաւին անցողական հաճոյքներու մէջ կը գտնեն, կան որ ապրիլը պարզ մեքենական աշխատութեան մը վերածած են եւ նիւթին յաջողութիւնը կ՚ընդունին իբր գերագոյն նպատակ եւ կան ալ որ դժբախտաբար շատ քիչեր, ընդհանուր մարդկութեան հոգերով կը հետաքրքրուին, զանոնք աւելի խղճմտանքով եւ գիտակցութեամբ կը քննեն, քան անհատական որեւէ սեւեռում: Հոս իսկ է ահա տեւական ճշմարիտ երջանկութիւնը: 

Հոգեկան աշխարհը երբ բարիին նախագիտելիքով լեցուած է, խղճմտանքը երբ չէ խաթարուած ու թունաւորուած՝ երջանկութիւնը դրական հաճոյք մը կը դառնայ եւ կեանքը կը ստանայ իր առաջադրուած նպատակին նուիրագործումը, վախճանը: 

Կեանքի նպատակը տարբեր կերպով վերլուծելու ջանալ, անհատական հաճոյքի զգայնութեան մէջ կղզիանալ, մարդկային հոգերու ընդհանուր օղակաւորումը անտեսել՝ մեզ շատ կը հեռացնեն երջանկութեան ճամբէն եւ կը նետեն անգթաբար, անյուսութեան, տարտամութեան եւ ոչնչութեան գիրկը։ («Հայ գրականութիւն», Հանդէս ամսօրեայ գրական, գիտական եւ գեղարուեստական, Բ. տարի, թիւ 2, 1/14 սեպտեմբեր, 1912, էջ 45)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2026