ՄԱՀՈՒԱՆ 100-ԱՄԵԱԿ ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆԻ
3 հոկտեմբերին կը լրանայ մահուան 100-ամեակը արեւմտահայ մեծանուն գրող ու երգիծաբան Երուանդ Օտեանի (Պոլիս, 19 սեպտեմբեր 1869 - Գահիրէ, 3 հոկտեմբեր 1926):
Արուեստագէտ սերունդի ականաւոր վիպագիրներէն: Դասական հմտութեամբ մեր մտաւորական մեծագոյն ուժերէն մէկը, որուն գործերը՝ ժամանակակից բարքերու ընդմէջէն կասկածի տակ կ՚առնեն ու կը խարազանեն մարդոց ուռուցիկ «արժէքներ»ն ու «առաքինութիւններ»ը՝ հասնելով երբեմն ծայրայեղ փափկանկատութիւններու:
Արեւմտահայ Գրականութեան Ուխտին իր բազմամբոխ, բազմարդիւն ուժերը ընծայաբերած ամենէն վաւերական փառքերէն մին ապաքէն: Չորս աշխարհներու մէջ - Պոլիս, Եւրոպա, Ասիա, Ափրիկէ - Իրապաշտ դպրոցի յառաջակարկառ դէմքերէն մէկը, ապա Գեղապաշտ սերունդի նկարագիրին կնիքովը հայ գրականութեան բագինին ծովածաւալ մելան ու անսպառ ջիղ սպառած, հոգի հատնած Երուանդ Օտեանին կ՚երթայ պայքարներէն ու հալածանքներէն վերյառնած այն փառքը, որուն ամրօրէն կապուած մնաց երգիծաբանի, վիպագիրի, նորավիպագիրի, խմբագիրի, պատմուածագիրի, քրոնիկագիրի, յուշագրողի, թարգմանիչի, հրապարակագիրի եւ թատերագիրի ահռելիօրէն հարուստ ու ծանրածանր անոր հրիտակը:
Հայ կեանքի տարագեղ բարքերուն, քաղաքական-հասարակական կեանքի խոցելի երեւոյթներուն վրայ, հայ աստանդական բեկորներուն ու հիւծող խլեակներուն համար սփիւռքի տարածքին, իր հատու ու խայթող երգիծանքին մէջ ծով արցունք թափած, Մեծ Եղեռնի սարսափները իր մորթին վրայ ու արեան մէջ կրած, այլեւ անոնց խոր ցաւը մատեան առ մատեան լոյսի բարիքին ընծայած անկրկնելի տիտան մ՚ապաքէն:
Արդարեւ, յետպարոնեանական մեր երգիծագրութիւնը շարունակուեցաւ ու Երուանդ Օտեանով գտաւ նշանակալի զարգացում ու շրջադարձային նուաճում, ճարտարապետելով սակայն ի՛րը, օտեանակա՛նը, իրերու, կենցաղներու եւ կացութիւններու հակընդդէմ բախումներու աշխարհին մէջ սփիւռքի, սփիւռքի՛ն յատուկ՝ որպէս հարազատ մարմնացումը օտեանական Օտեանին:
Երուանդ Օտեանի գրական ասպարէզ մուտքը կը սկսի 1880-ականներու վերջերուն՝ թարգմանական եւ պատմաբանասիրական աշխատութիւններով: Նախ՝ 1889-ին, ան ֆրանսերէնէ կը թարգմանէ իր մօրեղբօր ճամբորդական նօթերը Արժանթինի մասին եւ զանոնք կը տպէ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի «Երկրագունդ» հանդէսին մէջ: 1891-ին, երբ «80-ականներ»ու ռահվիրայ Արփիար Արփիարեան կը ստանձնէ Պոլսոյ «Հայրենիք» օրաթերթին խմբագրութիւնը, Օտեան կը դառնայ «80-ականներ»ու այդ խումբին ամենէն եռանդուն անդամներէն մէկը, թերթին օգնական խմբագիրը, ապա՝ խմբագիրը: Աւելի ուշ ան կը թարգմանէ Լ. Թոլսթոյի «Աննա Քարենինա» եւ «Յարութիւն» վէպերը, ապացուցելով իր գեղագիտական ընկալումներն ու գրական ճաշակը այդ սեռին մէջ:
Գեղագիտական այս սկզբունքներով են կառուցուած Օտեանի գեղարուեստական առաջին ստեղծագործութիւնները,- քրոնիկներ, նորավէպեր, պատմուածքներ,- որոնք եկան տակաւ առ տակաւ սաղմնաւորել ապագայ երգիծաբանին գրական գործերը: Իր ժամանակներուն, «քրոնիկ» անուան տակ կը տպուէին տարաբնոյթ յօդուածներ, ակնարկներ, ուղեգրութիւններ, նոյնիսկ գրախօսականներ: Օտեան վերաձեւելով այդ «քրոնիկ»ը՝ զայն վերածեց ֆելիետոնի, այսինքն՝ երգիծագրութեան, եւ դարձաւ այդ ժանրի առաջին վարպետը: Վահան Թէքէեանի իսկ հաստատումով, «քրոնիկը մա՛նաւանդ Օտեանէն աւելի մեծ վարպետ չունեցաւ մեր մէջ»: Երբեմն կեղծանուններով՝ Ս. Ժիրայր, Երօտ, Ե. Օ. տպագրուած, Օտեանի քրոնիկները ընդգրկեցին կեանքի բոլոր ոլորտները,- ընտանիք, բարոյականութիւն, գրականութիւն, դպրոց, մամուլ, բարեգործութիւն, աշխարհիկ կեանքի եւ կրօնական բնոյթի էջեր, բոլորն ալ միտուած ձաղկելու, ծաղրի առարկայ ընելու այն յոռի ու խորթ երեւոյթները, ուր «փտած պտուղները կը նետենք, իսկ փտած գաղափարները կը պահենք», ուր դրամի ուժով կեղեքիչ ու չարագործներ ձեռք կը ձգեն «դի՜րք ու պատի՜ւ», անդին, բութ արարածներն ալ կը հռչակուին բարերա՜ր, բոլո՜րն ալ մեկենա՜ս, բոլո՜րն ալ ազնուասի՜րտ, ե՞ւ… իմաստո՜ւն…:
***
Երուանդ Օտեանի ստեղծագործական Ա. շրջանի (1889-1895) ստեղծագործութիւններու շարքին են «Սիրոյ նահատակ» (1892), «Ութ գաւաթ ջուր», «Վաշխառուն» եւ «Լեւոն թագաւորի սուրը» (1893), «Յօդուածի մը պատմութիւնը» (1894), «Կաղանդի վիպակ» (1895) խորագիրներով շարք մը պատմուածքներ ու նորավէպեր, բոլորն ալ հոգեգրաւ պատմումի իրենց անպաճոյճ շնորհքովը, կը սեւեռեն խուժումին վրայ ապաբարոյ, արդարամերժ այն մարդոց, որոնք «կը հերոսանան» համեստ ու ազնիւ խաւին դէմ:
Ընտանեկան զոյգերու վարք ու բարքի նմանօրինակ մը կը ներկայացնէ նաեւ իր «Ազնուաշուքներու շուրջը» (1895) նորավէպը: Նոյն տարին կը սկսի տպագրուիլ իր առաջին վէպը՝ «Գործ մը եփող», որ սակայն կը մնայ անաւարտ եւ յետագային կը տպուի «Միջնորդ տէր պապան» խորագիրով:
1896-ին, համիտեան օրերուն, հայ մտաւորականներու շարքին Օտեանի անունը եւս կ՚արձանագրուի ցանկին մէջ «վտանգաւոր անձեր»ու, սակայն գրողին համար կը սկսի սխրանքի համազօր ստեղծագործական բեղմնաւոր աշխատանքի նոր ժամանակաշրջան մը, որ կը տեւէ 12 տարի՝ 1896-1908: Այս տարիներու իր ոդիսականին մասին է «Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս» (1912) հաստափոր հատորը, որ յուշագրական մեծարժէք, անկրկնելի գործ մըն է՝ իբրեւ այդ ժամանակահատուածի հասարակական, քաղաքական, գրական կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններու արձանագրում, մշակութային կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններու եւ դէպքերու հաւաքագրուած տարեգրութիւն:
Օտեան իր խմբագրական-լրագրական, ազգային-հասարակական գործունէութեանց առընթեր տուաւ աւելի քան տասնեակ մը գեղարուեստական արժէքաւոր գործեր, որոնք հարթեցին ճամբան իր ինքնատպութեան՝ իր տաղանդի խարազանող զէնքը անխնայ իջեցելով այդ ժամանակի քաղաքական ցեցերու, «յեղափոխականճի»ներու, «ազգայինճի»ներու գլխուն…: Այդ պատմուածքներէն ու վիպակներէնյիշատակման են արժանի «Արիւնոտ յիշատակներ»ը (1898), «Յեղափոխութեան մակաբոյծները» (1898-1899), «Մուսապ Լեսիմ» (1899), «Բարի դահիճը» (1899), «Աղօթքը» (1899), «Այրին» (1900), «Վրէժ» (1900), «Փրոփականտիսթը» (1900-1901), «Գործի մարդիկ» (1900-1901), «Համբարձում աղա» (1904), «Ոսկեմոլը» (1905), «Ազգային բարերարը» (1905), «Միքէի սիրարկածը» (1906): Վէպերէն՝ «Զաւալլըն» (1905), «Ֆրանքօ-թրքական պատերազմ կամ չարշըլը Արթին աղա» (1906) կատակերգութիւնը: Ապա կու գան բազմաթիւ ֆելիետոններ, ծանակագիրեր, պարսաւագիրեր, երգիծական տարեցոյցներ: Իր գրական գործունէութեան այս արգասաւոր շրջանին է, որ Օտեան հանդէս է եկած գերազանցօրէն որպէս քաղաքական երգիծաբան, առաջին նորարար վարպետը քաղաքական երգիծանքի, քանզի ժամանակները ա՛յդ կը պահանջէին ո՛չ միայն մեծ գրողէն, այլեւ ժողովուրդէն:
Ձեւակերպելով իր գրական-քաղաքական դպրոցը, Օտեան 1901-ին իսկ իր խմբագրած «Ազատ Խօսք» (1901-1908) պարբերականին մէջ հետեւեալն է գրած. «Մենք մեր գոհացումը պիտի փնտռենք ծաղրելով ու ձաղկելով - օրուան մեր տրամադրութեան համաձայն - կեղծ փրկիչները, սուտի ճարտարապետները, գողցուած համբաւները, անշարժ պոռչտողները, հաշուող խանդավառները, անկեղծութեան աճպարարները, հայրենասիրութեան ձեռնածուները…»: Արդեօք հանճարեղ եւ ապագայատես Օտեանի «կեղծ փրկիչները» այսօրուան Հայաստանէն ներս գործող «կեղծ փրկիչներուն» ալ չե՞ն վերաբերիր: «Յեղափոխութեան մակաբոյծները» պատմուածաշարքը, օրինակի համար, սփիւռքի իրականութեան մէջ երգիծական արուեստի կատարելութեամբը ՆՈՐ ԽՕՍՔ ու ՄՆԱՅՈՒՆ ՓԱՌՔ պիտի մնայ հայ գրականութեան մէջ:
***
Աւելի քան տասներկու տարուան տարագրութենէ ետք՝ 1909-ի փետրուարին, Օտեանը կրկին կը գտնենք Պոլիս, ուր կը սկսի անոր գրական գործունէութեան Գ. շրջանը (1909-1915): Գրեթէ ամէն օր ան «որսի» ելլելով, իր գրութիւնները յափշտակութեամբ «կ՚ուտուին» պոլսահայ մամուլի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի, «Բիւզանդիոն»ի, «Ազատամարտ»ի, «Նաւասարդ»ի, «Շանթ»ի, «Վերջին Լոյս»ի եւ այլ թերթերու մէջ: Այս ժամանակաշրջանին է, որ մեծ երգիծաբանը հրատարակութեան կը յանձնէ իր գլուխ-գործոցներէն` «Ընկեր Բ. Փանջունի» երգիծավէպը, ապա «Ընտանիք, պատիւ, բարոյական», «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն», «Ապտիւլ Համիտ եւ Շերլոք Հոլմս», «Սալիհա հանըմ կամ բանակը բռնաւորին դէմ», «Ես դրսեցի չեմ առներ», «Վաճառականի մը նամակները» կամ «Կատարեալ մարդ ըլլալու արուեստը», «Մեր երեսփոխանները», «Թաղականին կնիկը» վէպերը, վիպակներն ու երգիծական դիմանկարներու գիրքերը:
«Ընկեր Բ. Փանջունի» երգիծավէպը կը սկսի «Կենսագրական նօթեր Ընկեր Բ. Փանջունիի մասին» մուտքով մը, ուր իբր թէ «կցկտուր ծանօթութիւններ միայն» տալու նպատակ ունեցող երգիծաբանը հմտօրէն կը բնութագրէ «ընկերվարական նամականիի հերոս»ի ամենեւին ո՛չ ընկերվարական մտածողութիւնը, հոգեբանութիւնը, ցնորական նպատակները:
Փանջունին կը ծնի տրապիզոնցի վաճառականի մը ընտանիքին մէջ՝ 1875-ին: Ծնած օրն իսկ կը մահանայ մայրը՝ հարազատներուն պատճառելով վիշտ ու կսկիծ: Հարկաւ սա սկիզբն է այն բազում փորձանքներուն ու ողբերգութիւններուն, որոնք յետագային պիտի ունենան «այծի կաթով» սնած ու մեծցած եւ «ունայնութեան ու թեթեւութեան հակուած» ապագայ «հերոսի» մեղքը:
Երգիծավէպին վերջին՝ երրորդ մասին («Ընկեր Փանջունին տարագրութեան մէջ») մէջ, որ գրուած է 1923-ին, Օտեան կը պատմէ, թէ Մեծ Եղեռնին ինք ինչպէ՞ս կը հանդիպի Փանջունիին՝ արաբական անապատներ աքսորուած հայերու մէջ: Այստեղ, Ծապլվարի եւ Վասպուրականի «հերոս»ը կը փոխէ իր կաշին, կը դառնայ իսլամացած «կատարեալ շաուիարաբ մը»: Բայց Փանջունի մնալով «իտէալական բարձրութեան» վրայ՝ կը վերապրի: 1918-ին կ՚ազատի աքսորէն ու կը մեկնի Երեւան՝ Ա. Հանրապետութեան մէջ ստանձնելով «Փրոփականտի գործավար»ի պաշտօնը: Այս առթիւ, երգիծաբանին ուղղուած նամակին մէջ Փանջունի կը գրէ. «… Լծուած եմ փրկարար աշխատանքի մը: Ես պէտք է քանդեմ հնութիւնը…, ամբողջ հին աշխարհը՝ անոր աւերակներուն վրայ կանգնեցնելու նորը: Ասիկա հեշտ գործ չէ: Պիտի կարողանա՞մ ընել այդ ամէնը. չեմ կարծեր: Թերեւս յաջողիմ մի՛այն քանդել: Այդ արդէն բաւարարութիւն կու տայ ինծի: Իմ յաջո՛րդը թող լծուի վերաշինութեան գործին: Ես կը վայելեմ քանդումի հեշտանքը: Իմ յաջորդը թող կրէ վերաշինութեան տաժանքը»:
Հայ գրականութեան մէջ որոշակի ներդրում եւ նորարարութիւն են Օտեանի «Ապտիւլ Համիտ եւ Շերլոք Հոլմս» եւ «Սալիհա հանըմ կամ բանակը բռնաւորին դէմ» թերթօնային վէպերը:
Մերկացնելով կարգ մը սարսափները, Օտեան միւս կողմէ կը դրուատէ թուրք ժողովուրդին գիտակից ու յառաջդիմական այն խաւը, որ կը պայքարի յանուն դեմոկրատական ազատութիւններու: Այս դիտանկիւնէն, թրքուհի Սալիհա հանըմը վէպին մէջ ներկայացուած է «իտէալական հերոսուհի, հայրենասէր, ազատութեան ու արդարութեան ջատագով մը»:
***
1915-ին, Մեծ Եղեռնի տարին, թաքստոցէ թաքստոց իր ինքնութիւնը ծածկելով՝ գեհենակուլ արհաւիրքէն հրաշքով փրկուողներէն մէկն է Երուանդ Օտեան, որ սակայն նոյն տարուան 13 սեպտեմբերին կը ձերբակալուի Պոլսոյ մէջ, ուրկէ այս անգամ կ՚աքսորուի արաբական երկիրներ: 1918-ի զինադադարէն ետք դարձեալ կու գայ Պոլիս: 1922-ին՝ Պուքրէշ, 1924-ին՝ Սուրիա եւ Լիբանան, ապա՝ Գահիրէ, ուր քանի մը տարի խմբագրելէ ետք ՌԱԿ-ի օրկան «Արեւ»ը, կը շիջի քաղցկեղէ՝ 3 հոկտեմբեր 1926-ին, թաղուելով հարեւանութեամբը Արփիար Արփիարեանի շիրիմին, տեղի հայոց գերեզմանատան մէջ, ուր 19 տարի ետք ալ հողին պիտի յանձնուէր «Բանաստեղծութեան իշխան» Վահան Թէքէեան:
Բեղուն է Օտեանի գրական գործունէութեան վերջին շրջանն ալ՝ 1918-1926: Երբ Յովհաննէս Թումանեան 1921-ին կ՚այցելէ Պոլիս, ուր կը հիմնադրէ Հայարտուն (Հայ արուեստի տուն), Օտեան կ՚ընտրուի նորաստեղծ Հայարտունի նախագահ կամ ատենապետ եւ մեծ օգնութիւն ցոյց կու տայ Հայաստանի օգնութեան կոմիտէի (ՀՕԿ) աշխատանքներուն: Իր կեանքի վերջին տարիներուն ալ Օտեանի գրական բերքը կ՚ըլլայ բեղուն: Կը գրէ բազմաթիւ վէպեր, ինչպէս՝ «Անիծեալ տարիներ»ը, որ կը պատկերէ Մեծ Եղեռնի թոհուբոհին մէջ իր անցուցած գեհենային տարիներու դառն կեանքը: Քառահատոր ծաւալուն գործ մըն է «Թիւ 17 խաֆիէն» վէպը, որուն կը միանան «Վերնատունէն», «Նոր հարուստներ», «Կանաչ հովանոցով կինը», «Կաւէ հերոսներ կամ մեր Աազգայինճիները», «Հայ տիասփորան», «Միջնորդ տէր պապան», «Մարգարիտէ մանեակ», «Կառքի արկած մը», «Տաք եւ պաղ քրոնիկներ»,«Տարիթա կամ նոր աղջիկներ», «Եղբայր Պողիկատողոս» (թատերախաղեր) եւ այլ գործեր: Ամենածաւալուն վէպը՝ որ «Թիւ 17 խաֆիէն» է, գրուած է զինադադարէն ետք, 1919-ին: Անիկա նախ տպագրուած է «Վերջին Լուր»ին մէջ, ապա 1938-ին առանձին հատորով հրատարակուած է Գահիրէ: Քառահատոր այս ծաւալուն գիրքը կ՚ընդգրկէ երիտթուրքերու իշխանութեան տարիներու կեանքը Թուրքիոյ մէջ՝ 1913-1916: Վաւերական այս գործը վէպ-ժամանակագրութիւն է: Կը նկարագրուին մեծ մասամբ Ա. Աշխարհամարտին տեղի ունեցած դէպքեր եւ իրադարձութիւններ, իթթիհատականներուն կազմակերպած ապրիլեան դէպքերը, արեւմտահայութեան բռնի տեղահանութիւնը իր բնօրրանէն, աքսորը տօթակէզ մահաստաններու մէջ, ուր հանդէս կու գան աւելի քան տասնեակ մը դէմքեր.- Գրիգոր Զօհրապ, Ոսկան Մարտիկեան, Ներսէս Օհանեան, Համբարձում Պոյաճեան (Մուրատ), Եղիշէ Դուրեան, Զաւէն պատրիարք, Արշակ Ալպօյաճեան, Բիւզանդ Քէչեան, Թալէաթ եւ ուրիշներ, ուր մահուան ժանտաջուրը ցմրուր ըմպած էր Օտեան, երթալով մինչեւ մահ, ապա հոնկէ վերադառնալով գրականութիւն՝ որպէս փիւնիկ յառնած մեր անկրկնելի, մեծավաստակ երգիծաբանը:
Օտեանի կեանքին վերջին տարիներու ուշագրաւ ստեղծագործութիւններէն է «Հայ տիասփորան» վէպը՝ տպուած «Արեւ»ի մէջ 1924-1925 թուականներուն: Վէպը՝ սփիւռքահայութեան կեանքի պատկերման նուիրուած գեղարուեստական առաջին ստեղծագործութիւնն է:
Իր սերնդակիցներէն շատերուն պէս դժբախտ, թափառական ու աքսորական կեանք մը ապրեցաւ Երուանդ Օտեան եւ իրեն ալ զլացուեցաւ ընտանեկան բոյն մը կազմելու բախտը:
Իր գործերը երբեք պիտի չպարտասին մեզ տանելէ դէպի անմար փառքը իր հատու երգիծանքին, յուշագրութիւններուն ու վէպերուն, որոնք կը շեշտեն իրենց նիւթերուն այժմէականութիւնը, հրատապութիւնը, լայն ժողովրդականութիւնը, անպաճոյճ լեզուով զանգուածներուն թափանցելու կերպը, մէկ խօսքով՝ անմեռ կենսունակութիւնը այն հեգնանքին, որուն կճող ծաղրը կու գայ մեր բարոյալքուած բարքերուն, որոշ հատուածի մը արուեստակեալ հայրենասիրութենէն՝ սփիւռքի անցեալի, ներկայի ե՛ւ ապագայի տրամին վրայ երկարող: Արդարեւ այն վշտակուռ տրամին, այն անդնդախոր ցաւին, որ 1915-ին մեր մտաւորական հոյլին արհաւիրքէն ետք շարունակեց եւ դեռ կը շարունակէ մխալ իբրեւ խարոյկ խղճմտանքի՝ անոր ցաւագիօրէն անկործանելի գերիրապաշտութեամբը:
Երուանդ Օտեանի կեանքին ու գործին մասին տրուած այս համեստ տուրքը կ՚ուզենք աւարտել Սուրբ Գէորգ զօրավարին նուիրուած (անցած 26 սեպտեմբերին Հայ եկեղեցին նշեց Ս. Գէորգ զօրավարին տօնը) մեծ երգիծաբանին երգիծական մէկ դրուագով:
*
Օր մը շրջուն նկարիչ մը Գարատուրան փոքրիկ գիւղը կ՚երթայ: Գեղի կիները քիչ մը ստակ կը հաւաքեն եւ կը խնդրեն նկարիչէն, որ սուրբի մը պատկերը նկարէ իրենց եկեղեցիին համար:
-Ո՞ր սուրբը կ՚ուզէք,- կ՚ըսէ նկարիչը:
-Սուրբ Սարգիսը,- կ՚ըսեն կիները:
-Այդ ձեր ժողված ստակովը Սուրբ Սարգիս չի՛ շինուիր, վասնզի անիկա ձի կ՚ուզէ, վիշապ կ՚ուզէ, իր տղան՝ Մարտիրոսը կ՚ուզէ, նիզակ կ՚ուզէ, կ՚ուզէ ու կ՚ուզէ… ուրիշ սուրբ մը զատեցէք:
-Է՛հ, թող Սուրբ Գէորգ ըլլայ,- կ՚ըսեն կիները:
Նկարիչը փառաւոր մօրուքով Ս. Գէորգ մը կը շինէ եւ կիները պատկերը կը կախեն եկեղեցիին մէջ: Հեռաւոր գեղերէն կը վազեն, կու գան, մէկը իր ցաւին դարման կը խնդրէ, մէկը՝ տուն, մէկը՝ էրիկ, մէկը՝ ստակ, բայց սուրբը ո՛չ մէկուն մտիկ կ՚ընէ եւ ո՛չ մէկ խնդիրք կը կատարէ. կարծես քէն ըրեր է:
-Ա՜խ, Սուրբ Գէորգ, ղուրպան ըլլիմ, ինչո՞ւ աս բանը կ՚ընես մեզի,- կը գոչեն խեղճ կիները՝ արիւն-արցունք թափելով:
Օրին մէկը կիներէն մին կը հասկնայ թէ ինչո՞ւ Սուրբ Գէորգը զիրենք մտիկ չ՚ըներ բնաւ:
Նկարիչը Սուրբ Գէորգին ականջները շինելու մոռցեր էր:
ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ