ՇԱՀԷԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ…

«Կեանքում ամէն ինչ կորցնէք՝ նշանակում է գոյութիւն ունենալուց դադարել, յատկապէս,երբ կորցնում եւ այն ամէն ինչը, որով դու կազմաւորուել եւ արժէքաւորուել ես (յատկապէս հոգեկան եւ մտային աշխարհում)»։
Շահէ Տէր-Գէորգեան

Հայերէն գիրք մը ստացայ։ Եթէ հայերէն գիրքերը ինծի համար նշանակալից են, բայց այս մէկը ինծի համար շատ հարազատ է։ Այս հայերէն գիրքը հարազատ է, քանի Շահէ Տէր-Գէորգեանի պատմութիւնն է։ Պատմութիւնը կեանքի մը, որ «փակ» կը թուէր ըլլալ աշխարհին համար, բայց, որուն մէջ կար մեծ ներաշխարհ մը լեցուն մտքով, հոգիով, սիրով, բայց նոյնքան նաեւ ընդվզում ու տակաւին զարտուղի կեցուածքներով։

Բայց նախ գիրքը։

«Նամականի եւ այլ նիւթեր»՝ հրատարակուած Երեւան, 2026, «Էդիթ պրինտ»ի կողմէ։ 376 էջերէ բաղկացած այս ժողովածուն կ՚ընդգրկէ Շահէ Տէր-Գէորգեանի առաքած եւ ստացած նամակները, որոնց մէջ կան իր ներաշխարհի տագնապող երեւոյթները ու տեսադաշտերը՝ ներառելով իր հայեացքները ազգային եւ հասարակական նիւթերու եւ իրավիճակներու հետ։ Նամակներուն մէջ նաեւ կան մասնագիտական հաղորդակցութիւններ՝ հաստատութիւններու հետ։ Գիրքին մէջ նաեւ տեղ գտած են Շահէի ճարտարապետական մասնագիտութենէն բխած իր սերտողութիւնները եւ հսկայական ներդրումը հայկական մշակութային կոթողներու։ Գիրքը նոյնքան հարուստ է նկարներով՝ Շահէի կեանքէն եւ յարաբերութիւններուն մէջէն՝ տարբեր առիթներու ընթացքին։ 

Գիրքին խմբագիրն է Գէորգ Եազըճեան, որ մեծ աշխատանք տարած է խմբագրելով եւ համադրելով Շահէին հետ առընչուող շատ մը նիւթեր, նամակներ եւ գրութիւններ։ Գէորգ Եազըճեանի աշխատանքը կը կայանայ նաեւ գիրքի մէջ իր տեղադրած ծանօթագրութիւնները՝ իւրաքանչիւր անհատ, բարեկամ, գործակիցի մասին, որոնք կապ ունեցած են Շահէին հետ։ Այս իմաստով պիտի յանդգնինք ըսելու, թէ Գէորգ Եազըճեանի աշխատանքը մէկ փոքր «հանրագիտարան» մըն է, ուր կը հանդիպիս շատ մը անձնաւորութիւններու, որոնք կապ ունեցած են Շահէին հետ եւ որոնք մասնակցած են տարբեր ոլորտներու մէջէն հայրենի-ազգային ու գաղութային կեանքի մէջ։ Գէորգ Եազըճեան արժանի է ամէն գնահատանքի՝ իր այս խմբագրական բծախնդիր աշխատանքին համար։ 

Եւ նոյնքան կայ վաղամեռիկ Շահէի այրին՝ Կարինէ Տէր-Գէորգեանի երազը. այդ երազը իրականացնելու իր մեծ կամքը եւ յարատեւութիւնը։ Կարինէն՝ ինչպէս իր անձնական բացիկի մէջ ինծի գրեց. «Երկար տարիներու աշխատանքի արդիւնք էր այս գիրքը եւ Շահէն արժանի էր հաստատուն ներկայութիւն դառնալու»։ Եւ Կարինէն իրականացուց այդ։ 

Բայց ո՞վ է Շահէն։ Հապա իր պատմութի՞ւնը։

Շահէն ծնած էր Հալէպ, 1944 թուականին, բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ։ Յաճախած էր ՀԲԸՄ-ի «Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանը, որմէ ետք Երեւանի «պոլիտեխնիկական ինստիտուտ»ի ճարտարապետական բաժանմունքը, զոր աւարտած էր 1970-ին։ 

1971-1976 թուականներուն ան կը շարունակէ իր բարձրագոյն ուսումը «ասպիրանտ» եւ կը պատրաստէ իր աւարտաճառը «Հայ-սուրիական վաղքրիստոնէական ճարտարապետութեան առընչութիւնները» նիւթով։ Իր գիտական թեզին միջոցաւ եւ մեկնելով տքնաջան պեղումներու իբրեւ արդիւնք՝ Շահէն եկած է այն եզրակացութեան, թէ Հայաստանի մէջ քրիստոնէական սկզբնաւորութեան ի յայտ եկած եռանաւ, մոյթաւոր պազիլիք եկեղեցիներու յատակագիծերը, որպէս ձեւ ներմուծուած չէր հիւսիսային Սուրիայէն, երբ քրիստոնէութեան քարոզիչները Սուրիայէն ներթափանցած էին պատմական Հայաստան։ Շահէի այս թեզը, ինչ խօսք, ցոյց կու տայ հայկական ճարտարապետութեան ինքնուրոյն դիմագիծը եւ մշակոյթը, որ արժանի է մեծ գնահատանքի։ Շահէ չէ կրցած իր աւարտաճառը պաշտպանել, քանի մասնագիտական տարակարծութիւններ ունեցած է իր դասախօսին հետ եւ մնացած անդրդուելի իր գիտական եզրակացութիւններուն մասին եւ վերադարձած է Հալէպ՝ առանց բարձր վկայականի։ 

Շահէն ամուսնացած էր Կարինէի հետ եւ բախտաւորուած՝ երկու տաղանդաւոր զաւակներով։ Ալիսիկը՝ դաշնակահարուհի, եւ Արմէնը՝ ճարտարապետ եւ երաժիշտ-ջութակահար։ Կարինէ երաժշտութեան ուսուցչուհի է, նաեւ լրագրող։ 1998-ին՝ յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Շահէն մեկնեցաւ այս աշխարհէն։ Եթէ մէկ կողմէ ձգեց շատ մը գիտական եւ ճարտարապետական նուաճումներ, բայց տակաւին շատ բան ունէր ընելու եւ տալու։ 

Շահէն մեր ընտանիքին շատ մօտիկ բարեկամ էր։ Հալէպէն սկսած, ան շատ յարգանք ունէր հօրեղբօրս տքթ. Ռոպէր Ճէպէճեանի եւ շատ մօտիկ էր զարմիկներուս՝ Էրիք եւ Վանիկ Ճէպէճեաններուն։ Պէյրութ հօրս հետ ճատրակի բարեկամն էր։ Բայց կար այն շատ մօտիկ եւ հարազատ հաղորդակցութիւն-բարեկամութիւնը մօրս հետ։ Զիրար շատ լաւ հասկցած էին՝ անկախ տարիքի տարբերութեան։ Մայրս կրցած էր Շահէի այդ «փակ» ներաշխարհը թափանցել եւ կամրջած էր անոր հարազատ հոգիին։ Շահէն կը տեսնէր, թէ մայրս անկեղծ էր եւ կը սիրէր այդ հարազատութիւնը։ Մայրս եւ Շահէն երբեմն թրքերէն կը խօսէին իրարու հետ՝ աւելցնելով իրենց կերտած հարազատ հաղորդակցութեան վրայ։ Վերջապէս երկուքն ալ Այնթապի զաւակներ էին։

Շահէն ունէր իր ներաշխարհը։ Այդ ներաշխարհը դիւրին չէր։ Փակ էր եւ որուն մէջ կային թաքնուած զգացումներ, արժէքներ, տեսադաշտ եւ երեւի կարծր եւ ծայրայեղ կեցուածքներ։ Գէորգ Եազըճեան իրաւացի է, երբ կ՚ըսէ. «ըմբոստ նկարագիր»։ Բայց Շահէի ըմբոստութիւնը քանդող չէր, ո՛չ ալ վիրաւորող։ Ըմբոստութիւնը Շահէի համար իր ուրոյն կեցուածքն էր կեանքի նկատմամբ։ Եթէ կրնայիր կամրջել եւ յատկապէս բանալ անոր փակ ներաշխարհը եւ ներս մտնել, պիտի համաձայնէիր բանաստեղծին հետ, որ ըսած է. «տեսնէք ինչեր գրուած կայ հոն»։ Հոն կար լաւագոյն զգացումերը եւ մարդկային կեանքի համար ամուր արժէք եւ աւանդ։

Պատանեկութենէս դէպի երիտասարդութիւն անցնող այդ տարիներուն կը տեսնէի եւ կը հետեւէի Շահէի բարեկամութեան։ Տարիքի տարբերութիւնը կար, բայց, ինծի համար կարծէք դպրոց էր մարդկային արժէքներու ու յարաբերութիւններ կերտելու չափանիշներ։ Այդ գոց աշխարհի տեսադաշտերէն. «Աւելորդ եմ համարում արդարութիւն, իրար հասկացողութիւնը։ Ինչո՞ւ են դպրոցում սովորեցնում ազնուութիւն, ճշմարտութիւն, բարոյականութիւն են քարոզում։ Դրանք մնում են դպրոցի պատերից ներս։ Իրական կեանքը ամէն բան բոլորովին կապ չունի սրանցից»։ 

Բայց Շահէ ունէր կապը «սրանց հետ»։ Այդ կապը իր կեանքն էր։

Շահէի նամակները «պէսպիսիք» են։ Գրած է նամակներու շարք մը իր ընտանիքին, ծնողքին ու տակաւին բարեկամներուն եւ նոյնպէս ստացած պատասխաններ։ Ունի նամակներու երկար շարք մը՝ Հրայր Տարագճեանի, Յակոբ Քէօսէեանի, Վանիկ Ճէպէճեանի ու տակաւին Նելլի Նազարեանի հետ։ Այս նամակներուն մէջէն Շահէ կը բանայ իր փակ աշխարհը ու կը մտնէ ազնիւ ու անկեղծ բարեկամութիւններու մէջ ու անոնց մէջէն, ուր կը դարբնէ հոգիի նուրբ թելերը։ Ալիսիկի գրած մէկ նամակին մէջ ան կ՚ըսէ. «Յաջողութիւններովդ ուրախացիր, սիրելի Ալիսիկ, բայց մի՛ հարբիր։ Դեռ սկիզբը նոր պիտի սկսի։ Միտքդ պահէ»։

Շահէին ճարտարապետական-գիտական աշխատանքներուն մէջ կ՚իյնայ Հալէպի Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ գետնափոր մասի աշխատանքները։ Ան նաեւ կը հրաւիրուի մասնակցելու հայ արուեստի գիտաժողովին՝ Իտալիա, ուր կը ներկայացնէ դասախօսութիւն մը՝ հայ ճարտարապետութեան վրայ։ Արաբ գործակիցներու հետ կը բացայայտէ Հալէպի Պապ Էլ Ֆարաճ շրջանի մէջ ի յայտ եկած հնութիւններու կարեւոր նշանակութիւնը եւ անոր մէջէն կը բերէ իր մասնակցութիւնը։ Հալէպի մէջ բարձրացած 20 շէնք-համալիրներու գծագրութիւնը կը կրեն Շահէի ստորագրութիւնը։ Ան մասնակցած է Տէր Զօրի մէջ նահատակաց մատուռ-յուշարձանի մրցանքին։ Այս իր բոլոր գործունէութիւններու իբր արդիւնք, Հալէպի ճարտարագիտութեան սենտիքան իրեն կը շնորհէ «խորհրդատու հնագէտ» տիտղոսը։

Շահէին մեծ ներդրում-նպաստը իր աւարտաճառն է՝ «Հայ-սուրիական եկեղեցիներու առընչութիւնները»։ Կը յիշեմ ամառ մը՝ իմ պատանեկան տարիներէն, երբ Քեսապ կը վայելէի հօրեղբօրս ամարանոցը, Շահէն վառորդի մը հետ եկաւ մեզի։ Ան կը շրջագայէր Սուրիոյ տարբեր տարածքները քննելու-ցանկագրելու եւ սերտելու եկեղեցիները։ Շահէ նախաձեռնած էր այս առաքելութեան առանձին։ Չունէր նեցուկ եւ նիւթական օժանդակութիւն որեւէ մէկէ կամ կազմակերպութենէ։ Կը զգայի, թէ այս բոլոր ծրագիրը կարծէք իր հոգեհարազատ մէկ զաւակն էր եւ ինչքան սէր եւ նուիրում կը տածէր անոր նկատմամբ։

Շահէն չտեսաւ իր հսկայական գիտական աշխատանքին հրատարակութիւնը իր ողջութեան ընթացքին։ Հատորը հրատարակուեցաւ իր մահուընէ ետք եւ թարգմանուեցաւ արաբերէնի եւ անգլերէնի։ Մուրատ Հասրաթեան, որ Շահէի այս ուսումնասիրութեան խմբագրական աշխատանքի մէջ կարեւոր բաժին ունեցած է, կ՚ըսէ. «Դա ոչ միայն Շահէի յիշատակի համար է, այլ եւս հայ մշակոյթի ու ճարտարապետութեան։ Աշխարհում առաջինը քրիստոնէութիւն ընդունած երկիրը իր եկեղեցական ճարտարապետութիւնը ստեղծել եւ զարգացրել է ինքնուրոյն, որը, ցաւօք, չեն ընդունում ո՛չ միայն արեւմտեան շատ գիտնականներ, այլ նաեւ որոշ Հայաստանեաններ։ Եւ ես վստահ եմ, որ Շահէի աշխատանքը հայոց դարձի 1700-ամեակին կը լինի չափազանց յարիր եւ օգտակար նուէր»։

Շահէն գրած է օրագրութիւններ, որոնց մէջէն ան ուզած է սկսիլ «իր գրելիք պատմութիւնը»։ Եւ ինչպէս Կարինէն կ՚ըսէ իր յաւելուած մասին մէջ՝ «այդ պատմութիւնը չի գրուեցաւ։ Մնացին օրագրութեան մէջ գրուած էջեր, որ դարձան հալէպեան յուշեր»։

Շահէն իր օրագրութեան մէջէն. «Չկայ մի մասնագիտութիւն, որը այնքան դեր կուտայ մարդուն զգացական եւ բարոյական կեանքին մէջ, ինչպէս դեր որ ունի ճարտարապետութիւնը»։ Շահէն եղաւ այն ճարտարապետը, որ իր մասնագիտութիւնը դրաւ մարդուն զգացական եւ բարոյական կեանքի կերտումին համար. «Պէտք է փոխել ո՛չ թէ հասարակարգը, այլ մարդը»։

Շահէն մահացաւ եւ թաղուեցաւ իր այդքան սիրած Հալէպի մէջ։ Ան յաճախ կը քաջալերէր իմ զարմիկները, որպէսզի Հալէպ վերադառնան եւ հաստատուին։ Վահէ Ժամագործեանի վկայութիւնը այս իմաստով շատ դիպուկ է. «Շահէն եղաւ եւ մնաց այն հալէպահայը, որ քալեց Հալէպի մայթերով, իսկ իր աչքերու կապոյտը միշտ մնաց հայրենիքի երկնակամարի անուրջներուն մէջ։ Ոմանց համար առեղծուածային կամ նոյնիսկ անբացատրելի ինքնատիպութեամբ՝ այս հայորդին մնաց հաւատարիմ իր հաւատամքին՝ մարդկութիւնը փնտռելով…մարդուն մէջ»։

Եւ դարձեալ իմ ընտանեկան յուշերէս։ Երբ մայրս կանուխ մեկնեցաւ այս աշխարհէն, Շահէն ինծի ըսաւ պարզ նախադասութիւն մը որպէս մխիթարական խօսք. «Հրայր, շատ նեղուեցայ»։

Այս պարզ նախադասութիւնը կու գար իր փակ եւ խորունկ ներաշխարհէն։ Այս փոքր նախադասութեան մէջէն տեսայ Շահէի մարդկայնութիւնը։ Ան դուրս հանեց իր պարզ ու մարդկային հոգին եւ իմ առջեւս դրաւ որպէս մխիթարական եւ յարգանքի խօսք։ Յարգանքը իր սիրած եւ հաւատացած բարեկամութեան։

Այս Շահէին գրուած (չգրուա՞ծ) պատմութիւնն է։

Շահէի պատմութիւնը եթէ չգրուեցաւ, բայց ապրուեցաւ։ Ապրուեցաւ հարազատութեամբ, զգացումով եւ արժէքի գիտակցութեամբ։

Երբ այս գիրքը ստացայ, ուրախացայ։ Ուրախութեանս հետ խառնուեցաւ քիչ մը յուզմունք։ Ուրախութիւն-յուզմունքը բարեկամութեան, զոր ապրեցանք միասին լեցուն յիշատակներով։ Յիշատակներ-յուշեր, որոնք կեանք կերտեցին ու տակաւին։ 

Սիրելի Շահէ,

Դուն կեանքի մէջ «ամէն ինչ չի կորսնցուցիր»։ Դուն շահեցար, քանի հաւատացիր կեանքի մէջ հայուն եւ մարդուն արժէքին։ Եթէ հաւատացիր քու «փակ» ներաշխարհիդ մէջէն, բայց անոնք արժէք ըլլալէ չդադրեցան եւ չեն դադրիր։ Անոնք ապրող արժէքներ են, ինչ որ տակաւին կ՚ապրին։

Շահէին պատմութիւնը։

Ասիկա ապրող պատմութիւնն է, որ եթէ չգրուեցաւ, բայց ապրեցաւ-ապրուեցաւ ու տակաւին կը շարունակէ ապրիլ։ 

Հայը պարտի կերտել իր կեանքին համար ապրող պատմութիւններ։

Շահէին պատմութիւնը։ Այս Շահէին ապրած ու թողած աւանդն է՝ արժէքի համար ապրող պատմութիւնը։

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր, 2026

Քուէյթ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2026