ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՂՄՈՒԿԻ ՅՈՐՁԱՆՈՒՏԻՆ ՄԷՋ

Այս օրերուն, երբ կը պատրաստուէինք վայելելու Աւագ շաբթուան խորհրդաւոր ու խաղաղ մթնոլորտը՝ այն հոգեւոր շրջանը, երբ մարդ կը հրաւիրուի ինքն իր հետ հանդիպելու, իր խղճին առջեւ կանգնելու եւ ներքին լռութեան մէջ Աստուծոյ ձայնը լսելու, մեր իրականութիւնը, դժբախտաբար, կը պարզէ ցաւալի ու մտահոգիչ հակապատկեր մը։ Փոխանակ հոգեկան խաղաղութեան, ինքնաքննութեան եւ Աւագ շաբաթուան պատշաճող անշփոթութեան, Հայաստանի, մանաւանդ՝ Երեւանի փողոցներն ու զանազան սրահներ ողողուած են քաղաքական աղմկոտ արշաւներով, կրքոտ բանավէճերով ու նախընտրական քարոզչութեամբ, որոնք կը խլացնեն ո՛չ միայն քաղաքային միջավայրը, այլ նաեւ՝ մարդկային ներաշխարհը։

Ցաւով պիտի արձանագրենք, որ այնտեղ, ուր պիտի հնչէր զղջումի, ապաշխարութեան եւ հոգեւոր վերափոխութեան «շարականը», կը տիրէ գռեհիկ խօսքը, անհանդուրժողականութիւնը, հայհոյանքն ու փոխադարձ անարգանքը։ Խօսքը, որ կոչուած է միացնելու, բուժելու եւ լոյս տարածելու, դարձած է բաժանման, վիրաւորանքի եւ խաւար սերմանելու միջոց։ 

Քաղաքական երթերը, քաշքշուքներն ու ծեծկռտուքը, որոնք կը յիշեցնեն աւելի շփոթ ու անկառավարելի հոսանքներ, քան գիտակից հանրային շարժում, դարձած են մեր առօրեան՝ խեղդելով Աւագ շաբթուան պատգամը եւ մարելով անոր լուռ, բայց ներգործուն կանչը․․․

Այս տեսարանները ո՛չ միայն կը խաթարեն տօնին խորհուրդը, այլեւ յստակօրէն կը մատնանշեն մեր հասարակութեան ներքին հոգեւոր տագնապը, բարոյական անկումը եւ արժէքային խախտումները։ 

Ինչպէ՞ս կրնանք Յարութեան լոյսին ձգտիլ, երբ մեր լեզուն կ՚աղտոտի ատելութեամբ, իսկ մեր միտքը կը մթագնի կարճատես կիրքերու եւ անհանդուրժողականութեան ծանր մշուշով։

Հայուն համար Քրիստոսի Յարութիւնը դարեր շարունակ եղած է աւելին։ Անիկա վերածուած է ազգային դիմադրութեան, հոգեւոր տոկունութեան եւ վերապրումի բանաձեւի։ Պատմութեան արհաւիրքներուն, տեղահանութիւններուն, պատերազմներուն դիմաց Զատկական զանգերու հնչիւնը միշտ յիշեցուցած է, որ մոխիրներէն վերապրելու կամքը, անգամ ամենախոր խաւարին մէջ լոյս որոնելու ձգտումը, մեր ինքնութեան անկապտելի մասն է։ Այդ զանգերը հնչած են թէ՛ եկեղեցիներու զանգակատուներէն եւ թէ հայ հոգիին խորերէն՝ որպէս վկայութիւն, թէ մահը վերջակէտ չէ, այլ՝ անցում։ 

Այսօր, երբ հայրենազրկումի վախն ու քաղաքական անորոշութիւնը կը պատեն մեր հորիզոնը, երբ ապագան կը թուի վտանգաւոր, Սուրբ Յարութեան պատգամը կը հնչէ աւելի քան հրատապ՝ որպէս արթնացման շեփոր եւ հոգեւոր վերազարթնումի կոչ։

Այս տարուայ Սուրբ Յարութիւնն ալ կը դիմաւորենք Արցախի կորուստի եւ հայաթափման դառնագոյն, տակաւին թարմ եւ չսպիացած իրականութեամբ։ Մենք կանգնած ենք ազգային նոր Գողգոթայի մը առջեւ՝ ծանր, խոցոտող եւ մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ խոր հետք ձգող։ Հեռուն մնացած մեր սրբավայրերը որբացած են, անոնց զանգերը լուռ են, իսկ մեր հայրենակիցները՝ բռնագաղթուած, իրենց տուներէն ու հողերէն արմատախիլ եղած։ Արցախը կայ՝ իր լեռներով, իր պատմութեամբ, իր հոգեւոր ժառանգութեամբ, բայց հոն հայ չկայ այլեւս, որ Յարութեան խորհուրդը հնչեցնէ Դադիվանքի կամ Շուշիի մէջ։ Այդ լռութիւնը սոսկ աշխարհագրական դատարկութիւն չէ, այլ՝ հոգեւոր վէրք, որ կը պահանջէ գիտակցութիւն, սթափում եւ պատասխանատուութիւն։ 

Այս դատարկութիւնն ալ մեզ չի սթափեցներ։  Մինչդեռ, եթէ կայ խաչելութիւն, ապա յարութիւնը կրնայ գալ միայն արդարութեան հաստատումով, վերադարձի տեսլականի վերակերտումով եւ ազգային արժանապատուութեան ամբողջական վերականգնումով։

Այս ճակատագրական պահուն, սփիւռքը ունի վճռորոշ եւ անփոխարինելի դերակատարութիւն։ Աշխարհացրիւ հայութիւնը այսօր պարտաւոր է ըլլալ ո՛չ միայն դիտորդ, այլեւ՝ գործուն դերակատար, մեր ազգային յարութեան կենդանի զարկերակը։ 

Հայ տան մէջ Զատկական սեղանը սերունդներու հանդիպման սրբազան վայրն է՝ յիշողութեան, փոխանցումի եւ միասնականութեան խորհրդանիշ։ Այնտեղ կը միանան մեծերն ու փոքրերը, կը փոխանցուին աւանդութիւններ, արժէքներ, պատմութիւններ եւ ինքնութիւն։ Բայց մտահոգիչ է, որ արդի ժամանակներուն այս ծէսերը, իրենց ամբողջ գեղեցկութեամբ հանդերձ, կրնան աստիճանաբար վերածուիլ դատարկ ձեւականութեան, եթէ զուրկ մնան ներքին բովանդակութենէ։ Առանց ներքին խաղաղութեան, լեզուի մաքրութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութեան, Զատիկը կը մնայ սոսկ արտաքին արարողակարգ՝ զարդարուած, բայց դատարկ, հանդիսաւոր, բայց անշունչ։ Իսկ Յարութեան խորհուրդը կը պահանջէ կենդանի մասնակցութիւն՝ սիրտով, միտքով եւ գործով։

Յարութիւնը միայն անցեալի պատմական իրադարձութիւն մը չէ, որ կը յիշատակենք տարուէ տարի՝ ծիսական կարգով։ Անիկա ներկայի կենդանի կոչ է՝ ուղղուած իւրաքանչիւր անհատի եւ ամբողջ ժողովուրդի։ Այն յոյսը, զոր կը քարոզէ այս տօնը, ստեղծագործելու, կառուցելու, վերակառուցելու եւ պայքարելու մղիչ ուժ է, նոյնիսկ ամենէն մութ, անհաւատալի եւ անելանելի թուացող պայմաններուն մէջ։ Յարութիւնը կը հրաւիրէ մեզ՝ դառնալու լոյսի կրողներ, ո՛չ թէ խաւարի տարածողներ։

Շուտով եկեղեցւոյ զանգերը կ՚աւետեն՝ «Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց»․ տեսակ մը նաեւ ազգային ու մարդկային յիշեցում մըն է, թէ կեանքը կը յաղթէ մահուան, լոյսը՝ խաւարին եւ ճշմարտութիւնը՝ սուտին։ Անոնք մեզի կը յուշեն, որ հայ ժողովուրդը՝ Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր ափերը, տակաւին ունի այն ներքին կայծը՝ վերապրելու, վերականգնելու եւ վերածնուելու։ Այդ կայծը պէտք է պահել, սնուցանել եւ վերածել համազգային կրակի։

Թող այս Զատիկը ըլլայ ոչ միայն տօն, այլեւ առիթ՝ լուռ, բայց խոր ինքնաքննութեան։ 

Թերեւս այսօր մեզի բարձրաձայն խոստումներ պէտք չեն, այլ՝ լռութեան մէջ ծնած ազնիւ որոշումներ, ո՛չ թէ մեծ բառեր, այլ՝ փոքր, բայց ճշմարիտ քայլեր։ Եթէ Յարութիւնը պիտի ըլլայ, պիտի սկսի հոն՝ ուր մենք կը համարձակինք ընդունիլ մեր անկումը եւ կրկին ուղղուիլ՝ դանդաղ, բայց գիտակից կերպով․․․

ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆԻ ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՔԱՐՈԶԸ

190 տարի առաջ՝ 1836 թուականի մարտի 29-ին, Մոսկուայի հայոց եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ, հնչած է հայ նոր գրականութեան հիմնադիր, մեծ լուսաւորիչ Խաչատուր Աբովեանի կենդանի ու հոգեշունչ խօսքը՝ Զատկական քարոզը։

Աբովեան կրօնաւոր չէր, ուստի, անոր քարոզ կոչուած խօսքը քարոզ չէր պարզ իմաստով, այլ՝ մարդասիրութեան, ազգային միասնութեան եւ բարոյական վերածնունդի կոչ մը։ Այդ խօսքը Աբովեանի առաջին հրապարակային ելոյթն էր Մոսկուայի հայկական եկեղեցւոյ մէջ եւ անոր նպատակը ո՛չ միայն Սուրբ Յարութեան տօնի մեկնութիւնն էր, այլեւ տեղի հայերուն ազգօգուտ գործերու մղուիլը։

Այդ վեհաշունչ քարոզը Խաչատուր Աբովեանի հոգեւոր եւ հայրենասիրական մտածողութեան խտացումն է։

Այն ժամանակ, երբ հայ ժողովուրդը կը գտնուէր պատմական բախտորոշ խաչմերուկներու վրայ, Աբովեանը Քրիստոսի կերպարին մէջ տեսաւ այն բացարձակ սէրն ու անձնազոհութիւնը, որ պիտի առաջնորդէր իր հայրենակիցները դէպի լոյս։ Քարոզը յագեցած է խորունկ յուզականութեամբ. գրողը իր հարազատ ժողովուրդի առջեւ կը խօսէր իբրեւ հարազատ եղբայր եւ արենակից, որուն սիրտը կը բաբախէ իւրաքանչիւր հայու ուրախութեամբ եւ ցաւով։

Խաչատուր Աբովեանի Զատկական քարոզը երկար ժամանակ պահուած էր անոր արխիւին մէջ եւ վերջընթեր տարին գրողի տուն-թանգարանի նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցաւ իբրեւ գրքոյկ։

Կը ներկայացնենք Զատկական քարոզէն հատուածներ՝ արեւմտահայերէնով․

- «Այս ի՞նչ անսովոր ուրախութիւն է, որ այսօր տարածուած կայ ձեր բոլորին երեսներուն վրայ. այս ի՞նչ խնջոյք է… կարծես թէ այսպիսի օր դեռ չէիք տեսած ձեր կեանքին մէջ։ Ձեր լեզուն չի խօսիր, դուք չէք պատասխաներ, այլ ձեր պայծառ դէմքը, ձեր զուարթ աչքը, ձեր խնդալից շարժուածքը ինծի՝ առանց պատասխանի, առանց խօսքի եւ պատմելու՝ ցոյց կու տան, թէ որքա՜ն ուրախ է այսօր ձեր սիրտը»։

- «Հարուստները մոռցած են իրենց հոգը, աղքատները՝ իրենց անբախտութիւնը, աշխատասէր ծերերը՝ իրենց գործերը, տրտմածները՝ իրենց ցաւը, եւ ամէնքը՝ եկեղեցւոյ մէջ ու քաղաքին մէջ, տան մէջ եւ փողոցները, կարծես, թէ մէկ հոգի ստացած, մէկ հոգիով վառած, եւ ուր որ հանդիպին՝ ձեռք-ձեռքի տուած, զիրար կա՛մ համբուրելով, կա՛մ շնորհաւորելով՝ աւետիս պէտք է տան այսպէս»։

- «Միթէ՞ այս բաց պատարագն է ատոր պատճառը, միթէ՞ այս երգը եւ եկեղեցական հանդէսը. ո՛չ… եւ ոչ թէ միայն եկեղեցւոյ մէջ, այլեւ ձեր տան ու դրան մէջ դարձեալ այսպէս պէտք է խնդաք ու ուրախանաք՝ ո՛չ թէ միայն այսօր, այլեւ ամբողջ շաբաթը»։

- «Շատերը, կարելի՞ է, թէ անոր համար են այսպէս ուրախացած, որ սուրբ հաղորդութեան արժանացան… իրենց յստակ խղճմտանքը այսօր յոյս եւ մխիթարութիւն կու տայ անոնց, թէ որքա՜ն լաւ բան է սեփական կրօնին, հաւատքին, եկեղեցւոյն արի եւ հաւատարիմ ըլլալը»։

- «Ներեցէ՛ք ինծի… որ ես ձեզի օտար եւ անծանօթ ըլլալով՝ կը համարձակիմ այսպիսի հարցում ընել. ի՞նչ ըսեմ, օտա՞ր. ո՛չ, մէկ է մեր արիւնը, մէկ աւազանէ ծնած ենք եւ մէկ աշխարհի եկեղեցւոյ որդիներ ենք ամէնքս»։

- «Որքա՜ն բախտաւոր պիտի ըլլայի, եթէ ես երկար կարենայի մնալ ձեր մէջ… վասնզի մէկ հայու անունը ինծի համար թանկ եղած է մինչեւ այսօր եւ պիտի ըլլայ»։

- «Ո՛չ թէ օրը, այլ յիշատակը այն գործերուն եւ հրաշքներուն, զորս կատարեց մեր Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս, ստիպեցին մեզ պաշտել, պատուել, փառաբանել կեանքի զօրութիւնը եւ անոր յայտնութիւնը աշխարհի մէջ»։

- «Այսօր Ան կը բաժնուի մեզմէ, Ան կը թողու աշխարհը… եւ մենք կը խնդանք ու կ՚ուրախանանք։ Այսպէ՞ս կը զգանք, երբ սիրելի մէկը բաժնուի մեզմէ. երբ մեր բարեկամները կամ ազգականները հեռաւոր աշխարհ կ՚երթան… մեր արցունքը գետի պէս կը հոսի, ա՜խ ու վա՜խ քաշելով զանոնք ճամբայ կը դնենք»։

- «Մեր սիրելին՝ Քրիստոս… Անոր հրաշալի կեանքի ժամանակը կը լրանայ, Ան այլեւս պիտի չմխիթարէ մեզ… պիտի չլսենք Անոր անոյշ քարոզութիւնն ու բարբառը, եւ այդպէս կը խնդա՞նք»։

- «Իսկ այժմ, մեր Փրկիչը… կը նահատակուի իբրեւ անմեղ զոհ՝ Իսրայէլի անօրէն ու ամբարիշտ ժողովուրդին ձեռքով. եւ փոխանակ այնքան բիւրահրաշ գործերուն… անմեղ ու անարատ, իբրեւ անմռունչ գառնուկ, խաչ կը հանուի»։

- «Արեգակը կը ծածկէ իր երեսը, աստղերն ու լուսինը կը փակուին այսպիսի սոսկալի տեսարանէն. բայց ի՞նչ կը կամենայ քու ամենահեզ, բարեգութ բարեկամդ ու մարդկութեան Փրկիչը. Ան՝ մոռցած Իր անձին բոլոր չարչարանքներն ու կսկիծները խաչին վրայ… լալագին դէմքով ու անտրտունջ բարբառով կը պաղատի Հօրը. «Հա՛յր, թո՛ղ դոցա»»։

- «Ո՛վ աստուածային Մարդ, որ քու ոտքերուդ ամէն քայլափոխին, ամէն մտածումիդ ու գործիդ մէջ Քեզ մոռցած՝ միմիայն կը կամենայիր օրինակ ըլլալ կորուսեալ մարդկութեան եւ անոնց փրկութիւնը յառաջ բերել»։

- «Անոր յարութեամբ մեզի ալ տուաւ անկշռելի յոյսը, թէ՝ մենք ալ երբեմն պիտի յարութիւն առնենք եւ պիտի մնանք անմահ՝ գործերով, յիշատակով ու յաւիտենական կեանքով»։

- «Կրնա՞ն երկնային փառքն ու անմահութիւնը մխիթարել կամ բախտաւորել այն ողորմելի հոգին, որ դեռ կենդանութեան ատեն իբրեւ մեռել կը շրջի աշխարհի մէջ»։

- «Տեսա՞ք վիճակը այնպիսի ողորմելի անձի մը, որ այս կեանքին մէջ իսկ ինքն իրմէ անբաւարար ըլլալով՝ չի գիտեր, թէ ի՛նչ ընէ։ Տեսա՞ք այսպիսիներուն վիճակը իրենց վերջին շունչին, ուր մահը սոսկալի կերպով կանգնած է իրենց դիմաց՝ իբրեւ դահիճ։ Իր խղճմտանքը, իբրեւ զարհուրելի դժոխք, իր դիմաց կը դնէ իր չարիքներուն անհուն թիւը, իր անօրէն գործերը, իր ապերախտութիւնը, իր հպարտութիւնը, իր անգութ սիրտը, որով ինքը զրկած է որբերն ու այրիները, անարգած է իր ազգն ու եկեղեցին։ Այսպիսի մարդուն համար ի՞նչ պիտի ըլլայ յարութիւնը. անոր յիշատակը կը ջնջուի, եւ ի՞նչ կրնայ ըլլալ անոր համար անմահական կեանքը, եթէ ոչ յաւիտենական տանջանք եւ անվերջ պատիժ»։ 

- «Բայց հանդիպեցա՞ք այս պահուս նաեւ արդար հոգիին։ Որքա՜ն հանգիստ է անոր սիրտը, որքա՜ն ուրախ՝ անոր դէմքը… իր խղճմտանքը, իբրեւ երկնային դրախտ, հեռուէն ցոյց կու տայ իրեն, թէ ի՛նչ երջանկութիւն կը սպասէ իրեն»։

- «Անոր ոսկորները, գերեզմանին մէջ փտած ըլլալով հանդերձ, դեռ հազար բերան կ՚օրհնեն զինք. անոր յիշատակն ու գործերը անմահ կը մնան մարդոց սիրտերուն մէջ… վասնզի արդարներուն մահը անմահութիւն է»։

- «Ոչ ոք կրնայ երկնային փառքին հասնիլ, ոչ ոք կրնայ անմահ անուն ու յիշատակ ձգել աշխարհի մէջ, եթէ չառնէ իր խաչը եւ չհետեւի Քրիստոսի»։

- «Խաչ է, եթէ դուն ապերախտութիւնն ու ձախորդութիւնը առանց տրտնջալու կը տանիս. խաչ է, եթէ թշնամիներուդ սիրով ու մարդասիրութեամբ կը ներես. խաչ է, եթէ դուն քու օգուտդ քիչ թէ շատ մէկ կողմ ձգելով՝ ընկերներուդ ու ազգիդ համար կը վաստակես եւ հոգ կը տանիս անոր տկարութեան ու աղքատութեան»։

- «Ով որ սրտով կը սիրէ իր ընկերը, պարտաւոր է նաեւ սիրել իր անձը, ո՛չ թէ միայն դրամը կամ այլ իրեր, չխնայել անոր համար։ Ան չնայեցաւ անոր, որ ազգը ապերախտ ու անշնորհակալ էր»։

- «Անոնց արցունքները չեն մեղմացներ Քու սիրտդ… որովհետեւ գիտէիր, որ միայն այս օրինակով կրնաս ուղղել մարդիկը. այսպիսի հրաշալի յարութեամբ պիտի ամօթահար ընես Քու բոլոր թշնամիներդ»։

- «Ասոր համար կ՚օրհնենք ու կը փառաբանենք մենք ալ Քու հրաշալի յարութիւնդ, տիեզերքի Փրկիչ… ես ալ ձեզի հետ զուարթադէմ կ՚աղաղակեմ՝ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2026