ԵՐԿՈՒ ԴԷՄՔ, ՄԷԿ ՀՈԳԻ. ՀԱՅԵԼԻԻՆ ՄԷՋ ՕՏԱՐԸ

Կեանքի մէջ, թերեւս, ամենէն դժուար հանդիպումը այն է, երբ մարդ վերջապէս կը հանդիպի ինքն իրեն։ Ո՛չ թէ այն «ես»ին, զոր ուրիշներուն կը ներկայացնէ, ո՛չ թէ այն դէմքին, զոր տարիներու ընթացքին սորված է կրել, այլ այն լուռ ու անպաշտպան մարդուն, որ իր ներսը կը մնայ՝ երբ բոլորը կը հեռանան, երբ սենեակը կը լռէ, երբ հեռաձայնը չի զանգեր, երբ այլեւս կարիք չկայ ոեւէ մէկուն բան մը ապացուցելու։

Որովհետեւ մեր ներսը կարծես երկու մարդ կը բնակի։

Մէկը՝ ես եմ։ Միւսը՝ ուրիշը։

Մէկը այն մարդն է, որուն մասին ես գիտեմ։ Միւսը այն մարդն է, որ աշխարհը կը տեսնէ։ Մէկը կը զգայ, կը վախնայ, կը կասկածի, կը փշրուի։ Միւսը կը ժպտայ, կը լռէ, կը ձեւացնէ, թէ ամէն ինչ լաւ է, թէ ո՛չ մէկ բան զինք կը ցաւցնէ։

Մէկը գիշերները կը մտածէ՝ արդեօք ճիշդ ապրեցա՞յ։ Միւսը առաւօտները կը հագուի եւ դուրս կ՚ելլէ՝ կարծես ամէն ինչ իր տեղն է։

Տարիներ շարունակ մենք այս երկուքին միջեւ կ՚ապրինք։

Մեր կեանքին մեծ մասը կը ծախսենք այն մարդը ըլլալու համար, զոր ուրիշները կ՚ուզեն տեսնել։ Մանուկ տարիքէն կը սորվինք, թէ ինչպէս պէտք է խօսիլ, ինչպէս պէտք է ժպտիլ, ինչ բաներ պէտք է չըսել, ինչ զգացումներ պէտք է թաքցնել։ Կը սորվինք, որ չափազանց զգայուն ըլլալը թուլութիւն է, լալը ամօթ է, վախնալը անզօրութիւն է, իսկ միշտ ուժեղ երեւիլը՝ արժանիք։

Եւ կամաց-կամաց, առանց նկատելու, մեր մէջ ուրիշ մը ծնունդ կ՚առնէ։

Այդ ուրիշը կը սկսի մեր փոխարէն ապրիլ։

Ան կը ժպտայ, երբ մենք կ՚ուզենք լալ։ Ան «լաւ եմ» կ՚ըսէ, երբ մեր ներսը ամէն ինչ կը գոռայ։ Ան կը մնայ այն տեղը, ուրկէ մենք վաղուց հեռանալ կ՚ուզենք։ Ան կը ներէ այն մարդոց, որոնց իրականութեան մէջ չենք ներած։ Ան կը լռէ այն պահերուն, երբ մեր ներսը հազարաւոր բառեր ունի ըսելիք։

Եւ ամենացաւալին այն է, որ օր մը այլեւս չենք գիտեր, թէ անո՞ր կեանքն է մեր ապրածը, թէ մերինը։ Կը նայինք հայելիին եւ կը ճանչնանք մեր դէմքը, բայց, երբեմն չենք ճանչնար այն մարդը, որ մեր աչքերու ետին կը նայի մեզի։

Ո՞վ եմ ես։ Ա՞յն մարդը, որ ամէն օր կը տեսնեն ուրիշները, թէ այն մարդը, որ գիշերը, մութին մէջ, երբ աշխարհը կը քնանայ, իր բոլոր կեղծ ժպիտները մէկ կողմ կը դնէ եւ վերջապէս կը խոստովանի ինքն իրեն, թէ որքան յոգնած է։

Երբեմն մեր ամենամեծ վախը ուրիշներու կողմէ մերժուիլը չէ։ Մեր ամենամեծ վախը այն է, որ եթէ օր մը իսկապէս մենք ըլլանք, գուցէ այլեւս ո՛չ ոք սիրէ մեզ։ Այդ պատճառով կը ստեղծենք ուրիշ մը։ Կը կառուցենք այն «մենք»ը, որ աւելի ընդունելի է, աւելի յարմարող է, աւելի հանգիստ է ուրիշներուն համար։ Ան չի հակաճառեր։ Ան չի նեղանար։ Ան միշտ կը հասկնայ։ Ան միշտ կը ներէ։ Ան միշտ պատրաստ է ուրիշներուն համար ըլլալու։

Բայց, ո՛չ ոք կը հարցնէ՝ իսկ անոր համար ո՞վ պիտի ըլլայ։ Ո՞վ պիտի նստի անոր կողքին, երբ ան այլեւս ուժ չունի։ Ո՞վ պիտի ըսէ՝ «դուն ալ կրնաս յոգնիլ»։ Ո՞վ պիտի ըսէ՝ «դուն պարտաւոր չես միշտ ուժեղ ըլլալու»։ Ո՞վ պիտի գրկէ այն մարդը, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին ուրիշները գըր-կած է։

Գուցէ այդ պատճառով ալ մարդ երբեմն զինք առանձին կը զգայ նոյնիսկ մարդոց մէջտեղ։ Որովհետեւ շրջապատին մէջ բոլորը կը ճանչնան «ուրիշը», բայց գրեթէ ո՛չ ոք կը ճանչնայ «ես»ը։

Ու մենք ալ, թերեւս, սկսած ենք մոռնալ զայն։ Մեր իրական «ես»ը աղմկոտ չէ։ Ան չի պահանջեր ուշադրութիւն։ Ան մեծ խոստումներ չի տար։ Ան պարզապէս կ՚ուզէ, որ մէկը զինք լսէ։ Կ՚ուզէ, որ իր ապրածը չնուազեցուի։ Կ՚ուզէ, որ իր վախերը ծաղրի չվերածուին, իր տխրութիւնը «անցողիկ բան» չանուանուի, իր լռութիւնը սխալ չհասկցուի։

Իսկ ամենէն շատ՝ ան կ՚ուզէ այլեւս դեր չխաղալ։ Թերեւս հասուննալը այն պահը չէ, երբ մենք կը դառնանք աւելի ուժեղ։ Թերեւս հասուննալը այն պահն է, երբ այլեւս չենք վախնար մեր թուլութիւնները ընդունելէ։ Երբ կը հասկնանք, որ մարդը, որ միշտ ամէն ինչի կը դիմանայ, պարտադիր չէ, որ երջանիկ ըլլայ։ Երբ կը հասկնանք, որ «լաւ եմ», ըսելը միշտ ուժի նշան չէ։ Երբեմն ան օգնութեան ամենալուռ ձեւն է։

Եւ գուցէ օր մը պէտք է դադրինք ընտրելէ այս երկու մարդոց միջեւ։ Պէտք է «ես»ը եւ «ուրիշը» կրկին իրարու մօտեցնենք։ Այն մարդը, որ իր աշխարհը կը տեսնէ, թող վերջապէս ձեռք տայ այն մարդուն, որուն միայն ինք կը ճանչնայ։

Թող ժպտացողը լսէ լացողին։ Թող ուժեղը գրկէ վախցածը։ Թող համարձակ երեւցողը խոստովանի իր վախը։ Թող լռողը վերջապէս խօսի։ Որովհետեւ ամբողջ կեանքը ուրիշ մը ըլլալով անցընելը թերեւս ամենէն լուռ ձեւն է ինքզինք կորսնցնելու։

Եւ գուցէ իսկական ազատութիւնը այն չէ, երբ աշխարհը վերջապէս մեզ կ՚ընդունի։ Իսկական ազատութիւնը այն օրն է, երբ մենք այլեւս չենք ստիպուիր աշխարհին ընդունելի ըլլալու համար ուրիշ մը դառնալ։ Այդ օրը հայելիին առջեւ կանգնած մարդը այլեւս օտար չի թուիր։ Աչքերուն մէջ դեռ վախեր կ՚ըլլան, անցեալի հետքեր կ՚ըլլան, չարտասանուած բառեր կ՚ըլլան, բայց անոնց մէջ բան մը հաստատ կը գտնուի՝ իրականութիւն։

Եւ այդ պահուն գուցէ առաջին անգամ կը հասկնանք, որ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին փնտռած մարդը ուրիշ մը չէր։ Ան միշտ մեր ներսն էր։ Պարզապէս շատ երկար ժամանակ անոր ձայնը չէինք լսած։

Մէկ ես կար։ Մէկ ալ՝ ուրիշը։ Եւ ամբողջ կեանքը թերեւս այն էր, որ այս երկուքը օր մը զիրար ճանչնան։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2026