ԳԵՂԵՑԻԿ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. «ՄԵՐ ՀԱՅԵԱՑՔԸ ՈՒՂՂԵՆՔ ԱՊԱԳԱՅԻՆ, ՀՈՆ, ՈՒՐ ԿԵԱՆՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ…»
Ապրիլը վերջացաւ, եւ քանի մը կարեւոր իրադարձութիւններ ստիպեցին հայեացք մը նետել անցնող ամսուն, որ սգալէ զատ ունեցաւ նաեւ այլ երանգներ։
Մրրկայոյզ լուրերու աղմուկէն անդին եղան ժպիտ բերող պատմութիւններ, որոնք կը յիշեցնեն՝ մշակոյթը, յիշողութիւնը եւ գեղեցկութիւնը տակաւին կը շարունակեն իրենց անաղմուկ ճանապարհը։
ԲՈՅՐԻ ՄԷՋ ՊԱՀՈՒԱԾ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.
ՖՐԱՆՍԻՍ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանը ապրիլին հիւրընկալեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ օծանագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեանը․ նշանաւոր այս անունը, աւելորդ է կրկնել՝ արդէն վաղուց դարձած է համաշխարհային շքեղութեան եւ նուրբ ճաշակի խորհրդանիշ։
Երեւանի «Hermitage Armenia» գեղայարդարման խանութներու ցանցի հրաւէրով Հայաստան ժամանած Քիւրքճեան մասնակցեցաւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ կազմակերպուած բացառիկ երեկոյթի մը, ուր ներկայ էին շուրջ երեք հարիւր հրաւիրեալներ։ Երեկոյթը նուիրուած էր Քիւրքճեանի ստեղծագործական ուղիին եւ յատկապէս անոր ստեղծած հանրածանօթ «Baccarat Rouge 540» բոյրի տասնամեակին։
Ասիկա ժամանակակից օծանելիքի աշխարհի ամենէն տիրական ու փնտռուած բոյրերէն մէկն է, որուն ստեղծման պատմութիւնը կը միացնէ բիւրեղապակիի արուեստն ու բարձրորակ օծանելիքի վարպետութիւնը։
Այս օծանելիքը ծնունդ առաւ 2013 թուականին, երբ աշխարհահռչակ «Baccarat» բիւրեղապակիի ընկերութիւնը, իր հիմնադրման 250-ամեակի առիթով, դիմեց տաղանդաւոր օծագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեանին, որն ալ ստեղծեց այս գլուխ գործոցը, որու փառքը Ֆրանսայէն դուրս եկած է՝ հասնելով հեռաւոր անկիւններ, նաեւ՝ Երեւան։
Սկզբնական շրջանին զայն սահմանափակ թիւով արտադրութիւն մըն էր՝ զետեղուած յատուկ բիւրեղեայ սրուակներու մէջ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՚արժէր 3 հազար եւրօ։
Բոյրին անուանումը՝ «Rouge 540», ունի հետաքրքրական նշանակութիւն. 540 աստիճանը (սելսիուսի սանդղակով) այն ջերմաստիճանն է, որուն ընթացքին թափանցիկ բիւրեղին խառնուող ոսկիի փոշին կը ստանայ իր բնորոշ վառ կարմիր գոյնը («Baccarat»ի խորհրդանիշը)։
Բոյրը թէեւ սկզբնապէս նախատեսուած էր միայն յոբելենական առիթի համար, սակայն, յետոյ այնքան մեծ հիացմունք պատճառեց, որ Քիւրքճեան որոշեց զայն ներառել իր սեփական ապրանքանիշի՝ «Maison Francis Kurkdjian» հաւաքածոյին մէջ։ Այսօր զայն Եւրոպայի եւ Ամերիկայի ամենէն շատ վաճառուող օծանելիքներէն մէկն է, որուն հռչակը ա՛լ աւելի տարածուեցաւ ընկերային ցանցերու միջոցով։
«Baccarat Rouge 540»ը կը դասուի «արհեստական քաղցրահամ բոյրերու» շարքին։ Այս բոյրը յատկապէս յայտնի է իր «օդային» թեթեւութեամբ, բայց, միեւնոյն ժամանակ՝ տեւականութեամբ եւ ուժեղ ներկայութեամբ։ Այնքան սիրուած է, որ շուկայի վրայ յայտնուած են բազմաթիւ նմանակումներ, որոնք կը փորձեն վերարտադրել նոյն շքեղութիւնը՝ աւելի մատչելի գիներով։
Որքան շքեղ է այս բոյրը, նոյնքան շքեղ են այն բառերը, որոնցմով բուրագէտներ կը բացատրեն Քիւրքճեանի ստեղծած այս բուրմունքը։ Անոնք կը նկարագրեն, որ այս օծանելիքը մորթը կը պարուրէ ինչպէս յամպարային, ծաղկային եւ փայտային զեփիւռ մը։ Յասմիկի օդեղէն թրթիռները եւ քրքումի ճառագայթները կը կրեն յամպարի (մուշկի) հանքային երեսակը ու թարմ կտրտուած մայրիի փայտային երանգները: «Baccarat Rouge 540»ը վերածուեցաւ մշակութային երեւոյթի, որ կը խորհրդանշէ նոր դարաշրջանի ձգտումները։ Եթէ անցեալին օծանելիքը կը նմանէր ծանր ու թանձր թաւիշի, ապա Քիւրքճեանի այս ստեղծագործութիւնը նման է լուսաւոր ու ճառագայթող բիւրեղի, որ կը փոխէ իր գոյնը՝ ամէն մորթի վրայ իւրովի արձագանգելով։
Այսօր աշխարհ կը փնտռէ նորութիւն ու ինքնատիպութիւն, իսկ բոյրը կը մնայ որպէս անփոխարինելի չափանիշ՝ յիշեցնելով, որ իսկական վարպետութիւնը միշտ կը գտնէ իր ճամբան դէպի մարդոց սիրտերն ու յիշողութիւնը։
Քիւրքճեանի այցելութիւնը Հայաստան պարզապէս մասնագիտական կանգառ մը չէր, ո՛չ ալ անոր առաջին այցն էր հայրենիք։ Շատեր թերեւս նոր գիտցան, որ իր ստեղծագործական ուղիի սկզբնական շրջանին իսկ Քիւրքճեան սերտ կապ ունեցած է Հայաստանի հետ։ Այս իր երրորդ այցելութիւնն էր հայրենիք։ Վերջին անգամ այստեղ եղած էր տասը տարի առաջ՝ 2016 թուականին, իսկ առաջին այցելութեան ընթացքին հասած էր մինչեւ Արցախ։
Հանդիպման ընթացքին ան արտասանեց խօսքեր, որոնք ներկաներուն յուզում պատճառեցին.
«Քանի մը օր ետք Եղեռնի տարելիցն է։ Պէտք է նայինք մեր անցեալին, տեսնենք, թէ ուրկէ՛ կու գանք, որպէսզի կարողանանք մեր հայեացքը ուղղել ապագային, հոն, ուր կեանքը կը շարունակուի»։ Ասոնք խօսքեր են, որոնք յարգանքի տուրք են անցեալին, նաեւ՝ սփիւռքահայու հոգեբանութեան խտացուած բանաձեւը։ Այդտեղ կայ այն մշտական երկուութիւնը, որուն մէջ կ՚ապրի սփիւռքահայը. մէկ կողմէն՝ ցաւի ու կորուստի ծանրութիւնը, որ ժառանգաբար կը փոխանցուի արեան կանչով, իսկ միւս կողմէն՝ վերապրելու եւ յաջողելու անկոտրում կամքը։
Քիւրքճեան նաեւ յաւելեց․
«Ես երբեք չեմ մոռցած իմ արմատներս եւ միշտ կը յիշեմ, որ գաղթականներու թոռ եմ»։
Իր խօսքերը երբեմն խորախոհ էին, երբեմն ալ՝ ժպիտ պարգեւող։
Մօր մասին պատմելով՝ ըսաւ.
«Մայրս մէկ ամուսին ունէր, բայց բազմաթիւ օծանելիքներ։ Բոյրերը անոր նոր ինքնութիւններ կու տային»։
Այս խօսքերէն կը հասկնանք, որ բոյրը Ֆրանսիսի համար ինքնութիւն է, յիշողութիւն, պատմութիւն, թերեւս իր մօր մասին պատմած պատմութեան մէջ է անոր յաջողութեան գաղտնիքը։
«Օծանելիքի ստեղծումը բաղադրատոմսով չի սկսիր։ Երբեմն ամիսներ կը տեւէ աշխատանքը, բայց, եթէ վերջաւորութեան բոյրը ինծի հաճելի չըլլայ, առանց երկմտանքի կը նետեմ աղբարկղը։ Եթէ ես չեմ սիրեր զայն, ինչո՞ւ ուրիշները պէտք է սիրեն», ըսաւ ան։
Աշխարհը այսօր կը սպասէ իր նոր ծրագիրներուն։ Մայիսին «Amazon Prime»ով պիտի ցուցադրուի վաւերագրական ժապաւէն մը, սեպտեմբերին նոր բոյր պիտի ներկայացուի, դեկտեմբերին՝ նոր վաւերագրական աշխատանք, իսկ 2027 թուականին՝ իր բնորոշմամբ «յեղափոխական» նոր բոյր մը կու գայ։
Բայց իր հայաստանեան այցելութեան ամենաջերմ էջերէն մէկը թերեւս այցն էր Կիւմրիի մանկատուն, ուր ան մասնակցեցաւ բարեսիրական նախաձեռնութեան։
Ապրիլի վերջին Քիւրքճեան «Լոյս եւ յոյս» բարեսիրական երեկոյթի պատուակալ հիւրը եղաւ՝ ի նպաստ Հայաստանի երեխաներուն։
Երեկոյթը կազմակերպած էր «EliseCare» կազմակերպութիւնը, բարեգործական այդ ընթրիքը ունէր վսեմ նպատակ մը՝ բժշկական անհրաժեշտ օգնութիւն հասցնել Երեւանէն դուրս բնակող այն հայ երեխաներուն, որոնք առողջական խնդիրներու պարագային զրկուած են արագ բուժօգնութեան դիմելու հնարաւորութենէն։
«EliseCare»ը իր գործունէութեան առաջին քայլերը առած է 2020 թուականին՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, ապա շարունակած է իր նուիրական աշխատանքը շրջափակման ծանր շրջանին եւ արցախահայութեան բռնի տեղահանութենէն ետք։
Կազմակերպութեան հիմնադիրն է Էլիզ Պօղոսեան՝ անձնուէր ֆրանսահայ մը, որուն արմատները նոյնպէս գաղթականական են։ Անոր տեսլականը միջազգային համերաշխութեան սերմանումն է եւ ցաւի դէմ պայքարի մասնագիտական բուժումը։ Էլիզի հիմնական նպատակն է անմիջական բժշկական աջակցութիւն տրամադրել հակամարտութեան գօտիներու մէջ ապրող խաղաղ բնակչութեան։
Այսօր «EliseCare»ը իր մարդասիրական ծառայութիւնը կը մատուցանէ աշխարհի թէժ կէտերուն մէջ՝ Իրաք, Սուրիա, Եթովպիա, Լիբանան եւ, ամենակարեւորը՝ Հայաստան։ Յաճախ յուսահատութեան մէջ գտնուողներուն համար այս կազմակերպութիւնը կը դառնայ այն յոյսի շողը, որ կու գայ ապացուցանելու՝ մարդկային կարեկցանքն ու մասնագիտական պարտքը սահմաններ չեն ճանչնար։
Երբեմն պատմութիւնը կը կրկնուի եւ գաղթականներու թոռները, ինչպէս՝ Ֆրանսիս Քիւրքճեանն ու Էլիզ Պօղոսեանը, իրենց յաջողութիւնն ու ուժը կը վերածեն վահանի՝ պաշտպանելու համար հայրենի հողին վրայ ապրող նոր սերունդը։
ՄԱՏՐԻՏԻ ՄԷՋ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՁԵՌԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՓԱՌՔԸ
Մատրիտը այս օրերուն կը բացայայտէ հայկական ձեռագրական արուեստի շքեղութիւնը։
Սպանիոյ Ազգային գրադարանին մէջ բացուած է «Հոգեւոր քարտէսի արահետներով․ հայկական ձեռագրական արուեստը» խորագրով ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած է Երեւանի Մաշտոցեան մատենադարանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նախաձեռնութեամբ։
Ցուցադրութիւնը կը ներառէ 9-էն մինչեւ 19-րդ դարերու միջնադարեան ձեռագրեր, որոնք ստեղծուած են հայկական գրչութեան զանազան կեդրոններու մէջ։
Ներկայացուած նմոյշներուն մէջ առանձնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն հայկական ինքնատիպ տառատեսակները՝ մանաւանդ թռչնագրերը, որոնք սպանացի այցելուներուն համար իսկական բացայայտում դարձած են։
Ցուցադրութեան ամենանշանաւոր գոհարներէն մէկը նաեւ Շուխունց խնդրակատար Աւետարանն է՝ իր նրբագեղ ձեւաւորմամբ եւ պատմական բացառիկ արժէքով։
Մատենադարանի թանգարանի ղեկավար եւ ցուցադրութեան համադրող Իվեթ Թաջարեան ճիշդ կը նկատէ, որ նման նախաձեռնութիւնները մշակոյթներու միջեւ կամուրջներ կը կառուցեն եւ ժողովուրդներու միջեւ ջերմութիւն կը ստեղծեն։
Հայկական ձեռագրերը երեք ամիս պիտի մնան Մատրիտի մէջ՝ շարունակելով իրենց ազդեցիկ պատմութիւնը պատմել։
ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻ. ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ ԵՐԵՒԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱԾ ԳՈՅՆԵՐ
Ապրիլի վերջին օրը՝ 30-ին, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը հիւրընկալեց բացառիկ մշակութային իրադարձութիւն մը, որ իր նշանակութեամբ կը գերազանցէ սովորական ցուցադրութեան սահմանները։
Առաջին անգամ Հայաստանի կառավարութիւնը պետական միջոցներով հեղինակաւոր Սոթպիզ աճուրդատունէն ձեռք բերած է ամերիկահայ աշխարհահռչակ արուեստագէտ Արշիլ Կորքիի՝ Ոստանիկ Ատոյեանի «Անվերնագիր» ստեղծագործութիւնը (մօտաւորապէէս 1944 թուականին ստեղծուած) եւ զայն փոխանցած Ազգային պատկերասրահին։
Այս գծանկարը առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ Հայաստանի թանգարաններուն մէջ պահուող Կորքիի առաջին եւ առայժմ միակ գունաւոր աշխատանքն է։
1940-ականներուն ստեղծուած այս գործին մէջ արդէն կը նշմարուին անոր բացառիկ գունային մտածողութիւնը եւ ձեւերու ազատ խաղը․ այս յատկանիշներն են, որոնք յետագային պիտի հաստատէին զայն որպէս արդի արուեստի առանցքային դէմքերէն մէկը։
Նկարը Ազգային պատկերասրահին մէջ առանձին չցուցադրուեցաւ․ առաջին անգամ Կորքի ներկայացուեցաւ այն հայաստանեան եւ սփիւռքահայ արուեստագէտներու շրջանակէն ներս, որոնց ստեղծագործութիւնները զանազան ձեւերով կը կրեն անոր ազդեցութիւնը՝ բացայայտելով անոր տեղը հայ արուեստի շարունակականութեան մէջ։
Ցուցադրութեան շրջայցը ուղեկցուեցաւ նաեւ տեսալսողական իրականութեան նորարար լուծումներով, որոնք եռաչափ տարածութեան մէջ կենդանացուցին վարպետին ստեղծագործական ուղին։
Երեկոյթը ամբողջացաւ Կորքիի գոյներէն ներշնչուած հագուստներու եւ աքսեսուարներու ցուցադրութեամբ, ինչպէս նաեւ երաժշտական կատարումներով։ Երկար ժամանակուայ համար բաց է այս ցուցահանդէսը, որ այցելուներուն հնարաւորութիւն կու տայ հաղորդակից դառնալու Արշիլ Կորքիի տիեզերքին, ուր Ոստանիկ Ատոյեանի ցաւն ու կարօտը վերածուած են համաշխարհային արուեստի գոհարներու։ Այս ձեռքբերումը խորհրդանշական վերադարձ մըն է․ Կորքին, որ իր արուեստով յեղափոխեց համաշխարհային գեղանկարչութիւնը, այսօր իր գոյներով կը հանգրուանէ հայրենի հողին վրայ։
«ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԵՍՆԵՐԸ․ ՅԻՇԵԼ՝ ԱՌԱՆՑ ԱՆՀԱՍՈՒՆՈՒԹԵԱՆ
Սակայն, այս բոլոր գեղեցիկ իրագործումներու կողքին, ապրիլեան օրերը դարձեալ ականատես եղան տեսարանի մը, որ մեզ կը մղէ լուրջ խոկումի։ Կրկին անգամ փողոցի մէջ այրուեցաւ թրքական դրօշակը՝ արարք մը, որ թէեւ կը բխի տասնամեակներու կուտակուած զանազան զգացումներէ, բայց եւ այնպէս, կը մնայ որպէս մեր քաղաքական ու հաւաքական անհասունութեան ու կարճատեսութեան տխուր վկայութիւն մը։
Մէկ կողմէն աշխարհին կը ներկայանանք Քիւրքճեանի նրբաճաշակութեամբ կամ Կորքիի համաշխարհային արուեստով, իսկ միւս կողմէն՝ դրօշակ այրելու պարզունակ ու զգացական քայլը կարծես կը ստուերէ մեր իրական ուժը։
Դրօշակ այրելը ո՛չ պատմութիւնը կը փոխէ, ո՛չ ալ արդարութիւնը կը մօտեցնէ․ այն միայն կը մատնէ մեր անկարողութիւնը՝ ցաւը վերածելու քաղաքական հասուն միտքի եւ ռազմավարական յաղթանակի։
Ազգի մը կենսունակութիւնը կը չափուի ո՛չ թէ կրակին տուած ուրիշի դրօշով, այլ իր ստեղծած մնայուն արժէքներով, իր պահած արժանապատուութեամբ եւ իր կառուցած ապագայով։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան