ԱՆՆԱ ՊՕՂԻԿԵԱՆ. ՃԱՄԲՈՐԴ-ՎԿԱՆ. ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻ ԱՌԱՋԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի արուեստասէր հասարակութիւնը բացառիկ առիթը ունի մօտէն հաղորդակցելու արդի կերպարուեստի ամենատաղանդաւոր ու ինքնատիպ դէմքերէն մէկուն՝ եգիպտա-գանատահայ արուեստագիտուհի, հեղինակաւոր «Վոլֆկանկ Հան»ի մրցանակակիր Աննա Պօղիկեանի արուեստին հետ։ Միջազգային համբաւ վայելող արուեստագիտուհին, որուն գործերը զարդարած են աշխարհի ամենահռչակաւոր թանգարաններն ու ցուցահանդէսները, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ անհատական ցուցահանդէս մը ունեցաւ։
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ «Հիւսելու մշակոյթ. Աննա Պօղիկեան» խորագրով ցուցահանդէսը։
Աննա Պօղիկեան ներկայ չէր բացման հանդիսութեան, ներկաներուն միացաւ հեռակապով։ Անցեալ տարի զինք տեսայ Երեւանի փողոցը՝ սրճարանի մը մէջ։ Նստած էր՝ կարծես անհաղորդ շուրջը տեղի ունեցողին, իսկ յետոյ ուղեկցողներու ներկայութեամբ կը քալէր, յայտնի էր, որ շարժելու դժուարութիւն ունի․ ան այս տարի դարձաւ 80 տարեկան։ Փողոցին մէջ անցորդները քիչ մը տարօրինակ նայուածքով կը դիտէին արտասովոր արտաքինով այս կինը, որ կարծես անփոյթ էր իր հագուստին ու արտաքինին հանդէպ։ Դժուար թէ ոեւէ մէկուն միտքէն անցնէր, որ իր առջեւ կանգնած է աշխարհահռչակ ու տաղանդաւոր հայ արուեստագիտուհին։
Եւ հիմա ալ նշանաւոր արուեստագիտուհիին առաջին անհատական նախագիծը Հայաստանի մէջ, կը խոստանայ դառնալ այս տարուան մշակութային կեանքի ամենացնցող էջերէն մէկը։
Ցուցահանդէսը կը յաջորդէ համադրական գործունէութիւն ծաւալող «AHA collective»ի կողմէ յղացուած «Հիւսելու մշակոյթ» ստեղծագործական կացարանի ծրագրին, որ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) պատուիրակութեան աջակցութեամբ՝ 2025 թուականի յունիս-յուլիս ամիսներուն մէկ ամիսով հիւրընկալեց Աննա Պօղիկեանը։
Աննա Պօղիկեանի կեանքի պատմութիւնը ինքնին տարագրութեան, փնտռտուքի եւ մշակութային հարուստ շերտերու միաձուլման հետաքրքրական ոդիսական մըն է։
1946 թուականին Գահիրէ ծնած հայազգի այս արուեստագիտուհին երբեք չէ սահմանափակուած մէկ քաղաքով կամ հայրենիքով. ան իր գործը վերածած է աշխարհի քարտէսագրութեան մը՝ միջնադարու մեծ ճամբորդներու ոգիով։
Կէս դարու ընթացքին արուեստագիտուհին վարած է աշխարհաքաղաքացի ճամբորդողի կեանք մը եւ անվերջ պտտած չորս ցամաքամասերով՝ Եգիպտոսէն հասնելով Գանատա, Հնդկաստան, Ֆրանսա…
Այս բազմամշակութային միջավայրը խոր հետք ձգած է անոր աշխարհայեացքին եւ արուեստի փիլիսոփայութեան վրայ, ուր թելերով եւ ուրիշ նիւթերով իրարու կը հիւսուին մանր պատմութիւններն ու այն ձեւերը, որոնցմէ նիւթական մշակոյթները կ՚ազդուին մշտապէս փոփոխուող մարդկային աշխարհագրութենէն՝ միշտ յենլով մեր երեւակայութեան մէջ բնակող դիցաբանութիւններուն վրայ։
Ստացած բարձրագոյն ուսումը նոյնպէս կը փաստէ անոր հետաքրքրութիւններու լայն շրջանակը. Աննա Պօղիկեան քաղաքագիտութիւն եւ տնտեսագիտութիւն ուսանած է Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանին մէջ՝ միաժամանակ նկարչութեան դասեր առնելով եգիպտացի արուեստագէտ Ֆուատ Քամելի մօտ։ Աւելի ուշ արուեստի եւ երաժշտութեան պաքալորէայի աստիճանին (BFA) տիրացած է Մոնթրէալի Քոնքորտիա համալսարանին մէջ․ այդ տարիներուն վնասուած է անոր լսողութիւնը։
Որպէս արուեստագէտ, Պօղիկեան պարզապէս վրձինի հարուածներով չի գոհանար. անոր գործելաձեւը խարսխուած է խորունկ հետազօտութիւններու վրայ՝ ներշնչուած գրականութենէն, թուային լրատուամիջոցներէն եւ դաշտային աշխատանքներէն այն իւրաքանչիւր վայրին մէջ, ուր ան ժամանակաւորապէս կը բնակի։ Այդ ապրումները արուեստագիտուհին կը թարգմանէ արտայայտիչ գծանկարներու, թուղթէ կտրուածքներու, գիրքերու եւ ծաւալուն տեղադրութիւններու։ Ճամբորդութիւնները առանցքային ներշնչում կը հանդիսանան անոր ստեղծագործութեան մէջ, որ կը գտնուի ճամբորդական օրագրութեան եւ անձնական յուշատետրին միջեւ։ Պօղիկեանի ամբողջ արուեստը ներծծուած է գրականութեամբ եւ լեցուն՝ անձնական պատմութիւններէ, թատերագիրներէ, անցորդներէ, գրողներէ փոխառնուած բառերով։ Գրականութեան հետ այս մտերմութիւնը զինք մղած է պատկերազարդելու բազմաթիւ գրական գործեր, որոնց շարքին են աղեքսանդրացի յոյն բանաստեղծ Կոնստանդինոս Քաւաֆիսի, իտալացի քերթող Ճիւզեփէ Ունկարեթիի եւ 1988-ի Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակակիր Նակիպ Մահֆուզի քերթուածներն ու գրութիւնները։
Հեղինակաւոր հրատարակութիւններ տպած են նաեւ Պօղիկեանի գիրքերը՝ անգլերէնով, «Նեղոսեան պատկերներ»ը՝ 2000 թուականին, իսկ 2003-ին Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանի հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է անոր գծանկարներու, կտաւներու եւ գրութիւններու «Աննայի Եգիպտոսը» ժողովածուն։
ՄԵՂՐԻԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱՐՑԱԽ. ԻՆՆԱՄՍԵԱՅ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Երեւանի ցուցահանդէսը տեւական ու նուիրական աշխատանքի մը պսակումն է։
«AHA collective»ի հետ իր միամսեայ ստեղծագործական կեցութեան ընթացքին, սփիւռքահայ արուեստագիտուհին ճանապարհորդած է դէպի Հայաստանի հարաւային սահմանային Մեղրի քաղաքը, այցելած՝ աւանդական գորգագործական արհեստանոցներ եւ յուզիչ հանդիպումներ ունեցած է Արցախէն բռնի տեղահանուած գորգագործ կիներու հետ։ Այս հանդիպումներէն ու ապրումներէն ծնունդ առած են թուղթի վրայ կատարուած անոր հարուստ գծանկարները։
Յաջորդող ինն ամիսներու ընթացքին տեղի ունեցած է թուղթի վրայի այդ տեսլականը գորգի վերածելու սքանչելի գործընթացը։
Արցախահայ վեց վարպետ գորգագործներու հետ համատեղ, տեղական բուրդով ու աւելի քան երկու հարիւր երանգներու գործածութեամբ, Պօղիկեանի գծանկարները թարգմանուած են հիւսածոյ հարուստ լեզուի։
Ծրագիրը, մէկտեղելով տեղահանուած գորգագործ կանանց (որոնցմէ ոմանք նախապէս մաս կը կազմէին հռչակաւոր «Արցախ գորգ» արհեստանոցին), սատարեց անոնց վերահաստատելու իրենց արհեստը Երեւանի մէջ եւ մերձակայ գիւղերու արհեստանոցներէն ներս։
Ժամանակակից մշակութաբան Նայիրի Խաչատուրեանի համադրողութեամբ Աննա Պօղիկեանի «Հիւսելու մշակոյթ»ը կը յայտնուի իբրեւ ժամանակակից վիպերգութիւն մը, ուր աւանդական գորգը կը դադրի պարզ զարդարանք ըլլալէ եւ կը վերածուի պատմող ձայնի։ Անիկա միաժամանակ կը խօսի թէ՛ Հայաստանի հովուերգական ու դիցաբանական անցեալին եւ թէ անոր ներկայ աշխարհաքաղաքական դաժան իրականութեան ու սահմանային ցաւերուն մասին, որ դրոշմուած է պատերազմներով, տեղահանութիւններով եւ անոր սահմաններուն ուղղուած շարունակական սպառնալիքներով։
Հայկական գորգերը դարեր շարունակ գովաբանուած են։ Պօղիկեան կը յարգէ սերունդէ սերունդ փոխանցուած հմտութիւնն ու նախնեաց աւանդը՝ գորգը վերածելով խնամքի եւ երկխօսութեան զրոյցի մը՝ զանազան աշխարհագրութիւններու եւ սերունդներու միջեւ։
ՀԻՒՍԵԼՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹ
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի չորս սրահներուն մէջ այցելուները կրնան տեսնել հեղինակի բնօրինակ կտաւներու եւ գծանկարներու շարք մը, 37 ձեռագործ գորգ եւ որմնագորգ, լուսանկարչական ու վաւերագրական տեսանիւթեր, ինչպէս նաեւ արուեստագէտի կեցութեան, գորգագործներու եւ գորգագործութեան ամբողջական ընթացքը ներկայացնող այլ փաստագրական նիւթեր։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ մինչեւ յառաջիկայ օգոստոսն 15-ը։ Անիկա պիտի ուղեկցուի հանրային բազմապիսի ծրագիրներու շարքով, ինչպէս նաեւ «AHA collective»ի կողմէ հրատարակուած երկլեզու՝ արեւմտահայերէն-անգլերէն պատկերագիրքի հանդիսաւոր շնորհանդէսով։
«Հիւսելու մշակոյթ» կացարանի եւ ցուցահանդէսի նախագիծը կ՚իրականանայ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան աջակցութեամբ՝ «Արագ արձագանգման մեքանիզմ»ի ծիրէն ներս։ Այս նախաձեռնութեան միջոցով, ծրագիրը կ՚անդրադառնայ Արցախէն բռնի տեղահանուած գորգագործ կանանց առջեւ ծառացած ընկերա-տնտեսական հրատապ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց կը զօրակցի ու կը հզօրացնէ զանոնք՝ Աննա Պօղիկեանի հետ իրականացուած այս կացարանի ծրագրով։
Անկասկած, այս ցուցահանդէսը ո՛չ միայն արուեստի փառատօն մըն է, այլեւ սփիւռքի ու հայրենիքի հանդիպման, Արցախի գորգագործութեան աւանդութիւններու վերակենդանացման եւ հայրենի հողին վրայ շարունակուող ցաւի ու յոյսի գեղարուեստական յաւերժացման։ Անիկա բացառիկ պատուհան մըն է հայրենի արուեստասէրներուն համար՝ հաղորդակից դառնալու համաշխարհային արդի արուեստի զարկերակին եւ տաղանդաւոր հայուհիի մը ինքնատիպ ու խորախորհուրդ աշխարհին։ Եթէ Շուէտի մէջ ան բամպակի թելերով կը քննէր գաղութատիրութեան ու շահագործման պատմութիւնը, ապա Հայաստանի մէջ արուեստագէտը տեղական բուրդով եւ արցախահայ կանանց ձեռքերով կը հիւսէ մերօրեայ տեղահանութեան, կորուստի եւ վերապրումի նորագոյն վկայութիւնը։ Ան ճամբորդ-վկայ մըն է ձեւով մը։ Պօղիկեան կը մնայ այն եզակի արուեստագէտը, որուն գործերը լոկ դիտելու համար չեն, այլ՝ պատմութեան դասերը վերընթերցելու եւ մարդկային հոգիի յիշողութիւնը արթուն պահելու։ Այդ արուեստը հակադրութիւնն է մեր ժամանակի արագ սպառողական մշակոյթին։ Այսօրուան աշխարհը պատկերները արագ կը սպառէ ու կը մոռնայ, մինչդեռ անոր գործերը դանդաղ նայելու, յիշելու եւ մտածելու կը ստիպեն։ Գորգ հիւսելը ինքնին դանդաղ ժամանակի արուեստ մըն է․ ամէն թել կը պահանջէ համբերութիւն, կրկնութիւն եւ ձեռքի յիշողութիւն։
Այդ պատճառով «Հիւսելու մշակոյթ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը նաեւ մարդկային պատմութիւնը թել առ թել վերակառուցելու փորձի մը մասին է։
Աննա Պօղիկեանի արուեստին հիմնական ուժը կը կայանայ անոր կարողութեան մէջ՝ տեսնելու նիւթեղէն աշխարհի ետին պահուած մարդկային ցաւն ու յիշողութիւնը։ Աշխարհի մէջ իր տեսած ու ապրած բոլոր պատկերները անոր համար նոյն մեծ կտաւին թելերն են։
ՕԴԵՂԷՆ ՀԻՒՍՈՒԱԾՔՆԵՐ
Ընդհանրապէս իր գործերուն մէջ Պօղիկեան խորութեամբ կ՚ուսումնասիրէ բարդ նիւթեր. ինչպէս՝ աղի ու մետաքսի առեւտուրի պատմական ուղիները եւ բամպակի համաշխարհային շահագործման պատմութիւնը։
Ասոր վառ օրինակն էր Շուէտի ժամանակակից արուեստի հաստատութեան մը մէջ (2017) կայացած անոր անհատական ցուցահանդէսը՝ «Օդեղէն հիւսուածքներ» խորագրով, որ դարձած է Պօղիկեանի արուեստի կարեւոր առանցքներէն մէկը։
Այս ցուցահանդէսին Պօղիկեան գծանկարներու, քանդակագործական տարրերու եւ պատերու բնագիրներու միջոցով քննադատած է համաշխարհային շուկաներու դրամատիրական կառուցուածքն ու հագուստի հսկայ արդիւնաբերողներու կողմէ մարդկային աշխատուժի շահագործումը։ «Օդեղէն հիւսուածքներ»ը իրարու հիւսած է պատմական փաստերը, արխիւներն ու առօրեայ դիտարկումները՝ նկարագրելու համար աշխարհաքաղաքական այնպիսի վիճակ մը, ուր ապրանքներն ու մարդիկ կը շրջանառուին համաշխարհային մակարդակով՝ ուժի, հաւասարութեան պայքարի եւ գաղթի բարդ ու խճճուած պատմութիւններու ընդմէջէն։
Արուեստագիտուհին իր այս հետազօտութեամբ ցոյց կու տայ, որ բամպակը, որ կը մշակուի հնագոյն ժամանակներէն ի վեր, աշխարհի առաջին զանգուածային սպառման ապրանքներէն մէկն է. 19-րդ դարու բամպակի տնտեսութիւնը առաջին խոշոր արդիւնաբերութիւնն էր, որուն արհեստանոցները դարձան արդի դաժան աշխատանոցներու նախատիպերը։ Ամերիկայի վաղ տնտեսական հսկայական աճը մեծապէս հիմնուած էր բամպակի վրայ՝ խարսխուած մարդկային աշխատուժի, հողերու կողոպուտի եւ մարդոց ստրկացման վրայ։
Այսօր բամպակը տարածուած է ամէնուրեք, ահռելի քանակով կը մշակուի եւ կը սպառուի, իսկ ժամանակին հզօր դեր խաղացած է Գահիրէի, Մումպայի, Շանկհայի նման քաղաքներու արդիականացման գործնթացին մէջ։ Պօղիկեան իր այս տեղադրութեամբ կը քննադատէ նաեւ արդի հսկայ ընկերութիւնները, որոնք կարճ կեանք ունեցող սպառողական հագուստներ կ՚արտադրեն՝ աչք փակելով աշխատանքային ստրկացուցիչ պայմաններու վրայ՝ յանուն գերշահոյթի։
Աննա Պօղիկեանի ստեղծագործութիւնները իրենց արժանի տեղը գտած են համաշխարհային մակարդակի ցուցահանդէսներու մէջ, որոնցմէ յիշատակելի են՝ Մատրիտի «Տոս տէ Մայօ» կեդրոնը (2016), Նիւ Եորքի Ժամանակակից արուեստի նոր թանգարանը (2014), «SITE Santa Fe»ն (2016), Նիմի «Carré d՚Art»ը (2016), Էյնտհովընի «Վան Ապպէ» թանգարանը (2015), Շարժայի ու Սան Փաուլոյի պիենալէները, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի պիենալէն եւ Քասելի «Documenta 13» հռչակաւոր ցուցադրութիւնը (2012)։ Յատկանշական է, որ ան իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ 2015-ի Վենետիկի պիենալէի հայկական տաղաւարին, որ արժանացած էր բարձրագոյն՝ «Ոսկէ առիւծ» մրցանակին։ Պօղիկեան նաեւ առաջադրուած է Անգլիոյ ժամանակակից արուեստի խոշորագոյն՝ «Artes Mundi» 8-րդ մրցանակին, իսկ անոր գործերը կը գտնուին Նիւ Եորքի «MoMA»ի, Ապու Տապիի Կուկընհայմի, Շիքակոյի արուեստի կաճառի եւ Թուրինի Ռիվոլի ամրոցի թանգարանային հաւաքածոներուն մէջ։
Ժամանակակից արուեստին աշխարհը պարզապէս ապշած է Աննա Պօղիկեանի վիպերգական ու ստեղծագործական ընդարձակ հորիզոններով, ինչպէս նաեւ անոր թափառաշրջիկ կեանքի թելադրած ճամբորդական ապրումները ինքնատիպ արուեստի վերածելու հազուագիւտ վարպետութեամբ։
Իբրեւ բարձրակրթեալ ու ազատախոհ մտաւորական՝ Աննա Պօղիկեան կը ներկայանայ իւրայատուկ դիմագիծով. սակայն, անոր անհատականութեան ամենավաւերական ու գերիշխող դրոշմը, անկասկած, իր անսպառ տաղանդն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան