ԹԵՐԹԱՏԵԼՈՎ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՎԻՃԱԿԸ ԿԸ ԾԱՆՐԱՆԱՅ
Մէկ-երկու ամիսէ ի վեր Երուսաղէմի վանքին շուրջ յուզուած փոթորիկը վերջապէս պայթած է: Երէկ, Երուսաղէմէն հասած հեռագիր մը կը ծանուցանէ, թէ Երուսաղէմի բնիկներն ու միաբանութիւնը չկրնալով հանդուրժել վանքին անկերպարան վիճակին՝ յարձակեր են վանքին վրայ ու ծերունի Յարութիւն Պատրիարքը դուրս հանելով՝ սպառնացեր են նոյնիսկ ծեծելու… Յարութիւն Պատրիարք մարեր է վախէն ու յուզումէն: Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Ղեւոնդ վրդ. Դուրեան եւ Կարապետ էֆէնտի Խաչատուրեան երէկ այս հեռագրին վրայ դատական նախարարութեան դիմեցին անհրաժեշտ կարգադրութիւն մը ընել տալու համար:
Մեր ստացած տեղեկութիւնը այսչափ է միայն, մանրամասնութիւններուն տեղեակ չենք, մինակ սաչափը բացայայտ է, որ եթէ անմիջական կարգադրութիւն մը չըլլայ եւ ազդեցիկ անձ մը իբր լիաղօր չղրկուի Երուսաղէմ, վանքէն մեծ բան մը պէտք չէ յուսալ այլեւս: Յարութիւն Պատրիարքէն պէտք չէ ալ վարչութիւն յուսալ, անիկա թող ուտէ, խմէ, աղօթէ. ազգը կարող անձնաւորութեան մը յանձնելու է վանքին վարչութիւնը առժամաբար, հոգ չէ, թէ աշխարհական մը ըլլայ ղրկուելիքը, հոգ չէ, թէ ամսական երեսուն ոսկի պահանջէ, վանքը փրկելու համար ինչ զոհողութիւն որ կատարուի, կ՚արժէ։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 21, Նոյեմ. 7-20 - 1908, էջ 2)
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՈՒՂԵՐՁ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
ԱՐՄԱՇԻ փոխ-վանահայր Տ. Մեսրոպ վրդ. Նարոյեան, երէկ, Ս. Պատրիարք Հօր յանձնեց վանքին վարդապետներուն եւ ուսանողներուն կողմէ ստորագրուած շնորհաւորական ուղերձ մը՝ Նորին Սրբազնութեան պատրիարքութեան առթիւ: Նարոյեան վարդապետ Արմաշ գիւղէն եւ շրջականերէն հաւաքած 1383 ղրուշի զումարը յանձնեց Ս. Պատրիարք Հօր։ («Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 21, Նոյեմ. 7-20 - 1908, էջ 2)
ՄՈՒՇԻ առաջնորդական փոխանորդ Տ. Վարդան վրդ. Յակոբեան Պուլանըքի Մոլլաք Հինտի գիւղին մէջ գտնուող գաղթական եւ թափառիկ հայերու խեղճ վիճակը նկարագրելով դարման եւ օգնութիւն խնդրած է:
ՎԱՆԱՅ Արճէշ գիւղէն առաջնորդական փոխանորդ Տ. Վարդան վրդ. Յակոբեան ուրիշ նամակով մը կը ծանուցանէ, թէ նոյն տեղէն եւ շրջականերէն գաղթող եւ այժմ վերադարձող ազգայիններու հողերը տեղացիներու կողմէ գրաւուած են: Յիշեալը Օսմանեան կառավարութեան դիմում ըրած եւ դարման մը խնդրած է: Կառավարութիւնը փոխանակ օգնելու, տեղացի ժողովուրդը կը յորդորէ, որ աճուրդի հանուին հայերու կալուածները, որպէսզի թուրքերը եւ քիւրտերը ծախու առնեն: Կառավարութիւնը կ՚ուզէ, որ ամէն հայաբնակ գաւառներու մէջ այդ տարրերը տեղական գործերու մէջ միջամտութիւն ունենան եւ հետզհետէ հայոց կալուածները գրաւելով ցիրուցան ընեն զանոնք: Առաջնորդական փոխանորդը թուելով հայ ժողովուրդին իր պապերէն մնացած այգիներու, արտերու գրաւուիլը՝ ետ դարձուիլը կը պահանջէ եւ կը խնդրէ, որ ասոնց միակ պատճառ եղող տեղւոյն կառավարիչը պաշտօնանկ ըլլայ։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 21, Նոյեմ. 7-20 - 1908, էջ 2)
ՆԵՐՔԻՆ ԼՈՒՐԵՐ
ՀԱՄԱՃԱՐԱԿ
Մայրաքաղաքիս զանազան կողմերը եւ մասնաւորաբար Ճերրահփաշա, Էսքի Ալի փաշա եւ Հասէքի թաղերուն մէջ թիֆոյի համաճարակ ծագած էր: Առողջապահական խորհուրդը մասնաւոր քննութեամբ մը հաստատեց, որ համաճարակը ծագած է աղբիւրի ջուրերէն եւ այս մասին կարգ մը արգելիչ միջոցներ ձեռք առաւ։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 21, Նոյեմ. 7-20 - 1908, էջ 3)
ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ վարժարանը զինուորական բժշկական վարժարանէն բոլորովին անջատուելով՝ Հանրային կրթական նախարարութեան ենթարկուեցաւ եւ ֆաքիւլթէի բարձրացաւ: Պիտի կառավարուի ուսուցչական ժողովով մը, որ երէկ առաջին նիստը գումարեց Քաղաքային բժշկական վարժարանին մէջ եւ իրեն նախագահ ընտրեց վիրաբոյժ Ճեմիլ փաշան։ Այս ժողովին կը մասնակցէր նաեւ վարժարանին քիմիաբանութեան ուսուցիչ Նշան էֆ. Ղուկասեան, որ անդամ է ֆաքիւլթէին: Դասախօսութիւնները պիտի սկսին նոյեմբեր 8-ի այս շաբաթ օրը։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 21, Նոյեմ. 7-20 - 1908, էջ 3)
ԼԷՆՉԱՅԻ մէջ պարսիկները Օսմանեան դրօշը անարգած եւ հիւպատոսարանի դէմ ցոյց ըրած էին: Այս առթիւ Օսմանեան կառավարութիւնը ստիպումով ազդարարեց Պոլսոյ պարսիկ դեսպանին, որ հատուցում տրուի եւ ատով տեղի չմնայ աւելի ծանր պահանջումներու։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 21, Նոյեմ. 7-20 - 1908, էջ 3)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
ԵՐԶՆԿԱՅԷՆ Սրբազան Պատրիարքը հեռագիր մը ստացաւ ծանուցանող, թէ հայ մը իր ոչխարները արածելու համար քաղաքէն դուրս դաշտ գացած պահուն կը սպաննուի: Սպանեալին կինն ու զաւակը փնտռելու կ՚ելլեն եւ փոսի մը մէջ կը գտնեն զայն արիւնաթաթաւ վիճակի մը մէջ: Կինն ու զաւակը անմիջապէս տեղական կառավարութեան իմաց կու տան: Թաղապետական բժիշկը եւ դատական պաշտօնեան ոճրին վայրը կը փութան եւ դիակը քննելով դանակով սպաննուած ըլլալը կը հաստատեն եւ թաղումը կ’՚արտօնեն: Դիակը գերեզմանատուն կը փոխադրուի: Փոսը դրուած պահուն կառավարութեան կողմէ բժիշկներ կը հասնին եւ անոնք ալ քննութիւն ընելով՝ կը տեղեկագրեն, թէ գայլերէն յօշոտուած է: Կինը եւ զաւակը դիակը թաղել չտալով Պատրիարքարանէն տեղեկութիւն խնդրած են այս մասին: Սրբազան Պատրիարքը հեռաւգիրը Գամէր էֆ. Շիրինեանի միջոցաւ ղրկեց Դատական նախարարութիւն՝ հարցնելու համար, թէ ի՞նչ հեռագրուի, քանի որ փութով պատասխանի կը սպասուի:
Դատական նախարարութիւնը անմիջապէս խնդիրը նկատողութեան առնելով հետեւեալ հեռագիրը ղրկած է. «Անմիջապէս քննութեան ձեռնարկեցէք եւ եթէ դիակը թաղուած իսկ է, հանելով դիազննութիւն կատարեցէք եւ ոճրագործները ձերբակալեցէք»: Սոյն հեռագրին մէկ պատճէնը ղրկուած է Սրբազան Պատրիարք Հօր նախարարութեան կողմէ:
* Երկոտանի՞, թէ չորքոտանի գայլերէն:
(ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 23, Նոյեմ. 10-25 - 1908, էջ 2)
«ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶ ԱԿՈՒՄԲԸ» հաստատած է գիշերային դասաւանդութիւններ Գում-Գաբուի Մայր վարժարանին մէջ, ուր կը դասախօսուին հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, առողջաբանութիւն, տոմարակալութիւն, որոնց վրայ պիտի աւելնան ապագային ուրիշ կարեւոր դասեր: Անոնք, որոնք կը փափաքին օգտուիլ եւ դեռ չեն արձանագրուած, կը հրաւիրուին այս երկուշարթի եւ երեքշաբթի (նոյեմ. 1-12), իրիկունները ժամը մէկուկէսէն երկուքուկէս, Գում-Գաբուի Մայր վարժարանը, որ այս նպատակաւ բաց է։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 23, Նոյեմ. 10-25 - 1908, էջ 2)
ԴԷՊ Ի ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Դէպ ի հայրենիք հալածեալ հայ մարդ
Դէպ ի հայրենիք տառապեալ մշակ
Ե՛լ, եկ խնդագին, հրճուէ դու զուարթ
Այլ եւս գերի չես, հայն չէ՛ նշաւակ:
Դէպ ի հայրենիք սուրբ ազատութեան
Կենսատու արեւ արդ ճառագայթեց,
Հաւասարութեան, քա՜ղցր եղբայր
Վե՛հ իրաւունքով մեզ ի սպառ օժտեց:
Դէպ ի հայրենիք պանդուխտ երկրագործ
Դէպ ի ծովաշուրջ Վան-Վասպուրական
Դէպ ի Մուշ-Տարօն, Արտազն սրբազան,
Դէպ ի հին Բասէն պարտք ունիս սբագործ:
Դէպ ի հայրենիք պանդուխտ գիւղական
Քո բնիկ այգին, դաշտիդ ընդարձակ
Քո ուժեղ բազկից, ժիր աշխատութեան
Վաղուց կը սպասեն - աւե՛ր անմշա՛կ:
Դէպ ի հայրենիք Մշոյ դաշտեցի՛ք,
Գրաւել ձեր տուն, տեղ, արտեր հացառատ
Նորոգել զոհեալ Սասուն ու Տալւորիկ,
Խորոնայ հին գիւղն, իբր սուրբ Աշտիշատ:
Ձեր սուր բաներով հերկեցեք արտեր
Առատ քրտինքով հող, սերմն ջրեցե՜ք,
Ուժեղ ներբանով մանրեցեք հասկեր
Ձեր աւեր աշխարհ կրկի՜ն շէնցուցեք:
Անգութ հալածանք քանդեց հայրենիք,
Աւերեց բազում շէն գիւղ, մեծ աւան,
Թշուառ ժողովուրդ կարօտ, մուրացի՜կ,
Թափառէ՛ այժմիկ անհո՜ղ, անկայա՜ն:
Դէպ ի հայրենիք նորոգել զայն փոյթ
Ջերմ արիւնդ հալեց շղթայն քո վզին,
Քո զոհ-պատարագ փրկեց գոյութիւնդ,
Զինեալ ժառանգ ես արդ քո հօր հողին:
Բռնաւորն կարող չէ խլել այլեւս
Քո հացն, քո ժիր կին, աղջիկդ լոյսերես
Տէր ես արդար տատկին-վաստակին
Տէր ես քո պատուին, քո լեզուին, կրօնին:
Դէպ ի հայրենիք բնագէտ-գիտուն,
Շատ հարստութիւն, գանձ-ոսկի հոլով
Մեր հողի ներքեւ թաղուած կայ թաքուն
Մենք շահագործենք մեր բո՜ւն հանճարով:
Դէպ ի հայրենիք ողջմիտ փաստաբա՛ն
Իրաւունք յոգունք դարերէ հետէ
Անտե՜ս, ոտընհա՜ր՝ սուրբ արդարութեան
Լոյս ճառագայթին կը սպասեն աղի՛:
Դէպ ի հայրենիք ուսման, գիտութեան
Նուիրեալ ազնիւ հայ ուսուցիչնե՛ր,
Ազգային մաքուր դաստիարակութեան
Կարօտ կը սպասեն մեր շատ մանուկներ:
Դէպ ի հայրենիք Ղեւոնդ Երէցներ
Գիւղացին բոլոր ձեզ շատ պէտք ունի,
Աւերակ վանքեր, հին դպրեվանքեր
Փոյթ նորոգեցէ՛ք ջահերն հայրենի:
Դէպ ի հայրենիք ազնիւ գործիչներ,
Հանճարի, ոսկու զոյգ դրամագլուխներ
Մեր սա մարտիրոս ազգն ու ժողովուրդ
Ձեզմէ կը սպասէ լոյս, ուժ, լուրջ խորհուրդ:
Օսմանեան մեծ դրօշն, իւր պատիւ, անուն
Արդ հայուն, թուրքին է զոյգ-հաւասար
Իւր լայն շուքի տակ ապրինք իբր եղբա՜յր
Պահենք զայն յաղթող, յաւէտ աննկո՜ւն:
Պահենք անկորո՜ւստ Սահմանադրութիւն:
Միքայէլ Թէրլէմէզեան
Վան, 1 Սեպտեմբեր 1908
(«Ժամանակ», Ա. տարի, թիւ 24, Նոյեմ. 11-24 - 1908, էջ 1)
Պապա Մարգար ստորագրութեամբ կը կարդանք «Ծերունիի մը շաբաթական խօսքերը», ուր հեղինակը իր նեղսրտութիւնը կը յայտնէ, որ զանց առնուած է յիշատակել Վարժապետեան Պատրիարքը: Հեղինակը կը գրէ.
* Շա՛տ իրաւացի են՝ եղած դիտողութիւնները եւ շա՜տ ցաւալի է այն անտարբերութիւնը, որով այս տարի մոռացութեան մատնուեցաւ Ներսէս Վարժապետեանի տարելիցին առթիւ (1884 հոկտ. 24, Գասըմին օրը) 24 տարիներէ ի վեր նուիրագործուած ազգային երախտագիտական պարտականութիւն մը՝ հոգեհանգստեան պատարագն ու պաշտօնը: Գնա՛ մեռիր, եկուր սիրեմ, հէ՜: Աս եղա՞ւ: Բռնապետութեան քառորդ դարու շրջանին մէջ ո՛չ ոք արգիլած էր գոնէ տարին մէկ անգամ յարգանքի ու երախտագիտութեան հարկ մը հատուցանել ԱԶԳԱՍԷՐ այն Պատրիարքի քաղցր յիշատակին, որ մէկը եղած է մեր այսօրուան վայելած ազատութեան անմահ հիմնադիրներէն: Ուրիշ պարագայ մըն ալ ցաւ պատճառած է սրտիս: Մայրաքաղաքիս գրեթէ ամէն թաղերուն, ինչպէս նաեւ գաւառային կեդրոններու մէջ, այլ եւ այլ անուններով «միութիւն»ներ եւ «ընկերութիւն»ներ կազմուեցան գովելի նպատակներով: Շա՛տ ապրին, Աստուած գործերնին յաջողէ, աշխատողներուն արեւը պահէ, Բայց… գոնէ ես իմ ծերունիի աչքերովս չհանդիպեցայ այդ «միութիւն»ներէն մէկ հատին, որ յորջորջուած ըլլար Վարժապետեան, Օտեան, Նալպանտեան, Աբովեան կամ Պատկանեանի նման մեր սրտին եւ յիշատակներուն համար ա՛յնքան պաշտելի անուններով:
Եւ քանի որ եւրոպացիներուն նման մեր մեծանուն հայրենակիցներուն արձաններ կանգնելու կարողութիւն եւ միջոցը չունինք, քանի որ մեր ցեխոտ եւ աւերակ փողոցներն ու հրապարակները անոնց պաշտելի անուններով որակելու սրբապղծութենէն կը սոսկանք, գոնէ՛ մեր սրտերուն, մեր խօսքերուն եւ մեր «միութիւն»ներուն մէջ վառ պահենք անոնց պանծալի անունն ու յիշատակը:
Մեր դասատու էֆէնտիներէն յատկապէս պիտի խնդրեմ, որ սա հին պատմութիւն անունով ծայրը-պոչը չգտնուած խել մը մասալներէն վազ անցնին, տէ՛ֆ ընեն Աժդահակը, Վարբակէսը, Սարդանաբազը, Պիգմալիոնը, եւ այլն, եւ այլն եւ անոնց տեղ շէնք շնորհք, կուշտ ու կուռ՝ ազգային եւ ընդհանուր պատմութևան ժամանակակից մասերը դասախօսեն: Տղան դպրոցէն շրջանաւարտ կ՚ելլէ եւ պատմութիւն անունով շա՛տ շա՛տ սորված կ՚ըլլայ Կոմբիւսը, Կրեսոսը, Ռամսէսը, Եզեկիէլ մարգարէն, Նաբուգոդոնոսորը եւ այլ: Իսկ երբ իրեն հարցնես, թէ ո՞վ էր Մեծն Պետրոս, Վոլթէռ, Մեծն Փրետերիկոս, Ներսէս, Սուլթան Մահմուտ, Զէյթունի յեղափոխութիւնները, թէ՝ ո՞ւր կը գտնուի Լեւոն Զ.-ի գերեզմանը, արեւելեան քանի՞ պատերազմ տեղի ունեցած է եւ որո՞նց օրով, ասոնց ամէնուն պիտի պատասխանէ ա՛յնպէս, ինչպէս պիտի պերճախօսէր համբաւաւոր Ջաքարիա մարգարէն: Ուրիշ բան մըն ալ կայ, որ իմ ջիղերուս շատ դպած է: Այսինքն՝ ինչո՞ւ համար մեր զաւակներուն անանկ ներշնչել, որ անպատճառ Աստուած՝ Աբրահամու, Իսահակայ եւ Յակոբայ Աստուածն է: Աս ի՞նչ անիրաւութիւն է: Աշխարհի վրայ եւ քրիստոնէութեան խաթերն համար հայուն չափ արիւն թափող, զրկանք, հալածանք, բանտ, աքսոր, շղթայ եւ կախաղան կրող ազգ մը տեսնուա՞ծ է, եւ տակաւին ասկից քանի մը ամիս առաջ ալ միեւնոյնը չէ՞ր, մինչեւ այսօր ալ մեր գաւառացի եղբայրները այդ կրակէն եփած չե՞ն: Ապա ուրեմն, պէտք է այդ մենավաճառը մեզի վերապահել եւ սորվեցնել մեր դպրոցական աշակերտներուն, թէ Աստուած Հայ է եւ Աստուածն է Հայկայ, Արամայ, Աբգարու, Տրդատու, Ներսէսի, Շնորհալւոյ, Սմբատայ, Խրիմեանի, Իզմիրլեանի եւ այլն։
(ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 24, Նոյեմ. 11-24 - 1908, էջ 1)
ՏՐԴԱՏ ԵՊՍԿ. ՊԱԼԵԱՆ - Շուրայի Իւմմէթ կ՚իմանայ, թէ Կեսարիոյ բնակիչներուն կողմէ հանրագրութիւն ղրկուած է Դատական նախարարին՝ խնդրելով, որ հայոց առաջնորդը ուրիշ տեղ փոխադրուի, որովհետեւ գժտութիւն կը ձգէ եղեր զանազան ցեղերու միջեւ։ (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 24, Նոյեմ. 11-24 - 1908, էջ 2)
ԱՒԱԶԱԽՏ, ՔԱՐ, ԵՐԻԿԱՄՈՒՆՔԻ
ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ, ՅՕԴԱՏԱՊ ԵՒ ԿԱԹՈՒԱԾ
Յօդատապն ու կաթուածը (նէքրիեէլի, տամլա, արթրիթիզմ) հիմնապէս բուժելու եւ դեռ այս հիւանդութիւնները չսկսած անոնց առաջքը առնելու եւ կրկնութիւնը արգիլելու համար, անհրաժեշտ է ամենէն առաջ հոգ տանիլ, որ մէզին մէջ մրուր չգոյանայ եւ գոյացած մրուրներն ալ պէտք է իսկոյն հալեցնել ու մարմինէն դուրս վտարել: Հազարաւոր փորձերով ապացուցուած է, որ ԲԻԲԷՐԱԶԻՆ ՄԻՏԻ անուն դեղը գործածելով այս թանկագին արդիւնքը իսկոյն ձեռք կը բերուի: «Բիբէրազին միտի»ն հրաշալի ազդեցութեամբ մը, միզանցքին ու երիկամունքներուն մեջ գոյացած ամբողջ մրուրները, աւազներն ու քարերը հալեցնելով, առանց վիրաբուժական գործողութեան հարկ ձգելու, մէզին միջոցաւ մարմինէն դուրս կ՚արտադրէ զանոնք, որուն հետեւանքով յօդատապն ու կաթուածը վերջնականապէս կը բժշկուին ու կ՚անհետանան: Աշխարհի ամենէն մեծ բժիշկները ամէն օր ականատես ըլլալով ԲԻԲԷՐԱԶԻՆ ՄԻՏԻի այս հրաշալի ազդեցութեան, ջերմապէս կը յանձնարարեն զայն այս հիւանդութիւններէ տառապողներուն՝ անպատճառ գործածել զայն, սրուակին վրայի չափին համեմատ օրական մէկ քանի անգամ: Կը ծախուի ամէն դեղարաններու եւ մթերանոցներու մէջ։
(ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 24, Նոյեմ. 11-24 - 1908, էջ 4)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ